Հայագիտական բնոյթի նոր հատորներ. կը ներկայացնէ Գէորգ Եազըճեան

2509
Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէ հայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսած` հայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններուն` ի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեան, մասնաւորաբար` գրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներուն:

—–

«Ալեքսանդր Խատիսեան. Անտիպ գործեր, նամակներ, նիւթեր եւ փաստաթղթեր»աշխատասիրեց Վլատիմիր Յարութիւնեան, հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2023, 754 էջ (17,4 24,6 սմ.) (Հայաստանի առաջին հանրապետութեան երկրորդ վարչապետէն անտիպ յուշեր, զանազան գրառումներ, նամակներ, ծանօթագրութիւններ, անձնանուններու ցանկ, անձերու, փաստաթուղթերու, մամուլային հրապարակումներու սեւ-ճերմակ լուսանկարներ, աշխատասիրողի գունաւոր լուսանկարը եւ գիտական կենսագրութիւնը) (նիւթերը հայերէն եւ ռուսերէն են՝ ոչ նոյնական):

 «Ատենագրութիւն Քաղաքական ժողովոյ Ատանայի», հինգ հոգիի աշխատասիրութեամբ, յառաջաբանը՝ Շահան արք. Սարգիսեանի, համահրատարակիչներ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն եւ Մաշտոցի անուան հին ձեռագրերի հիմնարկ-Մատենադարան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս, 2023, 543 էջ (Ատանայի թեմի Քաղաքական ժողովի 2 մարտ 1905 – 10 ապրիլ 1915 ժամանակահատուածի նիստերու արձանագրութիւններ, ծանօթագրութիւններ, անձնանուններու, տեղանուններու, բանալի բառերու, օգտագործուած աղբիւրներու ցանկեր): Հատորը լոյս տեսած է «Փիւնիկ» համահայկական հիմնադրամի մեկենասութեամբ:

 – Արթինեան Խուան Փապլօ, «Ցեղասպանութիւն եւ դիմադրութիւն», Պուէնոս Այրեսի համալսարանի հրատարակչութիւն, Պուէնոս Այրես, 2023 (սպաներէն):

 – Գաբիկեան Նազար, Գալուստեան Կիւլպենկ, Ապիկեան Սամուէլ, «Ագ-Տաղի քառամեայ գոյամարտը», Երեւան, 2023 (վերահրատարակութիւն Մարսէյի մէջ 1932-ին լոյս տեսած գիրքին):

– Գէորգեան Ռեմոն-Յարութիւն, «Աւարտին հասցնել ցեղասպանութիւն մը – Մուսթաֆա Քեմալը եւ հայ ու յոյն վերապրողներու բնաջնջումը (1918-1922)», «Օտիլ Ժագոպ» հրատարակչութիւն, Փարիզ, 23 օգոստոս 2023, 416 էջ (15,5 x 24 սմ.) (հեղինակը անհերքելի փաստերով ցոյց կու տայ, թէ արդի Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը հիմնուած է ցեղասպանութեան վրայ եւ թէ անոր հիմնադիր Քեմալը շարունակած է երիտթուրքերու ցեղասպան քաղաքականութիւնը՝ նախկին երիտթուրք բազմաթիւ գործիչներու մասնակցութեամբ) (ֆրանսերէն):

 – Էպլիղաթեան Մաթիկ, «Անկրկնելի Հալէպը», «Կիլիկիա» հրատարակչատուն, Հալէպ, 2023, 288 էջ (11,9 x 19,9 սմ.) (յուշեր եւ խոհեր Հալէպի եւ Քեսապի՝ առաւելաբար վերջին տասնամեակներու կեանքէն): Հեղինակը գիրքը նուիրած է իր հօր՝ Սուրիոյ խորհրդարանի երկարամեայ երեսփոխան, Մեթր Գրիգոր Էպլիղաթեանի յիշատակին:

– Թրթռեան Ժիրայր, «Քեսապի կեանքէն դրուագներ եւ տաղեր», Սուրիա, 2023:

– Լիպարիտեան Ժիրայր, «Վտանգուած Հայաստան մը. Երրորդ հանրապետութիւնը, Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը եւ ցեղասպանութեան քաղաքականութիւնը», «Կոմիտաս» հիմնարկի հրատարակչութիւն, Լոնտոն, 2023, 47 + 586 էջ (անգլերէն):

 – Լոռենց Վահէ, «Գահնամակ»Ա. գիրք, հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2023, 299 էջ (Ա.-ԺԹ. դարերուն գոյութիւն ունեցած հայկական իշխանական եւ թագաւորական ինը տոհմերու երեւելի գործիչներու համառօտ կենսագրութիւնը, օգտագործուած գրականութեան ցանկ): 

– Ղազարեան Վաչէ (հաւաքեց եւ թարգմանեց), «Թրքական ազգայնականութեան վերելքը Առաջին աշխարհամարտէն ետք եւ ցեղասպանական քաղաքականութեան շարունակումը», «Մայրենի» հրատարակչութիւն, Փորթսմաութ, Ռոտ Այլընտ, Ա. Մ. Ն., 2023, li + 586 էջ (18,3 x 26,1 սմ.) (Փոքր Ասիոյ տարբեր վայրերէ Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիաքարան ղրկուած տեղեկագիրներ հայոց տարագրութեան եւ ցեղասպանութեան մասին, յառաջաբան, Թուրքիոյ քարտէսը, ծանօթագրութիւններ, 4 յաւելուած, եռալեզու բառացանկ, անձնանուններու, տեղանուններու ցանկեր, տեղանուններու համեմատական ցանկ) (երկլեզու՝ անգլերէն եւ հայերէն): Հատորը լոյս տեսած է «Տոլորես Զոհրապ-Լիպման» հիմնադրամի դրամաշնորհով եւ ձօնուած է մարդասիրական կազմակերպութիւններուն, ցեղասպանութեան զոհերուն, հայոց օգնութեան հասած անհատներուն: 

– Մալխասեան Սիրվարդ, «Աւետիք պատրիարքին խորհրդաւոր կեանքըԿոստանդնուպոլսոյ պատրիարքարանէն Պասթիլի զնտաններ», «Արաս» հրատարակչութիւն, Սթամպուլյուլիս 2023, 112 էջ (13 x 19,5 սմ.) (18-րդ դարու սկիզբին կաթոլիկ ներթափանցման դէմ պայքարած, այդ պատճառով առեւանգուած եւ Ֆրանսայի աքսորավայրին մէջ վախճանած Աւետիք պատրիարքի ոդիսականը) (թրքերէն):

 – Մարկոսեան Մարզպետ, «Քաղաքներու կախարդանքը (Եռամաս դիտարկումներ) – Գ. – Թեւաբեկ հրեշտակներու քաղաքին մէջ», Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս, 2023 (հրապարակագրական եւ խոհագրական յօդուածներ մարդկային ու ազգային տարբեր հարցերու մասին):

 Միրզոյեան ՎալերիԲեժանեան Նուրիսա«Լեզուական անկախութեան երեսուն տարին», «Մեկնարկ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2023, 192 էջ (14,8 x 20,3 սմ.) (ՀՀ-ի «Լեզուի մասին» օրէնքի վաւերացման 30-ամեակին առթիւ մտորումներ ՀՀ-ի մէջ հայոց լեզուի դիմագրաւած բազմատեսակ մարտահրաւէրներուն մասին. ծաւալին կէսը «Յաւելուած»ն է՝ գիրքի հեղինակներուն՝ հայրենական մամուլին մէջ լեզուական հարցով հրապարակումները):

– Մսըրլեան Զաւէն, «Ապրող էջեր անցեալէն»խմբագիր՝ Արմէն Իւրնեշլեան, Հայ աւետարանական գոլեճի 100-ամեակի մատենաշար թիւ 3, Պէյրութ, 2023:

– Յովհաննէսեան Ռաֆֆի քահանայ, «Հայր Սահակ Քեշիշեան. Մխիթարիչ յենակը»հրատարակութիւն ՍԳրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեանտպագրութիւն «Duoprint», Պէյրութ, 2023, 157 էջ (14 x 21 սմ.(Յիսուսեաններու Պէյրութի ՍԳրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի երկարամեայ տնօրէն Հայր Սահակ Քեշիշեանի կենսագրութիւնը՝ քաղուած Յիսուսեան հայրերու դիւանէն ու իր օրատետրերու գրառումներէնվկայութիւններ իր մասին, սեւ-ճերմակ եւ գունաւոր լուսանկարներ(ֆրանսերէն): Գիրքը լոյս տեսած է Ճեմարանի հիմնադրութեան 100-ամեակին առթիւ:

 – Նաճարեան Սարգիս, «Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս-պատրիարք կարդինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան երանացման ճանապարհին», «Pomigravure» տպարան, Պէյրութ, 2023, 64 էջ (14,5 x 21 սմ.) (քարտինալ Աղաճանեանի՝ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ծառայութեան համառօտ ներկայացումը, գունաւոր եւ սեւ-ճերմակ բազմաթիւ լուսանկարներ):

«Նամակներ Պօղոս Սնապեանին», Ա. հատոր, հրատարակութեան պատրաստեց, խմբագրեց եւ ծանօթագրեց Թամար Սնապեան-Սուրճեան, տպարան Զաւէն եւ որդիք, Պէյրութ, 2023 (գրականագէտ, մանկավարժ, խմբագիր Պօղոս Սնապեանի՝ 40 մտաւորականներու հետ փոխանակած 223 նամակներ, ծանօթագրութիւններ, լուսանկարներ): Ժողովածուն լոյս տեսած է Նիւ Եորքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ քահանայ Լագիսեանի մեկենասութեամբ:

– Չարենց Եղիշէ, «Եւ լուսաբացը վերածուեց մթնշաղի», թարգմանիչներ՝ Մարիամ Երեմեան, Գրիգոր Ղազարեան, Ալֆոնսօ Փոմփելլա, Անուշ Թոռունեան եւ Մարիօ Վերտոնէ, «Լէոնիտաս» հրատարակչութիւն, Հռոմ, 2023 (Չարենցի՝ 1922-1937-ին հեղինակած բանաստեղծութիւնները, Անահիտ Չարենցի յօդուածը հօր մասին) (իտալերէն):

– Պեյլէրեան Նազլը Թեմիր, «Թուրքիոյ հայոց հաւաքական յիշողութիւնը. Ցեղասպանութենէն յուշասպանութիւն», «Հարմաթան» հրատարակչութիւն, Փարիզ, 2023 (45 բանաւոր պատմութիւններ) (ֆրանսերէն): Ժողովածուն նուիրուած է Հրանդ Տինքի յիշատակին:

«Ռուբէնի յուշերը»Ա. Եւ Բ. հատորներ, «Ռուբէն» մատենաշար, տպարան Զաւէն եւ որդիք, Պէյրութ, 2023 (Հ. Յ. Դ.ի գործիչ Ռուբէն Տէր Մինասեանի յուշերը):

– Սիմոնեան Աշոտ, «Մակուեցի Մեսրոպ», խմբագիր՝ Մհեր Քումունց, «Լուսակն» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2023, 140 էջ (14,2 20,2 սմ.) (զանազան նիւթեր հայոց ազատամարտի նուիրեալ գործիչ, հետագային Ուրմիոյ մէջ քահանայագործած Մեսրոպ Աւետիսեանի մասին, Մեսրոպ Աւետիսեանի սեւ-ճերմակ լուսանկարը, հեղինակի գունաւոր լուսանկարը եւ հրատարակած գիրքերու ցանկը): Գիրքը նուիրուած է 19-րդ դարավերջի եւ 20-րդ դարասկիզբի հայոց ազատամարտերու նահատակներու եւ մասնակիցներու յիշատակին: Տպագրութիւնը իրականացած է հինգ ազգայիններու նուիրատուութիւններով: 

Պատրաստեց

Գէորգ Նաթալի (Եազըճեան)