In Memoriam – Հրաժեշտի Խօսք*

2099

ԱՆԻ – 40 օր առաջ կյանքից անժամանակ հեռացավ հայկական աշխարհի լավագույն գրականագետներից մեկը, բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեանը: Այդ առիթով ներկայացնում ենք նրա գրչակից ընկերներից ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆի դամբանականը՝ արտասանված Կիրակոսյանի թաղման արարողությանը:

____

Կը մեկնին անոնք անժամանակ, կը մեկնին լուռ, առանց ազդանշանի եւ ահաւոր ցաւ մը կը ձգեն իրենց ետին. ցաւ, որ այս տխուր եւ տագնապեցնող օրերուն, այս քաոսին ու անէութեան մէջ փոխարինողներ պիտի չգտնուին անոնց ձգած պարապութիւնը լեցնելու: Անոնք քիչ չեն իրաւամբ: Վերջին 2 տարիներուն լիբանանահայութիւնը կորսնցուց իր գրական աստղահոյլի ամենապայծառ դէմքերը` Աբրահամ Ալիքեան, Պօղոս Սնապեան, Յակոբ Մանուկեան, Պէպօ Սիմոնեան եւ ահա Սարգիս Կիրակոսեան: Ակամայ, որբութեան զգացում մը կը տիրէ հիմա: Եւ հարցադրում մը` ինքզինք պարտադրող. ո՞վ պիտի գայ ստեղծուած այս բացը գոցելու, այս դատարկ փոսը լեցնելու, ինչպէս պիտի ըսէր Լեւոն Շանթ: Ո՞վ պիտի վերականգնէ լիբանանահայութեան գրական տաճարը եւ կրկին վերածէ զայն սփիւռքի բաբախուն սիրտին, նոր խանդ ու եռանդ ստեղծէ մեր գրական աշխարհին մէջ: Սա հրամայական հարցադրում է այս պահուն, որ կը պարտաւորեցնէ ամբողջ լիբանանահայութիւնը, ի մասնաւորի Համազգայինի մեծ ընտանիքը, որ իրենց մտահոգութեանց ու ծրագիրին կիզակէտը դարձնեն: Ինք, որ Համազգայինի «Բագին» գրական հանդէսի երկարամեայ աշխատակիցն ու փոխխմբագիրն էր եւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ընդմէջէն լուրջ վաստակ ու ներդրում ունէր մեր իմացական ու գրական անդաստանին, ինչպէս նաեւ մեր մշակութային կեանքին մէջ, ուր ունեցաւ իր ուրոյն տեղն ու դերը, ահաւասիկ կը բաժնուի մեզմէ անժամանակ:

Արդարեւ, տխուր է Համազգայինը այսօր: Տխուր է Համազգայինի մեծ ընտանիքը, տխուր են իր ընկերները, որովհետեւ Սարգիս Կիրակոսեան ամէնուրեք էր, մշակութային թէ գրական ձեռնարկներուն ան միշտ հաւատաւոր զինուորն էր բանի եւ գիրի, իր բոցաշունչ եւ վերասլաց թռիչքով կը փոխադրէր պահը իր արժանի եւ գերագոյն ոլորտներուն: Այդպէս էր Սարգիսը. նոյնիսկ աննշան մանրամասնութիւններուն մէջ ունէր ըսելիք եւ տեսակէտ, առանց մազաչափ մը իսկ զիջելու իր տեսակէտներէն ու արժեչափէն: Այդ խստութիւնը երբեմն հաշտ աչքով կրնար չդիտուիլ, ինք սակայն յամառօրէն կը կառչէր իր չափանիշերուն, երեւոյթ մը, որ կը պարտաւորեցնէր դիմացինը, բայց ոչ` զինք:

Սարգիս Կիրակոսեանի խմբագրած գրական էջը «Ազդակ» օրաթերթի շաբաթօրեայ թիւերուն մէջ գրական վայելքի եւ ըմբոշխնումի էջեր էին, միաժամանակ պարտաւորեցնող չափորոշիչն էր գրական արժանիքներու հաստատման իր խստապահանջ կեցուածքին: Հայ գրողի սրբազան առաքելութեան հաւատամքը` կը սահմանէր իր չափանիշերը` ընդունելու կամ մերժելու գրող մը կամ գործ մը եւ այդ իմաստով խիստ էր եւ անդրդուելի, կարծէք ի վերուստ իրեն տրուած պարտականութեան գիտակցութեամբ, այն ըմբռնումով, որ ինչ որ ժամանակի հովերուն տոկալու ատակ արժէք չէ, պէտք է զոհել եւ չսակարկել գրականութիւնը այլ հաշիւներու եւ շահերու: Այս իմաստով Սարգիս մնաց Համազգային մշակութային միութեան հիմնադիրներ` Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի արժէքային համակարգի եւ սկզբունքներու անխոնջ նուիրեալն ու հաւատարիմ երկրպագուն:

Վերջին տարիներուն Սարգիս Կիրակոսեան եղաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի հայերէնի եւ հայ գրականութեան դասատուն. դժուար առաքելութիւն մը, հոգեւոր-իմացական այդ դարբնոցին մէջ ինքզինք հաստատելու եւ սերունդներ պատրաստելու երախտաշատ առաքելութեան մէջ: Եղաւ կաթողիկոսարանի հայագիտական-կրթական բաժանմունքի վարիչը, ուր եղաւ կաթողիկոսութեան եւ վեհափառ հայրապետին ծրագիրներուն գործակիցը, այդ աշխատանքին ընդմէջէն նոր հորիզոն բացաւ հայ գրողներու համագումարներու ճամբով Հայաստան-Սփիւռք գրական կամրջումին մէջ: Ինքն էր շարժիչը եւ մղիչ ուժը եւ իր ծանօթութիւններուն ու հետեւողական ճիգերուն շնորհիւ յաջողեցաւ Հայաստանի գրողներու միութեան անդամագրել սփիւռքահայ գրողներու պատկառելի հոյլ մը, Լիբանանահայ գրական համախմբումի քարտուղարի իր հանգամանքով, առանց թերագնահատելու վաստակը իր գործընկերներուն, որոնք իրեն հետ միասին ոսկեայ կամարներով կամրջեցին հայրենիքն ու սփիւռքը: Ինք կը հաւատար այն սրբազան գաղափարին, որ հայ գրողը մէ՛կ է, հայ գրականութիւնը մէ՛կ է, հայ լեզուն մէ՛կ է, եւ արուեստական են Հայաստան եւ սփիւռք բաժանարար հասկացողութիւնները: Յաջողեցաւ այդ առաքելութեան մէջ, շնորհիւ իր մտերիմ գրչեղբօր` Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի հետ սերտ եւ ջերմ գործակցութեան. ցաւալին եղաւ այն, որ Լեւոն Անանեան վաղաժամ եւ անակնկալ մահէն ետք Սարգիս Կիրակոսեանը հարուածած մահացու ախտը, ցաւալի, բայց տարօրինակ զուգադիպութեամբ մը զինք կը միացնէ իր սիրելի գրչեղբօրը` երկնային դրախտներուն մէջ: Կարծէք Անանեան, չդիմանալով, կանչեց Սարգիս, որպէսզի մինակ չմնայ… եւ Սարգիս ընդառաջեց այդ կանչին: Կեանքի կապը վերածուեցաւ ճակատագիրի կապի:

Վերջին տարիներուն կաթողիկոսարանի համասփիւռքեան կրթական համագումարները դարձան այն ամպիոնը, ուր արեւմտահայերէնի պահպանումն ու անոր հարցերը դարձան օրակարգ եւ խնդիր, ուր Սարգիս Կիրակոսեան իր նախանձախնդիր եւ անզիջող կեցուածքներով մնաց արեւմտահայերէնի ռահվիրան` յաչս զայն գրոհող փոթորիկներուն: Նոյնը եւ հայերէնի խտացեալ դասընթացքներու եւ «Խաչիկ Պապիկեան» ուսանողական մրցանքներու կազմակերպման ու հետեւողական աշխատանքին մէջ: Իսկ Հայաստան-սփիւռք գրական թէ կրթական համագումարներուն ան ջերմ ու հաւատաւոր պաշտպանն էր Մեսրոպեան ուղղագրութեան վերահաստատման` հայրենիքի մէջ: Այդ երազն էր եւ նպատակը Սարգիս Կիրակոսեանին, որովհետեւ գիտէր, որ խորհրդային արհեստական շղթաները պէտք էր վերացուէին ի սպառ, եւ հայ լեզուն պէտք էր վերադառնար իր մեսրոպեան հարազատ ակունքներուն, այլապէս պիտի մնար գերին` զինք ջլատող կեղծ ու արհեստական բոլոր բաժանումներուն:

Գնաց գրողը, մնաց իր գործը: Վերջին ամիսներուն եւ, հակառակ իր խստապահանջութեան, նոյնիսկ ինքն իր գործերուն հանդէպ, ան ժրաջան կերպով նախաձեռնեցիր «Ականեալ Ձայներ» բանաստեղծական 3-րդ գիրքի հրապարակման, որ կարծէք վաղաժամ մահուան նախապատրաստուող եւ ապերախտ այս կեանքին դիմաց արձակուած փամփուշտն էր, որ պիտի արձագանգէր ամայութեան մէջ, իր ձայնը լսելի դարձնելու աստ ու անդ: Գնաց գրողը, մնաց գործը: Խմբագրական թէ թարգմանական բազում իր գործերը կը մնան արժանաւոր բանաստեղծի, վաւերական մտաւորականի իր վկայարանները, որոնք երկար ժամանակ պիտի լուսաւորեն մեր գրական դաշտը: Գնաց գրողը, մնաց գործը:

Մնաց բանաստեղծութեան տաճարը, զոր կերտեց իր արիւնով ու մարմնով, իր երազներով ու տագնապներով, հաւատարմօրէ՛ն, համբերութեա՛մբ եւ ամենա՛յն բծախնդրութեամբ, բառին ու խօսքին հանդէպ ունեցած երկրպագութեան աստիճանի իր մոլեռանդութեամբ ու նուիրումով, հաւատքով եւ պրկումով, խիզախութեամբ ու նուիրումով, որովհետեւ գիտէր ուրիշներէն աւելի, թէ բանաստեղծին կեանքն ու աշխարհը միջոց են միայն անմահութեան ճամբուն վրայ, բառին եւ գիրին շունչով ու ոգիով յագեցած:

Ոչ եւս է Սարգիս Կիրակոսեան: Հրաժեշտ կ՛առնենք իրմէ հիմա: Երէկ ուրիշներ մեկնեցան. գացին ու մեր հոգիներուն մէջ ձգեցին կորուստին ցաւը: Ակամայ շարունակեցինք ու պիտի շարունակենք, բայց իւրաքանչիւր կորուստ աստղի չափ պարապ մը կը ձգէ մեր կեանքին մէջ: Այդ պարապը ոչ ոք կրնայ լեցնել, ո՛չ իսկ ժամանակը, բայց կը վարժուինք նայիլ անոր ամէն անգամ որ մեր աչքերը կը փակենք եւ կը նայինք անծայրածիր այս անջրպետին` յուսալով, որ անոնք պիտի լուսաւորեն մեր գիշերները:

Ոչ եւս է Սարգիս Կիրակոսեան. Վիքթոր Հիւկոյէն իր մէջբերած խօսքը «Ականեալ ձայներ» գիրքին սկիզբը կարծէք կը մնայ իր վերջին խօսքը մեզի, հո՛ս, այստեղ.-

«Շիրիմը, որ մեռնողին վրայ կը գոցուի, երկինքը կը բանայ: Աներկիւղ կը դիտեմ յաւերժական ստուերներու գերեզմանը, որովհետեւ գիտեմ, որ եթէ մարմինը հոն բանտ մը կը գտնէ, հոգին` թեւեր»:

Մնաս բարով, սիրելի՛ Սարգիս: Ժամն է ազատ թռիչքիդ դէպի յաւերժութիւն: Ձայնդ արդէն կը լսենք այդ անհուններէն:

ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ

23/7/2015

Լուսանկարում՝ առաջին շարքում, ձախից երկրորդը՝ Սարգիս Կիրակոսեան