Շնորհահանդէս Դոկտ. Նորա Արիսեանի Եւ Լրագրող Թաթուլ Յակոբեանի Գիրքերուն

13111

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ, կիրակի, 1 փետրուար  2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ գիրքերու յատուկ շնորհահանդէս՝  Հայկազեան համալսարանի սրահին մէջ:

Հայոց ցեղասպանութեան Լիբանանի 100-ամեակի կեդրոնական մարմինին եւ Հայկազեան համալսարանին կազմակերպած գիտաժողովին աւարտին տեղի ունեցած այս ձեռնարկին բացումը կատարեց Հայկազեան համալսարանի պատասխանատու դասախօսներէն  դոկտ. Ֆատի Ասրաուի, որ արաբերէնով ողջունեց ներկաները եւ անդրադարձաւ ձեռնարկի շարժառիթին ու նպատակին եւ ըսաւ. «Հաւաքուած ենք հոս Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով ներկայացնելու դոկտ. Նորա Արիսեանի եւ լրագրող Թաթուլ Յակոբեանի գիրքերը»: Ան  կենսագրական հակիրճ ակնարկներով ներկայացուց նշեալ հեղինակները՝ վեր առնելով անոնց գրական, թարգմանչական եւ լրագրական հմտութիւնները: Ապա ան խօսքը փոխանցեց սուրիահայ մտաւորական դոկտ. Նորա Արիսեանին: Արիսեան նախ արաբերէնով, ապա հայերէնով անդրադարձաւ հայրենի լրագրող Թաթուլ Յակոբեանի «Արցախեան օրագիր, կանաչ ու սեւ, ո՛չ պատերազմ, ո՛չ խաղաղութիւն» խորագրեալ գիրքին՝ յայտնելով, որ գիրքը կարդալով ինքնաբերաբար մղուած է զայն թարգմանելու: . «Ան որ կ՛ուզէ գաղափար առնել արցախեան հերոսամարտին մասին, պէտք է կարդայ Թաթուլ Յակոբեանի այս գիրքը»:ըսաւ Արիսեան։ Ան յայտնեց, որ գիրքը կոչուած է «սեւ»՝ ակնարկելով պատերազմին պատճառով ստեղծուած սուգի մթնոլորտին, իսկ «կանաչ»՝ զինուորներու, ազատամարտիկներու կանաչ տարազներուն: Գիրքը կը պատմէ Արցախի ազատամարտին ժամանակագրութիւնն ու ականատեսներու վկայութիւնները: Ապա խօսք առաւ գիրքին հեղինակը՝ հայրենի լրագրող Թաթուլ Յակոբեան, որ հայերէնով ներկայացուց գիրքի գրութեան շարժառիթն ու այս առիթով իր կատարած հարցազրոյցները հայ թէ ազրպէյճանցի վկաներու հետ: Յակոբեան նշեց, որ Արցախի պատերազմը իրենց, ինչպէս նաեւ արցախցիներուն եւ բոլոր հայ ընտանիքներուն տուներուն մէջ կը մղուէր: Յակոբեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց գիրքի արաբերէնի թարգմանիչ  դոկտ. Նորա Արիսեանին, մեկենասին՝  Սարգիս Պուտագեանին եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահին ու գիտաժողովին կազմակերպիչներուն:

Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ գիրքին մեկենասը՝ Սարգիս Պուտագեան, որ արաբերէնով յայտնեց, թէ իր այս նախաձեռնութիւնը կու գայ ի յիշատակ Եղեռնէն ճողոպրած իր մեծ մօր՝ Սիրուն Պուտագեանի, որ անխոնջ հետեւող մը եղած է հայ գրիին, գրականութեան եւ մամուլին։

Ձեռնարկին երկրորդ բաժինով դոկտ. Ասրաուի ներկայացուց լիբանանեան խորհրդարանի անդամ, մարդկային իրաւանց ջերմ պաշտպան եւ Հայ դատի բարեկամ երեսփոխան Ղասսան Մուխայպերը եւ կենսագրական հակիրճ տեղեկութիւններէ ետք խօսքը փոխանցեց անոր: Երեսփոխան Մուխայպեր արաբերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընձեռուած այս առիթին համար՝ յայտնելով, թէ ինք պատիւ կը զգայ, որ անդամ է լիբանանեան խորհրդարանին, որ առաջիններէն էր, որ ընդունեց եւ ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ներկայացնելով դոկտ. Նորա Արիսեանի արաբերէն գիրքը՝ երեսփոխան Մուխայպեր յայտնեց, որ անիկա ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրած ու անկէ ճողոպրած վկաներու յիշողութիւնն է: «Ծագումով հայ չեմ, սակայն երկու հանգամանքներ զիս կը մղեն զօրակցելու Հայ դատին: Նախ եւ առաջ՝ հայ ժողովուրդին դէմ պատահածը միայն հայ ժողովուրդին դէմ չէր, այլեւ՝ համայն մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիր էր: Երկրորդ՝ դէպքէն հարիւր տարիներ ետք, տակաւին ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի նաեւ այլ ժողովուրդներու նկատմամբ, Իրաքի, Պաղեստինի մէջ եւ այլուր», ընդգծեց երեսփոխան Մուխայպեր:     Առ այդ, «պէտք է գրի առնել դէպքերու ականատեսներուն յիշողութիւնն ու վկայութիւնները:  Ան որ կը մոռնայ իր անցեալը, ապագայ չունի», ընդգծեց Մուխայպեր: «Նաեւ՝ պէտք է գործակցիլ հայ ժողովուրդի ներկայացուցիչ եւ Հայ դատի իրաւատէր  Հայաստանի Հանրապետութեան հետ եւ պատմութեան յուշագրութենէն անցնիլ օրինական բանաձեւումի եւ դատական հայց յարուցել Թուրքիոյ դէմ», շեշտեց  լիբանանցի երեսփոխանը: «Նման ոճիր ո՛չ միայն հայերուն, այլեւ համայն մարդկութեան դէմ է ու՝ բոլո՛րս հայ ենք», ընդգծեց Մուխայպեր:

Աւարտին կատարուեցաւ զոյգ գիրքերու մակագրութիւն:

ԱԶԴԱԿ, 2 փետրուար, 2015