Նոր հրատարակութիւններ. կը ներկայացնէ Գէորգ Եազըճեան

862

Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէ հայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսածհայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններունի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեանմասնաւորաբարգրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներունՏուեալներուն կցուած են հրատարակութեան բովանդակութեան առնչուած անհրաժեշտ եւ հակիրճ բացատրութիւններ: Տուեալները երբեմն քաղուած են պարբերական մամուլէն եւ կրնան պակասաւոր ըլլալ:

Այվազեան Արգամ, «Գողթն – Ազգագրական մասունքներ», հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2018, 324 էջ (20 x 28 սմ.) (Նախիջեւանի Գողթն գաւառի ազգագրութեան եւ բանահիւսութեան նմոյշներ` տեղի բարբառով, գունաւոր ու սեւ-ճերմակ բազմաթիւ լուսանկարներ):

Աւետիքեան Սերժ, Եկաւեան Տիգրան, «Սփիւռքեան երկխօսութիւն», Փարիզ, 2018, 200 էջ (12 x 19 սմ.) (ֆրանսահայութեան ինքնութեան տագնապն ու հարցերը երկու տարբեր սերունդներու երկխօսութեան ընդմէջէն) (ֆրանսերէն):

– «Գրիգոր Պըլտեանի յեղաշրջումը», հայերէնէ թարգմանեց Սոնիա Պեմեզեան, «Քլասիք Կարնիէ» հրատարակչութիւն, Փարիզ, 2018, 250 էջ(գրականագէտ- փիլիսոփայ Գ. Պըլտեանի հայեացքները) (ֆրանսերէն):

Թովմասեան Պետրոս, «Վարագավանքը պատմութեան քառուղիներուն», հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2018, 182 էջ (17 x 24 սմ.) (Տարօնի շրջանի հայկական սրբավայրի մասին հանրագիտարանային ուսումնասիրութիւն, ցուցակներ, լուսանկարներ,  գծացուցակներ, օժանդակ այլ նիւթեր):

Խատիսեան Ալեքսանդր, «Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը», Հայկական ուսումնասիրութիւնների «Անի» կենտրոնի հրատարակութիւն, Երեւան, 2018, 480 էջ (17 x 24 սմ.) (1968-ին Պէյրութի մէջ լոյս տեսած գիրքին վերահրատարակութիւնը` արեւելահայերէնով ու աբեղեանական գրելաձեւով):

– Տը Թոմասսի-Վիշինսքի Էմիլիա Աշխէն, «Նոր Արաքս – Պարիի հայկական գիւղին պատմութիւնը», յառաջաբանը` Լեւոն-Պօղոս արք. Զէքիեանի, վերջաբանը` Ռուբէն Թիմուրեանի, LB հրատարակչութիւն, Իտալիա, 2017 (Մեծ Եղեռնէն վերապրողներու` 1924-ին Իտալիոյ հարաւային Պարի քաղաքին մօտերը հիմնած Նոր Արաքս գիւղին պատմութիւնը) (իտալերէն): Հեղինակը գիրքը նուիրած է իր ծնողներուն` Տիրանի եւ Աշխէնի, նաեւ` Հայոց Ցեղասպանութեան բոլոր զոհերու յիշատակին:

Կիւլեր Արա, «Բաբելոնէն ետք պիտի ապրինք», խմբագիր` Ռոպեր Գոփթաշ, անգլերէնի թարգմանիչ` Նազըմ Տիքպաշ, թրքերէնի թարգմանիչ` Սիրվարդ Մալխասեան, «Արաս» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, օգոստոս 2018, 144 էջ (22,5 x 28 սմ.)  (լուսանկարչական ալպոմ` կարճ պատմուածքներով ուղեկցուած) (հայերէն, անգլերէն եւ թրքերէն առանձին հրատարակութիւններ):

Հաճեան Աւետիս, «Գաղտնի ազգ մը – Թուրքիոյ ծպտեալ հայերը», I. B. Tauris հրատարակչութիւն, Լոնտոն, 2018, 570 էջ (Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ մէջ իսլամացուած հայոց ներկայ վիճակին մասին, բազմաթիւ լուսանկարներ) (անգլերէն):

– Մութաֆեան Քլոտ, «Արարատէն Քարփաթներ` հայկական զրուցավէպը», «Պել Լեթր» հրատարակչութիւն, Փարիզ, 2018, 448 էջ (Արեւելեան Եւրոպայի հայկական գաղութներու պատկերազարդ պատմութիւնը, ծանօթագրութիւններ, օգտագործուած գրականութեան, յապաւումներու եւ յատուկ անուններու ցանկեր, 9 քարտէս, 850 գունաւոր լուսանկար) (ֆրանսերէն):

Շառոյեան Լեւոն, «Դեգերումներ հայ գիրի եւ պատմութեան գետեզերքին», Բ. հատոր, յառաջաբանը` տոքթոր Արմենակ Եղիայեանի, Բերիոյ թեմի«Այգ» մատենաշար թիւ 22, տպարան «Ոսկետառ», Հալէպ, 2018, 320 էջ: Գիրքին մեկենասն է Ֆրանսայէն Տիգրան Ճիյէրճեանը:

Չիֆթճեան Գրիգոր եպս., «Ուղեւորութիւն Ատրպատականի հայոց թեմում –Հայկական յուշարձանների հետքերով», Ա. հատոր, Իրան, 2018, 546 էջ (Ատրպատականի թեմի առաջնորդը կը նկարագրէ թեմի տարածքի հայկական 238 եկեղեցիներէն 95-ին այժմու վիճակը` ականատեսի վկայութիւններով, բազմաթիւ լուսանկարներ):

«Ստորագրութիւն` Գրիգոր Պըլտեան», հայերէնէ թարգմանեց Սոնիա Պեմեզեան, «Քլասիք Կարնիէ» հրատարակչութիւն, Փարիզ, 2018, 235 էջ (գրականագէտ-փիլիսոփայ Գ. Պըլտեանի գիտական վաստակը) (ֆրանսերէն):

– «Վահան Թէքէեան վարժարան – Վաթսունհինգամեակ (1951-2016)», Պէյրութ, 2018 (Պէյրութի մէջ Թէքէեան մշակութային միութեան դպրոցին յուշամատեանը, յուշեր, լուսանկարներ, տնօրէններու, ուսուցիչներու, հոգաբարձական կազմերու եւ այլ ցուցակներ):

Ֆիշենկճեան Անի Աւետիսի, «Սուրիոյ հայ համայնքի պատմութիւնը 1946-1970 թթ.», հրատարակութիւն Հ. Հ. Գ. Ա. Ա. Պատմութեան Հիմնարկի, Երեւան, 2018, 344 էջ (Ա-5) (արաբերէն եւ անգլերէն ամփոփումներ, լուսանկարներ, քարտէսներ, փաստաթուղթեր, օգտագործուած գրականութեան ցանկ): Տպագրուած է Հ. Հ. Գ. Ա. Ա. Պատմութեան Հիմնարկի Գիտական Խորհուրդի որոշումով, Ֆիշենկճեան ընտանիքի եւ Հերմինէ Պարսումեանի ու անոր որդիին` Տիգրանի միջոցներով եւ նուիրուած է հեղինակին հօր` Աւետիս Ֆիշենկճեանի յիշատակին:

Պատրաստեց Գէորգ Եազըճեան