Հայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններ. կը ներկայացնէ Գէորգ Եազըճեան

1064
Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէ հայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսած` հայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններուն` ի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեան, մասնաւորաբար` գրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներուն:

  «Ազգային եւ եկեղեցական աւանդութիւններ»հրատարակիչ՝ Սուրիահայ օգնութեան խաչի դաստիարակչական յանձնախումբ, տպարան «Արեւելք», Հալէպ, 2026, 142 էջ (հայկական եկեղեցական տօներն ու անոնց առնչուած ժողովրդային աւանդութիւնները, լուսանկարներ ու պատկերներ)։ Լոյս տեսած է SALT բարեսիրական կազմակերպութեան նիւթական օժանդակութեամբ։

– Բեգլարեան Մանուէլ, «Գործիքագիտութիւն – Հայ ազգային նուագարաններ», մասնագիտական խմբագիր՝ Նորայր Դաւթեան, խմբագիրներ՝ Գէորգ Եազըճեան եւ Բաբգէն Սիմոնեան, «ՎՄՎ-փրինթ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2026, 32 էջ (16,3 x 23,2 սմ.) (ներածութիւն, հայոց՝ փողային, լարային եւ հարուածային ազգային նուագարաններու հակիրճ նկարագրութիւնը, գունաւոր պատկերներ, հեղինակին կենսագրութիւնն ու գունաւոր լուսանկարը)։

 Գասպարեան Դաւիթ, «Պարոյր Սևակ: Կեանքը եւ ստեղծագործութիւնը»,  «Անտարես» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2025, 712 էջ:

 Գասպարեան Դաւիթ, «Եղիշէ Չարենցի գրական-քաղաքական աղերսները», ՀՀ ԳԱԱ «Գիտութիւն» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2026, 692 էջ: Տպագրութեան երաշխաւորած է ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդը: Տպագրուած է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հովանաւորութեամբ: 

 Զարեան Արա, «Սիւնեաց աշխարհի բերդերը Թ.-ԺԴ. դարեր», յառաջաբանը՝ Աշոտ Հայկազունի Գրիգորեանի, հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2026, 512 էջ (27,5 x 31 սմ.) (հեղինակին՝ 1983-1990 տարիներուն կատարած պեղումներուն արդիւնքները, հարիւրաւոր լուսանկարներ, եզրերու բացատրական բառարան, օգտագործուած գրականութեան ցանկ, բազմաթիւ քարտէսներ, յատակագիծներ, գծագիրներ)։ Լոյս տեսած է Ալեքսանտր Թամանեանի անուան ազգային թանգարան-հիմնարկին աջակցութեամբ՝ Հ․ Բ․ Ը․ Մի «Վահրամ Ապտալեան մշակութային հիմնադրամ»ին միջոցներով իբրեւ անոր 12-րդ հրատարակութիւնը։

 Թովմասեան Պետրոս, «Աբբասեան խալիֆայութեան վերջին պատմաշրջանը եւ հայութիւնը (991-1258թթ.) – Հայ մայրեր ունեցած աբբասեան խալիֆաներ», ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2026, 200 էջ (17 x 24 սմ.) (արաբերէն)։

 Թոփալեան Բարունակ (Topalian Parounag), «Իմ հայրենի գիւղս Օխու» (My Native Village Okhou), հայերէնէ թարգմանեց Սիմոն Պէօճէքեան, Հայկազեան համալսարանի եւ “Հայրենիք” հրատարակչութիւններ, “Յուշամատեան” մատենաշար թիւ 1, Պէյրութ, 2026 (1943-ին Պոսթոնի մէջ լոյս տեսած՝ Խարբերդի նահանգի Բալուի գաւառակի Օխու գիւղին պատմութիւնն ու ազգագրութիւն-բանահիւսութիւնը)։

 Ւսնար Սեդրակ Թանէր (Isnar Setrak Taner), «Կորսուած սուրբ երկրաչափութիւններ. Վերակենդանացլեով միջնադարու հայկական եկեղեցիներու ճարտարապետութեան լեզուն» (Lost Sacred Geometries: Resurrecting the Architectural Language of Medieval Armenian Churches), լուսանկարները՝ Հրայր Բազէ Խաչերեանի, յառաջաբանը՝ Փաթրիք Տօնապետեանի, խմբագիր՝ Լենոր Հիթքամփ (Lenore Hietkamp), «Ֆայրֆլայ» (Firefly) հրատարակչութիւն, Նիւ Եորք/Ռիչմոնտ հիլ, Գանատա (NY/Richmond Hill, Canada), 2026, 424 էջ (27.9 x 27.9 սմ) (Միջնադարի հայկական եկեղեցիներու երկրաչափական առանձնայատկութիւնները, բազմաթիւ լուսանկարներ եւ յատակագիծեր, օգտագործուած գրականութեան ցանկ) (անգլերէն)։

– Կիւրսել Զեյնեփ Տեւրիմ (Gürsel Zeynep Devrim), «Պատկանելութենէ զրկութեան լուսանկարներ. Լուսանկարային ճամբորդութեան միջով» (Portraits of Unbelonging: Photographic Journey Across), Սթանֆորտի համալսարանի հրատարակչութիւն (Stanford University Press), Ա. Մ. Ն., 16 յունիս 2026, 440 էջ (15,1 x 22,7 սմ.) (Ա. Մ. Ն.ի Ռութճըրս (Rutgers) համալսարանի մարդաբանութեան թրքուհի դասախօսը կը ներկայացնէ 1896-1908-ին Օսմանեան պետութենէն արտագաղթած 4000-է աւելի հայոց՝ ելքի համար պարտադիր լուսանկարները եւ անոնց մէջ երեւցող հայոց հետագայ ճակատագիրները) (անգլերէն)։

– Մանուկեան Աբէլ քհն., «Հայ եկեղեցին ժամանակի մարտահրաւէրների դիմաց», «ՎՄՎ-փրինթ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2026, 168 էջ (13,9 x 21,1 սմ.) (յօդուածներու ժողովածու Հայ Առքելական Եկեղեցւոյ բարեկարգման անհրաժեշտութեան մասին):

 Յարութիւնեան Աւագ, «Եկեղեցի-պետութիւն փոխյարաբերութիւնները Խորհրդային Հայաստանում 1920-1930-ական թուականներին», Մայր Աթոռ ս. Էջմիածինի հրատարակչութիւն, Վաղարշապատ, 2025, 239 էջ (յաւելուած՝ փաստաթուղթեր, ռուսերէն եւ անգլերէն ամփոփումներ, օգտագործուած սկզբնաղբիւրներու եւ գրականութեան ցանկ)։

 Ոսկանեան Աշոտ, Յարութիւնեան Կարէն, Չըթըրեան Վիգէն, Կարապետեան Մկրտիչ եւ Յովհաննիսեան Հայկ, «Պարտութիւն – Ղարաբաղի 2020-ի պատերազմի վաւերագրումը» (Defeat – Documenting the Karabagh War of 2020), հայերէնէ անգլերէն թարգմանութիւնը՝ Արա Սարաֆեանի, հրատարակիչ՝ Կոմիտաս հիմնարկ, Լոնտոն, 2026, 148 էջ (2024-ին հայերէն լոյս տեսած ուսումնասիրութեան թարգմանութիւնը՝ լրամշակուած, քաղաքական եւ զինուորական բարձրագոյն պաշտօններ վարած 30-է աւելի անձերու հետ կատարուած հարցազրոյցներ ու եզրակացութիւններ, 44-օրեայ պատերազմին ժամանակագրութիւնը, գունաւոր քարտէսներ) (անգլերէն): Գիրքը հրատարակուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան աջակցութեամբ՝ անոր «Սփիւռքի հեռանկարներ» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ։

Պատրաստեց

Գէորգ Նաթալի (Եազըճեան)