Պատմաբան, հայագետ, Միչիգանի Դիրբորն համալսարանի դասախոս, դոկտոր Արա Սանջյանը Դիմատետրի իր էջում գրում է.
ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ԱՆԴՐԿՈՎԿԱՍԻ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԻՋԵՒ ՍԱՀՄԱՆԱԳԾՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ ԵՒ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ (1925-1927)
Երկուշաբթի օրուան լրահոսին մէջ Անքարայէն ու Երեւանէն բխող հակասական տեղեկութիւններ կային եթէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ ներկայիս ընթացող բանակցութիւնները պիտի անդրադառնա՞ն նաեւ սահմանագծման հարցերու թէ՞ ոչ։
Ստորեւ կը ներկայացնեմ այդ հարցին շուրջ լուրեր, որոնք 1925-1927 թուականներուն լոյս տեսած են Նիւ Եորք հրատարակուող «Հայաստանի Կոչնակ» շաբաթաթերթին մէջ։ Բնականաբար, մէջբերումներս հարցին ամբողջական պատմութիւնը չեն ներկայացներ, բայց կրնան օգտակար ըլլալ հարցի պատմութեամբ զբաղողներով․
«ՌՈՒՍԵՒԹՈՒՐՔ սահմանագիծը ճշդելու պաշտօն ունեցող թուրք մարմինը Թիֆլիզ հասած է։ Իգտամ կ’ըսէ թէ՝ այս մարմինը պարտաւոր պիտի ըլլայ մէկ քանի ամիս սպասելու քանի որ սահմանագլուխները մէկ քանի մէթր ձիւնով ծածկուած են։» («Ազգային կեանք», Հայաստանի Կոչնակ, ԻԵ. Տարի, թիւ 4, Յունուար 24, 1925, էջ 120)
«ՌՈՒՍԵՒԹՈՒՐՔ սահմանագծումի յանձնաժողովին մէջ, Խ. միութեան պատուիրակութիւնը փափաք յայտնած է Յունվարին սկսիլ տեղւոյն վրայ սահմանագծումին աշխատանքին։ Թրքական պատուիրակութիւնը առաջարկած է Մայիսին յետաձգել, ի վերջոյ որոշուած է Փետր. 15ին ձեռնարկել գործի։» («Շաբաթական քրոնիկ», Հայաստանի Կոչնակ, ԻԵ. Տարի, թիւ 10, Մարտ 7, 1925, էջ 314)
«Թուրքեւռուս խառն յանձնաժողովը, որ պաշտօն ունի երկու երկիրներու միջեւ սահմանագիծ մը որոշելու, շատ հաւանաբար վիճելի կէտերու հանդիպի, մանաւանդ այն տեղերուն մէջ ուր սահմանագիծը բնական դիրքերէ չանցնիր։ Բայց եւ այնպէս, ատիկա չի նշանակեր թէ յանձնաժողովը պիտի փորձէ փոխել դաշնագիրը, որ կնքուած է Թուրքիոյ եւ Խորհրդային Միութեան միջեւ։ Այդ դաշնագիրը իր մէջ կը պարունակէ ազգերու եղբայրութեան սկզբունքները եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը։ Դաշնագիրը կը շեշտէ համերաշխութիւնը, որ կայ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ, աշխարհակալութեան դէմ կռիւ մղելու համար։
«Վիճելի հարցերու ատեն, յանձնաժողովը պատրաստ է ամէն ջանք ի գործ դնել, որպէս զի խնդիրը Կարսի եւ Մոսկուայի դաշնագիրներու սահմանին մէջ լուծուի։ Յանձնաժողովը պարտաւոր է այնպիսի եզր մը գտնել, որ ո՛չ թէ թուլցնէ, այլ աւելի ամրապնդէ անկեղծ բարեկամութիւնը ՝Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ։
«Երբ յանձնաժողովը գործի սկսաւ, սահմանամերձ շրջաններու բնակչութեան մէջ զանազան լուրեր շրջան ըրին, որովհետեւ տեղացիները պէտք եղածին պէս չէին գիտեր յանձնաժողովին դերը։ Հակառակ մամուլին հաղորդած տեղեկութիւններուն, անիմաստ տեղեկութիւններ շրջան կ’ընեն.— Որպէս թէ յանձնաժողովը որոշ մաս մը պիտի միացնէ, պիտի վերաքննէ Կարսի դաշնագիրը, եւն.։
«Ի հարկէ, այդ լուրերը անհիմն են եւ տարածուած են երկու բարեկամ ժողովուրդներու թշնամիներուն կողմէ, որոնք տեղեկութիւն չունին գործին էութենէն։ Այժմ, երբ յանձնաժողովը վերջացուցած է իր նախնական աշխատանքները եւ գործի սկսած, անհրաժեշտ է խորհրդային մարմինները սահմանամերձ բնակչութեան բացատրեն իրականութիւնը, որպէս զի այլեւս սուտ լուրեր չի տարածուին, եւ մանաւանդ յանձնաժողովը տեղացիներուն աջակցութիւնը վայելէ սահմանի մօտիկ վայրերու մէջ։» («Ազգային կեանք», Հայաստանի Կոչնակ, ԻԵ. Տարի, թիւ 18, Մայիս 2, 1925, էջ 567)
«ՕԳՈՍՏՈՍ 18ԻՆ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանները ճշտող Յանձնաժողովը իր աշխատութիւնը վերջացնելով ստորագրած է պատրաստուած արձանագրութիւնը։
«Ստորագրուած են Խ. Միութեան կողմէ պատգամաւորութեան նախագահ Կարկլին, իր տեղակալը Կուչնիցով, Հայաստանի ներքին գործավարի տեղակալ Պէրպէրեան, Հայաստանի համամիութենական սահմանապահ զօրամասի պետ Կիրակոսեան, Նախիջեւանի գործավարներու ժողովին նախագահ Համիտ Սուլթանօվի լիազօրութեամբ Կարկլին, իսկ Թուրքիայի կողմէ պատգամաւորութեան նախագահ Ֆախրի պէյ, անդամներ Րէֆաթ պէյ, Ճէմալ պէյ, Ղօզընջաղի գայմագամ Ջաւատ պէյ եւ Ղօզընջաղի սահմանապահ զօրամասի հրամանատար Ալի Շէֆքէթ պէյ։
«Արձանագրութիւնը ստորագրելէն յետոյ Պէրպէրեան եւ Ջաւատ պէյ Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Խ. Միութեան բարեկամական յարաբերութիւնները դրուատող ճառեր խօսած են։» («Հայաստան», Հայաստանի Կոչնակ, ԻԶ. Տարի, թիւ 41, Հոկտեմբեր 9, 1926, էջ 1434)
«ՍԱՀՄԱՆԱԳԾՈՒՄԻ Յանձնաժողովը՝ ինչպէս յայտնի է, կախակայած է Արաքսի եւ Ախուրեանի ջուրերու օգտագործման քանակին ու կարգին շուրջ Խ. Միութեան եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներու միջեւ առաջ եկած տարակարծութիւնը։ Յունվար 8ին Կարսի թուրք ներկայացուցիչ Ֆախրի եւ Խ. Միութեան ներկայացուցիչ Պ. Քարքլինի միջեւ հանդիսաւորապէս ստորագրուած է համաձայնագիր մը որ վերջնապէս կը լուծէ վիճելի հարցերը։ Համաձայնագրին հետ միաժամանակ ստորագրուած է բրօթօքօլ մը որ Խ. Միութեան իրաւունք կուտայ Սարտարապատի ջրանցքի պէտքերուն համար հողային աշխատանքներ կատարել Արաքսի թրքական ափին վրայ։ Ծրագրուած ջրանցքը պիտի ոռոգէ, մասնակի ըլլայ թէ՛ ամբողջական, 23,700 տեսեադին հող։» («Հայաստան», Հայաստանի Կոչնակ, ԻԷ. Տարի, թիւ 8, Փետրուար 19, 1927, էջ 250)













