Թաթուլ Յակոբեանը Պէյրութի Հայկազեանում ներկայացրեց «Պատասխանատուները»

1617

Ս. ՍԱՊԱՀ-ԳԻՒԼԵԱՆԻ «ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ» ԴԱՐՁԵԱԼ ՄԵՐ ԳՐԱՍԵՂԱՆԻՆ

Նախաեղեռնեան եւ յետ-եղեռնեան ժամանակաշրջանը ամե –
նաբարդ եւ զգայուն հատուածն է մեր պատմութեան: Ոչ միայն
մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ անջնջելիօրէն դրոշմուած
ըլլալուն պատճառով, այլ նաեւ` բազմաթիւ մութ ու խորհրդա –
ւոր ծալքեր ունենալուն հետեւանքով: Պատմագիտութիւնը տա –
կաւին շատ բան ունի ըսելիք այդ շրջանի բեկումնային իրադար –
ձութեանց շուրջ:

Կը կարծենք թէ ամէն ինչ գիտենք Հայոց Ցեղասպանութեան
մասին կամ պատմագիտութիւնը վաղուց արձակած է իր վճիռը:
Մի քանի յուզական ոտանաւոր եւ մի քանի ճոխ լուտանքներ
թուրքերու հասցէին, պատարագ եւ Ապրիլ 24-ին քայլարշաւ
պաստառներով ծանրաբեռն` ի հարկէ ոչ մէկ լուրջ իմաստ ու –
նին Մեծ Եղեռնի ողջ ժամանակաշրջանը առարկայօրէն եւ լիա –
կողմանի կերպով ըմբռնելու համար:

Շատ շահեկան եւ օրինակելի ուղղութիւն մը որդեգրած է հայ –
րենի լրագրող, ուսումնասիրող եւ ԱՆԻ Հայկական Ուսումնա –
սիրութիւններու Կեդրոնի ղեկավար Թաթուլ Յակոբեան, որ
անգտանելի գիրքերու վերահրատարակութիւններով, յօդուած –
ներով, վաւերագրական փաստերով հրապարակ կը հանէ բազ –
մաթիւ նիւթեր, որոնք յաճախ դիտումնաւոր կերպով տասնամ –
եակներէ ի վեր քօղարկուած էին ինչ-ինչ հաշիւներէ մղուած:
Հետաքրքրական է անոր նշանաբանը` «առերեսուիլ պատմու –
թեան հետ», այսինքն` ճանչնա՛լ մենք զմեզ, նրբախոյզ քննար –
կումներով վերընթերցել պատմութիւնը` հեռու կիրքերէ եւ նա –
խապաշարումներէ. չխուսափիլ երեւոյթները կոչել իրենց հա –
րազատ անուններով:

Օրինակ, անցեալ տարի Յովհաննէս Քաջազնունիի խնդրա –
յարոյց հատորի կողքին («Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը Անելիք Չունի
Այլեւս») ընթերցողներուն ներկայացուց անոր հակաճառող Վա –
հան Նաւասարդեանի, Սիմոն Վրացեանի եւ Արշակ Ջամալեա –
նի գործերը: Զօրավար Անդրանիկի զինուոր Եղիշէ Քաջունիի
յուշերէն ետք ունեցանք Յ. Քաջազնունիի «Ազգ Եւ Հայրենիք»ը:
Եւ ահա օրերս Ռուբէնի (Տէր Մինասեան) մէկ գործին առընթեր
մեր գրասեղաններուն կը վերադառնայ Ստեփան Սապահ-Գիւլ –
եանի «Պատասխանատուները»:

Ստեփան Սապահ-Գիւլեան (Տէր Դանիէլեան) (1861-1928).-
քաղաքական կարկառուն գործիչ, Հնչակեան Կուսակցութեան
տեսաբան, բեմբասաց, խմբագիր, հրապարակագիր եւ ղեկա –
վար: Հեղինակած է բազմաթիւ հատորներ եւ ունի մամուլի մէջ
ցրուած արժէքաւոր եւ ծաւալուն յօդուածներ:

Անտարակոյս, անոր «Պատասխանատուները» աշխատու –
թիւնը փաստացի եւ ապրուած տարեգրութիւնն է նախա եղեռ –
նեան շրջանի հայ-թուրք յարաբերութիւններուն, ներ-ազգային
քաղաքական կեանքի խմորումներուն, Ս.Դ.Հ.Կ.-Իթթիհատ
շփումներուն, փոխ-ճանաչման, ապա` լարուածութեան եւ ա –
տելութեան ու կատաղի պայքարին: Իթթիլաֆ կուսակցութեան
հետ յարաբերութեան, Հ.Յ.Դ.-ի դիրքորոշումներուն, Փարիզի
մէջ հակա-սուլթանական ուժերու կազմաւորման, հայ-քիւրտ
շփումներուն եւ վերջապէս այն մթնոլորտին եւ նախապայման –
ներուն` երբ հետզհետէ գաղափարէ իրականութիւն դառնալով`
ի գործ դրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Այս յոյժ կարեւոր գործը սկսած է գրուիլ 1915 Օգոստոսին`
Գահիրէ: Աւարտին հասած է 1916 Ապրիլին: Նախապէս անկէ
հատուածներ լոյս տեսած են հնչակեան մամուլին մէջ: Որպէս
հատոր առաջին անգամ տպագրուած է 1916-ին Փրավիտենս
(ԱՄՆ): Երկրորդ տպագրութեան արժանացաւ 1974-ին` Պէյ –
րութ: Ահաւասիկ` անցեալ ամիս իրականութիւն դարձաւ եր –
րորդ տպագրութիւնը Թաթուլ Յակոբեանի ջանքերով: Ներա –
ծական խօսքը` Հնչակեան Կուսակցութեան պատմութեան խո –
րագիտակ պատմաբան, Լիբանանի խորհրդարանի նախկին
անդամ Տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեանի:

Առաջին հայեացքով կþենթադրուի, որ Ս. Սապահ-Գիւլեանի
գործը կը վերաբերի սոսկ Հնչակեան Կուսակցութեան: Սա կայն,
պէտք է ընդգծել, որ ցանկացած պատմաբան, հայ թէ օտար,
եթէ կþուզէ լուսարձակի տակ առնել նախաեղեռնեան հայ կեան քը
իր սուր հակասութիւններով, չոր իրականութիւն ներով եւ կըտ –
րուկ իրադարձութիւններով, կարիքը պիտի ունե նայ դիմելու
այս գործին: Նոյնիսկ, կարեւոր սկզբնաղբիւր է այս Թուրքիոյ
պատմութեան համար եւս:

«Պատասխանատուները» ըսելով պիտի հասկնանք այն տար –
րերը, որոնք իրենց ուսերուն կը կրեն հայոց ողբերգութեան
ծանր ու աններելի անուրը, յատկապէս այն իթթիհատական
հայերը, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս թիկունք կանգնեցան
ցեղասպաններուն սանձարձակ գործունէութեան: «Հայասպան
ճիւաղը աչքի առաջ էր. եւ սակայն հայերից շատ շատերը ո՛չ
միայն չէին տեսնում, այլ` տեսած ժամանակին էլ չտեսնելու էին
զարկում: Իթթիհատը գործում էր. իսկ շահամոլ, անհատական
ձգտումներով տոգորուած հայը կա՛մ քնում էր կա՛մ տգիտա –
նում, զանազան դատապարտելի հաշիւներից մղուած»: Պա –
տաս խանատուութեան կանչուեցա՞ն հայ պատասխանա տու –
ները. ո՛չ. արդէն ուշ էր:

Հնչակեան Կուսակցութիւնը միշտ ալ հակադրուած մնաց Իթ –
թիհատին: Իթթիհատին առաջին նպատակը Հնչակեան Կու –
սակ ցութեան անճիտումն էր եւ չէզոքացումը անոր մարտական
եւ յառաջադէմ տարրերուն: Հնչակեան հակա-իթթիհատական
ուղղութեան պարագլուխները Ս. Սապահ-Գիւլեանն ու Փարա –
մազն էին, այդ պատճառով Ցեղասպանութեան մեկնարկէն մէկ
տարի առաջ (1914) ձերբակալուեցան հնչակեան 120 ակնառու
գործիչներ: Պատահական չէր, որ ցուցակը կը գլխաւորէր Ս.
Սապահ-Գիւլեան. սակայն` ան անհասանելի ըլլալով (Օսման –
եան Կայսրութեան սահմաններէն դուրս), Բ. Վարազդատին
հետ փրկուեցան կախաղանումի ճակատագիրէն (1915 Յունիս
15, Կ. Պոլիս): Ս. Սապահ-Գիւլեան նշեալ հատորը գրած է դէպ –
քերու անմիջական ազդեցութեան տակ` երբ իր հաւատարիմ
զինակիցները իրենց կեանքով վճարած էին գինը հակա-իթթի –
հատական գուպարին եւ հայ դաւաճան, ստրկամիտ, տիրահա –
ճոյ եւ աթոռատենչ տարրերու անփութութեան եւ թուլամոր թու –
թեան, միով բանիւ` եպերելի ան«պատասխանատու»ութեան:

Մեր գրասեղաններուն վերադարձած հատորը ուսանելի մատ –
եան մըն է մերօրեայ սերունդին, ուսանողութեան, պետական
գործիչներուն եւ դիւանագէտներուն համար յատկապէս:
Ծափահարելի է ժրաջան ու անաչառ լրագրող, պրպտող Թ.
Յակոբեան, որ չի վարանիր նաեւ հրապարակելու նորօրեայ
պատմութեան վիճայարոյց եղելութիւնները` Հայաստանի ան –
կախացումէն մինչեւ ղարաբաղեան թնճուկ ու հայ-ատրպէյճա –
նական բանակցութիւններ, հայրենալքումէն մինչեւ կառավա –
րու թիւններ, Հոկտեմբեր 27-էն Մարտ 1, Ապրիլեան պատերազ –
մէն մինչեւ տարածաշրջանային խնդիրներ:
ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ

ՈՒՐԲԱԹ, 17 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2017 2017-11-17