Պոլսում 1919թ. առաջին Ապրիլ 24-յան ոգեկոչման լուրը «Ժամանակ» օրաթերթում. 26 ապրիլ, 1919թ

1463

ԵՐԷԿԻ ՍԳԱՀԱՆԴԷՍԸ

Ամբողջութեանը մէջ յուզիչ հանդէս մը տեղի ունեցաւ երէկ Հայ մտաւորականութեան յիշատակին համար: Առաւօտուն Ս. Երրորդութեան եկեղեցւոյն մէջ պատարագեց Տ. Մեսրոպ եպս., Եկեղեցւոյ ձախակողմեան դասին ետևը կեցած էին նահատակեալ մտաւորականներու կիները և պարագաները սևազգեստ: Աջակօղմը կեցած էին ազգային մարմիններու և դասակարգերու ներկայացուցիչներ, ժողովականներ, առևտրականներ, խմբագիրներ գրագէտներ և ուսուցիչներ, իսկ տաճարին մնացեալ մասին մէջ լեցուած էր երկսեռ բազմութիւնը այնքան հոծ՝ որ միչև եկեղեցւոյ բակը այրեր, կիներ և օրիորդներ լեցուած էին: Տ. Մեսրոպ Ս. Պատարագէն յետոյ հանդիսաւոր և խոր լռութեան մէջ խօսեցաւ քարոզ մը…

… 4 տարի առաջ բռնապետութիւնը դժոխային ծրագրով մը հաւաքեց հայ մտաւորականութեան ծաղիկները, գիտնալով որ ազգի մը իրական ոյժերը անոնք են: Բռնապետութիւնը կոտրտեց ծառին ճիւղերը, բայց հաստատուն մնաց բունը և արմատը, ու ոգեւորուած իր ազգային կամքով, ամուր հաւատք մը ունեցաւ և լուսաւոր ու պայծառ յոյսեր կը կապեն զինքը կեանքին հետ: Այդ զոհերը գերեզման չունին այսօր, բայց անոնք հոգիներ են որ կը սաւառնին այս տաճարին մէջ: Պէտք չէ ուրեմն որ լանք այսօր, այլ ջանանք թոթափել մեր թերութիւնները երբ նոր ապագայ մը բացուած է մեր առջեւ ու փոխանակ լալու զարգանանք անոնց հոգիով:

Քարօզէն յետոյ սկսաւ հոգեհանգիստը նախագահութեամբ Ս. Պատրիարքին, որուն շուրջ կը գտնուէին Փոխանորդ Տ. Սմբատ Վ. Տ. Յօվհան Վ., Տ. Իբրանոսեան Վ., ուրիշ վարդապետներ ու քահանաներ:

Դպրաց դասը, որ եռաձայն կատարած էր Պատարագի երգեցողութիւնը, շատ յուզիչ կերպով երգեց նաև հոգեհանգստեան շարականները: Մասնաւորապէս նահատակեալ մտաւորականներու կիները և պարագաները կ’արտասուէին, շեշտելով պարագային տխուր հանդիսաւորութիւնը: Կէս օրը անցած վերջացաւ եկեղեցական արարողութիւնը:

Եկեղեցւոյ փողոցին ու շրջականներուն մէջ Հայեր և Յոյներ կէս պարզած էին Հայկական դրօշակը, սեւ շղարշօվ ծածկուած:

Կէս օրէն յետոյ Հայ Բողոքականաց Այնալ Չէշմէի մատուռին մէջ սկսաւ սգահանդէսը: Տաճարին մէջտեղ բեմի մը վրայ դրուած էր Հայկական դրօշակը, որուն վրայ զետեղուած էր ծաղկեպսակ մը:

Ներկայ էին երկու Մխիթարեանց ներկայացուցիչները, հայ բողոքականներ, հայ հռոմէականներ ինչպէս նաև երկսեռ ընտրեալ բազմութիւն մը:

Օռկի վրայ Շոբէնի մահաքայլերգէն յետոյ հանդէսին կարգադիր յանձնախումբին կողմէ երկարօրէն խօսեցաւ Պ. Շահան Պէրպէրեան, ներկայացնելով հայ մտքին դէմ բացուած պայքարին իրական շարժառիթը և նահատակուածներու արժէքը Հայութեան համար: Պ. Պէրպէրեան եզրակացուց իր խօսքը հրաւիրելով մոռնալ անցեալը ու ազգային միութիւն յառաջ բերել ներկային ու ապագային համար: Նոր թաղի դպրաց դասը երգեց, «Տէր, կեցո Դու զՀայս» երգը, որ յոտնկայս ունկնդրուեցաւ: Յետոյ Սահմանադրական Ռամկավարներու կողմէ պատշաճ բանախոսութիւն մը ըրաւ Պրօֆ. Յ. Յակոբեան, որ յարգանք ընծայելով հանգուցելոց յիշատակին, հրաւիրեց հայրենիքի վերաշինութեան՝ որով պիտի պատուենք յիշատակը մեր բոլոր մտաւորականներուն և ընդհանուր նահատակեալ հայութեան:

Հնչակեան կուսակցութեան կողմէ խօսեցաւ Պ. Վահան Զէյթունցեանը, յարգանքի պատշաճ խօսքերով: Յետոյ խօսք առաւ Հ. Յովսէփ Տ. Մարգարեան, Վիեննական Մխիթարեան, որ շեշտեց ազգային Միութեան պէտքը միեւնոյն դրօշին տակ: Օր. Մաննիկ երգեց «Տէր Ողորեա»ն և Օր. Մառի Պարոնեան արտասանեց Դանիէլ Վարուժանի «Լոյս»ը:

Յետոյ Հայ բժշկական դասուն կողմէ խօսեցաւ ֆրանսերէն լեզուով Տոք. Խանճեան ու բացատրեց թէ ինչպէս Հայ մտաւորականութեան մէջ զոհուեցան նաեւ Հայ բժիշկները ու դեղագործները վշտալի պարագաններու մէջ:

Հայ ուսուցչութեան կողմէ խօսեցաւ Պ. Գէորգ Մեսրոպ:

Հանգստեան շարական մը երգուեցաւ Օր. Մաննիկ Պէրպէրեանի կողմէ, ուրկէ վերջ Սիամանթոյէ արտասանութիւն մը ըրաւ Պ. Շահան Սարեան, խիստ յուզուած և արցունքներ խլեց ներկաներէն:

Հանդէսը վերջացաւ Ս. Պատրիարքին մէկ նկարագրականովը: Պատմեց թէ ինչպես 4 տարի առաջ այսօր եպարքոս Սայիտ Հալիմի դիմելով, պատասխան ըստացած է թէ քանի որ Հայ ազգը օտարին միջամտութիւնը յառաջ բերաւ բարենորոգման խնդրոյն մէջ, այս արդիւնքին հանդիսատես կ’ըլլայ, իսկ Թալէաթ ըսաւ թէ անոնք որ Հայաստանի մը կազմութեան կրնան օգնել, պէտք է չեզոքանան, ու Էնվէր կ’աւելցնէր. «Հայութիւնը պիտի դնենք այն վիճակին մէջ որ տարբերութիւնը մնայ մզկիթին և եկեղեցիին մէջ»:

Ս. Պատրիարքը ըսաւ որ ոչ միայն մտաւորականները, այլ ընդհանուր ազգը հալածանքի ենթարկուեցաւ, պարագայ մը որ պէտք չէ վրիպեցնել ուշադրութենէ:

Երկու հանդէսներն ալ բարեկարգ և հանդիսաւոր կերպով տեղի ունեցան, միայն Ս. Երրորդութեան եկեղեցւոյ դուռը, գրքերու, տետրակներու վաճառումը օրուան հանդէսին համար անպատեհ էր բոլորովին, ինչպէս անճահ էին կէս օրէն վերջի սգահանդէսին մէջ եղած երկար բանախօսութիւնները:

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթ, Կ. Պոլիս, 13/26 Ապրիլ, 1919թ