Անշուք ծնունդ, հանդիպումներ Էնվերի եւ Թալէաթի հետ

1784

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն

Երեսունութերորդ գլուխ

Դէպի Առաջին Հանրապետութիւն

1917ի Փետրուարին` յեղափոխութիւնը կը յաղթէ Ռուսական Կայսրութեան մէջ, որուն մաս կը կազմէր նաեւ Անդրկովկասը. ցարը գահընկէց կ’ըլլայ: Կը կազմուի Փեթերպուրկի Ժամանակաւոր Կառավարութիւնը` ռուս սահմանադրական-ժողովրդավար` Քատէթ կուսակցութեան առաջնորդներէն իշխան Կէորկի Լվովի նախագահութեամբ:

Ընդամէնը իննը ամիս իշխանութեան վրայ գտնուած Ժամանակաւոր Կառավարութիւնը Անդրկովկասը եւ Օսմանեան Կայսրութենէն գրաւուած տարածքները ղեկավարելու համար Մարտին ձեւաւորեց յանձնաժողով մը` Անդրկովկասի Յատուկ Կոմիտէն (Օզակոմ):

Անդրկովկասի հայերը, վրացիներն ու թաթարները ողջունեցին Փետրուարեան Յեղափոխութիւնը, զոր տապալեց Նիքոլայ Բ.ը եւ վերջ տուաւ Ռոմանովներու հարստութեան երեքհարիւրամեայ գահակալութեան: Շատեր Օզակոմը նոր դարաշրջանի խորհրդանիշ կը նկատէին եւ կը սպասէին, որ ան հին վարչակարգին պատճառած վէրքերը բուժէր:

Հայերը նաեւ ոգեշնչուած էին Արեւմտահայաստանի ապագայ կարգավիճակի վերաբերեալ Ժամանակաւոր Կառավարութեան նպաստաւոր յայտարարութիւններէն: 26 Ապրիլ 1917ին հրապարակուած հռչակագիրը Արեւմտահայաստանին քաղաքացիական վարչութիւն կու տար: Հայ փախստականները տունդարձի ճամբան բռնեցին: Մինչեւ 1917ի վերջերը մօտաւորապէս 150.000 արեւմտահայեր վերահաստատուեցան Վանի, Կարինի (Էրզրումի) եւ Բաղէշի (Պիթլիսի) նահանգներուն մէջ:

Ռուսիոյ մէջ պոլշեւիկներու իշխանութեան գալէն տագնապած` 1917ի Նոյեմբերին Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցաւ անդրկովկասցի ղեկավարներու համագումար` երկրամասային գործադիր ժամանակաւոր մարմին մը` Կոմիսարիատ ստեղծելու նպատակով: Եւկէնի Կեկեչքորին ստանձնեց նախագահութիւնը: Կոմիսարիատը եւ 1918ի Փետրուարին բացուած օրէնսդիր մարմինը` Սէյմը մեծապէս կաշկանդուած էին իրենց իսկ պնդումով, որ Անդրկովկասը (գոյութիւն չունեցող) ռուսական դեմոկրատիայի անբաժան մասը կը կազմէ: Անդրկովկասը որքան երկար կառչած կը մնար Ռուսիոյ հետ միութեան առասպելին, այնքան աւելի խորութեամբ կը սուզուէր հակասութեանց եւ շփոթութեան մէջ: Հայերը յամառօրէն կը մերժէին Ռուսիայէն անջատուելու ակնարկն իսկ: Անոնք միայն ռուսական հզօր հանրապետութեան հովանիին տակ կը պատկերացնէին Արեւելահայաստանի եւ Արեւմտահայաստանի միաւորումը մէկ ինքնավար շրջանի մէջ:

Դաշնակցութեան ղեկավարներէն Ռոստոմը կ’ակնկալէր, որ Հայաստանը ՙՌուսիոյ, Վրաստանի եւ Թաթարստանի (Ատրպէյճան) հետ պէտք է ըլլայ ինքնավար` դաշնակցային ու հանրապետական Ռուսիոյ ծոցին մէջ՚, իսկ Թրքահայաստանը պէտք է ազատի թրքական լուծէն եւ դառնայ անկախ, դառնայ այն Հայաստանը, զոր կը պատկերացնէր Դաշնակցութիւնը. ՙԱզատ Հայաստանը պէտք է բովանդակէ հայկական վեց վիլայէթներն ու Կիլիկիան՚:

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան վերջին վարչապետ Վրացեանը կը գրէ, որ Ռուսական Յեղափոխութիւնը խանդավառութեամբ ընդունուած էր Ղարաբաղի մէջ. ՙՇուշիի մէջ կազմուեցաւ հայ-թրքական միջկուսակցական բիւրօ մը, զոր նշանակեց շրջանային գործադիր կոմիտէ մը, որ Ղարաբաղ-Զանգեզուր միացեալ շրջանին կառավարական գործերը պէտք է վարէր, բայց միայն Ղարաբաղի իշխանութիւնը դարձաւ: Հայերն ու թուրքերը համերաշխ էին. գաւառի հայկական մասերուն մէջ կը ղեկավարէին հայերը, թրքականին մէջ` թուրքերը՚:

1917ի Նոյեմբերին, Համառուսաստանեան Սահմանադիր Ժողովի ընտրութեան, վրաց մենշեւիկները, իսլամ մուսաւաթականներն ու հայ դաշնակցականները Անդրկովկասի քուէներուն աւելի քան 75 տոկոսը շահեցան: Պետութեան վարչաձեւը որոշելու կոչուած Սահմանադիր ժողովը միայն մէկ օր գումարուեցաւ եւ 1918ի Յունուարին ցրուեցաւ Ռուսիոյ նոր` պոլշեւիկեան կառավարութեան հրամանով: Գրեթէ ամբողջ Անդրկովկասը դատապարտեց պոլշեւիկեան մարտավարութիւնը, ինչպէս որ դատապարտած էր Հոկտեմբեր-Նոյեմբերեան Յեղափոխութիւնը, զոր տապալեց Ժամանակաւոր Կառավարութիւնը եւ իշխանութեան բերաւ Ժողովրդական Կոմիսարներու Խորհուրդը (Ժողկոմխորհ): Բացի Պաքուէն, ամբողջ Անդրկովկասը մերժեց Ժողկոմխորհը ճանչնալ:

Յեղափոխութենէն մինչեւ անկախութիւն

1917ի Նոյեմբերին Փեթրոկրատի մէջ իշխանութիւնը Ժամանակաւոր Կառավարութենէն պոլշեւիկներուն անցած էր, Լենինի ղեկավարութեամբ ձեւաւորուած էր Ժողկոմխորհը, Թրոցքին նշանակուած էր արտաքին գործոց կոմիսարի, իսկ Սթալինը` ազգութեանց կոմիսարի պաշտօնին: Սկզբնական շրջանին` պոլշեւիկներուն իշխանութիւնը կը տարածուէր Փեթերպուրկէն Մոսկուա հատուածին մէջ միայն: Ի տարբերութիւն Անդրկովկասի միւս սովետներուն, Պաքուի Սովետը իր հաւատարմութիւնը յայտնած էր Ժողկոմխորհի կառավարութեան: Ժողկոմխորհը Ստեփան Շահումեանը Դեկտեմբերին Կովկասի յատուկ կոմիսար նշանակած էր:

Օսմանեան երրորդ բանակի հրամանատար Մեհմէտ Վեհիպ փաշան Կովկասի ռուսական բանակի հրամանատարութեանը զինադադարի առաջարկ ըրած էր մինչեւ Պրեսթ-Լիթովսքը` 1917ի Նոյեմբերին: Զինադադարի պայմանները ճշդելու նպատակով Կոմիսարիատը Երզնկա գործուղած էր պատուիրակութիւն մը, որու կազմին մէջ էր նաեւ Արշակ Ճամալեանը: Բանակցութեանց վերջաւորութեան, Դեկտեմբերին ստորագրուեցաւ զինադադարը, զոր Սեւ Ծովէն մինչեւ Վանայ լիճի հարաւային ափերը տարածուող անդրկովկասեան ռազմաճակատին վրայ պիտի տարածուէր:

Խորհրդային կառավարութեան հրահանգով` կովկասեան ռազմաճակատը մինչեւ 1917ի վերջերը պէտք է ամբողջութեամբ դատարկուէր: Ռուսական զօրքերը, ռազմական գոյքի վիթխարի պահեստներ ձգելով, սկսան լքել Արեւմտեան Հայաստանը եւ տուն վերադառնալ: 1918ի Յունուարի վերջերուն կովկասեան ճակատը հիմնականին մէջ արդէն պարպուած էր ռուսական զօրքերէն:

1918ի Յունուարին, կովկասեան ռազմաճակատի հրամանատար Վեհիպ փաշան Անդրկովկասի ներկայացուցիչները Պրեսթ-Լիթովսք հրաւիրեց: Ան կը խոստանար անդրկովկասեան կառավարութիւնը ճանչնալ տալ նաեւ իրեն դաշնակից գերմանացիներուն, աւստրիացիներուն եւ պուլկարներուն: Պրեսթ-Լիթովսք մեկնելու կողմնակից էին վրաց ազգայնականները, բայց վրաց մենշեւիկներն ու հայերը վճռականօրէն դէմ էին:

Քանի դեռ Պրեսթ-Լիթովսքի մէջ պոլշեւիկներուն եւ գերմանացիներուն միջեւ համաձայնութիւն ձեռք չէր բերուած, թրքական եւ գերմանական զօրքերը յառաջ կը շարժէին: Անդրկովկասեան կառավարութիւնը կը դիմէ Սէյմին, որպէսզի յատուկ պատուիրակութեան միջոցով բանակցութիւններ սկսի թուրքերուն հետ: Սէյմը կ’ընտրէ պատուիրակութեան կազմը` Աքաքի Չխենքելիի նախագահութեամբ:

Փետրուարին Սէյմի նախագահ Չխէիծէն եւ կառավարութեան նախագահ Կեկեչքորին յայտարարեցին, թէ Անդրկովկասը չի ճանչնար Պրեսթ-Լիթովսքի դաշնագիրը եւ իր պատուիրակութիւնը կը ղրկէ Տրապիզոն` թուրքերուն հետ բանակցութիւններ վարելու համար (սկսած են 26 Փետրուարին եւ շարունակուած մինչեւ 1 Ապրիլ): Պրեսթ-Լիթովսքի մէջ բանակցութիւններ վարող պոլշեւիկեան պատուիրակութեան քարտուղար, հայ Լեւոն Քարախանը հեռագիրով տեղեկացուցած էր, որ Քառեակ Միութիւնը կը պարտադրէ Կարսը, Արտահանն ու Պաթումը թուրքերուն զիջիլ:

Օսմանեան գլխաւոր պատուիրակ Հիւսէյն Ռաուֆ պէյը Տրապիզոնի խորհրդաժողովի առաջին իսկ օրը` 14 Մարտին, պահանջեց, որ յետագայ բանակցութեանց հիմքին դրուի Պրեսթ-Լիթովսքի պայմանագիրը` Օսմանեան Կայսրութեան իրաւունքը Կարսի, Արտահանի եւ Պաթումի նկատմամբ:

Վրացիները դէմ չէին զիջելու Կարսը, բայց երբե’ք` Պաթումը. հայերը կը պնդէին, որ Անդրկովկասը առանց Կարսի ամրոցի չի կրնար գոյատեւել. իսլամները պատրաստ էին ընդունելու օսմանեան բոլոր պահանջները: Բանակցութեանց աւարտը չսպասելով` օսմանեան զօրքերը, երրորդ բանակի հրամանատար Մեհմէտ Վեհիպ փաշայի գլխաւորութեամբ, Մարտին գրաւեցին Երզնկան եւ Կարինի ամրոցը:

Անդրկովկասեան պատուիրակութեան ղեկավար Չխենքելին, հասկնալով, որ ռազմաճակատին վրայ պարտութիւնն անխուսափելի է, համաձայնեցաւ Պրեսթ-Լիթովսքի պայմաններուն եւ այդ մասին յայտնեց Ռաուֆ պէյին: Չխենքելին հեռագրեց նաեւ իր կառավարութեան եւ վրաց մենշեւիկ ղեկավարութեան, փորձեց համոզել զանոնք` հաւանութիւն տալ իր չարտօնուած քայլին, բացատրելով, որ այդ պարագային է հնարաւոր փրկել Պաթումը: Սակայն Սէյմին մէջ թէ’ վրացիները եւ թէ‘ հայերը այդ մասին լսել անգամ չէին ուզեր: Անոնք Չխենքելիին հրամայեցին Թիֆլիս վերադառնալ: Պատուիրակութիւնը ետ կանչելէն քանի մը ժամ յետոյ, թուրքերը 14 Ապրիլին գրաւեցին Պաթումը: Սէյմի վրացի անդամներն ուրիշ ելք չունէին օսմանեան պահանջները կատարելէն զատ` Անդրկովկասը Ռուսիայէն անկախ յայտարարել եւ Թուրքիոյ տարածքային իրաւունքները ճանչնալ:

ՙՄեր խորհրդաժողովի առաջին իսկ օրը ստացանք երկու բախտորոշ դէպքերու լուրը. առաջին` թրքական զօրքերը վերցուցած էին Էրզրումը, երկրորդ` պոլշեւիկները Պրեսթ-Լիթովսքի մէջ ստորագրած էին հաշտութեան դաշնագիրը, որով Կարսը, Պաթումը եւ Արտահանը թուրքերուն կը զիջէին: Աւելի պարզ կերպով ներկայացնելու համար մեր խորհրդաժողովին աշխատանքները, պէտք է յիշենք նաեւ, որ անոր տեւողութեան ամբողջ ընթացքին թուրքերը յառաջ կը շարժէին կովկասեան ճակատին վրայ, իսկ մեր զօրքերը` անընդհատ կը նահանջէին՚,- կը գրէ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ղեկավարներէն Ալեքսանտր Խատիսեանը:

Թուրքերը վերջնագիր կը ներկայացեն` անյապաղ ընդունիլ Պրեսթ-Լիթովսքի դաշնագիրը, ապա բանակցութեանց պաշտօնական բնոյթ տալու նպատակով` Անդրկովկասն անկախ յայտարարել: Քաջազնունին եւ Խատիսեանը հեռագիրով Սէյմի դաշնակցական խմբակցութեան կը տեղեկացնեն, որ թուրքերու պայմաններուն ընդունումը չարեաց փոքրագոյնը կ’ըլլայ: Այս կարծիքին էր նաեւ Չխենքելին: Սէյմի իր ելոյթին մէջ Կեկեչքորին կը պնդէ, որ Անդրկովկասի կառավարութիւնը թուրքերուն պայմանները մերժելու եւ մինչեւ վերջ կռուելու պատրաստ է: Սոցիալ-դեմոկրատ Իրաքլի Ծերեթելին ելոյթ կ’ունենայ նոյն ոգիով: Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ Մարտիրոս Յարութիւնեանը թրքական պահանջներուն վճռականօրէն դէմ կ’արտայայտուի. ՙՄեզի համար` զէնքէն բացի ուրիշ փրկութիւն գոյութիւն չունի՚: Սէյմը կը մերժէ թուրքերուն վերջնագիրը ու Տրապիզոնի պատուիրակութիւնը ետ կը կանչէ:

ՙԱյսպիսով, հաշտութեան փոխարէն մենք Տրապիզոնէն մեր երկիրը պատերազմ կը տանէինք՚,- կը գրէ Խատիսեանը:

Կարինէն յետոյ արդէն ինկած էր Սարիղամիշը, երբ Հ. Յ. Դ.ի Արեւելեան Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ, 20-21 Ապրիլին Ալեքսանտրապոլի մէջ տեղի կ’ունենայ խորհրդաժողով մը, որուն կը մասնակցէին հայ քաղաքական, կուսակցական եւ ռազմական ղեկավարները` զօրավարներ Թովմաս Նազարպէկեանը, Մովսէս Սիլիկեանը եւ Անդրանիկը, Աւետիս Ահարոնեանը, Դրօն, Միքայէլ Պապաճանեանը, Սիմոն Վրացեանը, Յովհաննէս Քաջազնունին, Ալեքսանտր Խատիսեանը, պոլշեւիկ Պօղոս Մակինցեանը եւ ուրիշներ:

Խորհրդակցութեան ատեն ընթերցուեցաւ Խաչատուր Կարճիկեանին նամակը, ուր կ’ընդգծուէր, թէ հայ ժողովուրդը պէտք չէ երես թեքէ Ռուսիայէն, որ հայ ժողովուրդի անվտանգութեան միակ երաշխաւորն է, իսկ Ռուսիան պէտք չէ հաշտուի Անդրկովկասը կորսնցնելու միտքին հետ: Այդ ատենները հայ քաղաքական գրեթէ բոլոր ոյժերը, չընդունելով հանդերձ Խորհրդային Ռուսիոյ տնտեսական-քաղաքական համակարգը, ռուսամէտ կողմնորոշում ունէին: Դաւիթ Անանունը կը գրէ, թէ արեւելահայութիւնը մեծ ձգտում ունէր բռնուելու ռուսական փէշէն, ՙբայց այդ փէշը, հակառակ հայութեան բուռն փափաքին` ի’նքը դուրս սողաց անոր ձեռքէն՚:

Քաջազնունին կը զեկուցէ, կը ներկայացնէ վիճակը եւ կը փորձէ համոզել, որ ստեղծուած պայմաններուն մէջ չարեաց փոքրագոյնն է համաձայնիլ ատրպէյճանցիներուն ու վրացիներուն հետ եւ ընդունիլ Պրեսթ-Լիթովսքի հաշտութեան պայմանները, այլապէս` Անդրկովկասեան խախուտ դաշնութիւնը կը քայքայուի եւ հայ ժողովուրդը թուրքերուն դէմ միս-մինակ կը յայտնուի: Սակայն ընդհանուր կարծիքն այն էր, որ պէտք է մերժել թուրքերուն պայմանները եւ շարունակել պատերազմը:

22 Ապրիլ 1918ին մենշեւիկները, Սէյմի իսլամական խմբակցութեանց աջակցութեամբ, առաջարկեցին անկախ Անդրկովկասեան Ժողովրդական Դաշնակցային Հանրապետութիւն հիմնադրել: Հայերը մէկ անգամ եւս կանգնեցան մղձաւանջային ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութեան առջեւ: Հայկական Զօրամիաւորումը տակաւին կը պահէր Կարսի ամրոցը եւ կրնար թրքական յարձակումներուն առնուազն երկու ամիս դիմադրել: Բայց եւ այնպէս, եթէ հայերը մերժէին վրաց-իսլամական համատեղ մարտավարութիւնը Սէյմին մէջ` պայքարը պէտք է միայնակ շարունակէին: Յուսահատած եւ ընկճուած հայ պատգամաւորները դառնութեամբ հաւանութիւն տուին Անդրկովկասի անկախութեան:

Կառավարութիւնը պէտք է ձեւաւորէր Չխենքելին, սակայն դեռ վարչապետի պաշտօնին վրայ չհաստատուած եւ առանց Սէյմի կամ իր կառավարութեան մաս կազմելուն համաձայնութիւն տուած հայ գործիչներուն հաւանութեան, ան Հայկական Զօրամիաւորումին հրամայեց յանձնել Կարսը: Հազարաւոր հայեր, խուճապահար, դէպի Երեւանի նահանգ կը փախչէին: Օսմանեան երրորդ բանակը 25 Ապրիլին առանց կռուի մտաւ հայկական բերդաքաղաքը:

Խատիսեանը կը գրէ. ՙԳաղթականներու տարերային հոսքը դէպի Երեւան, մթերքներու պակասը, պատերազմական գործողութիւնները եւ համաճարակն այնպիսի ծանր կացութիւն ստեղծած էին հայկական գաւառներուն մէջ, որ անհրաժեշտ էր հաշտութեան կնքումը փութացնել: Խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենար Պաթումի մէջ: Նորէն սկսանք կազմել պատուիրակութիւն մը, որու գլուխն անցաւ դարձեալ Չխենքելին, հայոց կողմէ անդամներն էին Յովհաննէս Քաջազնունին եւ ես: Մեր առաքելութիւնն այս անգամ մեզի շատ դիւրին կը թուէր: Կը մտածէինք, թէ պէտք է միայն երթալ եւ Պրեսթ-Լիթովսքի պայմանաւորուածութիւններով դաշնագիր մը ստորագրել՚:

26 Ապրիլին Սէյմը հաստատած էր կառավարութեան կազմը` Չխենքելիի գլխաւորութեամբ:

Նոյն Չխենքելին ալ արդէն Պաթումի մէջ շարունակեց Տրապիզոնի մէջ ընդհատուած բանակցութիւնները թուրքերուն հետ: Անոր կառավարութիւնն այժմ պատրաստ էր ընդունելու Պրեսթ-Լիթովսքի պայմանագիրին բոլոր կէտերը: 11 Մայիսին գումարուած առաջին նիստին, Խալիլ պէյն ըսաւ, որ այդ կէտերը զիրենք չեն բաւարարեր արդէն, քանի որ Տրապիզոնի խորհրդաժողովէն յետոյ արիւն թափած է. թուրքերը կը պահանջէին նաեւ Ախալցխայի եւ Ախալքալաքի գաւառները, Երեւանի նահանգին արեւմտեան մասը, ներառեալ Արաքս գետի հովիտն ու երկաթուղագիծը: Առանց ժամանակ տալու, թրքական զօրքերը ներխուժեցին Երեւանի նահանգ` 15 Մայիսին գրաւելով Ալեքսանտրապոլը: Յաջորդ մէկ շաբթուան ընթացքին թրքական զօրքերն ու իսլամական խումբերը Երեւանը գրեթէ շրջապատած էին:

Հայկական պատուիրակութիւնը Պաթումի մէջ մինակ մնացած էր. աւելին` ատրպէյճանցիները թուրքերը կը պաշտպանէին: ՙԵրբ մենք թուրքերէն կը պահանջէինք Ալեքսանտրապոլի գաւառին հայկական մասերը մեզի ձգել` թաթարները կը պնդէին, թէ Հայաստանի մայրաքաղաքը պէտք է ըլլայ Վաղարշապատ գիւղը` պահանջելով Երեւանը կցել Ատրպէյճանին: Ուսուպպէկովը եւ Խան Խոյսքին կը պնդէին, թէ Երեւանը թաթարական քաղաք է, ուստի իսլամները չեն ներեր, եթէ Երեւանը հայոց զիջին՚,- կը գրէ Խատիսեանը:16

Անշուք ծնունդ

1918ի կէսին հայ ժողովուրդի բեկորներուն ձգուած էր բզկտուած հողի փոքր պատառ մը, զոր հանրապետութիւն անուանուեցաւ: Բայց որքան ալ խղճալի պետութիւն մըն էր Հայաստանի Հանրապետութիւնը 1918ի Մայիսին, անոր գոյութեան փաստն ինքնին զարմանահրաշ նուաճում մըն էր, կը գրէ պատմաբան Ռիչըրտ Յովհաննիսեանը: Ան ո’չ թէ հանրապետութիւն էր, այլ` անբարեբեր ու մեկուսացուած, ժայռերով ու լեռներով, որբերով ու փախստականներով, տառապանքներով ու թշուառութեամբ լեցուն հողակտոր մը:

Հանրապետութեան անշուք ծնունդին նախորդած էին քառամեայ աւերիչ պատերազմը, արեւմտահայութեան ոչնչացումը, ռուսական Փետրուարեան Յեղափոխութեան ներշնչած պատրանքային յոյսերը, Ժողկոմխորհի աղէտաբեր քաղաքականութիւնը Պրեսթ-Լիթովսքի մէջ, 1918ի թրքական անողոք ներխուժումը, Անդրկովկասի մասնատումը եւ, վերջապէս, հայոց ղեկավարներուն` ազգը ոչնչացումէն փրկելու խելայեղ ճիգերը:

Կը թուէր, թէ հայ ժողովուրդին վերջը եկած է 1918ի Մայիսին: Չորս թրքական զօրամասեր յարձակման անցած էին Ղարաքիլիսայի (Վանաձոր), Պաշ-Ապարանի եւ Սարդարապատի վրայ: Ղարաքիլիսայի մէջ պարտութիւնը չվճռեց հայ ժողովուրդին բախտը, որովհետեւ Հայկական Զօրամիաւորումը Մայր Աթոռին կոչով ու ժողովուրդին օգնութեամբ կրցաւ թուրքերը կանգնեցնել, ապա ետ քշել Պաշ-Ապարանի ու Սարդարապատի մէջ:

Ամենայն Հայոց Հայրապետ Գէորգ Ե.ը կը դիմէ ժողովուրդին. ՙԹուրքը` մեր բանական հօտին արիւնախում ոսոխը, նուաճած է Ալեքսանտրապոլը եւ կը շարժի դէպի սիրտը մեր երկրի, մեր հաւատի, մեր կենսագրութեան. ան Էջմիածնի վրայ կու գայ: Մեր զօրապետերը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կ’առաջարկեն ոսոխի բերնին ձգել Մայր Աթոռ Էջմիածինը, մեր սրբարանները, հայ ժողովուրդը եւ Բիւրական ապաստանիլ: Ո’չ եւ ո’չ, հազար անգամ ո’չ, ես չե’մ լքեր մեր սուրբ նախնիներուն աւանդած Մայր Աթոռը, ես չե’մ հեռանար Հայոց Առաքելական օճախէն: Եթէ հայոց զինուորութիւնն ինքը, հայ ժողովուրդը պիտի չկրնան թշնամիին յառաջխաղացումը կասեցնել, եթէ ի զօրու պիտի չըլլան փրկելու մեր սրբութիւնները` թող ես նահատակուիմ ճիշդ հոս` շէմին վրայ Մայր Աթոռին, որու գահակալի պատիւն ունիմ մեր սուրբ նախնիներու արդար բարեխօսութեամբ եւ Աստուծոյ ողորմածութեամբ՚:

Երեւանեան զօրամասի հրամանատար զօրավար Մովսէս Սիլիկեանը յատուկ կոչով կը յորդորէ ամէն մէկ հայու` յանուն հայրենիքի փրկութեան եւ իր կնոջ ու դուստրերու պատուի պաշտպանութեան, ի գործ դնել իր վերջին ճիգը թշնամին հարուածելու համար. ՙՀԱՅԵ’Ր, Ժամանակը չէ դանդաղելու: Մինչեւ յիսուն տարեկան հասակ ունեցող բոլորը պարտաւոր են զէնքի տակ գալու, եւ ես ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ բոլորէն` ներկայանալ իրենց զէնքերով ու փամփուշտներով` հայրենիքի պաշտպանութեան համար: ՀԱՅՈՒՀԻՆԵ’Ր, յիշեցէ’ք 5րդ դարի փափկասուն տիկինները, որոնք ոգեւորեցին իրենց ամուսինները դէպի Մեծ Գործը անմահ Վարդանի կռիւներուն ժամանակ, հետեւեցէ’ք անոնց օրինակներուն: Յանուն բազմաչարչար հայ ժողովուրդի ֆիզիկական գոյութեան, յանուն ոտնակոխ եղած ճշմարտութեան` ոտքի’ կանգնեցէք: Դէպի գո’րծ, դէպի սրբազան պատերա’զմ՚:

Սէյմը 26 Մայիսին գումարեց իր վերջին նիստը, որու ընթացքին ընդունուեցաւ Անդրկովկասեան Ժողովրդական Դաշնակցային Հանրապետութիւնը լուծարելու մենշեւիկեան առաջարկութիւնը: Նոյն օրուան երեկոյեան Վրաց Ազգային Խորհուրդը հռչակեց Վրաստանի անկախութիւնը եւ Նոյ Ռամիշվիլին ժամանակաւոր կառավարութեան ղեկավար նշանակեց: 27 Մայիսին, Թիֆլիսի մէջ, Իսլամական Ազգային Խորհուրդը որոշեց հռչակել Ատրպէյճանի անկախութիւնը, հանրապետութիւն մը, որ ՙՀարաւային եւ Արեւելեան Անդրկովկասը՚ պէտք է ներառէր: Աքթը պաշտօնապէս հռչակուեցաւ յաջորդ օրը, եւ անդրկովկասեան թաթարներուն կառավարող մարմինը Կեանճան ընտրեց հանրապետութեան ժամանակաւոր մայրաքաղաք, քանի որ Պաքուն հայկական եւ պոլշեւիկեան ոյժերու համատեղ տիրապետութեան տակ կը գտնուէր տակաւին:

Հայոց Ազգային Խորհուրդի 28 Մայիսի նիստին վիճաբանութիւն կ’ընթանար: Դաշնակցական անդամները երկու խումբի բաժնուած էին. մէկ մասը դէմ էր Հայաստանի անկախութեան հռչակման: Անկախութեան հռչակման դէմ էին նաեւ սոցիալիստ-յեղափոխականներն ու չէզոքները: Անկախութեան դէմ եղող գործիչները մտահոգուած էին, որ Հայաստանի մեծ մասը թուրքերը գրաւած են եւ Ռուսիայէն անջատուիլը լուրջ մտահոգութիւններ կը պատճառէ: Բացի այդ, անկախութիւն հռչակելու եւ Ռուսիայէն անջատուելու պահանջը նոյնինքն թուրքերը կը դնէին:

ՙՀայոց Ազգային Խորհուրդը հարկադրուած եղաւ յայտարարելու Հայաստանի անկախութիւնը… Կ’ընդգծեմ` հարկադրուա’ծ եղաւ, որովհետեւ այդ ժամանակ բոլորը անկախութիւնը ահաւոր հեռանկար մը` հայ ժողովուրդը թուրքերու լուծին տակ նետելու վտանգ կը նկատէին՚,- կը գրէ Վրացեանը:

Երկար վէճերէ յետոյ Հայաստանը անկախ կը հռչակուի, 30 Մայիսին կ’ըլլայ պաշտօնական յայտարարութիւնը, որուն մէջ կը բացակայէին ՙանկախութիւն՚ եւ ՙհանրապետութիւն՚ բառերը. ՙՀայոց Ազգային Խորհուրդն իրեն կը յայտարարէ հայկական գաւառներու գերագոյն եւ միակ իշխանութիւնը: Որոշ ծանրակշիռ պատճառներով մօտիկ օրերուն ձգելով հայոց ազգային կառավարութեան կազմումը` Ազգային Խորհուրդը ժամանակաւորապէս կը ստանձնէ կառավարական գործառոյթները` հայկական գաւառներու քաղաքական ու վարչական ղեկը վարելու համար՚:

Պատերազմը դեռ չէր վերջացած: Մայիսի վերջին օրերուն տեղի ունեցած վճռական կատաղի ճակատամարտերուն օսմանեան զինուած ոյժերը ետ շպրտուեցան դէպի Ալեքսանտրապոլ: Յաղթանակով ոգեւորուած` հայերը յառաջ կը շարժէին դէպի Ալեքսանտրապոլ` համոզուած, որ Ռուսահայաստանը կը մաքրեն թուրքերէն:

Զօրավար Սիլիկեանը կը փափաքէր թրքական փախչող զօրքերը հետապնդել մինչեւ Ալեքսանտրապոլ: Սիլիկեանը եւ գնդապետ Վեքիլովը կը հաւատային, որ հայկական ոյժերը կրնան երկու օրուայ ընթացքին ազատագրել քաղաքը:

29 Մայիսին Սիլիկեանը երկրորդ կոչը կ’ուղղէ հայոց. ՙՄենք պէտք է թուրքերէն ետ վերցնենք Ալեքսանտրապոլը: Անոնք կը պահանջեն Ախալքալաքի, Ալեքսանտրապոլի ու Էջմիածնի (Մայր տաճարի հետ) գաւառները, Երեւանի նահանգի մեծ մասն ու Նախիջեւանը: Կրնա՞նք նման վիրաւորանք թոյլ տալ: Երբե’ք: Պէտք է անոնց ձեռքէն խլել Ալեքսանտրապոլը՚:

Երբ հայկական զօրքերը կը մօտենային Ալեքսանտրապոլին, զօրավար Թովմաս Նազարպէկեանը կանգ առնելու հրաման տուաւ Հայկական Զօրամիաւորումին: Ազգային Խորհուրդը տեղեկացուցած էր, որ Պաթումի մէջ զինադադարի համաձայնութիւն կայացած է, իսկ հաշտութեան բանակցութիւնները կը շարունակուին: Եթէ նման լուր մը քանի մը օր առաջ առնուէր` արտակարգ թեթեւացումով եւ շնորհակալութեամբ կ’ընդունուէր, սակայն այժմ ան թէ’ զինուորներու եւ թէ’ գիւղացիներու նոյն կերպ հասկնալի զայրոյթին տեղիք տուաւ: Զինուորական եւ քաղաքական ղեկավարներուն որոշումը թելադրուած էր այն գիտակցութեամբ, որ զինապահեստները գրեթէ պարապ են, իսկ թրքական թարմ համալրումները` մօտ: Եթէ ճակատամարտի ընթացքը մէկ անգամ եւս յօգուտ թուրքերուն շրջուէր` հայկական աղէտը կատարեալ կ’ըլլար:

Թուրքերուն հետ բանակցութիւնները կը շարունակուին Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն յետոյ: Պաթում կ’երթայ հայկական պատուիրակութիւնը Խատիսեանի գլխաւորութեամբ (անդամներ` Քաջազնունի եւ Պապաճանեան):

ՙՊաթումի մէջ մնացինք ութը օր, մինչեւ 5 Յունիս, եւ ամբողջ ժամանակն զբաղած էինք հաշտութեան դաշնագիրին կազմումով: Առաջին միջազգային աքթն էր, որ պիտի կատարէր Հայաստանը: Առաջին նիստին Վեհիպ փաշան անձամբ գծեց Հայաստանի սահմաններն այն պատմական քարտէսի վրայ, որ մօտս էր թէ’ Տրապիզոնի եւ թէ’ յետագային Պոլսի, Ալեքսանտրապոլի ու Եւրոպայի մէջ: Երբ նայեցանք քարտէսին` երկու սուր զգացումներ համակեցին մեզ. առաջին` հպարտութիւն, որ մենք ալ դարաւոր երազանքներէն յետոյ վերջապէս գէթ փոքր անկիւն մը ունեցանք աշխարհի քարտէսին վրայ, եւ երկրորդ` դառնութիւն, որ մեզի տրուած այդ անկիւնը բացարձակապէս անբաւարար էր մեր ժողովուրդն իր մէջ առնելու համար՚,- կը գրէ Խատիսեանը:

Բանակցութեանց ընթացքին, ՙյանուն սկսուած լաւ յարաբերութեանց՚, թուրքերը կը համաձայնին Հայաստանին հազար քառ. քմ. աւելի տարածք տալու: Հայաստանը կը սահմանափակուէր Նոր Պայազէտի գաւառով, Ալեքսանտրապոլի, Էջմիածնի, Երեւանի եւ Շարուր-Տարալակեազի գաւառներու արեւելեան հատուածներով:

Հաշտութեան հայկական պատուիրակութիւնը 6 Յունիսին վերադարձաւ Թիֆլիս եւ Ազգային Խորհուրդին ներկայացուց Պաթումի դժնդակ պայմանագիրը: Անդրկովկասը զրկուած էր շուրջ 45 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածքէն, այդ կորուստին գրեթէ 75 տոկոսը կրած էին Կարսի ու Երեւանի նահանգները: Յանձնուած տարածքներու նախապատերազմեան մէկ միլիոն 250 հազար բնակչութեան մեծամասնութիւնը հայ էր, որոնց աւելի քան 400 հազարը` Երեւանի նահանգի զիջած մասէն: Թրքական ներխուժման ընթացքին անոնց մեծ մասը փախած էր Վրաստան, Կովկասեան լեռներէն անդին կամ ալ կուտակուած Երեւանի նահանգի արեւելեան լեռնային մասերուն մէջ:

Հանդիպումներ Էնվերի եւ Թալէաթի հետ

15 Յունիս 1918էն մինչեւ Նոյեմբեր հայկական պատուիրակութիւնը Պոլսոյ մէջ կը փորձէր բարելաւել Պաթումի ստորացուցիչ պայմանագիրը: Բայց պակաս ստորացուցիչ չէին յետագայ ամիսները, երբ հայկական պատուիրակութիւնն անցուց Վոսփորի ափերուն: Աւետիս Ահարոնեանը, Միքայէլ Պապաճանեանը եւ Ալեքսանտր Խատիսեանը բանակցութիւններ պիտի վարէին արեւմտահայութեան դահիճներուն հետ: Մինչեւ համաշխարհային պատերազմին վերջը, Օսմանեան Կայսրութիւնը Էնվեր, Թալէաթ եւ Ճեմալ փաշաներուն ձեռքը կը գտնուէր:

25 Յունիսին Պոլսոյ մէջ պէտք է սկսէր Գերմանիոյ, Աւստրօ-Հունգարիոյ, Թուրքիոյ եւ Պուլկարիոյ մասնակցութեամբ խորհրդաժողով մը, որուն հրաւիրուած էին նաեւ անդրկովկասեան հանրապետութիւնները: Հայկական կողմը տպաւորութիւն ունէր, թէ Գերմանիան կ’ուզէ վերանայիլ Պաթումի պայմանագիրը` համաձայն Պրեսթ-Լիթովսքի պայմաններուն: Պոլիս մեկնած պատուիրակութեան հրահանգ տրուած էր ամէն ջանք թափել` ընդարձակելու Հայաստանի սահմանները: Անոնք Պոլսոյ մէջ կը մնան աւելի քան չորս ամիս` մինչեւ 1 Նոյեմբեր, եւ, ըստ Խատիսեանի` ՙկը փորձեն ցոյց տալ մեր անվիճելի իրաւունքներն Ախալքալաքի, Լոռիի, Զանգեզուրի, Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի վրայ, որոնց նկատմամբ մեր կովկասեան դրացիները յաւակնութիւններ ունէին՚:

ՙԹուրքերը շատ լաւ ծանօթ էին մեր ծրագիրներուն եւ ձգտումներուն, բայց չէին ուզեր, որ գոյութիւն ունենայ կենսունակ Հայաստան: Անոնք դէմ էին Ղարաբաղն ու Զանգեզուրը Հայաստանին կցելուն, որովհետեւ կ’ուզէին բաց պահել իրենց ճամբան դէպի Պաքու: Դէմ էին Ախալքալաքն ու Լոռին մեզի տրուելուն, որովհետեւ կ’ուզէին ազատ պահել Ղազախի եւ Գանձակի ճամբան: Երբ մեր քարտէսը գծուած սահմաններով ներկայացուցինք թուրքերուն, տեսանք, որ ատրպէյճանցիներն ու վրացիներն ալ շարք մը հայկական հողամասեր մտցուցած էին իրենց սահմաններուն մէջ: Հրապարակ կու գար ներքին վտանգաւոր հակամարտութիւն մը, որ յետոյ արտայայտուեցաւ հայ-վրացական եւ հայ-ատրպէյճանական ընդհարումներով, որ այսօր ժամանակաւորապէս զսպուած է եւ որ վաղը հաւանաբար նորէն հրապարակ գայ այս կամ այն եղանակով՚,- կը գրէ Խատիսեանը:

Աւելի քան չորս ամիս սպասելէ ետք խորհրդաժողովն այդպէս ալ չի կայանար, որու հիմնական պատճառը ռազմաճակատներուն վրայ գերմանացիներուն եւ թուրքերուն անյաջողութիւններն էին: Հայկական պատուիրակութեան դիւանագիտական աշխատանքները Պոլսոյ մէջ կը սահմանափակուէին Թուրքիոյ ղեկավար շրջանակներուն եւ օտարերկրեայ դեսպաններուն հետ հանդիպումներով:

ՙԱհարոնեանի, Խատիսեանի եւ առաքելութեան քարտուղարին զեկուցագիրները կը նկարագրէին նուաստացուցիչ հանդիպումներն Էնվերի եւ Թալէաթի հետ: Աղերսարկուներն այնքան նուաստացան, որ, ստիպուած, երախտագիտութիւն յայտնեցին Օսմանեան Կայսրութեան` հայկական հանրապետութեան հիմնադրումը թոյլատրելու համար: Այս քննարկումներուն ընթացքին Թալէաթը հայկական աղէտին մեղքը կը նետէր քիւրտերուն, զինուորական իշխանութեանց եւ տեղական անպատասխանատու պաշտօնեաներու վրայ, բայց նաեւ կը դատապարտէր հայերը` օսմանեան հայրենիքին նկատմամբ անհաւատարմութեան համար՚,- կը գրէ Ռիչըրտ Յովհաննիսեանը:

Պաքուի 1918ի Սեպտեմբերի ջարդերուն կապակցութեամբ Խատիսեանը եւ Ահարոնեանը կը հանդիպին Թալէաթին հետ, որ Էնվերի եւ Ճեմալի հետ Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր ծրագրողը եւ իրականացնողն էր:

ՙԵրբ մենք մեր բողոքը յայտնեցինք Թալէաթին, թէ թրքական զօրքերը Ղարաբաղի վրայ յարձակելու կը պատրաստուին` Թալէաթը վերցուց հեռաձայնը եւ սկսաւ խօսիլ Էնվերի հետ` ըսելով, որ ՙհայերը կը խնդրեն Ղարաբաղի վրայ յարձակելու հրաման չտալ՚: Այս խօսակցութենէն յետոյ Թալէաթը մեզի յայտնեց, որ ինքը կ’երաշխաւորէ` Ղարաբաղի վրայ որեւէ յարձակում պիտի չ’ըլլայ: Թալէաթէն յետոյ Էնվեր փաշային նոր այցելութիւն մը տալու կարիքն զգացինք: Էնվերը մեզ կրկին հաւաստիացուց, որ ինքը Ղարաբաղը չգրաւելու հրաման տուած է՚,- կը գրէ Խատիսեանը:

Հոկտեմբերին նաեւ սուլթանը կ’ընդունի հայկական պատուիրակութիւնը: ՙԿրօնական արարողութենէն յետոյ մզկիթին մէջ Էնվեր փաշան մեզ ներկայացուց սուլթանին: Ահարոնեանը Հայաստանի անունով ճառ մը խօսեցաւ եւ յոյս յայտնեց, որ անկախ Հայաստանն ու Թուրքիան այսուհետ բարի դրացիներ պիտի ըլլան: Սուլթանը պատասխանեց, թէ ինքը շատ երջանիկ է, որ ՙդարաւոր բարեկամական՚ յարաբերութիւնները հայոց ու թուրքերու միջեւ այժմ քաղաքական բարեկամութեան կը վերածուին Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ: Սուլթանը յոյս յայտնեց, որ մենք, վերադառնալով Հայաստան, հայ ժողովուրդին բարեմաղթութիւններ հաղորդենք սուլթանին եւ ամբողջ Թուրքիոյ անունէն՚:

Քանի մը օր յետոյ Էնվեր փաշան Հայաստանի պատուիրակներն իր տուն` ճաշի կը հրաւիրէ: Խատիսեանը կը շարունակէ. ՙԱրեւելքի ամբողջ շքեղութիւնը բացուեցաւ մեր առջեւ: Ոսկի, մետաքս, գորգ եւ ամէն տեսակ թանկարժէք իրերով լեցուն էր Էնվերի բնակարանը: Ճաշի հրաւիրուած էին նաեւ գերմանացի զօրավար ֆոն Սեքթը, Թալէաթ եւ Իզզէթ փաշաները եւ կովկասեան երեք պատուիրակութիւնները: Սեղանին շուրջ խօսակցութեան նիւթն էր կովկասեան նորակազմ հանրապետութեանց ապագան՚:

Պոլսոյ մէջ պէտք է քննարկուէին նաեւ անդրկովկասեան երեք հանրապետութեանց սահմանային վէճերը: Հայաստանը կ’առաջարկէր հետեւեալ տարբերակը. Ատրպէյճանը կը ստանար Անդրկովկասի 38, Վրաստանը` 33, Հայաստանը` 29 տոկոսը: Վրացական եւ ատրպէյճանական պատուիրակութիւնները կը մերժեն:

Աշնան, օսմանցի պաշտօնեաները պայմանական աջակցութիւն առաջարկեցին տարածքային հարցին մէջ: Էնվերը Ահարոնեանին եւ Խատիսեանին ակնարկեց, որ Թուրքիան կը պաշտպանէ Հայաստանի յաւակնութիւնները Լոռիի եւ Փամբակի նկատմամբ եւ կրնայ թոյլատրել Հայաստանի ծաւալումը մինչեւ Պրեսթ-Լիթովսքի սահմանները: Թալէաթը յայտարարեց, որ իր կառավարութիւնն աւելի մեծ զիջումներ կը շնորհէ, քան այնպիսիք, զորս կը փնտռէր Ահարոնեանի պատուիրակութիւնը: Քանի մը օր յետոյ, օսմանցիներու` Դաշնակիցներուն անձնատուր ըլլալու նախօրեակին, Թալէաթի դահլիճը հրաժարական տուաւ:

Թրքական զօրքերը Նոյեմբերին սկսան նահանջել Երեւանի նահանգէն, Դեկտեմբերի սկզբին անոնք ձգեցին Երեւան-Ալեքսանտրապոլ երկաթուղին եւ Ալեքսանտրապոլի բերդը: Այսպիսով, Օսմանեան Կայսրութիւնը յանձնեց Երեւանի նահանգի շուրջ 15 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածքը: Հայ զինուորներու յառաջխաղացման զուգընթաց պարզ դարձաւ ՙայստեղով թուրքը անցած է՚ որակման դառն իմաստը: Տուժած հայոց ցուցմունքներն անթիւ-անհամար էջեր լեցուցին, բայց բառերը, որքան ալ իմաստալի, չէին կրնար հաղորդել սարսափի ու աւերածութեան չափերը Հայաստանին վերադարձուած հողին մէջ:

Կարսի մարզի արեւմտեան եւ հարաւային սահմանին ընդհարումներ սկսան թուրքերու եւ քիւրտ-թաթարներու կազմակերպուած ջոկատներու հետ: Մինչեւ 1919ի Սեպտեմբերի սկիզբը հայկական զօրքերը զգալի հարուածներ հասցուցին այդ ջոկատներուն: Սուրմալուի գաւառին մէջ նոյնպէս տեղ կը գտնէին քիւրտերու յարձակումներ, որոնք գրեթէ դադրեցան Սեպտեմբերի վերջին` Իգտիրի տակ անոնց պարտութիւն կրելէն ետք՚:

Հայաստանի ներքին կեանքի ամենացաւոտ հարցերէն էին կէս միլիոն իսլամներու, գերազանցապէս թաթարներու շարունակական խռովութիւնները: Իսլամներով բնակուած շարք մը շրջաններ` Կարս, Վետի, Շարուր, Նախիջեւան, Զանգիպասար, Սուրմալու, մերժեցին ճանչնալ Հայաստանի իշխանութիւնները եւ իրենց անկախութիւնը յայտարարեցին: Հայաստանի զինուած ոյժերը շատ շրջաններու մէջ այդ փորձերը կանխեցին:

Սակայն ամենասարսափելին 1918-1919 թուականներու ձմեռն էր, զոր անտանելի տառապանքներ բերաւ ժողովուրդին:

ՙՍովն իր անողոք ճանկերը խրեց հայ գիւղացիի կուրծքին: Մեռան հազարներով, տասնեակ հազարներով: Եւ վեց ամսուայ ընթացքին բուռ մը հողի վրայ սովէն ու հիւանդութիւններէն 180 հազար հայեր մահացան: Կը մեռնէին անտրտունջ, գիտակցելով, որ վերջին ցորենը սպառուած է եւ օգնութեան յոյս չկայ՚,- կը գրէ այդ դժնդակ օրերու վկաներէն Արտաշէս Պապալեանը:

1918-1919ի ձմեռն ամենաերկարատեւներէն եւ ամենէն խստաշունչներէն էր Երեւանի տարեգրութեան մէջ: Անտուն զանգուածները դժոխային ամիսներ անցուցին բուք ու բորանի պայմաններուն մէջ: Անոնք կ’ապրէին հնձուող մահուան երկրին մէջ, փոս ինկած այտերով եւ ուռած փորերով` մահուան հրեշտակի գալստեան սպասելով: Ու մահը կու գար` հազարաւոր գաղթականներ ու տեղացիներ տառապանքներէն ազատելով: Ցուրտին ու սովին դիմացած շատեր զոհ գացին մահասփիւռ հիւանդութիւններուն: Թիֆիւսը գլխաւոր մարդասպանն էր: Անոր զոհ գնաց նաեւ հանրապետութեան իրական հիմնադիր, ներքին գործոց նախարար Արամ Մանուկեանը: Վիճակագրական տուեալները սարսափազդու էին` մինչեւ 1919ի ամառը Հայաստանի բնակչութեան գրեթէ 20 տոկոսը ոչնչացաւ:

Լուսանկարը՝ Հայաստանի ներկայացուցիչները Պոլսում

Յ. Գ.

Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ), Կիւմրիի, Ստեփանակերտի, Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Արևմտահայերեն-Արցախեան-օրագիր

Փափուկ կազմ, 555 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2010, Անթիլիաս,
ISBN 978-995301815-7:
Գինը՝ 7.000 դրամ ($14.00):