Հրաժեշտ Հէյտար Ալիեւին՝ կացին եւ դիւանագիտութիւն

1338

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն

Քառասուներկուերորդ գլուխ

21 Ապրիլ 2003ին Ատրպէյճանի հեռատեսիլը ուղիղ եթերով կը ցուցադրէր Հէյտար Ալիեւի ելոյթը Պաքուի ռազմական ուսումնարանի (լիսէ) 30ամեակին նուիրուած արարողութեան: Ելոյթի ընթացքին Ալիեւը ձեռքը կը տանի սրտին եւ թիկնապահներուն օգնութեամբ արագօրէն դուրս կը տարուի դահլիճէն: Քանի մը վայրկեան յետոյ ան կրկին կը վերադառնայ դահլիճ` շարունակելու ելոյթը:

ՙԵս երջանիկ մարդ եմ: Մէկնումէկը կ’ուզէր ինծի աչք դպնալ, բայց ինչպէս կը տեսնէք` չյաջողեցաւ՚,- հազիւ կը փորձէր կատակել երբ ձեռքը նորէն կը տանի սրտին ու դէմքը կ’այլայլի: Ալիեւը սրտի կաթուածով հիւանդանոց կը տեղափոխուի:

9 Մայիսին, ֆաշիզմի դէմ տարած Յաղթանակի Օրուայ առթիւ Ալիեւը ուղերձ կը յղէ ժողովուրդին, հաւաստիացնելով, որ երկիրը հզօր բանակ ունի եւ Ղարաբաղն ազատագրելու ունակ է: Ուղերձը Պաքուի հեռատեսիլի կայաններէն կը կարդացուի: Իրականութեան մէջ, մինչեւ մահ Ալիեւի բերանով հրապարակաւ արտայայտուած վերջին նախադասութիւնը հնչած էր 21 Ապրիլին. ՙԵս երջանիկ մարդ եմ: Մէկնումէկը կ’ուզէր ինծի աչք դպնալ, բայց ինչպէս կը տեսնէք` չյաջողեցաւ՚:

23 Յունիսին Ալիեւի թեկնածութիւնը կ’առաջադրուի նախագահական ընտրութեան: Քանի մը օր յետոյ ան կրկին կը տեղափոխուի Անգարայի ՙԿիւլհանէ՚ զինուորական հիւանդանոց, հոնկէ` Քլիվլենտ: 4 Օգոստոսին որդին` Իլհամը վարչապետ կը նշանակուի: Այս ընթացքին` մինչեւ Դեկտեմբերի կէսերը, հրապարակումներ եղան, թէ Ալիեւը մահացած է, պարզապէս այդ մասին չի յայտարարուիր, քանի դեռ նախագահական ընտրութիւնը չէ աւարտած:

Ալիեւը մահացաւ (պաշտօնապէս) 12 Դեկտեմբեր 2003ին` Քլիվլենտի զինուորական հիւանդանոցին մէջ: Անոր մահը ներքաղաքական ցնցումներ ու քաոս չի յառաջացուց: Բոլոր ժամանակներու ամենանշանաւոր ատրպէյճանցին տարիներ շարունակ կը նախապատրաստէր իշխանութեան սահուն կերպով փոխանցումը իր որդիին: Ատրպէյճանցի ժողովուրդը հոգեբանօրէն արդէն պատրաստ էր ՙիշխանութիւնը հօրմէ որդիին՚ ժառանգելու նախագիծին:

Ալիեւի ծննդեան թուականին տուեալները հակասական են: Անոր կենսագրականին մէջ գրուած է, որ ծնած է 10 Մայիս 1923ին, Նախիջեւանի մէջ, երբ Ալիեւներու ընտանիքը նոր էր Հայաստանէն տեղափոխուած Նախիջեւան: Հէյտարը ընտանիքի ութը երախաներէն երրորդն էր: Սակայն կան ոչ-պաշտօնական տեղեկութիւններ, թէ Ալիեւը ծնած է 1921ին, Հայաստանի Սիսիանի շրջանի Ճոմարթլու (Թանահատ) գիւղին մէջ:

Ըստ որոշ պնդումներու` Ալիեւի ծննդեան տարեթիւը փոխուած է, որպէսզի ան Հայրենական Մեծ Պատերազմ երթալէ խոյս տայ:

1944ին Ալիեւը կ’աշխատակցէր պետական անվտանգութեան մարմիններուն հետ, 1967ին արդէն կը գլխաւորէր Ատրպէյճանի Պ. Ա. Կ.ը, իսկ երկու տարի յետոյ` 1969ի Յուլիսին, Ատրպէյճանի Կոմկուսի Կենտկոմի առաջին քարտուղար կը դառնար: Ալիեւի ղեկավարութեան 13 տարիներուն Խորհրդային Միութեան առաջնորդ Լէոնիտ Պրեժնեւը երեք անգամ այցելած է Պաքու` արքայավայել հիւրասիրութեան եւ թանկարժէք նուէրներու արժանանալով:

Ալիեւը 1982ին տեղափոխուած է Մոսկուա եւ զբաղցուցած Նախարարներու Խորհուրդի նախագահի առաջին տեղակալի պաշտօնը, այսինքն` խորհրդային երկրի փոխվարչապետն էր: Ալիեւը սրտի առաջին կաթուածը կը ստանայ 1987ին` երբ Կորպաչովը զայն կը հեռացնէ Քրեմլինէն: Ատրպէյճանական պաշտօնական աղբիւրները կը պնդեն, թէ Ալիեւն ի’նքը հեռացած է Քաղբիւրոյէն` այսպիսով իր անհամաձայնութիւնը յայտնելով Կորպաչովի Վերակառուցման քաղաքականութեան:

Շուրջ երեք տարի շարունակելով ապրիլ Մոսկուայի մէջ` Ալիեւին անունը մամուլին ուշադրութիւնը նորէն կը գրաւէ 1990ի Յունուարին` Պաքուի ջարդերէն յետոյ: Ալիեւի ուղղակի կամ անուղղակի կապն այս ողբերգական դէպքերուն` չի հաստատուիր, սակայն այդ դէպքերէն յետոյ կը սկսի անոր նոր արշաւը դէպի անկախ Ատրպէյճանի գահը: 1991ի Սեպտեմբերին ան Նախիջեւանի խորհրդարանի նախագահ կ’ընտրուի: 1993ի ամրանը Սուրէթ Հուսէյնովի օգնութեամբ իշխանութենէն հեռացնելով ժողովրդավարական ճանապարհով ընտրուած Էլչիպէյը` Ալիեւն Ատրպէյճանը կը ղեկավարէ աւելի քան տասը տարի եւ գահը կը փոխանցէ որդիին` 42ամեայ Իլհամին:

Ատրպէյճանի յաջողութիւնները հիմնականին մէջ կը կապուէին հայր Ալիեւի անուան հետ: Արեւելեան ու խորհրդային քաղաքականութեան խարդաւանքներով անցած ու անոնց մէջ թրծուած Ալիեւի մահով ամբողջ դարաշրջան մը փակուեցաւ: Անոր կը վերագրուին ինչպէս 1970ական թուականներուն Խորհրդային Ատրպէյճանի յաջողութիւնները, այնպէս ալ` 1993էն յետոյ ներքաղաքական կայունութիւնն ու զինադադարի ստորագրումը Ղարաբաղի եւ Հայաստանի հետ: Բայց այդ նոյն Ալիեւի իշխանութեան ժամանակ Ատրպէյճանը պատերազմին կորսնցուց հինգ շրջան, ինչի մասին խնամքով չի գրուիր:

Կացին եւ դիւանագիտութիւն

15 Հոկտեմբեր 2003ի նախագահական ընտրութեան Իլհամ Ալիեւն ակնյայտ առաւելութեամբ յաղթեց միւս թեկնածուներուն: Եւրոպական կազմակերպութիւնները յայտարարեցին, որ ընտրութիւնները միջազգային չափանիշներուն չեն համապատասխանած: Ընտրութեան եւ անոր յաջորդած օրը Պաքուի մէջ բախումներ տեղի ունեցան ոստիկանական ոյժերու եւ ՙՄուսաւաթ՚ կուսակցութեան եռանդուն անդամներու միջեւ, տասնեակներով քաղաքացիներ ձերբակալուեցան, քանի մը հոգի սպաննուեցաւ, եօթը տասնեակ լրագրող տուժեց:

2003ը համապետական ընտրութեանց տարի էր Հայաստանի մէջ: 19 Փետրուարին կայացած նախագահական ընտրութեան Քոչարեանը քուէներուն 49,5 տոկոսն ստացաւ: Անոր հետ ընտրութեան երկրորդ փուլ դուրս եկաւ Հայաստանի Ժողովրդական Կուսակցութեան առաջնորդ Ստեփան Տէմիրճեանը: 5 Մարտին` նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլին, ըստ պաշտօնական տուեալներու, Քոչարեանը քուէներուն աւելի քան 67 տոկոսն ստացաւ: Ե. Ա. Հ. Կ.ն ընտրութիւնը միջազգային չափանիշներուն եւ Ե. Ա. Հ. Կ.ի ու Եւրոպայի Խորհուրդին առջեւ Հայաստանի ստանձնած պարտաւորութիւններուն անհամապատասխան որակեց:

Քոչարեանը հինգ տարի ալ մնաց նախագահի պաշտօնին վրայ, իսկ դրացի երկրին մէջ տեղի ունեցաւ ժառանգական իշխանափոխութիւն: Ղարաբաղի մէջ նախագահական ընտրութիւնը կայացած էր 11 Օգոստոս 2002ին: Ղուկասեանը վերընտրուած էր ձայներու շուրջ 89 տոկոսով:

Մինսքի Խումբին համանախագահները 5-8 Դեկտեմբերին ժամանեցին տարածաշրջան` նախապատրաստելու Քոչարեանի ու որդի Ալիեւի առաջին հանդիպումը£ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները 1 Դեկտեմբերին Ժնեւի մէջ կը մասնակցէին Տեղեկատուական Հասարակութեան Համաշխարհային Գագաթաժողովին£ Ժնեւի մէջ ալ կայացաւ անոնց առաջին հանդիպումը:

Որդի Ալիեւի իշխանութեան գալով` Ատրպէյճանի մէջ հայատեացութիւնն ու պատերազմական հռետորութիւնը պետական քաղաքականութեան մակարդակի բարձրացուեցան: Դեռ վարչապետութեան շրջանին` Ալիեւը երկրի ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններուն յորդորեց դադրեցնել հայոց հետ շփումները, քանի դեռ Ղարաբաղը Ատրպէյճանին չէ վերադարձուած:

Պաքուի ռազմատենչ քարոզչութեան աշխուժացման, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ ատելութեան ու թշնամանքի սերմանման քաղաքականութեան հետեւանքն եղաւ19 Յունուար 2004ին Հունգարիոյ մայրաքաղաքին մէջ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան աւագ հարիւրապետ Ռամիլ Սաֆարովի նողկալի արարքը: Ն. Ա. Թ. Օ.ի ՙԳործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան՚ ծրագիրի ծիրին մէջ իրականացուող անգլերէնի ուսուցման դասընթացներու օրերուն ատրպէյճանցի սպան կացնահարեց 26ամեայ հայ հարիւրապետ Գուրգէն Մարգարեանը, երբ վերջինս քնացած էր:

Ու մինչ միջազգային կազմակերպութիւններն ու անհատ գործիչներ ոճրագործութիւնը դատապարտցին, Սաֆարովը իր հայրենիքին մէջ հերոսացուցին եւ տարուան մարդ հռչակեցին: Ատրպէյճանի մարդու իրաւանց պաշտպան Էլմիրա Սուլէյմանովան յայտարարեց. ՙՌամիլ Սաֆարովը պէտք է հայրենասիրութեան օրինակ դառնայ ատրպէյճանցի երիտասարդութեան համար՚: Եւրոպայի Խորհուրդին մէջ Ատրպէյճանի մշտական ներկայացուցիչ Աղշին Մեհթիեւը հայոց խորհուրդ տուաւ հանգիստ չքնանալ. քանի դեռ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը լուծուած չէ` պուտափեշթեան պատահարները կրնան կրկնուիլ: Խորհրդարանի պատգամաւոր Անար Մամէտխանովն ՙափսոսանք՚ յայտնեց. ՙԵս մեր սպաներուն միշտ կ’ըսեմ` ձեր կարիքը Ղարաբաղի մէջ կայ: Հայերը պէտք է սպաննել Ղարաբաղի’, ո’չ թէ ուրիշ երկիրներու մէջ՚: Ուրիշ պատգամաւոր մը` Զահիտ Օրուճը նկատել տուաւ, որ եթէ ՙայսօր մենք չկարենանք ոտքի կանգնիլ յանուն Ռամիլ Սաֆարովի պաշտպանութեան` վաղը ատրպէյճանցիներէն որեւէ մէկը հայոց դէմ զէնք չի բարձրացնէր երբ ատոր անհրաժեշտութիւնն ըլլայ՚:

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Ռամիզ Մելիքովը կանխատեսեց. ՙՅառաջիկայ 25-30 տարիներուն Հարաւային Կովկասի մէջ Հայաստան պետութիւն պիտի չ’ըլլայ: Այդ ժողովուրդը դրացիներուն հանդէպ այնքան ստորութիւններ ըրած է, որ տարածաշրջանին մէջ ապրելու իրաւունք չունի: Արդի Հայաստանը ատրպէյճանական պատմական հողերուն վրայ կառուցուած է: Կը կարծեմ, թէ 25-30 տարի յետոյ այդ տարածքները նորէն պիտի անցնին Ատրպէյճանի իրաւասութեան տակ՚:

Հայր Ալիեւի ատեն հայ-ատրպէյճանական յարաբերութեանց մէջ որոշակի ՙձնհալ՚ սկսած էր. ատրպէյճանցի լրագրողներու, հասարակական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներու, քաղաքագէտներու այցելութիւնները Հայաստան եւ Ղարաբաղ, իսկ հայոց` Պաքու այցելութիւնները սովորական դարձած էին: Որդի Ալիեւը նախկին քաղաքականութեան որոշ կողմերը վերատեսութեան ենթարկեց: 13 Յունուար 2004ին Սթամպուլի օդանաւակայանին մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան պատուիրակութեան թոյլ չտրուեցաւ թռչելու Ատրպէյճան` մասնակցելու Ն. Ա. Թ. Օ.ի համաժողովին: Նոյն տարուայ Սեպտեմբերին հայ սպաներուն Ատրպէյճան ժամանելու թոյլտուութիւն չտալու պատճառով Եւրոպայի մէջ Ն. Ա. Թ. Օ.ի միաւորուած զինուած ոյժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար, ամերիկացի զօրավար Ճէյմս Ճոնզը չեղեալ յայտարարեց ՙՀամատեղ լաւագոյն ջանք-2004՚ զօրավարժութիւնները, որոնք պէտք է մեկնարկէին Պաքուի մէջ:

Իլհամ Ալիեւի իշխանութեան գալով նաեւ սկիզբ դրուեցաւ սպառազինութեանց նոր մրցավազքին, ընդ որուն` պաշտօնական Պաքուն չի պահէր, որ կը զինուի, որպէսզի անհրաժեշտութեան պարագային ղարաբաղեան խնդիրը կարգաւորէ ռազմական միջոցով: Որդի Ալիեւը կը փորձէ երկրին ռազմական ելեւմտացոյցը հաւասարեցնել Հայաստանի ողջ պետական ելեւմտացոյցին:

Փրակայի գործընթաց

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ նախագահական ընտրութիւններէն յետոյ ղարաբաղեան կարգաւորման բանակցութիւնները շարունակուեցան Փրակայի գործընթացի ծիրին մէջ: 19 Մարտ 2004ին Չեխիայի մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդան Օսկանեանի եւ Վելայաթ Կուլիեւի հանդիպումը` համանախագահներուն մասնակցութեամբ: Չնայած երկու շաբաթ յետոյ Էլմար Մամէտեարովը փոխարինեց Կուլիեւը, Փրակայի գործընթացը կանգ չառաւ:

28 Ապրիլ 2004ին Վարշաւայի մէջ տեղի ունեցաւ Քոչարեանի եւ որդի Ալիեւի երկրորդ հանդիպումը: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն` Ղազախիստանի մայրաքաղաքին մէջ 15 Սեպտեմբերին կայացած երրորդ հանդիպման միացաւ նաեւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը:

Ասթանայի հանդիպման նախօրեակին ռուսական մամուլին մէջ հրապարակումներ եղան, թէ ղարաբաղեան կարգաւորման գործընթացին մէջ կը քննարկուի յետաձգուած հանրաքուէի տարբերակը: Դեռ 7 Օգոստոս 1989ին Ժնեւի մէջ Մ. Ա. Կ.ի Մարդու Իրաւանց Հարցերու Ենթայանձնաժողովի նիստին Խ. Ս. Հ. Մ.ի կառավարութեանն առաջարկուած էր Լ. Ղ. Ի. Մ.ի մէջ կատարել հանրաքուէ` շրջանի բնակչութեան մեծամասնութեան կամքը որոշելու նպատակով:

1989ի Նոյեմբերին Արքատի Վոլսքին ղարաբաղեան խնդիրը հանրաքուէով կարգաւորելու հնարաւորութեան շուրջ ըսած էր. ՙԱյստեղ ալ կան տարակարծութիւններ եւ կանխաւ յայտնի երկու արդիւնքներ: Եթէ հանրաքուէն կատարուի միայն Լ. Ղ. Ի. Մ.ի բնակչութեան շրջանին մէջ` արդիւնքը պարզ է ըլլալու: Եթէ հանրաքուէն կատարուի ամբողջ Ատրպէյճանի մէջ` արդիւնքն ուրիշ կ’ըլլայ՚:

Հանրաքուէ կատարելու տարբերակը միջազգային հանրութիւնն սկսաւ լրջօրէն քննարկել 2004ի աշնան: 2005ի Յուլիսի կէսերուն, երբ համանախագահները հերթական անգամ ժամանած էին տարածաշրջան, լրատուամիջոցներուն մէջ եղաւ արտահոսք, թէ հայկական կողմը համաձայն է Ատրպէյճանին վերադարձնելու Լ. Ղ.ն շրջապատող տարածքները` եթէ Պաքուն համաձայնի յետագային Լ. Ղ.ի կարգավիճակի հարցով հանրաքուէ կատարելուն:

15 Մայիս 2005ին Վարշաւայի մէջ տեղի ունեցած էր նախագահներ Քոչարեանի եւ Ալիեւի չորրորդ հանդիպումը: Տարուայ ընթացքին կը շարունակուէին արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումները:

Քազանի մէջ 27 Օգոստոսին Քոչարեան-Ալիեւ հինգերորդ հանդիպումը երկու ժամ տեւեց: Բանակցութիւններէն յետոյ նախագահները մամուլի համար յայտարարութիւն չըրին եւ աճապարեցին ձիարշաւարան` մասնակցելու ձիերու մրցումին:

Միջնորդները Քազանի մէջ նախագահներուն կը ներկայացնեն կարգաւորման հիմնարար սկզբունքներու երկու-երկուքուկէս էջնոց աշխատանքային փաստաթուղթը, որ քանի մը հիմնարար կէտերէ կազմուած էր: Կ’առաջարկուէր Լ. Ղ.ի կարգավիճակը որոշել հանրաքուէով (համաժողովրդային քուէարկութեամբ), ղարաբաղեան ոյժերը դուրս բերել անվտանգութեան գօտիի հինգ շրջաններէն` բացառութեամբ Լաչինի եւ Քելպաճարի: Ըստ փաստաթուղթին` նախքան հանրաքուէին կատարումը Լ. Ղ.ն միջանկեալ կարգավիճակ կը ստանար:

Դեկտեմբերին Ե. Ա. Հ. Կ.ի գործող նախագահ Տիմիթրի Ռուփելը Լիւպլեանայի մէջ կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման իր ելոյթին մէջ ընդգծեց, որ հակամարտութեան կողմերը կարգաւորման եզրին են:

Յ. Գ. 

Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ), Կիւմրիի, Ստեփանակերտի, Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Արևմտահայերեն-Արցախեան-օրագիր

Փափուկ կազմ, 555 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2010, Անթիլիաս,
ISBN 978-995301815-7:
Գինը՝ 7.000 դրամ ($14.00):