Ղարաբաղի վերջին դէպքերը (մաս Գ)․ Արսէն Միքայէլեան

1944

ԱՆԻ կենտրոնը շարունակում է ներկայացնել ՀՅԴ գործիչներից Արսեն Միքայելյանի «Ղարաբաղի վերջին դէպքերը» հոդվածաշարը, որը լույս է տեսել ՀՅԴ Բոստոնի ՀԱՅՐԵՆԻՔ ամսագրի 1923 թվականի հաջորդական վեց համարներում։ Ծնունդով Արցախից Արսեն Միքայելյանի այս հոդվածաշարը հավելյալ լույս է սփռում Արցախի 1919-1920 թթ․ դեպքերին, այդ թվում՝ Շուշիի հայերի 1920թ մարտյան կոտորածին։ 1920թ մայիսի 24-ին Արսեն Միքայելյանի, Դրոյի, Նժդեհի և գնդապետ Դմիտրի Միրիմանյանի խորհրդակցությունը Արցախի Ավետարանոց, այն ժամանակ՝ Չանախչի գյուղում, որոշում է Ղարաբաղում իշխանությունը հանձնել տեղի հայ բոլշևիկներին Սարգիս Համբարձումյանի գլխավորությամբ։  

Նախորդ երկու մասերը կարդալ այստեղ

———————-

Գ.

1919 թուի դեկտ. 7-ին մենք արդէն Ղարաբաղ էինք եւ Գիւլստանի, Ջվանշիրի շրջանն անցած կը գտնուէինք Խաչէնի մէջ:

Ղարաբաղը շատ անմխիթար կացութեան մէջ գտանք:

Օգոստոսեան Համաձայնութենէն յետոյ հայ գիւղացիութեան կամքը բաժնուած էր երկու մասի՝  Հայաստանի եւ Ադրբէջանի կողմնակիցներու: Շուշի քաղաքի մէջ գտնուած կուսակցութիւնները՝ հայ բոլշեւիկներ, հայ ժողովրդական կուսակցութիւն, սօց.- յեղափոխականները եւ չէզոքներէն բաւականաչափ թուով պաշտօնեաներ եւ ինտելիգենտ ոյժեր առաջ կը տանէին Հայաստանի կառավարութեան հակառակ պրօպագանդ եւ ամէն կերպով կը ջանային ժողովրդի հոգեբանութիւնը թեքել դէպի Ադրբէջանին միանալու իրենց քաղաքականութիւնը:

Գաւառի գիւղացիութիւնը, Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը եւ Հայ Սօց. Դեմոկրատ կուսակցութեան ղեկավարող որոշ շրջանակներ եւ չէզոք ազգայիններ, ընդհակառակը, կողմնակից էին Ղարաբաղը Հայաստանին միացնելու գաղափարին եւ այդ ուղղութեամբ որոշ աշխատանքներ կը կատարէին, ունենալով Ղարաբաղի Ինքնապաշտպանական Մարմին մը, որ կապ կը պահպանէր Զանգեզուրի հետ:

Օգոստոսեան համաձայնութեան առաջ բերած խաղաղ տրամադրութենէն օգտուելով, Ադրբէջանը 50 միլիոն ռուբլի դրամագլուխ քուէարկած էր՝ հայերու եւ թուրքերու միջոցով եւ բարձր գնով ձեռք բերելու հայերու հրացանները եւ փամփուշտները: Շատ անգամ այդ փոխանակութիւնը տեղի կ’ունենար աղով, նաւթով, կտորեղէնով եւ այլ առօրեայ անհարժեշտ պիտոյքներով, որոնց պէտքն այնպէս զգալի էր հայ գիւղերի մէջ:

Պարբերաբար տեղի ունեցող տնտեսական բոյկոտը, գլխաւոր շուկաներու գոցուիլը, հայերու համար առեւտրական կապի կտրուիլը Բագուի հետ, առաջ էին բերել տնտեսական նեղ կացութիւն, որուն շնորհիւ արագօրէն զարգանում են մանր եւ խոշոր լրտեսներն ու մատնիչները:

Վարչական-ոստիկանական կազմը թոյլ էր եւ երբեք կեդրոնէն, Շուշի քաղաքէն, հարկ եղած ուշադրութիւնը չէր ընծայուեր անոր եւ այդ յատուկ նպատակով՝ անիշխանութիւնը տարածելու, որպէսզի ժողովուրդն ինքնաբերաբար դիմէ եւ խնդրէ կառավարութենէն, որ խիստ միջոցներու դիմէ, կարգը վերահաստատելու համար:

Շնորհիւ հայ ինտելիգենցիայի ներքին երկպառակտութեան եւ վարչական մեքենայի թուլութեան, հայ գիւղերի մէջ ծայր էին տւած գիւղական-տեղական եւ անհատական բնոյթ կրող վէճեր, որոնց հետեւանքով տեղի կ’ունենային երբեմն նոյնիսկ զինուած ընդհարումներ,- հայը՝ հային թշնամի: Եւ գոյութիւն ունեցող «իշխանութիւնը» ոչ մի միջոցի չէր դիմեր խաղաղեցնելու շրջանները եւ պատժելու յանցաւորները:

Հարսանիքներու, կնունքներու եւ այլ տօնախմբութեանց ատեն տեղի կ’ունենային հարբեցողութիւն, աննպատակ հրացանաձգութիւն, նշանառութիւն եւն: Եւ ոչ ոք կար գնդակներու անտեղի փչացման առաջն առնող, իսկ Ադրբէջանը գոհ էր ստեղծուած այդ կացութենէն:

Ջվանշիրի եւ Վանքի շրջաններում ալ տարածուած էր գէշ սովորութիւն մը- ձուկ որսալ երբ ստիպուած են ռումբեր պայթեցնել ձկներու հաւաքուած տեղը՝ զանոնք խլացնելու համար. այս սովորութեան հետեւանքով բաւականաչափ ռումբեր եւ վառօդ կ’ենթարկուէին անտեղի փչացման:

Այդ բոլորի դէմ կանգնած էր միայն մէկ առողջ, բայց դեռ թոյլ, կազմակերպութիւն-Ղարաբաղի Ինքնապաշտպանական Մարմինը, որ առաջ եկած էր գաւառի եւ քաղաքի փախած քանի մը յեղափոխական-հասարակական գործիչներու ջանքերով, որոնք իրենց տրամադրութեան տակ նիւթական մնայուն աղբիւրներ չունէին եւ ոչ ալ բաւականաչափ կազմակերպուած ոյժ՝ ծաւալուող այդ այլասեռման դէմ կռուելու համար:

Մեզ անհրաժեշտ էր ծանաօթանալ շրջանների ընդհանուր կացութեան, գիւղացիութեան տրամադրութեան եւ գործող ինտելիգենցիայի կարծիքներուն, ընդհանուր կազմակերպական աշխատանքներ սկսելէ առաջ:

Առաջին շրջանը Գիւլստանն էր, ուր արդէն գոյութիւն ունէր շրջանի բնակչութեան համակրանքը վայելող Հինգի խորհուրդ մը, որուն մէջ կը մասնակցէին թէ՛ չէզոքներ, թէ՛ դաշնակցականներ եւ թէ՛ սօց. յեղափոխականներ. վերջիններս հակառակ Շուշուայ իրենց ընկերներու որդեգրած քաղաքականութեան: Գիւլստանն իր առանձին պահանջներն ունէր: Անոր բացառապէս հայ բնակչութիւնը չէր կամենար Գանձակի նահանգին միանալ, որովհետեւ վերջինս Ադրբէջանի իշխանութեան տակ էր: Անոնց ներկայացուցիչները բազմիցս դիմումներ կատարած էին դաշնակից պետութիւններու Անդրկովկասեան ներկայացուցիչներուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ խնդրած, որ իրենց շրջանը միացուի լեռնային Ղարաբաղին՝ իբրեւ անոր անբաժան մէկ մասը եւ կցուի Հայաստանին: Իրենց այդ դիմումներով չբաւականանալով, անոնք առաջ էին բերած Ինքնապաշտպանական եւ Զինուորական մարմիններ, նշանակած էին իրենց ճակատներու հրամանատարները եւ պատրաստ էին, հոգ չէ թէ թոյլ էինք, զէնքով դիմադրելու Ադրբէջանի իւրաքանչիւր ոտնձգութեան:

Այդ շրջանէն յետոյ մենք անցանք Ջիվանշիր, ուր դեկ. 18-ին, Մեծ Շէնի մէջ, տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը, որուն կը մասնակցէին նաեւ Վանքի շրջանի եւ Խաչէնի քանի մը աչքի ընկնող հասարակական գործիչներ, թուով 9-11 հոգի: Պարզուեցաւ, որ Ինքն. Մարմիններու կազմակերպութիւններն այդ շրջանի մէջ համեմատաբար թոյլ են, կան հակառակութիւններ Մարաղայի եւ Վանքի շրջանի մէջ գտնուող քանի մը հայ գիւղերու եւ տներու միջեւ, որ հայ գիւղացիութիւնը՝ շնորհիւ իր հարեւանութեան Թառթառի եւ Աղդամի թրքութեան եւ առեւտրական կեդրոններուն, սկսած է գնալ դէպի այլասերռում եւ որ այդ բոլորի դէմ պայքարելու համար պէտք է առաջ բերել ուժեղ, հեղինակաւոր եւ անկուսակցական հողի վրայ կազմակերպուած Մարմին մը, միւս շրջաններու մէջ գործող մարմիններու եւ անհատներու հետ խորհրդակցելէ վերջ:

Դեռ այդ խորհրդակցութիւնը վերջացած չէր եւ դեռ շրջաններէն եկած զեկուցումներու տպաւորութիւնը շատ թարմ էր, երբ լուր եկաւ թէ Մարաղայ գիւղի հայեր երկու մասի են բաժանուած, գրաւած են որոշ դիրքեր եւ կը կռուին իրարու դէմ. օրերով հակառակորդ կողմերու մարդիկ տներէն չեն ելներ եւ քանի մը սպանութիւններ ալ եղած են. կը խնդրեն անմիջական օգնութիւն՝ վերջ տալու այդ եղբայրասպան կռուին: Խորհրդակցական ժողովի փափաքի հիման եւ մեր պնդումներու վրայ Խաչէին շրջանի յեղափոխական քահանան –Դալի-Մահրասան, որ միշտ զէնքով կը պտտէր, անցաւ այդ շրջանը՝ հանդարտեցնելու գիւղացիութիւնը եւ հաշտեցնելու երկու կողմերը:

Եւ միշտ ժպտադէմ եւ խնդումերես Դալի-Մահրասան, իսկոյն թամբեց իր ձին եւ սուրհանդակի մը հետ ճամբայ ելաւ դէպի Մարաղայ: Քանի մը օրէն վերադարձաւ Խաչէն՝ յաջողութեամբ վերջացուցած ըլլալով իր առաքելութիւնը:

Դեկ. 24-ին անցանք Վանք գիւղը եւ հոն քանի մը օր մնացինք երկու գլխաւոր պատճառով. նախ՝ ուսումնասիրելու, թէ ինչպէ՞ս կարելի է այդ ուղղութեամբ, որ կարճ ճանապարհն է, կապ պահպանել Հայաստանի Հանրապետութեան հետ՝ Բասարգեչար-Զօդի վրայով, եւ երկրորդ՝ Վանք գիւղի ազդեցիկ եւ Ղարաբաղը Հայաստանի Հանրապետութեան միացնելու կողմնակիցներէն մէկուն սպանութեան պատճառները քննելու եւ այդ հողի վրայ առաջ եկած երկու գիւղերու միջեւ գոյութիւն ունեցող թշնամութիւնը վերացնելու: Գնդ. Զ. Մ.-ին յաջողուեր էր սպանութեան պարագաները պարզել, որ տեղական վէճի բնոյթ ունէր, եւ երկու կողմերն ալ հաշտեցնել, լծելով զանոնք ընդհանուր ինքնապաշտպանողական գործին:

Դեկ. 28-ին մենք Խաչէն կը գտնուէինք, Սէյտի-Շէն գիւղը, ուր հաւաքուած էին շրջանի աչքի ընկնող գործիչները, թուով 12 հոգի: Անոնք Խաչէնի դրութիւնը շատ անմխիթար ներկայացուցին: Յայտնեցին, որ Խաչէնը տնտեսապէս քայքայուած է, մշտական վտանգի տակ կը գտնուի, որովհետեւ Եւլախ-Շուշի խճուղին շատ մօտ կը գտնուի, ինչպէս նաեւ թաթարական խոշոր կեդրոնի՝ Աղդամի, որ շրջանն ռազմապէս շատ թոյլ է եւ ժողովրդի մէջ առաջ կը տարուի Հայաստանի Հանրապետութեան հակառակ պրօպագանդ: Սակայն գիւղացիութեան մեծ մասը կը սպասէ անհամբեր այն օրուան, երբ պիտի ազատուի Ադրբէջանի լծէն եւ միանա իր հարազատ Հանրապետութեան: Այս շրջանի գործիչներն ալ փափաք յայտնեցին, որ առաջ բերուի կեդրոնական մարմին մը, որի շուրջը կարողանան համախմբուիլ բոլոր տարրերը եւ, իրենց ոյժերը միացնելով, ջանան զօրացնել ժողովրդի ինքնապաշտպանութիւնը եւ պատրաստ ըլլալ՝ գալիք անակնկալները դիմագրաւելու:

Քանի մը օր այդ շրջանը մնալէն յետոյ, 1920 թուի յունուար 3-ին անցանք Վարանդայ, Տռնավարզ գիւղը, ուր հանդիպեցանք արդէն գոյութիւն ունեցող Ինքնապաշտ. Մարմնի անդամներուն, Վարանդայի, Դիզակի եւ Շուշի քաղաքի քանի մը գործիչներուն եւ Զանգեզուրի ուղղութեամբ Ղարաբաղ մտած քանի մը կազմակերպիչներուն հետ:

Յունուար 3 եւ 4-ի օրերը տեղի ունեցան քանի մը յաջորդական ժողովներ, ուր զեկուցումներ տրուեցան շրջաններէն, Ինքն. Մարմիններու ճիւղերու եւ աշխատանքներու մասին, քաղաքի ինտելիգենցիայի եւ կուսակցութիւններու տեսակէտներու եւ պայքարներու, ժողովուրդի տրամադրութեն եւ այլ կարեւոր խնդիրներու շուրջ: Եւ այդ բոլորէն վերջ՝ ընտրուեցան յատուկ յանձնախմբեր՝ կազմելու Ինքնապաշտպանողական եւ Զինուորական Մարմիններու ներքին կանոնագիր:

Այդ խորհրդակցութեան մէջ ընդունուեցան հետեւեալ հիմնական սկզբունքները.-

  • Որ մենք բոլորս պիտի աշխատինք կազմակերպել եւ զինել Ղարաբաղի հայ ժողովուրդը՝ նպաստելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան՝ Ղարաբաղի իր քաղաքականութիւնը դիւրաւ իրագործելու համար.
  • Որ մեր գործունէութիւնը պիտի առաջ տարուի անկուսակցական հողի վրայ, եւ պիտի ջանանք բոլոր տարրերը գործի լծել՝ ինքնապաշտպանութեան այս կարեւեր եւ ընդհանուր աշխատանքի մէջ եւ
  • Որ Ինքն. Մարմնի կեդրոնը եւ ծանրութիւնը պիտի պահենք գաւառի մէջ՝ զերծ պահելու համար քաղաքի դաւադիր եւ վտանգաւոր մթնոլորտէն:

ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐ պէտք էր ստեղծել հետեւեալ հիմերու վրայ.-

  1. Ամէն գիւղի մէջ, վստահելի եւ մեր տեսակէտներուն համապատասխանող անհատներէն պիտի կազմել գիւղական ինքնապաշտ. Մարմին.
  2. Ատոնց թիւը 5-7 պիտի ըլայ եւ պիտի ենթարկուին իրենց շրջանի լիազօրներուն եւ Ղարաբաղի Կեդր. Մարմնի հրահանգներուն:
  3. Ատոնց պարտականութիւնն է պրոպագանդ մղել յօգուտ Ղարաբաղը Հայաստանի Հանրապետութեան միացնելու գաղափարին եւ պայքարիլ միւս մտածողութիւններու եւ տեսակէտներու դէմ.
  4. Ինքն. Մարմինները պէտք է զարկ տան գիւղացիութիւնը սեփական միջոցներով զինելու եւ պիտի աշխատին որ զէնքի ընդունակ ամէն երտասարդ իր հրացանն ունենայ՝ նուազագոյն 100 փամփուշտով.
  5. Դրամապէս անկարող, բայց զէնք կրելու ընդունակ երտասարդները պիտի զինուին գիւղական միջոցներով՝ հաւաքաբար.
  6. Պիտի ցուցակագրուին բոլոր անոնք, որ զէնք ունին, բայց կռուի ատեն չպիտի կարողանան մասնակցիլ.
  7. Պայքարիլ լրտեսներու դէմ եւ պարբերաբար հաղորդել անոնց անունները եւ գործունէութիւնը շրջաննրու լիազօրներուն եւ վերջիններուս միջոցով Ինքն. Կեդր. Մարմնին.
  8. Թոյլ չտալ, որ հարսանիքներու եւ կամ ուրախութեանց ատեն աւելորդ հրացանաձգութիւններ տեղի ունենան՝ փամփուշտ չսպառելու համար, ինչպէս նաեւ արգիլիլ հարբած ատեն տեղի ունեցող աւելորդ նշանառութիւնները.
  9. Հետեւիլ, որ ձուկ որսալու ատեն աւելորդ ռումբեր չգործածուին, ինչպէս այդ սովորութիւն եղած է Ղարաբաղի որոշ շրջաններու մէջ.
  10. Իրենց աշխատանքներու եւ ժողովրդեան տրամադրութեան, ինչպէս նաեւ պատահած դէպքերու մասին պարբերաբար տեղեկագրել լիազօրներուն եւ անոնց միջոցով Կեդր. Մարմնին.
  11. Ամէն կերպ օժանդակել գիւղի եւ շրջանի զինուորական մարմիններուն:

Զինուորական Մարմիններու հիմքերը հետեւեալն էին.-

  • Ամէն գիւղի մէջ, հնարաւոր չափով, կազմել 3-5 հոգուց բաղկացած եւ զինուորական կեանք անցուցած անհատներէ մարմին մը.
  • Այդ մարմնի ղեկավարը նշանակուի շրջանի զինուորական հրամանատարի կողմէն.
  • Ատոնք պիտի աստիճանաբար, խումբերու վերածելով, կազմակերպեն գիւղի երիտասարդութիւնը եւ պարբերաբար մարզանքներ պիտի ունենան բաց դաշտի մէջ՝ գիւղէն հեռու եւ կամ գիշերները՝ գոմերու եւ մարագներու մէջ.
  • Եթէ որեւէ գիւղի մէջ անկարելի է կազմակերպել նման խումբ, պիտի բաւականանալ արձանագրելով, տեղական Ինքն. Մարմնի ներկայացուցչի հետ միասին, բոլոր զէնքի ընդունակ տղամարդիկ եւ հրացանները.
  • Պիտի արձանագրուին բոլոր տեսակի զինուորները, հետեւակ, ձիաւոր, թնդանօթաձիգ, գնդացիրային, ինչպէս նաեւ թամբեր, սանձեր, թուրեր, որոնց մասին պիտի տեղեկացուի շրջանի ներկայացուցչի միջոցով ընդհանուր հրամանատարին.
  • Անհատ-անհատ պրոպագանդ պիտի մղուի գիւղի լաւագոյն երիտասարդներու մէջ, ջանալով անոնց համակրութիւնը շահիլ ի նպաստ Ղարաբաղի ազատագրութեան գործին.
  • Ամէն մէկ զինուոր, երբ ընդհանուր հրաման տրուի, 3 օրուայ պաշարով, պատրաստ պիտի ըլլայ ներկայացնելու շրջանի հաւաքատեղին.
  • Ընդհանուր գործերու համար խորհրդակցաբար քայլեր պիտի առնուին՝ գիւղերու Ինքնապաշտ. Մարմիններու հետ:

Այս ընդհանուր ոգով եւ քանի մը այլ մանրամասնութիւններով ընդունուեցան Ինքն. Եւ Զինուորական Մարմիններու ներքին կանոնագիրերը:

ՇՈՒՇԻ ՔԱՂԱՔԻ ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Յանձնարարուեցաւ քաղաքի ներկայացուցիչներ Խ. Ե.—ին եւ Գ.-ին տեղւոյն վրայ, խորհրդակցելով որոշ անհատներու հետ, կազմակերպել Ինքնապաշտ. Մարմին մը, ցուցակագրել հոն գտնուող կռուող ուժերը եւ զէնքի քանակը եւ այդ բոլորի մասին ուժերը տեղեկագրել Ինքն. Կեդր. Մարմնին:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԲԱԺԱՆՈՒՄ

I Ինքն. Մարմիններ.- Ամբողջ Ղարաբաղը կը բաժնուի վեց շրջանի՝ Գիւլստան, Ջիվանշիր, Խաչէն, Վարանդայ, Դիզակ եւ Շուշի քաղաք: Ամէն մէկ շրջանի համար կը նշանակուին լիազօրներ, որոնց պարտականութիւններն են՝ Ա) Կազմակերպել Ինքն. Մարմիններ, Բ) Ուժ տալ զինման գործին, Գ) Կատարել ռազմամթերքի գնումներ, Դ) Կապ պահպանել կեդրոնի հետ եւ Ե) Հսկել կանոնագրի անշեղ գործադրութեան վրայ:

II Զինուրական Մարմիններ.- Զինուորական աշխատանքները եւ կազմակերպութիւնները կը հանուին Ինքն. Մարմնի իրաւասութեան շրջանէն եւ կ’ենթարկուին միայն զինուորական ընդհանուր հրամանատարին:

III Սուրհանդակներ.- Կ’որոշուի պահել 7 սուրհանդակ – Գիւլստան-Ջվանշիր՝ 1, Ջվանշիր-Խաչէն՝ 1, Խաչէն-Վարանդայ՝ 1, Վարանդայ-Շուշի՝ 1,Վարանդայ-Դիզակ՝ 1, Ղարաբաղ-Զագեզուր՝ 2:

IV Զինական փոխադրութիւններ

V Գաղտնի ինֆորմացիա

VI  Ահաբեկումներ

VII Գաղտնի բանալի .- Որոշուեցաւ ունենալ երկու գաղտնի դրութեան ձեւ՝ թղթակցութիւններ պահելու համար – մէկը՝ Զանգեզուրի հետ, իսկ միւսը՝ շրջանի պաշտօնական անհատների եւ մարմինների հետ.

VIII Թիկնապահ-առաջնորդներ.- Որոշուեցաւ, որ գաւառի մէջ գործող բոլոր պաշտոնական լիազօրնէրը – Ինքնապաշտ. Թէ Զինուորական, ունենան իրենց թիկնապահները, որնք միաժամանակ պիտի ըլլան առաջնորդներ գիւղէ գիւղ շրջելու ատեն.

IX Կնիքներ.- Որոշուեցաւ պահել երկու միանման կնիք՝ Ղարաբաղի Ինքնապաշտ. Կեդր. Մարմին մակագրութեամբ. անոնցմէ մէկը պիտի մնայ Զինուորական հրամանատարի, իսկ միւսը՝ Ինքն. Մարմնի մօտ:

X Ռոճիկներ.- Այդ ժողովի մէջ որոշուեցան եւ ռոճիկները պաշտօնեայ-աշխատաւորներու,- Ինքն. Մարմնի անդամներ, զինուորական եւ այլ ներկայացուցիչներ պիտի ստանային ամսական – ամուրիները՝ 5000-ական ռուբլի (ամերիկեան դրամով եւ այն ժամանակուայ հաշուով երկու տոլար), իսկ ամուսնացածները՝ 6500-ական ռուբլի, իսկ թիկնապահները եւ սուրհանդակներ՝ 1800-2500 ռուբլի ամսական: Զանգեզուրի հետ կապ պահպանող յատուկ սուրհանդակներու ռոճիկներն առանձին էին:

Այսպէս, 1920 թուի յունուար 3-4-ի մասնաւոր եւ ընդհանուր խորհրդակցութիւններու ընթացքին վերոյիշեալ համաձայնութիւնները կայացուեցան, աշխատանքի բաժանումը կատարուեցաւ, ներկայացուցիչներ եւ լիազօրներ որոշուեցան՝ իրենց համապատասխան ռոճիկներով, Ինքն. Եւ Զին. Մարմիններու կանոնագրերը ընդունուեցան եւ կեդրոնական մարմնի անդամներ նշանակուեցան՝ Ա. Շ. Պ. Ա., Ա. Ա., Չ. Մ., եւ Ա. Մ.:

Այս ուրախ եւ համերաշխ մթնոլորտի մէջ բոլորս ալ պատրաստուէր էինք հետեւեալ օրը, յունուար 5-ին, ճամբայ ելնելու դէպի շրջանները եւ աշխատանքի լծուելու, երբ Դիզակի Տումի գիւղից Ա. Շ.-ին նամակ մը եկաւ, որով կը յայտնուէր՝ թէ Տումիցի խմբապետ Թեւանը, իր մի քանի ընկերներով, յարձակուեր է շրջանի թրքական Կիանլու գիւղի վրայ՝ թալանի նպատակով, բայց յայտարարեր է, որ այդ բոլորը կ’ընէ իբր թէ «Դրօ-ի հրամանով» եւ որ հայկական զօրքերը իբր թէ կ’արշաւեն եւ Ղարաբաղը շուտով պիտի միացուի Հայաստանին:

Նորընտիր Ինքն. Կեդր. Մարմինը, խորհրդակցաբար միւս անդամներու հետ, նկատի առաւ այդ նամակը եւ որոշեց, որ բոլորս ալ խումբ-խումբ, ճամբայ ելնենք դէպի Տումի գիւղը, տեղւոյն վրայ քննենք Թեւանի արկածախնդրութեան մանրամասնութիւնները եւ՝ կտրուկ միջոցներու դիմելով՝ ջանանք, առաջին իսկ մեր քայլով վերջ տալ նման վտանգավոր արկածախնդրութիւններուն:

Ցոյց տալու համար, թէ այդ խորհրդաժողովն ինչպիսի խանդավառ տրամադրութեան տակ ցրուեցաւ, ես հոս կը յիշեմ երեք պարագայ.-

  1. Խ. Մ.՝ Ղարաբաղի եռանդուն գործիչներէն մին, որ թոքախտաւոր էր եւ տաքութեան մէջ, մասնակցեցաւ մեր բոլոր խորհրդակցութիւններուն, առանց սպասելու իր ապաքինման, անմիջապէս ձին թամբել տուաւ եւ առաւօտեան ժամը 2-3ին, սաստիկ պաղի եւ ցրտի ատեն՝ ճամբայ ելաւ Վարանդայի իր շրջանը՝ իր պարտականութիւնները կատարելու:

2. -Ինքն. Մարմնի միւս անդամները, հակառակ երկու օրուայ անընդհատ աշխատանքներուն, այդ գիշեր, առանց քնանալու, ձիերը թամբեցին եւ ճամբայ ելան դէպի Տումի, որ Տռնավանզէն 6-7 ժամուայ ճանապարհ է՝ ձմեռ ատենը:

  1. Ես ալ իմ հերթին, չնայած, որ մայրս եկել էր ինձ տեսնելու, 6-7 տարուայ բացակայութենէն յետոյ, միայն մէկ ժամ կարողացայ լինել անոր հետ եւ առաւօտեան ժամը 4-ին, Ա. Ա.-ի հետ ճամբայ ելայ դէպի Տումի՝ մասնակցելու Թեւանի միջադէպի լիկիտասիոնին:

Ի վերջոյ պիտի յայտնեմ, որ Տումիի այդ միջադէպը, շնորհիւ Զ. Մ.-ի եռանդուն ջանքերուն, վերջացաւ յաջողութեամբ: Խիստ եւ սպառնական դիտողութիւն արուեցաւ Թեւանին եւ անոր խլած ապրանքներն ալ վերադարձւեցան տէրերուն:

Մինչ մենք մեր այս նախնական կազմակերպական աշխատանքներու մէջ էինք, անդին, Ղարաբաղէն դուրս, տեղի կ’ունենային դէպքեր, որոնք մեծապէս կապ ունէին Ղարաբաղի հարցի լուծման հետ:

Ագուլիսի դէպքերը: Ադրբէջանը որոշ եւ ծրագրուած աշխատանք առաջ կը տանէր: Նա ոչ միայն կը ջանար Ղարաբաղի ուղղութեամբ ճամբայ հարթել դէպի Զանգեզուր, այլ եւ՝ յենուած Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանների մէջ գտնուող Նախիջեւանի թաթարական ուժերուն՝ կը ձգտէր մաքրագործել այդ շրջանի հայ ազգաբնակութիւնը եւ Զանգեզուրի սահմանի վրայ գտնուող հայկական գիւղերը՝ արգիլելու համար հայ կառավարութեան օժանդակութիւնը եւ կապակցութիւնը՝ Ղարաբաղ-Զանգեզուրի հետ:

Դեռ 1919 թուի դեկ. 18-ին, Օրտուբաթի եւ Նախիջեւանի թաթարները շրջապատեցին ներքին Ագուլիսը, կրակի մատնեցին տները, կողոպտեցին ազգաբանակութիւնը քշեցին դէպի վերին Ագուլիս գիւղը:

Հետեւեալ կերպով կը ներկայացնէ այդ դէպքերի շարունակութիւնը՝ այդ կոտորածէն ազատուած դատաւոր Տէր-Անդրէասեանը.

«Դեկ. 24-ին, առաւօտեան, Ագուլիսում սկսեցին երեւալ ինչ որ զինուած թաթարներ: Ազգաբնակութիւնը՝ անհանգստացած այդ բանից՝ դիմեց Օրտուբատ գաւառապէտ Թայիրովին եւ Օրտուբատի Շէյխին, որը նոյն օրը եկաւ Ագուլիս: Ցերեկուայ ժամը 3-ին թաթարները Ագուլիսում կրակ բաց արին, եւ միաժամանակ գիւղի զանազան մասերում հրդեհներ սկսուեցին: Այրւում էին առաւելապէս հարուստ եւ գեղեցիկ տները: Էդիլ-բէյը, Օրտուբաթի կոմենդանտը, ըսաւ, որ ինքը ոչինչ ընել չի կարող եւ կարող եւ կարող է միայն դուրս տանել ազգաբնակութիւնը, որը եւ երեկոյան ժամը 5ին անցաւ թաթարական թաղը: Առաւօտից ժանդարմները սկսեցին կոտորել նրանց, նախապէս զատելով գեղեցիկ կանանց եւ օրիորդներին եւ հրամցնելով նրանց իրենց գլխաւորներին: Այդ կոտորածին մասնակցում էին տեղական եւ Նախիջեւանի թաթարները, տեղական պրիստաւը (Գաւառապետ), բազմաթիւ պաշտօնատար անձինք, սպաներ՝ իրենց համազգեստով եւ զանազան զօրամասեր»:

Եւ այս բոլոր դէպքերը տեղի կ’ունենային այն ժամանակ, երբ ամիս մը առաջ, նոյ. 23-ին, Հայաստանի եւ Ադրբէջանի կառավարութիւններու միջեւ, դաշնակից պետութիւններու ներկայացուցիչներու ջանքներով եւ մասնակցութեամբ, կայացած էր համաձայնութիւն մը, որուն հիման վրայ երկու կողմերն ալ ոչ մէկ պարագային զէնքի ուժին պիտի դիմէին՝ վիճելի հողամասերու խնդիրը կարգադրելու համար:

Եւ հակառակ վերոյիշեալ քստմնելի դէպքերուն, Ադրբէջանը անամօթութիւն ունեցաւ յայտարարելու, թէ «Զանգեզուրի գաւառի 40-ի չափ մուսուլման գիւղերը՝ թալանուած հայերու հայկական զօրքի կողմից եւ զրկուած տներից եւ կարողութիւնից, փախել են Նախիջեւանի գաւառը: Թուրք փախստականները, կոտորուելով ցրտից եւ սովից զայրացած հայերի դէմ կառավարութեան համար անսպասելի կերպով՝ շարժուեցին դէպի Ագուլիս եւ գրաւեցին վերոյիշեալ գիւղերի հայկական տները»:

Այսպէս բացատրեցին Ագուլիսի կոտորածը Ադրբէջանի պաշտօնական շրջանակները:

Շռուխի շրջանի գործողութիւնները.- Կարծես ի պատասխան դեկ. 24-ի Ագուլիսի զանգեզուրի մէջ սկսուեցաւ Շռուխ թրքական շրջանի հպատակեցումը:

Քանի մը օր շարունակական կռիւներ տեղի ունեցան եւ, ի վերջոյ հայկական զօրքը կարողացաւ տիրանալ այդ դիրքերուն եւ ամբողջ շրջանը մաքրել թաթարական այդ վտանգաւոր տարրերէն, որոնք միշտ Ադրբէջանի կառավարութեան ձեռքին խաղալիք էին դարձած: Անոնք ոչ միայն պարբերական ապստամբութիւններով կը զբաղեցնէին Հայաստանի կառավարութիւնը, կը կտրէին հաղորդակցութեան ճամբաները, այլ եւ իրենց յարձակումներով շրջանի հայ գիւղերու վրայ՝ մեծ անհանգիստութիւն կը պատճառէին հայերուն:

Այդ դէպքերը մեծ յուզում առաջ բերաւ Ադրբէջանի մէջ. անոր արձագանգներն հասան եւ Շուշի: Թուրքերու կողմէ սկսուեցան շարք մը յարձակումներ եւ բողոքներ՝ Ադրբէջանի կառավարութեան թոյլ քաղաքականութեան դէմ:

Լսենք այդ առթիւ եղած թաթարական թերթերի եւ հասարակական գործիչներու բարձրացուցած վայնասունը.

«Ադրբէջան թերթը կը գրէր».- «Զանգեզուրի հայերը կանոնաւոր զօրքերի եւ թնդանոթների օգնութեամբ յարձակում են գործել հարեւան թրքական գիւղերի վրայ- Ալի Ղալի, Ուշաղի, Շուրուխու, Շամսուն, Մանրա, Էյնալու, Շահվերդիլար, Մուշլու»:

Այդ առթիւ Ադրբէջանի պարլամենտի անդամ Ջէլիլ Սուլթանովը կը հեռագրէր.- «Գաւառի դժբախտ ազգաբնակութեան անունից աղերսում եմ թղթի վրայ բողոքներից անցնիլ ակտիւ գործողութիւնների եւ Ադրբէջանի այս լաւագոյն անկիւնը փրկել վերջնական կործանումից: Զանգեզուրից յետոյ հերթը Ղարաբաղինն է… Ազգաբնակութիւնն ապշած է կառավարութեան օգնելու խոստումի չիրականացնելուց եւ օգնութիւն է խնդրում Ադրբէջանի ժողովրդից…»

Խալիլ Իպրահիմ թրքառատ «Ադրբէջան»ի մէջ կը գրէր.-

«Հայերի զինուած ուժը բաղկացած է 10 հազարից. մասնակցում են Երեւանի կառավարութեան կանոնաւոր զօրքը եւ Շուշի, Ջիբրայիլ-Ջիվանշիրի հայերից կամաւորական խմբեր: Սրանք ունին հարկ եղած քանակութեամբ թնդանօթներ ու գնդացիրներ: Զանգեզուրը կոտորելով վերջացնելուց յետոյ՝ այն տեղի զօրքն անմիջականօրէն կարող է ձեռք երկարել Շուշի-Ջիվանշիրի հայերին»:

Նոյն թերթն իր յունուար 26-ի խմբագրականով կը գրէր.-

«Զանգեզուրը Ադրբէջանի ամենից արժէքաւոր եւ անբաժան մասն է: Նրա վրայ ամէն մի ոտնձգութիւն ամբողջ Անդրկովկասում յուզում կ’առաջացնէ կայծակի արագութեամբ»:

Խան-Խոյսկին, Ադրբէջանի արտ. գործոց նախարարը, կը բողոքէր Հայաստանի կառավարութեան, յայտնելով, որ «մահմետական խաղաղ ազգաբնակութեան դէմ ռազմական գործողութիւնների չդադրեցնելու դէպքում, իմ կառավարութիւնը ստիպուած կը լինի վճռական միջոցներ ձեռք առնել՝ պաշտպանելու համար իր քաղաքացիների կեանքն ու գոյքը, դրանից առաջանալիք ամբողջ պատասխանատութիւնը թողնելով հայկական կառավարութեան վրայ»:

Ադրբէջանի պատրաստութիւնները.- Այս ամբողջ վայնասունի, պրովոկացիաների եւ բողոք-հեռագիրների նպատակը մեզ համար կը պարզուի, եթէ հետեւենք Ադրբէջանի զօրական պատրաստութիւններուն՝ Ղարաբաղ-Զանգեզուրի ուղղութեամբ: Այդ բոլորը, ինչպէս կը տեսնենք, նախապատրաստական աշխատանք է՝ յետագայ իրենց յարձակումների պատասխանատութիւնը հայաստանի վրայ ձգելու եւ շահելու Անդրկովկասի դեմոկրատիայի եւ դաշնակից պետութեանց ներկայացուցիչներու համակրանքը:

Գանձանկէն «Աշխատաւոր» թերթի թղթակիցը՝ Զինուորական ստորագրութեամբ, յունուար 23-ի գրով կը տեղեկացնէ, որ «երեք օր առաջ քաղաքիցս մի քանի զօրամասեր դուրս տարան… Տեղեկութիւնների համաձայն այդ զօրամսերը արշաւում են դէպի Զանգեզուր: Իբրեւ թէ պէտք է կազմուի երկու զօրամաս- առաջին զօրամասը պէտք է Լենքոռանի կողմից շարժուի եւ Արաքսի ափերով կամ Ղարաբաղի կողմից յարձակուի Զանգեզուրի վրայ, իսկ միւսը՝ Թառթառ գետակի մօտերքով բարձրանալով՝ պէտք է ներս խուժէ Զանգեզուրը»:

Շուշուայ մեր գաղտնի ինֆորմացիան հետեւեալ տեղեկութիւնները կը հաղորդէր մեզ. «Յունուար 25-ին Շուշի-Գորիս խճուղով Ադրբէջանը անց է կացրել 3 հատ երեք մատնաչափ տրամագիծ ունեցող դաշտային թնդանաօթներ: Գանձակի շրջանից Ադրբէջանեան զօրքերի տեղափոխութիւն է նկատւում: Նրանք շարժաւում են երկու ուղղութեամբ՝ խճուղու եւ Կարիագինի: Յունուար 27-ին Շուշի են ժամանել Նուրի փաշան, տաճկական սպաներ եւ գեներալ Նեվրուզովը՝ Ադրբէջանեան զօրքերի հետ»:

Հայաստանի կառավարութեան բողոքը.- Այդ առթիւ Հայ. Հանր. Արտաքին գործոց նախարարը հետեւեալը կը հեռագրէր Խան-Խոյսկիին.-

«Հայաստանի կառավարութեան ստացած պաշտոնական տեղեկութիւնների հիման վրայ՝ Շուշում եւ Ղարաբաղում կեդրոնանում են մեծ քանակութեամբ Ադրբէջանեան զօրքեր՝ հրամանատարութեամբ տաճկական եւ Ադրբէջանեան գեներալների՝ Ղարաբաղը գրաւելու համար:

«Հակառակ այն համաձայնութեան, որ տեղի է ունեցել հայկական Ղարաբաղի Ազգային խորհրդի հետ, եւ հակառակ նոյեմբերի 23ի համաձայնութեան, մի քանի զօրասիւներ արդէն սկսել են շարժուիլ… Հայաստանի կառավարութեան անունից խնդրում եմ Ադրբէջանի կառավարութիւնից, ձեռք առնել ամենաշտապ միջոցներ՝ կասեցնելու համար ծրագրուած յարձակումը»:

Ղարաբաղէն դուրս, այսպիսով, տեղի կ’ունենայ հեռագիրներու եւ բողոքներու մրցակցութիւնը Ադրբէջանի եւ Հայաստանի կառավարութիւններու միջեւ: Ադրբէջանը, սակայն, կը կատարէր ակտիւ գործողութիւններու պատրաստութիւններ, զօրական համախումբեր, եւ այդ բոլորը մէկ նպատակի համար՝ վերջ տալու Ղարաբաղի հարցին:

Միջկուսակցական պատուիրակութիւն.-

Ղարաբաղի Ինքն. Մարմինը դեռ նոր անցած էր իր գործունէութեան: Միայն քանի մը  գլխաւոր կեդրոններու մէջ կազմակերպուած էին համապատասխան մարմիններ: Բոլորն ալ եռանդուն կերպով գործի լծուած էին եւ պատրաստութիւններ կը տեսնէին՝ անակնկալներու պարագային որոշ իրական ոյժ ներկայացնելու համար: Ադրբէջանի զօրական պատրաստութիւններն աւելի եւս նպաստեցին ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման: Վտանգի մօտալուտ ըլլալը զգալով, բոլորն ալ զգաստ էին եւ կը փնտռէին ղեկավարող օրգանը, որ գոյութիւն ունէր յանձինս Կեդրոնական Մարմնի: Գաւառը բոլորովին տարբեր բազկերակ ունէր եւ աւելի ակտիւ էր իր մասնակցութեան մէջ: Միայն քաղաքի ինտելիգենցիան էր, որ բռնած էր ինքնայատուկ բացասական դիրք մը դէպի մեր աշխատանքը:

Հայ բոլշեւիկները.- Այս կուսակցութիւնը միշt ալ ենթակայ եղած է ռուսական ազդեցութեանց, պայքարած է ուժգնապէս Հ. Հանրապետութեան եւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան դէմ, պաշտպանած է Ղարաբաղը Ադրբէջանին միացնելու տեսակէտը՝ պատճառաբանելով, թէ Շուշի-Եւլախ խճուղիով Ղարաբաղի հայութիւնը տնտեսապէս աւելի կապուած է համեմատաբար հարուստ Ադրբէջանի հետ, քան Զանգեզուրի լեռների վրայով աղքատ Հայաստանի հետ: Անոնց իսկական նպատակն այն էր, որ թոյլ պահեն «դաշնակցական կառավարութիւնը»՝ Ղարաբաղի անջատումով եւ եթէ ապագային Ռուսաստանը գայ՝ Ղարաբաղը դարձնեն զինուորական յենակէտ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ կռուելու համար:

Սոց.-Յեղափոխականները.- Այս կուսակցութիւնը միշտ ալ ընդդիմադիր դիրք բռնած է Դաշնակցութեան հանդէպ եւ միաժամանակ կողմնակից է եղած Ղարաբաղը Ադրբէջանին միացնելու գաղափարին: Այդ ուղղութեամբ մեծապէս նպաստած եւ աշխատած են Արսէն Յովհաննէսեան (Արսօ) եւ Ռուբէն Տէր-Գասպարեանը:

Սոց.-Դեմոկրատները.- Ասոնք տատանուող տարրերն էին: Որոշ քաղաքական գիծ չունէին: Lաւ րոպէներուն համակիր էին Ղարաբաղը Հ. Հ.եան կցելուն, իսկ վտանգի րոպէին՝ չէզոք էին եւ դէմ որեւէ զինուած ընդհարման: Անհատներ կային ասոնց մէջ, որոնք ջերմօրէն կողմնակից էին Ղարաբաղի ազատագրման:

Ժողովրդական Կուսակցութիւն.- Հակառակ իրենց կուսակցութեան Հայաստանի ղեկավար շրջանները Ղարաբաղը Հայաստանին միացնելու կողմնակից էին, Շուշուայ իրենց հետեւողները եւ յատկապէս Ռուբէն Շահնազարեանը կը գործակցէին Խ. Սուլթանովի հետ ու ոյժ կուտային անոր քաղաքականութեան:

Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը.- Շատ պարզ եւ որոշ էր անոր ըմբռնումը, որով Ղարաբաղը պիտի ազատագրուէր եւ Հայ. Հանրապետութեան կցուէր: Քաղաքի մէջ, սակայն, Դաշնակցականները կը գտնուէին շատ վտանգաւոր կացութեան մէջ՝ շրջապատուած լինելով լրտեսներու բազմութեամբ, իրենց դէմ ունենալով միւս հայ կուսակցութւնները եւ իրենց վերեւ՝ Սուլթանովի իշխանութիւնը: Այդ պատճառով ալ անոնք քաղաքի մէջ՝ Միջկուսակցական ժողովներու եւ դիմումներու ատեն չէին զատուիր միւսներէն, բայց առաջուընէ կը յայտնէին գաւառի գործիչներուն, որ իրենք համակիր չեն եղած բանաձեւերուն եւ առաջարկութիւններուն:

1920 թուի յունուար 24-ին, Ագուլիսի եւ Շռուխի դէպքերէն վերջ, Թեւանի աւանդիւրայէն յետոյ, մեր գործունէութեան շուրջ եղած տարաձայնութիւններու հետեւանքով եւ Ադրբէջանեան կառավարութեան զօրական պատրաստութիւններու ազդեցութեան տակ, քաղաքի Միջկուսակցական ժողովի կողմէն պատգամաւորութիւն մը գնաց գաւառ, երեք հոգուց բաղկացած (1 բոլշեւիկ, 1 սօց.-յեղափոխական եւ 1 դաշնակցական), անհրաժեշտ տեղեկաբերութեան համար:

Առաջուընէ իմանալով անոնց գալու եւ նպատակի մասին, Ինքն. Մարմինը բանակցելու համար նշանակեց՝ Ա. Ա. եւ ինձ: Մեզ տրուած հրահանգներու հիման վրայ մենք հանդիպում ունեցանք անոնց հետ Ճարտար գիւղի մէջ:

Անոնց հարցումներն էին.-

  • Ի՞նչ աշխատանքներ կը կատարուին Ղարաբաղի մէջ եւ ո՞ւմ հետ կապ ունի Տումեցի Թեւանի միջադէպը.
  • Կապ ունի՞նք Հայաստանի Հանրապետութեան հետ.
  • Ո՞րտեղէն կը ստանանք մեր դրամները.
  • Նպատակայարմար չէ՞ որ դրսէն եկած գործիչները թողնեն Ղարաբաղը եւ հեռանան:

Ստացան հետեւեալ պատասխանները.-

  • Ղարաբաղի մէջ արտակարգ աշխատանք չի կատարուիր: Եղածը սովորական եւ անհրաժեշտ ինքնապաշտպանական քայլեր են: Օգոստոսեան համաձայնութենէն վերջ Ադրբէջանը սկսած է խաղաղ գրաւումներ ընել եւ զինաթափել հայ գիւղացիութիւնը: Նա 50 միլիոն ռուբլի դրամագլուխ յատկացուած է՝ բարձր գներով ձեռք բերելու հայերու զէնքերը եւ այդ՝ հայերու միջոցով: Նա ահագին քանակութեամբ նաւթ, աղ եւ կտորեղէն կենդրոնացուած է Շուշի, Աղդամ եւ Թառթառ եւ հայ փերեզակներու միջոցով հայերու զէնքերուն հետ կը փոխանակէ: Նա ունի նաեւ իր բազմաթիւ լրտեսները: Ազգ. Խորհրդի ցրուելէն վերջ Ղարաբաղի հայութիւնը կը մնայ առանց ղեկավար օրգանի եւ աննպատակ կերպով կը փչացնէ փամփուշտները, կը ծախէ զէնքերը եւ կը դիմէ դէպի քաղաքական անբարոյացում:

Այս բոլորն ի տես Ղարաբաղի գաւառի գործիչները որոշած են ձեռք առնել ինքնապաշտպանութեան միջոցներ եւ փրկել ժողովուրդը՝ այդ կործանարար ընթացքէն: Մեր կազմակերպութիւնը անկուսակցական հողի վրայ է. անոր կը մասնակցին բոլոր սրտացաւ եւ անկեղծ ղարաբաղցիները: Շատ ցաւալի է, որ քաղաքի կուսակցական պարագլուխներդ բացասական վերաբերմունք ցոյց կուտանք դէպի այս դրական աշխատանքը:

  • Տումեցի Թեւանի միջադէպի հետ Ղար. Ինքն. Մարմինը որեւէ կապ չունի եւ, ընդհակառակը, մենք էինք, որ իր սաղմի մէջ խեղդեցինք թալանի նպատակով եղած այդ յարձակումը եւ խլուած ապրանքներն ալ վերադարձուցինք տէրերուն: Ասիկա նոր փաստ մ’է, որ բոլոր կուսակցութիւնները մէկ ճակատ պիտի կազմէն՝ երկիրը անիշխանութեան ճիրաններէն փրկելու համար:
  • Հայաստանի Հանրապետութեան հետ մենք որեւէ կապ չունինք: Ես, Ա. Միքայէլեանս, Ղարաբաղ եկած եմ ծնողներս տեսնելու եւ, երբ իմացած եմ, որ հոս որոշ ինքնապաշտպանողական աշխատանքներ առաջ կը տարուին, առաջարկած եմ իմ ծառայութիւնները եւ լծուած աշխատանքի: Ընկերներս զիս ուղարկեցին ձեզ հետ խօսելու, որպէսզի համոզուինք, որ դրսի մարդ չկայ եւ Ղարաբաղցի մ’է՝ որ իր հայրենիքի մէջ կը գտնուի:
  • Դրամական մնայուն աղբիւրներ չունինք: Մեզ կ’օժանդակեն Բագու եւ Թիֆլիս գտնուած ղարաբաղցիները եւ մեր ջանքը կը թափենք, որպէսզի տեղական ժողովուրդն իր սեփական միջոցներով կարողանայ կազմակերպել իր ինքնապաշտպանութիւնը.
  • Ղարաբաղէն մենք չեն հեռանայ, որովհետեւ ոչ ոք իրաւունք ունի հեռացնելու տեղական գործիչները՝ իրենց հայրենիքէն: Եթէ Զանգեզուրցին (ակնարկը պատուիրակութեան անդամ Ա. Ղարագէօզեանի վրայ է ) իրաւունք ունի Ղարաբաղի մէջ ակտիւ դեր խաղալու, Ղարաբաղցին ալ առաւել իրաւունք ունի:

Մեր խօսակցութիւններու եւ վիճաբանութիւններու արդիւնքն այն եղաւ, որ պատուիրակութիւնը խոստացաւ համագործակցութեան մեր առաջարկը տանիլ Շուշի՝ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ կարճ ժամանակուայ մէջ պատասխան տալ:

Դալի-Ղազար.- Յուզումնալից այդ շրջանի մէջ, երբ քաղաքական մթնոլորտը բաւականաչափ ելեկտրականացած էր, երբ Ադրբէջանը կը դիմէր յարձակողական որոշ քայլերու եւ երբ, իբր այդ յուզման արդիւնք, կուսակցութիւնները պատգամաւորութիւն կ’ուղարկէին գաւառ, Ղարաբաղ մտաւ հին յեղափոխական եւ յանդուգն մարտիկ իր 18 զինուած ձիաւորներով:

Արժէ քիչ մը աւելի երկարօրէն կանգ առնել այդ հերոսի գործունէութեան վրայ, որ այնքան խոշոր դեր խաղաց Ղարաբաղի վերջին կռիւներու ընթացքին:

Նա իր խմբով դուրս էր եկել Երեւանէն եւ, իբրեւ Գանձակեցի, պիտի անցնէր Գանձակի շրջանը այնտեղի վտանգուած հայութեան ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպելու: Դիլիջանի մեր սահմաններէն Գանձակի սահմանն անցնիլը բաւական դժուար էր, որովհետեւ այդ հողաշերտը բռնուած էր թաթար գիւղերով: Ցորեկով անցնել դժվար էր: Գիշերով ալ –առանց լաւատեղեակ առաջնորդներու, անկարելի էր, որովհետեւ 10 ժամուայ ընթացքին (երեկոյան 8-էն առաւօտէան 6-ը) պիտի կտրէին մօտ 100 մղոն տարածութիւն – ձիւների միջով եւ անտառներով:

Նա իր մօտ էր կանչեր Դիլիջանի սահմանակից գիւղերէն մէկուն նշանաւոր քանի մը հայ աւազակներ եւ հրամայեր էր, որ գնան եւ թիւրք ամենալաւ եւ դէպի Գանձակի շրջանը տանող ճանապարհներին ծանօթ աւազակների հետ միանան եւ հայ գիւղի մը վրայ յարձակուին՝ առաջուընէ յայտնելով Դալի-Ղազարին՝ ամբողջ ծրագրի մասին: Հայերն իսկոյն կը գտնեն իրենց թիւրք ընկերները եւ որոշեալ օրը, որոշեալ ժամին կը յարձակուեն հայ գիւղի մը վրայ, քշելով կովեր, եզներ եւ ոչխարներ: Անոնց փախչելու ատեն Դալի-Զազարը՝  իր սպաներով, կը հրամայէ, որ լոյսը չծագած՝ հրացանազարկ ընեն աւազակները: Թիւրք եւ հայ աւազակախումբը կը խնդրէ, կ’աղաչէ Դալի-Ղազարէն, որ իրենց չ’սպաննէ: Դալի-Ղազարին ալ այդ էր պետք: Նրանց կեանքի իբր փրկանք, նա կը պահանջէ, որ գիշերով անոնք առաջնորդեն զինքը դէպի Գանձակի շրջանը եւ այլ եւս հայկական գիւղերու վրայ յարձակում չգործեն: Անոնք կը խոստանան, և հետեւեալ օրը թիւրք աւազակներ կ’առաջնորդեն ամենակարճ ժանապարհով Դալի-Ղազարը եւ իր խումբը դէպի Գանձակի հայկական շրջանը:

Նա պէտք է անցնէր Ղարաբաղ՝ տեսակցելու մեզ հետ եւ ծանօթանալու ինքնապաշտպանական մեր աշխատանքներուն:

Գիւլստանի մէջ կը պատահի երկրորդ հետաքրքրական միջադէպը: Այդտեղի գործիչները կը յայտնեն որ իրենց շրջանի հայ աւազակներէն մին, հանգիստ չի տար շրջանի հայութեան եւ ամենօրեայ թալանները մեծ յուզում առաջ կը բերեն ազգաբնակութեան մէջ: Նրա որջի տեղը գիտեն, բայց ոչ ոք չի համարձակուիր մօտենալ: Դալի-Ղազարն իր տղաներու հետ վրայ կը հասնի, կը շրջապատէ զանոնք ու կը ձերբակալէ: Կը կանչէ աւազակապէտը իր մօտ եւ կը յայտարարէ. «Դուն արդէն մեռած ես եւ չկաս: Այս րոպէին պիտի հրամայեմ, որ խփեն քեզ: Կը կամենա՞ս մեռնել հայ ազգի համար»:

-Այո՝, կը լինի պատասխանը:

-Հետեւի՛ր ինձ:

Եւ իր հետ վերցնելով այդ հսկան կը բերէ մինչեւ Ղարաբաղ:

Ես տեսայ նրան: Երկար հասակով, թաւ յօնքերով, լայն եւ տարածուած ձեռքերով եւ խոշոր ոտքերով մէկն էր՝ ոտքից մինչեւ գլուխ զինուած: Նա չէր խօսեր եւ եղած հարցումներուն «այո՛» կամ «ո՛չ» կը պատասխանէր միայն:

Օր մը նա ներս մտաւ իմ սենեակը: Գլխարկը վերցրեց եւ խոնարհաբար գլուխ տւեց ինձ: Ես մնացի զարմացած նրա անակնկալ երեւումէն:

-Ղազարը քու դոստդ ա (բարեկամդ)․ իրան ասէ, որ ինձ հրաման տայ քինամ (գնամ) տօն (տուն), շորերս փոխիմ, կնկանս տեսնամ, խոնցս (երեխաներս) տեսնամ եւ երեք օրան կեամ:

Չկրցայ մերժել եւ պատասխանեցի.- Լաւ, կ’ըսեմ:

Չնայած որ Դալի-Ղազարը քիչ մը բարկացաւ, բայց իրաւունք տուեց: Չխաբեց, երեք օրէն իսկապէս վերադարձաւ:

Նա ամենալաւ կռուողներէն մէկն եղաւ եւ ընկաւ Ասկերանի վերջին կռուի մէջ, իր սիրելի հրամանատար Դալի-Ղազարի կողքին:

Յունուար 29-30-ի ատենները, երբ Դալի-Ղազարն իր ձիաւորներով կ’իջնէր Խաչէնի Բալլուջայ գիւղը՝ հանգստանալու եւ գիշերը խճուղին կտրելու Վարանդայ անցնելու համար, կը ստանայ հին յեղափոխական Դալի-Մահրասայէն նամակ մը, որով կը յայտնէ թէ Սուլթանովի հրամանով Խաչէն են եղած եւ կը գտնուին Բալլուջայ երկու հայ գաւառապետներ՝ իրենց ոստիկաններով, ձերբակալելու համար Դալի-Մահրասան, Ալէքսան տային եւ ուրիշ աչքառու գործիչներ: Դալի-Ղազարը, որ շատ լաւ կը ճանչնար այդ եղափոխական դէմքերը, իրաւունք կը համարէ արգիլիլ այդ ձերբակալութիւնը, իր մօտ կը կանչէ երկու հայ գաւառապետները, իր սենեակը մտնելէն առաջ զանոնք զինաթափ կ’ընէ եւ կը հրահանգէ վերջ տալ այս ձեւի գործունէութեան ու լուր տանել Սուլթանովին, թէ չկրցան ձերբակալել Դալի-Մահրասան եւ իր ընկերները: Ապա նրանց կը յանձնէ զէնքերը եւ ճամբու կը դնէ:

Այս միջադէպը մեծ աղմուկ կը հանէ քաղաքի ինտելիգենցիայի շրջանակներուն մէջ, տեղի կ’ունենան խիստ եւ բուռն քննադատութիւններ Ինքն. Մարմնի հասցէին. կը կարծուի, թէ անոր գիտութեամբ եղած է, երբ իրականին մէջ Ինքն. Մարմինը դեռ ոչ մի լուր ունէր ո՛չ Դալի-Ղազարի մտնելու եւ ոչ ալ Բալլուջայի այդ միջադէպի մասին:

Դալի-Զազարի մուտքը Ղարաբաղ վառուող կրակի վրայ իւղ կը լցնէ:

Շուշի քաղաքի ինքնապ. ծրագիրը.- Ադրբէջանի պատրաստութիւններուն եւ գաւառի մեր աշխատանքներուն զուգընթաց առաջ կը տարուէր նաեւ Շուշի քաղաքի ինքնապաշտպանութեան գործը:

Գաւառի տեղական գործիչներէն ե՛ւ ոչ մէկը չէր կարող քաղաք մտնել, ուրկէ ամիսնէր առաջ փախած էին՝ Ադրբէջանեան ոստիկանական հսկողութենէն ազատուելու համար: Քաղաքի մէջ կային բաւական հին եւ յեղափոխական անհատնէր, որոնց յանձնուած էր քաղաքի ինքնապաշտպանութեան գործի կազմակերպումը:

Ղարաբաղի Ինքն. Կեդր. Մարմինը, Ղարաբաղի մէջ ծաւալուող Ադրբէջանեան վտանգին հանդէպ, քննութեան առաւ քաղաքի հարցը, անոր ինքնապաշտպանութեան խնդիրը եւ եկաւ այն եզրակացութեան, թէ պէտք է պահանջել մեր ներկայացուցիչներէն, որ խորհրդակցութեան նիւթ դարձնեն Շուշւայ ինքնապաշտպանութիւնը, մշակեն ծրագիր մը եւ ուղարկեն գաւառ: Միաժամանակ խնդրած էինք, որ գաւառ ուղարկեն գլխապէտ Յ. Ս.-ն, որ լաւ ծանօթ էր Ղարաբաղի եւ մասնաւորապէս քաղաքի կացութեան:

Յունուար 27-ի ատեանները գաւառ եկաւ Յ. Ս.-ն, իր հետ բերելով քաղաքի ինքնապաշտպանութեան ծրագիրը, ըստ որուն քաղաքի մէջ, զանազան թաղերու մէջ, կային մօտաւորապէս 100 զինուած կռուողներ, որոնք ի պահանջել հարկին պիտի գրաւէին կարեւոր դիրքերը: Այդ թիւը, սակայն, բաւական չնկատուեցաւ: Անհրաժեշտ էր, վտանգի րոպէին, դրսէն օգնական ոյժեր ուղարկել 100 հոգի եւս, որոնց կարելի է միացնել նաեւ հայկական թաղի հայ ոստիկանութիւնը, 30-40 հոգի: Այն ատեն 240 հոգով հնարաւոր պիտի ըլլար տեղւոյն ինքնապաշտպանութիւնը ապահով հիմերու վրայ դնել: Ատկէ զատ անհրաժեշտ էր քաղաք մտնել նաեւ բաւական թուով ռազմամթերք եւ գլխաւորապէս ձեռքի ռումբեր:

Քաղաքի մարմնի կարծիքով, լաւագոյն էր, որ կանխապէս խօսուէր ոստիկանապէտ Ա. Տ. Ս.-ի հետ, ծանօթացնել զայն կատարուած աշխատանքներուն հետ եւ համոզել, որ որեւէ դէպքի ժամանակ՝ ստանձնէ ինքնապաշտպանողական ոյժերու ընդհանուր հրամանատարութիւնը:

Այս խորհրդակցութեան արդիւնքը եղաւ այն, որ Ղարաբաղի Ինքն. Կեդր. Մարմինը հետեւեալ որոշումները տուաւ.-

  • Ամէն ջանք թափել քաղաքի 100 կռուողների թիւը բարձրացնելու.
  • Կռուի նախօրեակին քաղաք մտցնել Վարանդայ գաւառի երկու հայ գաւառապետները իրենց 40-ական ոստիկաններով: Այս առաջարկը բերուեցաւ, նկատի ունենալով, որ ոստիկաններն աւելի դիւրութիւն ունէին քաղաք մտնելու եւ, բացի այդ, շատ դժուար էր համոզել գիւղացիրները (որոնք ատելութիւն ունէին քաղաքացիներուն հանդէպ) որ գնան քաղաք՝ անոր ինքնապաշտպանութեան համար.
  • Անպայման բանակցել եւ գաւառ հրաւիրել քաղաքի հայ ոստիկանապէտ Ա. Ս. Ս.-ն՝ անոր յանձնելու համար Շուշու թէ՛ ինքնապաշտպանութիւնը եւ թէ՛ ղեկավարութիւնը.
  • 1918 թուի Ղարաբաղցիներու տաճիկներէն խլուած երկու թնդանօթները կարգի բերել եւ անհրաժեշտ պարագային անոնցմով ռմբակոծել քաղաքի թրքական թաղը.
  • Ռազմամթերքի փոխադրութիւնը արագացնել եւ թելադրել, որ իրենց տրամադրութեան տակ եղած գումարով փամփուշտնէր գտնեն:

Այս որոշումները հաղորդուեցան քաղաք, որպէսզի այնտեղի մեր ներկայացուցիչները կարողանային համապատասխան քայլեր առնել:

Յուզումնալից այս շրջանին մէջ, երբ Ադրբէջանն արագ կերպով իր զինուորական տեղափոխութիւնները կը կատարէր, եւ երբ Ղար. Ինքն. Կեդր. Մարմինն ալ իր հերթին համապատասխան քայլեր կ’առնէր՝ ժողովրդի ինքնապաշտպանութիւնը կանոնաւորելու համար, մենք բանակցութեան մէջ էինք Զանգեզուրի հետ խնդրելով, որ վտանգի պարագային մեզի օգնութեան հասնի եւ մեր անհաւասար պայքարի մէջ միայնակ չթողնեն:

Սուլթանովը, սակայն, շատ աւելի կը շտապէր: Ան կը ջանար կարճ ժամմանակուայ մէջ վերջ տալ Ղարաբաղի խնդրին, որի համար ալ, յունուարի վերջին, նա իր մօտ կանչեց Ղարաբաղի նահանգապետութեան կից գտնուող խորհրդի հայ անդամները եւ անվերապահօրէն յայտնեց անոնց, որ Ադրբէջանը որոշեր է գրաւել Ջիվանշիրի գաւառի Մարգուշեւանի շրջանը եւ յատկապէս Իւզբաշովկան, յայտնի հայ հարուստ Աւան Իւզբաշեանի մէկ կալուածը:

Մարգուշեւանի դէպքերը.- Խ. Սուլթանովը, Ադրբէջանի նահանգապէտը Ղարաբաղի մէջ, բացի վերոյիշեալ զինուորական պատրաստութիւններէ կը շարունակէ նոր համախմբումնէր ընել եւ աւելի գործօն քայլերու դիմել: Ամենէն առաջ ան կը զօրացնէ Թառթառի շրջանի իրենց զօրամասը, ապա Կարեագինի շրջանի կամաւորական խմբերու թիւը կ’ավելացնէ:

Ապացուցանելու համար իր թշնամական յարաբերութիւնները հայերու հանդէպ եւ միաժամանակ վախ ներշնչելու նպատակով, նա քաղաքի հայկական թաղէն՝ ուր իր բնակութեան վայրը հաստատած էր, կը տեղափոխուի թրքական մասը: Այդ բոլորէն վերջ, յունուարի 29-ի ատեանները նա իր մօտ կը կանչէ նահանգապետութեան կից խորհրդի հայ անդամները եւ կը յայտնէ, որ Ադրբէջանի կառավարութիւնը վճռած է գրաւել Ջիւանշիրի գաւառի Մարգուշեւանի շրջանը եւ յատկապէս Իւզբաշովկան, յայտնի հայ հարուստ աւան Իւզբաշեանի մէկ կալուածը, որի վրայ բնակութեան յարմար շէնքեր կան: Իր այդ պահանջը նա պատճառաբանում է այն վտանգով, որ իբրեւ թէ կը պատրաստուի Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ՝ Բասարգեչարի վրայով արշաւելու եւ գրաւելու ղարաբաղը՝  Ջվանշիրի եւ վանքի շրջաններէն:

Նա կը յայտնէ միաժամանակ, որ Թառթառի իրենց զորամասի սպայակոյտը բնակութեան յարմար վայր չունի եւ Իւզբաշովկայի տները անհրաժեշտ են անոնց յարմարութիւններ տալու համար, ու կ’առաջարկէ այդ հարցը խաղաղ կերպով լուծել, յատուկ պատգամաւորութեան միջոցով համոզելու շրջանի գիւղացիութիւնը: Քաղաքի ինտելիգենցիան անակնկալի կուգայ: Նա իր սառնասրտութիւնը կը կորսնցէ եւ առանց գաւառի ուժերու հետ խորհրդակցելու, ինքնագլուխ կերպով, պատգամաւորութիւն մը կ’ուղարկէ Ջվանշիր, որու մէջ կ’ըլլայ նաեւ Ղարաբաղի հայերու կողմէ Գիգի աղա Քալանթարեանը:

Միաժամանակ Թառթառի շրջանի թաթարական զօրամասի սպայակոյտի կողմէն առաջարկ-վերջնագիր կը ներկայացուի Ջվանշիրի հայերուն, թոյլ տալու որ Իւզրաշովկայ աւանը գրաւուի, որովհետեւ Ադրբէջանեան բանակի սպաները բնակութեան յարմար տեղ չունին: Ջվանշիրի Ինք. Մարմնի ներկայացուցիչները կը դիմեն Վանք գիւղի մէջ նստող գնդապէտ Զ. Մ.-ին եւ անոր կարծիքը կը հարցնեն:

Նա կը դժուարանայ  որոշ պատասխան տալ եւ կը յայտնէ, որ ինքը անմիջապէս կ’անցնի Վարդանայ՝ խորհրդակցելու Ինքն. Կեդր. Մարմնի անդամներուն հետ եւ անոր վերջնական պատասխանն իսկոյն կը հաղորդէ: Մինչ այդ՝ կ’որոշուի դիմել Ադրբէջանի զօրամասի սպայակոյտին եւ քանի մը օր ժամանակ խնդրել՝ շրջանի համագումար հրաւիրելու եւ գիւղացիութեան կարծիքը առնելու:

Ինքն. Մարմնի ներկայացուցիչները միաժամանակ կը պահանջէն Զ. Մ.-ից՝ Վանք գիւղի մէջ գտնուած մէկ հատիկ գնդացիրը տեղափոխել Մարդակերտ, որ մօտ է Թառթառին, որպէսզի որեւէ ընդհարման դէպքում կարողանան օգտագործել: Զ. Մ.-ն իր համաձայնութիւնն կուտայ, գնդացիրն իսկոյն կը տեղափոխուի, որ մեծ ոգեւորութիւն առաջ կը բերէ շրջանի գիւղացիութեան մէջ:

Փետր. 1-2-ին, Հարաւ գիւղի մէջ կը նշանակուի Ղար. Ինքն. Կեդր. Մարմնի անդամներու խորհրդակցութիւն եւ Սուլթանովի առաջարկին որոշ պատասխան տալու:

Այդ խորհրդակցութիւնը կը վճռէ.-

ա) Մարգուշեւան եւ Իւզրաշովկան զիջիլ Ադրբէջանին.

բ) Ոչ մի ընդդիմութիւն ցոյց չտալ, որովհետեւ համապատասխան ուժ չունինք եւ Զանգեզուրն ալ անտեղեակ է ու անպատրաստ՝ մեզ օգնութեան հասնելու:

գ) Զինուորական կազմակերպութիւններն աւելի ընդլայնել, որովհետեւ Մարգուշեւանի դէպքերը կը նկատենք «սկիզբն երկնաց»:

դ) Ցուցակագրել բոլոր սպաները եւ անոնց ակտիւ մասնակցութիւնն ապահովել:

ե) Այդ բոլորի մասին տեղեկագրել Զանգեզուր, յայտնելով միաժամանակ մեր կազմակերպութեան, զինուորական ուժի մասին եւ այն, որ Ղարաբաղի մէջ ունեցած սակաւաթիւ ռազմամթերքով, որեւէ կռուի ատեն, միայն երեք օր կրնանք դիմանալ:

Մեր այդ որոշումը շատ չափաւոր էր, զիջող եւ զգոյշ: Մենք գիտէինք, որ այն ատեն, երբ դեռ նոր սկսած էինք ժողովրդի ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման, չէինք կարող Ադրբէջանեան կանոնաւոր զօրամսերու դէմ կռուիլ եւ բարւոք համարեցինք այդ շրջանը, հոգ չէ թէ որքան ալ կարեւոր ըլլայ, զիջիլ՝ առանց կռուի:

Բայց շատ անգամ դէպքերը, առանց մեր կամքի եւ մեր որոշման սպասելու, կը զարգանան:

Յետագային կը պարզուի, որ Ջվանշիրի հայ գիւղացիութեան տեղական համագումարը միաձայնութեամբ կը վճռէ մերժել թաթար սպայակոյտի առաջարկը եւ իսկոյն կ’անցնի ինքնապաշտպանութեան՝ գրաւելով կարեւոր ռազմական դիրքերը: Ո՛չ Գիգի աղան, եւ ոչ ալ Զ. Մ.-ի նամակը, Ինքն. Կեդր. Մարմնի անունով, ազդեցութիւն կ’ունենան ռազմապէս տրամադրուած գիւղացիութեան վրայ:

Մարգուշեւանի դէպքի հետ կապուած երկու յատկանշական երեւոյթներ արժէ յիշատակել, որովհետեւ ատոնք ապացոյց են Ղարաբաղի հայ գիւղացիութեան ըմբոստ ոգուն:

  • Ջվանշիրի շրջանի հայ աւազակներէն երկու հոգի, իմանալով թաթարներու այդ առաջարկի մասին,կ’որոշեն անոնց սպաներու ձիերը գողանալ, ցոյց տալու համար որ Ղարաբաղցիները դիւրաւ չեն կարող մարսել նման սպառնալիքները: Անոնք գիշերով կ’անցնին Թառթառ, կը մտնեն այն տան բակը, ուր Ադրբէջանեան սպաներն կ’ապրին եւ ժողովի մէջ կը լսեն անոնց խօսակցութիւնները, ապա կը մտնեն տան ներկքնայարկը գտնուող գոմը եւ ամէն մէկը մէկական հրաշալի նժոյգ վերցնելով դուրս կուգան, եւ մերկ ձիերու վրայ նստած՝ կը վերադառնան Ջվանշիր Մ.-ին յանձնելու, բայց վերջինս չի վերցներ եւ կը նուիրէ այդ խիզախներուն:
  • Ջվանշիրի համագումարի ժխտական պատասխանէն յետոյ, երբ զինուած գիւղացիներն իրենց դիրքերը կը գրաւեն եւ կազմ ու պատրաստ կը սպասեն թշնամու յարձակման, փետրուար 3-ին, առաւօտեան դէմ, կը հանդիպի Ադրբէջանի Թառթառի զօրամասի սպայակոյտի ներկայացուցիչներուն, որոնք եկած էին վերջնական պատասխան առնելու:

-Համաձայնեցա՞ք Իւզբաշովկան մեզի յանձնել, կը հարցնեն անոնք:

-Ո՛չ:

-Ինչո՞ւ:

-Որովհետեւ ատիկա խախտումն է օգոստոսեան համաձայնութեան:

-Բայց չէ՞ որ զօրամսերու տեղափոխութիւն չէ որ կը կատարուի, այլ բնակութեան վայր կը խնդրենք մեր սպաներու եւ իրենց ծառայող զինուորներու համար:

-Բայց, ներեցէք, ո՞ւր պիտի նստի մեր սպայակոյտը, հեգնօրէն կ’ընդհատեն համագումարի պատուիրակները:

Խօսակցութիւնը կը վերջանայ:

ՀԱՅՐԵՆԻՔ, Ա. Տարի, թիւ 8, Յունիս, 1923թ, էջ 110-122