Երիտթուրքերի և Ռոմանովների միջև՝ 1914. հայ կամավորական շարժումը

6027

Ա. Խատիսեան. Քաղաքապետի Մը Յիշատակները

Հայկական կամաւորական շարժումը

1914 թուի Հոկտեմբեր 19-ին, պատերազմի յայտարարութենէն ճիշդ երեք ամիս ետքը, Թուրքիա նախայարձակ եղաւ Ռուսաստանի վրայ՝ ռմբակոծելով ռուսական ծովեզերեայ քաղաքները:

Հայերը գիտէին, որ պատերազմէն, որ պատերազմէն յաղթող պիտի դուրս գային Դաշնակիցներն  ու այդ պատճառով ալ գիտակցօրէն հայ դատը կապեցին Դաշնակիցներու դատին:

Նախ քան տաճկական պատերազմի հռչակումը՝ ռուս իշխանութեան եւ հայ ժողովրդի միջեւ տեղի կ’ունենային բանակցութիւններ: Յայտնի են այդ մասին Փոխարքայի եւ Կաթողիկոսի նամակները: Խնդիրը կը վերաբերէր հայ կամաւորական շարժման:

Այդ շարժման փաստական կողմը ծանօթ է արդէն: Կան ֆրանսացի Պուադեպարի [Poidebard] գիրքը այդ մասին, ժեներալ Ղորղանեանի գիրքը, Գրիգոր Չալխուշեանի “Կարմիր Գիրքը”, Սիմոն Վրացեանի “Հայաստանի Հանրապետութիւն” հատորը եւ Անդրանիկի, Սեպուհի եւ ուրիշ շատերու յուշերը:

Ես կանգ պէտք է առնեմ կամաւորական շարժման քաղաքական եւ հոգեբանական կողմերու վրայ եւ պիտի մատնանշեմ այն վերաբերմունքը, որ ունէին ռուս հրամանատարները եւ իշխանութիւնը դէպի այդ շարժումը: Անձամբ տեսածս ու լսածս միայն պիտի պատմեմ, որովհետեւ, որպէս Ազգային Բիւրոյի ներկայացուցիչ, որ կը վարէր կամաւորական գործերը, ես անձամբ կը բանակցէի ռուս իշխանութեան մօտ, կամաւորական խումբերուն վերաբերող բոլոր խնդիրներու մասին:

Ռուսաստանը, կլանուած լինելով արեւմտեան ճակատով՝ չէր ցանկանար բարդութիւններ ստեղծել հարաւային ճակատի վրայ եւ կը խուսափէր թրքական պատերազմէն: Սակայն, հաշուի առնելով այդպիսի պատերազմի մը հաւանականութիւնները, ռուս կառաւարութիւնը կը պատրաստուէր այդ ուղղութեամբ; Իր առաջ դրուած շարք մը հարցերէն մէկը՝ հայ ժողովուրդի մասնակցութիւնն էր թրքական պատերամին: Ռուս կառաւարութիւնը կ’ուզէր մեր մասնակցութիւնը, հանգամանք մը, որ մեծապէս ազդեց Հայ Յեղ. Դաշնակցութեան քաղաքականութեան վրայ:

1914 թուի Յուլիսին կուսակցութեան Ընդհանուր ժողովը Էրզրումի մէջ որոշած էր պատերազմի պարագային կողմ չհանդիսանալ ոեւէ պետութեան եւ կը հրաւիրէր հայութիւնը իր պարտքը կատարել Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ, որպէս հաւատարիմ քաղաքացիներ: Չնայած որ, Իթթիհատի ներկայացուցիչներ՝ Բէաէդին Շաքիրը եւ Նաճիպ բէյը, յատուկ առաքելութեամբ Էրզրում էին գացած բանակցելու Դաշնակցական գործիչների հետ, առաջարկելով անոնց պատերազմի ընթացքին թուրքերու կողմն անցնել, չնայած որ Թալաաթ փաշան Պոլսոյ մէջ կ’աշխատէրնոյն ուղղութեամբ, Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը մնաց անյողդողդ իր որոշումներու մէջ եւ մերժեց մասնակցիլ թրքական ոեւէ ծրագրի իրականացման:

Ընդհանուր Ժողովէն ետքը պատգամաւորները եկան Կովկաս, բայց չկարողացան դիմադրել ընդհանուր տրամադրութիւններուն եւ անցան կամաւորական բանակներու կազմակերպման գործին գլուխը: Կազմուեցաւ կոմիտէ մը կուսակցութեան պարագլուխներէն, որուն անդամակցեցան Արմէն Գարօ, Սիմոն Վրացեան, դոկտոր Զաւրեան, Իշխան Արղութեան, Գիւլխանդանեան եւ Նիկոլ Աղբալեան:

Հետագային հայ մամուլը շատ քննադատեց ու յարձակեցաւ այս փաստի վրայ: Սակայն, մէկ հանգամանք պարզ էր, որ կամաւորական շարժումը համահայկական էր եւ կը բխէր հայ ժողովուրդի հոգեբանութենէն եւ ցանկութիւններէն: Հայ ժողովուրդը Դաշնակիցներու հետ էր եւ Դաշնակիցներու կողքին: 100 տարիներու ընթացքին ռուս բանակի յաղթական յառաջխաղացումը դէպի հարաւ, դէպի հայկական հողամասերը, նոյնպէս գրաւական էին մեր քաղաքական ուղեգծի ճշդութեան:

Մէկ հարց կար միայն, որ կարող էր հիմնովին փոխել մեր քաղաքական համոզումը, այն է՝ կարո՞ղ էր արդեօք համաձայնութիւն կայանալ հայերու եւ թուրքերու միջեւ: Եթէ այո, ուրեմն, պէտք էր որ մենք՝ հայերս թուրքերուն կողմը բռնէինք: Բայց բովանդակ հայ ժողովուրդի մէջ չկար այն հաւատը, որ կարելի է համաձայնութեամբ կարգադրել հայկական խնդիրը առանց զէնքի միջամտութեան: Մեզ կը մնար միակ ուղին՝ ձգտիլ տաճիկներու պարտութեան:

Թիֆլիսի մէջ կազմուեցաւ Ազգային Բիւրօն, որ իր կողմէն նշանակեց երեք ներկայացուցիչներ, Փոխարքայի հետ բակացելու համար կամաւորական բանակի հետ կապուած բոլոր խնդիրներու շուրջ: Ներկայացուցիչներն էին՝ մէկը թեմական Առաջնորդ Մեսրոպ եպիսկոպոսը, միւսը Սամսոն Յարութիւնեանը եւ ես: Մենք մեզ վրայ առինք այդ պարտականութիւնը եւ մինչեւ վերջը մնացինք մեր պաշտօններու վրայ: Զիս նշանակեցին ներկայացուցիչ զինուորական իշխանութիւններու մօտ, եւ այդ պարտականութիւնն ալ կատարեցի սկզբի օրերէն մինչեւ կամաւորական խումբերու վերջնական լուծումը:

Մեզ [Ռուսաստանը] կ’առաջարկէին նոյնպէս գտնել Հ. Յ. Դաշնակցութեան մէջեն հմուտ ահաբեկիչներ, որոնք անցնելով Թուրքիա՝ կարողանային սպաննել Էնվէր փաշան: Ժանտարմներու պետը մինչեւ անգամ կուտար մեզ այն մարդու անունը, ով կարող էր իր վրայ վերցնել այդ համարձակ գործը: Մենք մերժեցինք այդ ծրագիրը:

Առաջին հերթին որոշուեցաւ կազմել 4 խումբեր…

Յայտնի է, որ տեղի ունեցան պարտութիւններ եւ հայկական ջարդեր, եւ որովհետեւ կամաւորական խումբերը կազմել էին ռուսահայերը, եւ գլխաւոր մասնակցութիւնը բերած էր Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, սկսուեցաւ մեծ պայքար մը ռուսահայութեան եւ Հ.Յ. Դաշնակցութեան դէմ՝ մեղադրելով մեզ հայկական ջարդերու մէջ: Ծայր տուին անողոք քննադատութիւններ, եւ կամաւորական բանակի գոյութիւնն իսկ համարուեցաւ վտանգաւոր:

Սակայն, պէտք է ըսեմ, որ բացի ռուսահայերէն, որոնք կամաւոր կերպով պայքարի մտան տաճիկներու դէմ Կովկասի ճակատին վրայ, թրքահայերը եւս կամաւորական բանակներ կազմեցին՝ տաճիկներու դէմ, Սիւրիոյ եւ Պաղեստինի ճակատներուն վրայ: Եւ յետոյ, մի՞թէ միայն Հ. Յ. Դաշնակցութիւնն էր, որ պաշտպան կանգնեցաւ կամաւորական բանակ ստեղծելու գաղափարին: Մի՞թէ ժողովրդական կուսակցութիւնը եւ Հնչակեանները նոյն գաղափարի պաշտպանները չեղա՞ն: Նոյնը կարելի է ըսել եւ անկուսակցականներու մասին: Հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերը համաձայն էին այդ խնդրի մէջ:

Որ թրքահայ ջարդերու մէջ մեղաւոր չէր կովկասահայութիւնը, ատոր լաւ ապացոյցը 1896-ի, 1909-ի ջարդերն են, որոնց ենթարկուեցան Թուրքիոյ ոչ-թուրք ժողովուրդները:

Որոշ է, որ լինէր թէ չլինէր հայ կամաւորական շարժումը, թուրքերը պիտի կատարէին իրենց ոճիրը, որովհետեւ հայկական հարցը վտանգաւոր կը համարէին թրքական կայսրութեան ամբողջութեան տեսակէտէն:

Թէ որքա՜ն մեծ էր ժողովուրդի զոհաբերութիւնը, կարող են ապացուցել հետեւեալ թիւերը: Ամբողջ հայութիւնը կամաւորներու օգտին հանգանակեց 1.444.000 րուբլի, որմէ 1.021.000 ր. Տուած են ռուսահայերը: Եւրոպան տուած էր 423,000 րուբլի, որմէ 342 հազարը Ամերիկան: Եգիպտոսը հանգանակած է 55 հազար րուբլի: Ռուս գանձարկղը յատկացուցած է 4.000.000 րուբլի:

… Ն. Բ. [Նիկոլայ Երկրորդ] ցարը կը շրջէր Թիֆլիս քաղաքի հիւանդանոցները, իսկ ես կ’ուղեկցէի անոր, որպէս քաղաքագլուխ: Ցարը այցելութիւն տւաւ նաեւ կամաւորական բանակի հրամանատարներէն Դրօին, որ վիրաւորուած պառկած էր հիւանդանոցին մէջ: Ես պատմեցի ցարինհայ կամաւորներու քաջագործութիւններու մասին, նոյնը հաստատեցին եւ ցարին շրջապատող ռուս զօրաւարները, եւ ցարը շնորհեց Դրօին Գէորգեան զինուորական խաչը իր քաջութեան համար:

1915 թուին ռուս բանակը մտաւ Թուրքիոյ խորերը: Հայ կամաւորները, միշտ որպէս յառաջապահներ, կը կատարէին քաջորէն զինուորական բոլոր աշխատանքները, որպէս կռուողներ, հետախոյզներ եւ պաշտպաններ հայ գաղթականութեան:

Կովկասի մէջ կատարուեցաւ վարչական մեծ փոփոխութիւն: Հրաժարեցուցուեցաւ Փոխարքայ Վորոնցով-Դաշկովը: Անոր փոխարինեց զօրքերու գլխաւոր հրամանատար՝ մեծ իշխան Նիկոլայ Նիկոլայեւիչը, որու մասին դեռ պէտք է խօսիմ:

Սկսուեցաւ նոր քաղաքականութիւն մը, նոր շրջան մը: Փոխուեցաւ եւ վերաբերմունքը դէպի հայ կամաւորները:

Ես, որպէս ներկայացուցիչ հայ կամաւորական բանակի, իսկոյն զգացի վերաբերմունքի փոփոխութիւնը, որու գլխաւոր պատճառները հետեւեալն էին.-

Ամենէն առաջ ռուս կառավարութիւնը կը վախնար, որ հայ կամաւորական բանակը, լեհ կամ չեխ լեգէոններու նման, կարող էր խոչընդոտ հանդիսանալ շրջանի ռուսացման:

Երկրորդ, որ Տաճկահայաստանը գրաւելէն ետքը կամաւորներու դերը կը համարուէր վերջացած,

Երրորդ՝ Թրքահայաստանի մէջ այլեւս հայեր չկային: Մնացած էին քիւրտեր, որոնց ռուս կառաւարութիւնը կ’ուզէր  սիրաշահիլ եւ այդ նպատակով ուղարկած էր յատուկ գործակալ իշխան Շախաւսկօյը:

Չորրորդ՝ մթերքի եւ հրացաններու պակասը արեւմտեան ճակատի վրայ կը ստիպէր յետ առնել հայ կամաւորներու երեքգծեան հրացանները եւ փոխարինել զանոնք բերտաններով:

Հայ կամաւորներու կացութինը ողբերգական էր: Իշխանութիւնը, արդարացնելու համար իր վերաբերմունքը , բարդեց կամաւորներու վրայ ծանր յանցանքներ. Մեղադրեց զանոնք դասալքութեան, քիւրտերու վրայ բռնութիւն գործ դնելու մէջ…

Ես պահանջեցի քննութիւն կատարել, որ եւ ցոյց տուաւ լուրերու անհիմն լինելը:

Բոլոր այդ զրպարտութիւնները մէկ նպատակ ունէին.- զինաթափ ընել կամաւորական խումբերը:

… Մենք անկարող էինք սակայն, ինչպէս անկարող ենք եւ այսօր, մեր յարաբերութիւնները խզել Ռուսաստանի հետ: Չէ՞ որ մեր քաղաքական բախտը անոր ձեռքն էր լիովին: Մեզ կը մնար համաձայնուել, համակերպիլ, խնդրել, որովհետեւ ոյժ չունէինք մեր կամքը պարտադրելու համար: Այսօր ալ մեզ վիճակուած է ազգային նոյն դժբախտութիւնը…

Հայերու մէջ ալ կային մարդիկ, որ կը քննադատէին կամաւորական շարժումը: Հայ Սոցիալ Դեմոկրատները կը գտնէին, որ առանց շօշափելի օգուտի կամաւորական շարժումը կը նետէ մեզ Ռուսաստանի գիրկը, այսինքն՝ Դաշնակիցներու գիրկը, որով մեր հարեւան թուրքերն ու վրացիները թշնամանքով կը վերաբերէին մեզ:

Որոշ ճշմարտութիւն կար այս քննադատութանց մէջ: Սակայն, պէտք էր ընդհանրապէս փոխել հայ քաղաքականութիւնը տաճիկներու հանդէպ: Վրաց Սոցիալ Դեմոկրատ ականաւոր գործիչներէն մեկը, զրոյցի մը մէջ ինձ ըսաւ, թէ իրենք լսել անգամ չեն ուզեր կամաւորական բանակի մասին՝ “Բաւական է, որ 200 հազար վրացիներ կը կռուին ռուսական ճակատներու վրայ”: Ընդհակառակը, վրացիները մէկ կամաւորական խումբ կազմեցին, որ կռուեցաւ թուրքերու կողքին ռուսներու դէմ: Երկդիմի այս քաղաքականութիւնը չվնասեց վրացիներուն:

Վորոնցով-Դաշկովի մեկնումէն ետքը, ռուսները առին Էրզրումը… Կամաւորական խումբերու անհրաժեշտութիւնը կը դառնար աւելորդ: Սկսուեցաւ հաշուեյարդարը: Նախ՝ ազատ արձակուեցան անոնք, որ կը կամենային հանգստի կոչուիլ: Մնացած մասերը վերածուեցան ռուսական գունդերու, որոնց գլխաւորեցին ռուս կամ հայ զինուորականներ: Արձակուեցան հայ հրամանատարները: Եւ 1916 թուի գարնանը վերջացաւ կամաւորական բանակներու վերակազմութիւնը, որով ան ունեցաւ երկու տարուան գոյութիւն, 1914 թ. ամառէն մինչեւ 1916-ի ամառը:

Հայրենիք ամսագիր, թիւ 12, հոկտեմբեր 1932, էջ 155-162: