Հեղափոխութիւնը կլանեց Սփիւռքի նախարարութիւնը. Ժիրայր Չոլաքեան, «Նոր Յառաջ»

927

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆԻ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆԸ ՓԱՐԻԶԻ «ՆՈՐ ՅԱՌԱՋԻ» ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 27-Ի ԹԻՒԻՆ ՄԷՋ

Ըստ վերջին լուրերուն, խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններէն ետք նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ պիտի ջնջուի Սփիւռքի նախարարութիւնը, նոյնպէս՝ Մշակոյթի նախարարութիւնը։ Բազմաթիւ հակազդեցութիւններ հրապարակուեցան Սփիւռքի նախարարութեան անհետացումին վերաբերեալ։ Եթէ շատեր կը քննադատէին նախարարութեան գործունէութեան արդիւնաւէտութիւնը, քիչեր կը դժգոհէին անոր գոյութենէն։ Թաւշեայ յեղափոխութիւնը հարցականի տակ առաւ այդ գոյութիւնը։

Արդարեւ, նախքան խորհրդարանական ընտրութիւնները, Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան, Վահէ Սահակեանի հետ գործակցաբար հրապարակեց Սփիւռքի քաղաքականութեան ռազմավարութեան նախագիծ մը, որ միաժամանակ նկատի առած է Սփիւռքէն չորս մտաւորականներու՝ Խաչիկ Թէօլէօլեանի, Ռազմիկ Փանոսեանի, Արա Սանճեանի եւ Հրաչ Չիլինկիրեանի խորհուրդները։ Սակայն, շատ պարզ է, որ արդէն երկար ժամանակէ ի վեր Նիկոլ Փաշինեան յստակ պատկերացում մը ունէր Սփիւռքի հետ յետագայ յարաբերութիւնները մշակելու եւ զարգացնելու վերաբերեալ։

Մնալով յեղափոխութեան առանցքին վրայ, Փաշինեան կը մեկնի հիմնական հետեւեալ տեսակէտէն, որ Հայաստանցին Հայաստան ապրելով հանդերձ վերածուած է Սփիւռքահայու՝ անոր մէջ կոտրած ըլլալով յոյսը ապագայի հանդէպ։ Հետեւաբար հարկ է, որ Հայաստանի քաղաքացին դառնայ տէրը իր երկրին եւ նոյն տրամաբանութեամբ ալ՝ Սփիւռքահայը։ Փաշինեան բազմիցս արտայայտած է այն կարծիքը, որ ջնջուած է Հայաստանը եւ Սփիւռքը սահմանազատող անջրպետը, քանի Սփիւռքահայը ունի կամ պիտի ունենայ այն նոյն հնարաւորութիւնը, որ ունի Հայաստանցին։ Պարզապէս Հայաստանի եւ Սփիւռքի սահմանները ջնջուած են։ Բոլոր Սփիւռքահայերը կ’ընկալուին արտագաղթած՝ Հայաստանի քաղաքացիներ։

Փաշինեան նման կարծիք յայտնած էր Փարիզ այցելութեան ընթացքին, երբ համայնքին հետ հանդիպումի ժամանակ, ան ներկաներուն դիմեց որպէս Հայաստանի հպարտ քաղաքացիներ։ Եւ երկարօրէն հիմնաւորեց հանրութեան դիմելու իր այս ձեւը, ըսելով որ Սփիւռքահայը Սփիւռքէն մասնակցեցաւ Հայաստանի մէջ յեղափոխական շարժումին նոյնքան որքան Հայաստանի ժողովուրդը, գիշեր-ցերեկ հետեւելով անցուդարձերուն, հոգեպէս գօտեպնդելով ժողովրդական շարժումը, հեռակայ ձեւով իր զօրակցութիւնը յայտնելով, Սփիւռքի մէջ վերագտնելով իր հայ քաղաքացիի ապրումները։

Մնալով Փաշինեանի պատկերացումներու սահմանին մէջ, այո՛, կարելի է համաձայնիլ իր հետ որ արտագաղթած Հայաստանի քաղաքացին պէտք չունի Սփիւռքի նախարարութեան։ Անոր մէջ Հայաստանի հետ կապը կը մնայ պորտային, օրկանական։ Թէեւ արտասահման ծնած երկրորդ սերունդը արդէն բոլորովին կը տարբերի գաղթական սերունդէն։ Եւ ո՜ւր մնաց արեւմտահայ Սփիւռքահայը, որ ընկերամշակութային, լեզուական եւ ընտանեկան հսկայական տարբերութիւններու տէր է։

Յեղափոխութեան տրամաբանութեան մէջ մնալով՝ Փաշինեան կ’ապաւինի Հայութեան մէջ ներուժի արթնութեան, կը հաւատայ յեղափոխութիւն կատարած ժողովուրդին ներուժին վարակիչ յատկութեան։ Սփիւռքը կը դիտէ յեղափոխութեան ակնոցով, մէկ պարունակի մէջ, առանց սահմանազատելու աւանդական Սփիւռքն ու սփիւռքացումի ենթակայ գաղթականները։

Յեղափոխութեան տրամաբանութիւնը կը մնայ հայաստանակեդրոն։ Ան հեռու է Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի հրապարակած ռազմավարական նախագիծին տրամաբանութենէն։ Ներկայ դրութեամբ Հայաստանի կառավարութիւնը կը շարժի Փաշինեանի պատկերացումներով։ Օրը կու գայ երբ քաղաքական իրականութիւնը ինքզինք կը պարտադրէ նոր հրամայականներով։

Այլապէս, ինչպէս որ Սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումը կատարուեցաւ առանց Սփիւռքահայութեան կարծիքը առնելու, նոյնպէս անոր անհետացումը կը կատարուի զանցելով այդ քայլը։