Սիրելի՛ հոգեւորականներ,
Ամէն գնով հեռու մնացէ՛ք քաղաքական գործիչներէն՝ «ներկաներէն» ու «նախկիններէն», ձեզ փառաբանողներէն ու ձեզ դատափետողներէն։ Նուազագոյն կասկածն անգամ չունիմ, որ Հայաստանի քաղաքական ներկայ երկու ճամբարներէն առտու-իրիկուն ձեզմէ իւրաքանչիւրին կողմ կամ դէմ կուրծք ծեծողներուն համար, Եկեղեցին ՄԻՋՈՑ Է ՄԻԱՅՆ յանուն իրենց քաղաքական նկրտումներուն։ Ձեզ պիտի մեծարեն միա՛յն այնքան ատեն, որ հլու էք իրենց քաղաքական նպատակներուն, երբ ձեր խօսքով ու գործով իրենց զինամթերք կը տրամադրէք, որ շարունակեն կրակոցներու տակ պահել իրենց քաղաքական մրցակիցները։ Կրնայ ըլլալ որ անոնց մէկ մասը համոզուած է իրենց ըսածներուն կամ գրածներուն, բայց միաժամանակ նոյն անձինք յամառ ու կոյր դարձած են իրեն նման չմտածող այլ հայերու մտահոգութիւններուն հանդէպ։ Այդպիսի մտասեւեռում որեւէ դրական արդիւնք չի բերեր հաւաքականութեան մը ներսը ընթացող հակամարտութիւններուն։ Քաղաքականացուած այդ տարրերը մէկ ակնթարթ անգամ պիտի չվարանին ձեզ անուանարկելէ, ամբաստանելէ, անիծելէ՝ եթէ մատնաչափ մը հեռանաք իրենց նախընտրած գիծէն։ Հայաստանի մէջ առկայ բեւեռացուած վիճակին մէջ, անոնք այսօր հակամէտ են իրենց պաշտպանած հոգեւորականները միա՛յն ու միա՛յն մղելու, որ աւելի ծայրայեղ, հակոտնեայ դիրքեր բռնեն։ Ու յետո՞յ… Ո՞ւր է վերջակէտը։
Քիչ մը անցնիմ երեւակայութեան։ Եթէ 1952-63-ի Անթիլիասի տագնապի գլխաւոր կրօնական դէմքերէն իւրաքանչիւրին՝ Զարեհ ու Խորէն կաթողիկոսներուն, Խադ արքեպիսկոպոս Աջապահեանին, իրենց կեանքի վերջաւորութեան առիթ ըլլար հարցնելու թէ ի՛նչ կը մտածէին տագնապի գագաթնակէտին համապատասխանաբար իրենց զօրակցած կամ զիրենք քաջալերած կուսակցութեան կամ անոր հակառակորդ կուսակցութիւններուն մասին, ես վստահ եմ, որ միայն յուսախաբութեան ու թերեւս նոյնիսկ դժգոհութեան խօսքեր պիտի լսէինք իրենցմէ՝ երեքէն ալ՝ ուղղուած այդ օրերու քաղաքական երկու ճամբարներու աշխարհական առաջնորդներուն։
Եթէ պատմութենէն դասեր քաղել կայ, ինչպէս կ’ընդգծեն շատեր, մէջբերած օրինակս կրնայ այդպիսիներէն ըլլալ։ Լուրջ նախազգուշացում մը։
Քաջաբար ընդունինք ճշմարտութիւնը։ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ խնդիրները լուրջ են, յաճախ՝ երկարաժամկէտ, շա՜տ աւելի խոր՝ քան այսօրուան դերակատարներուն անհատական թերութիւնները։ Այս խնդիրները անկասկած խոր ուսումնասիրութեան, երկար ու համակողմանի քննարկումներու եւ արմատական լուծումներու կարիք ունին։ Բայց այդ անհրաժեշտ փոփոխութիւնները պէտք է իրագործուին միա՛յն Եկեղեցիին, անոր հետեւորդ ժողովուրդին մտահոգութիւնները հաշուի առնելով եւ … քաղաքական գործիչներուն թողլով իրենց քաղաքական (իշխանատենչական) պայքարները։ Բարձր պաշտօններ վարող հոգեւորականներուն կը մնայ իրենց շրջանակէն ներս գտնել այդ լուծումները յայտնաբերելու եւ իրագործելու գործիքակազմը։ Այլապէս, յիշենք թէ Անթիլիասի տագնապին հետեւանքները գրեթէ 70 տարի ետք անլոյծ են, նոյնիսկ՝ եթէ նախկին սրութիւնը բարեբախտաբար չունին… Եւ այսօր՝ այդ լուծումներու գտնելու ճամբուն վրայ, ընդհանրապէս անկարեւոր է պատմագիտական այն հարցումը թէ 1952-63-ի տագնապը ո՛ր կողմին յանցանքով սկիզբ առած էր։
ԱՋԱԿՑԵ՛Ք ԱՆԻ կենտրոնին՝ նպատակ տողում գրելով ՆՎԻՐԱՏՎՈՒԹՅՈՒՆ բառը
ԱՆԻ կենտրոնի հաշվեհամարներն են՝ ԻՆԵԿՈԲԱՆԿ
2050822110581001 – Հայկական դրամ
2050822110581020 – Դոլարային հաշիվ
2050822110581040 – Հաշիվ եվրոյով
2050822110581041 – Հաշիվ ռուսական ռուբլով













