Շնորհաւոր Նոր տարի:
Դպրոցէն զարիվար իջնելով, պիտի նստիմ դէպի արեւելեան Հալէպի տակաւին աւերակներու կոյտ Շա՛ար թաղամաս տանող հանրակառքը, որ միշտ լեցուն կ’ըլլայ խոժոռ, անժպիտ դէմքերով եւ բանուորական հագուստներով երթեւեկող մարդոցմով, դէմքերը ծածկուած կանանցով եւ ցնցոտիաւոր պատանիներով: Այս գիծի հանրակառքերուն մեծ մասին ապակիները կը մնան կոտրտուած…Հանրակառքէն պիտի իջնեմ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մօտ:
Քէմբի Ս.Խաչ եկեղեցւոյ փոխարէն 1937-ին կառուցուած, երբեմնի այս շէն եկեղեցին, Հալէպ քաղաքի խաղաղութիւն վերագտնելէն մէկ տարի ետք, տակաւին լքուած վիճակ մը ունի, անոր կից Մեսրոպեան վարժարանը փակուած էր տագնապի տարիներէն առաջ, որովհետեւ արդէն անչափ նուազած էր աշակերտներուն թիւը, երբեմնի հայաշատ այս թաղամասը ամբողջութեամբ լքուած էր մեր հայրենակիցներուն կողմէ, մարաշցիներու (եւ զէյթունցիներու) կառուցած այս եկեղեցին աշխոյժ կը մնար, խունկ կը ծխէր եւ մոմ կը վառէր որովհետեւ այլ թաղամասերէ հոս աղօթելու գային, քանի որ Հալէպի միակ Էջմիածնական եկեղեցին էր: Փա՛ռք Աստուծոյ հիմա մեղմացած են Էջմիածնական-Անթիլիասական փոխ-յարաբերութիւնները եւ մառած են կիրքերը:
Եկեղեցին փակ է: Պիտի խաչակնքեմ, Հալէպի եւ համայն հայութեան համար «Տէրունական» աղօթքը պիտի մրմնջեմ եւ նեղլիկ փողոցներէն անցնլով քայլերս պիտի ուղղեմ դէպի Զարէհ Կաթողիկոսի անունը կրող լայն պողոտայ, պիտի տեսնեմ տակաւին չնորոգուած հայկական բնակարաններ ու գործատեղիներ, պիտի անցնիմ Քարէն Եփփէ Ազգային ճեմարանին առջեւէն, որ վերջերս փառաւորապէս տօնեց իր հիմնադրութեան 70 ամեակը- ամբողջ հայութեան ի սպաս 70 բեղմնաւոր տարիներ էին անոնք, եւ կը հաւատամ որ ինչպէս հայկական կրթական միւս օճախները, այս ազգօգօւտ հիմնարկն ալ տակաւին բազում տարիներ պիտի ծառայէ ամբողջ հայ ազգին, մնալով հայեցի կրթութեան եւ արեւմտահայերէնի անփոխարինելի դարբնոց:
Պիտի անցնիմ Տիգրանեան սրահին առջեւէն, պիտի բարեւեմ պահակ հայ տղաքը, պիտի շնորհաւորեմ անոնց Նոր տարին, անոնք ժպիտով պիտի պատասխանեն ինծի, պիտի հասնիմ հայօրէն անդադրում աղօթող , 1933 թուականին օծուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, որուն կից գտնուող Ազգային Պատսպարանը երբեք չլքուեցաւ, միշտ վայելեց բարձր հովանաւորութիւնը Բերիոյ Թեմի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյն, եւ ուր պատսպարեալները քանի մը օր առաջ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսին ընկերակցութեամբ մեծ ուրախութեամբ դիմաւորեցին 2018 տարին:
Տխրօրէն պիտի նայիմ կանգուն, բայց կիսադատարկ ազգապատկան «Կիլիկիա» հսկայ բնակարանային համալիրին եւ ուղիղ՝ դէպի Ծերանոց երթալու փոխարէն մտովին բարի տարի մաղթելով, իրենց զաւակներուն կողմէ լքեալ, բայց երեք հայ համայնքներու եւ անոնց պետերուն պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ հայկական բարեսիրական միութիւններուն աջակցութիւնը վայելող մեր մամիկներուն ու պապիկներուն, քայլերս պիտի ուղղեմ արեւմուտք, պիտի հասնիմ աւելի քան յիսուն տարիներ առաջ կառուցուած Ս.Երրորդութիւն՝ Զուարթնոց Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին: Այս եկեղեցին ալ մեծապէս վնասուեցաւ իր վրայ ինկած ռումբ հաուներէն՝ հրասանդներէն. տագնապի տարիներուն հոս եւս կատարուեցան Ս. Պսակի եւ մկրտութեան խորհուրդներ, հոս եւս կատարուեցան հայ հերոս նահատակներու եւ զոհերու թաղման արարողութիւններ…
Գաղթի պատճառաւ մեծապէս նուազեցաւ եկեղեցի յաճախողներուն թիւը, չէ՞ որ Հալէպ մնացած հայ կաթողիկէ 1250 ընտանիքներէն միայն մօտաւորապէս 300 ընտանիք հայախօս են. այո՛, ինչպէս ամբողջ հայութեան այնպէս ալ այս համայնքին աւելի քան երկու երրորդը հեռացան երկրէն: Եկեղեցիին կից կայ նաեւ Զուարթնոց միջնակադգ վարժարանը. կը նկատէ՞ք , թերեւս Հալէպը միակ գաղութն է, որ եկեղեցիի կողքին անպայման կայ դպրոց, յաճախ նաեւ միութիւն, այս երեքէն առնուազն երկուքը միշտ իրար միախառնուած են:
Պիտի բարձրանամ թէլէֆոն Էլ-Հաուաի փողոցի զարիվերով, կը հասնիմ Միս Պիւլ մեծ հայասէրի կեդրոն, ուր կը շարունակուին Պիւլ Մայրիկի բարեսիրական գործերը. այդ կեդրոնին մէջ տասնամեակներէ ի վեր գործեն Հ. Գարակէօզեան ու Վ. Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ բարեսիրական հաստատութիւնները, որոնք տագնապի տարիներուն տասնապատկեցին իրենց ազգօգուտ ծառայութիւնները եւ հիմա ալ կը շարունակեն նոյն կերպ ծառայել ամբողջ գաղութին:
Այս կեդրոնէն հարիւր մեթր անդին 1922 թուականէն ի վեր դէպի երկինք կը խոյանայ Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցին, ներկայիս հոս կը գտնուի նաեւ Համայնքապետարանը, եկեղեցւոյ կից աւելի քան 90 տարիներէ ի վեր կը գործէ Բեթէլ վարժարանը: Հոս բացուած է նաեւ դարմանատուն մը՝ ծառայելու մանաւանդ նիւթապէս անկար մարդոց: Տագնապի տարիներուն այս եկեղեցին օրհնութիւն եղաւ ոչ միայն Հայ Աւետարանական համայնքին, այլ ամբողջ գաղութին:
Ցեղասպանութեան 100 ամեակին Համայնքապետ Սելիմեանի ջանքերուն շնորհիւ Եկեղեցւոյ դիմացի փողոցը կոչուեցաւ հայ ազգի մեծ զաւակ, որբահաւաք վերապատուելի Ահարոն Շիրաճեանի անունով: Այս փողոցէն պիտի քալեմ դէպի Սուլէյմանիէ: Միայն մի քանի հարիւր մեթր երկարութիւն ունեցող այս փողոցին վրայ կան երկու արաբական դպրոցներ, կայ հայ հոգեւոր եղբայրակցութեան աշխոյժ կեդրոն մը, կայ նաեւ մեր հոգիները պարուրող, մեզ լաւատեսութեամբ վարակող, մեզ գօտեպնդող Կիւլպէնկեան Վարժարանին շէնքը. այս շէնքին մէջ ապաստան գտան վտանգաւոր շրջաններէ տարագրեալ հայկական Ազգային Վարժարանները եւ հիմա կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը որպէս Ազգային Միացեալ Վարժարան:
Տագնապի տարիներուն հոս ապաստան գտաւ նաեւ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, որուն 70 ամեակի հանդիսութիւնը կատարուեցաւ նոյն այս շէնքին մէջ գտնուող Գէորգ Եսայեան հանդիսասրահի մէջ: Ուսումնական այս տարին, Ճեմարանին իր մայր շէնք փոխադրուիլը Հալէպահայուն սրտին եւ մտքին մէջ Գաղութին վերականգման հանդէպ հաւատք տածելուն ամենակարեւոր քայլը կը հանդիսանայ եւ լաւատեսութիւն կը սերմանէ մեր վիրաւոր հոգիներուն մէջ՝ կարենալ ըսելու.
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ:
Հոս պիտի դադրիմ մեր փողոցներուն մէջ մտովին քալելէ, վաղը շարունակելու հաստատական միտումով:
Մանուէլ Քէշիշեան
Հալէպ, 1 Յունուար 2018