Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Նաեւ «Ուղղափառ» Ըլլալ-Չըլլալու Մասին

3260

Բառերն ու եզրերը յաճախ ունին իրենց ուրոյն կեանքը՝ ի յաւելումն իրենց սկզբնական բառարանային իմաստին։ Մերթ ընդ մերթ, անոնց օգտագործման հանդէպ թեր եւ դէմ դիրքորոշումներ կը գոյանան՝ պատմական զարգացումներու պատճառով։

Օրինակ՝ մինչեւ 1054 թուականի խզումը (The Great Schism) թէ՛ Հռոմի, թէ՛ Կոստանդնուպոլսոյ աթոռները իրենք զիրենք կը համարէին ե՛ւ «կաթողիկէ» (տիեզերական) ե՛ւ «ուղղափառ» (orthodox)։ Միայն այդ պառակտումէն ետք է, որ աստիճանաբար, 12-րդ դարու կէսերուն, Հռոմի աթոռին ենթակաները սկսան յորջորջուիլ «կաթողիկէ», իսկ Կոստանդնուպոլսոյ հետեւորդները՝ «ուղղափառ»։ Ժամանակակից մասնագէտները կը պնդեն թէ այդ երկու ածականները վերջնականապէս իրարու հակադիր անուանումներ սկսան համարուիլ միա՛յն երբ 1204-ին Հռոմի հետեւորդ խաչակիրները նուաճեցին ու մի քանի տասնամեակ իրենց իշխանութեան տակ պահեցին Կոստանդնուպոլիս մայրաքաղաքը։

Հայերը եւ մի քանի այլ եկեղեցիներ՝ քրիստոսաբանական տարակարծութիւններու հետեւանքով, արդէն համաշխարհային եկեղեցիէն հեռացած էին 5-6-րդ դարերուն՝ կաթողիկէ-ուղղափառ խզումէն մօտ 500 տարի առաջ։ Այսօր, եկեղեցիներու համեմատաբար փոքր այս խումբը կրօնագիտական գրականութեան մէջ կ’անուանեն Oriental Orthodox Churches` զանոնք տարբերելու համար Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան որդեգրած դաւանաբանութեան հետեւորդ Eastern Orthodox Church-երէն։ Չեմ գիտեր թէ արդի հայերէնի մէջ East եւ Orient անունները տարբեր թարգմանութիւններ ունի՞ն, եւ թէ այս երկու բառակապակցութիւնները ժամանակակից հայերէնի մէջ ինչպէ՛ս պէտք է տարբերակել։ Ես գէթ առ այսօր չեմ հանդիպած այդ երկու հոմանիշ բառերուն համապատասխանող երկու տարբեր հայերէն բառակերտումներու։

Առ ի հետաքրքրութիւն, ըսեմ թէ Oriental Orthodox Church-երը (ներառեալ Հայաստանեայցը) օրինական կը համարեն առաջին երեք տիեզերական ժողովները։ Eastern Orthodox Church-երը՝ առաջին եօթը, իսկ Հռոմ կեդրոնով Կաթողիկէ Եկեղեցին՝ 21, որոնցմէ վերջինը գումարուեցաւ 1960-ական թուականներուն։

Հայաստանեայց Եկեղեցին՝ որոշ պարագաներու, իր ներքին խօսոյթին ու գրագրութիւններուն մէջ ինքզինք կը ներկայացնէ նաեւ իբրեւ «կաթողիկէ» եւ «ուղղափառ»։ Այդ ածականներն օգտագործելը հերետիկոսութիւն չէ Հայաստանեայց Եկեղեցիէն ներս։ Բայց, հանդէպ արտաքին աշխարհին, ան կը խուսափի ներկայանալ այդ երկու մակդիրներով՝ օտարին մօտ դաւանաբանական շփոթ չառաջացնելու համար։

Այսուհանդերձ, յետօսմանեան երկիրներուն մէջ, օրինակ՝ Լիբանան ու Սուրիա, անոնց համընդհանուր հասարակութիւններուն մօտ շատ տարածուած է Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին կոչել Armenian Orthodox Church։ Այս անուանումն այսօր բնաւ չ’ընկալուիր իբրեւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ենթակայութիւն Greek (բիւզանդական) Orthodox Church-ին կամ դաւանաբանական միասնութիւն վերջինիս հետ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կայքէջին անունն է. <www.armenianorthodoxchurch.org

Անձնապէս, լիբանանահայ առաքելական համայնքին մասին անգլերէն գրութիւններուս մէջ կ’օգտագործեմ Armenian Orthodox Church եւ Armenian Orthodox community եզրերը՝ Լիբանանով հետաքրքրուած ոչ-հայերը շփոթի չմատնելու համար. ատոնք լիբանանեան պետութեան մօտ Հայաստանեայց Եկեղեցիին եւ անոր շուրջ բոլորուած համայնքին պաշտօնական անուններն են։ Եղած են ինծի ընկերական դիտողութիւններ՝ Լիբանանէ դուրս բնակող ծանօթներէ, թէ Հայաստանեայց Եկեղեցին Orthodox անուանելս դաւանաբանօրէն ճիշդ չէ՝ հաշուի առնելով Orthodox եզրին միջազգային կրօնագիտական ընկալումը։ Բայց, ստիպուած եմ հաւասարակշռութիւն պահել լիբանանահայութեան լիբանանեան-պետական ու համահայկական-զուտ կրօնական տեսանկիւններէն նայող ընթերցողներու հայեցակէտերուն միջեւ։ Armenian Apostolic կամ Armenian Orthodox ձեւերէն ո՛ր մէկը ընտրելու ժամանակ, ինծի համար կարեւոր կը դառնայ, թէ մտքիս մէջ ո՛վ է անգլերէնով տուեալ գրութեանս հիմնական ընթերցողը։ Առաջին անգամ, երբ այդ բառը կը պատահի գրութեանս մէջ, տողատակին կարճ կը բացատրեմ անոր երանգները եւ ապա հետեւողականօրէն կ’օգտագործեմ Armenian Orthodox բառակապակցութիւնը։

Հայաստանեայց եւ բիւզանդական եկեղեցիներն արդէն բաժնուած էին երբ անոնք առաջին անգամ յայտնուեցան իսլամական գերիշխանութեան տակ։ Մահմետական իրերայաջորդ հարստութիւններ (dynasty)՝ մինչեւ օսմանեանը, անշեղօրէն հայ եւ բիւզանդացի/յոյն եկեղեցական համայնքներուն հետ վերաբերեցան իբրեւ անջատ կառոյցներ ու հաւաքականութիւններ։ Կայսերական իշխանութենէ զրկուած բիւզանդական եկեղեցին այլեւս ոյժ չունէր Հայաստանեայցին քաղկեդոնական դաւանանք ու վարչական ենթարկութիւն պարտադրելու, եւ այդ եւ երկու նուաճուած, բայց իրարմէ անկախ եկեղեցիները միաժամանակ Orthodox անուանելը մտահոգութիւն չէր պատճառեր անոնցմէ թուաքանակով աւելի փոքրին՝ Հայաստանեայցին։

Դէպքերը տարբեր ընթացք ունեցան եւ տարբեր զգայնութիւններ ստեղծեցին 19րդ դարուն ռուսական «ուղղափառ» տիրապետութեան տակ յայտնուած Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ արեւելեան հատուածին համար։ Վերջինս տեսաւ թէ իր հարեւան, ուղղափառ վրացիին գերիշխան, ինքնագլուխ (autocephalous) եկեղեցին ցարերու օրօք ինչպէ՛ս կուլ գնաց դաւանակից, բայց աւելի մեծ ու հզօր՝ ռուսական եկեղեցիին ծաւալապաշտական ձգտումներուն։ Ռուսական տեսանկիւնէն ոչ-ուղղափառ Հայաստանեայցը նոյն հարիւրամեակին գոնէ ունեցաւ իր Պոլոժենիան։ Յետագային, նոյնիսկ «անհաւատ» ռուս համայնավարներու օրօք, Քրեմլինին ենթակայ ռուս պատրիարքը հայոց Վազգէն Ա. Վեհափառին պաշտօնական նամակ կը գրէր՝ առաջարկելով երկու եկեղեցիներու միաւորումը եւ – ի՜նչ հեգնանք (irony) – հայ կրօնապետին ստացուած խնդրանքն անտեսելու համար կորով կը հաղորդէն … հայ «անհաւատ» համայնավար հանրապետական ղեկավարները։

Ուժերու չափազանց տարբեր յարաբերութիւններու առ ի հետեւանք, ուղղափառ/orthodox ածականի օգտագործումը այսպիսով, ժամանակի ընթացքին կը սկսէր տարբեր երանգ ստանալ արեւմտահայերու եւ արեւելահայերու մօտ։ Երբ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմէն ետք, ամերիկահայ առաքելականներու այդ օրերու առաջնորդ Տիրան Սրբազան Ներսոյեանը – անկասկած, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ 20-րդ դարու ամենազարգացած հոգեւորականներէն մէկը – կ’առաջարկէր՝ ամերիկեան միջավայրին մէջ աւելի ընկալելի դառնալու համար, պաշտօնապէս որդեգրել Armenian Orthodox Church անունը, ան դէմ յանդիման կը գտնուէր խորհրդային թաթի անմիջական ազդեցութեան տակ նստած իր վերադասին՝ Գէորգ Զ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կարծր մերժումին։ (Գէորգ Վեհափառի ու Տիրան Սրբազանի միջեւ այս հարցին շուրջ փոխանակուած նամակներէն փունջ մը կարելի է գտնել ու կարդալ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք լոյս տեսած «Վաւերագրեր Հայ Եկեղեցու պատմութեան» բազմահատորեակին մէջ։)

Գրութեանս սկիզբը հաստատեցի թէ բառերն ու եզրերը յաճախ կ’ունենան իրենց ուրոյն պատմութիւնը։ Աւարտեմ աւելցնելով թէ ներկայացուցած օրինակս ապացոյց է թէ անոնք կրնան ունենալ նաե՛ւ իրենց աշխարհագրական-քաղաքական այլազան երանգները…

Արա Սանճեան

Աղբյուրը՝ սեղմել այստեղ

Դոկտոր Արա Սանճեան Միչիգանի Համալսարանի Դիրբոռնի մասնաճիւղին մէջ հայոց ու մերձաւոր-արեւելեան պատմութեան դասախօս է,  ինչպէս նաեւ տեղւոյն Հայագիտական Հետազօտութեանց Կեդրոնի վարիչը։