Հայագիտական բնոյթի նոր հատորներ. կը ներկայացնէ Գէորգ Եազըճեան

1517
Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէ հայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսած` հայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններուն` ի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեան, մասնաւորաբար` գրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներուն:

 

«Արամ Խաչատրեան (Aram Khachaturian)», թարգմանիչ՝ Սթելլա Լորեցեան, «Արմաւ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2023, 260 էջ (21 x 29,7 սմ.) (բարձրորակ եւ գեղատիպ հրատարակութիւն, աշխարհահռչակ երգահանի կեանքը, վաստակն ու մտորումները, ասոյթներ անոր մասին, մամուլի արձագանգներ, նամակներէ հատուածներ, ազդագիրներ, ձեռագիր նօթեր, երաժշտական գործերուն ցուցակը եւ այլն, գունաւոր եւ սեւ-ճերմակ հարիւրաւոր լուսանկարներ) (անգլերէն): Հրատարակուած է ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան դրամաշնորհով՝ երգահանի ծննդեան 120-ամեակի առթիւ:

– Չոլաքեան Յակոբ, «Փլող դպրոցները», հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2024, 180 էջ (14,5 x 20 սմ.) (պատումներ եւ յուշեր Քեսապի շրջանի 20-րդ դարու կէսի կեանքէն՝ ազգագրական եւ բանահիւսական նիւթերով համեմուած): Գիրքը հրատարակուած է Յակոբ Գ. Յակոբեանի մեկենասութեամբ:

«1919-1920 թթ. Հայաստանի Հանրապետութեան վերաբերեալ Ազգերի լիգայի ընդունած փաստաթղթերի ժողովածու», Ա. Մ. Ն., 2024:

«Հայ ժողովրդական հեքիաթներ», 19-րդ հատոր, կազմող, յառաջաբանի հեղինակ եւ հրատարակութեան պատրաստող՝ Թամար Հայրապետեան, ՀՀ ԳԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2024 (1915-1916 թուականներուն Երուանդ Լալայեանի՝ Շատախի գաւառի գաղթականներէն գրառած 78 հեքիաթ): Լոյս տեսած է ՀՀ ԳԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդի որոշումով:

– Ղազարեան Խաչիկ, «Արեւմտահայ երաժշտութիւնը Փոքր Ասիայէն Միացեալ Նահանգներ (Western Armenian Music: from Asia Minor to the United States)», Գալիֆոռնիոյ նահանգային համալսարանի Հայկական մատենաշար թիւ 18, մատենաշարի գլխաւոր խմբագիր՝ Պարլոու Տէր Մկրտիչեան, Գալիֆոռնիոյ նահանգային համալսարանի հրատարակչութիւն, Ֆրեզնօ, 2023, 503 էջ (անգլերէն):

– Շահին Հուրիէ, «Համշեցնակ լիզու գիտանութուն – Համշինճէ տիլ պիլկիսի» (Hamşetsnak Lizu Kidanutun – Hemşince dil bilgisi), «Իզան» (Izan) հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, 2024 (Համշէնի բարբառի քերականութիւնը՝ թրքերէն բացատրութիւններով):

«Վերածնունդ – 101 հայ բանաստեղծութիւն 1890-1989 (Rinascita – 101 poesie armene 1890-1989)», կազմող եւ թարգմանիչ՝ Մարիամ Երեմեան, յառաջաբանի հեղինակ՝ Մարքօ Պաիս, «Ֆուորիլինէա» (Fuorilinea) հրատարակչութիւն, Իտալիա, 2024, 160 էջ (ընտրուած բանաստեղծութիւններ, հեղինակներու հակիրճ կենսագրութիւններ) (իտալերէն):

– Օկանեսեան Սուրէն Հ., «Սթալինի արեւի տակ. Փախուստս սիպերիական համակեդրոնացման ճամբարէն» (Under Stalin’s Sun: My Escape from a Siberian Gulag), հայերէնէ անգլերէնի թարգմանիչ՝ Մուրատ Ա. Մենէշեան, նախաբանը՝ Քնարիկ Օ. Մենէշեանի, «Փոմըկրընէյթ միւզիք» (Pomegranate Music) հրատարակչութիւն, Ա. Մ. Ն., 2 նոյեմբեր 2023, 96 էջ (15,1 x 22,7 սմ.) (հեղինակի՝ 1960-ականներու կէսին Պոսթոնի «Հայրենիք» ամսագիրին մէջ լոյս տեսած յուշագրութիւնը 1930-1940-ականներուն իր սիպերիական աքսորին մասին) (անգլերէն):

– Օհանեան Տանիէլ, Պաթիկեան Կապրիէլլա եւ Կարապետեան Սալբի (կազմողներ), «Էջեր գանատահայ պատմութենէն. Արարատ ամսաթերթերը (1926-1929)» (Pages from Armenian-Canadian History: The Ararat Monthlies, 1926–1929), Ցեղասպանութեանց ուսմանց «Սառա Քորնինկ» կեդրոնի հրատարակչութիւն, Թորոնթօ (Գանատա), 2023, lxxviii + 750 էջ (հայերէն եւ անգլերէն):

Պատրաստեց

Գէորգ Նաթալի (Եազըճեան)