Սերժ Սարգսեանի համահայկական շրջայցը՝ Սփիւռքի արձագանգը. 2009ի Հոկտեմբեր

2248

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԱՅԵԱՑՔ ԱՐԱՐԱՏԷՆ. ՀԱՅԵՐԸ ԵՒ ԹՈՒՐՔԵՐԸ գիրքէն

Քսանեօթերորդ գլուխ

Դէպի Ցիւրիխ

ՙՃանապարհային Քարտէս՚` 24 Ապրիլի նախօրեակին

22-23 Ապրիլ 2009-ի գիշերը Հայաստանը եւ Թուրքիան միջնորդ Զուիցերիոյ հետ տարածեցին յայտարարութիւն մը` յառաջ բերելով հայաստանաբնակ հայութեան մէկ հատուածի եւ սփիւռքի մեծ մասի զայրոյթն ու դժգոհութիւնը: Քննադատութեանց հիմնական պատճառը ընտրուած օրն էր` Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակութեան ու ոգեկոչման նախօրեակը:

Միջազգային հանրութիւնը, ընդհակառակը, քաջալերեց Երեւանն ու Անգարան: Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտընը նախագահ Սարգսեանի հետ հեռաձայնային զրոյցին մէջ ՙլիովին սատարեց՚ Հայաստանին եւ Թուրքիոյ:

Արմէն Այվազեանը 23 Ապրիլ 2009-ը համարեց ՙԵրրորդ Հանրապետութեան գաղափարական եւ հայեցակարգային վախճանի օր՚: Ան դատապարտեց ՙակնյայտօրէն հակահայկական ՙՃանապարհային Քարտէս՚ը, զայն նկատելով ՙՀայկական Հարցի, Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագիրի եւ Սահմանադրութեան պահանջներու ուղղակի ոտնահարում՚, իսկ նախագահ Սարգսեանէն պահանջեց անյապաղ չեղեալ յայտարարել ՙՃանապարհային Քարտէս՚ը, ինչպէս նաեւ` ՙպաշտօնանկ ընել հայ ժողովուրդի կենսական շահերուն դէմ ոտնձգութիւն կատարած արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանն ու պաշտօնատար այն անձինք, որոնք նպաստած են նշուած համաձայնագիրի ընդունման՚:

Հ. Յ. Դ.ն ՙանընդունելի եւ դատապարտելի՚ յայտարարեց ՙՃանապարհային Քարտէս՚ին ստորագրումը, իսկ Հ. Յ. Դ.ի Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը 27 Մայիսին յայտարարեց համաձայնական դաշինքէն հեռանալու մասին: ՙՖութպոլային դիւանագիտութիւնը ձախողած է՚, իսկ մինչեւ հիմա ընթացող հայ-թրքական ՙկարգաւորման գործընթացը ծառայած է եւ կը ծառայէ բացառապէս Թուրքիոյ շահերուն՚,- կ’ըսուէր յայտարարութեան մէջ:

Տէր Պետրոսեանի ղեկավարած Հայ Ազգային Քոնկրէսը Հայաստանի իշխանութիւններէն պահանջեց ՙանյապաղ հրապարակել ողջ հայութեան շահերուն առնչուող փաստաթուղթը՚, յայտարարելով, որ քաղաքական գնահատականը կու տայ ատոր պաշտօնական հրապարակումէն ետք:

6 Ապրիլ 2009-ին, Սթամպուլի մէջ, միջազգային համաժողովի մը շրջանակներուն մէջ, Ա. Մ. Ն.ի նախագահը ՙոտքի վրայ՚ կարճ զրոյց մը ունեցաւ Զուիցերիոյ, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն հետ` քաջալերելով մօտ ապագային կնքել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները կարգաւորող համաձայնագիրը: Օպամայի խօսքերով` նախագահներ Կիւլն ու Սարգսեանը պատմական ու խիզախ քայլեր ձեռնարկած են, հայ-թրքական սահմանին բացումը կրնայ երկու ժողովուրդներուն խաղաղ ապագան ապահովել:

Նոյն օրը Անգարայի մէջ Կիւլի հետ համատեղ ասուլիսին, Օպաման յայտարարեց, որ իր տեսակէտները չէ փոխած, սակայն խուսափեցաւ ՙցեղասպանութիւն՚ բառէն, իսկ Թուրքիոյ խորհրդարանի իր ելոյթին մէջ ըսաւ. ՙԵս գիտեմ, որ 1915 թուականի սարսափելի իրադարձութեանց մասին այս խորհրդարանին մէջ կոշտ հայեացքներ առկայ են: Հայ եւ թուրք ժողովուրդներու յառաջընթացի լաւագոյն ուղին թափանցիկ, ազնիւ ու կառուցողական աշխատանքն է անցեալին վրայ՚:

Ա. Մ. Ն.ի նախագահը նախընտրական խոստումը չկատարեց եւ ՙցեղասպանութիւն՚ բառը չգործածեց: Արտաքին գործոց նախարար Նալպանտեանը, սակայն, նախագահ Օպամայի խօսքերը որակեց ՙքայլ մը յառաջ Միացեալ Նահանգներու միւս նախագահներուն` այդ կապակցութեամբ ըրած յայտարարութեանց համեմատութեամբ՚, ընդգծելով, որ շարադրանքին մէջ ՙշատ ուժեղ դրոյթներ կան՚: ՙՆախագահ Օպաման օգտագործեց ՙՄեծ Եղեռն՚ բառակապակցութիւնը: Մենք` հայերս, կ’օգտագործենք թէ՛ ՙցեղասպանութիւն՚ եւ թէ՛ ՙՄեծ Եղեռն՚ հասկացութիւնները: Բայց ի հարկէ, հայութիւնը կը սպասէր, որ նախագահը կ’օգտագործէ ՙցեղասպանութիւն՚ բառը՚,- ըսաւ Նալպանտեանը:

24 Ապրիլի նախօրեակին տուած հարցազրոյցի մը մէջ11 նախագահ Սարգսեանը նշեց, որ ՙհայերը չէ, որ Միացեալ Նահանգները Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը ճանչնալու կը դրդեն՚ եւ ո՛չ ալ ՙմարդիկը իրենց ազգային շահերուն եւ բարոյական կեցուածքին միջեւ երկընտրանքի կը դրդենք՚: Միացեալ Նահանգներն Օսմանեան Կայսրութեան մէջ ունեցած են դիւանագէտներ, միսիոնարներ, Ցեղասպանութեան տարիներուն հոն գործած են ապահովագրական ընկերութիւններ, հետեւաբար` ՙՄիացեալ Նահանգները կը տիրապետեն Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բաւականաչափ նիւթերու, որոնք համոզիչ էին ինչպէս տարիներ առաջ, այնպէս ալ այսօր՚: Սարգսեանի խօսքերով, ՙԱ. Մ. Ն.ը կը ճանչնայ Ցեղասպանութիւնն այն պահուն, երբ անհրաժեշտ նկատէ՚: Միւս կողմէ, նախագահն ընդգծած է, որ չ’ուզեր Ցեղասպանութեան հարցը խոչընդոտ տեսնել Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց մէջ: ՙՃանչնալով Ցեղասպանութեան փաստը, ո՛չ մենք, ո՛չ մնացեալ երկիրները կ’ուզեն Թուրքիոյ վնասել: Ցանկութիւնը մէկն է` արդարութեան վերականգնում ու յետագայ ցեղասպանութեանց կանխարգիլում: Եթէ մենք հայ-թրքական յարաբերութիւնները կապենք այս կամ այն երկրին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման հետ, ապա հայ-թրքական յարաբերութիւննրը մշտապէս խաղալիք կը դառնան ուրիշ երկիրներու ձեռքին: Եթէ որեւէ երկիր որոշէ դժուարութիւններ ստեղծել, ապա պարզապէս կը յայտարարէ Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին եւ ատով ստուեր կը նետէ հայ-թրքական յարաբերութեանց վրայ՚,- ըսած է Սարգսեանը:

Յետագային` 2011-ի Մարտին, Սարգսեանը յայտարարեց, թէ ժամանակին անձամբ խնդրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահէն, որպէսզի արտաբերէ ՙցեղասպանութիւն՚ բառը, բայց ՙփափաքն ու իրականութիւնը տարբեր բաներ են եւ ամէնէն լաւը այն է, երբ փափաքդ կը համընկնի իրականութեան հետ՚:

Աւելի կանուխ սակայն, 2010-ի Հոկտեմբերին, YouTube-ում տեղադրուած էր տեսանիւթ մը, որու մէջ Ա. Մ. Ն.ի փոխնախագահ Պայտընը ամերիկահայի մը մէկ հարցումին ի պատասխան կը նշէր, թէ նախագահ Սարգսեանն իրեն հեռաձայնած է եւ ըսած, թէ քանի դեռ Հայաստանն ու Թուրքիան կը բանակցին, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրը պէտք չէ թեժացնել:

Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակին արձագանգը չուշացաւ. Երեւանը պաշտօնապէս կու տայ իր համաձայնութիւնը` հրապարակելու Սարգսեանի եւ Պայտընի միջեւ հեռաձայնային զրոյցին ձայնագրութիւնը: Չուշացաւ նաեւ Երեւանի մէջ Ա. Մ. Ն.ի դեսպանութեան յայտարարութիւնը, ըստ որուն` Պայտընն ու Սարգսեանը 2009-ի Ապրիլին հեռաձայնային երկու զրոյց ունեցած են, սակայն ՙնախագահ Սարգսեանը չէ խօսած նախագահ Օպամայի 24 Ապրիլի ուղերձի բովանդակութեան մասին եւ չէ փորձած յետաձգել Ներկայացուցիչներու Տան թիւ 252 բանաձեւին քննարկումը՚:

Ամերիկահայ հրապարակագիր Յարութ Սասունեանը գրեց, որ ՙզգուշօրէն շարադրուած այս յայտարարութեամբ Ուաշինկթընը կը փորձէ հանդարտեցնել Պայտընի անսպասելի բացայայտումներուն պատճառով Հայաստանի իշխանութեանց լարուած ջիղերը՚: Սասունեանը փորձեց նաեւ ՙլոյս սփռել տեսանիւթի քիչ յայտնի կէտերուն վրայ՚, պնդելով, որ ՙփոխնախագահ Պայտընի հետ զրուցող երիտասարդը ծպտուած անձնաւորութիւն մը չէ, այլ` ամերիկահայ գործիչ մը՚: Ատկէ բացի, ՙՆախագահ Օպամայի` 24 Ապրիլ 2009-ի ուղերձէն անմիջապէս ետք Պայտընը հեռաձայնած էր երեք յայտնի ամերիկահայոց եւ անոնց տեղեկացուցած, որ նախագահ Օպաման ՙցեղասպանութիւն՚ բառն իր ուղերձէն հանած էր` փոխնախագահին հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին նախագահ Սարգսեանի տուած համաձայնութենէն ետք: Պարզ է, որ Պայտընը Սարգսեանի հետ ունեցած իր խօսակցութիւնն օգտագործած էր` արդարացնելու նախագահ Օպամայի` ամերիկահայոց տուած նախընտրական խոստման դրժումը՚:

Հակառակ այն իրողութեան, որ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը 1998-էն դրուած էր Հ. Հ.ի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի առաջնահերթութեանց շարքին մէջ, կը թուի, թէ Քոչարեանի վարչակազմին համար 1915-ը նաեւ ճնշման գործիք էր թուրքերուն վրայ: Ամերիկացի դիւանագէտներու հետ զրոյցի մը մէջ Քոչարեանն ըսած է, թէ սփիւռքահայ կազմակերպութիւնները ճնշումներ կը բանեցնեն, որպէսզի Երեւանն աջակցի Քոնկրէսին մէջ հայկական բանաձեւի ընդունման, սակայն ինքը հրաժարած է. ՙԵս ատիկա չեմ ուզեր: Ուզածս սահմանին բացուիլն է՚:

Հայաստանի առաջին նախագահն իր հրապարակային ելոյթներէն մէկուն մէջ Քոչարեանի ու Սարգսեանի իշխանութեանց հասցէին ծանր մեղադրանքներ հնչեցուց, յայտարարելով, թէ անոնք ՙբառացիօրէն պղծեցին Ցեղասպանութեան սուրբ գաղափարը` զայն քաղաքական աճուրդի ու սակարկութեան առարկայի վերածելով՚:

Հակառակ նախագահ Սարգսեանի հասցէին հնչեցուցած կոշտ քննադատութեան, Տէր Պետրոսեանն ընդգծեց, որ կողմ է հայ-թրքական յարաբերութեանց ՙշուտափոյթ կարգաւորման եւ պատրաստ է այդ հարցով աջակցելու Հայաստանի իշխանութեանց ձեռնարկած բոլոր դրական քայլերուն՚: Ասոր հետ մէկտեղ, սռաջին նախագահը համոզմունք յայտնեց, որ ՙհակառակ լաւատեսական կանխատեսումներուն, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները պիտի չկարգաւորուին եւ հայ-թրքական սահմանը պիտի չբացուի, քանի դեռ էական յառաջընթաց չէ արձանագրուած ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման մէջ՚:

Հայաստանի իշխանութիւններն ամէն առիթով կը պնդէին, որ Լ. Ղ.ի հարցը հայ-թրքական գործընթացին հետ կապուած չէ, թէեւ թրքական կողմը, առաջին կարգին վարչապետ Էրտողանի շուրթերով, անընդհատ կը յայտարարէր, որ քանի դեռ ղարաբաղեան գործընթացին մէջ Ատրպէյճանը բաւարարող յառաջընթաց չկայ, Թուրքիան սահմանը պիտի չբանայ եւ Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ պիտի չհաստատէ: Հայկական կողմը կը բացատրէր, որ թրքական կողմը նման յայտարարութիւններ կ’ընէ Ատրպէյճանի եւ իր ներքին լսարանին համար:

Նախագահ Սարգսեանը 2009-ի Ապրիլին20 հերթական անգամ ընդգծեց, որ ՙԼ. Ղ.ի եւ Ցեղասպանութեան հարցերը երբեք չեն քննարկուած հայ-թրքական բանակցութեանց ընթացքին՚: Ան հայ հանրութեան խորհուրդ տուաւ ՙառաջին կարգին անկեղծօրէն հաւատալ պաշտօնապէս հնչող յայտարարութեանց՚: Միւս կողմէ, Սարգսեանը հռետորական հարց տուաւ. ՙՀնարաւո՞ր է, արդեօք, որ մենք մեր հաշուարկներուն մէջ սխալած ըլլանք, ու հիմա թուրքերն ուրիշ դիրքորոշում ընդունին եւ փորձեն նախապայման առաջադրել: Հնարաւոր է, նման բանը կարելի չէ հարիւր տոկոսով բացառել՚: ՙՀիմա գնդակը Թուրքիոյ դաշտին մէջ է, եւ եթէ կը խօսինք ՙֆութպոլային դիւանագիտութեան՚ մասին, ապա պէտք է ըսել, որ գնդակը յարատեւօրէն չի կրնար մէկ դաշտի մէջ մնալ, քանի որ իւրաքանչիւր ֆութպոլային խաղ սահմանուած ժամկէտներ ունի՚,- հաւաստիացուց Սարգսեանը: Նախագահն իր հարցազրոյցներուն մէջ յաճախ կ’ըսէր, որ ինքը Թուրքիա ՙորպէս սովորական զբօսաշրջիկ կամ որպէս ֆութպոլասէր՚ մեկնելու չի պատրաստուիր:

Արձանագրութեանց հրապարակումը. արձագանգները Հայաստանի մէջ

2009-ը Հայաստանի եւ Թուրքիոյ պաշտօնեաներուն միջեւ բարձր մակարդակի երկկողմ հանդիպումներով ու ստորագրուած փաստաթուղթերով աննախադէպ տարի մը եղաւ: 29 Յունուարին, նախագահ Սարգսեանի եւ վարչապետ Էրտողանի միջեւ Տաւոսի մէջ կայացաւ 20 վայրկեան տեւողութեամբ հանդիպում մը, որու ընթացքին կարեւորուեցաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ նախագահներու 6 Սեպտեմբեր 2008-ի հանդիպումով հայ-թրքական յարաբերութեանց կարգաւորման գործընթացին մէջ ՙտեղի ունեցած բեկումը՚:

Տաւոսի մէջ նաեւ Նալպանտեան-Պապաճան հանդիպում մը կայացաւ: Երկու տարի ետք, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը հարցազրոյցի մը մէջ ըսաւ, թէ թրքական կողմին հետ բանակցութիւնները ՙբազում խոչընդոտներով լեցուն, երկար եւ բարդ գործընթաց էին՚: Այսպէս, Տաւոսի մէջ Պապաճանի հետ ՙվարած ենք 35 ժամ տեւողութեամբ բանակցութիւններ. վերջապէս եկանք համաձայնութեան եւ Ցիւրիխի մէջ 2009-ի Հոկտեմբերին ստորագրեցինք արձանագրութիւնները՚, սակայն ՙստորագրելուն պէս Թուրքիան անոնց վաւերացման համար նախապայմաններ յառաջ քաշեց՚:

Միւնիխի միջազգային խորհրդաժողովի շրջանակներուն մէջ 7 Փետրուարին տեղի ունեցաւ արտաքին գործոց նախարարներ Նալպանտեանի եւ Պապաճանի 2009-ի երկրորդ հանդիպումը: ՙՄենք յառաջընթաց արձանագրեցինք երկկողմ յարաբերութեանց բարելաւմանն ուղղուած քննարկումներուն մէջ՚,- յայտարարեց Պապաճանը: ՙՄենք յառաջ կը շարժինք եւ աւելի կը մօտենանք յարաբերութեանց կարգաւորման՚,- աւելցուց Նալպանտեանը:

Նոյն օրը Միւնիխի իր կեցավայրին մէջ նախագահ Սարգսեանն ընդունեց Պապաճանը, զոր Հայաստանի նախագահին այցելած էր Կիւլի յանձնարարութեամբ:

16 Ապրիլ 2009-ին Երեւան ժամանեց Պապաճանը` Ս. Ծ. Տ. Հ.ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի հանդիպման մասնակցելու համար: Արտասահմանեան քանի մը լրատուամիջոցներ գրեցին, որ այդ օրը Հայաստանը եւ Թուրքիան փաստաթուղթ մը պիտի ստորագրեն: ՙԱյսօր (նման) մտադրութիւն չկայ: (Հայ-թրքական) բանակցութիւնները կը շարունակուին, մենք յառաջընթաց արձանագրած ենք եւ կը կարծենք, որ իսկապէս կրնանք շատ մօտ ըլլալ եւ մօտակայ ժամանակ լուծել այդ հարցերը՚,- ըսաւ Նալպանտեանը:

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու բանակցութիւններ Երեւանի մէջ չկայացան: Փոխարէնը, նախագահ Սարգսեանն ընդունեց Պապաճանն ու արտաքին գործոց փոխնախարար, հայ-թրքական խորհրդապահական հանդիպումներուն թրքական կողմէ գլխաւոր բանակցող Էրթուղրուլ Ապաքանը:

7 Մայիսին, Չեխիոյ մայրաքաղաքին մէջ` միջազգային գագաթաժողովի մը ընթացքին, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ նախագահներու բանակցութիւններ տեղի ունեցան: Երեւանեան այցէն ետք երկու երկիրներու ղեկավարներուն երկրորդ հանդիպումը մէկուկէս ժամ տեւեց, որու աւարտէն ետք Սարգսեանն ըսաւ. ՙՆախապայմաններն ուղղակիօրէն բացառուած են՚: Կողմերուն միջեւ համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ ՙյարգելու նախապէս ձեռք բերուած բոլոր պայմանաւորուածութիւնները եւ յառաջ շարժիլ յարաբերութիւններն առանց նախապայմաններու եւ ողջմիտ ժամկէտներու մէջ կարգաւորելու ուղղութեամբ՚:

22 Ապրիլ 2009-էն ետք, երբ յայտարարուեցաւ ՙՃանապարհային Քարտէս՚ը, թրքական կողմն սկսաւ բանակցութիւնները ձգձգել ու նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները խախտել: Հայ պաշտօնեաները, ինչպէս նաեւ եւրոպացի դիւանագէտները, ժամանակ առ ժամանակ մտահոգութիւն կը յայտնէին, թէ թրքական իշխանութիւնները ետքայլ կը կատարեն: Օգոստոսի վերջին օրերուն Սարգսեանն ըսաւ, որ պայմանաւորուածութեանց կատարման ձգտում չի տեսներ Թուրքիոյ կողմէ:

31 Օգոստոսի ուշ երեկոյեան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնները հրապարակեցին նախաստորագրուած երկու արձանագրութիւնները, ինչպէս նաեւ տարածեցին յայտարարութիւն մը, ըստ որուն` Երեւանն ու Անգարան համաձայնած են նախաստորագրուած արձանագրութեանց շուրջ ՙներքին քաղաքական խորհրդակցութիւններ՚ սկսիլ: Արձանագրութիւնները ՙողջմիտ ժամկէտի մէջ երկկողմ յարաբերութեանց կարգաւորման շրջանակ կը սահմանեն՚: ՙՆերքին քաղաքական խորհրդակցութիւնները կը վերջանան վեց շաբթուայ ընթացքին, որմէ ետք արձանագրութիւնները կը ստորագրուին եւ կը ներկայացուին խորհրդարաններուն` վաւերացուելու համար: Երկու կողմերն առաւելագոյն ջանքեր կը գործադրեն վաւերացման արագ յառաջընթացին համար՚:

Վեց շաբաթը աստղաբաշխական ճշգրտութեամբ կը համապատասխանէր Թուրքիա-Հայաստան ֆութպոլային պատասխան հանդիպման, զոր տեղի պիտի ունենար 14 Հոկտեմբերին: Ի տարբերութիւն Կիւլի, որ միայն հանդիպումէն երեք օր առաջ տուած էր Երեւան ժամանելու իր համաձայնութիւնը, Սարգսեանը ‎ֆութպոլային հանդիպումէն մօտ 13 ամիս առաջ ընդունած էր Կիւլին հրաւէրը, սակայն վերապահում մը ըրած էր. ՙՀայաստան-Թուրքիա ֆութպոլային յաջորդ խաղի ժամանակ ես կա՛մ կ’անցնիմ բաց սահմաններով, կա՛մ ալ կ’ըլլայ ատոր նախօրեակին՚:

Քաղաքական խորհրդակցութիւնները նախաստորագրուած արձանագրութեանց մէջ փոփոխութիւն չէին ենթադրեր, այսինքն` կողմերը կա՛մ առանց տառ մըն իսկ փոխելու պէտք է ստորագրէին փաստաթուղթերը, կա՛մ` չստորագրէին: Ընդ որուն, եթէ քաղաքական խորհրդակցութեանց համար սահմանուած էր յստակ ժամկէտ` վեց շաբաթ, ապա խորհրդարաններուն մէջ զանոնք վաւերացնելու (կամ չվաւերացնելու) համար կը նշուէր ՙողջմիտ ժամկէտ՚ անչափելի ձեւակերպումը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարարներէն Ալեքսանդր Արզումանեանի խօսքերով` դիւանագիտական յարաբերութեանց հաստատման ձեւ կայ` քանի մը պարզ նախադասութիւն: ՙԱյդ ձեւաչափէն դուրս կարելի չէր գալ: Չեմ լսած, որ խորհրդարաններու մէջ արձանագրութիւններ վաւերացման դրուին, Հայաստանը շուրջ 150 երկրի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած է, ոեւէ մէկը Հայաստանի մէջ չի գիտեր, թէ Ճամայքայի հետ ե՞րբ ստորագրած ենք ու ի՞նչ մակարդակով: Սահման բանալու վերաբերեալ արձանագրութիւն պէտք չէ ստորագրել, քանի որ Հայաստանը սահման չէ գոցած: Թուրքիան սահմանը արձանագրութիւն ստորագրելով չէ գոցած: Սահման գոցելը երկկողմ յարաբերութիւններ հաստատելու ճամբուն վրայ խոչընդոտ է, զոր պէտք է վերացուի` առանց նախապայմաններու՚:

Երկու արձանագրութիւնները, ըստ էութեան, պայմանագիրներ են, այդ պատճառով` խորհրդարաններուն մէջ պէտք է վաւերացուէին: Ատկէ բացի, երբ կը համաձայնիս փաստաթուղթերը խորհրդարան ղրկելու, պէտք է պատրաստ ըլլաս նաեւ քուէարկութեան ամէն արդիւնք ընդունելու:

Արձանագրութեանց հրապարակումէն քանի մը ժամ ետք նախագահ Սարգսեանը յայտարարեց, որ այդ փաստաթուղթերը ՙմինչ օրս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեանց ամբողջականութիւնը կ’արտացոլեն՚: Սարգսեանի խօսքերով` ՙԹուրքիոյ հետ բանակցութիւնները եւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները Լ. Ղ.ի հակամարտութեան հետ կապուած որեւէ նախապայման չեն պարունակեր, հայ-թրքական յարաբերութեանց պատմական հարթութեան հարցերը պէտք է քննարկուին ո՛չ թէ պատմաբաններու յանձնաժողովի, այլ` միջկառավարական յանձնաժողովի ենթայանձնաժողովներէն մէկուն ձեւաչափով՚: ՙՄենք փորձած ենք արժանապատուօրէն կարգաւորել յարաբերութիւնները դրացի պետութեան հետ՚,- ընդգծեց Սարգսեանը:

Մինչ միջազգային հանրութիւնը գովեստներ կը յորդեցնէր Սարգսեանի հասցէին, Հայաստանի ներսը եւ յատկապէս սփիւռքի մէջ իշխանութիւնները քննադատելու ատեն ամենախիստ բառերը կը գործածուէին: Հայաստանի ղեկավարութիւնը կը մեղադրուէր նոյնիսկ դաւաճանութեան, հայոց պատմութեան ամենաողբերգական էջը` 1915-ը, կասկածի տակ դնելու, ժխտողականութեան մէջ ներգրաւուելու համար:

Իշխանական համաձայնական դաշինքէն հեռացած Հ. Յ. Դ.ի կարծիքով` հրապարակուած փաստաթուղթերը թրքական կողմի յայտնի նախապայմանները կը բովանդակեն: Կուսակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը յայտարարեց, որ նախագահ Սարգսեանը կ’երթայ ստորագրելու փաստաթուղթ մը, ՙորու իրաւունքը չունի՚: ՙՈրեւէ իշխանութիւն Ցեղասպանութեան հարցը սակարկութեան նիւթ դարձնելու իրաւունք չունի: Եթէ պայմաններ պէտք է դրուէին` մե՛նք պէտք է ըլլայինք պայման դնողը` Ցեղասպանութեան հարցին ճանաչումը Թուրքիոյ կողմէ՚,- ըսաւ ան:

Արձանագրութեանց հրապարակումէն ետք Դաշնակցութիւնը կազմակերպեց մէկամսեայ հացադուլ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ նստացոյց` կառավարութեան շէնքերուն դիմաց, իսկ 10 Հոկտեմբերի նախօրեակին` բազմահազարանոց երթ Երեւանի գլխաւոր պողոտաներով եւ հանրահաւաք Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին:

ՙԺառանգութիւն՚ կուսակցութիւնը պահանջեց երկու արձանագրութիւնները դնել հանրաքուէի` ՙզուգակցուած երկրի արտաքին քաղաքականութեան համար պատասխանատու Հայաստանի նախագահի վստահութեան հարցով՚: Րա‎ֆֆի Յովհաննիսեանի ղեկավարած կուսակցութիւնը ՙանթոյլատրելի ու անընդունելի՚ որակեց Հայաստանի իշխանութեանց եւ միջազգային հանրութեան կողմէ ՙհասարակութիւնը կատարուած փաստերու առջեւ կանգնեցնելու արատաւոր գործելաոճը՚: Հայաստանի իշխանութիւններն ու միջազգային դիւանագէտները ամիսներ շարունակ կը վստահեցնէին, որ հայ-թրքական յարաբերութեանց բնականոնեցման գործընթացը ՙերկուստեք կ’ընթանայ առանց նախապայմաններու, մինչդեռ հրապարակուած երկու արձանագրութիւնները կը վկայեն, որ թրքական նախապայաններն ուղղակիօրէն տեղ գտած են անոնց մէջ՚:

Տէր Պետրոսեանի գլխաւորած Հայ Ազգային Քոնկրէսի յայտարարութեան մէջ կ’ըսուէր, որ ՙհայ-թրքական յարաբերութեանց կարգաւորումը կը բխի երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու շահերէն՚, արձանագրութիւնները զգալի տեղաշարժ են այդ ուղղութեամբ, սակայն ՙանընդունելի է հայ եւ թուրք պատմաբաններու միջկառավարական ենթայանձնաժողով ստեղծելու դրոյթը, զոր կասկածի տակ կը դնէ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը՚: ՙՄտահոգութիւն կը յարուցէ երկու երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ նշուած փաստաթուղթերու վաւերացման պայմանը, ինչը Սարգսեանին հնարաւորութիւն կու տայ ենթայանձնաժողովի ստեղծման պատասխանատուութիւնը կիսել խորհրդարանին հետ, իսկ Թուրքիոյ` Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը լուծուած չըլլալու պատճառաբանութեամբ, ձգձգել վաւերացման հարցը եւ այդպիսով յետաձգել հայ-թրքական սահմանին բացումը՚:

Հոկտեմբերի առաջին օրը արտաքին գործոց նախարար Նալպանտեանը Ազգային Ժողովին մէջ հռետորական քանի մը հարց տուաւ. ՙԱրդեօ՞ք նախապայմաններ առկայ են: Ո՛չ, եւ մէկ անգամ ալ` ո՛չ: Կասկածի տա՞կ կ’առնենք Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը, կը խոչընդոտե՞նք Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը: Ո՛չ, եւ մէկ անգամ ալ` ո՛չ: Գոյութիւն ունի՞ կապ նախաստորագրուած փաստաթուղթերուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի բանակցային գործընթացին միջեւ: Ո՛չ, եւ մէկ անգամ ալ` ո՛չ՚:

ՙԵթէ մէկը թունաւորել ուզեն` գաւաթին վրայ ՙթոյն՚ բառը չեն գրեր՚,- հակադարձեց Արմէն Ռուստամեանը, պնդելով, որ թրքական կողմի նախապայմաններն արտացոլուած են նախաստորագրուած արձանագրութեանց մէջ: ՙԱյս պատասխանատու քայլին գինը յետագային պիտի վճարէ ժողովո՛ւրդը, ո՛չ թէ այսօրուան իշխանութիւնը՚:

Հայաստանի նախագահն ու արտաքին գործոց նախարարը ամենախիստ ու անխնայ կերպով կը քննադատուէին – յատկապէս Սփիւռքի մէջ – պատմաբաններու յանձնաժողովի ստեղծման հետ համաձայնելու թրքական առաջարկին համար:

Սփիւռքեան շարք մը կազմակերպութիւններ ողջունեցին Հայաստան-Թուրքիա գործընթացը: Ամերիկայի Հայկական Համագումարը պաշտպանեց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ՙբնականոն յարաբերութեանց կարգաւորումը` առանց նախապայմաններու՚: Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը նախագահ Սարգսեանի հետ հանդիպման ատեն նշեց, որ Հ. Բ. Ը. Մ.ը ՙկը սատարէ արձանագրութիւններուն եւ կը կարեւորէ, որ բանակցութիւնները որեւէ նախապայման չեն պարունակեր՚: ՙԴրացիներու հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու եւ Հայաստանը շրջափակումէն դուրս բերելու՚ Երեւանի քաղաքականութեան իր աջակցութիւնը յայտնեց նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի ընդհանուր ժողովը: 23 Սեպտեմբերի ժողովին, որուն ներկայ էր նաեւ Նալպանտեանը, ակադեմիայի անդամներուն մեծագոյն մասը պաշտպանեց երկու արձանագրութիւնները:

Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ դիրքորոշումը միանշանակ չէր: 30 Սեպտեմբեր 2009-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի նախագահութեամբ գումարած իր նիստին` Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը ողջունեց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ՙառանց նախապայմաններու՚ դիւանագիտական կապերու հաստատման գործընթացը, ինչպէս նաեւ վերահաստատեց Հայոց Ցեղասպանութեան ՙանվիճարկելի իրողութիւնը՚:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը խստօրէն քննադատեց եւ անընդունելի նկատեց նախաստորագրուած արձանագրութիւնները: Արամ Ա. կաթողիկոսը յորդորեց ՙո՛չ՚ ըսել այն բոլոր համաձայնագիրներուն, որոնք ՙհարցականի տակ կ’առնեն Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ ծրագրուած եւ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը՚:

Ցիւրիխեան արձանագրութիւններն ու Հայաստան-Թուրքիա գործընթացը մեկնաբանողները կարելի է բաժնել չորս կարգի.

Առաջին խումբին մէջ անվերապահօրէն պաշտպանողներն էին: Անոնք պնդեցին, որ արձանագրութեանց մէջ նախապայմաններ չկան. ստորագրելով այդ փաստաթուղթերը` Հայաստանը դիւանագիտական լուրջ նուաճման հասած է եւ սեպ խրած թուրք-ատրպէյճանական յարաբերութեանց մէջ: Համաձայնական դաշինքին մաս կազմող բոլոր երեք կուսակցութիւնները` Հանրապետական, Բարգաւաճ Հայաստան եւ Օրինաց Երկիր, անվերապահօրէն պաշտպանեցին գործընթացը:

Երկրորդ խումբին մէջ ընդգրկուածներն ալ պաշտպանեցին արձանագրութիւնները, սակայն ընդունեցին, որ փաստաթուղթին մէջ կան վտանգներ, ինչպէս նաեւ` նախապայմաններ, որոնց Հայաստանը լռելեայն համաձայնած է: Անոնք, այնուամենայնիւ, պնդեցին, որ Հայաստանը, միեւնոյնն է, այդ նախապայմաններուն դիմադրելու կամ հակազդելու ընդունակ չէր կրնար ըլլալ, հետեւաբար` կորուստն ու շահը համարժէք են:

Երրորդ խումբին մէջ ընդգրկուած էին անոնք, որոնք դէմ էին Հայաստան-Թուրքիա մերձեցման, յարաբերութեանց բարելաւման, երկխօսութեան կամ որեւէ տեսակի յարաբերութեանց ընդհանրապէս, քանի Թուրքիան Հայոց Ցեղապանութիւնը դեռ չի ճանչնար եւ անոր հետեւանքները չի փոխհատուցեր:

Չորրորդ խումբին մէջ էին խորհրդարանի երկու ընդդիմադիր խմբակցութիւնները` Դաշնակցութիւնը եւ Ժառանգութիւնը, ինչպէս նաեւ արտախորհրդարանական շարք մը քաղաքական ոյժեր, որոնք դիւանագիտական յարաբերութեանց հաստատման կողմնակից էին, բայց ո՛չ ամէն գնով: Անոնք նկատել կու տային, որ փաստաթուղթերուն մէջ եղած զիջումները չափազանց սուղ գին ունին: Այս ոյժերը կը քննադատէին արձանագրութեանց բովանդակութիւնը եւ վերոշարադրեալ դրոյթները կը մատնանշէին որպէս ապացոյց, թէ Հայաստանն ստիպած են ընդունելու Թուրքիոյ երեք նախապայմանները:

Նախագահ Սարգսեանը քանի մը տասնեակ կուսակցութեանց առաջնորդներ 17 Սեպտեմբերին հրաւիրած էր խորհրդակցութեան: Նախօրեակին Նալպանտեանը յայտարարեց, որ արձանագրութեանց մէջ որեւէ փոփոխութիւն ընել հնարաւոր չէ եւ պիտի ստորագրուի արդէն իսկ հրապարակուած տեսքով. ՙՈրեւէ երկրի մէջ չէք կրնար երեւակայել, որ բանակցութիւններ վարուին խորհրդարաններու միջեւ` երեսփոխաններու առաջարկած փոփոխութիւններով՚:

Հ. Յ. Դ.ի Բիւրոյի ներկայացուցիչ Մարգարեանն արձագանգեց. ՙՍա ի՞նչ քննարկում է: Կը խօսին չոր ոյժի դիրքերէ` սա՛ է, ո՛չ մէկ փոփոխութիւն, սա առաւելագո՛յնն է: ՙՔննարկման ենթակայ չէ՛, պիտի ստորագրե՛նք՚ բանաձեւն ունեցաւ իր հակազդեցութիւնը, յատկապէս սփիւռքի մէջ: Մարդիկ անիմաստ, ձեւական սեպեցին քննարկման փուլը՚:

Սակայն, Դաշնակցութիւնը մասնակցեցաւ նախագահի հրաւիրած քննարկման: Ընդդիմութենէն Հ. Ա. Ք.ն ու ՙԺառանգութիւն՚ը, ինչպէս նաեւ Հնչակեան կուսակցութիւնը, մերժած էին հրաւէրը: Նախագահ Սարգսեանը յայտարարեց, որ ինքն ալ ՙվտանգներ՚ կը տեսնէ եւ ՙմտահոգութիւններ՚ ունի, սակայն ՙԹուրքիոյ նախագահը Հայաստան հրաւիրելով եւ այս գործընթացը նախաձեռնելով՚, նպատակ հետապնդած է ՙբանալ երկկողմ յարաբերութեանց կարգաւորման հնարաւորութեանց պատուհանը, ցոյց տալ, որ ցեղասպանութեան արհաւիրքով անցած ժողովուրդը առաջինը ձեռք մեկնելու բաւարար ոյժ ունի՚:

Հայաստանի նախագահն անդրադարձաւ նաեւ արտաքին գործոց նախկին նախարար Օսկանեանի բազմիցս հնչեցուցած մտահոգութեանց, որ հայ-թրքական յարաբերութեանց շուրջ բանակցութիւնները պէտք է գաղտնի ըլլան, որովհետեւ հրապարակայնութենէն կ’օգտուի Թուրքիան եւ ՙթուրքերու անկեղծութիւնը կ’երեւայ միայն գաղտնի բանակցութեանց ընթացքին՚: Նախագահ Սարգսեանը, սակայն, պնդեց, որ գործընթացը պէտք էր հրապարակայնացնել, քանի որ հայ-թրքական լարուածութիւնը ՙմտացածին եւ իրավիճակային չէ՚, անիկա ՙվերնախաւերու պատերազմ չէ՚, այլ` հասարակութեանց միջեւ է ու ՙհետեւանք է մեր պատմութեան ամենամռայլ էջին` Ցեղասպանութեան, զոր տեղի ունեցաւ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ՚: Բացի այդ` ՙեթէ մենք Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները երբեւէ պիտի կարգաւորենք, ապա բացի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարներու քաղաքական կամքէն, անհրաժեշտ է հասարակութեանց մասնակցութիւնը՚:

Արձագանգներ Թուրքիայէն

Եթէ Հայաստանի ղեկավարութիւնը, անոր սպասարկող եւ սատարող լրատուամիջոցներն ու փորձագէտները, իշխանական համաձայնական դաշինքն ու քաղաքական ուրիշ ոյժեր երկու արձանագրութիւնները Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան լուրջ նուաճում կ’որակէին, ապա Թուրքիոյ իշխանութիւնները աւելի զուսպ կերպով կ’արտայայտուէին: Պաշտօնական Անգարան հետեւողական էր միայն մէկ հարցի մէջ` առանց ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման մէջ Ատրպէյճանի նուազագոյն ակնկալիքները բաւարարող յառաջընթացի, Թուրքիոյ խորհրդարանը արձանագրութիւնները չի վաւերացներ:

Թուրքիոյ ընդդիմութիւնը նկատել կու տար, որ արձանագրութիւնները նախաստորագրելով, լուրջ զիջումներ եղած են Հայաստանին: Ա. Շ. Կ.ի ղեկավար Պահչելին փաստաթուղթի հրապարակումէն ետք յայտարարեց, թէ Թուրքիան համաձայնած է հայկական կողմի բոլոր պահանջներուն հետ: Պահչելիի խօսքերով, թէեւ ՙԱրդարութիւն Եւ Զարգացում՚ կուսակցութեան երեսփոխանները վարչապետ Էրտողանի ՙհաւատարիմ նոտարներ՚ն են եւ արձանագրութեանց վաւերացման համար բաւարար թիւով քուէներ կ’ապահովեն, սակայն ինք եւ իր կուսակցութեան երեսփոխանները պիտի փորձեն վարչապետին բացատրել ՙանոր մեղքն ու պատասխանատուութիւնը ժողովուրդին ու պատմութեան առջեւ՚:

Արձանագրութեանց բովանդակութիւնը քննադատեց նաեւ խորհրդարանին մէջ ընդդիմադիր ամենամեծ կուսակցութիւնը` Ժողովրդա-Հանրապետականը: Անոր ղեկավար Պայքալը յայտարարեց, որ քանի ՙՀայաստանը դեռ դուրս չէ եկած Լեռնային Ղարաբաղէն՚, կուսակցութիւնը կողմ չ’արտայայտուիր անոնց վաւերացման: Պայքալն ընդգծեց, որ բացի թուրք-հայկական սահմանը բանալու կէտէն, միւս կէտերն երկիմաստ են: Փաստաթուղթին մէջ ՙԱտրպէյճանի գրաւեալ տարածքներու, Կարսի պայմանագիրը ճանչնալու, այսպէս կոչուած Ցեղասպանութեան պնդումներու վերաբերեալ՚ յստակութիւն չկայ, յայտնի չէ, թէ ՙի՞նչ գիտնականներ պիտի ընդգրկուին միջկառավարական ենթայանձնաժողովին մէջ՚:

2009-ի Մայիսի կէսերուն Պաքու այցելելով, վարչապետ Էրտողանը յայտարարեց. ՙՂարաբաղի ներկայ վիճակն անընդունելի է: Հոս պատճառահետեւանքային կապ կայ: Ղարաբաղի գրաւումը պատճառն է, հայ-թրքական սահմանին փակումը` հետեւանքը: Մինչեւ գրաւումը չդադրեցուի` Հայաստանի հետ սահմանը գոց կը մնայ՚: Թուրքիոյ վարչապետն անդրադարձաւ հայկական այն հրապարակումներուն, թէ Անգարան իբր հրաժարած է հայ-թրքական յարաբերութեանց կարգաւորումը Լ. Ղ.ի հարցով պայմանաւորելէն. ՙԵս կը հերքեմ այդ զրպարտութիւնը: Ղարաբաղէն հրաժարելու մասին խօսք անգամ չի կրնար ըլլալ: Դիւանագիտութեան մէջ կանոն մը կայ. գործընթացը չի հրապարակայնացուիր մինչեւ որ որոշակի փուլի չի հասնիր: Ասիկա չի նշանակեր որեւէ բան պահել: Ուստի որո՞ւ պէտք է հաւատալ. վարչապետի՞ն, թէ՞ համացանցային կայքին՚:

2009-ի Սեպտեմբերի վերջերուն Նիւ Եորքի մէջ Էրտողանը յայտարարեց, որ ՙՀայաստանի հետ յարաբերութեանց բարելաւման գործընթացին մէջ Թուրքիան Ատրպէյճանի շահերը չի կրնար հաշուի չառնել՚: 2010-ի Օգոստոսի կէսերուն Պաքուի մէջ նախագահ Կիւլը յայտարարեց, որ ՙԱտրպէյճանը եւ Թուրքիան մէկ ազգ են, երկու պետութիւն՚, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հիմքին պէտք է դրուի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը:

Ատրպէյճանի ջղային արձագանգը

Հակառակ Անգարայի բազմաթիւ հաւաստիացումներուն, թէ հայ-թրքական գործընթացին մէջ Ատրպէյճանի շահերը երբեք չեն անտեսուիր, Պաքուի մէջ մտահոգութեամբ, խանդով ու ջղայնութեամբ կը հետեւէին ՙ‎ֆ‎ութպոլային դիւանագիտութեան՚: Դեռ 2009-ի Ապրիլի սկիզբին, երբ ՙՃանապարհային Քարտէս՚ը նոյնիսկ չէր յայտարարուած, Ատրպէյճանի նախագահը ջնջեց Սթամպուլի միջազգային խորհրդաժողովին մասնակցելու իր այցը:

Յուլիսի կէսերուն, Ալիեւը Մեծն Բրիտանիոյ մէջ համոզմունք յայտնեց, որ Թուրքիան կը կատարէ իր խոստումը եւ Հայաստանի հետ սահմանը չի բանար. ՙԹուրքիան ըսած է, որ սահմանը կը բացուի մէկ պարագայի` եթէ լուծուի Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը՚:

Ատրպէյճանի զայրոյթը գագաթնակէտին հասաւ, երբ 10 Հոկտեմբերին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուեցան արձանագրութիւնները: ՙՂարաբաղի Ազատագրութեան Կազմակերպութիւն՚ կոչուող ծայրայեղ հակահայկական միութիւնը Պաքուի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց կազմակերպեց միջոցառում մը, որու ընթացքին այրուեցան Կիւլի, Էրտողանի ու Տաւութօղլուի նկարները, հնչեցին ՙԱմօ՛թ թրքական իշխանութեան՚, ՙԹուրքիա՛, Ղարաբաղը հայոց մի՛ ծախեր՚ կոչերը: Ապա Պաքուի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան մօտ բողոքի ցոյց կազմակերպեց իշխանամէտ ՙՄուասիր Մուսավաթ՚ կուսակցութիւնը` ՙՈ՛չ հայ-թրքական սահմանի բացման՚, ՙԵղբայրը եղբօր թիկունք պէտք է ըլլայ՚ վանկարկումներով:

Ցիւրիխի մէջ արձանագրութեանց ստորագրման յաջորդ օրը` 11 Հոկտեմբեր 2009-ին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը տարածեց. ՙՊետութեան մը մէկ ուրիշ պետութեան հետ յարաբերութիւններ հաստատելը, սկզբունքօրէն, ինքնիշխան իրաւունք է: Սակայն Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութեանց բնականոնեցումը նախքան ատրպէյճանական գրաւեալ տարածքներէն հայկական զօրքերուն դուրսբերումը` ուղղակիօրէն կը հակասէ Ատրպէյճանի շահերուն եւ ստուեր կը նետէ Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ միջեւ պատմական խոր արմատներու վրայ կառուցուած եղբայրական յարաբերութեանց վրայ՚:

Ատրպէյճանի խորհրդարանին մէջ կազմակերպուեցաւ հայ-թրքական յարաբերութեանց նուիրուած քննարկում մը, որու ընթացքին քննադատական խօսքեր եւ մեղադրանքներ հնչեցին Թուրքիոյ ու անոր ղեկավարութեան հասցէին: Սակաւաթիւ ընդդիմադիր երեսփոխաններէն Ճամիլ Հասանլին յայտարարեց, որ խորհրդարանին մէջ Թուրքիոյ հասցէին հնչող մեղադրանքները առանձին երեսփոխաններու անձնական նախաձեռնութիւնը չեն: ՙԱյսօր Ատրպէյճանի մէջ սկիզբ առած հակաթրքական արշաւը Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ շահերուն չի համապատասխաներ: Սա հակապետական արշաւ է: Այս արհեստական արշաւը նախագահին աշխատակազմը կազմակերպած է: Թուրքիան 1918-էն ի վեր Ատրպէյճանի իւրաքանչիւր խնդիր իբրեւ իր սեփականը ընկալած է: Նման հակաթրքական արշաւն անթոյլատրելի է՚,- յայտարարեց Հասանլին:

Իշխանական ճամբարի երեսփոխանները կը յայտարարէին, որ չեն հաւատար, թէ Թուրքիան Հայաստանի հետ սահմանը կը բանայ, քանի որ ՙանիկա ատրպէյճանցի եւ թուրք ժողովուրդներու շահերուն կը հակասէ՚:

ՙԱտրպէյճանի շահը Թուրքիոյ շահն է: Թուրքիան Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու չի դիմեր: Մենք կը հաւատանք Թուրքիոյ վարչապետին ու նախագահին յայտարարութեանց, թէ ո՛չ թրքական կառավարութիւնը եւ ո՛չ ալ թուրք հասարակութիւնը առանց ղարաբաղեան հարցի լուծման սահմանի բացում թոյլ կու տան՚,- վստահեցուց իշխող ՙԵէնի Ազերպայճան՚ կուսակցութեան փոխնախագահ Ալի Ահմէտովը:

Սակայն, Ատրպէյճանը որեւէ կերպ չէր հանգստանար: Երբ 14 Հոկտեմբերին կայացած Թուրքիա-Հայաստան ‎ֆութպոլային պատասխան հանդիպման ատեն Պուրսայի նահանգապետութիւնն ու Ֆ. Ի. Ֆ. Ա.ն թոյլ չտուին ատրպէյճանական դրօշներ տանիլ մարզադաշտ, Պաքուն պաշտօնական բողոք յղեց Անգարային: Արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմովը Թուրքիոյ դեսպանութեան ժամանակաւոր հաւատարմատարը արտաքին գործոց նախարարութիւն հրաւիրեց եւ Պաքուի բողոքը փոխանցեց Ատրպէյճանի պետական դրօշին հանդէպ ՙոչ-յարգալից վերաբերմունքին՚ առիթով: Աւելին, Պաքուի մէջ իջեցուեցան քաղաքին վրայ ծածանող թրքական դրօշակները:

Տաւութօղլուն Պաքուի մէջ 22 Հոկտեմբեր 2009-ին իր գործընկեր Մամէտեարովի հետ հանդիպման ընթացքին յոյս յայտնեց, որ ՙմօտ ապագային, Շեհիտներու ծառուղիին մէջ նորէն կը ծածանի Թուրքիոյ դրօշը՚, աւելցնելով, որ ՙԹուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի տարածքներն ու դրօշները միասնական են՚: Տաւութօղլուն շատ յստակօրէն արտայայտուեցաւ նաեւ Հայաստան-Թուրքիա գործընթացին մասին. ՙԹէ՛ արձանագրութիւններն ստորագրելու օրը, թէ՛ անկէ առաջ ու թէ՛ անկէ ետք մենք ամբողջ աշխարհին յայտարարած ենք` Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութեանց բնականոնեցումը կրնայ տեղի ունենալ, եթէ տարածաշրջանին մէջ բնականոնեցման լայն գործընթաց սկսի: Ատիկա կը նշանակէ, թէ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի: Անիկա ինչպէ՞ս հնարաւոր է լուծել: Ի հարկէ, գրաւման վերջ տալու ճամբով: Սա այնքան ակնյայտ դիրքորոշում մըն է, որ Ատրպէյճանի մէջ ոեւէ մէկուն մօտ կասկածներ պէտք չէ մնան: Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքները մենք կը նկատենք մեր հողերը եւ կը շարունակենք պայքարը զանոնք ազատագրելու համար: Մենք կը գտնենք, որ ստորագրուած արձանագրութիւններն այդ գործընթացը կը խթանեն՚:

Սարգսեանի համահայկական շրջայցը. սփիւռքի արձագանգը

2009-ի Հոկտեմբերի առաջին շաբաթը նախագահ Սարգսեանը ձեռնարկեց համահայկական ուղեւորութիւն մը` կանգ առնելով Փարիզի, Նիւ Եորքի, Լոս Անճելոսի, Պէյրութի ու Տոնի Ռոսթովի մէջ: Նպատակն էր հանդիպիլ սփիւռքահայ համայնքներու ներկայացուցիչներուն եւ լսել սփիւռքի մօտեցումներն ու կարծիքները հայ-թրքական յարաբերութեանց կարգաւորման շուրջ: ՙԵս բոլորը համոզելու նպատակ չունիմ: Ես համոզելու չեմ երթար, ես կ’երթամ այդ մարդիկը լսելու եւ կարծիքս ըսելու՚,- այցի նախօրեակին նշած էր ան:

Սակայն, սփիւռքի համար առաջին կարգին կարեւոր էր հրապարակուած արձանագրութեանց բովանդակութիւնը: Կիւլը Երեւան հրաւիրելը սփիւռքի մէջ լուրջ դժգոհութեանց տեղիք չտուաւ, թէեւ Հայաստանի նախագահին քայլը նաեւ չքաջալերուեցաւ: Քննադատութեանց տարափ սկսաւ 24 Ապրիլի նախօրեակին հրապարակուած ՙՃանապարհային Քարտէս՚ին առիթով:

Նախագահին շրջագայութիւնը թերեւս արդարացուած ըլլար եթէ անիկա նախորդեր ՙՃանապարհային Քարտէս՚ի յայտարարութեան եւ արձանագրութեանց հրապարակման: Մինչդեռ Սարգսեանի շրջայցը անմիջապէս նախորդեց արձանագրութեանց ստորագրման: Շատերը կը զարմացնէր քննարկում նախաձեռնելու ձեւական կողմը` ի՞նչ իմաստ ունի քննարկել, տեսակէտներ փոխանակել փաստաթուղթի մը շուրջ, զոր արդէն նախաստորագրուած էր:

Նախագահի շրջայցի մասին իշխանական լրատուամիջոցներու տեսանիւթերն ու հրապարակումները իրականութիւնը նկարագրելէ շատ հեռու էին: Հայերը Սարգսեանը բողոքի տարբեր գործողութիւններով կը դիմաւորէին, անոր հասցէին տհաճ բառեր կը հնչեցնէին, վիրաւորական պաստառներ վեր կը հանուէին` զայն յորդորելով չդաւաճանել:

Համահայկական շրջայցի առաջին կանգառը Փարիզն էր: Սէնի ափին գտնուող Կոմիտասի արձանին նախագահ Սարգսեանը պէտք է ծաղկեպսակ դներ: Տեղի հայութենէն քանի մը հարիւր հոգի շրջափակած էր արձանը, որպէսզի Հայաստանի նախագահը մօտենալու եւ ծաղկեպսակ դնելու հնարաւորութիւն չունենայ: Մօտ մէկ ժամ պահանջուեցաւ, որպէսզի ֆրանսական ոստիկանութիւնը ցուցարարները ռետինէ մահակներու օգնութեամբ ծեծելով եւ գետնին քարշ տալով հեռացնէ Կոմիտասի արձանի տարածքէն: Ասիկա չափազանց տհաճ, անյարմար ու զգայացունց տեսարան մըն էր: Նախագահի դէմքէն ցաւ, դառնութիւն եւ ափսոսանք կը թափէին: Մօտակայքէն լսուող վիրաւորական վանկարկումներուն տակ Սարգսեանը մօտեցաւ Կոմիտասի արձանին, գլուխը խոնարհեց ու հեռացաւ:

Արդէն Երեւանի մէջ, 8 Հոկտեմբերին հրաւիրուած Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստի իր ելոյթին մէջ, Սարգսեանը կատարուածը ՙհարիւր հոգինոց սադրանք՚ որակեց:

Համահայկական շրջայցի առաջին օրը Հայաստանի նախագահը Փարիզի մէջ հանդիպեր էր աշխարհահռչակ շանսոնեէ Շառլ Ազնաւուրի հետ:

Հայաստանի նախագահի Ա. Մ. Ն. այցէն առաջ` Սեպտեմբերի վերջերուն, Կլենտէյլի մէջ շուրջ տասը հազար հոգինոց բողոքի ցոյց մը կազմակերպուեցաւ, որու նախաձեռնողներն էին Հ. Յ. Դ.ն, Ս. Դ. Հ. Կ.ը, Ռ. Ա. Կ.ը եւ ՙՄիացեալ Հայ Երիտասարդներ՚ կազմակերպութիւնը: Ի պաշտպանութիւն նախագահ Սարգսեանի` Հայաստան-Թուրքիա գործընթացին հրապարակաւ աջակցութիւն յայտնեցին Հ. Բ. Ը. Մ.ը, Ամերիկայի Հայկական Համագումարը, ՙՎարդանանց Ասպետներ՚ը եւ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Ա. Մ. Ն.ի էջմիածնական երկու թեմերը: Անոնք արձանագրութեանց դէմ եղողները յորդորեցին իրենց օրակարգերը առաջ չտանիլ այսօրուայ Հայաստանի ՙապագայի հաշուին՚:

Համահայկական շրջայցի երկրորդ կանգառը Նիւ Եորքն էր: Հ. Յ. Դ.ի Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն 29 Սեպտեմբերին հրապարակեց յայտարարութիւն մը, ուր մէջբերելով Սարգսեանի խօսքերը, թէ շրջագայութիւն կը կատարէ` լսելու հայութեան կարծիքն ու տեսակէտները, կ’ընդգծէր, որ այսպիսի լսարաններ պէտք էր կազմակերպել արձանագրութեանց մշակումէն առաջ, հետեւաբար` ՙնախագահին այցելութիւնը ո՛չ միայն ուշ է, այլ նաեւ` քաղաքական ու բարոյական անկեղծութենէ զուրկ է՚:

Նախագահ Սարգսեանը 3 Հոկտեմբերին հանդիպեցաւ Ա. Մ. Ն.ի արեւելեան ափի եւ Գանատայի հայաշատ համայնքներու ներկայացուցիչներու հետ: ՙԵս կը կարծեմ, որ տուեալ ժամանակի համար մենք կրցեր ենք առաւելագոյնն ստանալ՚,- ընդգծած է Սարգսեանը:

Հայերը բողոքի ցոյց կազմակերպեցին ՙՆիւ Եորք Փլազա՚ պանդոկին դիմաց, ուր հանգրուանած էր Հայաստանի նախագահը: ՙԱրձանագրութիւնները կը մերժենք՚, ՙԱզգիդ մի՛ դաւաճաներ՚ եւ ուրիշ գրութիւններով ամերիկահայերն իրենց ընդվզումը կ’արտայայտէին:

Հայաստանի նախագահը աւելի քան տասը հազարնոց բողոքի ցոյցով դիմաւորեցին Լոս Անճելոսի մէջ, ուր 4 Հոկտեմբերին ան հանդիպեցաւ արեւմտեան ափի եւ Լատինական Ամերիկայի երկիրներու հայոց ներկայացուցիչներու հետ: Լոս Անճելոսի մէջ Սարգսեանին հեռաձայնեց Ա. Մ. Ն.ի նախագահը: Ըստ Սպիտակ Տան հաղորդագրութեան` Օպաման խրախուսած է Սարգսեանի ՙխիզախ ղեկավարումը՚ եւ քաջալերած է զայն:

6 Հոկտեմբերին Պէյրութի մէջ լիբանանահայութեան եւ նախագահ Սարգսեանի շփումներն ամենալարուածն էին: Լիբանանահայութիւնը Հայաստանի նախագահը բողոքի ցոյցով դիմաւորեց դեռ Պէյրութի օդանաւակայանէն: Բազմահազարնոց ցոյցին մասնակիցները վեր պարզած էին ՙՈ՛չ` հակահայ արձանագրութեանց՚, ՙՑեղասպանութիւնը սակարկութեան առարկայ չէ՛՚ եւ նման բովանդակութեամբ պաստառներ: Լիբանանի մայրաքաղաքին մէջ Հայաստանի նախագահը հանդիպեցաւ Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի երկիրներու հայոց ներկայացուցիչներու հետ: Մինչեւ այդ հանդիպումը, նախագահը զրուցեր էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ:

Համահայկական ուղեւորութեան միակ վայրը, ուր Հոկտեմբերի 7-ին Հայաստանի առաջնորդը դիմաւորեցին առանց լուրջ դժգոհութեանց` Տոնի Ռոսթովն էր:

Ցեղասպանագէտ Վահագն Տատրեանը, հաշուի առնելով ՙթուրք քաղաքագէտներու երկար փորձը եւ օսմանեան աւանդոյթները՚, հայ-թրքական գործընթացը ՙխելացի նախաձեռնութիւն՚ չորակեց: ՙՈ՛չ միայն կը զգացուին դիւանագիտական յարաբերութիւնները անորոշ մթնոլորտի մէջ պահելու, այլեւ Հայաստանէն երկար տարիներ փայփայած զիջումները ձեռք բերելու միտումներ, յատկապէս գոյութիւն ունեցող սահմաններուն վերաբերեալ: Խնդիրն աւելի առեղծուածային է, եթէ չըսենք` խաբուսիկ կը դառնայ, եթէ հաշուի առնենք Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ներկայ յարաբերութիւնները՚:

Տատրեանի կարծիքով` ենթայանձնաժողովի մասին կէտին միջոցով ՙ1915 թուականի մեծ ոճրագործութեան տակաւին չզղջացող ժառանգորդները մէկ անգամ ալ կը փորձեն մոլորեցնել` քօղարկուած եղանակներ գործածելով՚: ՙՀայաստանի կառավարութիւնը պարտաւոր է աներկբայօրէն յայտարարելու, որ ՙպատմական հարթութեան՚ խնդիրներ ՙգիտականօրէն՚ քննարկելու բոլորովին հարկ չկայ՚,- շեշտեց Տատրեանը, յիշեցնելով օսմանեան Ռազմական Ատեանին դատավճիռները 1919-1921 թուականներուն, ուր մեղադրողները թուրքեր էին, դատաւորները` նոյնպէս, եւ ամենակարեւորը` վկայութիւն տուող ականատեսներն ալ թուրքեր էին:

Հակառակ քննադատութեանց տարափին` Սարգսեանը կը փորձէր համոզել, որ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը որեւէ ձեւով կասկածի տակ չի դրուիր արձանագրութեանց մէջ: Նախագահը կ’ակնարկէր, որ Հայաստանը երկարատեւ կտրուածքով չի կրնար ապահով կերպով գոյատեւել գոց սահմաններով: Առիթով մը ան ուղղակիօրէն ըսաւ. ՙԱյսպէս ապրիլը ճիշդ չէ, մենք պէտք է Թուրքիոյ հետ բնականոն յարաբերութիւններ ունենանք՚:

Նախագահ Սարգսեանն անդրադարձաւ նաեւ անոնց, որոնք ՙկը փորձեն ուրիշները մեղադրել դաւաճանութեան մէջ՚: ՙԴաւաճանութիւնը, առաջին կարգին, նեղ անձնական շահերով առաջնորդուիլն է: Շատ յստակօրէն կը գիտակցիմ, որ ցաւոտ գործընթացի մը մէջ մտած ենք, որ իւրաքանչիւր քաղաքական գործընթաց նաեւ գին ունի, եւ ես պատրաստ եմ այդ գինը վճարելու՚,- ըսաւ ան:

Արձանագրութեանց ստորագրումը

Սերժ Սարգսեանը 10 Հոկտեմբեր 2009-ին համայն հայութեան ուղերձ յղեց: Ան ըսաւ, որ համոզուած է ձեռնարկուած քայլերու անհրաժեշտութեան ու ճշմարտացիութեան, որեւէ յարաբերութիւն Թուրքիոյ հետ ՙչի կրնար կասկածի տակ դնել հայ ժողովուրդի հայրենազրկման ու ցեղասպանութեան իրողութիւնը՚, իսկ ՙմիջկառավարական յանձնաժողովի համապատասխան ենթայանձնաժողովը պատմաբաններու յանձնաժողով չէ՚: ՙՀայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ առկայ սահմաններու հարցը ենթակայ է լուծման միջազգային իրաւունքի համաձայն: Արձանագրութիւններն ատկէ աւելի բան չեն ըսեր: Այս յարաբերութիւնները որեւէ ձեւով չեն առնչուիր Լ. Ղ.ի հակամարտութեան կարգաւորման հետ, զոր անկախ ու ինքնուրոյն գործընթաց մըն է՚,- ըսաւ նախագահը` ընդգծելով. ՙԱնկախութիւնը պատասխանատու վճիռներ կայացնելու կամք ու վճռականութիւն, իրատեսութիւն ու հեռանկարին միտուած հետեւողական աշխատանք կը պահանջէ: Ես այդ ճանապարհն ընտրած եմ՚:

10 Հոկտեմբեր 2009-ի երեկոյեան Հայաստանի ու Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները Զուիցերիոյ, ինչպէս նաեւ ղարաբաղեան կարգաւորման Մինսքի Խումբի եռանախագահող պետութեանց արտաքին գործոց նախարարներու ու եւրոպացի բարձրաստիճան ուրիշ դիւանագէտներու ներկայութեամբ ստորագրեցին հայ-թրքական երկու արձանագրութիւնները:

Արարողութիւնն աւելի քան երեք ժամով յետաձգուեցաւ, եւ կրնար ձախողիլ, եթէ չ’ըլլար Ա. Մ. Ն.ի պետական քարտուղար Հիլըրի Քլինթընի միջամտութիւնը: Քլինթընը նախանշուած ժամին մօտենալով Ցիւրիխի համալսարանին` կը տեղեկանայ, որ հայկական կողմը առարկութիւն ունի արձանագրութեանց յաջորդող թրքական յայտարարութեան բովանդակութեան նկատմամբ եւ ժամանելէ կը հրաժարի: Պետական քարտուղարին ինքնաշարժը շրջադարձ կը կատարէ եւ դէպի հայկական պատուիրակութեան իջեւանած պանդոկը կ’ուղղուի:

ՙՔլինթընն իր սեւ գոյնի BMW ինքնաշարժէն չ’իջներ եւ մօտ մէկ ժամ երկու հեռաձայններով կը խօսի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն հետ: Վերջապէս, ան կ’իջնէ ինքնաշարժէն, պանդոկ կը մտնէ եւ Նալպանտեանին կ’առաջարկէ միասնաբար երթալ համալսարան, ուր զայն կը սպասէր Տաւութօղլուն՚,- գրած է ՙՈւաշինկթըն Փոսթ՚ը:

Ու մինչ տիկին Քլինթընը կը փրկէր արարողութեան տապալումն ու միջազգայնօրէն քարոզուած հայ-թրքական գործընթացը, այդ ընթացքին Սերկէյ Լաւրովը, Պեռնար Քուշները եւ Խաւիէ Սոլանան միասնաբար կը դիտէին Ռուսիա-Գերմանիա ֆութպոլի խաղը: Տեղեկանալով իրադրութեան` Լաւրովը Նալպանտեանին հակիրճ գրութիւն մը կը փոխանցէ. ՙԷտուա՛րտ, արարողութեան համաձայնի՛ր առանց յայտարարութեան՚: Բացի Լաւրովէն, գրութեան տակ իրենց ստորագրութիւնը կը դնեն նաեւ Սոլանան եւ Քուշները:

Քլինթընի ու Նալպանտեանի ժամանումէն ետք բանակցութիւնները կը վերսկսին ընդլայնուած կազմով. կողմերը կը համաձայնին արձանագրութիւններն ստորագրելու, պայմանով, որ յայտարարութիւններ պէտք չէ ըլլան: Հայ-թրքական գործընթացի եւ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման փոխկապակցուածութիւնը ՙբաց գաղտնիք՚ էր, թէեւ այդ մասին հետեւողականօրէն կը յիշեցնէին թուրքերը եւ նոյնքան հետեւողականօրէն կը հերքէին հայերը: Կողմերուն դիրքորոշումները տրամագծօրէն տարբեր էին, իսկ Ցիւրիխի ստորագրման արարողութիւնը ձախողման եզրին էր, քանի որ համաձայնութիւն չկար ստորագրումէն ետք հրապարակային յայտարարութեանց վերաբերեալ:

Ահա՛ Նալպանտեանն ու Տաւութօղլուն կը ստորագրեն փաստաթուղթերը: Անոնց ետին կանգնած դիւանագէտները լայն, անհոգ կերպով կը ժպտին, կը հրճուին, կը քմծիծաղին: Հայաստանի ու Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները իրարու ձեռքը կը սեղմեն: Տաւութօղլուի դէմքին երջանկութեան շողշողուն ժպիտ է, թուրք դիւանագէտը հրճուանքը չի կրնար եւ չ’ուզեր զսպել: Նալպանտեանը նոյնպէս կը ժպտի, բայց այդ ժպիտին տակ լարուածութիւն, բարկութիւն ու անհանգստութիւն կայ:

ՙՆալպանտեանը նման էր պարտուած մարդու, որ քաղաքական հարկադրանքի տակ կը ստորագրէր, մինչդեռ Տաւութօղլուի շողշողուն ժպիտը յաղթանակի երջանկութիւն կ’արտացոլէր իր կառավարութեան հմուտ եւ յարձակողական դիւանագիտութեան ձեռք բերած գրեթէ առաւելագոյն յաջողութեան կապակցութեամբ: Երեւանը կը նուաստանայ համաշխարհային բեմին վրայ, մինչդեռ Անգարան նախապայմաններ ու պայմաններ կը պարտադրէ՚,- գրեց ամերիկահայ պատմաբան Լեւոն Մարաշլեանը:

Անոր խօսքերով` ՙփաստօրէն, թուրքերը հայերէն կը պահանջեն ստորագրել թուղթ մը, որով ապագային կը գոցուի Թուրքիայէն տարածքային որեւէ պահանջի հնարաւորութիւնը՚: ՙՀայերը կ’ըսեն, որ տարածքային պահանջ չունին, բայց թուրքերը կ’ըսեն` ատիկա բաւական չէ, եւ կը պարտադրեն ստորագրել փաստաթուղթ մը, որ ապագային հողային պահանջ պիտի չունենայ՚: Սարգսեանի տեսանկիւնէն, քանի որ երբեք հնարաւոր պիտի չըլլայ սահմանի որեւէ փոփոխութիւն կատարել, Հայաստանի առաջնորդը երեւի կը կարծէ, թէ ՙաւելի լաւ է անմիջապէս ընդունիլ Կարսի պայմանագիրով գծուած սահմանը, որպէսզի այսօր հնարաւոր ըլլայ օգտուիլ բաց սահմանէն՚:

Հայաստանի բոլոր արտաքին գործոց նախկին նախարարները քննադատեցին արձանագրութեանց բովանդակութիւնը եւ յայտարարեցին, որ իրենք նման փաստաթուղթ երբեք չէին ստորագրեր: Օսկանեանը գրեց, որ Սարգսեանի ՙուղերձին բովանդակութիւնն ուղղակիօրէն կը հակասէր արձանագրութեանց բովանդակութեան՚: ՙԿարելի է նոյնիսկ ըսել, որ նախագահի ուղերձին մէջ բերուած փաստարկները այդ արձանագրութիւնները մերժելու լաւագոյն հիմնաւորումներն էին. Հայաստանի վարչակազմը բան մը ըսաւ, մէկ ուրիշ բան ստորագրեց՚: Օսկանեանը յայտարարեց, թէ այդ արձանագրութեանց մէջ տեղ գտած են թրքական բոլոր երեք նախապայմանները եւ անոնք ստացած են այն, ինչ 17 տարի փափաքած են. ՙԵս կ’ուզեմ, որ մենք Թուրքիոյ հետ բնական յարաբերութիւններ ունենանք, բայց այսպիսի փաստաթուղթ երբեք չէի ստորագրեր՚:

Ալեքսանդր Արզումանեանն ըսաւ, որ մշտապէս կողմ եղած է հայ-թրքական յարաբերութեանց հաստատման, սակայն ՙոչ մէկ պարագայի՚ նման փաստաթուղթեր կը ստորագրէր. ՙԹուրքերու հետ պէտք էր գործընթաց սկսիլ, բայց ոչ այդպիսի զիջումներով: Ցեղասպանութեան հարցով յանձնաժողով, ենթայանձնաժողով ստեղծելն անընդունելի է՚:

Վահան Փափազեանի խօսքերով` ՙԹուրքիան որքան ալ ձեւացուց, թէ այս ու այն հարցերուն մէջ զիջած է, արձանագրութիւններն ակնյայտօրէն թուրքերու օգտին են առաջին կարգին յանձնաժողովի կէտին շնորհիւ: Ես այդ արձանագրութիւնները երբեք չէի ստորագրեր: Հրաժարական կու տայի՚:

Րա‎ֆ‎ֆ‎‎‎ի Յովհաննիսեանը արձանագրութեանց ստորագրումը ՙոճրագործութիւն՚ յայտարարեց: ՙՄեր ազգի հոգին կը ծախուի Թուրքիոյ հետ բարի կամքի եւ ՙբաց սահմաններ՚ու կեղծ խոստումով: Սա կեղծիք է եւ ոչ թէ դիւանագիտութիւն: Հայոց համար ի՞նչ գին պիտի ունենայ ՙբաց սահմանը՚, զոր բոլոր քաղաքակիրթ ազգերուն ձրիաբար տրուող շնորհ է: Հայաստանէն կը պահանջեն հրաժարիլ իր օրինական պատմական իրաւունքներէն եւ ՙտէ եուրէ՚ ճանչնալ Թուրքիոյ ՙտէ ֆաքթօ՚ սահմանները, որոնք գծուած էին հայ ժողովուրդն իր բնօրրանին մէջ ոչնչացնելու եւ հայրենի օճախէն բռնի կերպով զրկելու հիման վրայ: Արձանագրութիւնները կը ներառեն ահաբեկչութեան երկուստեք դատապարտման խնդիրը` շրջանցելով, սակայն, աւելի մեծածաւալ ու եղկելի ոճրագործութեան` ցեղասպանութեան դատապարտումը՚:

Փաստաթուղթը քննադատեցին նաեւ շարք մը քաղաքական ոյժեր: Հայ Ազգային Քոնկրէսը արձանագրութեանց ստորագրումը բնութագրեց իշխող վարչախումբի ՙքաղաքական սնանկութեան եւ դիւանագիտական խեղճութեան ցաւալի ապացոյցը՚: ՙՑիւրիխեան ուրացման գործարքով Հայաստանի վարչախումբը նպատակ ունէր հասնելու հայ-թրքական սահմանի բացման` ատոր դիմաց վճարելով պատմական փաստերն ուսումնասիրող տխրահռչակ յանձնաժողովի գաղափարի ընդունմամբ, ատով իսկ աշխարհին առջեւ կասկածի տակ դնելով Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը՚:

Հ. Յ. Դ.ի հետ, հայ աւանդական միւս երկու կուսակցութիւններն ալ դատապարտեցին արձանագրութեանց ստորագրումը: Հ. Ռ. Ա. Կ.ն իր մտահոգութիւնը յայտնեց հայ-թրքական մերձեցման ուղղուած, ՙՀայաստանի արժանապատուութիւնը նուաստացնող գործընթացի կապակցութեամբ՚: Ս. Դ. Հ. Կ.ն արձանագրութեանց ստորագրումը համարեց ՙդաւաճանութիւն հայ ժողովուրդի եւ Հայոց պետականութեան նկատմամբ՚: ՙԹուրքիան ստացաւ այն, ինչ կ’ուզէր, Հայաստանի իշխանութիւնները` այն, ինչին արժանի էին, հայ ժողովուրդն ու Հայաստանը բան մը չստացան, բացի Ցեղասպանութեան ուրացումէն՚:

Ամիսներ ետք տուած հարցազրոյցի մը մէջ արտաքին գործոց նախարար Նալպանտեանը հռետորական հարց տուաւ. ՙԵթէ նախապայմաններ կային` Թուրքիան ինչո՞ւ չվաւերացուց: Աշխարհի մէջ չկայ ոեւէ մէկը, որ այս արձանագրութեանց մէջ նախապայման տեսնէ, բացի Հայաստանի մէջ որոշ ընդդիմախօսներէ: Նոյնիսկ Թուրքիոյ վարչապետը կ’ըսէր, թէ արձանագրութեանց մէջ նախապայման չկայ: Թրքական ընդդիմութիւնը կը քննադատէր իշխանութիւնները, որ ՙվատ բանակցած էք, նախապայմաններ չկան արձանագրութեանց մէջ եւ ստորագրած էք պայմանագիրներ առանց այն դրոյթներուն, զորս կը փափաքէինք տեսնել այս արձանագրութեանց մէջ, եւ չվաւերացնէք, մինչեւ որ չընդունուին նախապայմանները՚:

Պուրսա. կրկին պարտութիւն

Ապտուլլա Կիւլի Երեւան այցէն ետք Սերժ Սարգսեանը բազմիցս յայտարարեց, որ պատասխան խաղը դիտելու համար ինք Թուրքիա կը մեկնի, եթէ թուրք-հայկական սահմանը բաց ըլլայ կամ ատոր նախօրեակն ըլլայ: Հայաստանի նախագահը 14 Հոկտեմբերի երեկոյեան Թուրքիա մեկնեցաւ, երբ սահմանը կը շարունակէր գոց մնալ:

Պուրսայի օդանաւակայանին մէջ Տաւութօղլուն դիմաւորեց Սարգսեանին գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Օդանաւակայանէն Սարգսեանն ուղեւորուեցաւ պանդոկ, զրուցեց Հայաստանի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիսթներուն հետ եւ քաջալերեց զանոնք: Այնուհետեւ Հայաստանի նախագահն ուղեւորուեցաւ Պուրսայի ՙԱլմիրա՚ պանդոկը, ուր զայն դիմաւորեց Կիւլը: Տեղի ունեցաւ երկու երկիրներու ղեկավարներու առանձնազրոյց: Նախագահ Սարգսեանը շեշտեց, որ Հայաստանը հաստատակամ է յարաբերութեանց կարգաւորման ուղղութեամբ առաջ շարժելու` առանց նախապայմաններու: Բանակցութիւններէն ետք Հայաստանի նախագահի պատուին Թուրքիոյ նախագահի անունէն տրուեցաւ ճաշ, որմէ ետք Սարգսեանն ու Կիւլը ներկայ գտնուեցան Թուրքիա-Հայաստան ֆութպոլային խաղին:

Նալպանտեանը կարեւորեց արձանագրութեանց վաւերացումը, ինչը ՙկը բանայ այն գոց դուռը, զոր երկար տարիներ մեր երկու երկիրներն ու ժողովուրդները իրարմէ բաժնած է՚: ՙԱյսօր նախագահ Կիւլը կ’ըսէր. ՙԵթէ նախագահ Սարգսեանը մէկ տարի առաջ զիս ֆութպոլի խաղին չհրաւիրէր, արդեօ՞ք հայ-թրքական յարաբերութեանց կարգաւորումը այս յառաջընթացը կ’ունենար՚: Այսօրուան խաղը լաւ առիթ էր երկու նախագահներուն` հանդիպելու եւ յետադարձ հայեացքով նայելու, թէ այս մէկ տարուան ընթացքին ի՞նչ կատարուեցաւ երկու երկիրներուն միջեւ` յարաբերութեանց կարգաւորման իմաստով, եւ նաեւ` թէ ի՞նչ պէտք է ընել չորս օր առաջ ստորագրուած արձանագրութիւններէն ետք, որպէսզի անոնք կեանքի կոչուին շուտափոյթ կերպով՚: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարն ըսաւ նաեւ, որ Կիւլը ընթրիք մատուցած է ի պատիւ Սարգսեանին: ՙԱյս կապակցութեամբ Անգարայէն յատուկ բերուած էր այն ուտեստեղէնը, զոր Թուրքիոյ նախագահին կինը պատրաստած էր: Այս քայլով` նախագահ Կիւլը կը փափաքէր յատուկ ջերմութիւն հաղորդել Հայաստանի նախագահի ընդունելութեան՚:

Հանդիպումէն առաջ, թուրք եւ ատրպէյճանցի ֆութպոլասէրները հայ լրագրողներու օթոպիւսներէն մէկը քարկոծած էին:

Թուրքիա-Հայաստան ֆութպոլային պատասխան խաղը մարզական տեսակէտէ հետաքրքրութիւն չէր ներկայացներ, քանի որ երկու խումբերն ալ կորսնցուցած էին եզրափակիչ փուլի ուղեգիր նուաճելու հնարաւորութիւնը:

Խաղն սկսելէ առաջ, քանի մը տասնեակ ճերմակ աղաւնիներ բաց ձգեցին մարզադաշտին մէջ:

Երեսուն հազար հոգինոց մարզադաշտը մօտ երեք ժամ անդադար կը սուլէր, իսկ Հայաստանի քայլերգը հնչելու ատեն թուրք ֆութպոլասէրներն իրենց սուլոցներով խլացուցին ՙՄեր Հայրենիք՚ը:

Թուրքերն աւելի լաւ կը խաղային: Հայաստանի հաւաքականը, երեւանեան խաղին նման, պարտուեցաւ նոյն` 0-2 հաշիւով:

Հանդիպման աւարտին, երեւանեան խաղին նման, երկու երկիրներուն նախագահները, միջազգային հանրութեան աննախադէպ ծափահարութեանց ներքոյ, իրարու ձեռքը կը սեղմէին եւ լայնօրէն կը ժպտէին հարիւրաւոր տեսախցիկներու ու լուսանկարչական սարքերու առջեւ:

Սարգսեանի Թուրքիա այցէն ետք Անգարան հետեւողական կերպով կը յիշեցնէր, որ արձանագրութիւնները չեն վաւերացուիր, քանի դեռ ղարաբաղեան խնդրին մէջ յառաջընթաց չկայ:

Նալպանտեանը 20 Հոկտեմբեր 2009-ին նամակ մը յղեց իր ամերիկացի գործընկեր Քլինթընին, ուր յիշեցնելով Ցիւրիխի մէջ վերջին պահուն ՙթրքական կողմին ստեղծած դժուարութիւնը՚, կ’ընդգծէր, թէ պէտք է ուշադրութեան կեդրոնը պահել յարաբերութեանց բարելաւման յաջորդ փուլերը` ՙպահպանելու համար դրական իրադրութիւնը եւ կանխելու համար այն զարգացումները, որոնք կրնան գործընթացը խափանել՚: Աւելի քան մէկ տարուայ ՙծանր աշխատանք՚էն ետք, կը շարունակէր Նալպանտեանը, կողմերը յարաբերութեանց կարգաւորման ՙշատ կարեւոր, բայց միեւնոյն ժամանակ դեռ շատ փխրուն փուլի՚ հասան եւ Ա. Մ. Ն.ի պետական քարտուղարին աջակցութիւնը ՙշատ կարեւոր է երկու ժողովուրդներու հաշտեցման պատմական հնարաւորութիւնը չկորսնցնելու համար՚:

Արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլուն 21 Հոկտեմբերին Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ մանրամասնեց, թէ Անգարան ինչպէս կ’ընկալէ եւ կը մեկնաբանէ արձանագրութեանց բովանդակութիւնը: Ան խորհրդարանի երեսփոխաններուն բացատրեց, որ Հայաստանն ու Թուրքիան պէտք է ընդունին իրարու սահմանները եւ այն պնդումը, թէ ՙՀայաստանը տարածքային պահանջներ ունի Թուրքիայէն՚, փաստաթուղթի կէտերէն մէկով կը պարզաբանուի, չնայած ՙորեւէ երկիր չի կրնար նման բանի համարձակիլ՚:

ՙԱրձանագրութեանց մէջ երկրորդ կէտ մը կայ, զոր նոյնպէս նուիրուած է սահմաններու ճանաչման, այսինքն` իրաւաբանօրէն անգամ մըն ալ կը վաւերացուի, որ Հայաստանը Թուրքիայէն որեւէ հողային պահանջ չունի: Այդ կէտը միջազգային պայմանագիր մը նկատի կ’ունենայ: Երբ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ քաղաքական ու դիւանագիտական պատմութեան նայինք, սահմաններուն նուիրուած երկու պայմանագիր կը տեսնենք: Առաջինը 16 Մարտ 1921-ի Մոսկուայի, իսկ երկրորդը` 13 Հոկտեմբերի Կարսի պայմանագիրն է: Այս արձանագրութիւնով մենք անգամ մըն ալ կը վաւերացնենք մեր սահմաններուն ճանաչումը եւ Նախիջեւանի հարցին մէջ մեր ստանձնած միջնորդի դերը՚,- բացատրած է Տաւութօղլուն: ՙԿրնա՞նք այս արձանագրութիւններով փոխել այսպէս կոչուած Ցեղասպանութեան գաղափարախօսութիւնը: Նախատեսուած է ստեղծումը պատմաբաններու յանձնաժողովի մը, որ երկու կառավարութեանց հսկողութեան տակ պիտի աշխատի եւ պիտի ուսումնասիրէ բոլոր արխիւները` առարկայականօրէն ու գիտականօրէն: Ատիկա կը նշանակէ, որ այլեւս Հայաստանն ալ կ’ընդունի, որ հարցերուն լուծումները հնարաւոր չէ միակողմանի ընկալմամբ գտնել՚,- շարունակած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը: Տաւութօղլուի խօսքերով` ՙԱտրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը սրբութիւն է մեզի համար, ինչպէս մեր տարածքային ամբողջականութիւնը՚:

Աւելի ուշ, Տաւութօղլուն յայտարարեց, որ հայկական կողմին հետ բանակցութիւնները քանի մը նպատակ կը հետապնդէին. սահմանը բանալով եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելով` ուղղակի եւ անուղղակի յարաբերութիւններ ստեղծել Թուրքիոյ եւ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ` թուրքերու եւ սփիւռքի հայոց միջեւ: Տաւութօղլուի խօսքերով` շատերը կը կարծեն, թէ արձանագրութիւնները պարզապէս սահմանի բացում եւ դիւանագիտական յարաբերութեանց հաստատում կը նշանակեն: Մինչդեռ արձանագրութեանց մէջ կան նաեւ հաշտեցման եւ պատմական հարցերը լուծելու նախատեսումներ: Ուրիշ խօսքով` ՙմենք (հայկական կողմին հետ) ամբողջ շարք հարցեր քննարկեր ենք եւ համաձայնութեան եկած՚:

Դեկտեմբերին Միացեալ Նահանգներ այցի ընթացքին վարչապետ Էրտողանը յայտարարեց, որ եթէ ղարաբաղեան հարցին մէջ դրական զարգացումներ չըլլան, ապա թրքական խորհրդարանը դժուար թէ վաւերացնէ արձանագրութիւնները: Հետեւեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան արձագանգը: Նախագահ Սարգսեանը հայ-թրքական յարաբերութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին հետ փոխշաղկապելու Անգարայի փորձերը յայտարարեց ձախողութեան դատապարտուած. ՙՀայաստանը պատրաստ է արձանագրութիւնները վաւերացնելու եւ նոյնը կ’ակնկալենք Թուրքիայէն: Եթէ Թուրքիան վաւերացումը ձգձգէ, ապա Հայաստանն անպայմանօրէն կ’օգտուի միջազգային իրաւունքէն բխող հնարաւորութիւններէն՚:

2010. ՙողջմիտ ժամկէտներ՚ուն վերջը

Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւնները հայկական կողմը քանի մը ամիս ետք Սահմանադրական Դատարան ղրկեց: Վերջինս փորձեց նուազեցնել առկայ մտահոգութիւնները եւ 2010-ի սկիզբը վճռեց, որ ՙարձանագրութեանց մէջ ամրագրուած պարտաւորութիւնները կը համապատասխանեն Հայաստանի Սահմանադրութեան՚, սակայն վճռի նկարագրական մասին մէջ նշեց, որ արձանագրութեանց կէտերը Հայոց Ցեղասպանութեան հաւաստիութեան եւ ղարաբաղեան հակամարտութեան ու անոր լուծման չեն կրնար վերաբերիլ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը 18 Յունուարին յայտարարեց, որ Սահմանադրական Դատարանի որոշման շարադրանքին մէջ նախապայմաններ պարունակող, ինչպէս նաեւ` արձանագրութեանց ոգիին ու բովանդակութեան հակասող դրոյթներ կան:

Ատկէ բացի, արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլուն ըսաւ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը կրնայ երեք օրուայ ընթացքին վաւերացնել արձանագրութիւնները, սակայն ղարաբաղեան հակամարտութեան չկարգաւորուած վիճակը կը խոչընդոտէ:

Սահմանադրական Դատարանի որոշումէն ետք Հայաստանի նախագահը արձանագրութիւնները Ազգային Ժողով ղրկեց եւ միջազգային հանրութիւնը հաւաստիացուց, որ խորհրդարանը պատրաստ է փաստաթուղթերը վաւերացնելու: Սարգսեանը նշեց, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութեանց արագ կարգաւորումը կրնայ դրական լիցքեր տալ եւ ուղեցոյց ըլլալ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ: Սարգսեանը Լոնտոնի մէջ յայտարարեց, որ կը պատրաստուի նախագահ Ալիեւը հրաւիրելու Հայաստան-Թուրքիա սահմանի հաւանական բացման արարողութեան:

2010-ի Փետրուարին Մեծն Բրիտանիա ուղեւորուելու ատեն` Սարգսեանը Թուրքիոյ օդային տարածքէն ուղերձ մը յղեց Կիւլին, որ այդ օրը այցով Հնդկաստան կը գտնուէր: Կիւլը ողջունեց Սարգսեանի ուղերձը, միաժամանակ շեշտելով, որ ՙպատմական գործընթացն աւարտին հասցնելը կը պահանջէ մեր պարտաւորութեանց կատարումը` ամբողջութեամբ վերցուած՚:

Վերջնականապէս համոզուելով, որ Թուրքիան արձանագրութիւնները պիտի չվաւերացնէ, Սարգսեանը 22 Ապրիլ 2010-ին սառեցուց գործընթացը, յայտարարելով, թէ ՙողջմիտ ժամկէտներ՚ը վերջացած են, հետեւաբար` յարաբերութեանց կարգաւորման ներկայ փուլն սպառած է:

Էրտողանն անմիջապէս յայտարարեց, որ Թուրքիան հաւատարիմ կը մնայ ստորագրուած արձանագրութեանց: ՙՄենք յաճախ արտայայտած ենք մեր նուիրուածութիւնը արձանագրութեանց տառին ու ոգիին եւ զանոնք իրականացնելու մեր նպատակը՚: Տաւութօղլուն աւելցուց, որ արձանագրութեանց վաւերացման ընթացակարգը կասեցնելը Հայաստանի միակողմանի որոշումն է, ՙմենք պատրաստ ենք յառաջ շարժելու, երբ համապատասխան պայմաններն առկայ կ’ըլլան՚:

Հայկական կողմը հրապարակային յայտարարութիւններով կոշտացուց Թուրքիոյ հանդէպ իր դիրքորոշումը: Արձանագրութիւնները սառեցնելէն առաջ Սարգսեանը Ուաշինկթընի մէջ հանդիպեր էր Օպամայի եւ Էրտողանի, ապա Մոսկուայի մէջ` Մետվետեւի հետ: ՙՄենք պատրաստ ենք բնականոն յարաբերութիւններ ունենալու մեր բոլոր դրացիներուն հետ, բայց չենք հանդուրժեր, որ պայմաններ թելադրեն մեզի: Ես հանդիպեցայ Թուրքիոյ վարչապետին հետ: Մեր դիրքորոշումը եղած է եւ կը մնայ շատ յստակ. Թուրքիան չի կրնար նախապայմաններու լեզուով խօսիլ Հայաստանի եւ հայութեան հետ: Մենք չենք պատրաստուիր որեւէ ձեւաչափով քննութեան առարկայ դարձնել Ցեղասպանութեան եղելութեան փաստը կամ ձեւացնել, թէ կը հաւատանք, որ Թուրքիան կրնայ որեւէ դրական դերակատարութիւն ունենալ Լ. Ղ.ի հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացին մէջ՚,- ըսաւ Սարգսեանը:

Հայ-թրքական յարաբերութեանց հաստատմանն աջակցողները` ի դէմս Մ. Նահանգներու ու Ֆրանսայի, կարեւորեցին, որ Հայաստանը միայն սառեցուց հայ-թրքական արձանագրութեանց վաւերացման գործընթացը: Կը թուի, թէ Հայաստանի նախագահն ընտրեց ՙոսկի միջին՚ը, մինչդեռ Թուրքիոյ նկատմամբ Սարգսեանի քաղաքականութիւնը քննադատողներն աճապարեցին պնդելու, որ երկրին առաջնորդը հնարաւոր տարբերակներէն ոչ-լաւագոյնն ընտրեց: Ըստ քննադատներուն, նախագահը պէտք է ետ վերցներ արձանագրութեանց տակ դրուած ստորագրութիւնը, քանի որ թրքական կողմին համար կարեւոր է գործընթացը եւ ո՛չ թէ վերջնարդիւնքը, եւ Թուրքիան այս պարագային ալ պիտի շահարկէ Հայաստանի բարի կամքը:

Իրաւամբ, թրքական կողմը տարբեր մակարդակներով յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կը շարունակուի ՙլուռ դիւանագիտութիւնը՚: Հայաստանը ժամանակ առ ժամանակ ստիպուած է յայտարարելու, որ ՙլուռ դիւանագիտութիւն՚, ՙՑիւրիխ-2՚ եւ հայ-թրքական ՙորեւէ նոր գործընթաց՚ չկան:

Ուաշինկթընի մէջ նախագահ Սարգսեանի հետ հանդիպումէն մէկ շաբաթ ետք Էրտողանը հերթական անգամ յայտարարեց, որ ՙմենք Թուրքիա-Հայաստան սահմանը գոցած ենք Ատրպէյճանի հողը գրաւուելու պատճառով. բռնագրաւումը պէտք է վերջ գտնէ, եւ մենք սահմանադուռերը դիւրութեամբ կը բանանք՚: Էրտողանը Մարտի կէսերուն Լոնտոնէն սպառնացած էր երկրէն վտարել Հայաստանի այն քաղաքացիները, որոնք ապօրինի կերպով հաստատուած են Թուրքիոյ մէջ: Անդրադառնալով Ա. Մ. Ն.ի եւ Շուէտի օրէնսդիր մարմիններուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, Էրտողանը հռետորական հարց տուած էր. ՙԱյս երկիրներն ի՞նչ առնչութիւն ունին Հայաստանի հետ, անոնց ո՞վ տուած է այդ դերը: Եթէ այս հարցին մէջ կողմ երկիրներ կան, ապա անոնք Թուրքիան ու Հայաստանն են՚: Ապա հետեւած էր սպառնալիքը. ՙԵրկրիս մէջ 170 հազար հայ կայ, որոնցմէ 70 հազարը քաղաքացիներս են: Սակայն առայժմ աչք կը գոցենք մնացած 100 հազարին վրայ: Ի՞նչ պիտի ընեմ վաղը: Եթէ պէտք ըլլայ` այս 100 հազարին պիտի ըսեմ. ՙԵլէ՛ք ձեր երկիրը գացէ՛ք՚: Այդպէ՛ս պիտի ընեմ: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ անոնք քաղաքացիներս չեն: Զանոնք երկրիս մէջ պահելու պարտաւոր չեմ՚:

ՙՀայերը վտարելու՚ Էրտողանի պատրաստակամութիւնը ՙՄիլլիյէթ՚ը համեմատեց 1915-ին իթթիհատականներու ՙտեղահանութեան վճռականութեան՚ հետ, իսկ ՙԹարաֆ՚ը հեգնեց, թէ ՙվտարման համար նախ պէտք է Հայաստանի սահմանը բանալ՚:

Հայոց Ցեղասպանութիւնը 4 Մարտ 2010-ին հերթական անգամ ճանչցաւ Ա. Մ. Ն.ի Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին Յարաբերութեանց Յանձնաժողովը, իսկ 11 Մարտին` Շուէտի խորհրդարանը` Ռիքստակը: Վերջինս 1915-ը զեկոյցի տեսքով ընդունած էր դեռ 2000-ի Մարտին: Երկրորդ ճանաչումն ուշագրաւ էր անով, որ շուէտ օրէնսդիրները քուէներու 131 ՙկողմ՚ եւ 130 ՙդէմ՚ յարաբերակցութեամբ կը ճանչնային ՙհայոց, ասորիներու եւ Պոնտոսի յոյներու` Օսմանեան Կայսրութեան մէջ իրականացուած ցեղասպանութիւնը՚: Ատկէ բացի, Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Քարլ Պիլտթը մտահոգութիւն յայտնեց, իսկ վարչապետ Ֆրետրիք Ռայն‎ֆիլտթը հեռաձայնեց իր թուրք գործընկերոջ եւ պաշտօնապէս ներողութիւն խնդրեց խորհրդարանի ընդունած որոշման համար:

Նախագահ Սարգսեանը 2010-ի Մարտին Սուրիա այցի օրերուն եղաւ նաեւ Տէր Զօրի մէջ, որու անապատներուն մէջ է իրականացուած հայ ժողովուրդի ՙողբերգութեան ամենահրէշաւոր արարներէն մէկը՚: ՙԻրենց տունը, գոյքը, զաւակները, ծնողները, առողջութիւնն ու վերջին յոյսը, վերջապէս ամենակարեւորը` հայրենիք կորսնցուցած մարդիկ հոս պիտի կորսնցնէին իրենց վերջին ունեցածը` կեանքը` ըստ պետականօրէն իրականացուող եւ մանրակրկիտօրէն մշակուած ծրագիրի՚,- իր ելոյթին մէջ ըսաւ Հայաստանի ղեկավարը:

ՙՑեղասպանութեան հետեւանքով անդառնալիօրէն ոչնչացուած է հնդեւրոպական հնագոյն լեզուներէն մէկուն` հայոց լեզուի բարբառներուն մեծագոյն մասը` զանոնք կրողներուն հետ միասին՚,- ըսաւ Սարգսեանը, եւ շեշտեց, որ ՙայսքանէն ետք մենք կ’ըսենք, որ պատրաստ ենք ջանքեր գործադրելու Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ժողովուրդներուն միջեւ վստահութիւն ձեւաւորելու ուղղութեամբ, պատրաստ ենք մօտեցնելու երկու հասարակութիւնները` ցրելով կարծրատիպերն ու իրականութեան հետ կապ չունեցող առասպելները՚:

14-15 Դեկտեմբեր 2010-ին Երեւանի մէջ կայացաւ ՙՑեղասպանութեան յանցագործութիւնը. կանխարգիլում, դատապարտում եւ հետեւանքներու վերացում՚ խորագիրը կրող միջազգային գիտաժողովը` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 95-ամեայ տարելիցին: Պետական մակարդակով նման գիտաժողովներ կը կազմակերպուին 1990 թուականէն` իւրաքանչիւր հինգ տարին մէկ` 24 Ապրիլի նախօրեակին: Զարմանալիօրէն, գիտաժողովը – ուր ելոյթ ունեցաւ նաեւ Սարգսեանը – այս անգամ կազմակերպուեցաւ Դեկտեմբերին:

2011. զիրար մեղադրելու տարին

Հայ-թրքական յարաբերութիւնները 2011-ին խոր փակուղիի մէջ էին, դադրեցան նոյնիսկ միջին մակարդակի շփումները, զորս մինչեւ 2008-ը տեղի կ’ունենային հայ եւ թուրք դիւանագէտներու միջեւ` արտաքին գործոց նախարարութեանց վարչութեան պետերու մակարդակով:

Տարին Թուրքիան սկսաւ խորհրդանշական քայլով: Էրտողանը Յունուարի սկիզբին Կարս այցելութեան ընթացքին ՙհրէշաւոր՚ որակեց ՙՄարդկութեան յուշարձանը՚:91 Կարսի նախկին քաղաքապետ, Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութեանց բարելաւման ջերմեռանդ կողմնակիցներէն Նայի‎ֆ Ալիպէյօղլուն, որ ի նպաստ թուրք-հայկական սահմանի բացման դեռ 2004-ին մօտ յիսուն հազար ստորագրութիւն հաւաքած էր, տարիներ առաջ մտայղացած էր հայ եւ թուրք ժողովուրդներու ՙբարեկամութիւնը եւ խաղաղութիւնը՚ խորհրդանշող ՙՄարդկութեան յուշարձան՚ կանգնեցնել:

Էրտողանի զգուշացումէն չորս ամիս ետք յուշարձանն արդէն վերացուած էր: Թէեւ Տաւութօղլուն յայտարարեց, որ ատոր կազմաքանդումը որեւէ կապ չունի Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութեանց կարգաւորման հետ, յուշարձանին ոչնչացումը ընկալուեցաւ իբրեւ թուրք-հայկական ՙֆութպոլային դիւանագիտութեան՚ վախճանը նշանաւորող քայլ մը եւս: Յուշարձանին հեղինակը` քանդակագործ Մեհմէթ Աքսոյը յայտարարեց, որ յուշարձանի ոչնչացման հետ Թուրքիոյ իշխանութիւնները խաղաղութեան յոյսը կ’ոչնչացնեն:

Խորհրդարանական ընտրութեանց քարոզարշաւի շրջանակներուն մէջ Էրտողանը Մայիսի սկիզբին Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանակից մէկ ուրիշ քաղաք` Իգդիր այցելեց: Ան անգամ մը եւս յայտարարեց, որ Թուրքիան չի բարելաւեր յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ, քանի դեռ կարգաւորուած չէ ղարաբաղեան խնդիրը, իսկ քանի դեռ անիկա չէ լուծուած, Հայաստանի հետ հաշտեցումն անհնար է:

Տարուան ընթացքին թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեաներն առիթը բաց չէին ձգեր յիշեցնելու Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութեանց եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման միջեւ անմիջական կապը: Աւելին, Տաւութօղլուն Ապրիլին Սթրազպուրկի մէջ դատապարտեց Ստեփանակերտի մէջ օդանաւակայան կառուցելու հայկական կողմին որոշումը, ընդգծելով, թէ ՙՀայաստանի նման սադրիչ գործողութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի խաղաղ կարգաւորման չեն նպաստեր՚:

Դիւանագիտութեան փոխարինած էր քարոզչութիւնը, զոր երբեմն վիրաւորանքի կը վերածուէր: Անգամ մը թրքական կողմը նոյնիսկ անցաւ թոյլատրելիութեան չգրուած սահմանը: Սփիւռքահայ երիտասարդ մը նախագահ Սարգսեանին հարցում մը ուղղեց. ՙՄեզի ինչպիսի՞ ապագայ կը սպասէ` Պաթումի պայմանագիրը յիշեցնո՞ղ, թէ՞ Արեւմտեան Հայաստանը` Արարատ սարով վերադարձնող ապագայ մը՚: Հայաստանի նախագահը պատասխանեց, որ ատիկա կախուած է ՙքեզմէ եւ քու սերունդէդ՚, ապա շարունակեց. ՙԻմ սերունդս իր առջեւ դրած պարտականութիւնը կատարեց, երբ 90-ական թուականներու սկիզբներուն անհրաժեշտ էր մեր հայրենիքի հատուածներէն մէկը` Ղարաբաղը պաշտպանել թշնամիներէն: Իւրաքանչիւր սերունդ իր պարտականութիւնն ունի՚:

Անգարայի հակազդեցութիւնն սպասուածէն խիստ էր: Էրտողանը Հայաստանի նախագահին խօսքերը պիտակեց ՙսադրիչ՚, երկրի ղեկավարի ՙանյարիր՚, ՙապագայ սերունդներու մէջ ատելութիւն եւ թշնամութիւն սերմանող՚, հետեւաբար` ՙՀայաստանի նախագահը պէտք է ներողութիւն խնդրէ՚: Նախագահ Սարգսեանի մեկնաբանութիւնները դատապարտեցին նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, նախարարներէն մէկը եւ փոխվարչապետ Պիւլէնթ Արընչը: Վերջինս ՙանպատասխանատուութիւն՚ եւ ՙսադրանք՚ որակեց Հայաստանի նախագահին խօսքերը. ՙՈեւէ մէկը չի կրնար Թուրքիոյ, մեր սարերուն, մեր դաշտերուն ու ջուրերուն խեթ աչքով նայիլ: Այս հողերուն տէրը մե՛նք ենք: Երբ ժամանակին անօթի էին, անոնց ցորեն ղրկեցինք: Թող խելքերնին գլուխնին հաւաքեն եւ սփիւռքի խաղին մէջ չմտնեն՚:

Հայաստանի նախագահը անուշադրութեան մատնեց այս յայտարարութիւնները: Տարուայ սկիզբին Կիպրոս եւ Յունաստան այցերուն ընթացքին ան բաւական կոշտ կերպով արտայայտուած էր Թուրքիոյ տարածաշրջանային քաղաքականութեան մասին, զայն ՙնոր օսմանականութիւն՚ որակելով: Վերադառնալով Երեւան, Սարգսեանը հարցազրոյցի մը մէջ ընդունեց, որ Թուրքիան մեծ պետութիւն է, սակայն ատիկա անոնց պէտք չէ թոյլ տայ հանդէս գալու դաստիարակողի դերով: Հայաստանի նախագահը չբացառեց, որ Երեւանը կրնայ արձանագրութիւններէն ետ վերցնել ստորագրութիւնը, սակայն նման քայլի չդիմեց:

Շարունակելի

Հայացք Արարատէն. Հայերը եւ Թուրքերը, արևմտահայերենՀայեացք Արարատէն. հայերը եւ թուրքերը` պատերազմ, պաղ պատերազմ, դիւանագիտութիւն գիրքը բաղկացած է երեք մասերէ` հայ-թրքական յարաբերութիւնները 1918-1921, Խորհրդային Միութեան տարիներուն կայացած յարաբերութիւնները եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները 1988-էն այսօր: Գիրքի պատրաստութեան համար Թաթուլ Յակոբեան բազմաթիւ զրոյցներ ունեցած է պետական պաշտօնեաներու հետ, օգտագործած է բազմատեսակ աղբիւրներ, կատարած է այցելութիւններ եւ ուսումնասիրած է բազմաթիւ հրատարակութիւններ: Հեղինակը հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարիւրամեայ պատմութիւնը ներկայացնելով պատմաբանասիրականը կը միացնէ լրագրականին եւ առարկայականը` վերլուծականին:

Փափուկ կազմ, 515 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2012, Անթիլիաս,
ISBN 978-995302343-4