Հայագիտական բնոյթի նոր հատորներ. կը ներկայացնէ Գէորգ Եազըճեան

1649
Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէ հայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսած` հայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններուն` ի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեան, մասնաւորաբար` գրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներուն:

 

– (Հեղինակային խումբ), «Գաւազանակիր կանայք. Լվովի հայ աբբայուհիներու պատկերները – Պատմութիւնը, համածիրը, պահպանումը», խմբագիր՝ Անտժէյ Ժիէնպա, «Ksiezarnia akademicka» հրատարակչութիւն, Վարշաւա, 2021 եւ 2022, 380 էջ (ժողովածուի յօդուածները կը ներկայացնեն 17-20-րդ դարերու լեհահայ կաթողիկէ միանձնուհիներու պատմութիւնը, յատկապէս՝ անոնց կրթական գործունէութիւնը, 11 աբբայուհիներու իւղաներկ կտաւներով դիմապատկերներն ու անոնց վերականգնման պատումը, անգլերէն մէկ էջ ամփոփում, անձնանուններու ցանկ, հեղինակներու կենսագրութիւնները, աղբիւրներու յղումներ) (լեհերէն): Լոյս տեսած է Վարշաւայի «Լեհահայոց մշակոյթի եւ ժառանգութեան հիմնադրամ»ի յանձնառութեամբ եւ Քրաքովի Եակելլոնեան համալսարանի «Հայկական մշակոյթի ուսումնասիրութեանց կեդրոն»ի համագործակցութեամբ: 

«Զապէլ Եսայեանը՝ շէմին. Օսմանեան հպատակ հայոց եւ թուրքերու մասին գրութիւններ», թարգմանիչ, խմբագիր եւ յառաջաբանի հեղինակ՝ Նանոր Գպրանեան, հրատարակիչ՝ «Կոմիտաս հիմնարկ», Լոնտոն, 2023, 144 էջ (11 յայտնի եւ անյայտ գրութիւններ Օսմանեան Պետութեան մէջ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին, լուսանկարներ) (անգլերէն):

 Էօզքան Մահիր, «Համշէնցնակ – Համշէնահայերէն», «Արաս» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, 2023 (Համշէնի բարբառի քերականութիւնն ու բառացանկը, բարբառը պահպանելու դժուարութիւնները): 

Նիկողոսեան Շարլ-Կարպիս, «Արցախ՝ փորձութիւն, Շեխեր՝ իմ ցաւ», ֆրանսերէնէ հայերէնի թարգմանեց Մոնիքա Առաքելեան-Շուքուրեան, Փարիզ, 2023 (Արցախի Մարտունիի շրջանի՝ 44-օրեայ պատերազմին գրաւուած Շեխեր գիւղին մէջ ֆրանսահայ բարեգործի իրականացուցած աշխատանքները) (հայերէն եւ ֆրանսերէն): 

Չոլաքեան Յակոբ, «Պատմական Անտիոքի եւ շրջակայից բնիկ հայերն ու միւս հաւաքականութիւնները», ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2023, 456 էջ (12 տարբեր նիւթեր Մուսա Լեռան, Քեսապի, Արամոյի, Ղնեմիէի, Եագուպիէի, Ղնէի եւ հիւսիս-արեւմտեան Սուրիոյ հայաբնակ միւս վայրերու ազգագրութեան ու բանահիւսութեան մասին, օգտագործուած գրականութեան, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր, քարտէզ, լուսանկարներ, անգլերէն ամփոփումներ):

«Ռամկավար ազատական կուսակցութիւն – 100-ամեակ – Դար մը ազգանուէր ծառայութիւն»խմբագիր՝ Ասատուր Տեւլէթեան, «Kilikyan Print», Երեւան, 2023, 258 էջ (24,1 x 21,1 սմ.) (զանազան նիւթեր ՌԱԿ-ի մէկդարեայ պատմութեան եւ գործունէութեան մասին, հարիւրաւոր սեւ-ճերմակ եւ գունաւոր լուսանկարներ ու փաստաթուղթեր):

Փամպուքեան Երուանդ, «Հ. Յ. Դաշնակցութեան ծածկանուններու բառարան – Անձնանուններ, տեղանուններ, թուանշանային ծածկագրեր», «Վէմ» մատենաշար թիւ 5, «Լուսակն» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2023 (գաղտնանուններն ու գաղտնաբառերը կ’ընդգրկեն 1890-1930 քառասնամեակը):

Օգնայեան Սագօ (փաստաթուղթերը հաւաքեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց), «Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ (ԱՍԱԼԱ). Զինուորական գործողութիւններու եւ հրատարակութիւններու վաւերագրութիւն»հրատարակութիւն Լիբանանի «Սփիւռք» պարբերաթերթի, «Տիգրան Մեծ» հրատարակչութեան տպարան, Երեւան, 2022240 էջ (23,4 29 սմ.) (Հ. Ա. Հ. Գ. Բ.ի պատմութեան համար կարեւոր նիւթեր եւ փաստաթուղթեր, սեւ-ճերմակ եւ գունաւոր հարիւրաւոր լուսանկարներ, օգտագործուած աղբիւրներու եւ գրականութեան, ծանօթագրութիւններու, անուններու եւ եզրերու ցանկեր): Գունաւոր, գեղատիպ ժողովածուն նուիրուած է «հայոց ապագայ սերունդներուն, որոնք պիտի շարունակեն [ընթանալ] ԱՍԱԼԱ-ի ուղիով»:

Օգնայեան Սագօ (պատրաստեց), «Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ (ԱՍԱԼԱ). Վաւերագրութիւն 2. Յակոբ Յակոբեանի յուշագրութիւնը եւ Հ. Ա. Հ. Գ. Բ.ի հրապարակային ուղերձները», հրատարակութիւն Լիբանանի «Սփիւռք» պարբերաթերթի, «Տիգրան Մեծ» հրատարակչութեան տպարան, Երեւան, 2023, 436 էջ (14,4 x 20 սմ.) (Հ. Ա. Հ. Գ. Բ.ի պատմութեան համար կարեւոր նիւթեր եւ փաստաթուղթեր, սեւ-ճերմակ լուսանկարներ, անուանացանկ): 

Պատրաստեց

Գէորգ Նաթալի (Եազըճեան)