Արմէն Գարօ. Մեր վերջին տեսակցութիւնը Թալէաթ փաշայի հետ. 1914-ի Յունիսի 30

5026
Գարեգին (Արմեն Գարո ) Փաստրմաճյանի այս հոդվածը լույս է տեսել ՀՅԴ Բոստոնի ՀԱՅՐԵՆԻՔ ամսագրի 1922 թվականի թիվ 2-ում, էջ 39-45:

Ծնվել է 1873թ փետրվարի 9-ին Կարինում (Էրզրում): Տարրական կրթություն ստացել է Սանասարյան վարժարանում: Ուսումը շարունակել է Ֆրանսիայում, այս ընթացքում անդամագրվել է ՀՅԴ-ին: 1896թ. օգոստոսի 26-ին Բաբկեն Սյունիի (Պետրոս Փարյան) հետ կազմակերպել է Օտոմանյան բանկի գրավման գործողությունը: Օգոստոսի 27-ի առավոտյան խումբը եվրոպական տերությունների երաշխիքի ներքո ֆրանսիական շոգենավով հեռացել է Մարսել:1901-ին հաստատվել է Թիֆլիսում:

Եղել է Օսմանյան կայսրության մեջլիսի ՀՅԴ խմբակցության պատգամավոր (1908-1912 թթ.): 1911 թ.-ին ՀՅԴ-ի կոալիցիոն տեղով նշանակվել է հեռահաղորդակցության (Welfare construction) նախարար՝ Թալեաթ փաշայի առաջարկությամբ և աշխատել մինչև 1912 թ. պետական հեղաշրջումը։ Արդեն 1913 թ.-ին կրկին նշանակվել է առևտրի և հանրային աշխատանքներ նախարար՝ երիտթուրքերի իշխանության օրոք, և աշխատել մինչև 1914 թվականը:

1914-ի սեպտեմբերին անցել է Կովկաս, մասնակցել հայկական կամավորական շարժմանը: 1917-ին, որպես Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչ, մեկնել է ԱՄՆ և նյութական օգնություն կազմակերպել պատերազմից տուժած հայերին: 1918 թ.-ին Բոստոնում հրատարակել է «Why Armenia should be free: Armenia’s role in the present war» անգլերեն գիրքը:

Շահան Նաթալիի հետ կազմակերպել է «Նեմեսիս» գործողությունը, որի արդյունքում ոչնչացվեցին Հայոց ցեղասպանության կազմակերպիչ երիտթուրք դահիճները։

Հայաստանի Հանրապետության երկրորդ գումարման խորհրդարանի ՀՅԴ խմբակցության պատգամավոր (1919-1920 թթ.), ԱՄՆ-ում ՀՀ առաջին դեսպան (1918-1920 թթ.):

ԱՆԻ կենտրոն

_________________

1914 թ. յունիս ամսուայ վերջերն էր, երբ Ա. Վռամեանը եւ ես, վերջին անգամ ըլլալով քաղաքական լուրջ խօսակցութիւն մ’ունեցանք, Խալիլ պէյի տանը, Թալէաթ փաշայի, այն ատեն Թալէաթ պէյին հետ, ծրագրուած հայկական բարենորոգման շուրջ:

Բայց նախ քան այդ կարեւոր խօսակցութեան անցնիլը աւելորդ չեն սեպեր, մէկ քանի խօսքով ուրուագծել 1908-1914ի դէպքերը:

Ինչպէս յայտնի է, թուրքական յեղափոխութիւնը տեղի ունեցաւ 1908-ին ոչ թէ իրական սահմանադրական կարգեր հաստատելու համար երկրին մէջ, այլ միայն թուրք կայսրութեան խորտակումը յետաձգելու համար: Այս շարժման գլուխը կանգնած էին մի խումբ թուրք հայրենասէրներ, որոնց նպատակն էր ամէն հնարամտութեան դիմել արտաքին աշխարհին ցոյց տալու, թէ տաճիկ [թուրք- ԱՆԻ կենտրոն] կառավարութիւնը մտած է արդէն հիմնական բարենորագմանց շրջանը եւ հետեւաբար այլեւս կարիք չկայ արտաքին միջամտութեան՝ Տաճկաստանի [Օսմանյան կայսրություն, Թուրքիա- ԱՆԻ կենտրոն]  հպատակ ցեղերուն իրաւունքները պաշտպանելու համար: Իսկ միւս կողմէն թուրք «յեղափոխականները» ամէն հնարք ի գործ կը դնէին թուրք ցեղին իրական տիրապետութիւնը ապահովելու համար երկրին ներսերը, հակառակ սահմանադրական ռեժիմի տրամադրութեանց:

Երիտասարդ թուրքերը վեց տարի շարունակ իրենց ցեղին յատուկ բոլոր հնարամտութեանց դիմեցին այս անիրականալի նպատակը գործադրելու համար: Առաջին երկու տարին քանի մը տարտամ փորձերը ըրին՝ որոշ չափով հպատակ ցեղերուն արդար պահանջներուն գոհացում տալու: Բայց ամէն անգամ ահագին դիմադրութեան հանդիպեցին թուրք պահպանողական տարրերուն կողմէ: Եւ 1910 թուականին Սալոնիկի իրենց համագումարի մէջ «Երիտասարդ թուրքերը» վերջնականապէս ընդգրկեցին համաթուրքական, կամ աւելի ճիշդը, համաթուրանական ծրագիրը:

Մինչ այդ՝ մենք հայերս յոյս ունէինք, թէ անցեալի դասէրն օգտուելով, թուրք ղեկավարները քաղաքացիական իմաստութիւնն պիտի ունենան վերջին փորձ մ’ընելու՝ Օսմանեան Կայսրութիւնը ազատելու համար անխուսափելի քայքայումէն: Միակ ճամբան, որ ունէին, հասկացողութեան եզր մը գտնելն էր հպատակ ցեղերուն հետ: Մեր այդ յոյսերը օդը ցնդեցան 1910 թուականին, երբ Երիտասարդ թուրքերը սկսան իւրացնել նախորդներուն պետական տեսակէտները եւ նոր միջոցներով աշխատիլ յաւերժացնել թուրք ցեղին ձրիակերութիւնը ի հաշիւ հպատակ ցեղերու:

Մեզ համար պարզ էր, որ այս պատմական կատակերգութիւնը երկար չէր կարող շարունակել եւ վաղ թէ ուշ զէնքի հաշւեյարդարութիւն մը ունենալու էինք թուրքերուն հետ: Այդ պատճառով ալ սկսանք մեր ժողովրդի ինքնապաշտպանութեան գործովը զբաղուիլ մեծ եռանդով: Միւս կողմէն սակայն կը խուսափէինք յարձակողական քաղաքականութենէ թուրքերուն հանդէպ, որոնք իրենց ամբողջ ուժն ու ուշադրութիւնը դարձուցէր էին Մակեդոնիոյ վրայ: Մենք ուրիշ կերպ ալ չէինք կարող ընել. մեր գաւառները արիւնաքամ էին եղած համիտեան ռեժիմի օրով եւ պէտք ունէինք հանգիստի:

1895-էն մինչեւ 1908-ը՝ Սուլթան Համիտ իւր ձեռքէն եկածը ըրաւ Հայաստանի մեր ժողովրդի դիմադրական կորովը խորտակելու համար: Բացառիկ օրէնքներով կը կառավարէր ամբողջ կայսրութիւնը, որու ամենէն վտանգաւոր հպատակները հայերը կը նկատուէին: Ամէն միջոցի դիմեց հայ ժողովուրդի կեանքը անտանելի դարձնելու համար մանաւանդ Հայաստանի մէջ: Մասնաւորապէս շատ տուժեցին Կարնոյ, Պիթլիսի եւ Վանի նահանգները,, ուր կեդրոնացած էր մեր յեղափոխական գործունէութիւնը:

Այնքա՜ն արիւնաքամ եղած էր այս երեք նահանգներու հայ ժողովուրդը, որ, երբ 1908ի տաճկական յեղափոխութեան շնորհիւ բացառիկ օրէնքները ջնջուեցան, տեղական ժողովուրդը հազիւ սկսաւ շունչ քաշել: Մօտ 50 հազար գաղթականներ Կովկասէն վերադարձան այս երեք նահանգները, իրենց քանդւած տները վերաշինելու: Իրենց հետ անոնք բերին բաւականաչափ դրամ եւ լծկան անասուններ: Մշոյ դաշտը, որը 1904 թուականէն ի վեր այլեւս ցորեն հացի երեսը չէր տեսած, 3-4  տարուան մէջ իւր առաջուան բարեկեցութիւնը գտաւ:

Ես ինքս 1913 թ. անձամբ գնացի այդ շրջանը՝ մօտէն տեսնելու մեր ժողովրդի նիւթական դրութիւնը: Մշեցիք ինձ պատմեցին իրենց քաշած նեղութեանց մասին եւ այն հսկայական զոհողութեանց, որ իրենք ըրեր էին մեր ազատագրական շարժման համար: Ամբողջ Մշոյ դատին մէջ միայն չորս ձի էր մնացէր հայերուն մօտ: Եւ այդ հարիւր հազարի հասնող գիւղացիութեան մէջ միայն Մուչաղչէնի Գասպար աղային տանը կարելի էր քանի մը ձեռք անկողին գտնել, իսկ մնացածները թաղիքի մէջ կը պառկէին: Քիւրտերն ու թուրք զինուորները տարեր էին ամէն բան: Իսկ երբ 1913 թուականին Զաւէն Պատրիարքը Մշոյ դաշտէն անցաւ, հայերէն 800 ձիաւոր անոր դէմ գնացին: Հինգ տարուան հանգիստ կեանքը արդէն բաւական էր եղած մեր ժողովուրդը ոտքի կանգնեցնելու:

Ասոր համար էր որ մենք Դաշնակցական երեսփոխաններս Պոլսոյ փարլամէնթին մէջ խիստ ընդիմութիւն ցոյց չէինք տար երիտասարդ թուրքերու կառավարութեան հանդէպ մինչեւ 1912 թուականը: Չէինք մոռնար երբեք ե՛ւ այն պարագան, որ անոնց ընդդիմադիր թուրք տարրերը մեծաւ մասամբ Սուլթան Համիտի քաղաքականութեան կողմնակիցներն էին եւ հակամէտ էին նոյնը ընելու, երբ ուժը իրենց ձեռքն անցնէր:

Եկաւ 1912 թուականը, բալքանեան պատերազմը: Տաճկաստանի բաժանման հարցը նորէն սեղանի վրայ դրուեցաւ: Ի հարկէ մենք եւս չէինք կարող անտարբեր մնալ, երբ Հայաստանի բարենորոգմանց հարցը նորէն առաջ կը քաշուէր եւրոպական դիւանագիտութեան կողմէն: Երիտասարդ թուրքերը լսել անգամ չէին ուզեր եւրոպական քոնթրոլի մասին:

1913-ի դեկտեմբերին մեր բարենորոգմանց մասին եղած բանակցութեանց միջոցին, Ճեմալ փաշան գիշեր մը կանչեր էր Վարդգեէսը իր մօտ եւ անոր յայտներ էր հետեւեալը.

«Եթէ դուք պնդեք եւրոպական քոնթրոլի մասին, մենք ստիպուած պիտի լինինք ընդունիլ: Բայց ատոր արդիւնքն այն կ’ըլլայ, որ այդ վեց վիլայէթներուն իսլամ ազգաբնակչութիւնը ոտքի պիտի ելնէ, եւ 3-4 հարիւր հազար հայեր պիտի կոտորուին: Եւ հաւանական է, որ ռուսները, առիթէն օգտուելով, պիտի գան եւ գրաւէն այդ նահանգնէրը»:

Երբ Վարդգէս կը հարցնէ, թէ ի՞նչու այս բանը իրեն կ’ըսէ, Ճեմալ փաշան կը պատասխանէ.

«Որպէսզի դուն ալ երթաս ձերիններուն ըսես՝ խելքերը գլուխնին հաւաքեն»:

Երբ Վարդգէսը այս լուրը բերեց, մենք լուրջ ժողով մ’ունեցանք եւ որոշեցինք, որ Փոքր Սարգիսն ու ես երթանք Երիտասարդ թուրքերու մօտ եւ Կ. Կոմիտէին հետ խօսինք այս մասին:

Յաջորդ օրն իսկ ժամադրութիւնն ըրինք անոնց կոմիտէի երկու գլխաւոր անդամներուն հետ Բերայի սրճարաններէն մէկուն մէջ: Եւ յայտնեցինք Միհթատ Շիւքրիին եւ Քիւչիւկ Քեմալին, որ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը իրենց սպառնալիքին կը պատասխանէ հետեւեալ սպառնալիքով.- «Եթէ գաւառներու մէջ ոեւէ կոտորածի դէպք պատահի, մենք անմիջապէս պիտի վերսկսինք մեր յեղափոխական գործունէութիւնը Պոլսոյ մէջ, եւ պատասխանատուները չեն ազատիր մեր ձեռքէն»:

Մեր այս սպառնալիքը ապշեցուց երկու բանագնացները: Անոնք սկսան մեզ երդում ընել, որ Ճեմալը ինքնագլուխ այդ յիմար խօսքերն ըսեր է, եւն. եւն:

Ճեմալին սպառնալիքը եւ մեր պատասխանը անմիջապէս երեւեցան եւրոպական մամուլին մէջ: Եւ մէկ քանի օր յետոյ թուրք կառավարութիւնը զիջեց հիմնական կէտին մէջ. բայց ի հարկէ ամէն տեսակ միջոցներու դիմեց, որ եւրոպական քոնթրոլը անուանական լինի միայն:

1914-ի փետրուարին ստորագրուեցաւ վերջապէս այն համաձայնութիւնը, որով Հայաստանը պիտի բաժանուէր երկու մասի, եւ երկու եւրոպացի քննիչներ պիտի հրաւիրուէին ծրագրուած բարենորոգումները գործադրելու համար:

Այս համաձայնութիւնը ստորագրուելէն անմիջապէս յետոյ մեր անփոխարինելի Տօքթ. Զաւրեան ու ես մեկնեցանք Եւրոպա ընտրուելիք ընդհանուր քննիչներու հետ ծանօթանալու եւ զանոնք մեր իրականութեանց հետ ծանօթացնալու:

Ճիշդ այդ միջոցներուն երեսփոխանական ընտրութիւններ տեղի ունէին երկրին մէջ: Եւ ի հարկէ Երիտասարդ թուրքերուն համար գաղտնիք չէր իմ ճամբորդութեանս նպատակը: Այդ իսկ պառճառաւ, հակառակ Կարնոյ հայ ընտրողներու կամքին, իմ վերընտրութիւնս ձախողեցուցին եւ իմ տեղս ընտրել տուին Մատաթեան անունով պարոն մը:

Յունիս ամսուն վերադարձայ Պոլիս մեր ընդհանուր քննիչներուն հետ միասին: Բանակցութեանց նոր շարք մը սկսաւ Քննիչներուն եւ Պապը Ալիին միջեւ: Քննիչները իրենց ձեռքը ունէին օրինակը այն ծրագրին, որը ստորագրուած էր տաճիկ կառավարութեան կողմէ: Եւ, իբրեւ Եւրոպացի մարդիկ, մէկը Նորվէկիացի Պ. Հօֆֆ, իսկ միւսը Հոլանտացի Պ. Վէստէնէնկ, կը հասկնային, որ իրենց իրաւունքն ու պարտականութիւնն էր այդ ծրագիրը նոյնութեամբ գործադրել: Այս խեղճ եւրոպացիք առաջին անգամն էր, որ շփման մէջ կուգային թուրք մտայնութեան հետ յանձին Թալէաթ փաշային (այն ատեն՝ պէյին) եւ իւր օգնականներուն:

Առաւոտ երեկոյ կը մտնէի Թոքաթլեանի մօտ զիրենք տեսնելու եւ իրենց սիրտ տալու, որ չյուսահատուին Թալէաթի էնթրիկներէն եւ պնդեն իրենց իրաւունքներուն վրայ:

Փարիզէն սկսեալ երկուսն ալ մեծ համակրութեամբ կապուեցան մեզի եւ մեր դատին հետ: Գիտէին, որ ես նախկին երեսփոխան էի եւ եւրոպական կրթութիւն ստացած: Երկուսն ալ կը փափաքէին, որ իրենց հետ, իբրեւ օգնական, երթամ Կարին կամ Բիթլիս: Ես նախընտրեցի Բիթլիսի շրջանը եւ խոստացայ Պ. Հօֆֆին ընկերանալ, եթէ տաճիկ կառավարութիւնը իր համաձայնութիւնը տայ: Պ. Հօֆֆ քանի մը անգամ Թալէաթին կ’առաջարկէ իմ թեկնածութիւնս, իբրեւ մէկը իր ունենալիք չորս ոչ-իսլամ օգնականներէն: Ամէն անգամ Թալէաթը խուսափողական պատասխան կու տայ. միշտ կը կրնկէ, թէ դէպի ինձ մեծ յարգանք ունի, եւն. եւն., բայց քաղաքական պատճառներով անյարմար կը գտնէ:

Այս բանակցութիւնները տեւեցին շաբաթներ: Ամէն անգամ, որ քննիչները ետ կուգային Թալէաթին մօտէն, աւելի ու աւելի ընկճուած կ’երեւային: Իրենց պատմածներէն կը հասկցուէր, որ Թալէաթը՝ Ռուսական եւ Գերմանական դեսպաններու անտարբերութենէն քաջալերուած՝ ամէն օր աւելի յանդուգն կը  դառնար եւ չէր ուզէր որեւէ լուրջ քայլ ընել եւ ընդունուած ծրագրի որեւէ հիմնական կէտը գործադրել: Այսպէս օրինակ, ընտրուելիք պաշտօնէութեան կէս առ կէսի սկզբունքը. ծրագրին մէջ որոշակի ըսուած էր, որ երկրին պաշտօնէութեան կէսը իսլամ պիտի լինէր եւ կէսը ոչ-իսլամ: Քննիչները ունենալու էին 8 օգնականներ. 4 իսլամ եւ 4 ոչ իսլամ. իսկ Թալէաթը կը պնդէ եղեր, որ դեռ վաղաժամ է գործադրել ծրագրին այդ կէտը, եւ կողմնակից է եղեր, որ տրուին միայն երկուական ոչ իսլամներ:

Այս բանակցութեանց ընթացքին, Պ. Հօֆֆը՝ յուսահատուած թուրքերու յամառութենէն եւ քիչ մըն ալ վիրաւորուած, որ իր առաջարկը իմ մասին կը մերժուի, երեկոյ մը, վերադառնալով Պապը-Ալիէն, ինձ յայտնեց, թէ ինքը որոշեր է յաջորդ օրը վերջնագրի ձեւով խօսելու Թալէաթին հետ եւ, եթէ վերջինս չհամաձայնի իր պայմաններուն, անմիջապէս իր հրաժարականը պիտի տայ: Իր պնդելիք գլխաւոր կետերը հետեւյալներն էին լինելու.- Փոխանակ երկուսի, ինչպէս Թալեաթը կ’առաջարկէր, պահանջել երեք հայ օգնականներ, այն պայմանով, որ անոնցմէ մէկը անպատճառ ես ըլլայի:

Երբ այս լսեցի, իսկոյն խնդրեցի իրմէն իմ թեկնածութիւնս հանել իր ցանկէն եւ պնդել անպատճառ չորս հայ օգնականներ ունենալու վրայ: Հաւաստացուցի զինքը, թէ այս ձեւով Թալէաթը մերժելու իրաւունք չէր ունենալու, քանի որ սկզբունքի հարց էր եւ ոչ թէ անձնաւորութեան:

Պ. Հօֆֆ, իմ այս առաջարկը լսելով, աւելի եւս համոզուեցաւ, որ մեզ հետաքրքրողը ոչ թէ անձնական դիրքի կամ պաշտօնի խնդիրն էր, այլ մեր ազգային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, եւ աւելի մեծ վստահութեամբ սկսաւ լսել իմ խորհուրդները:

Ճիշդ նոյն օրերը մեր «Ազատամարտ» թերթը զինուորական ատեանի կողմէն փակուեցաւ Հայաստանի Մարզպաններու մասին գրուած յօդուածաշարքի մը պատճառով:

Վարդգեսը անձամբ գնացեր էր Թալէաթէն խնդրելու, որ եղած կարգադրութիւնը յետս կոչէ, խոստանալով, որ այլեւս այդպիսի բան մը չի պատահի: Թալէաթը կոպիտ կերպով մերժեր էր, ըսելով թէ մենք չափը կ’անցնենք արդէն մեր թերթովը:

Երրորդ օրն էր, որ «Ազատամարտ»ը դուրս չէր գար, եւ մեր ընկերները չափազանց յուզուած էին:

Խմբագրատանը մեր սիրելի Ռուբէն Զարդարեանը բռնեց օձիքէս, որ ես գնամ Թալեաթին մօտ խնդրելու: Գիտէր, որ ես չէի սիրեր Երտասարդ թուրքերէն որեւէ բան խնդրել. քանի մը անգամ մերժեր էի մանր մունր բաներու համար դիմել Թալեաթին կամ միւսներուն: Բայց այնքան խնդրեց, որ չկրցայ մերժել, եւ քայլերս ուղղեցի դէպի Պապը-Ալի:

1913ի- աշունէն ի վեր Թալէաթը չէի տեսած: Երբ Հայաստանէն վերադարձայ նոյն տարին, անգամ մը միայն առիթը ունեցայ զինքը տեսնելու եւ բնաւ չհաւնեցայ իւր մտայնեութիւնը: Նոյն տարուայ յունուարին տեղի ունեցած յեղաշրջումը բոլորովին կերպարանափոխեր էր իմ ճանչցած Թալէաթը: Իշխանութեան ծարաւէն հարբած եւ հեշտութեամբ ձեռք բերուած յաջողութեանէն ամբարտաւանացած՝ թուրք օղլի թուրք էր դարձած: Եւ ես բնազդաբար գարշանք մը կը զգայի, երբ ան մտերմութիւն կը կեղծէր ինձ հետ խօսած միջոցին:

Երբ ներս մտայ ներքին գործոց նախարարին նախասենյակը, իր քարտուղարը՝ Ֆուատ պէյ իմ այցետոմսս անմիջապէս ներս ուղարկեց: Ծառան, շուտով դուրս գալով, զիս հրամցուց ներս:

Թալէաթ, ըստ իւր սովորութեան, շատ սիրալիր եւ մտերմօրէն զիս ընդունեց: Իր մօտ կային շարք մը հին եւ նոր երեսփոխաններ. ամէն մէկը մանած մ’ունէր ներկելու, եւ Թալէաթը գիտէր վարպետ կերպով օգտագործել անոնց մարդկային թուլութիւնները, եւ, ամէն մէկուն փոքրիկ ծառայութիւն մը ընելով, կապել իրեն հետ: Ինձ հետ ալ փորձեց քանի մը անգամ, անցեալ վեց տարիներու ընթացքին, նախարար շինելու գնով իրեն կապել, բայց չյաջողուեց: Եւ այդ իսկ պատճառով որոշ ակնածանք կը զգար դէպի ինձ ամէն անգամ, երբ իրարու դէմ կուգայինք:

Այդ օրուայ հանդիպման առթիւ ինձ ցաւ յայտնեց, որ Կարնոյ իրենց տեղական ընկերները իմ դէմ պայքար էին մղած եւ ձախողեցուցած իմ վերընտրութիւնը. եւ աւելցուց, որ ինքը իբր թէ որոշեր էր զիս ընտրել տալ Բիթլիսէն: Իր այս խօսքը կարճ կտրեցի, ըսելով, որ, եթէ այդպիսի բան մ’ընէ առանց իմ ցանկութեան, ես ստիպուած պիտի ըլլամ բաց նամակով մը հրաժարիլ, բաւական անախորժ բաներ ըսելով իր հասցէին: Թալէաթը գիտէր, որ ըսածս կ’ընէի, ուստի անմիջապէս հրաժարուեց իր մտքէն:

Յետոյ, երբ հարցուց այցելութեանս նպատակը, ըսի, որ «Ազատամարտ»ին համար եմ եկած:

-Բայց ձերոնք համը կը տանին արդէն,-ըսաւ ժպտալով:

-Իսկ դուք համն ալ հոտն ալ տարաք շատոնց ի վեր,- պատասխանեցի նոյնպէս կատակով:

Երբ իր մօտ եղած հիւրերը դուրս գացին, թելեֆօնով խօսեցաւ զինուորական վարչութեան հետ եւ կարգադրեց, որ յետս կոչեն իրենց հրամանը:

Այս խնդիրքս կատարելէն յետոյ, Թալէաթ ըսաւ.-

-Բայց գիտես, ի՞նչ կայ, Գարօ: Ինձ կը թուի, թէ քանի կ’երթայ, մենք այդքան իրարմէ կը հեռանանք, եւ պիտի գայ օր մը, երբ այլեւս իրարու լեզու չպիտի հասկնանք:

– Իմ կարծիքով շատոնց է, որ մենք զիրար չենք հասկնար. այն օրէն, երբ դուք համաթուրքական քաղաքականութեան սկսաք,-պատասխանեցի:

-Դուք սխալ կը հասկընաք մեզ: Օրինակ, այս բարենորոգմանց հարցին մէջ շատ սխալ հիմունքներով առաջնորդուեցաք եւ չուզեցիք մեզ հետ գործակցիլ: Լաւ պիտի ըլլար, որ անգամ մը լրջօրէն խօսէինք իրարու հետ:

-Շատ բարի,- պատասխանեցի:

-Ե՞րբ կարող էք, երկու հոգի դուք ուղարկեցէք, երկու հոգի ալ մեզմէն կուգան:

-Լաւ, այս երեկոյ, եթէ յարմար է ձեզ:

-Շատ բարի, այս երեկոյ, Խալիլ պէյին տունը, ժամը 8-ին:

Այս կարճ խօսակցութենէն յետոյ գնացի «Ազատամարտ»ի խմբագրատունը, ուր հաւաքուած էին մեր բոլոր պատասխանատու ընկերները, յայտնեցի իրենց իմ այցելութեանս արդիւնքը: Որոշուեցաւ Վռամեանը եւ զիս ուղարկել բանակցութեանց:

Ժամը 8-ին Խալիլին տունն էինք, ուր մեր դիմացը գտանք Թալէաթն ու հաստափոր Խալիլը:

Թալէաթը սկսաւ խօսակցութիւնը երկար յառաջաբանով մը, որով կ’աշխատէր մեզ համոզէլ, թէ ինչպէ՜ս, իրենց կամքին հակառակ, իրենք չկարողացան մինչեւ այսօր մեր արդարացի պահանջներուն գոհացում տալ,- այսինքն՝ հողային հարցի, դպրոցական խնդրի, հայ պաշտօնեաներու շատացման հարցի, եւն. եւն. վերաբերմամբ: Եւ յետոյ, անդրադառնալով բարենորոգմանց խնդրին, Թալէաթ մեզ մեղադրեց, որ մէնք արտաքին միջամտութեան դիմած էինք, փոխանակ ուղղակի իրենց հետ հասկացողութեան մը գալու:

Վռամեանը շատ շուտ կ’ընդհատէր անոր խօսքը եւ փաստերով կ’ապացուցանէր ըսածներուն անլրջութիւնը: Իսկ Խալիլ պէյը կ’աշխատէր Վռամեանը համոզել, ի մասնաւորի պաշտօնեաներուն կէսի անկարելիութեան մասին:

Այս առթիւ Թալէաթը ակնարկեց Հօֆֆին հետ իր ունեցած բանակցութեանց եւ ըսաւ, թէ ինքը մերժեց իմ թեկնածութիւնս այն պարզ պատճառով, որ համոզուած էր որ, եթէ ես երթայի Հօֆֆին հետ, իբր անոր օգնականներէն մէկը, իրական ընդհանուր քննիչը ես պիտի ըլլայի, եւ ոչ թէ Հօֆֆը, եւն. եւն.:

Անոր այս ակնարկութիւնը մէջտեղէն հանելու համար Վռամեանը յայտնեց, որ իմ թեկնածութեան մասին խօսիլն աւելորդ էր, քանի որ ես ինքս արդէն խնդրեր էի Հօֆֆէն իմ անունս դուրս հանել ցանկէն: Բայց կէս առ կէսի սկզբունքը չգործադրելը ամենալաւ ապացոյցն էր մեզ համար, որ իրենք դարձեալ հին աչքակապութեանց ճամբան էին բռնած եւ առաջին քայլին իսկ կ’ուզէին վիժեցնել իրենց ստորագրած բարենորոգումները:

Ժամը 8-էն սկսած մինչեւ 11-ը՝ երեքով կը վիճէին: Ես ոչ մէկ խօսք արտասանեցի. ուշադրութեամբ կը դիտէի Թալէաթին դէմքը, որ այդ կ’երեւար աչքիս: Ամեն անգամ երբ Վռամեանը կը տաքանար եւ իրեն քանի մը անախորժ բաներ կ’ըսէր, Թալէաթի դէմքին սատանայակն ժպիտ մը կ’երեւար, ինքնավստահ մարդու մը յատուկ, որ դիմացինին վրայ խնդայ:

Ի վերջոյ երկուսն ալ նկատեցին, որ ես բնաւ խօսքի չխառնուեցայ: Թալէաթը, դառնալով ինձի, ըսաւ.-

-Գարօ, դուն ինչո՞ւ այս երեկոյ բնաւ չխօսեցար:

-Ինչ խօսիմ, երբ որոշակի կը տեսնեմ, թէ դուք այնքան հպարտացեր էք ձեր վերջին յաջողութւններով, որ մեզ հետ խաղալ կ’ուզէք,-պատասխանեցի:

-Ես կը բողոքեմ քու այդ դարձուածքին համար եւ կը խնդերմ, որ ապացուցանես ըսածդ:

-Եթէ Վռամեանը չկրցաւ ձեզ համոզել, ես բնաւ չպիտի կրնամ ընել: Միայն այսքանը պիտի ըսեմ, որ դուք սխալ ճամբու վրայ էք. ձեր բռնած այս ընթացքը Օսմանեան Կայսրութիւնը պիտի տանի դէպի խորխորատ: Դուք ձեր վերջին յաջողութիւններէն հարբած, տարուեր էք մեծամոլութենէ մը, երեւակայելով, թէ Նապօլէոններ եւ Պիզմարքներ էք:

-Պիզմարքը ես եմ,-ընդհատեց Թալէաթը ժպտալով:

-Այո դուն ես. բայց շատ կը սխալուիս արդպէս կարծելովդ: Դուք բոլորդ տգէտներու հաւաքածոյ մ’էք եւ անընդունակ հասկանալու, էթ ո՞ւր կ’առաջնորդէք այս պետութիւնը: Ապացո՞յց կ’ուզես, ըսածիս: Քիչ մը առաջ դուն չէի՞ր, որ Վռամեանին կ’ըսէիր, թէ դուք քիւրտերը պիտի թրքացնէք: Ինչո՞վ, ձեր ո՞ր կուլտուրական շնորքովը. եթէ պատմութենէն լուր ունենայիր, այդպիսի անհեթեթութիւններ չպիտի ըսէիր: Կը մոռանաս, թէ 5-600 տարի է, որ դուք թուրքերդ եկաք մեր երկիրը, իսկ ձեզմէն առաջ շատ ուրիշ ազգեր են եկած ու գնացած մեր եւ քիւրտերուն գլխովը՝ Պարսիկները, Հռովմէացիք, Արաբները եւ Բիւզանդացիք: Եթէ անոնցմէ եւ ոչ մէկը կրցաւ քիւրտերը ձուլել, դուք ինչո՞վ էք ձուլելու: Անցեալ ամառ ճամբորդեցի մեր երեք վիլայեթնէրուն մէջ եւ միայն երեք հատ կամուրջ տեսայ այդ ահագին տարածութեանը վրայ. անոնցմէ երկուքը հին հայկական շէնքէր են, իսկ միւսը Լէնկթիմուրի շինել տուածն է: Իսկ ձեր քաղաքակրթութեան հետքն անգամ չտեսայ: Չէ կարելի այդպէս թեթեւ կերպով վերաբերուիլ պետական լուրջ հարցերուն:

Գալով մեր հարցին, դուք անկեղծ չէք:

Դուք կը կարծէք, թէ յաջողելու էք խոստումներով մեզ քնացնել այստեղ եւ երկրին մէջն ալ այնպիսի տնտեսական եւ քաղաքական պայմաններ ստեղծել, որ Հայաստանը դատարկուի հայերէն եւ դուք միանգամ ընդմիշտ ազատուիք հայկական հարցէն: Այս է ձեր տգիտութեան երկրորդ ապացոյցը: Կը սխալուիք ձեր հաշիւներուն մէջ: Մենք ձեզ այդքան ժամանակ չենք տալու, որ ձեր ծրագիրները գործադրէք: Մեր ազգային գիտակցութիւնը այնքան զարգացած է, որ մենք պիտի նախընտրենք քարուքանդ ընել այս մեծ շէնքը, որուն անունն է Օսմանեան Կայսրութիւն, եւ ձեզ թոյլ չտալ, որ տեսնէնք Հայաստանը առանց հայու: Գիտեմ, մենք մնալու ենք այդ փլատակներուն տակ եւ շատ ենք տուժելու: Բայց վերջին հաշուով մենք աւելի շահաւոր ենք դուրս գալու, քան դուք – դուք մեծ կայսրութիւն մ’էք կորսցնելու, իսկ մենք այդ փլատակներուն տակէն դուրս ենք գալու, թէեւ արիւնլուայ, բայց ձեզմէն ազատուած միանգամ ընդմիշտ:

Երբ ես վերջացուցի, Թալէաթը բացականչեց.-

-Այդ իԷնչ կը խօսիս, Գարօ. Դուն բոլորովին փոխուած կ’երեւիս:

-Մէջներնիս եթէ փոխուած մը կայ դուք էք, որ ձեզ մեծ մարդիկ կը կարծէք: Մենք առաջուայ հայ յեղափոխականներն ենք, եւ ձեզ կ’ըսենք այն, ինչ որ միշտ ըսեր ենք.- Ձեզ թոյլ չենք տար, որ մեր դարաւոր հայրենիքէն դուրս քշէք մեր աշխատաւոր ժողովուրդը յօգուտ թափառաշրջիկ քիւրտերու եւ Ռումէլիէն փոխադրուող մուհաճիրներու:

Թալէաթը կաս կարմիր դարձաւ եւ սկսաւ թեւին վրայ ժամացոյցին նայիլ շուտ շուտ: Յանկարծ ոտքի ելաւ եւ ըսաւ, թէ ժամը 11-ին ժամադրութիւն ունի, կը ցաւիմ որ այս խօսակցութիւնը կիսատ կը մնայ, եւ մեկնեցաւ, խնդրելով, որ ուրիշ օր մը նորէն հանդիպինք զիրար համոզելու համար:

Անոր մեկնելէն յետոյ Խալիլը փորձեց խօսակցութիւնը շարունակել, բայց ոչ ես եւ ոչ ալ Վռամեանը այլեւս խօսելու տրամադրութիւն ունէինք: Մենք այլեւս իրարու չհանդիպեցանք:

1914-ի յունիս վերջին օրն էր: Մէկ ամիս յետոյ ընդհանուր եւրոպական պատերազմը սկսաւ: Թալէաթն ու իրենները փորձեցին առիթէն օգտուիլ եւ իրենց դիւային ծրագիրը գործադրել: Արդիւնքը յայտնի է…:

Լուսանկարը՝ Մայքլ Բաբայանի արխիվից