Հայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններ. կը ներկայացնէ Գէորգ Եազըճեան

849
Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէ հայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսած` հայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններուն` ի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեան, մասնաւորաբար` գրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներուն:

– «Գուրգէն Եանիկեան – Երկեր», Բ. հատոր, կազմող՝ Սագօ Օգնայեան, ներածականը՝ Սարգիս Գ. Լեւոնեանի, անգլերէնէ թարգմանութիւնը՝ Իրեն Յակոբեանի, հրատարակութիւն Լիբանանի «Սփիւռք» պարբերաթերթի, «Լուսակն» հրատարակչութեան տպարան, Երեւան, 2026, 424 էջ (16,6 x 23,7 սմ.) (ազգային հերոս Գուրգէն Եանիկեանի հեղինակած երկու վէպ ու մէկ թատրերգութիւն, քանի մը լուսանկարներ)։ «Գուրգէն Եանիկեանի Ա. եւ Բ. հատորներու տպագրական ծախսերը հոգաց ամերիկաբնակ հայորդի մը, անունը անյայտ՝ իր իսկ խնդրանքով»։

– «Ժողովածոյ Գրիգոր Քէօսէեանի նամակներու եւ յարակից նիւթերու», կազմող, խմբագիր եւ ծանօթագրութեանց հեղինակ՝ Վաչէ Ղազարեան, կողքի դիմանկարը՝ Աշոտ Զօրեանի, «Մայրենի» հրատարակչութիւն, Փորթսմութ – Ռոտ Այլընտի նահանգ, Ա. Մ. Ն., 2026, xl + 646 էջ + լուսանկարներու չհամարակալուած շուրջ 40 էջ (նամակներ, գրախօսականներ, գրութիւններ, երգիծանկարներ, բազմատասնեակ սեւ-ճերմակ եւ գունաւոր լուսանկարներ, յապաւումներու, յիշատակուած անձնանուններու, պարբերականներու, Գր. Քէօսէեանի հրատարակուած գործերու ցանկեր, հակիրճ ծանօթութիւն նամակագիրներուն եւ նամակընկալներուն մասին)։

– Իշխան (Ճենտերէճեան) Մուշեղ, «Ազգը կազմող գործօն ուժերը», «Արամ Մանուկեան» մատենաշար, Պէյրութ, 2026։

– Լիպարիտեան Ժիրայր Ժ. (Libaridian Gerard J.), «Ուր Պաղ պատերազմը երբեք չաւարտեցաւ եւ ուր նոր աշխարհակարգը երբեք չժամանեց – Ղարաբաղեան դիւանագիտութիւնը 1990-ականներուն» (Where the Cold War Never Ended and the New World Order Never Arrived: Karabakh Diplomacy in the 1990s), Ա. եւ Բ. հատորներ, հրատարակութիւն «Կոմիտաս» հիմնարկի, Լոնտոն, 20 սեպտեմբեր 2026, Ա. հատոր՝ x + 256 էջ, Բ. հատոր՝ x + 570 էջ (15,1 x 22,7 սմ.) (Արցախի հիմնահարցի լուծման դիւանագիտութեան ներկայացումն ու վերլուծութիւնը, հարցազրոյցներ հիմնահարցի լուծման առնչուած 3 հայ եւ 24 օտար պատասխանատուներու հետ, բացատրական բառարան, անուանացանկ-առարկայացանկ) (անգլերէն)։

– Մովսիսեան Ֆելիքս, «Հայ մասոնութիւն – Օթեակներ եւ մարդիկ», Ա. եւ Բ. հատորներ, գիտական խմբագիր՝ Աշոտ Մելքոնեան, «Վան Արեան» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2026, Ա. հատոր՝ 736 էջ, Բ. հատոր՝ 712 էջ (16,8 x 24,2 սմ.) (տարբեր երկիրներու մասոնական օթեակներու եւ անոնց հայազգի անդամներու մասին հանրագիտարանային կենսագրական տեղեկութիւններ, հայազգի մասոններու, անոնց մասոնական փաստաթուղթերու եւ այլ բազմաթիւ լուսանկարներ)։ «Հրատարակւում է Վանաձորի Յովհաննէս Թումանեանի անուան պետական համալսարանի գիտական խորհրդի որոշմամբ»։

– Շեմմասեան Վահրամ (Shemmassian Vahram), «Մուսա լեռէն հայ ներգաղթեալները Միացեալ Նահանգներու մէջ – Լուսանկարային հաւաքական կենսագրութիւն մը» (Armenian Immigrants from Musa Dagh in the United States – A Photographic Collective Biography), Երեւան, 2026 (22 x 24,5 սմ.) (մուսալեռցի հայոց Ա. Մ. Ն. ներգաղթին պատմութիւնը քանի մը հարիւր լուսանկարներու ալպոմի միջոցով) (անգլերէն)։

– Փոշօղլեան Աւետիս (խմբագիր եւ հրատարակութեան պատրաստող), «Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան Կիպրոսի շրջանի գործունէութեան քսան տարին (2005-2025)», «Լուսակն» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2026, 160 էջ (20,7 x 29,2 սմ.) (կիպրահայ գաղութի, մասնաւորաբար երկրի Ս. Դ. Հ. Կ.ի կառոյցի 20-ամեայ հակիրճ պատմութիւնը, անձերու, մամուլային հրապարակումներու եւ այլ լուսանկարներ, խմբանկարներ)։ Հրատարակուած է Յակոբ Տիգրանեանի մեկենասութեամբ։

– Քարամեան Դաւիթ (Karamian David), «Յաւերժական Հայաստան. Խաչքարեր – Նորատուսի խաչքարերը» (Eternal Armenia: Khatchkars – The Cross Stones of Noratus), «NorArtGallery Publishing» հրատարակչութիւն, Օքլանտ – Գալիֆորնիոյ նահանգ, Ա. Մ. Ն., սեպտեմբեր 2026, մեծ չափերու 264 էջ (Հայաստանի Հանրապետութեան Գեղարքունիքի մարզի Նորադուզ գիւղի խաչքարերուն պատմութիւնը, շուրջ 200 լուսանկար) (երկլեզու՝ հայերէն եւ անգլերէն)։

– Քեպատեան Ժագ (Kébadian Jacques), «Մոռացութեան դէմ պատ մը. Հայկական տասնվեց պատումներ» (Un mur contre l’oubli: Seize récits arméniens), «Քարթ պլանշ» (Carte blanche) մատենաշար, «Մարեսթ» (Marest) հրատարակչութիւն, Փարիզ, 25 ապրիլ 2026, 304 էջ (Մեծ եղեռնէն վերապրած 16 հոգիի ականատեսի վկայութիւնները եւ մասնագէտներու վերլուծումները այդ պատումներուն) (ֆրանսերէն)։

– Քիւրտօղլեան Միհրան, «Գէորգ Գանտահարեան՝ ամէնուն ուսուցիչը», «Արամ Մանուկեան» մատենաշար, Պէյրութ, 2026 (վերահրատարակութիւն լիբանանահայ բազմավաստակ կրթական եւ երաժշտական գործիչին մասին 2011-ին լոյս տեսած գիրքին)։

Պատրաստեց

Գէորգ Նաթալի (Եազըճեան)