Կարս, Մայիս 28, 1920թ՝ անկախութեան երկրորդ տարեդարձը. Ռուբէն Դարբինեան

4306

Նախաբան- Այս հոդվածի հեղինակը Հայաստանի Առաջին Հանրապետության Արդարադատության նախարար Ռուբեն Դարբինյանն է: Հոդվածը լույս է տեսել ՀԱՅՐԵՆԻՔ ամսագրում (օգոստոս, 1950, թիվ 8 (295), էջ 17-33) “Հայաստանի Հանրապետութեան օրերուն (Հատուած մը իմ յուշերէն)” վերնագրով: Կարսը Առաջին Հանրապետության մեծությամբ երրորդ խոշոր քաղաքն էր Երեւանից և Ալեքսանդրապոլից (Գյումրի)հետո: Ցավոք, 1920 թվականի հոկտեմբերի 30-ին Կարսը, գրեթե առանց դիմադրության, անցավ քեմալականներին (հրամանատար՝ Քյազիմ Կարաբեքիր): Հոդվածում կա ինչպես արևմտահայերեն, այնպես էլ արևելահայերն բառաշերտ: ԱՆԻ-ն որևէ միջամություն չի արել: 

Մայիս  27-ի [1920թ.] առաւօտեան ժամի 10-ին մեր գնացքը շարժուեցաւ դէպի Կարս: Մինչ այդ մեզ միացաւ Երեւանի վերջին գնացքով եկած Աւ. Օհանջեանանը, որ հաղորդակցութեան նախարարի օգնականն էր: Անոր հետ էին երկու ռուս մասնագէտներ, որոնք կ’երթային Կարսի նահանգը  ուսումասիրելու համար մեր ածխահանքերը, աղահանքերը եւ ուրիշ հանքերը:

Առաջին անգամն էր, որ Կարս կերթայի երկաթուղիով:Մանկութեանս և պատանեկութեանս տարիներուն բազմաթիւ անգամներ անցած էի Ալեքսանդրապոլ-Կարս ճանապարհը կամ պետական խճուղիով: Որքա՜ն քաղցր յիշողություններ էին կապուած այդ վայրերու հետ, զոր այժմ կը կտրէինք երկաթուղիով:

Լեռնային էր ճանապարհը: Մեր գնացքը շարունակ դէպի վեր կը բարձրանար: Զարմանալիօրէն թարմ կանաչութիւն մը սփռուած էր ամէն կողմ, որ կը համակէր զիս գարնանային զուարթ եւ անհոգ տրամադրութիւներով: Կը փչէր զով քամի մը իրեն հետ բերելով լեռնային մաքուր օդ, զոր կուզէի շնչել անյագ, անվերջ:

Գնացքը կը շարժուէր դանդաղ, երբեմն աւելի դանդաղ, քան ձիարշաւ կառքը մը: Շուրջս կը տեսնէի ամայի, անմարդաբնակ տարածութիւններ: Կը նայէի դէպի հեռուները եւ աչքս չէր կարող գտնել գիւղ մը, բացի այն գեղեցիկ լեռներն ու ձորերը, այս սքանչելի  Ալպեան արօտավայրերը մերն էին, Հայաստանին կը պատկանէին:

Ցերեկուայ ժամը երկուսին մեր գնացքը  հասաւ Կարս:

Քաղաքը իմ մանկութեան եւ պատանեկութեան օրերէն ասդին շատ փողուած էր դէպի լաւը: Լայն, գեղեցիկ, շիտակ փողոցներ, նոր մեծ տներ, ծառուղիներ: Ամէն ինչ աչքիս աւելի հապուրիչ կերեւար: Առաջուայ նման քաղաքի վրայ կիշխէր նշանաւոր բերդը իր պատմական ամրութիւներով, որոնք միջնադարեան գունաւորում մը կուտային ամբողջ տեսարանին:

Դժբախտաբար, Կարսի գլխաւոր փողոցին վրայ շատ այրուած տներ կային, որոնք կը փճացնէին ընդհանուր տպավորութիւնը: Այդ աւերումն կատարուեր էր 1918-ին,երբ մեր զօրքերը ձգած էին Կարսը:

Ուշ ատեն վերադարձայ կայարան՝ մեր վակոնի մէջ գիշերելու համար: Դուրսը ցուրտ էր, եւ անձրեւ կուգար: Փակեցինք պատուհանները, որ քիչ մը աւելի տաքանանք,բայց այդ չօգնեց: Երկար ատեն քունս չտարաւ ցուրտէն: Սակայն, այնքան յոգնած էի, որ ի վերջոյ քնացեր էի: Երբ արթնցայ, արեւը արդէն իր ճառագայթներով կը ջերմացնէր մեր վակոնը եւ մեզ:

Մեր անկախութեան երկրորդ տարեդարձը Կարսի մէջ

Մայիս 28-ն էր, Հայաստանի անկախութեան երկրորդ տարեդարձը: Տեղի պիտի ունենար մեծ զօրահանդէս, ինչպէս եւ մաղթանք մայր տաճարի մէջ:

Խումբ մը ընկերներու հետ, որոնք եկած էին կառուցուած, ծառերով ու ծաղիկներով զարդուարած: Ալեքսանդրեան գլխաւոր փողոցով անցնելու ժամանակ հանդիպեցանք հսկայ թափօրի մը: Մենք ուշացած էինք, դժբախտաբար. մաղթանքն ու զօրահանդէսը վերջացած էին արդէն եւ ժողովուրդը, թափօր կազմած, կ’անցնէր Ալեքսանդրեան փողոցով:

Զօր. Փիրումեանը, որ Կարսի կոմենդանտն էր եւ զօրքերու հրամանատարը, Կարսի քաղաքագլուխ Հ. Նորհատեանը եւ ինձ ուղեկցող ընկերները խնդրեցին, որ կառավարութեան  կողմէ ողջոյնի խօսք ըսեմ ժողովուրդին:

Երբ թափօրը կանգ առաւ Ալեքսանդրեան փողոցին վրայ, բարձրացայ աթոռի մը վրայ եւ կառավարութեան կօղմէ  ողջունեցի Կարսի ժողովուրդը եւ գնահատական ջերմ խօսքեր ըսի անոր, որովհետեւ ան քանի մը օր առաջ միայն հերոսական ճիգով մը ճնշած էր բոլշեւիկեան ապստամբութիւնը, աւելի ճիշդը դաւադրութիւնը:

Երբ խօսքս վերջացուցի, քաղաքագլուխ Նորհատեանը մօտեցաւ ինձ եւ ականջիս փսփսաց, որ զօր. Փիրումեանը եւ սպաները դժգոհ են, որ զօրքի մասին ոչինչ ըսի: Թէեւ այդ ըրած էի դիտմամբ, որովհետեւ զօրքը վարանումներ ունեցած էր բոլշեւիկեան ապստամբութեան ատեն, բայց երբ թափօրը իր առաջխաղացութեան ընթացքին կրկին կանգ առաւ ռուս-տաճկական պատերազմի յուշարձանին առջեւ, բարձրացայ այդ յուշարձանի պատուանդանին վրայ եւ երկրորդ ճառ մը խօսեցայ՝ ուղղուած զօրքին, որուն մէջ էր ոչ միայն պահակամասը, այլեւ 300 զինուած սասունցիներու ձիաւոր խումբ մը:

Հանդէսը թափօրով վերջ գտաւ յունական ազգային խորհուրդի չէնքին առջեւ: Երկու կողմէն ալ արտասանուեցան սրտառուչ բարեկամական ճառեր, թէեւ Կարսի յունական ազգային խորհուրդը ռուսական և թրքական ազգային խորհուրդներուն հետ միասին խաղացել էր բաւականին տգեղ եւ կասկածելի դեր բոլշեւիկեան ապստամբութեան օրերուն: Բայց մերոնք խնայել էին զայն քաղաքական նկատումներով:

Թուրքերն եւ ռուսերը շատ աւելի անհաշտ վնասարար դիրք էին բռնած դէպի մեր պետութիւնը, ուստի նրանց հանդէպ չկար եւ չէր կարող ըլլալ նոյն ներողամիտ վերաբերումը: Ձերբակալուած էին թուրքերու եւ ռուսերու ազգային խորհուրդներու գլխաւոր անդամները ու պիտի դատուէին շուտով: Սակայն, մերոնք, ռուսերու հանդէպ համեմատաբար աւելի մեղմ էին, թէեւ անոնք թշնամական ցոյցեր էին ըրած մեր պետութեան դէմ եւ ամէն կերպով օգնած էին բոլշեւիկ դաւաճաններուն:

Մեր անկախութեան տօնին առթիւ երեկոյեան հրավառութիւն պիտի ըլլար: Գացինք քաղաք: Շատ չանցած, սկսաւ հրավառութիւնը  քաղաքի եւ բերդի մէջ եւ միաժամանակ թնդանօթաձգութիւն ու հրացանձգութիւն: Բայց ժողովուրդը, ինչպէս եւ զօրքը չբաւականացան ատով: Լսուեցան գնդացիրային կրակ ամրութիւններէն եւ ատրճանակի տրաքոցներ փողոցներու մէջ:

Անօթի էի: Մտանք ճաշարան մը, ուր, դժբախտաբար, ոչինչ գտանք բացի մածունէն: Երկու փոքրիկ բաժակ մածուն կերանք եւ վերադարձանք կայարան:

Գիշերը մեծ հավաքոյթ մը կար, նւիրուած մեր անկախութեան տօնին, բայց շատ յոգնած էի, չգացի:

Այց մը Կարսի  ամրութիիններուն

Առաւօտ կանուխ կառքով շտապեցի կրկին զօր. Փիրումեանի մօտ միասին երթայու համար Կարսի ամրութիւները: Մեզ միացաւ Կարսի հրետանու պետ գնդապետ մը, որ պուլկար էր:

Ճանապարհը սքանչելի էր: Գեղեցիկ, հարթ, մաքուր պետական խճուղին անվերջ զիկզակներով կը տանէր մեզ դէպի ամրութիւնները: Ձորի միջոցով հետզհետէ վեր կը բարձրանայինք: Բազմաթիւ գեղեցիկ շէնքեր կը զարդարէին ձորը, բոլորն ալ ռազմական կարիքներու համար շինուած:

Մեզ դիմաւորեց ամրութեան պահակազօրքի պետը, հայ սպայ մը, որ ուղեկցեց մեզ ամրութեան  բոլոր մասերը այցելելու ժամանակ: Ամրութեան վրայէն նայեցանք մեր շուրջը: Ընդարձակ հորիզոն մը բացուաց էր մեր առջեւ: Կ’երեւային դէպի Սարիղամիշ տանող պետական խճուղին եւ երկաթուղին: Կ’երեւային դէպի Սարիղամիշ տանող պետական խճուղին եւ երկաթուղին. Կ’երեւային շատ մը գիւղեր,Կարսի միւս ամրութիւները: Այս ամրութիւնը, որուն վրայ էինք մենք այժմ, կ’իշխեր բոլորի վրայ: Ան, ինչպէս բացատրեց զօր. Փիրումեանը, պատմական մեծ դեր էր կատարած թէ՛ տաճիկներու եւ թէ՛ ռուսերու օրով:

Հավատալս չէր գար, որ մեր փոքրիկ զինուրական ոյժերով պիտի կարողանայինք պաշտպանել այդ հսկայական բերդը իր բոլոր հոյակապ ամրութիւներով…

Միւս ամրութիւնները այցելելու ժամանակ չունէի այլեւս, որովհետեւ նոյն օրը, ցերեկուայ ժամի 1-ին, պէտք է վերադառնայի Ալեքսանդրապոլ:

Բոլշեւիկ ապստամբութեան ղեկավարները

Մեր գնացքը կանք առաւ Ալեքսանդրապոլի կայարանի առջև: Ժամի հինգն էր ցերեկուայ: Կառք մը առնելով կրկին գացի “Աստորիա” պանդոկը:

Հետեւեալ առաւօտ գնացի դատարան ներկայ ըլլալու ապստամբ բոլշեւիկներու դատավարութեան:

Երբ ներս մտայ, տեղի կ’ունենար մեղադրեալներու հարցաքննութիւնը: Ամենէն ուշագրաւը անոնց մէջ Մուսայէլեանն էր, որ ապստամբութեան ղեկավարն էր: Միջահասակ, առողջակազմ մէկն էր՝ ջղային եւ սուր դիմագծերով ու խորն ինկած աչքերով: Լուրջ, մոլեռանդ համոզումներու տէր մարդու տպաւորութիւն կը ձգէր: Ինքզինքը հանդարտ, շատ զուսպ կը պահէր: Չէր աշխատեր արդարացնել ինքզինքը, ընդհակառակը, կը ջանար ցոյց տալ, որ ինք ոեւէ յանցանք գործած չէր՝ ապստամբութեան դրօշակ բարձրացնելով: Կըսէր, որ Հայաստանի փրկութիւնը բոլշեւիզմին յարելու մէջ է եւ որ բոլշեւիզմը, ի վերջոյ, պիտի յաղթանակէ: Տխուր էր, բայց երկիւղի ոեւէ նշան ցոյց չէր տար, կարծես վստահ էր, որ ոչ ոք պիտի յանդգնէր ձեռք տալու իրեն եւ իր ընկերներուն, որովհետեւ Սովետական իշխանութիւնը թոյլ պիտի չտար ոեւէ վնաս հասցնելու իրենց:

Ցավ զգացի, որ այս յանդուգն, ըստ երեւոյթին ազնիւ, գաղափարական հայը ազատ եւ անկախ Հայաստանի թշնամին է, փոխանակ անոր նեցուկը ըլլալու:

Մուսայէլեանէն յետոյ ուշադրութիւնս գրաւեց Ղարիբջանեանը, որ երկարահասակ, նիհարակազմ, սառն ու չար աչքերով, դառնութիւն արտայայտող դէմքով, քառասունը անց մտաւորական մըն էր: Չափազանց ընկճուած կ’երեւէր: Իր ամբողջ կերպարանքը, շարժումները անհանգստութիւն կը մատնէին, կարծես խիղճը կը տանջէր զինքը: Դառնութիւն կը թափուէր անոր ձայնէն, հայեացքէն, խօսքերէն: Մահուան երկիւղը կարծես տիրած էր անոր ամբողջ էութեան: Մուսայէլեանի ճիշդ հակապատկերն էր: Կ’աշխատէր արդարացնել իր ըրածը երեխայական պատճառաբանութիւներով: Կ’ուզէր ապացուցել,որ ինք ապստամբութեան չէր  մասնակցած, այլ մտած էր բոլշեւիկեան Յեղկոմի մէջ այն ատեն միայն, երբ անոր իշխանութիւնը հաստատուած էր արդէն:

Մնացած մեղադրեալներէն ուշադրութիւնս գրաւեց ռուս մը, որ իր համոզումներով միապետական էր եւ փորձ ալ չէր ըներ ծածկելու այդ: Ան օգտուած էր այն հանգամանքէն, որ հրետանիի հրամանատարն էր եղած Ալեքսանդրապոլի մէջ: Թէեւ երդում էր ըրած  հաւատարմօրէն  ծառայելու Հայաստանի Հանրապետութեան, բայց չէր վարանած առաջարկելու բոլշեւիկներուն ռմբակոծել քաղաքը և հողին հետ հաւասարեցնել զայն: Բարեբախտաբար, անոր ցանկութիւնը չէր կատարուած, և քաղաքը անվնաս էր մնացած: Որպէս նեղմիտ ռուս ազգայնական՝ ան թշնամի էր Հայաստանի անկախութեան եւ պատրաստ էր դաշնակցիլ սատանաներու հետ ալ, միայն թէ կարողանար ոչնչացնել մեր հանրապետութիւնը եւ նորէն Ռուսաստանին կցել մեր հողերը: