Հ. Յ. Դ. գործունեութիւնը Հայաստանէն դուրս՝ 1920-21 տարիներուն. Տասնապետեան

895

Հատուած Հրաչ Տասնապետեանի «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը իր կազմութենէն մինչեւ Ժ. ընդհանուր ժողովը (1890-1924 թթ.)» հատորէն, էջ 158-160

Պուքրէշի խորհրդաժողովը եւ Արտասահմանի պատասխանատու մարմինը

Իններորդ Ընդհանուր Ժողովէն ընտրուած Բիւրոն մէկ տարուան համախումբ կեանք եւ գործունէութիւն ունեցաւ Հայաստանի մէջ: Ան կրցաւ յարաբերութիւններ պահել Թուրքիոյ (Պոլիս, Կիլիկիա եւ Իզմիր), Վրաստանի, Պարսկաստանի եւ արտասահմանի (Պալքաններ, Եգիպտոս եւ Ամերիկա) կուսակցական մարմիններուն հետ, ուղղութիւն եւ մղում տալ Փարիզի Պատուիրակութեան գործունէութեան, եւ Հայաստանը կարճ ժամանակի մէջ դուրս բերել կազմակերպական քաոսէն՝ մարմիններու նախկին խայտաբղէտ հաւաքը ձուլելով երեք Կեդրոնական Կոմիտէութիւններու (Կարս, Ալեքսանդրապոլ եւ Երեւան) մէջ եւ ստեղծելով «արտահողային» կազմակերպութիւն մը՝ «Երկաթուղիներու Կ. Կոմիտէութիւնը»:

Բայց կազմակերպչական այդ ճիգերը գրեթէ ընդհատուեցան 1920 Մայիսին, երբ Բիւրոն իր լման կազմով դարձաւ կառավարութիւն՝ զսպելու համար պոլշեւիկեան եւ թուրք-թաթարական ապստամբական շարժումները: Իսկ 1920 Դեկտեմբեր 2էն ետք Հայաստան կը մնային Բիւրոյի երկու անդամներ միայն,- Համօ Օհանջանեան՝ որ Երեւանի բանտն էր, եւ Սիմոն Վրացեան (սկիզբը օրինական վիճակով, ապա՝ ընդյատակեայ): 1921 Յուլիսին, Լեռնահայաստանի անկումէն ետք, Թաւրիզ կը գտնուէին Համօ Օհանջանեան, Ռուբէն Տէր-Մինասեան եւ Սիմոն Վրացեան:

Մինչ այդ, սակայն, Դաշնակցութեան արտասահմանեան կեանքին մէջ պատահած է կարեւոր իրադարձութիւն մը, որմէ անտեղեակ մնացած են Բիւրոյի վերոյիշեալ երեք անդամները: Անցնելով Պոլիս եւ Պալքաններ՝ Ա. Գիւլխանդանեան, Ա. Ջամալեան եւ Ս. Արարատեան, ինչպէս նաեւ Բիւրոյի փոխ-անդամներ Վ. Նաւասարդեան եւ Գ. Ղազարեան, փոխանակ շարունակելու գործել իբրեւ Բիւրո, հրաւիրւած են Խորհրդաժողով մը, որ գումարուած է 1921 Ապրիլին, Պուքրէշի մէջ:

Պուքրէշի Խորհրդաժողովը քննած է Իններորդ Ընդհանուր Ժողովէն ետք պատահած դէպքերը, քննադատած Երկրի մարմինները՝ որոնք «չէին կրցած տանիլ կազմակերպական բաւարար աշխատանք», եւ նշած կազմակերպութեան ծաւալումը գաղութներուն մէջ հակառակ Հայաստանի տագնապին եւ Բիւրոյի հետ յարաբերութեանց դժուարութեան:

Տակաւին, հիմնուելով Բիւրոյի ներկայ երեք անդամներու զեկուցման վրայ, Խորհրդաժողովը բաւական խստօրէն քննատատած է նաեւ Հ. Յ. Դ. Բիւրոն, գտնելով որ ան «կանգնած չէ եղած պատմական ծանր վայրկեանի բարձրութեան վրայ», «չէ աշխատած ստեղծելու կուսակցական ուժեղ կազմակերպութիւն», այլ՝ «մտած կառավարութեան մէջ, լքելով կազմակերպական շարքերը». ու մայիսեան օրերու Հայրենիքի փրկութեան շքեղ գործէն ետք «անմիջապէս չէ հրաժարած իշխանութենէն»:

Քաղաքական ծրագրի մարզին մեջ, Խորհրդաժողովը որոշած է «կանգնած մնալ Միացեալ Հայաստանի անկախութեան տեսակէտի վրայ», եւ «Երկրէն դուրս կապի մէջ մտնել Սովետական Ռուսաստանի հետ, նպատակ ունենալով օգտագործել անոր քաղաքական կշիռը»: Ալ. Խատիսեան, Խորհրդաժողովի որոշումով, նշանակուած է անդամ Հայաստանի Հանրապետութեան Փարիզի Պատուիրակութեան:

Կազմակերպական մարզին մէջ, Պուքրէշի Խորհրդաժողովին բերած նորութիւնն է՝ ընտրութիւնը «Արտասահմանի Պատասխանատու Մարմնին», որ «բիւրոյական լրիւ իրաւունքներով կը վարէ կուսակցական եւ քաղաքական գործերը մինչեւ յառաջիկայ Ընդհանուր Ժողովը: … Պատասխանատու Մարմնին իրաւասութեան սահմաններէն դուրս կը գտնուին Անդրկովսակը եւ Պարսկաստանը: … Պատասխանատու Մարմինը կը պահէ իր իրաւասութիւնները մինչեւ այն ատեն, երբ Բիւրոն ինքզինք ի վիճակի կը յայտարարէ վարելու կուսակցական գործերը արտասահմանի մէջ»:

Բոլոր այս համակուսակցական եւ ծանրակշիռ քննադատութիւններն ու որոշումները կը բխէին ժողովէ մը, ուր ներկայ չէին Բիւրոյի Երկիր մնացած անդամները, Հայաստանի, Անդրկովկասի (բացի Վրաստանի մէկ ներկայացուցիչէն) եւ Պարսկաստանի մարմինները: Հասկնալի է ուրեմն, որ անոնք ընդվզում յառաջացուցած ըլլան բացականերուն մօտ: 1921 Յունիս-Նոյեմբեր ամիսներուն, բազմաթիւ նամակներ ու հեռագիրներ կը փոխանակուին Արտասահմանի Պատասխանատու Մարմնին եւ Բիւրոյի Պարսկաստան գտնուող անդամներուն, ինչպէս նաեւ Գերագոյն Դատական Ատեանին միջեւ:

Պատասխանատու Մարմինը կը պահանջէ, որ Վրացեան, Ռուբէն եւ Օհանջանեան վարեն Երկրի, Անդրկովկասի եւ Պարսկաստանի գործերը՝ իբրեւ Բիւրոյի հատուած. Վրացեան իրեն եւ իր երկու ընկերներուն համար նուաստացուցիչ ու անարդար կը գտնէ իրենց բացակայութեան Բիւրոյի գործունէութեան մասին հանուած բանաձեւը եւ կ’ուզէ հրաժարական ներկայացնել. Ռուբէն կը բողոքէ Ռիկայի «անհեթեթ էքսպերիմենտ»ներու դէմ. Գերագոյն Դատական Ատեանը լուսաբանութիւններ կը պահանջէ Արտասահմանի Պատասխանատու Մարմնի իրաւական բնոյթին շուրջ, եւայլն: Թղթակցութիւնները տեղ չեն հասնիր սակայն ու, փաստօրէն, Ռուբէնի եւ Վրացեանի Եւրոպա անցնելէն ետքն իսկ Բիւրոն չի վերակազմուիր եւ մինեւ 1923 Ապրիլ-Մայիսի Վիեննայի Խորհրդաժողովը, Պուքրէշի մէջ կազմուած Արտասահմանի Պատասխանատու Մարմինն է որ կը հանդիսանայ Հ. Յ. Դաշնակցութեան գերագոյն մարմինը:

Հաստատուելով նախ Պոլիս եւ ապա Պուքրէշ, Պատասխանատու Մարմինը կը վարէ կուսակցութեան ներքին-կազմակերպական, արտաքին քաղաքական-յարաբերական եւ յարակից գործերը, թէեւ ոչ միշտ բաւարար հեղինակութեամբ եւ ազդուութեամբ: Իր գործունէութեան մէջ տկարացած մանաւանդ 1922ի կէսերէն ետք, Արտասահմանի Պատասխանատու Մարմինը կը փորձէ փութացնել  Տասներորդ Ընդհանուր Ժողովի գումարումը. սակայն մէկ կողմէ Երկրի եւ Անդրկովկասի մարմիններու պատգամաւոր ղրկելու անկարելիութիւնը եւ միւս կողմէ՝ Լօզանի Խորհրդաժողովին հետ կապուած աշխատանքները անկարելի կը դարձնեն Ընդհանուր Ժողովի գումարումը 1922ի վերջերը կամ 1923ի սկիզբը: Ուստի կ’որոշուի գումարել Դաշնակցութեան արտասահմանեան մարմիններու արտակարգ խորհրդաժողով մը: