1993. Թուրքիան Հայաստան ներխուժելու յարմար պահի կը սպասէ

3847

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԱՅԵԱՑՔ ԱՐԱՐԱՏԷՆ. ՀԱՅԵՐԸ ԵՒ ԹՈՒՐՔԵՐԸ գիրքէն

Քսաներորդ գլուխ

1993. Թուրքիա կը կղպէ Հայաստանի հետ կիսաբաց դուռը

Տէր Պետրոսեանը կը մասնակցի Էօզալի թաղման

20 Ապրիլ 1993-ին, վարչապետ Տէմիրէլը կ’ընդունի նախագահ Էօզալի յուղարկաւորութեան արարողութեան մասնակցելու նպատակով Անգարայի մէջ գտնուող հայկական պատուիրակութիւնը` նախագահ Տէր Պետրոսեանը, արտաքին գործոց նախարար Փափազեանն ու նախագահի խորհրդական Լիպարիտեանը: ՙՇատ բովանդակային եւ հետաքրքրական զրոյց մըն էր՚,- կը պատմեն Փափազեանն ու Լիպարիտեանը: ՙՏէմիրէլը գզրոցէն քարտէս մը հանեց եւ թրքերէնով ըսաւ` սա Հայաստանն է, հայկական հող է, հարց չունինք` մեր դրացին է, սա Ղարաբաղն է, հայկական հող չէ, բայց հոն հայեր կ’ապրին, մտահոգութիւններ ունիք, վերցուցիք Ղարաբաղը, այդ ալ հասկցանք, սա Լաչինն է, սա ձեր հողը չէ, ո՛չ ալ հայեր կ’ապրէին, վերցուցիք, ըսիք` անվտանգութեան համար է, այդ ալ հասկցանք: Քելպաճարի հե՞տ ինչ գործ ունիք: Երբ Քելպաճարը գրաւեցինք, այդ մարդիկ (թուրքերը) ըսին, չէ՛, մեր եղբայրները կը ծեծէք՚,- կը յիշէ Լիպարիտեանը:

Այսպէս, Անգարան հայ-թրքական յարաբերութեանց կարգաւորումը կապեց եւ առ այսօր կը կապէ Լ. Ղ.ի հարցին հետ: Մինչեւ Քելպաճարը` Թուրքիան արդէն իսկ ատրպէյճանամէտ դիրքորոշում ունէր, սակայն հայ-թրքական սահմանը շրջափակելու թշնամական գործողութենէն ձեռնպահ կը մնար: Թուրքերու հետ բանակցած հայ դիւանագէտները կը դժուարանան պնդել, որ Թուրքիան Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ կը հաստատէ՞ր, եթէ հայկական ոյժերու ռազմական յաջողութիւնները Լաչինով սահմանափակուէին: Անոնցմէ ոմանք հակուած են կարծելու, որ թուրքերուն համար առաջնայինը Հայաստան-Թուրքիա այսօրուայ սահմաններուն ամրագրումն է, այսինքն` Կարսի 1921-ի պայմանագիրին վերահաստատումը, եւ երկրորդ` ցեղասպանութեան պնդումներէն եւ միջազգայնօրէն անոր ճանաչման հետամուտ ըլլալէ հայոց հրաժարումը:

Թրքագէտ, Ս. Ծ. Տ. Հ. կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի առաջին ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեանի խօսքերով` Անգարան Ցեղասպանութեան հարցին կը մօտենայ հետեւեալ կերպ. ՙՀայերը կը բարձրացնեն Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը, անոր կը հետեւի հատուցման պահանջը, ապա կը հետեւին տարածքային պահանջները: Թուրքիոյ համար` Ցեղասպանութեան հարցն ուղղակիօրէն կը նշանակէ վտանգ իր տարածքային ամբողջականութեան: Պատահական չէ, որ 1991-ին Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի անկախութեան ճանաչման հռչակագիրին մէջ յատուկ յղում կ’ըլլայ Կարսի պայմանագիրին: Սա, ըստ էութեան, կոչ էր Հայաստանին` ճանչնալու Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը՚:

ՙԵրբ ղարաբաղեան խնդրին կը մօտենանք Թուրքիոյ տեսակէտէն, ապա պիտի նշենք, որ թրքական քաղաքական որոշ շրջանակներու մէջ տիրապետող է այն կարծիքը, թէ Լ. Ղ.ի հարցն անմիջականօրէն կապուած է Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան հետ: Քելպաճարի դէպքերէն ետք Թուրքիոյ խորհրդարանը հրաւիրեց արտակարգ նիստ մը` ՙՀայկական նախայարձակումը Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի դէմ՚ նիւթով: Այդ ժամանակ ընդդիմադիր կուսակցութեան առաջնորդ Էճեւիտը այսպէս ձեւակերպեց իրադարձութիւնը. եթէ հայերն այսօր Ղարաբաղը կը վերցնեն, վաղը կը դրուին Նախիջեւանի, ապա` Կարսի, Արտահանի խնդիրները. նման զարգացումէ խուսափելու համար, անհրաժեշտ է հայոց առաջքն առնել առաջին իսկ փուլին՚,- կ’ըսէ Աւագեանը:

1993-ի Փետրուարի առաջին օրերուն Հարվըրտի համալսարանին մէջ ամերիկահայ մը նախագահ Էօզալին ՙդրացիներու կողմէ Հայաստանի պարտադրուած շրջափակման՚ հետ կապուած հարցում մը ուղղեց: Թուրքիոյ նախագահն ընդգծեց, որ գլխաւոր խնդիրը ՙՀայաստանի ու Ատրպէյճանի, ո՛չ թէ Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ եղած ընդհարումն է՚: ՙԹուրքիան նոյնիսկ նկատի կ’առնէ, որ Հայաստանի հետ լաւ յարաբերութիւնները կը նպաստեն, որ սփիւռքի հայերը Թուրքիոյ դէմ չաշխատին. սա՛ է մեր նպատակը: Սակայն Հայաստանի ու Ատրպէյճանի խնդիրները որոշ հարցերու լուծումը երբեմն կը դժուարացնեն: Ինչո՞ւ: Մենք մօտ 4 միլիոն ատրպէյճանցի քաղաքացիներ ունինք մեր երկրին մէջ. անոնք մեծ կշիռ ունին Թուրքիոյ մէջ: Երկրորդ, հակառակ հայ-ատրպէյճանական կնճիռներուն, մենք Հայաստանին 50 հազար թոն ցորեն տուած ենք: Ատիկա ատրպէյճանցիներուն կողմէ լաւ չընդունուեցաւ, մեզի կ’ըսէին` ինչո՞ւ մեր թշնամիներուն կ’օգնէք: Մենք որոշած ենք, իմ առաջարկովս, Հայաստանին էլեկտրական ոյժանիւթ տալ, որովհետեւ ան մեր անմիջական դրացին է: Թուրքիոյ մէջ նորէն խլրտումներ եղան` ինչո՞ւ այդպիսի բան կ’ընէք, ատիկա մեզի համար վնասակար է: Սակայն ես վստահ եմ եւ կը հաւատամ, որ առաջին բանը, զոր պէտք է լուծել, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խնդիրն է՚:

Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութեան նախագիծին եւ Երեւան-Անգարա յարաբերութեանց շուրջ բանակցութիւնները շարունակուեցան մինչեւ 1993-ի գարունը: Վարչապետ Տէմիրէլը փոխվարչապետ Ինէօնիւի եւ արտաքին գործոց նախարար Չեթինի ներկայութեամբ 31 Յունուարին ընդունեց Լիպարիտեանն ու Շահնազարեանը: Կը քննարկուին Թուրքիայէն հացահատիկի մատակարարումը շարունակելու, Հայաստանին էլեկտրական ոյժանիւթ մատակարարելու, հայ-թրքական յարաբերութեանց, ղարաբաղեան հակամարտութեան հետ կապուած հարցեր: Հայ ներկայացուցիչներուն այցը յաջորդած էր Տէր Պետրոսեանի եւ Տէմիրէլի միջեւ հեռաձայնային զրոյցին, որու ընթացքին Հայաստանի ղեկավարը դիմած էր մարդասիրական օգնութիւն ցոյց տալու խնդրանքով:

Հայ բանագնացներուն հետ հանդիպման ընթացքին Տէմիրէլը հաւաստիացուց, որ Թուրքիան կը վերսկսի եղանակային պայմաններուն պատճառով մօտ մէկ ամիս դադրեցուած ցորենի մատակարարումը եւ, չնայած Ատրպէյճանի բուռն դժգոհութեան, իր երկիրը կը թոյլատրէ 100 հազար թոն ցորենի փոխադրումը Հայաստան:

ՙԱյս ընթացքին, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմը կը շարունակուէր, կար իրական վտանգ, որ Թուրքիան կրնայ մասնակցութիւն ունենալ ռազմական առումով, այսինքն` կար վտանգ, որ Ատրպէյճանին ռազմական օգնութիւն տրամադրելէն զատ, Թուրքիան ռազմական գործողութեանց մէջ կը ներքաշուի՚,- կ’ըսէ Շահնազարեանը:

Լիպարիտեանի խօսքերով` Թուրքիան երկկողմ յարաբերութեանց հարցը կը կապէր Լ. Ղ.ի մէջ զինադադարի հետ: Թուրքերուն համար` կարեւոր էր, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները կայուն վիճակի մէջ ըլլան: Երբ կայունութեան չկայ` ռազմական գործողութիւնները դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելուն միշտ արգելք կրնան ըլլալ: ՙՎարչապետ Տէմիրէլը խնդրեց, որ մեր յարաբերութիւններն այս ձեւով շարունակենք` եթէ որոշակի հարց կայ, տեղեկացուի առանց դիւանագիտական յարաբերութեանց հաստատումը հաշուի առնելու: Մեր վերջին հանդիպման ընթացքին նշուեցաւ, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու արձանագրութեան շարադրանքը շատ մօտ է համաձայնեցման, շատ քիչ տարբերութիւն մնացած է: Անոնց կարծիքով, աւելի գէշ կ’ըլլայ, եթէ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելէն յետոյ ստիպուած ըլլան կապերը խզել ռազմական գործողութեանց պատճառով: Ըսին, որ եթէ զինադադար ըլլայ, յաջորդ օրն իսկ յարաբերութիւններ կը հաստատեն՚:

Չեթինը 8 Մարտին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Տէր Պետրոսեանի հետ: Մինչ այդ` 6 Մարտին, Չեթինը Պաքուի մէջ հանդիպեր էր նախագահ Էլչիպէյի հետ: Աւելի առաջ` 1 Մարտին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Քոզիրեւը Մոսկուայի մէջ իր թուրք գործընկերն ընդունած էր: Զրոյցի ընթացքին Չեթինն առաջարկած է Պոսնիոյ եւ Ղարաբաղի հակամարտութեանց կարգաւորման հարցով համագործակցութեան ձեւ մը գտնել Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ: Քոզիրեւը համաձայնութիւն տուած էր Չեթինի` Պաքու եւ Երեւան միասին այցելելու առաջարկին:

Հակամարտութեան շրջան Չեթինի հետ միասին այցելելու Քոզիրեւի համաձայնութիւնը զարմացուցած էր ղարաբաղեան կարգաւորման հարցով ռուս միջնորդ Վլատիմիր Քազիմիրովը: Թուրքիան արդէն հասցուցած էր ապացուցել, որ չի կրնար կառուցողական դեր խաղալ: Այսպէս, Չեթինը կ’այցելէ Պաքու` նախապատրաստելու իր եւ Քոզիրեւի համատեղ այցը, ապա Մոսկուան, Ուաշինկթընը, Փարիզն ու Լոնտոնը կը տեղեկացնէ, որ Ատրպէյճանի նախագահը, ընդհանուր առմամբ, կ’ողջունէ ռուս-թրքական նախաձեռնութիւնը:

Ա. Մ. Ն.ի պետական քարտուղար Ուորըն Քրիսթոֆըրը, սակայն, Չեթինի հետ հեռաձայնային զրոյցին մէջ կասկածի տակ կը դնէ ռուս-թրքական նախաձեռնութեան նպատակայարմարութիւնը: Ամերիկացիք Մինսքի Խումբին գործունէութիւնը կը կարեւորէին եւ Ռուսիան զսպելու կը ձգտէին: Իր կարգին, Չեթինը ողջունեց ամերիկացիներուն հնարաւոր միացումը ռուս-թրքական նախաձեռնութեան: Սակայն ո՛չ Քոզիրեւ-Չեթին համատեղ այցը կայացաւ եւ ո՛չ ալ կրակը դադրեցաւ, քանի որ Թուրքիան նախապայման կը դնէր հայոց հեռացումը Շուշիէն եւ Լաչինէն:

Տէր Պետրոսեանն Անգարայի ներգրաւման դէմ չէր, թէեւ թուրքերն ակնյայտ ատրպէյճանանպաստ կեցուածք որդեգրած էին: Հայաստանի նախագահը կ’ակնկալէր, որ ներգրաւելով Անգարան` աւելի դիւրին կ’ըլլայ մեղմել Թուրքիոյ կողմնապաշտութիւնը: Ատրպէյճանը հրաժարեցաւ ՙ5+1՚ (Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Ռուսիոյ, Ա. Մ. Ն.ի, Թուրքիոյ ներկայացուցիչները եւ Ե. Ա. Հ. Խ.ի Մինսքի Խորհրդաժողովին նախագահը) ձեւաչափէն, երբ ղարաբաղեան ոյժերը մտան Քարվաճառ (Քելպաճար):

Շահնազարեանը կը պատմէ, որ Քելպաճարի դէպքերով` հայ-թրքական գործընթացը արձանագրութեան մասով դադրեցաւ: ՙԱյդ ժամանակ ստեղծուած էր նաեւ Մինսքի Խումբի ստուերային` ՙ5+1՚ ձեւաչափը: Ան աշխատանքային խումբ մըն էր, զոր Մինսքի Խումբին համար պէտք է փաստաթուղթեր պատրաստեր: Այդ ձեւաչափով քանի մը փուլ բանակցութիւններ տեղի ունեցան, հիմնականին մէջ` Ժնեւի մէջ, առաջինը` 1992-ի վերջերուն: Ժնեւի հնգեակի հերթական հանդիպումը համընկեցաւ Քելպաճարի դէպքերուն: Թուրքիան շրջափակեց Հայաստանը: Դժուար է ըսել` եթէ Քելպաճարը չ’ըլլար, ապա արձանագրութիւնը կը ստորագրուէ՞ր, թէ՞ ոչ: Մէկ բան ակնյայտ էր. այդ ժամանակ, Թուրքիան Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու իսկապէս ցանկութիւն ունէր: Այդ ցանկութիւնը կար նոյնիսկ Լաչինի եւ Շուշիի դէպքերէն ետք՚:

Թուրքիան նախապայմանները երեքի կը հասցնէ

Հայկական ստորաբաժանումները 1993-ի Մարտի վերջերուն ռազմական նոր յաջողութեանց հասան ճակատի Քարվաճառի հատուածին մէջ: Առաջինը եւ ամենակոշտն արձագանգեց Անգարան: 2 Ապրիլին արդէն, Թուրքիան դադրեցուց իր տարածքով արեւմտեան տէրութեանց կողմէ Հայաստանին ցուցաբերուող մարդասիրական օգնութեան առաքումը: 4 Ապրիլին, Թուրքիան յայտարարեց, որ այսուհետ պիտի ստուգէ Թուրքիոյ տարածքով Հայաստանի համար բեռներ տեղափոխող բոլոր օդանաւերը: Մ. Ա. Կ.ի Անվտանգութեան Խորհուրդի մշտական անդամ պետութեանց դեսպանները հրաւիրուեցան Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր հայկական յարձակումը դադրեցնելու միջոցներ ձեռնարկելու կոչ ուղղուեցաւ այդ երկիրներուն:

4 Ապրիլին, Թուրքիան կառավարական որոշումով գոցեց Հայաստանի հետ սահմանը: Թուրքիոյ Ա. Գ. Ն.ը բողոքի նոթա յղեց Հայաստանին` պահանջելով ՙհայկական զօրքերն անյապաղ կերպով դուրս բերել Ատրպէյճանի տարածքէն՚: Զինուորական հրամանատարութիւնը կը հաստատէ, որ թրքական օդանաւերը նախազգուշական թռիչքներ կը կատարեն Հայաստանի սահմանին մօտ: ՙՃումհուրիյէթ՚ն իր 5 Ապրիլի թիւին մէջ կը մէջբերէ Էօզալի խօսքերը. ՙՀայաստանի նախայարձակումը կասեցնելու համար պէտք է բան մը ձեռնարկել՚: Ըստ ՙՀիւրրիյէթ՚ի, Էօզալը կը մեղադրէ Ռուսիան` Հայաստանին աջակցելու համար եւ կը նշէ ՙԱտրպէյճանի վրայ հայոց յարձակումը դադրեցնելու համար զէնք գործածելու անհրաժեշտութիւնը՚:

1993-ի Ապրիլի սկիզբին խորհրդարանին մէջ ՙԲարօրութիւն՚ եւ Ժողովրդավարական Ձախ կուսակցութեանց խօսնակները եւ ՙՄայր Հայրենիք՚ կուսակցութեան երեսփոխան Քեամրան Ինանը հանդէս եկան ռազմական միջամտութեան պահանջով: Միեւնոյն ժամանակ, երեսփոխաններուն մեծ մասը քննադատեց Թուրքիոյ կառավարութիւնը` Ատրպէյճանին ռազմական անհրաժեշտ օգնութիւն չտրամադրելու համար: Ժողովրդա-Հանրապետական Կուսակցութեան նախագահի տեղակալ Իսթեմինայ Թալայը յայտարարեց, որ եթէ Թուրքիան զէնք մատակարարեր եւ անհրաժեշտ օժանդակութիւնը ցոյց տար Ատրպէյճանի զինուած ոյժերուն` նման արդիւնքներ չէին ըլլար:

ՙՄիասնութիւն Եւ Խաղաղութիւն՚ կուսակցութեան նախագահ Մուհսին Եազըճըօղլուն աւելի կտրուկ կերպով արտայայտուեցաւ` նշելով, որ ՙհայերը, գրաւելով ատրպէյճանական տարածքները, կը փորձեն վարագոյր քաշել Թուրքիոյ եւ թրքալեզու հանրապետութեանց միջեւ, եւ որ այս յարձակումներուն իրական թիրախը Թուրքիան է՚: Եազըճըօղլուն յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի հետ պաշտպանութեան պայմանագիրներու կնքումը Թուրքիոյ համար կենսական անհրաժեշտութիւն է: Նոյն օրերուն, թրքական մամուլին մէջ քննարկումներ սկսան Թուրքիոյ ռազմական հաւանական միջամտութեան հարցով: Այսպէս. ՙՀիւրրիյէթ՚ օրաթերթին մէջ լոյս տեսաւ ՙԵրրորդ Բանակը Կը Նախապատրաստւի՚ յօդուածը, ուր ըսուած էր, թէ ՙհայ-ատրպէյճանական պատերազմի ընդլայնման հաւանականութիւնը Թուրքիան ստիպեց մարտական պատրաստութեան վիճակի բերել Երրորդ Բանակին զօրամիաւորումները: Ինչպէս կը յայտնեն զինուորական աղբիւրները, Սարիղամիշի, Աշքալէի, Կարսի, Տողուպայազիտի, Արտահանի եւ Տումլուի մէջ գտնուող սահմանապահ զօրքերը համալրուած են եւ թրքական ռազմական օդանաւերը մշտական հերթապահ թռիչքներ կը կատարեն՚: Յօդուածին վերջաւորութեան ըսուած էր, որ ՙտարածաշրջանին մէջ տեղակայուած զօրամիաւորումները պատրաստ են 24 ժամուայ ընթացքին կատարելու ռազմական առաջադրանքները՚:

Այցով Խրխզիստան գտնուող նախագահ Էօզալը սպառնալիքներով լի հռետորական յայտարարութիւն մը ըրաւ. ՙԻ՞նչ կ’ըլլայ, եթէ Հայաստանի սահմանին մօտ զօրավարժութիւններ կատարենք եւ մեր ռումբերէն երեքը Հայաստանի տարածքին մէջ իյնան: Ի՞նչ կ’ըլլայ, եթէ Նախիջեւան մէկ-երկու զօրամիաւորում մտցնենք: Նախիջեւանի հետ կապուած ենք պայմանագիրով: Ի՞նչ կ’ըլլայ, ո՞վ մեզի ինչ կ’ըսէ, ո՞վ պիտի գայ ու միջամտէ: Ո՞վ կրցաւ միջամտել Պոսնիոյ դէպքերուն: Համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ` առանց արկածախնդրութեան դիմելու բանի մը չենք հասնիր՚:

Յիշեցնելով 1915-ը, Էօզալը յոխորտաց. ՙՀայերը բան չեն սորվիր պատմութենէն: Անատոլուի մէջ ալ անոնք նման փորձ կատարեցին, բայց անհաւատալի ապտակ ստացան: Մինչեւ այսօր անոնք ցաւը չեն մոռցած: Եթէ անոնք ատիկա նաեւ հոս (Ատրպէյճանի մէջ) փորձեն` յենուելով այս կամ այն պետութեան օգնութեան վրայ, անոնց պատասխան կը սպասէ՚: Թուրքիոյ նախագահին խօսքերով` ՙՂարաբաղեան խնդիր չկայ այլեւս, կան Մեծ Հայաստանի վերաբերեալ Հայաստանի նկրտումները: Ինծի մի՛ հարցնէք, թէ արդեօք մենք կը ներխուժե՞նք Հայաստան, թէ՞ ոչ: Թուրքիան իր քայլերը պէտք է լաւ հաշուարկէ՚:

7 Ապրիլ 1993-ին Ա. Գ. Ն. հրաւիրուեցան Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ դեսպանները, որոնց նախազգուշացուցին Թուրքիոյ հնարաւոր միջամտութեան մասին: Թուրքիան յիշեցուց, որ ՙԿիպրոսի մէջ ալ յարձակումներն անարձագանգ մնացին, եւ միջամտութիւն կատարուեցաւ՚:

ՙՄիլլիյէթ՚ի մէջ 8 Ապրիլ 1993-ին լոյս տեսաւ ՙՏէմիրէլը Կարմիր Բանակէն Կը Վախնայ՚ վերլուծականը, ուր նշուած էր. ՙԹուրքիոյ մէջ կան ոյժեր, որոնք սահմանն անցնիլ կը պահանջեն: Տէմիրէլը կը պատասխանէ. ՙԵրթալը դիւրին է, բայց հոն որո՞ւ պիտի հանդիպիմ` ամերիկացիներո՞ւն: Հոն դէմս դուրս կու գայ Ռուսիան` Կարմիր Բանակը՚:

Վարչապետ Տէմիրէլը յայտարարեց, որ Թուրքիան ՙերբեք չի համաձայնիր Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի տարածքի մէկ մասի գրաւման՚ եւ մտադիր է իրական քայլեր ձեռնարկելու ՙնախայարձակումը սանձելու համար՚: Սակայն, ան բացառեց Թուրքիոյ ռազմական միջամտութիւնը: Այդ օրերուն, Տէմիրէլն ու Գլխաւոր Սպայակոյտի պետ Կիւրէշը ընդունեցին Ատրպէյճանի վարչապետ Փանահ Հուսէյնովը: Պաքուն ռազմական եւ քաղաքական օգնութիւն խնդրեց Թուրքիայէն:

ՙՀիւրրիյէթ՚ը գրեց, որ Թուրքիան զէնքի ու զինամթերքի առաջին քանակութիւնը ղրկած է Ատրպէյճան: Փոխվարչապետ Էրտալ Ինէօնիւն ըսած է, որ ՙօգնութիւնն Ատրպէյճանին կրնայ ամէն ձեւի ըլլալ, եւ մենք օգնելու պարտաւոր ենք ու Ատրպէյճանը երբեք մինակ չենք ձգեր՚: Զէնքի մատակարարումը զուգադիպած է Թուրքիոյ Գլխաւոր Սպայակոյտի ներկայացուցիչ Էրտողան Օզնալի Պաքու այցին:

1993-ի Ապրիլին իր յանկարծակի մահէն ընդամէնը երկու շաբաթ առաջ Էօզալը նախկին խորհրդային թրքալեզու հանրապետութիւններ այցելութիւն սկսած էր: Թաշքէնթի մէջ ան դատապարտեց ՙհայոց նախայարձակումը՚` յիշեցնելով, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնն արդէն շատոնց դուրս եկած է այդ տարածքի շրջանակներէն եւ ՙԱտրպէյճանի դէմ Հայաստանի անսքօղ նախայարձակման բնոյթ ստացած՚: Միջինասիական երկիրներ շրջագայութեան վերջաւորութեան Էօզալն Ատրպէյճան ժամանեց: 14 Ապրիլին, Պաքուէն ան սպառնաց, որ Հայաստանը պէտք է իր զօրքերը կամաւորապէս դուրս բերէ Քելպաճարէն, հակառակ պարագային` անոնք ՙհոնկէ դուրս կը բերուին՚: Էօզալը յայտարարեց, թէ ՙհայերը Անատոլուի մէջ տեղի ունեցածէն դասեր չեն քաղած՚: Ատրպէյճանի խորհրդարանին մէջ իր ելոյթին մէջ Էօզալն ըսաւ, որ Թուրքիան մտահոգուած է Հայաստանի նախայարձակումով, երբեք չի համաձայնիր Ատրպէյճանը մասնատելու փորձերուն հետ եւ որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը պէտք է հասկնայ, թէ ՙանվերջ պատերազմներն ու օտար պետութեան տարածքի որեւէ մասը փրցնելու փորձերը խաղաղութիւն չեն բերեր Հայաստանին՚: ՙԱյդ երկրին ղեկավարները պէտք է յիշեն, որ Թուրքիոյ համբերութիւնն անվերջ չէ՚:

Էլչիպէյի հետ 14 Ապրիլի համատեղ ասուլիսին Էօզալը Հայաստանի քաղաքականութիւնը ՙահաբեկչական, զաւթողամոլ՚ բառերով բնութագրեց: ՙԹուրքիան ամէն կերպ կ’աջակցի Ատրպէյճանին: Չնայած ռազմական միջամտութիւնն արտակարգ միջոցառում է, ինչը կրնայ յանգեցնել շրջանին մէջ համընդհանուր դիմակայութեան, սակայն, ծայրայեղ պարագային, մենք կը դիմենք այդ քայլին՚,- ըսած է Էօզալը: Անգարայի օդանաւակայանին մէջ Էօզալը յայտարարեց, որ Թուրքիան նիւթական ու բարոյական աջակցութիւն ցոյց կու տայ Պաքուին, բայց Ատրպէյճանի կողքին չի կրնար կռուիլ:

Քելպաճարի դէպքերէն ետք, 1993-ի Ապրիլին Թուրքիոյ մէջ դարձեալ հակահայկական քարոզչութեան ալիք բարձրացաւ, եւ որոշ բանակային ու կառավարող շրջաններ կը քննարկէին ռազմական միջամտութեան հնարաւորութեան հարցը` հիմք ընդունելով 1921-ի Մոսկուայի ու Կարսի պայմանագիրներով ՙսահմաններու անփոփոխութեան երաշխաւոր հանդէս գալու իրաւունքը՚: ՙՈրպէս երաշխաւոր հանդէս գալու՚ խնդիրը Թուրքիոյ քաղաքական օրակարգէն հանուեցաւ 15 Ապրիլ 1993-ին` ՙՄիլլիյէթ՚ օրաթերթին Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալպէրթ Չեռնիշեւի տուած պարզաբանումէն ետք: Ան կտրականապէս ժխտեց տուեալ պայմանագիրներուն մէջ երաշխաւորի հաստատութեան գոյութիւնը. ՙՈ՛չ Մոսկուայի, ո՛չ ալ Կարսի պայմանագիրները երաշխաւորի իրաւունքներ կու տան: Այդ պայմանագիրներով որոշուած են նախկին Խ. Ս. Հ. Մ.ի, երեք կովկասեան հանրապետութեանց ու Թուրքիոյ սահմանները: Սահմաններու անփոփոխութեան մասին խօսք չկայ: Նաեւ խօսք չկայ մեր երաշխաւոր ըլլալու մասին: Հոն խօսքը մեր միջեւ գծուած սահմաններու մասին է՚:

Ռուսիան զգայուն էր ղարաբաղեան պատերազմին Թուրքիոյ հնարաւոր միջամտութեան նկատմամբ: Յատկապէս ռուս զինուորականները Թուրքիոյ կը հասկցնէին, ընդ որուն` բաւական ոչ-դիւանագիտական լեզուով, հեռու մնալ ղարաբաղեան պատերազմին ռազմական միջամտութենէն: Վարչապետ Տէմիրէլը Թուրքիոյ հասարակական կարծիքը մեղմելու նպատակով կը յայտարարէր, որ Անգարայի միջամտութիւնը միայն կը բերի անոր, որ ամբողջ աշխարհը Հայաստանի թիկունքին կը կանգնի: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Փաւել Կրաչովը 10-14 Մայիսին Թուրքիա այցելեց: Քննարկման հիմնական նիւթերէն էր ղարաբաղեան հակամարտութիւնը: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը Կիւրէշին հաւաստիացուց, որ ռուսական զօրքերը չեն մասնակցիր հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան:

Քաղաքագէտ Արմէն Այվազեանի կարծիքով` Թուրքիան Հայաստանի դէմ անսքօղ թշնամական քաղաքականութիւն կը վարէր, ունենալով պարզ ու յստակ նպատակ մը՝ Հայաստանի ոչնչացումը£ Հայաստանի անկախութենէն ետք Թուրքիան զօրքով չէ յարձակած Հայաստանի վրայ, բայց այդ քայլէն զայն ետ կը պահէին բոլորովին ուրիշ պատճառներ՝ ՙսեփական խնդիրներու առկայութիւնը, այդ թուին՝ քրտական ապստամբութիւնը, Հայաստանի անկախ պետութիւն ըլլալը եւ բանակ ունենալը, հայ-ռուսական ռազմա-քաղաքական դաշինքը, ռուսական զօրքին ներկայութիւնը, Եւրոպական Միութիւն մտնելու ցանկութիւնը, հայկական սփիւռքին առկայութիւնը£ Սակայն սա չի նշանակեր, թէ թրքական վտանգը մէկընդմիշտ վերացած է՚:

1918-1921-էն ետք Անգարայի եւ Պաքուի ռազմավարական առաջնահերթ նպատակները կովկասեան տարածաշրջանին մէջ գրեթէ չեն փոխուած: Այվազեանի խօսքերով` ՙԱնոնց շահերը դարձեալ կը պահանջեն իրենց միջեւ ինկած ՙհայկական սեպ՚ին վերացումը: Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը փորձեցին կասեցնել Հայաստանի` կենսունակ անկախ պետութիւն դառնալու հնարաւորութիւնները: Այդ խնդիրը լուծելու համար, ինչպէս 1918-1921 թուականներուն, նախ անհրաժեշտ էր գրաւել Սիւնիքը եւ անմիջական ցամաքային կապ հաստատել Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ՚:

Այվազեանի կարծիքով` 1991-էն ի վեր Թուրքիան ղեկավար դեր ստանձնած է Հայաստանի եւ հայութեան դէմ վարուող քաղաքականութեան մշակման ու գործարկման հարցերուն մէջ: ՙՄեր մէջ ասիկա չ’ընկալուիր, եւ բազմիցս կը կրկնուի այն սխալը թէ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը Հայաստանի նկատմամբ իբր կախեալ, նոյնիսկ պատանդի կարգավիճակի մէջ է Ատրպէյճանի շահերու ձեռքին: Թուրքիան եւ Ատրպէյճանն իրենց օրակարգին մէջ Հայաստանը ոչնչացնելու ծրագիր ունին՚: Հայաստանի որեւէ իշխանութիւն Թուրքիոյ հետ յարաբերութեանց մէջ, ի տարբերութիւն Անգարայի, նախապայմաններ չէ առաջադրած: Սակայն, Այվազեանը կը կարծէ, որ Երեւանը պէտք է նախապայմաններ առաջադրէ` թշնամական քաղաքականութեան մերժում, այդ թուին` Ցեղասպանութեան ճանաչում, դատապարտում եւ հետեւանքներու յաղթահարման մասին բանակցութեանց սկիզբ, արցախեան հակամարտութեան մէջ առնուազն չէզոք դիրքորոշման որդեգրում, տեղեկատուական-հոգեբանական պատերազմի դադրեցում եւ շրջափակման վերացում:

Հայաստանի նախկին վարչապետներէն Խոսրով Յարութիւնեանը (1992-1993) կը կարծէ, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութեանց պէտք էր աւելի խնամքով վերաբերիլ. ՙՊէտք էր այնպէս ընել, որ թուրքերը դուռը չգոցէին: Ես չեմ ըսեր, թէ ամէն ինչ կրնար յաջողիլ: Կարելի էր ջանք գործադրել եւ նոյնիսկ Շուշիի, Լաչինի, Քելպաճարի պարագային պահպանել Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները, որովհետեւ միջազգային հանրութիւնն ատոնց պահպանման թոն կու տար: Մենք թուրքերու գործերն աւելի դիւրացուցինք, թոյլ պէտք չէ տայինք, որ թուրքերը դիւրին որոշում կայացնէին: Անոնք պէտք է շատ չարչարուէին սահմանը գոցելու որոշումը կայացնելու համար՚:

Վահան Փափազեանը նոր նշանակուած էր արտաքին գործոց նախարար (1993-1996), երբ Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւնները արձանագրութեան շուրջ ընդհատուեցան: Բանակցութեանց թրքական կողմը կը նշէր, որ քանի դեռ ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին, ատիկա քայլ ընելու հնարաւորութիւն չի տար Թուրքիոյ: ՙԵթէ Քելպաճարը չ’ըլլար` ամենայն հաւանականութեամբ, դիւանագիտական յարաբերութիւններ կը հաստատուէին: Կը կարծեմ, որ ատոր մօտ էինք: Բայց ինչո՞ւ Քելպաճարը պիտի չ’ըլլար՚,- հռետորական հարց կու տայ Փափազեանը եւ կը շարունակէ. ՙՄենք ըրած էինք այն առաւելագոյն քայլերը, զորս կարելի էր ընել: Թրքական կողմը դիւանագիտական յարաբերութեանց հաստատումը, սահմանի բացումը կը ձգձգէր: Ատիկա իրենց գործն էր, մենք պիտի ընէինք այն, ինչ կ’ընէինք: Մենք բաւական ճկուն էինք, նրբազգաց եւ համապատասխան վերաբերմունք ակնկալած ենք: Չէի ըսեր, որ այդ ընկալումը չկար արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով: Այդ տարիներուն, Թուրքիոյ մէջ հարցերը կ’որոշէր ո՛չ թէ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կամ նախագահական պալատը, այլ` Գլխաւոր Սպայակոյտը: Չեմ կրնար ըսել, թէ Գլխաւոր Սպայակոյտին մէջ ինչ մօտեցումներ կային, անոր հետ որեւէ շփում չեմ ունեցած: Դիւանագիտական մակարդակով զիրար ընկալել, զիրար հասկնալ, փոխադարձ զիջումներու դիմելու պատրաստակամութիւն ես տեսած եմ, բայց այդ չի նշանակեր, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կրնար իր մօտեցումները պարտադրել Գլխաւոր Սպայակոյտին: Վստահ չեմ, որ Էօզալը, Տէմիրէլը կամ արտաքին գործոց նախարարները երբ բան մը կ’ըսէին, ատիկա անպայմանօրէն վերջնական դիրքը կ’որոշէր: Հայաստանի պարագային յստակ էր` այն ինչ կ’ըսէի ես որպէս արտաքին գործոց նախարար կամ նախագահ Տէր Պետրոսեանը, ա՛յդ էր դիրքորոշումը: Հայաստանը խաղ չէր խաղար՚:

Թուրքիոյ մէջ, յատկապէս ազգայնական շրջանակներու հակահայ տրամադրութիւնները մեղմելու եւ հասարակական կարծիքին վրայ ազդելու նպատակով, ինչպէս կը բացատրէ Փափազեանը, Հայաստանի ղեկավարութիւնը հանդիպած է նոյնիսկ Թիւրքէշի հետ: 1993-ին Ֆրանսայի մէջ բնակող պոլսահայ գործարար Սամսոն Էօզարարատի առաջարկով Փարիզի ՙԿրիյյոն՚ պանդոկին մէջ (ուր իջեւանած էր Ֆրանսա այցով գտնուող Հայաստանի նախագահին պատուիրակութիւնը) տեղի կ’ունենայ Թիւրքէշի հանդիպումը Տէր Պետրոսեանի հետ: Նախագահէն բացի, հանդիպման ներկայ էին Փափազեանն ու Լիպարիտեանը: Էօզարարատը հայկական պատուիրակութեան ըսած էր, որ Թիւրքէշը շատ մեծ ազդեցութիւն ունի հասարակական կարծիքին վրայ, եւ դրական կ’ըլլայ եթէ հնարաւոր ըլլայ անոր դիրքորոշումները մեղմել:

Փափազեանը կը պատմէ. ՙԹիւրքէշն էր, անոր որդին ու մէկ ուրիշը: Թիւրքէշի ըսածին մէջ բովանդակային բան չկար. ան անընդհատ կ’ըսէր, թէ շատ հայ ընկերներ ունեցած է, որ թուրքերն ու հայերը պէտք է եղբայրներ ըլլան, որ մեր գէշ յարաբերութեանց պատճառը ռուսերն ու եւրոպացիներն են եւ նման դատարկ խօսակցութիւններ: Այդ հանդիպման մէջ որեւէ լուրջ բան փնտռելն անիմաստ է: Մենք համաձայնած էինք Թիւրքէշի հետ հանդիպիլ այն հաշուարկով, որ Թուրքիա վերադարձէն ետք, ան Հայաստանի հանդէպ վերաբերմունքը մեղմելու, Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու հրապարակային յայտարարութիւններ կ’ընէ՚:

Թուրքիան Հայաստան ներխուժելու յարմար պահի կը սպասէ

Էօզալի մահէն ետք Թուրքիոյ մէջ նախագահի պաշտօնն զբաղցուց Տէմիրէլը: Խորհրդարանին մէջ ընտրութեանց երրորդ փուլին, 16 Մայիս 1993-ին իններորդ նախագահ ընտրուեցաւ Թուրքիոյ ամենաերկարակեաց քաղաքական-պետական գործիչը` Տէմիրէլը: Յունիսի կէսերուն, ան երկրին նոր կառավարութիւնը կազմելը յանձնարարեց ՙՃշմարիտ Ուղի՚ կուսակցութեան նախագահ Թանսու Չիլլերին: Իր պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով` Թուրքիան կին վարչապետ ունեցաւ:

Հայ-թրքական երկկողմ շփումները շարունակուեցան հիմնականին մէջ միջազգային համաժողովներու շրջանակներուն մէջ:34 Պատերազմը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նոր ծաւալներ կ’ընդունէր: Յունիսի կէսերուն, Ատրպէյճանի նախագահ Էլչիպէյը հեռացուեցաւ իշխանութենէն: Անոր տեղն զբաղցուց Ալիեւը:

1993-ի ամրանը, երբ արցախեան ոյժերը մտան Աղտամ, նախագահ Տէմիրէլի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստ, որու աւարտին լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին արտաքին գործոց նախարար Չեթինն ըսաւ, որ հայերը` օգտուելով Ատրպէյճանի ներքին անկայունութենէն, նոր տարածքներ կը գրաւեն: Հայերը չեն կրնար այդ տարածքները պահել եւ ատոր դիմաց Հայաստանը շատ սուղ գին պիտի վճարէ, յայտարարեց ան:

20 Յուլիս 1993-ին Պաքու ժամանեց թուրք կամաւորներու մեծ խումբ մը, որու մէկ մասն իսկոյն ղրկուեցաւ Աղտամի ռազմաճակատ: Կամաւորական խումբի ղեկավարներէն մէկը` Ա. Շ. Կ.ի անդամ Քեմալ Չաքըրը, ՙՀիւրրիյէթ՚ին ըսաւ. ՙՄենք չկրցանք համակերպիլ այն միտքին հետ, որ մեր պապենական հողերը հայոց ձեռքը կ’անցնին: Մենք չէինք կրնար տունը նստիլ, երբ մեր ազերի եղբայրները ռազմաճակատին վրայ կը զոհուէին՚:

Նախկին վարչապետ Էճեւիտը կը պահանջէր, որ թրքական կազմաւորումները օդային գործողութիւններ ձեռնարկեն Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ միջանցք բանալու նպատակով: Էճեւիտն ըսած է. ՙԹուրքիան ի վիճակի է նման միջանցք բանալու առանց զոհերու` օդային գործողութեանց միջոցով: Միայն այս ձեւով կարելի է հաւասարակշռել կորուստները Լ. Ղ.ի մէջ: Միայն այս ճամբով կարելի է համոզել Հայաստանին` արդարացի համաձայնութեան գալու Ատրպէյճանի հետ՚:

Թուրքիոյ նախագահ Տէմիրէլը կը նշէր. ՙԹուրքիան չի խրուիր պատերազմի մէջ` Ատրպէյճանը փրկելու համար: Ատրպէյճանի ժողովուրդն ինքը պէտք է հակահարուած տայ Հայաստանին: Եթէ Թուրքիան ինքը ատոր դիմէ, ապա Հայաստանի կողմէն հանդէս կու գայ Ռուսիան, իսկ ատիկա Թուրքիոյ շահերուն բնաւ չի համապատասխաներ՚:

1993-ի Օգոստոսին, ՙՄայր Հայրենիք՚ կուսակցութեան երեսփոխանները ռազմական միջամտութիւն պահանջեցին կառավարութենէն: ՙՀիւրրիյէթ՚ը գրեց, որ հայկական սահմանին մօտ տեղակայուած են 50 հազար թրքական զօրքեր: ՙՌոյթըր՚ն ու ՙՍինհուա՚ն հաղորդեցին, որ թրքական զինուած ոյժերը զգաստ դրութեան մէջ են եւ մարտի նետուելու պատրաստ, իսկ թրքական օդանաւերը հետախուզական թռիչքներ կը կատարեն Հայաստանի սահմաններուն մօտակայքը:

Սեպտեմբերի 5-լոյս 6-ի գիշերը Թուրքիոյ կողմէ կրակ կը բացուի Արտաշատի ջոկատի 8-րդ ուղեկալին ուղղութեամբ: Հայաստանի մէջ տեղաբաշխուած ռուսական սահմանապահ զօրքերու պետ, զօրավար (գեներալ-մայոր) Ալեքսանդր Պապենքօն կը յայտարարէ, որ Ռ. Դ.ի սահմանապահ զօրքերու ղեկավարութիւնը մտահոգուած է հայ-թրքական սահմանին վրայ թրքական բանակի զրահամեքենաներու եւ հրետանիի լրացուցիչ ստորաբաժանումներու ներկայութեամբ, որոնք տեղանքին երկրաչափական վերակառուցումը կ’իրականացնեն: Սահմանապահ զօրքերու մամուլի ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ ղեկավարութիւնը կը հետեւի սահմանին վրայ տիրող իրավիճակին եւ միջոցներ կը ձեռնարկէ խնդրայարոյց իրավիճակներ թոյլ չտալու համար` ըստ 13 Հոկտեմբեր 1921-ի Կարսի պայմանագիրին:

Վարչապետ Չիլլերն սպառնացած է, որ հայերը Նախիջեւանին դպնալու պարագային, ինքը կը դիմէ խորհրդարանին` պատերազմի թոյլտուութիւն ստանալու ակնկալիքով:

Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստ կը հրաւիրուի: 6 Սեպտեմբերին, Տէր Պետրոսեան-Տէմիրէլ հեռաձայնային զրոյցին մէջ կը քննարկուի հայ-թրքական սահմաններուն վրայ նկատուող թրքական զօրքերու կուտակումներու խնդիրը:

Թրքական ռազմական օդանաւ մը 13 Սեպտեմբերին հետախուզական թռիչքներ կատարեց հայ-թրքական սահմանին երկայնքով` Արմաւիրի հատուածին մէջ եւ երկու անգամ հրազէնային կրակ բացուեցաւ Հ. Հ.ի տարածքին ուղղութեամբ:

Ըստ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ 30 Սեպտեմբեր 1992-ին կնքուած պայմանագիրին, Ռուսաստանը կ’ապահովէր Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ Հ. Հ.ի սահմաններուն անձեռնմխելիութիւնն ու անվտանգութիւնը: 15 Սեպտեմբերին, կարճատեւ աշխատանքային այցով Մոսկուայի մէջ գտնուող Տէր Պետրոսեանը հանդիպեցաւ Ելցինի հետ: Նոյն օրը Հայաստանի նախագահը եւ պետական նախարար Վազգէն Սարգսեանը հանդիպեցան Կրաչովի հետ:

Փափազեանը կը դժուարանայ ըսել Թուրքիոյ` Հայաստանի հանդէպ ձեռնարկելիք ծրագիրներուն եւ անոնց նպատակներուն մասին: ՙՄեր կողմը Հայաստանի սահմանին վրայ թրքական զինոյժի տեղաշարժ ու մօտեցում կը դիտարկէր: Շատ լրջօրէն կ’ընդունէինք, որ կայ իրական վտանգ: Տէր Պետրոսեանը Ելցինի հետ խօսած էր եւ ըսած, որ Հայաստանը լուրջ վտանգ կը տեսնէ եւ կ’ուզենք, որ ռուսական կողմը յստակօրէն իր դիրքորոշումն արտայայտէ: Բացի ատկէ, մինչ այդ եղած էր նաեւ Էօզալի անզուսպ յայտարարութիւնը Երեւանի վրայ մէկ-երկու ռումբ նետելու մասին: Ես չեմ գիտեր, թէ եթէ չ’ըլլար Շափոշնիքովի յայտնի յայտարարութիւնը, ապա թուրքերուն քայլերը ինչպիսիք կ’ըլլային: Բայց մենք թրքական վտանգը բաւական լուրջ կ’ընկալէինք՚:

7 Հոկտեմբերին Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններ կը մեկնի Երեւանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ֆրանս տ’Արթինկը: Զայն աւելի կը հետաքրքրէր հայ-թրքական սահմանը, Հայաստանը Թուրքիոյ միացնող հաղորդակցութեան ուղիներն ու Հայաստանի սահմաններուն ուղղութեամբ թրքական բանակին զօրաշարժը:

Հայաստանի մէջ Յունաստանի նախկին դեսպան Լէոնիտաս Խրիզանթոփուլոսն իր յուշերուն մէջ կը գրէ, որ 1993-ին Թուրքիան Հայաստան ներխուժելու կը պատրաստուէր: 1993-ի Սեպտեմբերին նախագահ Ելցինը լուծարեց Ռուսիոյ խորհրդարանը: Ի պատասխան` վերջինս պաշտօնազրկեց նախագահին: Ստեղծուած փաթային իրավիճակը 3 Հոկտեմբերին արիւնահեղ բախման վերաճեցաւ: Խորհրդարանի նախագահ Ռուսլան Խասպուլաթովը նախապէս գաղտնի համաձայնութեան եկած էր վարչապետ Չիլլերի հետ: Եթէ Խասպուլաթովը յաջողէր դիմակայել Ելցինին, ապա ան ռուսական սահմանապահ զօրքերը պիտի հանէր Կովկասէն եւ Թուրքիոյ թոյլ պիտի տար սահմանափակ ներխուժումներ իրականացնել Հայաստանի մէջ` Քրտական Հարցը պատրուակելով:

Պաշտօնական Անգարան Երեւանի վրայ ճնշումներ բանեցնելու նպատակով շրջանառութեան մէջ դրած էր տարաձայնութիւններ, թէ Հայաստանն իբր կը համագործակցի Քիւրտիստանի Բանուորական Կուսակցութեան (Ք. Բ. Կ., PKK) գրոհայիններուն հետ: Չիլլերը քիւրտերուն օժանդակելու համար մեղադրած էր Իրաքը, Իրանը, Սուրիան եւ Հայաստանը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները որեւէ կապ չունին Ք. Բ. Կ.ի հետ եւ Երեւանի մէջ այդ կազմակերպութեան գրասենեակ գոյութիւն չունի: Թրքական լրատուամիջոցները, կառավարութեան որոշ ներկայացուցիչներ, այդ թուին` ներքին գործոց նախարար Մեհմէթ Գազիօղլուն պարբերաբար անդրադարձած են Հայաստանի իշխանութեանց եւ Ք. Բ. Կ.ի միջեւ իբր գոյութիւն ունեցող կապերուն: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ իշխանական որոշ շրջանակներ կը փորձեն նման յերիւրանքներու միջոցով թրքական հասարակական կարծիքին մէջ հակահայկական տրամադրութիւններ սերմանել, Հայաստանը միջազգային ասպարէզին մէջ վարկաբեկել, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ բարիդրացիական յարաբերութեանց հաստատումը խոչընդոտել:

Խրիզանթոփուլոսը վկայակոչած է թրքական բանակի տեղաշարժերը սահմանային գիծին վրայ եւ Իրաքի վրայ յարձակումը 1993-ի Հոկտեմբերին: Հայաստանի վրայ Թուրքիոյ հաւանական յարձակման գաղտնի տեղեկութիւնը ան ստացած էր Երեւանի մէջ Ֆրանսայի եւ Ա. Մ. Ն.ի դեսպաններ Ֆրանս տ’Արթինկէն ու Հարրի Կիլմորէն: Զարմանալի է, որ թրքական վտանգի մասին իր յուշերուն մէջ չէ յիշատակած Երեւանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Վլատիմիր Սթուփիշինը, որ մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ 1992-1994 թուականներու Հայաստանը:

Խրիզանթոփուլոսը կը գրէ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները տեղեկացուած են թրքական սպառնալիքի մասին, եւ երկրին Անվտանգութեան Խորհուրդը զօրքերը բարձր մարտական պատրաստութեան բերած է: Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Պետական Վարչութեան պետ (1993-1994), զօրավար (գեներալ-մայոր) Էտուարտ Սիմոնեանցը հաստատած է Խրիզանթոփուլոսին պնդումները: ՙՏարբեր ուղղութիւններով Հայաստանի տարածք թրքական զօրքերու ներխուժման իրական սպառնալիք եղած է քանի մը անգամ, այդ թուին նաեւ այն դրուագին մէջ, որու մասին կը խօսի Յունաստանի նախկին դեսպանը: Թրքական զօրքերու Հայաստան ներխուժման հնարաւորութեան տեղեկատուութիւնը մենք կը ստանայինք ո՛չ միայն դիւանագիտական աղբիւրներէն: Անվտանգութեան Խորհուրդին որոշմամբ` համապատասխան միջոցներ ձեռնարկուեցան: Բուն ներխուժումն այդպէս ալ տեղի չունեցաւ: Տեղ գտան իրական սպառնալիքներ, ընդհուպ թրքական բանակը վերատեղաբաշխուեցաւ Հայաստանի հետ սահմանին վրայ, հիմնուեցան դաշտային սպայակոյտներ, զօրքերը համալրուեցան թէ՛ անձնակազմով, թէ՛ զրահամեքենաներով եւ թէ ՛ սպառազինութիւններով՚:

Մինչ թրքական կողմը 1993-ի երկրորդ կէսին յարմար առիթի կը սպասէր` ներխուժումներ կատարելու Հայաստան, ղարաբաղեան պատերազմին մէջ հայկական ոյժերը, դուրս գալով նախկին Լ. Ղ. Ի. Մ.ի սահմաններէն, յառաջ կը շարժէին արեւելեան, հարաւային եւ հիւսիսային ուղղութիւններով:

Տէր Պետրոսեանը 24 Դեկտեմբերին յայտարարեց. ՙԱտրպէյճանի ղեկավարութիւնը մերժեց հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բոլոր նախաձեռնութիւնները: Այս ամէնը, նաեւ աֆղան մոճահէտներու եւ թուրք զինուորականներու` ատրպէյճանական բանակի կազմին մէջ մարտական գործողութեանց մասնակցութեան փաստերը, ցոյց կու տան, որ Ատրպէյճանը յոյսը կը դնէ միայն ռազմական լուծման վրայ, եւ անոր ղեկավարութեան քաղաքականութիւնը առճակատումն ընդարձակելու եւ անոր մէջ ուրիշ պետութիւններ ներքաշելու ուղղուած է՚:

Շարունակելի

Հայացք Արարատէն. Հայերը եւ Թուրքերը, արևմտահայերենՀայեացք Արարատէն. հայերը եւ թուրքերը` պատերազմ, պաղ պատերազմ, դիւանագիտութիւն գիրքը բաղկացած է երեք մասերէ` հայ-թրքական յարաբերութիւնները 1918-1921, Խորհրդային Միութեան տարիներուն կայացած յարաբերութիւնները եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները 1988-էն այսօր: Գիրքի պատրաստութեան համար Թաթուլ Յակոբեան բազմաթիւ զրոյցներ ունեցած է պետական պաշտօնեաներու հետ, օգտագործած է բազմատեսակ աղբիւրներ, կատարած է այցելութիւններ եւ ուսումնասիրած է բազմաթիւ հրատարակութիւններ: Հեղինակը հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարիւրամեայ պատմութիւնը ներկայացնելով պատմաբանասիրականը կը միացնէ լրագրականին եւ առարկայականը` վերլուծականին:

Փափուկ կազմ, 515 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2012, Անթիլիաս,
ISBN 978-995302343-4