Վազգէն Ա-ի այցը Անթիլիաս. 1956թ

8628

Այս հոդվածը, որ կրում է “Էջմիածինը Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դէմ” վերնագիրը, վերցրել ենք Գաբրիէլ Լազեանի “Հայաստան եւ Հայ դատը հայևռուս յարաբերութիւններու լոյսին տակ” գրքից: 

Բ. Համաշխարհային Պատերազմի երկրորդ տարին, 1941, Դաշնակիցները յաջողեցան իրենց հետ ունենալ Ռուսաստանը, որ ենթարկուած էր գերման արշաւանքին:

Շահելու համար Խ. Միութեան բարեկամութիւնը, Դաշնակիցները պատերազմի ընթացքին թոյլ տուին, որ սովետ պատուիրակութիւններ, մշակութային եւ եկեղեցական քողին տակ, այցելեն տեղաւորուին Միջին Արեւելք, մինչեւ Եթովպիա:

Առաջին անգամ նման պատուիրակութիւն մը Էջմիածնէն՝ Արսէն եպս. Ղլճեան եւ Հ. Առաքելեան, Պէյրութ հասան 1941 Դեկտեմբերին: Ռուսական “օրիանթացիա”յի առաջին տուրքը կը վճարուէր, թոյլ տալով որ Էջմիածինէն երկու պատուիրակներ մասնակցին Կիլիկիոյ կաթողիկոսի ընտրութեան:

Երկու պատուիրակներուն առաքելութիւնը եղաւ “վեթօ” դնել եւ թոյլ չտալ, որ թեկնածու Գարեգին եպիսկ. Տրապիզոնին կաթողիկոս ընտրուի: Պատգամաւորական Ժողովը ցրուեցաւ, որովհետեւ Կիլիկոյ միաբանները ենթարկուեցան Ղլըճեան- Առաքելեանի հրամանին:

Այդ թուականներուն, Դաշնակիցներու եւ Ռուսաստանի ռազմական, քաղաքական գործակցութիւնը աւելի սերտացաւ, որուն արտայայտութիւնը կը տեսնենք նաեւ հայ կեանքին մէջ տրուած արտօնութիւններով:

Այդ մթնոլորտին մէջ էր, որ 1945 Մայիս 10ին, Անթիլիասի մէջ կաթողիկոս կ’ընտրուէր Հիւս. Ամերիկայի “Հայաստանեան թեմ”ի Առաջնորդ Գարեգին Արք. Յովսէփեան: “Լրաբեր” համայնաւոր օրգանը կեղտոտ պայքար մը սկսաւ անոր դէմ եւ միայն երկու տարի ետք, 1945 Մարտ 23ին թոյլ տրուեցաւ Գարեգին Արք.ի՝ Լիբանան գալ: Անոր պարտադրուեցաւ երեք ամիս ետք երթալ Էջմիածին, Յունիս 16ին նախագահել Ազգ. Եկեղեցական Ժողովին եւ Կիլիկիոյ Աթոռին հպատակութիւնը յայտնել Էջմիածինին;

Մօտ եօթը տարի գահակալելէ ետք Գարեգին Արք. վախճանեցաւ 1952 Յունիս 21ին: Ըստ կանոնագրի՝ մինչեւ վեց ամիս ընտրութիւն տեղի պետք է ունենար, բայց ընտրութիւնը ձգձգուեցաւ ամբողջ չորս տարի:

Կիլիկիոյ թափուր Աթոռին թեկնածու կը ներկայանային Գարեգին Արք. Տրապիզոնի, Խադ Արք. Աջապահեան եւ Դերենիկ Եպիս. Փոլատեան: Ասոնք 1941էն ասդին տեսած էին, թէ ի՛նչ ուժի վրայ յենելով կարելի էր կաթողիկոս կամ պատրիարք ընդունիլ:

Բայց Միջին Արեւելքի մէջ կացութիւնը փոխուած էր եւ արաբական պետութիւնները ֆրանսական ու անգլիական ազդեցութիւններէ, ճնշումներէ ձերբազատուելէ ետք, տրամադրութիւն չունէին անոնց տեղ բերելու սովետականը:

Լիբանանի եւ Սուրիոյ ազգային իշխանութիւնները կազմուած էին այն տարրերէն, որոնք կ’ըմբռնէին այդ փոփոխութիւնը եւ չէին ուզեր ենթարկուիլ արտաքին քաղաքական  որեւէ ազդեցութեան:

Ահա այդ մարմիններու գլխաւորութեամբ, հայ զանգուածները քաջութիւնը ունեցան ազատելու Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը արտաքին ազդեցութիւններէ:

Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տեղապահ ընտրուած էր Խորէն եպիսկ. Բարոյեան եւ որոշուած էր 1956 Փետր. 14ին ընտրել Գահակալը. Առ այդ հրաւիրուած էին երեք թեմերու- Լիբանան, Սուրիա, Կիպրոս- պատգամաւորները:

Ահա այդ ատեն է, որ հայ եկեղեցական պատմութեան մէջ նախընթաց չունեցող դէպք մը պատահուեցաւ: Էջմիածինի նորընտիր Վազգէն կաթողիկոս (նախապէս Ռումանիոյ Առաջնորդ), հազիւ քանի մը ամիսէ ի վեր ընտրուած եւ դեռ Կովկասի, Ռուսաստանի թեմերը չայցելած, բերուեցաւ Լիբանան, որպէսզի Կիլիկիոյ կաթողիկոս ընտրուի այն եկեղեցականը, որ կ’ենթարկուի ծանօթ քաղաքական ազդեցութեան:

Վազգէն կաթողիկոս, Փարիզի ճամբով, 1956 Փետր. 12ին, հասաւ Պէյրութի օդակայանը: Ազգային իշխանութիւնները կազմակերպած էին համաժողովրդական ընդունելութիւն:

Երկու օր ետք, Փետր. 14ին, Անթիլիսի մէջ գումարուեցաւ Պատգամաւորական Ժողովը: Կաթողիկոսը առաջարկեց, որ յետաձգուի այդ ժողովը եւ ժամանակ տրուի կողմերուն՝ թեկնածուի շուրջ բանակցելու:

Պատգամաւորական Ժողովը որոշեց նախ իր դիւանը կազմել, օրինականացնել ժողովը եւ ապա յետաձգել նիստը: Անտարակոյս “խորհրդական”ներու թելադրանքով, գոհ չմնաց կաթողիկոսը եւ չմասնակցեցաւ ժողովին:

Այսուհանդերձ, Պատգամ. Ժողովը շաբաթ մը յետաձգեց իր նիստը, բայց արդիւնք մը չտուաւ: Որովհետեւ Վազգէն կաթողիկոս Փետր. 20ի առաւօտ կանուխ, նոյնքան աճապարանքով մեկնուեցաւ Լիբանանէն Գահիրէ, երթալու համար Երուսաղէմ, ուր պիտի գումարէր եպիսկոպոսական ժողովը:

Վազգէն կաթողիկոսի մեկնած օրը տեղի կ’ունենային երկու ամօթալի դէպքեր: Հայ կիներ ղրկուած էին գրաւելու Անթիլիասի եկեղեցին , որպէսզի հոն տեղի չունենայ կաթողիկոսական ընտրութիւն:

Իսկ օդակայան Վազգէն կաթողիկոսին ողջերթի գացող Խորէն եւ Տաճատ եպիսկոպոսները կ’ենթարկուէին անարգ յարձակումի…:

Պատգամաւորական Ժողովը անտեսեց այդ գրգռումները, Գահիրէի ապօրէն “եպիսկոպոսական” ժողովի միջամտութիւնը եւ Փետր. 20ին ընտրեց, 36 պատգամաւորներու մասնակցութեամբ եւ 32 ձայնով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Զարեհ եպիսկ. Փայասլեանը:

1441էն մինչեւ այդ թուականը, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը 515 տարիներու ընթացքին ունեցած էր 40 գահակալներ, վերջինը՝ Գարեգին արք. Յովսէփեան:

Մենք չենք անրադառնար մանրամասնութիւններուն ամօթալի այն պայքարին, որ դեռ կը շարունակուի Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դէմ: Կը գոհանանք յիշատակելով Պէյրութի “Էն Նահար” թերթի 1956 Փետր. 22ի թիւով տրուած հետեւեալ յատկանշական տեղեկութիւնը.

“Մեծի Տանն Կիլիկիոյ նորընտիր կաթողիկոս Տ. Զարեհ եպս. ընկերակցութեամբ եպիսկոպոսներու եւ երկու հայ երեսփոխաններու՝ պ. պ. Մովսէս Տէր Գալուստեանի եւ Տիգրան Թոսպաթի, այցելեց Հանրապետութեան Նախագահին:

Նորին Սրբազանութիւնը արժանացաւ պաշտօնական ընդունելութեան: Հանրապետութեան Նախագահը շնորհաւորեց Նորին Սրբազանութիւնը իր ընտրութեան առթիւ եւ Հայ. Եկեղեցիին մաղթեց բարօրութիւն եւ բարգաւաճում:

… Երկուշաբթի առաւօտ Լիբանանի ռուս դեսպանը կ’այցելէ արտ. գործոց նախարար պ. Սելիմ Լահուտի, որուն հետ կ՛ունենայ երկար տեսակցութիւն մը:

Դեսպանը տեղեկութիւններ ուզած է Կաթողիկոսի ընտրութեան զանազան փուլերու մասին: Կ՛ըսուի թէ ան իր ՑԱՒԸ ՅԱՅՏՆԱԾ Է ԱՅՆ ՄԱՍԻՆ, ՈՐ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՎԱԶԳԷՆ Ա. ՁԱԽՈՂԵՑԱՒ ԻՐ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ;

Յետոյ խօսակցութիւնը դարձաւ Միջին Արեւելքի քաղաքական կացութեան շուրջ, քանի մը օր առաջ պ. Մոլոթովի ըրած յայտարարութեանց լոյսին տակ: Դեսպանը յայտնեց, թէ իր կառավարութիւնը կ՛ուզէ սերտացնել այն բարեկամական կապերը, որոնք գոյութիւն ունին Խ. Միութեան եւ արաբական երկիրներու միջեւ:

Դիւանագիտական շրջանակները շահագրգռուած են Ռուսիոյ միջամտութեամբ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի ընտրութեան խնդրին մէջ”:

Գաբրիէլ Լազեան, “Հայաստան եւ Հայ դատը հայևռուս յարաբերութիւններու լոյսին տակ”, էջ 393-395

Լուսանկարում՝ Վազգեն Ա-ն 1980-ական թթ․ վերջերին, Երևան