Սեւ ամպեր Հայաստանի վրայ. 1920ի ամառը եւ աշունը

2052

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԱՅԵԱՑՔ ԱՐԱՐԱՏԷՆ. ՀԱՅԵՐԸ ԵՒ ԹՈՒՐՔԵՐԸ գիրքէն

Հինգերորդ գլուխ

Քսաներորդ դարու սկիզբին պետականութենէն զուրկ հայ քաղաքական կեանքին մէջ կ’ուրուագծուէին երկու հակադիր ուղղութիւններ. առաջինը, այսպես կոչուած երրորդ ոյժին` գլխաւորապէս ցարական Ռուսաստանին ապաւինիլն էր` Օսմանեան Կայսրութիւնը թշնամի ճանչնալով. միւս ուղղութիւնն էր` երրորդ ուժը բացառող եւ, սեփական ոյժերը հաշուի առնելով, թէկուզ ցաւալի զիջումներու ճամբով դրացիներուն հետ երկխօսութեան մէջ մտնելու մտայնութիւնը:

Հայաստանը բաժնուած էր ցարական Ռուսաստանի եւ Օսմանեան Թուրքիոյ միջեւ, երբ կործանեցան այս երկու կայսրութիւնները: Հայկական քաղաքական ոյժերը, առաջին կարգին` Դաշնակցութիւնը,- որ ամէնէն ազդեցիկ կուսակցութիւնն էր,- կանգնած էին անելանելի թուացող ընտրութեան առջեւ: Արդէն 1919-ին հայ քաղաքական միտքն սկսեց թեքուիլ դէպի Եւրոպա, դէպի եւրոպացի դաշնակիցները, որոնք յաղթանակած դուրս եկան Առաջին Աշխարհամարտէն, ի տարբերութիւն պարտուած, մասնատուած ու ներքին կռիւներու մէջ ներքաշուած Ռուսաստանի եւ Օսմանեան Կայսրութեան:

Դաշնակիցներուն վրայ յենիլը Հ. Յ. Դ.ի առաջնորդներէն Ռուբէն Տէր Մինասեանի խօսքերով` քաղաքականութեան առանցքը կը դառնար: Հետեւաբար, Դաշնակիցներուն վրայ յենելով կարելի չէր նաեւ Թուրքիոյ վրայ յենիլ եւ անոր հետ առանձին բանակցիլ, քանի որ ՙԹուրքիան ոչ միայն անոր (Անթանթի – խմբ.) հակառակորդն էր, այլ` յաղթութեան վայելքի առարկան՚: ՙՌուսաստանը եւ Թուրքիան 1919-ին դիակներ էին, որոնք բաժանման առարկայ կրնային ըլլալ եւ բնաւ երբեք` մեր արտաքին քաղաքականութեան յենարաններ: Այս տրամաբանութեամբ` Թուրքիոյ հետ համաձայնութիւնը անհնար, վնասակար ու անկարեւոր կը նկատուէր՚:

Ինչպէս Առաջին հանրապետութեան որոշ գործիչներ, առաջին կարգին Ռուբէն Տէր Մինասեանն ու Յովհաննէս Քաջազնունին, այնպէս ալ յետագային շարք մը պատմաբաններ համոզուած էին, որ Հայաստանի համար աւելի կենսական էր, թէկուզ նուազագոյն սահմաններով, քեմալականներուն հետ հաշտութիւնը կամ այդ նպատակով փորձերը, քան, տարուելով Սեւրի պայմանագիրով` օգնութեան յոյսեր ունենալ եւրոպացի ու ամերիկացի դաշնակիցներէն: 1920-ի Յունիս-Յուլիս ամիսներուն, երբ Մուսթաֆա Քեմալը նեղ դրութեան մէջ էր, քեմալականներուն հետ երկխօսութիւնը արդեօք չէ՞ր փրկեր Հայաստանի մէկ մասը եւ չէ՞ր զսպեր քեմալականները` Հայաստանի դէմ պատերազմէն: Տէր Մինասեանը կը կարծէր, որ Հայաստանի շահերը կը պահանջէին հաշտուիլ թուրքերուն հետ: Անոր նման մտածող քիչերը բնազդօրէն կը զգային, որ ճիշդը թուրքերուն հետ լեզու գտնելու ուղին է, բայց հոգեբանօրէն պատրաստ չէին դէմ երթալու ժամանակի հայ քաղաքական միտքի մտայնութեան: Դաշնակիցներով տարուող մեծամասնութիւնը, որուն Օսմանեան Կայսրութիւնը դիակ կը թուէր, Սեւրի իրականացման կը հաւատար:

Բայց որքան ալ Ռուսաստանն ու Օսմանեան Կայսրութիւնը համարուէին դիակներ` ներքաշուած արիւնալի կռիւներու մէջ ներսն ու դուրսը, Հայաստանի ճակատագրի հարցին մէջ անոնք կը շարունակէին վճռորոշ ոյժ մնալ: Հայաստանի թէ՛ կուսակցական եւ թէ՛ պետական ղեկավարներէն բացառիկներն էին, որ կ’արհամարհէին թուրքերուն ոյժն ու վտանգը, կը գրէ թուրքերուն հետ թէկուզ ցաւալի զիջումներու գնով լեզու գտնելու կողմնակիցներէն Տէր Մինասեանը: Ընդհակառակը, մեծամասնութիւնը եւ մանաւանդ Հ. Յ. Դ.ի Բիւրօն, կը գիտակցէին, որ Օսմանեան Կայսրութիւնը, ինչքան ալ փշրուած ըլլայ, մեծ վտանգ է եւ նոյնիսկ կորստաբեր, եթէ հայերն ու թուրքերը միս-մինակ իրարու դէմ կանգնին իբրեւ հակառակորդներ: Սա էր թուրքերուն նկատմամբ ընդհանուր կարծիքը, բայց վտանգին առաջքն առնելու համար մեծ տարբերութիւն կար այդ ղեկավարներու կեցուածքներուն միջեւ, զորս կարելի է բաժնել երկու հիմնական խումբի.

Փոքր խումբը, Տէր Մինասեանի խօսքերով, կը մտածէր` քանի որ թուրքերը, նոյնիսկ ընկճուած վիճակով ուժեղ էին հայերէն, ՙաւելի լաւ է անոնց հետ մտնել բանակցութեանց մէջ, եւ եթէ այդ միջոցով հնարաւոր ըլլայ Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանն իրագործել համեստ սահմաններով, բաւարարուիլ այդքանով, որով վերջ պիտի գտնեն ոչ միայն Թուրքիոյ պատճառած վախերը, այլեւ Ատրպէյճանի կողմէ եղած դաւերը՚: Բայց այսպէս մտածողներուն առջեւ կը դրուէին հարցեր, որոնց պատասխան տալը յոյժ դժուար էր եւ գրեթէ անհնար կանխատեսելը 1919-ին: ՙՆախ, ո՞ր Թուրքիոյ հետ պիտի բանակցիլ, Պոլսո՞յ, թէ՞ միլլիներուն: Եթէ Պոլիսը համաձայնի մեր նուազագոյն պահանջներուն, արդեօք միլլիները պիտի չհակառակի՞ն եւ աւելի պիտի չթշնամանա՞ն: Արդեօք այդ երկուքը կամ երկուքէն մէկը պիտի ուզէ՞ որեւէ բան զիջիլ: Եթէ զիջին ու համաձայնին, մեզի հետ Դաշնակիցները պիտի չվարուի՞ն որպէս իրենց դէմ ըմբոստացած միլլիներու բարեկամներ: Դաշնակից պետութեանց ձեռքին էր ողջ աշխարհի բախտը: Եթէ բոլորն արհամարհենք ու կարեւորութիւն տանք Պոլսոյ կամ միլլի խռովարարներուն, համաձայնութեան գանք անոնց հետ, որո՞նք են այն երաշխիքները, որոնք պիտի ստիպեն դահիճ Թուրքիան յարգելու պայմանները: Ի՞նչ գրաւական կայ, որ 1915-ը պիտի չկրկնուի: Այդ բոլորը` դեռ մէկ կողմ. արդեօք հայ ժողովուրդը, մէկ միլիոն զոհեր տալէ յետոյ պիտի կարենա՞յ հանդուրժել հայ-թրքական բարեկամութիւնը: Այսօրուայ հաշուով, յետին թիւով, պիտի արդարացնենք եւ իմաստուն գտնենք այդ բնազդը, բայց այդ ժամանակները ասիկա խելագարութիւն կրնար սեպուիլ՚:

Հայաստանի եւրոպացի եւ ամերիկացի դաշնակիցները կամ այդպիսին ընկալուողները, հաշուի առնելով շարք մը հանգամանքներ, այդ թիւին` հայոց տկարութիւնն ու թուրքերուն ոյժը, հայոց խորհուրդ կու տային լեզու գտնել թուրքերուն հետ եւ նուազագոյնով բաւարարուիլ: Բրիտանացի զօրավար Պիչը Կարսի բանալիները վարչապետ Խատիսեանին յանձնելու ատեն, նկատի ունենալով Հայաստանի ներքին անկայունութիւնը, կ’ըսէր. ՙԱմրացուցէ՛ք պետական կառոյցները եւ անմիջական յարաբերութիւններ հաստատեցէ՛ք թուրքերուն հետ՚:

Ա. Մ. Ն.ի նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընը 1919-ի Սեպտեմբերին գնդապետ Հարպըրտը գործուղած էր Հայաստան` երկիրն ուսումնասիրելու եւ խնամատարութեան (մանտաթի) պայմանները քննելու: Սեբաստիոյ մէջ Հարպըրտը տեսակցութիւն կ’ունենայ Մուսթաֆա Քեմալի հետ, որ նոր կը ձեռնարկէր միլլի շարժումը: Հարպըրտի խօսքերով` Քեմալը խնդրեր է յայտնել Հայաստանի կառավարութեան, որ հայերը ձեռք քաշեն մեծ պետութիւններէն եւ անմիջական համաձայնութեան գան թուրքերուն հետ:

Հայաստանի վարչապետներէն Խատիսեանը կը գրէ. ՙՀարպըրտը օր մը մինակ մնալով աշխատասենեակիս մէջ` ըսաւ, որ Անգորայի կառավարութեան նախագահ Ռաուֆ պէյէն ողջոյն բերած է ինծի: Ռաուֆ պէյը Երեւանի հետ անմիջապէս բանակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած էր: Հարպըրտը խորհուրդ տուաւ այդ բանակցութիւններն սկսիլ: Մենք այդ խորհուրդին չհետեւեցանք, հաւատալով, որ մեր հարցերը Փարիզի մէջ պէտք է լուծուին՚:

Հայաստանի հետ անմիջական բանակցութիւններ սկսելու Թուրքիոյ ըրած առաջարկութեանց մասին կը յիշատակէ նաեւ Խորէն Եպս. Մուրատբէկեանը 14 Դեկտեմբեր 1919-ին Գէորգ Ե. Կաթողիկոսին գրած նամակին մէջ. ՙՎերջերս եղած են պաշտօնական առաջարկներ թուրքերէն, որոնք կը խոստանան որոշ զիջումներ ընել, եթէ անմիջապէս բանակցութիւններ սկսուին մեզի հետ: Կառավարութիւնը կը գտնէ, որ հնարաւոր է բանակցիլ, խօսիլ եւ իմանալ, թէ թուրքերն ի՞նչ զիջումներ կ’ընեն՚:

Ռուբէնի խօսքերով` Հայաստանի մէջ 1919-ի աշնան երկրի ապագային վերաբերեալ գոյութիւն ունէին երեք հիմնական հոսանքներ.

Առաջին. անոնք, որոնք կը ճանչնային Հայաստանը, կը հասկնային ստեղծուած վիճակը, ծանօթ էին հայոց եւ թուրքերու ոյժերուն, այն տեսակէտն ունէին, որ առանց դուրսի ռազմական օժանդակութեան, մինչեւ իսկ առանց Հայաստանի մէջ օտար իշխանութեան հաստատման, երկիրը չի կրնար գոյատեւել: Այս հոսանքը բաժնուած էր երկու գլխաւոր ճիւղի. փոքր խումբ մը աչքը դրեր էր Դաշնակիցներուն, իսկ մեծ մասը` Ռուսաստանի վրայ, քանի որ Դաշնակիցներու Անդրկովկասէն հեռանալու փաստը բոլորին աչքին առջեւն էր: Ռուսաստանէն փրկութիւն սպասողներէն էին ՙմեր ազդեցիկ ընկերներէն շատերը, որոնց շեշտուած ներկայացուցիչը Դրօն էր՚: Նոյն տեսակէտն ունէին նաեւ Հայաստանի զինոյժի բարձր հրամանատարութիւնն ու սպայութիւնը:

Երկրորդ հոսանքը բաղկացած էր գործիչներէ, որոնք լաւ չէին հասկնար, թէ ինչպիսի՞ն են հայոց եւ հակառակորդ թաթար-թուրքերու ոյժն ու հոգեբանութիւնը: Այս հոսանքը չէր ժխտեր Հայաստանի անկախութիւնը, ընդհակառակը, անկախութիւնը անոնց համար անհրաժեշտ պայման էր եւ կ’ուզէին ՙմիացած տեսնել 20 մասերու բաժնուած Կովկասեան Հայաստանը՚: Բայց անոնք չէին հասկնար այն լուրջ պատճառները, զորս Զանգիբասարի, Կողբի, Վեդիի, Շարուրի, Նախիջեւանի եւ այլ վայրերու թուրքին ու թաթարին ըմբոստացուցեր ու բաժներ էին Հայաստանէն: ՙԱնոնց կը թուէր, թէ Հայաստանի կառավարութեան յոռի վարչաձեւին հետեւանքներն էին այդ երեւոյթները եւ կամ այս կամ այն ոստիկանի կամ զինուորի պատահական զեղումն ու թալանը՚: Այս հոսանքը դէմ էր Հայաստանէն բաժնուած մասերը ոյժի միջոցով միացնելուն, բայց դէմ էր նաեւ բաժնուած մասերու ինքնիշխանութեան, ՙկողմնակից էր անոնց միաւորելուն սիրով, քաղցրութեամբ, առանց արիւնահեղութեան՚: Այս հոսանքը արժէք չէր ներկայացներ, որովհետեւ ՙիր գեղեցիկ ցանկութիւնները կը բխեցնէր ոչ թէ փաստերէն եւ իրականութենէն, այլ` քրիստոնէական վարդապետութենէն՚:

Երրորդ հոսանքը համոզուած էր, որ Հայաստանի խռովութեանց պատճառը կառավարութեան թերութիւնները չեն, ՙայլ` իսլամ ազգաբնակչութեան տենչը` ներսէն պայթեցնել կառավարութիւնը եւ Ատրպէյճանի կամ Թուրքիոյ իշխանութիւնը հաստատել՚: Այս հոսանքը չէր կարծեր, որ իսլամներուն ծրագիրը կարելի է քանդել զանոնք սիրաշահելով եւ նոյնիսկ ինքնավարութիւն տալով, ոչ ալ կը հաւատար, որ ռուսերու վրայ յոյս դնելն օգտակար է: ՙԱնոնք կ’ուզէին հայկական ֆիզիքական ոյժ ստեղծել եւ եղած քաոսը զէնքով վերացնել՚:

Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը, Տէր Մինասեանի խօսքերով, կը տեսնէր Հայաստանի կղզիացումը, Վրաստանի տարտամ դիրքը, Ատրպէյճանի թշնամութիւնը, թուրքերու անհաշտ ըլլալը, երկրի ներսի իսլամական ըմբոստութիւնները: Հայաստանը Ռուսաստանէն թէեւ բաժնուած էր, սակայն անոր հետ բարեկամական յարաբերութիւններ ստեղծելու ձգտումը միշտ եղած է հայ առաջնորդներու եւ Բիւրոյի մտահոգութեան առարկան: 1919-ին ամէն ջանք կը թափուէր Ռուսաստանի բարեկամութիւնն ու աջակցութիւնը ապահովելու համար: Պատճառները քանի մը հատ էին. քանի որ Ատրպէյճանը կը սպառնար Հայաստանի գոյութեան` ջանալ ռուսական բարեացակամութեամբ հակակշռել այդ թշնամութիւնը: Թրքական վտանգը վերացած չէր, եւ ռուսական բարեկամութեամբ գուցէ հնարաւոր ըլլար այդ վտանգը չէզոքացնել: Բացի ատկէ, Հայաստանը հացի եւ ռազմամթերքի կարիքներ ունէր, Ռուսաստանի հայ գաղութին միջոցով կը սպասուէր հաց ու ռազմամթերք ձեռք բերել: Եւ վերջապէս, քանի որ Ռուսաստանի համար մեծ նշանակութիւն չունէր Երեւանի եւ Կարսի նահանգներէն զրկուիլը` անոր ճանչնալ տալ Հայաստանի անկախութիւնը եւ փոխադարձ բարեկամութիւն ապահովել:

Ո՞ր Ռուսաստանի հետ խօսիլ եւ ո՞ր մէկուն բարեկամութիւնը ապահովել: Այդ ժամանակ կար երեք Ռուսաստան` Տենիքինի, Քոլչաքի եւ Լենինի: Երեքն ալ հաւասար ոյժեր, երեքն ալ ամբողջ Ռուսաստանի տէրը դառնալու նոյն յաւակնութիւններն ունէին, բայց երեքն ալ իրարու թշնամի էին: Տէր Մինասեանի խօսքերով, ՙԵրեքին հանդէպ ալ մեր վերաբերմունքն ու սպասելիքները նոյնատեսակ էին` առանց գերադասելու մէկը կամ միւսը, առանց անոնց ներքին պայքարին մասնակցելու կամ պայմանաւորուելու օժանդակելու մէկուն` միւսին դէմ: Շատերը կը կարծէին, որ Ռուսաստանի ապագայ իշխանութեան հիմքը Քոլչաքը պիտի ըլլայ: Այդ էր պատճառը, որ մեծ դժուարութիւններով, Հայաստանի ներկայացուցիչ էինք նշանակած Ձամոյեանը: Մենք Քոլչաքի կառավարութենէն անմիջական օգուտներ չէինք կրնար սպասել, որովհետեւ եթէ Քոլչաքը Հայաստանին օգնելու ցանկութիւն իսկ ունենար, ատիկա անհնար էր, քանի որ ան Հայաստանէն անսահման տարածութիւններով եւ բազմաթիւ մանր ու խոշոր իշխանութիւններով կտրուած էր: Այս գիտակցելով հանդերձ, արժէք կու տայինք Քոլչաքի կողմէ Հայաստանի անկախութիւնը ճանչնալու փաստին՚:

Դէպի ո՞ր Ռուսաստանը պէտք է շրջուեր Հայաստանը` Մոսկուայի Ժողկոմխորհի՞, կամաւորական եւ քազաքային կեդրոն Եքաթերինոտարի՞, Սիպերիոյ մէջ Քոլչաքի վարչակարգի՞, թէ՞ Պալթեան ու Արքթիքայի շրջաններու հակապոլշեւիկեան վարչութեանց ու բանակներուն: Հայաստանը զգուշութեամբ կը փորձէր բոլորին համակրանքն ու ճանաչումը շահիլ: Չէզոքութիւն հռչակելով մոլեգնող ռուսական քաղաքացիական պատերազմին մէջ` Երեւանի կառավարութիւնը այդպիսով յայտնի կը դարձնէր, որ Հայաստանը վստահելի բարեկամն ու դրացին էր ըլլալու ամէն Ռուսաստանի, եթէ այդ Ռուսաստանը յարգեր Հայաստանի անկախութիւնը: Հայ ներկայացուցիչներ կ’ուղարկուէին Մոսկուա, Եքաթերինոտար, Տոնի Ռոսթով, Մուրմանսք, Օմսք, Իրքութսք: Աշխարհագրական մօտիկութեան եւ հաւանական օգնութեան նկատառումները Հայաստանը կը ստիպէին կեդրոնացնելու ջանքերը Հարաւային Ռուսաստանի զինուած ոյժերու հրամանատարութեան ուղղութեամբ:

1919-ին Քոլչաքին համահաւասար ոյժ կը ներկայացնէր Տենիքինը: Ան կը տիրէր Վոլկայէն մինչեւ Թերեքի եւ Տոնի հովիտները, հասած էր գրեթէ մինչեւ Մոսկուա: Ասկէ բացի, Տենիքինի հետ յարաբերութիւնը համակրութիւն ունէր հայ ժողովուրդի լայն խաւերու, մասնաւորապէս` զինուորականութեան մէջ: Տենիքինը սահմանակից էր Կովկասին, անոր կ’օգնէին նաեւ Դաշնակիցները: ՙԱյդ քաղաքական հաշիւներէն դուրս, մենք կանխիկ սպասելիքներ ունէինք Տենիքինէն: Հայաստանը ճանչնալ տալ, անոր իշխանութեան տակ գտնուող հարիւր հազար հայութիւնը ապահովել, մեզի համար կենսական հաց ու ռազմամթերք ստանալ Հարաւային Ռուսաստանէն: Մենք Տենիքինի քովն ունէինք Հայաստանի ներկայացուցիչ Սաղաթէլեանը, անոնք ալ` իրենց ներկայացուցիչ Զինկեւիչը` մեր քովը: Սկզբնական շրջանին, տենիքինեան շրջանակները Հայաստանի անկախ գոյութեան կը նայէին որպէս ժամանակաւոր երեւոյթի: Տենիքինեան վախը մեր սիրտին մէջ` կը համակերպէինք անոնց ոչ-յստակ գործին, մանաւանդ որ կանխիկ շահեր կը տեսնէինք: Տենիքինեան շրջանակներէն 1920-ի Մայիսի վերջին եւ Յունիսին Հայաստան հասաւ ՙՄոսին՚ հրացանի 3 միլիոնի չափ փամփուշտ, երբ մեր պահեստներուն մէջ ունէինք ընդամէնը 150 հազար փամփուշտ` 10 հազար հրացանի համար: Հայաստանը հացով եւ ուտելիքով քիչ օգտուեցաւ, քանի որ վրացիներն իրենց բաժինը կը վերցնէին՚,- կը գրէ Տէր Մինասեանը:

Հիմնականին մէջ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, Դաշնակցութիւնը կը մեղադրէին (այդ թիւին` նաեւ որոշ դաշնակցականներ), թէ կարեւորութիւն չեն տուած պոլշեւիկներուն, եւ այդ պատճառով ալ պոլշեւիկները գէշ վերաբերմունք ունեցան Հայաստանի հանդէպ: Պոլշեւիկեան յեղաշրջման օրէն իսկ, երբ դեռ գոյութիւն չունէր Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Հ. Յ. Դ.-ն սերտ կապեր ունէր անոնց հետ: Բիւրոյի անդամներէն Զավրիեւը, Տէր Մինասեանը աւելի սերտ կապերու կողմնակից ըլլալով, Թիֆլիսի մէջ կը բանակցէին Շահումեանի, ուրիշ պոլշեւիկներու, իսկ Արամը Երեւանի մէջ` Մակինցեանի եւ Արշաւիր Մելիքեանի հետ: Երբ պոլշեւիկները ստիպուած էին Թիֆլիսէն հեռանալ Պաքու, Հ. Յ. Դ.-պոլշեւիկներ համագործակցութիւնը հոն ալ շարունակուեցաւ: Գործակցութեան հետեւանքներէն մէկը եղաւ այն, որ Զավրիեւի ջանքերով ու Շահումեանի շնորհիւ դուրս եկաւ Լենինի հռչակագիրը (ՙԹրքահայաստանի՚ մասին): Ճիշդ չեն այն կարծիքները, թէ Հ. Յ. Դ.-ն Տենիքինի հետ յարաբերութիւններ ունենալով, կապեր չէր պահեր պոլշեւիկներուն հետ կամ թէ Շանթի Մոսկուա մեկնելէն յետոյ միայն կը սկսի Հ. Յ. Դ.-Պոլշեւիկ յարաբերութիւնը՚:

Դեռ 1919-էն հայ առաջնորդները կը զգային, որ թուրք-պոլշեւիկեան բարեկամութեան հետեւանքով Հայաստանի Հանրապետութիւնը կրնայ ոտնատակ ըլլալ: Հայ կոմունիստները վրդովմունքով կը հերքէին նման գործակցութեան գոյութիւնը, իսկ մամուլին մէջ տարածուած լուրերը ՙդաշնակներու սադրանք՚ի արդիւնք կը սեպէին: Վրացեանի խօսքերով` այդ օրերուն հայ պոլշեւիկները ՙդեռ ամօթ կը սեպէին բարեկամութիւնը թուրք ջարդարարներու հետ՚: Թուրք-պոլշեւիկեան բարեկամութենէն մտահոգուած, Հ. Յ. Դ.ի Բիւրօն 1920-ի առաջին օրերուն Թիֆլիս գործուղեց իր անդամներէն քանի մը հոգի, այդ թիւին` Տէր Մինասեանն ու Վրացեանը, որպէսզի յարաբերութեան մէջ մտնեն Ռուսաստանի Կոմունիստական Կուսակցութեան Կովկասեան Բիւրոյին հետ եւ պարզեն թուրք-պոլշեւիկեան համագործակցութեան մանրամասները: Տեսակցութիւնը տեղի կ’ունենայ Կովբիւրոյի գլխաւոր քարտուղար Նազարէթեանի հետ: Պոլշեւիկ-քեմալական համաձայնութեան փաստը չհերքելով, ան կը վստահեցնէ, թէ կոմունիստական յեղափոխութիւնը ճնշուած ազգերուն պաշտպանն է, ուրեմն, չի կրնար չպաշտպանել նաեւ հայ ժողովուրդը:

Քեմալականներու եւ պոլշեւիկներու յարաբերութեանց մասին լուրեր շատոնց կը շրջանառուէին եւ Հայաստանի ղեկավարութիւնը կ’անհանգստացնէին: Նազարէթեանի հետ տեսակցութիւնը վերջնականապէս համոզեց Հ. Յ. Դ.-ն, որ պոլշեւիկներուն եւ քեմալականներուն միջեւ կայ բարեկամութիւն, որ պոլշեւիկները շատ մեծ նշանակութիւն կու տան քեմալական շարժման եւ որոշած են դրամական ու ռազմական խոշոր աջակցութիւն ցոյց տալ թուրքերուն եւ որ այդ յարաբերութեանց ընթացքին Հայաստանի շահերը հազիւ թէ հաշուի առնուին:

Պոլշեւիկ-քեմալականներ համագործակցութեան առաջին քայլերը կը կատարէ Խալիլ փաշան (Մենթեշէ): Ուրիշ փաշա մը` Ալի Ֆուատը (Ճեպէսոյ), որ 1921-ի Փետրուարին Մոսկուա մեկնեցաւ իբրեւ քեմալական առաջին դեսպանը, իր յուշերուն մէջ կը գրէ, որ Քեմալի յանձնարարականով 1919-ի վերջերուն Խալիլը կը հասնի Պաքու, հոնկէ` Մոսկուա, կը հանդիպի Չիչերինի եւ Գարախանի հետ: Մանրամասնօրէն ներկայացնելով թրքական վիլայէթներուն մէջ տիրող վիճակը, ան ռուսերուն կը յայտնէ ՙհայոց եւ անգլիացիներուն ենթարկուած Պոլսոյ կառավարութիւնը պարտութեան մատնելու թրքական վճռականութիւնը՚: Պոլշեւիկներուն հասկցնելով, որ շուտով նոր կառավարութիւն պիտի ձեւաւորուի, ան կարեւորեց մինչեւ յարաբերութեանց հաստատումը ծովով զէնքի եւ ռազմամթերքի առաքումը:

Հայ ժողովուրդին շահերը ոչ միայն անտեսուեցան, այլեւ քեմալականներն ու պոլշեւիկները իրարու միջեւ բաժնեցին Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Մինչդեռ ապագան յուսադրող կը թուէր. Հ. Հ.ն իր անկախութեան երրորդ տարին մտեր էր ընդարձակուած սահմաններով, սովն ու հիւանդութիւնները յաղթահարուեր էին: Միջազգային իրավիճակն ալ կարծես ի նպաստ Հայաստանի էր. 19 Յունուար 1920-ին հանրապետութիւնը միջազգայնօրէն տէ ֆաքթօ ճանչցուեցաւ, ճիշդ է` առանց կանխորոշելու պետութեան ապագայ սահմանները. Փարիզի Խաղաղութեան Վեհաժողովի Գերագոյն Խորհուրդի անունէն Հայաստանի անկախութիւնը ճանչցան Մեծն Բրիտանիան, Ֆրանսան եւ Իտալիան:

Ճանաչման լուրը Երեւան հասաւ 23 Յունուարին. շքեղ հանդէսներ, համաժողովրդային հաւաքներ եւ զօրահանդէսներ կազմակերպուեցան մայրաքաղաքին, Կարսի եւ ուրիշ քաղաքներու մէջ: Կարճ ժամանակ ետք` 11 Փետրուար 1920-ին, Վրաստանը, Ատրպէյճանը եւ Հայաստանը փաստացի ճանչցաւ Տենիքինը:

Հայաստանը միջազգային-իրաւական ճանաչում ստացաւ նաեւ Անթանթին յարող ուրիշ պետութեանց կողմէ: Պելճիքան եւ Յունաստանը Հայաստանը ճանչցան տէ եուրէ: 28 Օգոստոս 1920-ին Յունաստանը ակրեման տուաւ Աթէնքի մէջ Հ. Հ.ի դեսպան նշանակելու մասին: Հայաստանը ճանչցաւ ու անոր հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատեց նաեւ Լեհաստանը: Ա. Մ. Ն.ը Հայաստանի անկախութիւնը ճանչցաւ 23 Ապրիլ 1920-ին:

Թէպէտ գլխաւոր տէրութիւնները Հայաստանը տէ եուրէ վերջնականապէս եւ պաշտօնապէս չէին ճանչցած, այնուամենայնիւ, անոր պատուիրակութիւնը հրաւիրուեցաւ Սան Ռեմոյի խորհրդաժողով, ուր Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին պարտուած Օսմանեան Կայսրութեան հետ կնքուելիք հաշտութեան պայմանագիրին նախագիծը կը մշակուէր: Խորհրդաժողովին մէջ թրքական կայսրութեան վերաբերեալ տրուած որոշումները Սեւրի պայմանագիրը կնքելու հիմք ծառայեցին: Դաշնակից Ոյժերու Գերագոյն Խորհուրդը Սան Ռեմոյի մէջ 26 Ապրիլին որոշեց դիմել Ա. Մ. Ն.ի նախագահին` երկու խնդրանքով. առաջին` ստանձնել Հայաստանի խնամատարութիւնը (մանտաթ), երկրորդ` իրաւարար վճռով որոշել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանը:

Հայաստանը դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններ հիմներ էր Փարիզի, Ուաշինկթընի, Հռոմի, Պերլինի, Հելսինքիի, Մոսկուայի, Թի‎ֆլիսի, Պաքուի, Քիեւի, Լոնտոնի, Կ. Պոլսոյ, Աթէնքի, Ռիօ տը Ժանէյրոյի, Թեհրանի, ինչպէս նաեւ Աւստրիոյ, Հունգարիոյ, Չեխոսլովաքիոյ եւ Լեհաստանի մէջ:

Հայաստանի մէջ շարք մը պետութիւններ ունէին դիւանագիտական, հիւպատոսական եւ քաղաքական ներկայացուցչութիւններ: Վրաստանը լիազօր ներկայացուցչութիւն ունէր Երեւանի եւ հիւպատոսութիւն` Ղարաքիլիսայի մէջ: Երեւանի մէջ պարսկական հիւպատոսութիւնը հիմնադրուած էր դեռ ցարիզմի օրօք: Հայաստանի մէջ կը գործէր Ատրպէյճանի դիւանագիտական առաքելութիւնն իր հիւպատոսական բաժինով: 1920-ի ամրան Խորհրդային Ռուսաստանը Հայաստանի մէջ նշանակեց իր դիւանագիտական եւ հիւպատոսական ներկայացուցիչները: Արեւմտեան երկիրներէն միայն Իտալիան պաշտօնապէս ներկայացուցիչ նշանակեց Հայաստանի մէջ: Մեծն Բրիտանիոյ, Ա. Մ. Ն.ի եւ Ֆրանսայի ռազմա-քաղաքական եւ դիւանագիտական ներկայացուցչութեանց հիմնական նստավայրը Թի‎ֆլիսն էր:

Հայաստանը ոչ միայն կը շարունակէր յոյս դնել եւրոպական դաշնակիցներուն վրայ, այլ` ինքը յոյս կը դառնար այլոց համար: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին այցելելու պատրուակով 1920-ի Յունուարին Երեւան ժամանեց Պոնտոսի յոյն մետրոպոլիտ Խրիսանթը, որ պոնտոսեան պատուիրակութեան նախագահն էր Փարիզի խորհրդաժողովին: Յոյները կը պահանջէին Պոնտոսի անջատումը Թուրքիայէն եւ յունական առանձին պետութեան ստեղծումը:

Թուրքերն ու ատրպէյճանցիներն ալ ռուս պոլշեւիկներուն հետ իրենց ծրագիրները կը մշակէին:

1920-ի Փետրուարին Գարապէքիրին յղած հեռագիրին մէջ Մուսթա‎‎ֆա Քեմալը կը մանրամասնէր, թէ ինչպէս են արեւմտեան ոյժերը թուրքերը պոլշեւիկներէն կտրելու նպատակով պաշտպանութեան տակ վերցուցած Հայաստանը, Վրաստանը եւ Ատրպէյճանը: Քեմալը կը նշէր, որ Կովկասը ՙմիակ հնարաւոր ճակատն է՚, ուր թրքական ազգային շարժումը կրնայ հակագրոհ նախաձեռնել Դաշնակիցներուն դէմ: Քեմալի կարծիքով` եթէ կովկասեան հանրապետութիւնները կարենան արեւմտամէտ դաշինք ձեւաւորել, ատիկա թրքական անկախ պետութիւն ստեղծելու յոյսերուն վերջը պիտի ըլլայ: Հետեւաբար, թուրքերը ամէն ինչ պիտի ընեն օժանդակելու համար Կովկասը վերահսկելու պոլշեւիկներու ծրագիրներուն:

Քեմալի հեռագիրին բովանդակութիւնը ցոյց կու տայ, որ թուրքերը միանշանակ կերպով հաւանութիւն կու տային Կովկասի վրայ պոլշեւիկեան յարձակման: Քեմալը 26 Ապրիլին Մոսկուա յղած հեռագիրով կը հաստատէր, որ թրքական կառավարութիւնը կը պարտաւորուի ազդել Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի վրայ, որպէսզի անոնք Խորհրդային Ռուսաստանի շրջանակը մտնեն եւ ՙպատրաստ է ռազմական գործողութիւններ նախաձեռնելու ծաւալապաշտ Հայաստանի դէմ՚:

1920-ի Ապրիլին Ատրպէյճանի զինուորական նախարարի օգնական Ալի Աղա Շիխլինսքիի եւ Քեազիմ Գարապէքիր փաշայի միջեւ Էրզրումի մէջ ստորագրուած համաձայնագիրը պիտի փոխարինէր 1919-ի Նոյեմբերին Պոլսոյ մէջ կնքուած թուրք-ատրպէյճանական գաղտնի դաշնագիրը: Էրզրումի մէջ ստորագրուած փաստաթուղթի յօդուածներէն մէկուն մէջ կ’ըսուէր, որ եթէ ՙՀայաստանը յարձակում գործէ Ատրպէյճանի վրայ՚, եւ եթէ ՙԹուրքիոյ արեւելեան շրջանները կտրուին եւ Հայաստանին միացուին՚, այս երկու պարագային ալ ՙհամաձայնութեան եկած կողմերը միմեանց շահերը պիտի պաշտպանեն եւ որպէս միացեալ բանակ պիտի գործեն՚:

27 Ապրիլ 1920-ի գիշերը Ատրպէյճանի խորհրդարանը իշխանութիւնը պոլշեւիկներուն յանձնելու որոշում տուաւ: 28 Ապրիլին Ատրպէյճանը խորհրդային հռչակուեցաւ: Ատրպէյճանական բանակը, առանց դիմադրութեան, նոր իշխանութեան կողմն անցաւ: Իրականացաւ Մուսթաֆա Քեմալի ծրագիրը` Ատրպէյճանը խաղաղ ձեւով յանձնուեցաւ Ռուսաստանին: Խորհուրդներու համառուսաստանեան ութերորդ համագումարին ներկայացուած տարեկան հաշուետուութեան մէջ Կէորկիյ Չիչերինը կը յայտնէ. ՙՔեմալականները մեզի հետ յարաբերութեանց մէջ մտած էին Ատրպէյճանի միջոցով, ուր անոնց համակիրներու խումբ մը յեղաշրջման եւ ատրպէյճանական յեղափոխական կառավարութեան կողմէ ռուսական կարմիր զօրքերու հրաւիրման աջակցած է՚:

Վրաստանի մենշեւիկեան կառավարութիւնը մտադիր էր զինուած օգնութիւն ցոյց տալ մուսավաթական կառավարութեան, գիտակցելով, որ Ատրպէյճանէն ետք ռուսական զօրքերը Վրաստանը պիտի նուաճեն: Սակայն այդ օգնութիւնը ցոյց չտրուեցաւ, որուն պատճառը Վրաստանի Սահմանադիր Ժողովին մէջ 30 Ապրիլին Նոյ Ժորտանիան բացատրեց հետեւեալ կերպ. ՙՑերեկուան ժամը 1-ին լուր ստացանք, որ պոլշեւիկները մտած են Խաչմաս, իսկ երեկոյեան ժամը 7-ին անոնք արդէն Պալաճարի մօտ էին, այսինքն` վեց ժամուան մէջ անոնք հարիւր մղոն անցած էին: Պոլշեւիկները ճեպընթաց շոգեկառքի արագութեամբ կ’երթային, առանց կռիւներու, կը նշանակէ` Ատրպէյճանի համաձայնութեամբ: Պոլշեւիկները եկան աննշան ոյժերով` երկու զրահագնացքով: Մեծ ոյժեր պէտք չէին զրահագնացքները գրաւելու եւ պոլշեւիկները ետ շպրտելու համար, բայց քանի որ այդպիսի ցանկութիւն չկար, այդ պատճառով ալ պոլշեւիկներու մուտքն Ատրպէյճան սովորական զբօսանքի վերածուեցաւ՚:

Օրճոնիկիծէն եւ Քիրովը 4 Մայիսին Լենինին կը հեռագրեն. ՙՊաքուի յեղափոխութեան օգտին բաւական գործօն դեր կատարած է թուրք զինուորներու եւ սպաներու ջոկատը, որ կտրած է մուսավաթական կառավարութեան Պաքուէն փախուստի ճամբան ՚:

Այդ օրերու պաշտօնական գրագրութիւններէն կը պարզուի, որ Ռուսաստանի արեւելեան քաղաքականութեան առաջին շարքին էին յարաբերութիւնները իսլամական աշխարհի երկու միաւորներու` Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ: Պոլշեւիկներու փաստաթուղթերէն մէկուն մէջ կ’ըսուէր. ՙԱնթանթի կայսերապաշտութիւնը կը փափաքէր Թուրքիան կործանել Սեւրի պարտադրուած պայմանագիրով, սակայն թրքական լայն շրջանակները հերոսական պայքար սկսան: Քեմալականները մեզի հետ յարաբերութեան մէջ մտան Ատրպէյճանի միջոցով, ուր անոնց համակիրներու խումբ մը յեղաշրջման եւ ատրպէյճանական յեղափոխական կառավարութեան կողմէ ռուսական կարմիր զօրքերու հրաւիրման աջակցած է՚:

Ատրպէյճանի խորհրդայնացման անդրադառնալով` Քեմալն ըսած է. ՙԿովկաս` արեւելեան ռազմաճակատ ղրկուեցան 10-րդ եւ 11-րդ բանակները: Մեր կարեւոր աջակցութեամբ, այդ բանակները դիւրութեամբ անցան Հիւսիսային Կովկասը եւ Ատրպէյճան մտան: Խորհրդային բանակները Հայաստանի եւ Վրաստանի սահմաններուն վրայ ձեռնարկեցին անհրաժեշտ ռազմական միջոցներ, ինչպէս նաեւ մեզի հետ անմիջական կապ հաստատելու ձեռնամուխ եղան՚:

Իր նամակներէն մէկուն մէջ Գարապէքիրը գրած է. ՙՄեր, Ատրպէյճանի ու պոլշեւիկներուն միջեւ կնքուած պայմաններուն հիման վրայ, մեր սպաներէն, բժիշկներէն եւ պաշտօնեաներէն մեծ թիւ մը Ատրպէյճան գնաց: Պոլշեւիկները մեզի առաջարկեցին անյապաղ պատերազմական գործողութիւններ սկսիլ հայոց, իսկ Կիլիկիոյ սահմաններուն մէջ` ֆրանսացիներուն դէմ: Տաղիստանի մէջ կազմաւորուած Կանաչ Բանակը` Էնվերի, Նուրիի եւ Խալիլի ղեկավարութեամբ, պէտք է Ապրիլի սկիզբներուն աշխատի Պաքու մտնել: Ատրպէյճանական զօրքերը պէտք է կեղծ-խաբուսիկ դիմադրութիւն մը ցոյց տան, որպէսզի կարենան իրենց արդարացնել Դաշնակիցներուն հանդէպ: Միանալով Կանաչ Բանակին` ատրպէյճանական զօրքերը առիթ պիտի փնտռեն ընդհարուելու Հայաստանի հետ եւ Անատոլուի մէջ գտնուող թրքական զօրքերուն հետ անցնին Հայաստանի սահմանները ու ռազմական գործողութիւններ սկսին անոր դէմ՚:

Պաքուն քեմալականներու գործնական աշխատանքի կեդրոն կը դառնար: 20 Յուլիս 1920-ին Մոսկուայէն Պաքու վերադարձաւ Խալիլ փաշան եւ խորհրդային իշխանութեան կողմէ ընդունուեցաւ մեծ հանդիսաւորութեամբ: Ան անմիջապէս ձեռնարկեց ՙԻսլամի Բանակ՚ի կազմակերպմանը Ղուսար աւանին մէջ, ուր կը կատարուէին կամաւորներուն արձանագրումն ու մարզումը: Խորհրդային իշխանութիւնը կ’աջակցէր Խալիլ փաշային, կը հոգար բանակին ծախսը, հագուստը, զէնքն ու զինամթերքը: Բանակի սպայակոյտին պետը խորհրդային գլխաւոր սպայակոյտի սպայ մըն էր: Ռուսաստանի զանազան կողմերէն` Ղրիմէն, Քազանէն, Ուֆայէն, Թուրքեստանէն խումբ-խումբ իսլամ երիտասարդներ կու գային, որոնք ՙԻսլամի Բանակ՚ը կը մտցնէին: Խալիլ փաշայի տրամադրութեան տակ էին Սիպերիայէն վերադարձող թուրք գերիները: Զօրամասերը կը պատրաստէին արագօրէն. այդ բանակով` Խալիլ փաշան Ղարաբաղի ու Զանգեզուրի վրայով Թուրքիա պիտի անցնէր:

Մինչեւ 1920-ի Ապրիլը Տենիքինի սպիտակ ռուսերը ջախջախիչ պարտութիւն կրեցին դէպի Հիւսիսային Կովկաս եւ Անդրկովկաս շարժող Կարմիր Բանակէն:

Ապրիլի վերջերուն Երեւանի մէջ կազմուեցաւ պատուիրակութիւն մը, որուն յանձնարարուեցաւ անմիջապէս մեկնիլ Մոսկուա` խորհրդային իշխանութեանց հետ բանակցութիւններ վարելու եւ բարեկամական դաշինք կնքելու նպատակով: Պատուիրակութեան ղեկավարը խորհրդարանի փոխնախագահ Լեւոն Շանթն էր, անդամները` Համբարձում Տէրտէրեանն ու Լեւոն Զարաֆեանը: Անոր տրուեցան քանի մը հրահանգներ. Խորհրդային Ռուսաստանը պէտք է ճանչնայ Հայաստանի անկախութիւնը` ընդունելով Հայաստանի սահմաններուն մէջ Ղարաբաղն ու Կիւլիստանը, գոնէ սկզբունքով պէտք է ընդունի թրքահայ հողերուն կցումը Հայաստանի Հանրապետութեան, չմիջամտէ Հայաստանի ներքին գործերուն, կոմունիստական գործունէութիւն չծաւալէ եւ թոյլ տայ, որ Հիւսիսային Կովկասի եւ բուն Ռուսաստանի մէջ գտնուող հայ գաղթականները տուն վերադառնան:

Պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Մոսկուա, իսկ 4 Մայիսին վարչապետ Օհանջանեանը Չիչերինին յղեց հեռագիր մը, որով ՙանկախ, միացեալ, ժողովրդավարական Հայաստանը՚ կ’առաջարկէր ՙսոցիալիստական Ռուսաստանին` բանակցութեանց մէջ մտնել իր հետ` երկու հանրապետութեանց միջեւ պայմանագրային յարաբերութիւններ հաստատելու համար` Հայաստանի անկախութեան ճանաչման եւ ինքնիշխանութեան հիմունքներուն վրայ՚: 17 Մայիսին Չիչերինը պատասխանեց. ՙԽորհրդային կառավարութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի հետ պայմանագիր կնքելու իր համաձայնութիւնը` երկու ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատելու նպատակով՚:

Ատրպէյճանի մէջ խորհրդային կարգեր հաստատուելէն անմիջապէս ետք, հայ պոլշեւիկները 1920-ի Մայիսի առաջին օրերուն երկշաբաթեայ խռովութիւն բարձրացուցին Հայաստանի շարք մը վայրերուն մէջ: Խորհրդարանի 5 Մայիսի արտակարգ նիստին ընդունուեցաւ Խատիսեանի կառավարութեան հրաժարականը, եւ Հ. Յ. Դ.ի Բիւրօն, Օհանջանեանի նախագահութեամբ, իշխանութիւնն ստանձնեց: Խռովութիւնը ճնշուեցաւ, պոլշեւիկներ Սարգիս Մուսայէլեանը, Ստեփան Ալավերդեանը, Ղուկաս Ղուկասեանը եւ ուրիշ առաջնորդներ մահապատժի ենթարկուեցան:

Գրեթէ բոլոր վայրերուն մէջ խռովութիւնը ճնշելու գործը դրուեցաւ զօրավար Սեպուհի (Արշակ Ներսէսեան) ոյժերուն վրայ: Ան իր զինուորներուն հետ նախ շարժեցաւ դէպի Ալեքսանդրապոլ, Կարս ու Սարիղամիշ, ուր պոլշեւիկեան խռովութիւնները նեղ շրջանակ ունէին եւ զինուորական անձնակազմերու որոշ մասնակցութեամբ կը սահմանափակուէին: Նոր էին խռովութիւնները ճնշուած Հայաստանի հիւսիս-արեւմտեան շրջաններուն մէջ, երբ նորերը բռնկեցան Նոր Պայազէտի, Դիլիջանի, Իջեւանի եւ Զանգեզուրի մէջ: Մինչեւ Յունիսի կէսերը պոլշեւիկեան խռովութիւնները ճնշուեցան:

Պոլշեւիկները, թաթարներն ու անոնց հետ համագործակցող հայ սպաներու եւ զինուորներու խումբ մը 20 Յունիսին գրաւեր էր Իջեւանը, 23-ին` Շամշադինը: Յունիսի վերջերուն, սակայն, Իջեւանի, Դիլիջանի եւ Ղարաքիլիսայի զօրամասերու հրամանատար Սեպուհը թշնամին դուրս քշեց Հ. Հ.ի սահմաններէն:

Հայաստանի սահմաններէն ներս կրած առաջին հարուածէն դեռ չկազդուրուած, պոլշեւիկները նպատակ ունէին նոր խռովութիւններով վերստին վրդովել պետական կեանքը: ՙՅառաջ՚ը կը գրէր. ՙԱնոնք տենդոտ արագութեամբ զինական ոյժեր կը կուտակեն Հայաստանի դէմ Ղազախի եւ Ղարաբաղի ուղղութիւններով: Խորհրդային մորթ հագած թաթար, ռուս եւ թուրք գայլերը, յենուած նաեւ վարձկաններէ բաղկացած փոքրաթիւ հայ խմբակի մը վրայ, նպատակ դրած են մեր ազատութիւնն ու անկախութիւնը ընդմիշտ խորտակել: Զանգեզուրի ճակատին վրայ ռուս դահիճներու, թաթար եւ թուրք փաշաներու ու բէկերու վոհմակները, առանց որեւէ նախազգուշացման, առանց պատճառի, անցեր են յարձակման: Զանգեզուրի ճակատին վրայ սկսած յարձակումները, Ղազախի շրջանին մէջ արագօրէն պատրաստուող ռազմական գործողութիւնները, Շարուրի մէջ Նուրի փաշայի պատրաստութիւնները կու գան ապացուցելու, որ Ատրպէյճանն արդէն փաստօրէն պատերազմի մէջ է Հայաստանի հետ՚:

Սեպուհի հրամանատարութեամբ մղած կռիւներուն զուգընթաց հայկական բանակը նախարար Ռուբէն Տէր Մինասեանի հրամանով Զանգիբասարէն ետք իրականացուց Վեդիբասարի, Շարուր-Դարալագեազի, Կողբի աղահանքերուն եւ Օլթիի ածխահանքերուն գրաւման գործողութիւնները:

Բիւրօ-կառավարութիւնը, հաշուի առնելով պոլշեւիկ-քեմալական մերձեցումը, աւելի կարեւորեց պոլշեւիկեան Ռուսաստանի հետ բանակցելու անհրաժեշտութիւնը: Հ. Յ. Դ.ի Բիւրոյի ազդեցիկ անդամ Տէր Մինասեանը այն սակաւաթիւ հայ պաշտօնեաներէն էր, որ Սեւրի դաշնագիրին ստորագրումէն ետք իսկ, երբ ընդհանուր ոգեւորութիւնն ու Օսմանեան Կայսրութեան մօտալուտ վախճանը համակեր էին մեծամասնութիւնը, ձգտած է բանակցութեանց մէջ մտնել Մուսթա‎ֆ‎‎ա Քեմալի հետ:

Մայիսի վերջերուն սկսեր էին հայ-ռուսական բանակցութիւնները: Կողմերուն միջեւ առաջին հանդիպմանը` 28 Մայիսին, արտաքին գործոց ժողովրդական կոմիսար Չիչերինը կը նշէր, որ Ռուսաստանը կը ձգտի բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատել ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ` թուրքերուն հետ, եւ աջակցիլ եւրոպացի գաղութարարներուն դէմ վերջիններուս պայքարին: Չիչերինը տեղեկացուց, որ Ռուսաստանը կը փափաքի նուազեցնել հայ-թրքական տարաձայնութիւնները, ինչը կը դիւրանայ, եթէ Հայաստանը խոստանայ չմիջամտել Անթանթի դէմ պայքարին մէջ Մուսթաֆա Քեմալի գործողութեանց: Չիչերինը կ’առաջարկէ Ռուսաստանի միջնորդութիւնը Հայաստանի եւ Մուսթաֆա Քեմալի միջեւ: Շանթը կը պատասխանէ, որ հայ-քեմալական յարաբերութիւնները քննարկելու լիազօրութիւն չունի: Եւրոպացի դաշնակիցները հաստատեր էին միացեալ Հայաստանի նոր քարտէսը, որ կը ներառէր Արեւմտեան Հայաստանի մեծ մասը` դէպի Սեւ Ծով ելքով: Չիչերինը կ’առարկէ եւ կը յիշեցնէ, որ եւրոպացիք հայերը յաճախ խաբած են, որ Հայկական Հարցն անհրաժեշտ է առանձնացնել եւրոպական կործանարար միջամտութենէն եւ խորհրդային միջնորդութեան միջոցով արդարացի լուծում տալ անոր: 3 Յունիսին Շանթը Երեւանը կը տեղեկացնէ, որ բանակցութիւններն սկսած են եւ Չիչերինը հաւաստիացուցած է, թէ Ռուսաստանը Հայաստանին խորհրդային կարգեր պարտադրելու մտադրութիւն չունի:

Թրքական պատուիրակութեան սպասուող այցը Մոսկուա, ինչպէս նաեւ Անդրկովկասէն պոլշեւիկներու բողոքները առիթ տուին խորհրդային ղեկավարութեան` դանդաղեցնելու բանակցութեանց ընթացքը: Արտգործժողկոմի տեղակալ Լեւոն Գարախանը Համբարձում Տէրտէրեանի հետ մասնաւոր զրոյցի մը ընթացքին կը հասկցնէ հրաժարիլ արեւմտահայկական հողերէն, փոխարէնը ակնկալել ընդարձակ տարածքներ Անդրկովկասի մէջ: Տէրտէրեանին թոյլ կու տան տեսնել Հայաստանի քարտէսին ուրուագիծը, որ կը ներառէր ոչ միայն Ղարաբաղը, Զանգեզուրն ու Նախիջեւանը, այլեւ Ախալքալաքը, Ախալցխան եւ Բորչալուի մեծ մասը: Թէեւ 7 Մայիս 1920-ի վրաց-խորհրդային պայմանագիրով որոշուած էր Թիֆլիսի նահանգը ձգել Վրաստանին, սակայն Գարախանը կը հասկցնէ, որ այդ հարցը դեռ բաց է:

Որքանո՞վ Գարախանն ու Չիչերինը անկեղծ էին` անյայտ եւ նոյնքան կասկածելի կը մնայ: Այս ընթացքին, Խորհրդային Ատրպէյճանի արտգործժողկոմ Հիւսէյնովի պատուիրակութիւնը Մոսկուայի մէջ կը փորձէր խոչընդոտել հայ-ռուսական պայմանագիրի կնքումը, եթէ անոր մէջ Ղարաբաղը, Զանգեզուրը եւ Նախիջեւանը Հայաստանի մաս պիտի ճանչցուին: Ասոր հետ միասին, հայ եւ ատրպէյճանցի կոմունիստները, այդ թիւին` Անասթաս Միկոյեանն ու Աւիս Նուրիճանեանը, բողոքներ կը ղրկէին խորհրդային ղեկավարութեան, թէ դաշնակցականները բանակցութեանց նպատակով Մոսկուա պատուիրակութիւն ղրկած են, բայց, միաժամանակ, ՙկոմունիստները անողոքաբար կ’ոչնչացնեն՚:

Հայկական պատուիրակութեան ղեկավար Շանթը մոսկովեան բանակցութեանց մասին յօդուածներ չէ գրած, յուշեր չէ ձգած: Մոսկուայի բանակցութեանց մանրամասները գրի առնելու Վրացեանի` Շանթին ուղղած խնդրանքն անկատար կը մնայ: 1925-ի Մայիս եւ Յունիս ամիսներուն Շանթը Վրացեանին ղրկած նամակներուն մէջ որոշ մանրամասնութիւններ կը ներկայացնէ: Շանթը Չիչերինը ՙստախօս ու ստոր՚ կ’որակէ: Ան կը գրէ. ՙԳարախանի հետ համաձայնութեան եկանք բոլոր կէտերուն շուրջ. դաշինքը չստորագրուեցաւ, որովհետեւ Պաքուի հայ, վրացի եւ թաթար կոմունիստներն սկսան բոլոր միջոցներով ճնշում բանեցնել Մոսկուայի վրայ, պահանջելով, որ Ղարաբաղը, Զանգեզուրը եւ Նախիջեւանը թրքական, անվիճելիօրէն թրքական հողեր են եւ որ զանոնք Հայաստանին միացնելու խօսք անգամ չի կրնար ըլլալ՚:

Մոսկուայէն Շանթի ղրկած 1 Յունիսի հեռագիրին մէջ կ’ըսուէր, թէ ՙառաջին տեսակցութենէն պարզուեցաւ, որ միակ դժուարութիւնը Ատրպէյճանի սահմանն է, որովհետեւ Պաքուէն ամէն կերպ կ’աշխատին խանգարել պայմանագիրին կնքումը՚: Ըստ Շանթի ունեցած տեղեկութեանց` ռուսական կառավարութիւնը կ’ընդունի հայկական պահանջներուն արդար ըլլալը, սակայն Ատրպէյճանի յամառ պնդումներուն հետեւանքով պայմանագիրին կնքումը կը դանդաղի: Ատրպէյճանը կ’ուզէր օգտուիլ ռուսական յեղափոխութենէն եւ ռուսական զօրքերու ներկայութենէն` իրագործելու համար մուսավաթական ծրագիրը` գրաւել Զանգեզուրն ու Ղարաբաղը: Շանթը կը տեղեկացնէ, որ Մոսկուայի կառավարութիւնը պատրաստ է միջնորդի դեր ստանձնելու Հայաստանի եւ Մուսթաֆա Քեմալի միջեւ:

Յունիսի վերջերուն Չիչերինը Շանթը կը զգուշացնէ, որ եթէ պոլշեւիկներուն հետապնդումները շարունակուին Հայաստանի մէջ, ապա Ռուսաստանը բանակցութիւնները կը դադրեցնէ: Տէրտէրեանը կը գրէ, թէ այդ հանդիպման ընթացքին Չիչերինը կը նահանջէ նախկին առաջարկներէն եւ կը ներկայացնէ նորը` Ղարաբաղը զիջիլ Ատրպէյճանին, Զանգեզուրը համարել վիճելի, Նախիջեւանը միացնել Հայաստանին: Ան հայ բանագնացները կը տեղեկացնէ, որ բանակցութիւնները կ’ընդհատուին եւ կը շարունակուին Երեւանի մէջ, եւ ռուսական կողմէն զանոնք պէտք է վարէ Կոմկուսի Կենտկոմի լիազօր ներկայացուցիչ Պորիս Լեկրանը: Տէրտէրեանն ու Զարաֆեանը կողմ էին ընդունելու ռուսական նոր առաջարկները` հիմնաւորելով, որ Խորհրդային Ռուսաստանը Հայաստանի անկախութիւնը պիտի ճանչնար: Շանթը դէմ էր, քանի որ պատուիրակութիւնը Երեւանի մէջ ցուցում ստացեր էր ապահովել Ղարաբաղի միացումը Հայաստանին: Երբ խորհրդային առաքելութիւնը Մոսկուայէն դուրս գալու կը պատրաստուէր, Լեկրանը եւ անոր խորհրդական Սահակ Տէր Գաբրիէլեանը կը հանդիպին Շանթի պատուիրակութեան հետ: Լեկրանը կ’ընդգծէ, որ Նախիջեւանը Հայաստանին պիտի անցնի, իսկ Զանգեզուրը, թէեւ ժամանակաւորապէս, վիճելի տարածք պիտի նկատուի, բայց Հայաստանի անվիճելի մասը պիտի ճանչցուի:

Վարչապետ Օհանջանեանը 15 Յուլիսին Հ. Յ. Դ.ի Երեւանի ներկայացուցչական խորհուրդի նիստին կը զեկուցէ, որ Հայաստանի պատուիրակութեան բանակցութիւնները Ռուսաստանի հետ շատ դանդաղօրէն կ’ընթանան. ՙՀայաստանը Քեմալի եւ Լենինի մերձեցումը չի կրնար չնշմարել: Եթէ Խորհրդային Ռուսաստանը անկեղծօրէն կանգնած չէ Հայաստանի անկախութեան տեսակէտին վրայ, եթէ ան որոշած է հայ ժողովուրդի դիակներուն վրայով ձեռք մեկնել Թուրքիոյ ու Հայաստանի ոչնչացման գնով հասնիլ իր հետապնդած նպատակներուն եւ եթէ, իբրեւ հետեւանք քեմալականներու եւ կոմունիստներու համաձայնութեան, պոլշեւիկ խռովարարները պիտի շարունակեն իրենց նենգ յարձակումները Հայաստանի սահմաններուն վրայ, ապա ուրեմն Խորհրդային Ռուսաստանը մեզի համար բացայայտ թշնամական պետութիւն է՚:

1920-ի ռուս-թրքական եւ ռուս-հայկական բանակցութիւններէն ակնյայտ կը դառնայ, որ Մոսկուայի համար առաջնայինը թուրքերու հետ բարեկամական կապերու հաստատումն էր: Թուրքերը ռուսերուն մանրամասնօրէն կը տեղեկացնէին հայոց հանդէպ իրենց ձեռնարկելիք քայլերը: Մոսկուա ժամաներ էր քեմալական պատուիրակութիւնը, որու կազմին մէջ էին Պէքիր Սամին, երեսփոխան Եուսուֆ Քեմալը եւ կոմունիստ Ֆուատ Սապիթը: Ռուսական փաստաթուղթերէն մէկուն մէջ կ’ըսուէր. ՙԲանակցութիւններ կը վարուէին մէկ կողմէ` թրքական պատուիրակութեան, միւս կողմէ` Շանթի գլխաւորած հայկական պատուիրակութեան հետ: Դեռ Խալիլ փաշայի հետ բանակցութեանց ընթացքին խորհրդային կառավարութիւնը յառաջ կը քաշէր ազգագրական սահմաններու սկզբունքը եւ կ’առաջարկէր փոխադարձաբար երկու ժողովուրդներու տեղափոխութիւնը: Սկզբունքօրէն, դաշնակցական կառավարութիւնը կ’ընդունէր (այս) տարբերակը, բայց երբ գործը յստակեցումներուն հասաւ, պարզուեցաւ, որ դաշնակցականներուն յաւակնութիւններն այնքան մեծ են, որ Հայաստանի սահմաններու որոշման հասնելու հնարաւորութիւն չկար: Շանթի պատուիրակութիւնը հեռացաւ` արդիւնքի չհասնելով: Թրքական կառավարութիւնը որոշեց սուրով կտրել Գորդեան Հանգոյցը: Թուրքերու ռազմական յառաջխաղացման առիթ դաշնակցականներն իրենք տուին՚:

Հայկական պատուիրակութեան անդամ Հ. Տէրտէրեանը կը գրէ. ՙԵս եւ Զարա‎ֆ‎եանը Շանթին առաջարկեցինք մասնաւոր տեսակցութիւն մը ունենալ թրքական պատուիրակութեան հետ: Շանթը բուռն կերպով ընդդիմացաւ: Ան առարկեց, որ նախ, թուրքերու հետ բանակցելու լիազօրուած չենք եւ երկրորդ, ինքը հայ ազգի ջարդարարներուն հետ կողք-կողքի չի նստիր՚:

21 Յուլիս 1920-ին Լեկրանը կը շարժի դէպի Երեւան, սակայն Հայաստանի իշխանութիւններն անոր մուտքը կ’արգիլեն` առարկելով, որ տիրող պայմաններուն մէջ ան իր խումբով Ռուսաստանի պաշտօնական պատուիրակութիւն չի կրնար նկատուիլ եւ, սահմանին վրայ, սովորական ճամփորդներու պէս զննութեան պէտք է ենթարկուի: Լեկրանին ցոյց տրուած վերաբերմունքէն անհանգստացած` Թիֆլիսի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Տիգրան Բէկզատեանը կը դիմէ Վրաստանի կառավարութեան` Լեկրանը Թիֆլիս հրաւիրելու:

Մինչ Հայաստանի ղեկավարութիւնը Լեկրանին հետ հանդիպումը կը ձգձգէր` սպասելով Շանթի պատուիրակութեան վերադարձին, ատրպէյճանցիք Կարմիր Բանակին օգնութեամբ Դրոյի եւ Նժդեհի զօրամիաւորումներուն դէմ մարտեր կը մղէին Նախիջեւանի, Զանգեզուրի եւ Ղազախի հատուածներուն մէջ: 8 Օգոստոսին Դրօն խորհրդային ոյժերու դէմ երկօրեայ մարտերէ ետք կը հեռանայ Գորիսէն: 10 Օգոստոսին կը գրաւուի Սիսիանը: Թուրքերուն առջեւ Նախիջեւանի ճամբան բաց էր:

29 Յուլիսին Լեկրանը Թիֆլիսէն հեռագրած էր Երեւան եւ խորհուրդ տուած` բանակցութիւնները վերսկսիլ Շանթին վերադարձը չսպասելով: Շանթը միայն Օգոստոսի սկիզբներուն դուրս եկած էր Մոսկուայէն: Կ’որոշուի Լեկրանին հետ հանդիպիլ Թիֆլիսի մէջ: Հայաստանի կառավարութիւնը, որ Չիչերինի առաջարկած համեմատաբար նպաստաւոր պայմաններով չէր բաւարարուած, ստիպուած էր աւելի նուաստացուցիչ համաձայնագիր մը շուտափոյթ կերպով կնքել: Թիֆլիսի մէջ, հայկական պատուիրակութեան ներկայացուցիչներ Արշակ Ջամալեանն ու Արտաշէս Բաբալեանը Լեկրանէն պահանջեցին, որ Կարմիր Բանակը հեռանայ Զանգեզուրէն եւ Նախիջեւանէն, մինչդեռ 11-րդ բանակը, դիրքաւորուելով Գորիս-Նախիջեւան հատուածին մէջ, վերջնագիր կը ներկայացնէ եւ դէպի Հայաստան շարժելու արտօնութիւն կը խնդրէ Մոսկուայէն: Կարմիր Բանակը գրաւման տակ կը պահէր Ղարաբաղը, Զանգեզուրն ու Նախիջեւանը: 6 Սեպտեմբերին Նժդեհը Խուստուփ լեռը կը քաշուի եւ Կապանը խորհրդային կը յայտարարուի:

Հայկական պատուիրակութիւնը Թիֆլիսի մէջ Լեկրանին հետ 10 Օգոստոսին կնքեր էր հայ-ռուսական համաձայնագիրը, որով ՙՌ. Խ. Ֆ. Ս. Հ.ի եւ Հայաստանի զօրքերուն միջեւ ռազմական գործողութիւնները դադրեցուած կը նկատուէին՚: Ըստ համաձայնագիրին, ռուսական զօրքերը գրաւման տակ կը պահէին վիճելի Ղարաբաղը, Զանգեզուրն ու Նախիջեւանը: Երրորդ կէտին մէջ կ’ըսուէր, թէ ՙվիճելի տարածքներու գրաւումը խորհրդային զօրքերու կողմէ այդ տարածքներուն հանդէպ Հայաստանի կամ Ատրպէյճանի իրաւունքի հարցը չի կանխալուծեր՚:

Նոյն օրը` 10 Օգոստոսին, Փարիզի հաշտութեան Խորհրդաժողովին մէջ ստորագրուած էր Սեւրի դաշնագիրը, որ կ’ենթադրէր դէպի Սեւ Ծով ելքով միացեալ Հայաստան` ներառեալ Արեւմտեան Հայաստանի մէկ մասը: Սեպտեմբերի կէսերուն Երեւան հասած Շանթի պատուիրակութիւնը կը պնդէր, որ ինչ գնով ալ ըլլայ` նախեւառաջ պէտք է համաձայնութեան գալ ռուսերուն հետ, որպէսզի անոնք զօրքերը դուրս բերեն Ղարաբաղէն, Զանգեզուրէն եւ Նախիջեւանէն, նոյնիսկ եթէ ատիկա Սեւրի դաշնագիրը վտանգի տակ դնէ:

Խատիսեանը յետագային գրեց. ՙՍահմաններու վերաբերեալ հայ ժողովուրդը` յանձինս իր ղեկավար շրջանակներուն, մեծ սխալ գործեց` չափազանց մեծ պահանջներ առաջադրելով, առանց հաշուի առնելու իր ոյժերը: Մենք մինչեւ Կիլիկիա պահանջելով` անկարելի դարձուցինք որեւէ տրամաբանական համաձայնութիւն ոչ միայն թուրքերուն հետ այն պահուն, երբ անոնք տկար էին եւ անոնց հետ դեռ կարելի էր խօսիլ, այլ նաեւ շահագրգիռ մեծ պետութեանց հետ: Ճիշդ է, մեր մէջ կային քաղաքական գործիչներ, ինչպէս Տէր Մինասեանն ու Քաջազնունին, որոնք չափաւոր պահանջներու կողմնակից էին, բայց ճնշող մեծամասնութիւնը ՙզիջում՚ներու մասին լսել անգամ չէր ուզեր՚:

Հայկական պատմագրութեան մէջ բազմաթիւ են պնդումները, որ եթէ Հայաստանի ղեկավարները ծաւալապաշտ չըլլային, հնարաւոր կ’ըլլար գոնէ Կարսն ու Սուրմալուն պահել հանրապետութեան կազմին մէջ: Սփիւռքահայ պատմաբան Արա Սանճեանը նման պնդումներուն համաձայն չէ եւ կը կարծէ, որ այս հարցին մէջ դաշնակցականները շատ մեղադրելն իմաստ չունի. ՙԹրքական պատմագրութեան մէջ չկայ կամ մեզի չէ հանդիպած լուրջ փաստարկ մը, որ քեմալականները 1920 թուականի ամրան պատրաստ էին հայոց հետ լեզու գտնելու եւ դադրեցնելու Հայաստանի վրայ յարձակումը: Բաւարար փաստ չկայ ըսելու, թէ հայերը յամառօրէն մերժեցին Քեմալի տրամաբանական առաջարկները: Նոյնը խորհրդային իշխանութեանց կը վերաբերի. որեւէ փաստ չկայ, թէ խորհրդային իշխանութիւնը անկախ Հայաստանի գոյութիւնը պիտի ընդունէր՚:

Կրնայ ըլլալ որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը սխալ թոյլ տուաւ եւ աւելի համեստ սահմաններով հանրապետութիւն ունենալու հնարաւորութեան փոխարէն Սեւրի խոստումները նախընտրեց: Կրնայ ըլլալ որ հնարաւոր էր որեւէ տանելի համաձայնութեան գալ Քեմալին հետ: Այսօր, երբ հրապարակուած թրքական եւ ռուսական բաւական փաստաթղթեր կան, կասկածելի է, որ հնարաւոր էր կանխել ինչպէս թրքական զօրքերուն յարձակումը եւ Հայաստանի բաժանումը պոլշեւիկներուն եւ քեմալականներուն միջեւ, այնպէս ալ Անդրկովկասի խորհրդայնացումը: 1920-ի Օգոստոսի վերջերուն քեմալական պատուիրակութիւնը վերադարձաւ Մոսկուայէն, իսկ Սեպտեմբերին Գարապէքիրի զօրքերը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք ներխուժեցին:

Յ. Գ. Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ) եւ Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Հայացք Արարատէն. Հայերը եւ Թուրքերը, արևմտահայերենՀայեացք Արարատէն. հայերը եւ թուրքերը` պատերազմ, պաղ պատերազմ, դիւանագիտութիւն գիրքը բաղկացած է երեք մասերէ` հայ-թրքական յարաբերութիւնները 1918-1921, Խորհրդային Միութեան տարիներուն կայացած յարաբերութիւնները եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները 1988-էն այսօր: Գիրքի պատրաստութեան համար Թաթուլ Յակոբեան բազմաթիւ զրոյցներ ունեցած է պետական պաշտօնեաներու հետ, օգտագործած է բազմատեսակ աղբիւրներ, կատարած է այցելութիւններ եւ ուսումնասիրած է բազմաթիւ հրատարակութիւններ: Հեղինակը հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարիւրամեայ պատմութիւնը ներկայացնելով պատմաբանասիրականը կը միացնէ լրագրականին եւ առարկայականը` վերլուծականին:

Փափուկ կազմ, 515 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2012, Անթիլիաս,
ISBN 978-995302343-4,
Գինը՝ 7.000 դրամ (15 $):