Հայ-թուրք բանակցություններ վերսկսելու ՀՅԴ-ի փորձը 1922 թվականին

3283

Նախաբան- Այս հոդվածը գրել է ՀՅԴ անդամներից Հ. Ամատունին Բոստոնի Հայրենիք ամսագրում, 1943-ին: Ընդարձակ հոդվածը կրում է “Անկարա, Մոսկուա, Երեւան” խորագիրը և հիմնականում վերաբերում է 1920 թվականի դեպքերին, երբ բոլշևիկյան և քեմալական հարվածների տակ ընկավ Հայաստանի Առաջին Հանրապետությունը: Հոդվածի վերջին՝ փոքր հատվածը վերաբերում է հայ-թուրքական բանակցություններ վերսկսելու փորձին, որ Փարիզից առաջարկում էր նախկին վարչապետ, Ալեքսանդրապոլի 1920 թվականի հայ-թուրքական դաշնագիրը ստորագրած (հայկական կողմից) Ալեքսանդր Խատիսյանը:

“Հայաստանի հայ ժողովուրդը Դաշնակցութիւնն է, Թուրքիոյ թուրք ժողովուրդը՝ Իթթիհատը”

Հայաստանը վերջնականապէս բոլշեւիկեան իշխանութեան ենթարկուելէ յետոյ, կը թուէր թէ, այլեւս թուրք ղեկավարներու հետ որեւէ գործ չէինք կրնար ունենալ: Հակառակ այս մտածողութեան, սակայն, 1922-ին, Ալ. Խատիսեան Փարիզէն կ’առաջարկէր Կ. Պոլսոյ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պատասխանատու Մարմնին նշանակելու մէկը, որ տեսնուի Իզզէթ փաշային հետ (ցեղով Ալպանացի): Այնպէս կ’երեւէր, թե ցանկութիւն մը կայ վերսկսելու բանակցութիւնները:

Պատասխանատու Մարմինը պաշտօն տւաւ իր անդամներէն Սարգիս Արարատեանին՝ խօսելու Էզզէթ փաշային հետ:

Սարգիս Արարատեան այդ տեսակցութեան մէկ ընդարձակ տեղեկագիրը ղրկեց Փարիզի Պատուիրակութեան: Ատկէ, սակայն, կարելի չէր հետեւցնել, թէ Անկարայի ղեկավարները ցանկութիւն ունէին Հայաստանի նախկին ղեկավարներու հետ որեւէ հասկացողութեան գալու:

Իզզէթ փաշա, վերջ ի վերջոյ, յայտնած էր, թէ ինքը չէ, որ պիտի բանակցի, այլ մեզ լսելէ յետոյ, պիտի յայտնէ ուր որ պէտք է, որպէսզի նշանակէն ուրիշ մէկը, որ իրաւասու պիտի ըլլայ պաշտօնապէս խօսելու:

Անցան ամիսներ: Աղէտի ենթարկուեցան հելլէն զօրքերը, եւ յաղթական թուրք բանակը Կ. Պոլսոյ դռներուն առջեւ հասաւ: Հ. Յ. Դ-եան Պատասխանատու Մարմինը հեռացաւ Կ. Պոլսէն: Իր անդամներէն միայն երկու հոգի մնացին որոշ գործերու համար:

Ճիշտ այդ ատեն, օր մը, իրաւաբան Պարսամեան, օսմանեան Երեսփ. Ժողովի նախկին անդամ, այցելեց “Ճակատամարտ”ի խմբագրատունը եւ յայտնեց թէ եկած է մեզի լուր տալու, որ Իզզէթ փաշայի հետ տեսակցութիւնը պիտի շարունակուի Իթթիհատի այդ ատենուան նախագահ Գարա Քէմալ պէյի հետ:

Յայտնեցինք իրեն, որ Կ. Պոլսոյ մէջ պաշտօնական մարմին չկայ այլեւս, որպէսզի պաշտօնապէս մէկը ուղարկէ այդ տեսակցութեան համար:

Յաջորդ օրը դարձեալ եկաւ Պարսամեանը եւ խնդրեց Գարա Քէմալի կողմէն, որ ես (Յ. Ամատունի) երթամ այդ տեսակցութեան համար, հոգ չէ թէ անպաշտօն կերպով:

Ժամադրութիւն մը որոշեցինք իր գրասենեակին մէջ:

Որոշեալ ժամուն գացի ժամադրավայրը: Հոն էր արդէն Գարա Քէմալը: Ան քանի մը խօսքով յայտնեց, թէ ինչ տեսակցութիւն տեղի ունեցած էր Իզզէթ փաշայի եւ Սարգիս Արարատեանի միջեւ եւ թէ այժմ իրեն յանձնւած է այդ խօսակցութիւնը շարունակելու պաշտօնը:

Զինքը ընդմիջելով՝ ըսի թէ ես որեւէ պաշտօն չունիմ այդպիսի բանակցութեան մը համար: Հետեւաբար, այս խօսակցութիւնը պարզապէս անձնական զրոյցի բնոյթ պիտի ունենայ: Ան գիտէր արդէն, բայց կը խորհէր, թէ այդպիսի զրոյցն ալ օգուտ մը կրնայ ունենալ:

Ան յայտնեց ինծի, թէ ինք եւ կարգ մը ուրիշ գործիչներ դժգոհ են բոլշեւիկներու հետ տեւական բարեկամութենէ: Այժմ, երբ Հելլէն բանակը ջախջախուած է եւ իրենց գործը լրացած, այլեւս պէտք չունին այդ բարեկամութիւնը շարունակելու: Իրենք պէտք է խզուին բոլշեւիկներէն եւ իրենց երեսը դարձնեն դէպի արեւմուտք, ուրկէ կը յուսան գտնել վերաշինութան օժանդակութիւն:

Միւս կողմէ՝ Գարա Քէմալ յայտնեց, որ նոյն գործիչները չեն հաւատար այլեւս, որ կոտորածներու միջոցով կարելի է ազգ մը ոչնչացնել, ինչպէս որ տեղահանութեան փորձը ցոյց տուաւ արդէն: Փոխան ոչնչանալու, հայ ժողովուրդը անկախ պետութիւն մը կարողացաւ կազմել: Ըսաւ, թէ ասկէ պիտի օգտուին ուրիշները: Յիշեցուց, որ պարպուած հողերու զօրաւոր ժառանգորդներ շատ կ’ըլլան: Հետեւաբար, եզրակացուց, այս երկու ազգերը պէտք է գտնեն ձեւ մը միասին պաշտպանելու ամայացած հողերը, ընդդէմ անյագ ախորժակներու:

Զինքը դարձեալ ընդհատելով՝ ըսի, թէ այժմ Հայաստան մեր ձեռքը չէ, հոն հաստատուած է բոլշեւիկեան իշխանութիւն մը, կապուած Մոսկուայի հետ:

Վերին աստիճան լուրջ համոզումով մը պատասխանեց. – “Հայաստանի հայ ժողովուրդը Դաշնակցութիւնն է, ինչպէս ե՛ւ Թուրքիոյ թուրք ժողովուրդը՝ Իթթիհատը Ատիկա մենք շատ լաւ գիտենք”:

“Դժբախտաբար,- շարունակեց ան,- այսօր Անկարան գինովութեան մէջ է եւ պիտի չուզէ խօսիլ հայ ղեկավարներու հետ, ինչպէս որ երկու տարի առաջ Երեւանը յաջողութեան գինովութեան մէջ էր եւ կ’ուզէր երկարիլ մինչեւ Միջերկրական ծովը: Այդ պատճառով ալ դժուար պիտի ըլլայ հոն խօսք հասկցնել: Բայց ասոնք պիտի անցնին եւ պիտի գայ ժամանակը դարձեալ խօսելու”:

Այս տեսակցութենէն այն եզրակացութեան եկայ, որ մեզի հետ խօսիլ ուզողը ոչ թէ Անկարան էր, այլ Իթթիհատական գործիչներու մէկ խմբակը, որ ատկէ մէկ տարի յետոյ ենթարկուեցաւ Անկարայի զայրօյթին եւ կախաղաններու զարդ դարձաւ:

Հոս ալ վերջացաւ հայ-թրքական մարմին չառած բանակցութիւնը:

Լօզանի Խորհրդաժողովի ատեն շփացած Իսմեթ փաշա նոյնիսկ չհանդուրժեց, որ Դաշնակիցները խօսքը ընէին Հայաստանի մասին:

“Անկարա, Մոսկուա, Երեւան”, գրեց՝ Յ. Ամատունի, Հայրենիք ամսագիր, 1943, ԻԱ. Տարի, թիւ 1 (234), յունուար-փետրուար, էջ 97-99:

Լուսանկարում՝ Հայաստանի Առաջին Հանրապետության երկրորդ կաբինետի անդամները, 1919թ, նստած՝ Ավետիք Սահակյան, Ալեքսանդր Խատիսյան, գեներալ Քրիստափոր Արարատյան, կանգնած՝ Նիկոլ Աղբալյան, Աբրահամ Գյուլխանդանյան, Սարգիս Արարատյան

Դիտել նաև՝