Էնվերի եւ Թալէաթի հետ հանդիպումներ՝ հայկական պատվիրակությունը Պոլսում. 1918թ

2733

15 Յունիս 1918-էն մինչեւ Նոյեմբերը հայկական պատուիրակութիւնը Պոլսոյ մէջ կը փորձէր բարելաւել շատերու կողմէ ստորացուցիչ նկատուող Պաթումի պայմանագիրը: Բայց նուազ ստորացուցիչ չէին յետագայ ամիսները, զորս հայկական պատուիրակութիւնն անցուց Վոսփորի ափերուն: Ա. Ահարոնեանը, Մ. Պապաճանեանը եւ Ալ. Խատիսեանը բանակցութիւններ պէտք է վարէին արեւմտահայութեան դահիճներուն հետ: Մինչեւ Առաջին Աշխարհամարտին վերջը Օսմանեան Կայսրութիւնը Էնվեր, Թալէաթ եւ Ճեմալ փաշաներու ձեռքին էր:

25 Յունիսին Պոլսոյ մէջ պէտք է սկսեր խորհրդաժողով մը, որուն կը սպասուէր Գերմանիոյ, Աւստրիա-Հունգարիոյ, Օսմանեան Կայսրութեան եւ Պուլկարիոյ մասնակցութիւնը: Անդրկովկասեան հանրապետութիւններն ալ հրաւիրուած էին: Հայկական կողմը տպաւորութիւն ունէր, թէ Գերմանիան կ’ուզէր վերանայիլ Պաթումի պայմանագիրը` համաձայն Պրէսթ-Լիթովսքի պայմաններուն: Պոլիս մեկնած պատուիրակութեան հրահանգ տրուած էր` ամէն ջանք թափել ընդարձակելու Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները: Անոնք Պոլսոյ մէջ կը մնան չորս ամիսէ աւելի` մինչեւ 1 Նոյեմբերը, Խատիսեանի խօսքերով` փորձելով ցոյց տալ “մեր անվիճելի իրաւունքներն Ախալքալաքի, Լոռիի, Զանգեզուրի, Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի վրայ, որոնց նկատմամբ յաւակնութիւններ ունէին մեր կովկասեան դրացիները”:

Օսմանեան կառավարութիւնը անդրկովկասեան պետութեանց խոստացեր էր օգնել, որպէսզի անոնք ալ հաշտութիւն կնքեն իր դաշնակիցներուն` Գերմանիոյ, Աւստրիա-Հունգարիոյ եւ Պուլկարիոյ հետ: Թուրքերը նաեւ պիտի փորձէին լուծել անկախութիւն հռչակած Վրաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խնդիրները:

Խատիսեանը կը գրէ. “Թուրքերը շատ լաւ ծանօթ էին մեր ծրագիրներուն եւ ձգտումներուն, բայց կենսունակ Հայաստանի մը գոյութիւնը չէին ուզեր: Անոնք դէմ էին, որ Ղարաբաղն ու Զանգեզուրը կցուին Հայաստանին, որովհետեւ կ’ուզէին բաց պահել իրենց ճամբան դէպի Պաքու: Դէմ էին, որ Ախալքալաքն ու Լոռին մեզի տրուին, որովհետեւ կ’ուզէին ազատ պահել ճամբան դէպի Ղազախ եւ Գանձակ: Երբ գծուած սահմաններով մեր քարտէսը թուրքերուն ներկայացուցինք, տեսանք, որ ատրպէյճանցիներն ու վրացիներն ալ շարք մը հայկական հողամասեր մտցուցեր էին իրենց սահմաններուն մէջ: Հրապարակ կու գար ներքին վտանգաւոր հակամարտութիւն մը, զոր յետոյ արտայայտուեցաւ հայ-վրացական եւ հայ-ատրպէյճանական ընդհարումներով”:

Աւելի քան չորս ամիս սպասելէ յետոյ խորհրդաժողովն այդպէս ալ չի կայանար, ինչի հիմնական պատճառը ռազմաճակատներուն վրայ այդ օրերուն գերմանացիներու եւ օսմանցի թուրքերու անյաջողութիւններն էին: Հայկական պատուիրակութեան դիւանագիտական աշխատանքները Պոլսոյ մէջ կը սահմանափակուէին Թուրքիոյ ղեկավար շրջանակներու եւ օտարերկրեայ դեսպաններու հետ հանդիպումներով:

Ամերիկահայ պատմաբան Ռիչըրտ Յովհաննիսեանը կը գրէ. “Ահարոնեանի, Խատիսեանի եւ առաքելութեան քարտուղարի զեկուցագիրները կը նկարագրէին նուաստացուցիչ հանդիպումները Էնվերի եւ Թալէաթի հետ: Աղերսարկուներն այնքան նուաստացան, որ ստիպուած երախտագիտութիւն յայտնեցին Օսմանեան Կայսրութեան` հայկական հանրապետութեան հիմնադրումը թոյլատրելու համար: Այս քննարկումներուն ընթացքին Թալէաթը հայկական աղէտին մեղքը կը նետէր քիւրտերուն, զինուորական իշխանութեանց եւ տեղական անպատասխանատու պաշտօնեաներու վրայ, բայց նաեւ կը դատապարտէր հայերը` օսմանեան հայրենիքին նկատմամբ անհաւատարմութեան համար”:

Հայոց դէմ 1918-ի Սեպտեմբերի Պաքուի ջարդերուն կապակցութեամբ Խատիսեանը եւ Ահարոնեանը կը հանդիպին Թալէաթին, որ Էնվերի եւ ուրիշ երիտթուրք պարագլուխներու հետ Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր ծրագրողն ու իրականացնողն էր: Խատիսեանը կը գրէ. “Երբ մենք մեր բողոքը յայտնեցինք Թալէաթին, թէ թրքական զօրքերը Ղարաբաղի վրայ յարձակելու կը պատրաստուին, Թալէաթը վերցուց հեռաձայնը եւ սկսաւ Էնվերին հետ խօսիլ` ըսելով, որ “հայերը կը խնդրեն Ղարաբաղի վրայ յարձակելու հրաման չտալ”: Այս խօսակցութենէն ետք Թալէաթը մեզի յայտնեց, որ ինքը կ’երաշխաւորէ, թէ Ղարաբաղի վրայ որեւէ յարձակում պիտի չ’ըլլայ: Թալէաթէն ետք մենք Էնվեր փաշային նոր այցելութեան մը կարիքն զգացինք: Էնվերը մեզի կրկին հաւաստիացուց, որ ինքը հրաման տուած է չգրաւել Ղարաբաղը”:

Հոկտեմբերին հայկական պատուիրակութիւնը կ’ընդունի նաեւ սուլթանը: “Կրօնական արարողութենէն ետք մզկիթին մէջ Էնվեր փաշան մեզ ներկայացուց սուլթանին: Ահարոնեանը Հայաստանի անունով ճառ մը արտասանեց եւ յոյս յայտնեց, որ անկախ Հայաստանն ու Թուրքիան այսուհետ բարի դրացիներ պիտի ըլլան: Սուլթանը պատասխանեց, թէ ինքը շատ երջանիկ է, որ ՙդարաւոր բարեկամական՚ յարաբերութիւնները հայոց ու թուրքերուն միջեւ այժմ քաղաքական բարեկամութեան կը վերածուին Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ”:

Քանի մը օր ետք Էնվեր փաշան Հայաստանի պատուիրակները իր տունը ճաշի կը հրաւիրէ: Խատիսեանը կը շարունակէ. “Արեւելքի ամբողջ շքեղութիւնը բացուեցաւ մեր առջեւ: Ոսկի, մետաքս, գորգ եւ ամէն տեսակ թանկարժէք իրերով լեցուն էր Էնվերին բնակարանը: Ճաշի հրաւիրուած էին նաեւ գերմանացի զօրավար ֆոն Սեքթը, Թալէաթ եւ Իզզէթ փաշաները եւ կովկասեան երեք պատուիրակութիւնները: Սեղանին շուրջ խօսակցութեան նիւթը կովկասեան նորակազմ հանրապետութեանց ապագան էր”:

Պոլսոյ մէջ պէտք է քննարկուէին նաեւ անդրկովկասեան երեք հանրապետութեանց սահմանային վէճերը: Հայաստանը կ’առաջարկէր հետեւեալ տարբերակը. Ատրպէյճանը կը ստանայ Անդրկովկասի 38 տոկոսը, Վրաստանը` 33, Հայաստանը` 29: Վրացական եւ ատրպէյճանական պատուիրակութիւնները կը մերժեն:

Հայկական պատուիրակութիւնը կը հանդիպի նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Իզզէթ փաշայի հետ, որու ընթացքին համաձայնութիւն ձեռք կը բերուի, որ օսմանեան բանակը ետ քաշուի մինչեւ Պրէսթ-Լիթովսքի համաձայնագիրով որոշուած սահմանները: Փոխարէնը, հայկական պատուիրակութիւնը խոստացաւ լաւ յարաբերութիւններ հաստատել օսմանեան կառավարութեան հետ:

Աշնան` օսմանցի պաշտօնեաները տարածքային հարցին մէջ պայմանական աջակցութիւն առաջարկեցին: Էնվերն Ահարոնեանին եւ Խատիսեանին ակնարկեց, որ Թուրքիան կը պաշտպանէ Հայաստանի յաւակնութիւնները Լոռիի եւ Փամբակի նկատմամբ եւ կրնայ թոյլատրել Հայաստանի ծաւալումը մինչեւ Պրէսթ-Լիթովսքի սահմանները: Թալէաթը յայտարարեց, որ իր կառավարութիւնը Ահարոնեանի պատուիրակութեան փնտռածէն ալ աւելի մեծ զիջումներ կը շնորհէ: Քանի մը օր ետք` Դաշնակիցներուն օսմանցիներու անձնատուր ըլլալու նախօրեակին, կառավարութիւնը հրաժարական տուաւ:

Հայ պատուիրակները Հայաստան վերադարձան: Խատիսեանը կը գրէ. “20 Հոկտեմբերին մեր քով եկաւ Ռաուֆ պէյին համհարզը եւ խնդրեց ծովային նախարարին մօտ երթալ: Ան մեզի ըսաւ. “Այս գիշեր ես անգլիական ծովակալին մօտ պիտի երթամ զինադադար կնքելու, Ձեզի ալ կ’առաջարկէի ինծի հետ միասին անոր մօտ երթալ: Թող անգլիացիները տեսնեն, որ մենք հաշտուած ենք”: Յիշելով Ռաուֆ պէյին անհաշտ դիրքը Տրապիզոնի խորհրդաժողովին` հարցուցի, թէ մեր սահմաններն ինչպիսի՞ք պիտի ըլլան: Ան պատասխանեց. “1914-ի սահմանները, սրբագրութեամբ ի հաշիւ Ալաշկերտի հովիտին”: Մենք, հարկաւ, չէինք կրնար մեր հաւանութիւնը տալ: Դաշնակիցները յաղթած էին, իսկ մեր յոյսը կապուած էր անոնց յաղթանակին հետ: Եւ չգացինք”:

Հատուած ՀԱՅԵՐԸ ԵՒ ԹՈՒՐՔԵՐԸ գիրքէն

Հայացք Արարատէն. Հայերը եւ Թուրքերը, արևմտահայերենՀայեացք Արարատէն. հայերը եւ թուրքերը` պատերազմ, պաղ պատերազմ, դիւանագիտութիւն գիրքը բաղկացած է երեք մասերէ` հայ-թրքական յարաբերութիւնները 1918-1921, Խորհրդային Միութեան տարիներուն կայացած յարաբերութիւնները եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները 1988-էն այսօր: Գիրքի պատրաստութեան համար Թաթուլ Յակոբեան բազմաթիւ զրոյցներ ունեցած է պետական պաշտօնեաներու հետ, օգտագործած է բազմատեսակ աղբիւրներ, կատարած է այցելութիւններ եւ ուսումնասիրած է բազմաթիւ հրատարակութիւններ: Հեղինակը հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարիւրամեայ պատմութիւնը ներկայացնելով պատմաբանասիրականը կը միացնէ լրագրականին եւ առարկայականը` վերլուծականին:

Լուսանկարում՝ Միքայել Պապաջանյան