Էլչիպէյի ժամանակաւոր յաջողութիւնը եւ վերջնական պարտութիւնը. 1992-1993 թթ

3703

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն

Քսաներկուերորդ գլուխ

7 Յունիս 1992ին Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութեան` Ժողճակատի առաջնորդ Ապուլֆազ Էլչիպէյը կը յաղթէ ձայներու աւելի քան 60 տոկոսով:

Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման Էլչիպէյի բանաձեւը Ղարաբաղի բոլոր հայոց արտաքսումն էր, առաջադրանք մը, զոր անոր համոզումով, ընդունակ էր իրականութիւն դարձնել ազգային բանակը:

ՙԵթէ մինչեւ այս տարուայ Հոկտեմբերը Ղարաբաղի մէջ թէկուզ մէկ հայ մնայ` Ատրպէյճանի ժողովուրդը կրնայ զիս կախաղան հանել Պաքուի կեդրոնական հրապարակին մէջ՚,- իր ժողովուրդին կը խոստանար ան:

Ուրիշ առիթներով` ան կը պարծենար, թէ թէյ պիտի խմէ Ստեփանակերտի մէջ, ոտքերը պիտի լուայ Սեւանի ջուրերուն մէջ: Ի տարբերութիւն ռուսամէտ Մութալիպովի` Էլչիպէյը ռուսատեաց էր եւ թրքամէտ: Նոյնիսկ Մոսկուայի մէջ բանակցութեանց ընթացքին ան կը խուսափէր ռուսերէնէն եւ կը շփուէր թարգմանիչի օգնութեամբ: Ան չէր թաքցներ իր հակաիրանական հռետորութիւնը, Թաւրիզը միացեալ Ատրպէյճանի մայրաքաղաքը կը սեպէր:

Նախագահական ընտրութենէն ընդամէնը հինգ օր յետոյ` Յունիս 12էն 15ն ինկած ժամանակահատուածին մէջ, ատրպէյճանական զինոյժը լայնածաւալ գրոհով վերահսկողութեան տակ կ’առնէ Շահումեանի ողջ շրջանն ու քանի մը բնակավայրեր Ասկերանի եւ Մարտակերտի շրջաններուն մէջ: Հայաստանի նախագահը հակագրոհի լուրն ստացաւ Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ:

13 Յունիսին կը տարածուի Տէր Պետրոսեանի յայտարարութիւնը. ՙՀայաստանը վճռականօրէն կը բողոքէ Ատրպէյճանի յարձակման դէմ եւ կը դիմէ համաշխարհային հանրութեան` անյապաղ միջոցներ ձեռք առնելու Ղարաբաղի դէմ լայնածաւալ յարձակումը կանգնեցնելու եւ մարդկային նոր զոհերէ ու աւերածութիւններէ խուսափելու համար: Եթէ Ատրպէյճանին զսպելու միջազգային ճնշումն ուշանայ` Հայաստանը Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը պաշտպանելու համար վճռական գործողութիւններ ձեռնարկելէն եւ անհրաժեշտ օգնութիւնն ու աջակցութիւնը ցոյց տալէն այլընտրանք պիտի չունենայ՚: Տէր Պետրոսեանը կը հանդիպի նախագահ Պուշի, վարչապետ Տէմիրէլի եւ Իրանի փոխնախագահ Հապիպիի հետ:

Ատրպէյճանական յարձակումն անսպասելի չէր: Լ. Ղ. Հ.ի Պաշտպանութեան Կոմիտէի նախագահ Սերժ Սարգսեանը պարզաբանած է. ՙՄենք գիտէինք, որ կանուխ կամ ուշ թշնամին այսպիսի յարձակում կը ձեռնարկէ: Ճիշդ չէր ըլլար ըսել, թէ չենք նախապատրաստուած: Դժբախտաբար, ստուարածաւալ այդ ոյժին չյաջողեցանք դիմակայել: Մօտաւոր հաշուարկներով` յարձակման կը մասնակցէին 150 միաւոր զրահապատ կառք, քանի մը հազար հետեւակազօր: Ատրպէյճանին մեծ քանակութեամբ զրահապատ կառքեր տրուած են Ա. Պ. Հ.ի բանակէն՚: Սարգսեանը նշած է պարտութեան ուրիշ պատճառ մըն ալ. ՙՇուշիէն ու Լաչինէն ետք տեսակ մը տօնական տրամադրութիւն կը տիրէր, շատերը կը կարծէին, որ իրենց բաժին կռիւն ըրած-վերջացուցած են, զայն պէտք է նորերը, զօրակոչիկները շարունակեն՚:

Արքատի Տէր Թադեւոսեանը կը վկայէ. ՙՄարտակերտի մէջ մենք ռուսերու դէմ կը կռուէինք: Խորհրդային բանակի անօթի սպաները մնացած էին Կեանճայի մէջ: Անոնք հրասայլերով հասան մինչեւ Մարտակերտ, ապա մէկ անգամէն ետ շրջեցան եւ հեռացան` ատրպէյճանցիները մեր դէմ ձգելով՚:

Տէր Թադեւոսեանն ուրիշ առիթներով պարտութեան շարք մը ուրիշ պատճառներ ալ թուարկած է: Առաջին կարգին ան նշած է Հայաստանի զինուած ոյժերու ստեղծման ուշացումը, Հ. Հ. Շ.ական ղեկավարութեան եւ Հ. Յ. Դ.ի միջեւ քաղաքական կոշտ դիմակայութիւնը, Շուշիի յաղթանակէն եւ Լաչինի միջանցքի բացումէն ետք հայկական ոյժերուն մօտ ստեղծուած տօնական տրամադրութիւնը, մարտական ոգիի անկումն ու խուճապը, հետախուզական տուեալներու պակասը:

ՙՀայաստանի եւ Արցախի քաղաքական ղեկավարութիւնը զբաղած էր իշխանութեան համար պայքարով, եւ Արցախի պաշտպանութեան ուժեղացման համար անհրաժեշտ միջոցներ չձեռնարկեց: Այս հարցին մէջ մեղքն առաջին կարգին Հայաստանի քաղաքական ու ռազմական ղեկավարութեանն էր, քանի որ ան կը վերահսկէր այն միջոցները (ջոկատներ, զէնք ու ռազմամթերք), զորս պէտք է Արցախի պաշտպանութեան ուժեղացմանն ուղղուէին: Մարտակերտի պաշտպանութեան հրամանատարութիւնը ո’չ Ստեփանակերտէն, ո’չ ալ Հայաստանէն անհրաժեշտ օգնութիւն ստացաւ: Ինքնապաշտպանութեան ոյժերու իննը վաշտերէն Մարտակերտի շրջանի պաշտպանութեան, մինչեւ 4 Յուլիսին անոր անկումը, մասնակցեցաւ միայն Աշոտ Ղուլեանի առաջին վաշտը՚,- կը գրէ Տէր Թադեւոսեանը:

Յաղթանակն ունի տէր, երբեմն` բազմաթիւ, մինչդեռ պարտութիւնը որբ է: Ժողովրդային այս իմաստութիւնը ճիշդ եւ ճիշդ Շուշի-Լաչինի յաղթանակի ու Շահումեան-Մարտակերտի պարտութեան համար է: Երբ ղարաբաղեան ոյժերն ու խաղաղ բնակչութիւնը խուճապահար կը ձգէին Արցախի հիւսիսային շրջանները` այս պարտութեան մէջ Հայաստանն ու անոր ղեկավարութիւնն են նաեւ մեղաւոր, իսկ երբ կ’ազատագրուի Շուշին` ամէն ջանք կը գործադրուի ցոյց տալու, թէ Հայաստանէն ռազմական օգնութիւն չէին հասցներ:

Շահումեանի եւ Մարտակերտի պարտութեան հարցին մէջ Սամուէլ Պապայեանը զէնքի պակասութիւնը կը շեշտէ. ՙ1992ի Փետրուարին Ատրպէյճանին կը յանձնուի նախկին Խ. Ս. Հ. Մ.ի 4րդ բանակին ողջ սպառազինութիւնը: Մինչ Ատրպէյճանն զբաղած էր այդ գործերով, մենք յանկարծակիօրէն սկսանք եւ յաջողութեամբ աւարտեցինք Շուշիի գործողութիւնը: Սակայն, զինամթերքի պակասութիւն ունէինք: Հայաստանին նախկին Խ. Ս. Հ. Մ.ի 7րդ բանակի սպառազինութեան մէկ մասը յանձնուեցաւ միայն Օգոստոսին: Ճիշդ չեն ատրպէյճանական, երբեմն նաեւ հայկական կողմերուն պնդումները, թէ պատերազմի տարիներուն Արցախին եւ Հայաստանին ռուսերը օգնած են: Կան փաստաթուղթեր` նայեցէ’ք, տեսէ’ք, թէ ե՞րբ, որո՞ւ եւ ի՞նչ տուած են: Մեր անյաջողութեանց գլխաւոր պատճառն այդ ատեն զէնքի եւ զինամթերքի պակասն եղած է՚:

Թաշքենդ. խորհրդային զինանոցի բաշխումը

14 Մայիս 1992ին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներն զբաղած էին միանգամայն տարբեր խնդիրներով: Տէր Պետրոսեանը Թաշքենդի մէջ Ա. Պ. Հ.ի հինգ երկիրներու` Ռուսիոյ, Պելառուսի, Իւզպէկիստանի, Ղազախիստանի եւ Թիւրքմէնիստանի ղեկավարներուն հետ Ա. Պ. Հ.ի զինուած ոյժերու կարգավիճակին եւ յետագայ ճակատագիրին վերաբերող հարցեր կը քննարկէր: Պաքուի մէջ այդ օրը, ընդամէնը մէկ օրով, իշխանութեան վերադարձեր էր Մութալիպովը:

15 Մայիսին Իւզպէկիստանի մայրաքաղաքին մէջ կը ստորագրուի Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրը (Հ. Ա. Պ.), խորհրդային զէնքը կը բաժնուի Ա. Պ. Հ.ի երկիրներուն միջեւ: Թէ ո՞վ որքան զէնք է ժառանգած խորհրդային զինանոցէն` հակասական եւ վիճելի կը մնայ:

Տէր Պետրոսեանն աւելի առաջ յատուկ յայտարարութիւն տարածած էր, որով կ’առաջարկէր 20 Մարտին Քիեւի մէջ Ա. Պ. Հ.ի գագաթաժողովի օրակարգին առաջին կէտ ընդգրկել Ա. Պ. Հ.ի միացեալ զինուած ոյժերու 4րդ բանակին կողմէ Ատրպէյճանին զէնքի անօրինական յանձնման հարցը. ՙ1992ի սկիզբէն Ատրպէյճանի ազգային բանակի տրամադրութեան տակ դրուած են Անդրկովկասի զինուորական օքրուկի մինչեւ 8 մեկաթոն ընդհանուր հզօրութեամբ զէնքի եւ զինամթերքի պահեստներ, յիսունէ աւելի Թէ.-72 եւ այլ հրասայլեր, աւելի քան հարիւր միաւոր մարտական զրահամեքենայ, տասնեակ խոշոր տրամաչափի հրետանային կայանքներ, այդ թուին` Պէ. Էմ.-21 ՙԿրատ՚ կայանքներ, իննը միաւոր մարտական հարուածային ուղղաթիռ, ուրիշ ռազմական գոյք, այդ թուին` հրազէն եւ անոր զինամթերքը: Այդ ամբողջ գոյքը, զոր առանց մէկ կրակոցի եւ զինծառայողներու որեւէ դիմադրութեան ձեռք բերուած է, անյապաղ կը յայտնուին Ղարաբաղի մէջ եւ կը կիրառուին անոր բնիկ ժողովուրդը ֆիզիքապէս ոչնչացնելու համար՚:

Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ առաջին դեսպան Վլատիմիր Սթուփիշինը իր յուշերու գիրքին մէջ Տէր Պետրոսեանի հետ 20 Յունիս 1992ի իր զրոյցէն հատուած մը կը մէջբերէ: Նախագահը մտահոգութիւն կը յայտնէ Ատրպէյճանին զինելու Մոսկուայի կեցուածքին հանդէպ. ՙՀրասայլերու եւ մարտական ուրիշ զրահամեքենաներու զգալի քանակութիւն ստանալով` ատրպէյճանցիք Ղարաբաղի դէմ յարձակումի ձեռնարկած են: Մարտերուն ընթացքին ռուս վարձկաններ կը գործածուին, անո’նք են, որ Ստեփանակերտը կը ռմբահարեն: Այդ ամէնը շատ գէշ կերպով կ’ընկալէ Հայաստանի բնակչութիւնը, որ կը փափաքէր ապագային ալ Ռուսիան իբրեւ դաշնակից տեսնել՚:

Հայաստանը խորհրդային զինանոցի իր բաժինը ուշ կը ստանայ: Վահան Շիրխանեանը մասնակցած է 7րդ բանակի ունեցուածքը Հայաստանին փոխանցելու գործընթացին:

ՙՀրահանգն ստորագրեց Կրաչովը 1992ի Մայիսին: Ատրպէյճանն այդ ժամանակ արդէն ուղղակիօրէն բռնագրաւած էր (իր տարածքին մէջ գտնուող խորհրդային) զէնքը, զինամթերքը եւ ռազմական զրահամեքենաները: Մինչեւ հրահանգի ստորագրումը` յարաբերութիւնները շատ լարուած եւ նոյնիսկ թշնամական էին: Անոնք (ռուսերը) կը փորձէին Հայաստանէն զէնքը, զինամթերքը եւ զրահամեքենաները դուրս հանել` շրջանցելով նախագահի` պատկան մարմինները տեղեակ պահելու հրամանագիրը: Հրահանգի ստորագրումէն ետք մենք վերցուցինք Ռուսիոյ երեք զօրաբաժիններէն երկուքին ունեցուածքը` մէկը ձգելով անոնց, եւ ատիկա Կիւմրիի 102րդ ռազմակայանին հիմքը դարձաւ: Օդոյժի առումով միշտ զիջած ենք, որովհետեւ Հայաստանի մէջ օդոյժ չէ եղած, իսկ Ատրպէյճանն ունէր երկու շատ լաւ ռազմական օդանաւակայան` բազմաթիւ օդանաւերով՚:

Խորհրդային զինանոցէն բան մըն ալ բաժին կը հասնի նաեւ Ղարաբաղին: 366րդ մեքենայացուած հրաձգային գունդը Ստեփանակերտէն դուրս բերելու ատեն ղարաբաղցիները կ’ընդդիմանան: 28 Փետրուար 1992ին Ա. Պ. Հ.ի միացեալ զինուած ոյժերու գլխաւոր հրամանատար, օդոյժի մարաջախտ Եւկէնի Շափոշնիքովը հեռագիրներ ղրկած էր Մութալիպովին, Տէր Պետրոսեանին եւ Անդրկովկասի զինուորական օքրուկի զօրքերու հրամանատարութեան: Հեռագիրին մէջ կ’ըսուէր, որ Ղարաբաղի մէջ իրավիճակը ՙխաղաղ կարգաւորման միտում չունի, զրահամեքենաներու, զէնքի եւ զինամթերքի բռնագրաւման յանցաւոր գործողութիւնները կ’ուղեկցուին անմեղ մարդոց մահուամբ ու խեղումներով՚: Շափոշնիքովը կը հրամայէ 366րդ գունդը դուրս բերել Ղարաբաղէն:

Ա. Պ. Հ.ի ոյժերու խոշոր անկարգելախումբ մը կ’իջեցուի Ստեփանակերտէն 366րդ գունդին դուրսբերումն ապահովելու նպատակով: Ղարաբաղի բնակչութիւնը Շափոշնիքովի հրամանը վաղաժամկէտ կը սեպէր` ելլելով խորհրդային բանակի զինանոցի հաշուին Ատրպէյճանի բանակի լաւ զինուածութեան փաստէն:13 Երթուղիները կը շրջափակեն տեղի զինուած կազմաւորումները եւ բնակիչները: Կը յաջողուի անձնակազմին մէկ մասը Կեանճա տեղափոխել: Մարտի լոյս 3ի գիշերը գունդի գումարտակներէն մէկուն վրայ յարձակման ատեն անկարգելաւոր մը կը զոհուի: Զօրքին լքած զինուորական աւանը կը գրաւեն զինուած կազմաւորումները:

Ռոպէրթ Քոչարեանը 1994ի Յունուարին ռուսական հեռատեսիլին հետ զրոյցին մէջ ըսած է, որ ղարաբաղեան շրջանին մէջ կը պատերազմին նախ եւ առաջ այն զէնքով, զոր Խորհրդային Միութիւնը ձգած է Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին:

ՙՄեր բախտը բերաւ, որ Ղարաբաղի տարածքին տեղաբաշխուած էր երեք զօրամաս, եւ այդ զէնքը մեզի բաժին ինկաւ: Ատիկա խորհրդային զէնք էր: Պայմանագիրով` մենք այդ զէնքը պէտք է Ատրպէյճանին յանձնէինք, սակայն ատիկա թոյլ չտուինք: Այդ զէնքը մենք բռնագրաւած ենք: Զայն դուրս հանելու փորձ եղած է, անկարգելաւորներ բերած էին, զօրավարներ եկած էին, սակայն մեր կողմէ յուսալիօրէն շրջափակուած էր. աւելին, մենք այդ կը նկատենք մեր բաժինը խորհրդային այն զինանոցէն, զոր Ղարաբաղն օրինականօրէն շահած է 70 տարիներու ընթացքին՚:

Ռուս լրագրողի` ՙՀայաստանէն բան մը կը բերո՞ւի՚ հարցումին Քոչարեանը պատասխանած է. ՙՀայաստանն իսկապէս մեզի հակաօդային միջոցներ տուած է, այնպէս որ մենք կրցանք Լ. Ղ. Հ.ն յարաբերաբար ապահովել ատրպէյճանական օդոյժի թռիչքներէն՚:

Տէր Պետրոսեանն անձամբ Ելցինին գրաւոր տեսքով դիմած է զէնք մատակարարելու խնդրանքով: Քանի որ Ատրպէյճանին խորհրդային ռազմական զինանոցէն Հայաստանէն աւելի բաժին հասած էր, Ռուսիոյ նախագահը կը փափաքէր հաւասարակշռութիւնը պահպանել: Կարեւոր էին Տէր Պետրոսեանի եւ Ելցինի, Վազգէն Սարգսեանի ու Փաւել Կրաչովի միջեւ հաստատուած լաւ կապերը: Տէր Պետրոսեանը հաւաստիացուցած է` ՙբոլոր խօսակցութիւնները, թէ ռուսերը հայոց օգնած են` մեծ մասամբ առասպելներ են: Ռուսերը շատ ազնիւ պահուածք դրսեւորեցին եւ հաւասարակշռութիւնը պահեցին՚:

ՙՊարզուեցաւ, որ Ատրպէյճանի մէջ Հայաստանէն երեք անգամ աւելի զէնք կայ: Ռուսական կողմին հետ բանակցութեանց ընթացքին եկանք այն հետեւութեան, որ պէտք է փոխհատուցում տալ ու ես կրցայ զանոնք համոզել այս հարցով: Ելցինը համաձայնեցաւ, որ ոյժերու հաւասարակշռութիւնն անհրաժեշտ է պահպանել: Հաւասարակշռութիւն, բայց ոչ աւելի: Յետագայ տարիներուն` 1992, 1993 եւ 1994 թուականներուն, Ատրպէյճանէն մեր ունեցած ռազմական պակասը մենք գրեթէ լիովին վերականգնեցինք: 1994ին մենք նոյն մակարդակին վրայ էինք, նկատի ունիմ սպառազինութիւնը` հրասայլեր, հրետանի, զրահամեքենաներ, հրազէն՚:

Վազգէն Սարգսեանը 1993ի ձմրանը խոստովանած է. ՙԵս կը տրամադրեմ Անդրկովկասի զինուորական օքրուկի պաշտօնաթերթին մէջ տպագրուած ռուսական հետախուզութեան տուեալները, թէ Ատրպէյճանն ինչքան, Վրաստանն ու Հայաստանն ինչքան զէնք ու զինամթերք ստացած են: Եթէ այդ տուեալները (որու մասին միայն հանրապետութեան նախագահն ու ես գիտէինք) մենք մէկ տարի առաջ հրապարակէինք, ժողովուրդին սիրտը կը պայթէր յուսահատութենէն: Վեց-եօթը ամիս մէկուկէս զօրաբաժինով կռուած ենք չորս զօրաբաժինի դէմ, կռուած ենք քսան անգամ աւելի քիչ զինամթերքով՚:

1997ին, զօրավար Լեւ Ռոխլինը Պետական Տումա ներկայացուց զեկոյց մը, որուն մէջ կը պնդէր, թէ Ռուսիան Հայաստանին մատակարարած է մօտ մէկ միլիառ տոլարի (որմէ 720 միլիոնը զէնքերուն արժէքն է, մօտ 300 միլիոնը` փոխադրութեան ծախսերը, պահեստամասերը) սպառազինութիւն: Ծանր սպառազինութեան մեծ մասն առաքուած է պատերազմէն յետոյ` 1995-96 թուականներուն: Ըստ Ռոխլինի զեկոյցի` հայկական կողմը 1992ի Օգոստոսէն զինամթերք ստացած է Հիւսիսային Կովկասի Մոզտոկ քաղաքի ռազմակայանի պահեստէն:

Շահումեանի անկումը, օրհասական վիճակ Մարտակերտի մէջ

Ղարաբաղեան պայքարի տարեգիրներէն Զօրի Բալայեանն այսպէս կը նկարագրէ Շահումեանէն եւ Մարտակերտէն գաղթը 1992ի ամրանը. ՙԱհաւոր տեսարան էր: Մարդիկ իրենց առջեւը ձգած կը քշէին կմախք դարձած իրենց անասունները, շալկած կամ չես գիտեր ուրկէ գտած անդրջրհեղեղեան սայլերու բարձած` իրենց ունեցուածքը կը տանէին: Կիզիչ արեւը կանանց ու երախաներուն դէմքերը կ’այրէր՚:

Շահումեանի եւ Գետաշէնի մէջ բախումներն սկսած էին 1990ի սկիզբներուն: Մութալիպովն ու Փոլեանիչքօն, ի տարբերութիւն Հայաստանի ոչ-համայնավար իշխանութեանց, կը շարունակէին սերտօրէն համագործակցիլ Քրեմլինի հետ: Պաքուն յաջողեցաւ խորհրդային ուժային կառոյցներու աջակցութիւնն ստանալ: Հայ-ատրպէյճանական բախումները կանխելու նպատակով խորհրդային բանակի եւ ներքին գործոց նախարարութեան ստորաբաժանումներ տեղակայուեցան Շահումեանի եւ Գետաշէնի մէջ:

Աւելին, ատրպէյճանական իշխանութիւնները Քրեմլինի ուժայինները կրցած էին համոզել, որ պէտք է հայ ֆետայիները Շահումեանէն եւ Գետաշէնէն ՙմաքրել՚: ՙԱնձնագրային դրութեան ստուգման՚ պատրուակով` ատրպէյճանական ոստիկանական ջոկատները խորհրդային զինուած ոյժերուն օժանդակութեամբ 1991ին իրականացուցած էին տխրահռչակ ՙՕղակ՚ գործողութիւնը` հազարաւոր հայ բնակիչներ տեղահանելով:

1992ի ամրանը Շահումեանի եւ Մարտակերտի անկման օրերուն, Աշոտ Մանուչարեանը Հայաստանի մէջ երեք պաշտօն կը զբաղցնէր` ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար, նախագահի` ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական եւ Արցախի հարցերով գործողութեանց գրասենեակի (օփերաթիւ շտաբ) պետ: ՙՌուսական 23րդ զօրաբաժինը` մօտ 50 հրասայլ իրենց անձնակազմերով, տրամադրուեցաւ ատրպէյճանցիներուն, եւ անոնք մտան մարտի մէջ: Ատրպէյճանցիները ջախջախիչ առաւելութիւն ունէին եւ Շահումեանն ինկաւ այդ պայմաններուն մէջ: Պաշտպանութիւն կազմակերպելն անհնար էր: Անկազմակերպուածութիւն կար, բայց բանակը կանոնաւոր չէր, փարթիզանական ջոկատներու ամբողջութիւն էր, եւ շատ դժուար էր 50 հրասայլի դէմ կռուիլ, մանաւանդ, որ այդ գրոհը մէկ անգամէն եղաւ՚:

Բայց ռուսական պատմութիւնը ուրիշ երես մըն ալ ունի:

ՙԲեկումը սկիզբն ալ մտցուած է ռուսերուն միջամտութեամբ: Մենք կրցանք ռուսերուն համար ստեղծել քաղաքական վիճակ մը, որու հետեւանքով անոնք այդ հրասայլերը ատրպէյճանցիներու ենթակայութենէն հանեցին: Աւելին, ռուսերն իրենք հարուած հասցուցին` կասեցնելով ատրպէյճանական առաջին ալիքը, որմէ յետոյ մենք շատ արագօրէն վերակազմաւորեցինք մեր ջոկատները եւ կրցանք ճակատը պահել ու գրոհը ետ մղել: Երբ հրասայլերը Մարտակերտ հասան` ետ դարձան, բայց միայն ետ դառնալը քիչ է: Երբ ատրպէյճանցիք Մարտակերտի ուղղութեամբ կը գրոհէին եւ յառաջ կը շարժէին` անոնց գրոհը պահ մը` մէկ օր կանգնեցուցած են ռուսական օդոյժին հարուածով՚,- կ’ըսէ Մանուչարեանը:

Նախագահ Էլչիպէյի մամուլի քարտուղար Արիֆ Ալիեւը նկատել կու տայ, որ ինչպէս հայկական, այնպէս ալ ատրպէյճանական յաջող գործողութեանց մէջ ռուսական գործօնը կարեւոր դեր խաղցած է. ՙՈրքան ես գիտեմ եւ կը յիշեմ` խօսակցութիւն կար, որ յաջող ռազմական գործողութեանց եւ Ատրպէյճանին ռուսական ռազմական օգնութեան պարագային Պաքուն իր վրայ որոշակի պարտաւորութիւններ կը վերցնէ: Անշուշտ, պաշտօնապէս չէր ըսուեր, որ Ատրպէյճանը Ռուսիոյ հետ աւելի սերտ յարաբերութիւններ կը պաշտպանէ, աւելի սերտ մասնակցութիւն կ’ունենայ Ա. Պ. Հ.ի հետ, Հ. Ա. Պ.ին կը միանայ: Ատրպէյճանն այդ պարտաւորութիւնները չկատարեց, եւ հակամարտութեան ու Ատրպէյճանի նկատմամբ ռուսական բանակին վերաբերմունքը փոխուեցաւ: Բանական տրամաբանութեան համար դժուար է հասկնալը, թէ երբ սրընթաց, յաջող մարտեր կ’ընթանան, բայց կը կանգնեցուին եւ հակառակ ուղղութեամբ կը շրջուին՚:

Պաշտպանութեան նախարար Վազգէն Սարգսեանը, ի պատասխան դաշնակցական մամուլի մեղադրանքներուն, թէ իբր ինքը շահումեանցիներուն խոստացած է արագօրէն 30 հրասայլ ղրկել, բայց չէ ըրած, ըսած է. ՙՇահումեանը պաշտպանուելու համար ունէր մարդկային եւ ռազմական բոլոր միջոցները, եւ այն, ինչ հոն կրնար ղրկուիլ` արդէն ղրկուած էր: Պարզապէս մեծ դեր կատարեց թշնամիին անակնկալ եւ աննախադէպ, լայնածաւալ յարձակումը: Արագօրէն կուտակուած այդ մեծ հզօրութիւնը երբ յարձակեցաւ ու ճեղքեց պաշտպանական առաջին գիծը` գործել սկսաւ խուճապը, զոր ճամբուն վրայ ամէն ինչ ձնագունդի նման հաւաքելով` քշեց, տարաւ՚:

Շահումեանի անյաջողութեան համար երբեմն կը մեղադրեն Հ. Յ. Դ.ն եւ տեղի հրամանատար Շահէն Մեղրեանը:

Հրանդ Մարգարեանը կ’ըսէ, որ Շահումեանի անկումը Հ. Յ. Դ.ին վերագրելն անբարոյ մեղադրանք է ո’չ այնքան կուսակցութեան, որքան Մեղրեանի հասցէին. ՙԿռիւ էր, եւ կռուի մէջ յաղթել եւ պարտուիլ կային: Մենք ի վիճակի էինք կռուելու, երբ մեր դէմ ատրպէյճանցին կը կռուէր, ի վիճակի էինք, երբ խորհրդային բանակը կողմնակիօրէն կ’օգնէր Ատրպէյճանին, բայց մեր ոյժերն իրօք սահմանափակ էին, երբ խորհրդային բանակը մեր դէմ կը կռուէր: Պուզլուխի անկման ժամանակ հոն էի, 11 հոգի զինուած էինք ինքնաձիգներով, մեր դէմ դուրս եկաւ 11 հրասայլ, ալ չեմ ըսեր օդանաւերու, զինուորներու մասին: Մենք մեր պարտութիւնները կրած ենք ռուսական, աւելի ճիշդ` խորհրդային բանակին պատճառով: Եթէ այսօր չունինք Շահումեանը` այդ չի նշանակէր, որ մեզի ատրպէյճանցիներն են յաղթած՚:

Հրայր Կարապետեանը կ’աւելցնէ, որ հայկական ջոկատները կռուած են մինչեւ վերջ, իսկ ՙՄեղրեանը Շահումեանէն չէ հեռացած քանի դեռ չէ օգնած վերջին շահումեանցիին` դուրս գալու՚:

Զօրի Բալայեանը կը գրէ. ՙՈմանք շահումեանցիները դաւաճան, վախկոտ կը սեպէին: Միւսները բոլորովին չէին կասկածեր, որ անոնց դաւաճանած են: Ճիշդ ատոր համար ալ անոնք չէին ուզեր կանգ առնել Ստեփանակերտի մէջ: Այն փաստը, որ այդ մարդիկ մինչեւ վերջ իրենց երախաները պահած են Կիւլիստանի մէջ` շրջապատուած թշնամական հրասայլերով ու հրթիռներով, կը խօսի այն մասին, որ անոնք ո’չ միայն պայքարած են մինչեւ վերջ, այլեւ յուսացած ու հաւատացած են՚:

Կէորկի Գասպարեանը` ՙԿրատ՚ Ժորան եղած է հրետանիի հրամանատարը, մասնակցած ռազմական գործողութիւններուն` Շուշի, Քելպաճար, Օմարէն մինչեւ Արաքսի ափ, Մարտակերտ: 1992ի ամրանը տասնեակ ուրիշ բնակավայրերու հետ հակառակորդի վերահսկողութեան տակ կ’անցնի անոր ծննդավայր Զարդախաչ գիւղը:

ՙԴուն տեսա՞ծ ես, թէ անասուններն ինչպէս կը քշեն: Ահա’ այդպէս մեր ժողովուրդը` երախաներ, ծերեր, մայրեր, ողբով դուրս կու գային Մարտակերտի գիւղերէն, ոտաբոպիկ կ’անցնէին քովէս: Ատիկա ինծի համար պատերազմին մէջ ամենէն ծանր, ամենէն ողբերգական օրն էր: Այս պատերազմին կորսնցուցած եմ եղբայրս եւ քրոջս տղաները, իմ մարտական ընկեր, հերոս Սամուէլ Սաֆարեանը: Լացած եմ մեր բոլոր զոհուած տղոց համար: Բայց ինծի համար ամենածանրը Շահումեանի եւ Մարտակերտի բռնագրաւումն էր: Սերժ Սարգսեանը զիս Ղարաբաղի հիւսիսային շրջան ղրկած էր, որպէսզի հրետանիի օգնութեամբ գոնէ ապահովուի ժողովուրդի անվտանգ կերպով դուրս բերումն իրենց տուներէն: Քովէս ողբով, լացով կ’անցնէին ուսուցիչներս, ազգականներս, համագիւղացիներս՚:

Աւերուած Ստեփանակերտի մէջ կ’երեւին Շահումեանի եւ Մարտակերտի շրջաններէն եկող առաջին փախստականները: ՙԿեդրոնական հրապարակին մէջ շուտով սունկերու նման աճեցան իւրօրինակ օթեւանները` վրաններ, բեռնատարներ, սայլեր: Մեծամասնութիւնը կանայք, ծերունիներ ու երախաներ էին: Շատ երախաներ կային: Ամէն օր այս անօթի եւ չարացած մարդոց քովէն պէտք է անցնէիր… Անոնք զրկուած էին հարազատ օճախէն, կեանքի ընթացքին ստեղծածէն, հայրերու ու պապերու ձգածէն… Եւ հիմա անոնց ուզածը միայն մէկ բան էր` զիրենք ինքնաշարժներով Երեւան տանիլ: Հոն` Երեւանի մէջ, կ’որոշեն, թէ ի՞նչ ընեն: Միայն թէ չմնան Ստեփանակերտի մէջ: Բոլորը Երեւան կ’ուզէին՚,- կը գրէ Բալայեանը:

Ներքաղաքական լարուածութիւն Հայաստանի մէջ

Շահումեանի եւ Մարտակերտի օրհասական վիճակը 22-24 Յունիսին կը քննարկուի Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի արտակարգ նիստին: Ելոյթ կ’ունենան նաեւ նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանն ու Լ. Ղ. Հ.ի Գերագոյն Խորհուրդի նախագահի պաշտօնակատար Կէորկի Պետրոսեանը: Հ. Հ.ի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կ’առաջարկէ Ատրպէյճանի հետ Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ ռազմական դրութիւն մտցնել, զինուորական տարիքի եւ զինապարտ տղամարդոց Հայաստանէն ազատ արտագաղթն արգիլել, ցոյցերու, հանրահաւաքներու եւ երթերու կազմակերպումն ու իրականացումը ժամանակաւորապէս արգիլել, լրատուամիջոցներուն մէջ ռազմական գրաքննութիւն մտցնել, ինչպէս նաեւ` պատերազմական գործողութեանց ամբողջ ընթացքին Հայաստանի տարածքին ժամանակաւորապէս դադրեցնել քաղաքական բոլոր կուսակցութեանց գործունէութիւնը:

Պաշտպանութեան նախարար Վազգէն Սարգսեանը կ’ըսէր. ՙՊարզապէս չէք պատկերացներ, թէ քաղաքական երկպառակութիւնները որքան կ’ազդեն պաշտպանական խնդիրներուն վրայ, եւ խրամատներուն մէջ կռուող զինուորէն մինչեւ պաշտպանութեան նախարարը այդ անկայունութիւնն իրենց մաշկին վրայ կը զգան, ողջ էութեամբ կը զգան: Ատիկա արտաքին թշնամիէն աւելի վտանգաւոր է: Կը քաղաքականացուին ռազմական ջոկատներ, պետական կառոյցներ, որոշ կուսակցութիւններ նոյնիսկ կը դիմեն այնպիսի տգեղ քայլի, ինչպէս մահացած ռազմիկին իբրեւ որեւէ կուսակցութեան անդամ ՙբացայայտելն՚ է: Այդ կուսակցութիւններէն մեր ժողովուրդն ի՞նչ օգուտ տեսած է: Վերջերս Հ. Յ. Դ.ն սփիւռքի մէջ Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան համար հանգանակած է պատկառելի գումար մը` աւելի քան կէս միլիոն տոլար, որմէ պաշտպանութեան նախարարութիւնը որեւէ կոպէկ չէ ստացած, եւ ընդհանրապէս` այդ գումարներն ո՞ւր գացած են՚:

Տէր Պետրոսեանը կը յայտարարէր, որ վերջին տարիներուն Հ. Յ. Դ.ն արտասահմանի մէջ Արցախին ռազմական օգնութեան նպատակով հաւաքած է հինգ միլիոն տոլար, որմէ ընդամէնը 40 հազարը ծառայած է նպատակին: ՙԱյս չորս տարուան ընթացքին Հ. Յ. Դ.ն Արցախ ընդամէնը 230 ՙՔալաշնիքով՚ ինքնաձիգ ղրկած է: Արցախի մէջ 7 հազար զինուոր կը կռուի, բոլորն ալ ինքնաձիգներով եւ աւելի ծանր զէնքերով զինուած են՚:

Դաշնակցութիւնն այս յայտարարութիւնները զրպարտութիւն եւ ապերախտութիւն կը նկատէ կուսակցութեան հանդէպ, եւ կը պնդէ, որ Հ. Յ. Դ.ն իր առաւելագոյնը տուած է արցախեան ազատամարտին: Բացի նիւթական միջոցներէն, զորս տրամադրած է Հ. Յ. Դ.ն իր աշխարհասփիւռ կառոյցներէն, արցախեան պատերազմի ընթացքին զոհուած են կուսակցութեան մօտ 300 անդամներ, շուրջ հազարը` վիրաւորուած:

ՙՄէկ կողմէ կը հալածուէինք, միւս կողմէ` ճիգ կը թափէինք արտաքին թշնամիին դէմ պայքարելով: Յաջողեցանք Հ. Հ. Շ.ական պետականութեան, իշխանութեան տակ պայքարը շարունակել: Մենք չենք փորձած ներքաղաքական հարցերը հայրենիքի պաշտպանութեան գործին հետ խառնել: Առաջին իսկ պահէն, երբ պետականութիւնը փորձած է ներկայութիւն ունենալ Ղարաբաղի մէջ` անոր ենթարկուած ենք: Մենք յստակ գիծ մը որդեգրած էինք` երկրի պաշտպանութիւնն ընդհանուր, պետական գործ է, մենք պէտք է զինուոր ըլլանք, եւ պաշտպանութիւնը պէտք չէ քաղաքականութեան խառնենք՚,- կ’ըսէ Հրանդ Մարգարեանը:

23 Յունիս 1992ին խորհրդարանին մէջ կը ձեւաւորուի ՙԱզգային Դաշինք՚ ընդդիմադիր միաւորումը, որուն մաս կը կազմեն Ռամկավար Ազատական, Քրիստոնեայ Ժողովրդավարական Միութիւն, Հ. Յ. Դ., Ա. Ժ. Մ., Ա. Ի. Մ., Ս. Ի. Մ. եւ Հանրապետական կուսակցութիւնները: Ազգային Դաշինքը խորհրդարանին կը ներկայացնէ որոշման նախագիծ մը` պահանջելով անընդունելի նկատել միջազգային կամ ներպետական որեւէ փաստաթուղթ, ուր Ղարաբաղը իբրեւ Ատրպէյճանի մաս նշուած կ’ըլլայ:

Նոյն օրը Տէր Պետրոսեանը կ’երթայ Սթամպուլ` մասնակցելու Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան երկրորդ խորհրդաժողովին: Էլչիպէյը կը մերժէ հանդիպիլ Հայաստանի նախագահին հետ մինչեւ հայերը դուրս չգան Շուշիէն եւ Լաչինէն: Ռազմաճակատին վրայ ունեցած յաջողութիւնը հայոց հետ շփումներէն հեռու կը պահէր Էլչիպէյը:

Տէր Պետրոսեանը նկատել տուած է. ՙՄենք շփումներ չենք ունեցած, չնայած ընտրութենէն յետոյ հեռաձայնեցի Էլչիպէյին` շնորհաւորելու: Ծիծաղելի բան եղաւ: Անոր օգնականը շփոթեցաւ, յետոյ հեռաձայնեց օգնականիս` հարցնելով, թէ ի՞նչ բանի մասին կ’ուզեմ խօսիլ: Հարկ եղաւ բացատրել, որ նման բաներու մասին հարցնելն ընդունուած չէ, ամէն ինչ պարզ կ’ըլլայ բուն խօսակցութեան ընթացքին: Այդպէս ալ չխօսեցանք: Իսկ Մութալիպովի հետ յարաբերութիւնները բնական էին, բայց սկիզբէն իսկ ինծի համար պարզ էր, որ անոր հետ զրոյցները բան մը չէին պարտադրեր. ան իրական իշխանութիւն չունէր, եւ պայմանաւորուածութիւններն իմաստ չունէին՚:

Քելպաճարի կորուստէն ետք Էլչիպէյն արդէն ստիպուած էր շփուելու Տէր Պետրոսեանի հետ: Ատիկա 1993ի գարնանն էր: 17 Ապրիլին, սրտի անբաւարարութենէն Անգարայի մէջ մահացած էր Թուրքիոյ նախագահը: Թիւրկիւթ Էօզալի թաղման մասնակցելու նպատակով Անգարա գացած էր նաեւ Տէր Պետրոսեանը: 21 Ապրիլին ան Անգարայի մէջ առանձին հանդիպումներ կ’ունենայ Էլչիպէյի, Ալիեւի եւ Տէմիրէլի հետ: Ամերիկացի լրագրող Թոմաս Կոլցը կը պնդէ, որ Անգարայի մէջ Տէր Պետրոսեանն ու Էլչիպէյը երեք անգամ հանդիպած են: Առաջին կարճ զրոյցը տեղի ունեցած է Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ Տէմիրէլի կազմակերպած ընդունելութեան ընթացքին` վերջինիս առաջարկով:

ՙՏէր Պետրոսեանի եւ Էլչիպէյի երկրորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ վերջինիս պանդոկի սենեակին մէջ: Առանձին զրոյց մըն էր, որմէ Էլչիպէյը ցնցուած, խառնուած էր: Վուկարը պատուիրակութեան հետ կը ճամբորդէր իբրեւ թարգմանիչ եւ թիկնապահ: Տէր Պետրոսեանի հեռանալէն ետք ան սենեակ մտած առաջին անձն էր: ՙԷլչիպէյը գլուխը ձեռքերուն մէջ պահած էր: Ես չեմ գիտեր, թէ Տէր Պետրոսեանն ի՞նչ ըսած էր անոր, բայց նախապէս զայն երբեք այդպիսի վիճակի մէջ չէի տեսած: Ես զայն շատ տարբեր վիճակներու մէջ տեսած էի: Ան ջախջախուած էր՚,- ինծի պատմեց Վուկարը՚:

Հայաստանի խորհրդարանի 24 Յունիս 1992ի նիստին Հ. Հ. Շ.ն կը համաձայնի Ազգային Դաշինքի ներկայացուցած որոշման նախագիծին հետ, միայն մէկ` ՙեթէ Լ. Ղ. Հ.ն դէմ է՚ նախադասութեան լրացումով: Գերագոյն Խորհուրդը 8 Յուլիսին կը կայացնէ ՙԼ. Ղ. Հ.ի մէջ ստեղծուած իրավիճակի մասին որոշում՚ը, որով խորհրդարանականները պէտք է ՙհետեւողականօրէն սատար կանգնին Լ. Ղ. Հ.ին եւ անոր բնակչութեան իրաւանց պաշտպանութեան, Հայաստանի համար անընդունելի նկատեն միջազգային կամ ներպետական ամէն փաստաթուղթ, ուր Լ. Ղ. Հ.ն նշուած կ’ըլլայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ՚: Ի պատասխան` Տէր Պետրոսեանը կը հակադրուի. ՙՀայաստանը երբեք չստորագրէր որեւէ փաստաթուղթ, որու տակ չ’ըլլար նաեւ Լ. Ղ. Հ.ի ղեկավարութեան ստորագրութիւնը՚: Ընդդիմութիւնը կը պահանջէր նաեւ, որ Հայաստանը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը:

Ժիրայր Լիպարիտեանը կը գրէ. ՙՏէր Պետրոսեանը մերժեց: Ան կը պնդէր, որ մշտական եւ կայուն լուծումը կը պահանջէր կարգաւորման հասնիլ բանակցութեանց միջոցով` անպայման հիմնուած կողմերու փոխզիջումներուն վրայ, եւ որ Հայաստանի կողմէ Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչումը բանակցութիւնները կը կանխորոշէին եւ խնդիրը չլուծուած կը մնար… 1998ին, նախագահ Քոչարեանի խորհրդականներէն էին Հ. Յ. Դ.ի առաջնորդներէն Վահան Յովհաննիսեանը, Ա. Ի. Մ.ի ղեկավար Պարոյր Հայրիկեանը, Դեմոկրատական Կուսակցութեան առաջնորդ Արամ Սարգսեանը, Ա. Ժ. Մ.ի առաջնորդ Վազգէն Մանուկեանի տեղակալ Դաւիթ Վարդանեանը նախագահի գրասենեակին մէջ Վերահսկողութեան Ծառայութեան տնօրէնն էր: Անոնք բոլորը կը ներկայացնէին այն կուսակցութիւնները, որոնք 1992ին Տէր Պետրոսեանէն կը պահանջէին միակողմանիօրէն ճանչնալ Ղարաբաղի անկախութիւնը: Քոչարեանին միանալու ժամանակէն ի վեր անոնցմէ որեւէ մէկը յառաջ չքաշեց այդ հնարաւորութիւնը, որեւէ մէկը չպահանջեց, առնուազն հրապարակաւ, որ Ղարաբաղը կցուի Հայաստանին՚:

11 Նոյեմբեր 1992ին Տէր Պետրոսեանը լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին ըսած է. ՙՇատ սուր բանավէճերէ յետոյ, խորհրդարանն այնքան խոհեմութիւն ունեցաւ, որ չճանչցաւ Ղարաբաղի անկախութիւնը: Ատիկա պարզապէս մարտահրաւէր կ’ըլլար ողջ աշխարհին, այս անգամ արդէն քաղաքական արկածախնդրութեան միջոցով, կը նշանակէր Ատրպէյճանի հետ պատերազմի ներքաշուիլ՚:

Հայաստանի առաջին արտաքին գործոց նախարար Րաֆֆի Յովհաննիսեանը 1992ի Օգոստոսին ներկայացուցած է Լ. Ղ. Հ.ն ճանչնալու կարեւոր հինգ պատճառները: Թիւ մէկ դիւանագէտը, չընդունելով Տէր Պետրոսեանի դիրքորոշումը եւ հակադրուելով նախագահական վարչանիին, կը պնդէր, որ Լ. Ղ. Հ.ն ճանաչման լուրջ կռուաններ ունի, մասնաւորապէս` Արցախը կը համապատասխանէ Մոնթէվիտէոյի 1933ի պայմանադրութեան` պետականութեան չափանիշներուն. Ղարաբաղն ունի սահմանուած տարածք, մշտական բնակչութիւն, օրինական կառավարութիւն եւ ընտրուած խորհրդարան, ուրիշ երկիրներու հետ պաշտօնական յարաբերութիւններ հաստատելու ունակ է:

Երկրորդ` Ղարաբաղի ժողովուրդը 10 Դեկտեմբեր 1991ի հանրաքուէին միջոցով իրականացուցած է ինքնորոշման իր իրաւունքը:

Երրորդ` Ղարաբաղը տէ-ֆաքթօ անկախ պետութիւն է, Ատրպէյճանի հետ քաղաքական կամ տնտեսական որեւէ կապ չունի, այդ երկրի կառավարութենէն ֆինանսական որեւէ աջակցութիւն չստանար եւ քաղաքացիները հարկեր չեն վճարեր Ատրպէյճանին, սեփական կառավարութիւնը, խորհրդարանն ու պաշտպանական ոյժերն ունի:

Չորրորդ` ատրպէյճանական իշխանութեան ենթակայութեան տակ եղած ժամանակ Արցախի ժողովուրդի քաղաքացիական, մշակութային եւ մարդկային միւս իրաւունքները Խորհրդային Ատրպէյճանը քանիցս ոտնահարած է:

Հինգերորդ` առանց ատրպէյճանական նախայարձակման դէմ միջազգային երաշխիքներու, որոնք կրնայ ապահովել միայն ճանաչումը, Պաքուն կը շարունակէ հետապնդել խնդիրի ռազմական լուծման տարբերակը` նպատակ ունենալով արցախահայութեան ոչնչացումը:

Հանդիպում Սոչիի մէջ

1992ի ամառը Ղարաբաղի եւ Հայաստանի համար ամենածանր ժամանակներն էին պատերազմի երեք տարիներուն ընթացքին: 30 Յուլիսին Լաչինի շրջանի Հոչազ եւ Տիգիկ գիւղերուն մօտակայքը ատրպէյճանական ոյժերն անակնկալ յարձակում մը կատարած էին Ա. Ի. Մ.ի ջոկատներէն մէկուն վրայ, 24 հայեր սպաննուած էին, 8ն` անհետ կորսուած: Օգոստոս-Սեպտեմբերին ղարաբաղեան ոյժերը քիչ մնաց որ Լաչինի միջանցքը կորսնցնէին:

Ատրպէյճանի բանակային երկրորդ զօրամիաւորումը (քորփուս) զօրավար (գեներալ-մայոր) Տատաշ Ռզաեւի հրամանատարութեամբ յարձակում սկսած էր հիւսիսէն: Ղարաբաղեան ոյժերը յաջողեցան հակառակորդը կանգնեցնել Լաչինէն քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Ատրպէյճանական զինոյժը 8 Օգոստոսին գրոհով վերցուցած էր Հ. Հ.ի Քրասնոսելսքի շրջանի` Ատրպէյճանի տարածքին մէջ կղզեակի վերածուած Արծուաշէն գիւղը: Հայկական կողմը աւելի քան երկու տասնեակ զոհ տուաւ:

9 Օգոստոսին Տէր Պետրոսեանը հեռագիր կը յղէ Հ. Ա. Պ.ի ղեկավարներուն` յորդորելով կատարել Հայաստանի նկատմամբ պարտաւորութիւնները, քաղաքական, ռազմական եւ այլ միջոցներով կանխել պատերազմը. ՙԱտրպէյճանը գրաւած է Հայաստանի տարածքին մէկ մասը` Արծուաշէն գիւղը, եւ ներխուժած անոր օդային տարածքը` ռազմական ինքնաթիռներով ռմբակոծելով Գորիսի շրջանը: Հ. Ա. Պ.ի անդամ պետութեանց դէմ նախայարձակում է կատարուած՚: Պատերազմի ծանր շրջանին, Վազգէն Սարգսեանի կոչով, 16 Օգոստոսին կը կազմաւորուի ՙԱրծիւ-Մահապարտներ՚ գումարտակը:

11 Օգոստոսին Ա. Մ. Ն.ի Քոնկրէսն ընդունած էր Ազատութեան Աջակցութեան Աքթի 907րդ ուղղումը, որով ամերիկեան կառավարութեանը կ’արգիլուէր ուղղակի օգնութիւն տրամադրել Ատրպէյճանին, քանի դեռ վերջինս չի դադրեցնէր Հայաստանի ու Ղարաբաղի շրջափակումը: 2001ի Հոկտեմբերին, հաշուի առնելով Ա. Մ. Ն.ի հակաահաբեկչական համընդհանուր պայքարը, Ծերակոյտը ժամանակաւորապէս կը կասեցնէ 907րդ ուղղման ոյժը:

ՙՀայաստանը ամերիկահայ համայնքի աջակցութեամբ կրցաւ Քոնկրէսին հասու դարձնել, որ մեզի պատերազմ պարտադրուած է, երկիրը շրջափակման մէջ է, եւ եթէ Ա. Մ. Ն.ն կ’աջակցի նորանկախ պետութիւններու ժողովրդավարացմանը` պէտք չէ այդ ժողովրդավարացման աջակցութիւնն գործածուի դրացի երկրին հանդէպ թշնամական գործողութիւններ իրականացնելու վրայ, ինչպէս շրջափակումն է՚,- կ’ըսէ Մ. Ա. Կ.ի մէջ Հայաստանի դեսպան Ալեքսանտր Արզումանեանը:

Օգոստոսի կէսերուն Հայաստանին նոր հարուած մը կը հասցուի. կը փակուի աբխազական երկաթուղին, որով կ’ապահովուէր երկաթուղային եւ ցամաքային կապը Ռուսիոյ հետ:

Արզումանեանը 20 Օգոստոսին նամակով կը դիմէ Մ. Ա. Կ.ին` անմիջապէս Անվտանգութեան Խորհուրդի (Ա. Խ.) նիստ հրաւիրելու խնդրանքով: ՙՌուսական զօրքերու օգնութեամբ, Ատրպէյճանը յարձակումներ կ’իրականացնէր Ղարաբաղի նկատմամբ, Մարտակերտի շրջանի զգալի մասը գրաւուած էր: Մենք Մ. Ա. Կ.ի Ա. Խ.էն կը պահանջէինք դատապարտել Ղարաբաղի բնակչութեան հանդէպ իրականացուող յարձակողական քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի շրջափակումներուն քաղաքական գնահատական կ’ակնկալէինք: Մ. Ա. Կ.ի Ա. Խ.ն, բացի բանաձեւերէ, նաեւ նախագահական յայտարարութիւն ընդունած է: Երբ Ա. Խ.ն հարցի մը շուրջ տարաձայնութիւն չ’ունենար` իր նախագահը կը լիազօրէ հանդէս գալու յայտարարութեամբ: Նման 7 յայտարարութիւն եղած է, որոնց մէջ միանշանակ դատապարտուած է շրջափակման իրականացումը՚,- կ’ըսէ ան:

21 Օգոստոս 1992ին Քրեմլինի մէջ Ելցինը կ’ընդունի Տէր Պետրոսեանը, կը ստորագրուի Հայաստանի տարածքին տեղակայուած ռուսական զինուած ոյժերու մասին համաձայնագիր մը: 17-18 Սեպտեմբերին Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը Երեւանի մէջ Տէր Պետրոսեանի հետ կը քննարկէ Հայաստանի մէջ ռուսական զօրքերու կարգավիճակին հարցը: Մէկ օր յետոյ` 19 Սեպտեմբերին, Սոչիի մէջ Փաւել Կրաչովը, նոյնիսկ առանց տեղեկացնելու Քազիմիրովը, քառակողմ հանդիպում մը կը կազմակերպէ անդրկովկասեան երեք պետութեանց պաշտպանութեան նախարարներ Վազգէն Սարգսեանի, Ռահիմ Ղազիեւի եւ Թենկիզ Քիթովանիի մասնակցութեամբ:

25-26 Սեպտեմբերին Մոսկուայի մէջ տեղի կ’ունենայ հայ, ատրպէյճանցի եւ ռուս ռազմական ներկայացուցիչներու հանդիպում մը եւ կը ստորագրուի արձանագրութիւն մը, որով հակամարտութեան գօտի պէտք է դիտորդներ ղրկուէին: Կ’որոշուի նաեւ 26 Սեպտեմբերէն 60 օրով դադրեցնել կրակը: Սակայն զինադադարը կը պահպանուի 20 վայրկեան, եւ Կրաչովը ռուս դիտորդները ետ կը կանչէ:

Լուսանկարը՝ Տէր Պետրոսեան – Էլչիպէյ հանդիպում Անգորայի մէջ, Ապրիլ, 1993թ.

Յ. Գ.

Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ), Կիւմրիի, Ստեփանակերտի, Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Արևմտահայերեն-Արցախեան-օրագիր

Փափուկ կազմ, 555 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2010, Անթիլիաս,
ISBN 978-995301815-7:
Գինը՝ 7.000 դրամ ($14.00):