Յարգելի «ցեղասպանութեան ինքնակոչ պահակներ», խելքի աշեցէ՛ք…

808

Միջնադարեան վհուկներ, ժողովուրդի թշնամիներ ու ցեղասպանութիին ժխտող հայեր․ Արա Սանջյան

Միջին դարերուն, եթէ ինչ-ինչ պատճառներով ուզէիր ոեւէ անձի հետ հաշիւ տեսնել, ամենադիւրին միջոցը զայն իբրեւ կախարդ, վհուկ կամ հերետիկոս մեղադրելն էր։

Ստալինի ժամանակ, եթէ մէկու մը պաշտօնը, կովը, տնամերձը կամ անամօթաբար՝ նոյնիսկ անոր կինը կը ցանկայիր, ամենադիւրին միջոցը զայն իբրեւ «ժողովուրդի թշնամի» մատնելն էր։

Վերջին 25 տարիներուն ալ, նոր արհեստ մը ստեղծուած է շարք մը բախտախնդիր հայ անհատներու համար, որոնք նոյն փորձուած մեթոտով կը փորձեն անձնական հաշիւներ մաքրել՝ իրենք զիրենք ազգի անկոչ պահապաններ համարելով ու ասոր անոր հասցէին «ցեղասպանութիւն ուրացողի» աժան մեղադրանք շպրտելով։

Ես՝ որքան, որ ԱՆՁԱՄԲ շփուած եմ տարբեր հայերու հետ վերջին 45-50 տարիներուն, չեմ հանդիպած թէկուզ մէկ հայու, որ ինչ որ ձեւով չ՛ապրիր հայութեան 105 տարի յամեցող այդ սուգը։ (Կա՞ն արդեօք իրենք զիրենք համոզումով ու հպարտութեամբ հայ կոչող անձինք, որոնք իրենց ազատ կամքով կը ժխտեն Մեծ Եղեռնի-Աղէտի-Սէֆէրպէրլիքի- Հայոց Ցեղասպանութեան եւ այլ անուններով կոչուող նոյն արհաւիրքի սահմռկեցնող էութիւնը։ Ոչինչ կարելի է բացառել, բայց ե՛ս չեմ հանդիպած։) Հասկնալի է աշխարհի միլիոնաւոր հայերէն ոչ բոլորը այդ սուգը եւ անոր հետեւանքները ճիշդ նոյն զգացումներով կ՛ապրին եւ կրնան իրենց զգացումները տարբեր ձեւերով բանաձեւել՝ ընդհանրապէս կա՛մ առանձնայատուկ, ժամանակաւոր պայմաններու պարագային։ Տարօրինակ բան կա՞յ հոս։ Ի վերջոյ, նոյնիսկ եթէ ընտանիքի մը մէջ ցաւալի մահ ըլլայ, այդ ընտանիքին տարբեր անդամները տարբեր ձեւերով կը հաշտուին այդ դժբախտ եղելութեան հետ. մէկը հրապարակաւ, բարձրաձայն կու լայ, միւսը՝ ամէն գնով կը փորձէ զսպել իր արցունքները, երրորդը՝ կ՛առանձնանայ, որ իր լացը ուրիշները չտեսնեն եւ այլն։ Իմ կարծիքս է թէ իրարու հետ անձնական հաշիւներ լուծելու համար հայութեան մեծագոյն ողբն ու արհաւիրքը շահագործելէն ԱՒԵԼԻ ՍՏՈՐ քայլ չկայ ոեւէ հայու համար։

Կա՞ն ցեղասպանութեան վերաբերեալ տարբեր շեշտադրումներ։ Որեւէ կարեւոր հարցի շուրջ 100 տոկոսով միասեռ հասարակութիւն միայն գեղարուեստական գործերու մէջ կարելի է յօրինել։ Եթէ անկեղծ էք ձեր մտահոգութեան մէջ թէ մէկ ուրիշ հայ տարբեր ձեւով կ՛ապրի ու կը ներկայացնէ Եղեռնը որ ձեզի համար ճիշդ չէ, հապա ինչո՞ւ համար են ձեր ուղեղն ու լեզուն, ինչո՞ւ մարդկային հասարակութիւնը հաստատած է չափանիշեր, որ քաղաքավարութիւն կը կոչենք։ Մեղադրանքն անգամ աւելի ազդու կ՛ըլլայ եթէ ըլլայ քաղաքավար։

Յարգելի «ցեղասպանութեան ինքնակոչ պահակներ», խելքի աշեցէ՛ք…

Լիբանանցիները՝ երբ իրենց զրուցակիցը անպատշաճ արարք մը թոյլ կու տայ, զայն կարգի հրաւիրելու համար լաւ խօսք մը ունին՝ «ինքզինքդ յարգէ՛»։

ՍիվիլՆեթ