Հ. Յ. Դաշնակցութեան Վեցերորդ Ընդհանուր ժողովը, 1911թ, Պոլիս. Հրաչ Տասնապետեան

1024

Հատուած Հրաչ Տասնապետեանի «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը իր կազմութենէն մինչեւ Ժ. ընդհանուր ժողովը (1890-1924 թթ.)» հատորէն

Երբ, 1911 Օգոստոս-Սեպտեմբերին, Պոլսոյ մէջ կը գումարուի Հ. Յ. Դ. Վեցերորդ Ընդհանուր ժողովը, կովկասեան միաւորներու տկարացումը հասած է իր գագաթնակէտին: Ոչ մէկ պատգամաւոր՝ Ռուսաստանէն: Ժողովի կէսին կը հասնի միայն Ռոստոմ, ներկայացնելու համար Արեւելյան Բիւրոն (ավելի ճիշդ՝ անոր Կարնոյ հատուածը): Ժողովի օրինականութեան հարց կը դրուի նոյնիսկ: Բայց կ’որոշուի՝ «Ժողովը համարել լիազօր այն բոլոր հարցերուն համար, որոնք կը վերաբերին Թուրքիային, Պարսկաստանին եւ գաղութներուն. իսկ Ռուսիոյ վերաբերմամբ բաւականանալ 5րդ. Ընդհանուր ժողովի որոշումներու գործնականացումով»:  Վերջին Ընդհանուր ժողովէն ասդին Խորհուրդը գումարուած չէ, բայց, ըստ զեկուցումներուն, Կովկասի թէ Մեծ Հայքի մէջ տեղի ունեցած են Ռայոնական ժողովներ:

Ընդհանուր ժողովը նախ կը ճշդէ Դաշնակցութեան աշխատաւորական քաղաքականութիւնը, անհրաժեշտ նկատելով պայքարիլ աւատականութեան եւ դրամատիրութեան դէմ՝ զարկ տալով աշխատաւորական կազմակերպութիւններուն եւ արհեստակցական միութիւններուն, ազգային թէ միջազգային գետնի վրայ: Ապա կը քննէ իրենց տէրերէն տասնամյակներէն ի վեր բռնի խլուած հայապատկան հողերու հարցը (հողավէճ) եւ կու տայ համապատասխան որոշումներ:

Հիմնական օրակարգը կը կազմեն «Իթթիհատ վէ Թերաքքը» կուսակցութեան հետ Դաշնակցութեան յարաբերութիւնները եւ գործակցութեան հարցը: Կը հաստատուի՝ թէ կառավարութեան եռամեայ քաղաքականութիւնը «ոչ միայն չէ նպաստած այլակրօն եւ այլացեղ ազգերու համերաշխ համակենցաղին, այլ ընդհանրապէս տեղի տուէր է անվստահութիւններու արծարծման եւ ազգային իրաւունքներու ճնշումին», թէ տակաւին՝ «Իթթիհատը միջոցներ ձեռք չառաւ պայքարելու եւ մաքրելու իր կազմը աջակողմեան խայտաբղէտ տարրերէ, որոնք հետզհետէ բազմանալով իր կուսակցութեան մէջ՝ գերակշիռ ազդեցութիւն մը ձեռք բերին հոն»: Ուստի եւ կ’որոշուի՝ յանուն Հ. Յ. Դաշնակցութեան «Իթթիհատ»ին ուղղել յայտարարագիր մը, որ պիտի պարունակէ գործակցութեան շարունակման յստակ պայմաններ, անոր կցելով անցնող երեք տարիներուն մասին յիշատակագիր մը: Եւ եթէ ան, ինչպէս նաեւ անկէ բխած կառավարութիւնը, չփոխեն մինչայժմեան իրենց ընթացքը, Արեւմտեան Բիւրոն կ’արտօնուի իր յարաբերութիւնները խզելու «Իթթիհատ»ին հետ:

Քննութեան առարկայ կը դառնան դաշնակցական երեսփոխաններու խորհրդարանական գործունէութիւնը, ազգային մարմիններու եւ ժողովներու վերաբերյալ հարցեր, ուրիշ հայ կուսակցութիւններու հետ գործակցութեան խնդիրը, Ռուսիոյ եւ Պարսկաստանի կացութիւնը եւայլն:

Բիւրոներու եւ բիւրոյական հատուածներու նախկին դրութիւնը կը պահուի անփոփոխ: Նկատի ունենալով սակայն Թուրքիոյ հայոց կացութեան աստիճանական վատթարացումը եւ ինքնապաշտպանութեան հաւանական անհրաժեշտութիւնը, ժողովը կ’ընտրէ նաեւ Ինքնապաշտպանութեան Մարմին մը, որ լիազօրուած է վարելու զինա-մարտական գործը:

Հրաչ Տասնապետեան, «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը իր կազմութենէն մինչեւ Ժ. ընդհանուր ժողովը (1890-1924 թթ.)», Աթէնք, 1988, էջ 102-103: