Ռոստոմի առաջարկները Բաքվի Հայոց Ազգային Խորհրդին. 1918-ի մարտ

809

Հատուած Ռուբէն Դարբինեանի ԿԵԱՆՔԻՍ ԳԻՐՔԷՆ հատորէն, Ա. հատոր, էջ 234-238

էջ 234

Մեր կացութիւնը կովկասեան Ատրպէյճանի թուրքերու ծովին մէջ ծայր աստիճան ծանրացաւ, երբ տաճկական ճակատէն տուն վերադարձող ռուս զորքերը Թիֆլիս-Բագու երկաթուղագծի վրա գտնուող Շամքոր կայարանին մէջ անակնկալ յարձակման ենթարկուեցան թրքական դարանակալ զօրախումբի մը կողմէ: Դժբախտութիւնը միայն այն չէր, որ տեղի էր ունեցած ռուս հարիւրաւոր զինվորներու ահաւոր կոտորած, այլ մանաւանդ ա՛յն, որ անոնց բոլոր զէնքերն ու ռազմամթերքը ինկած էին թուրքերուն ձեռքը:

Աւելին. այնուհետեւ դէպի Ռուսաստան վերադարձող բարոյալքուած ռուսական զինուորները, Շամքորի մէջ կատարուած ջարդէն սարսափած, կամովին իրենց զէնքերն ու ռազմամթերքը կը յանձնէին թուրքերուն, որպէսզի խաղաղ ու ապահով կերպով կարենային վերադառնալ իրենց տուները:

Այդպիսով, Կովկասեան Ատրպէյճանի (Բագուի եւ Գանձակի նահանգներու) թուրքերը կրցան փառաւորապէս զինուիլ եւ վճռականապէս կտրել հայերուս առջեւ Բագու-Թիֆլիս երկաթուղագիծը ու մասնաւորապէս Բագուն բոլորովին անջատել Անդրկովկասի միւս շրջաններէն:

Պէտք էր մտածել այդ շրջաններուն հետ հաղորդակցութեան ուրիշ գծի մը մասին: Այդ գիծը, թէեւ, Բագու-Թիֆլիս գծէն շատ աւելի երկար, Պետրովսկ (Տաղստան)-Արմաւիր-Տուապսէ-Սեւ ծով գիծն էր:

Սակայն, այդ գծով հնարաւոր եղաւ միայն արեւմտահայերէ բաղկացած զօրախումբ մը զրկել, որմէ ետք այդ գիծն ալ փակուեցաւ մեզի համար:

Մինչ Գանձակի մէջ կեդրոնացած թուրքերը զինաթափ կ’ընէին տաճկական ճակատէն վերադարձող ռուս զինուորները եւ կը գրաւէին անոնց զէնքերը, մենք ալ Բագուի մէջ վար կը դնէինք արեւմտեան ռուսական ճակատէն եկող բազմահազար հայ զինվորները:

Թէեւ այդ զինուորները ուրիշ բան չէին ուզեր, եթէ ոչ օր առաջ վերադառնալ իրենց տուները, բայց ճամբաները կտրուած էին եւ անոնք՝ հայ զինվորները կամայ թե ակամայ պիտի մնային Բագու: Դժուար չէր համոզել զանոնք, որովհետեւ թէ՛ իրենք եւ թէ իրենց ընտանիքները պիտի կոտորուէին թուրքերուն կողմէ, եթէ չմտնէին Բագուի Հայոց Ազգային Խորհուրդի իշխանութեան տակ եւ նոր զօրագունդեր չկազմէին ինքնապաշտպանութեան համար:

Սակայն, Բագուի գրեթէ պաշարուած վիճակին մէջ կուտակուող բազմահազար հայ զինուորները, զինուած եւ ոչ-բաւարար չափով կարգապահ,

էջ 235

չափազանց անհանգիստ ու անհամբեր, կրնային փորձանք դառնալ Բագուի թրքութեան գլխուն եւ, հակառակ մեր Ազգային Խորհուրդի կամքին, հայ եւ թրքական կռիւներ առաջ բերել թուրքերու ծովին մէջ:

Նորէն պէտք զգացինք դիմելու Բագուի թուրք ղեկավարներուն՝ համոզելու համար զանոնք, որ բազմաթիւ հայ զինուորներու կուտակումը Բագուի մէջ իրենց՝ թուրքերուն համար իսկ կրնար մեծ վտանգ մը դառնալ: Կը յուսայինք միաժամանակ համոզել թուրք ղեկավարները, որ այդ վտանգին առաջքը առնելու միակ միջոցը Բագու-Թիֆլիս երկաթուղագծի բացումն էր, որով՝ հայ զինուորները պիտի կարենային խաղաղ կերպով վերադառնալ իրենց տուները:

Թուրք ղեկավարները, հարկաւ, իրենք ալ շատ լաւ կը հասկնային, թէ ի՛նչ մեծ վտանգ կը ներկայացնէր Բագուի թրքութեան համար բազմահազար զինուած հայ զինւորներուն ներկայութիւնը Բագուի մէջ: Եւ, անշուշտ, անոնք մեզմէ ալ աւելի կ’ուզէին, որ մեր զինուորները օր առաջ հեռանային Բագուէն:

Սակայն, թուրք ղեկավարները միաժամանակ կը հասկնային նաեւ, որ մեր զինուորները, կանոնաւոր զօրամասերու վերածուած, ոչ թէ իրենց տուները պիտի ղրկուէին մեր կողմէ, ինչպէս մենք կը հաւաստիացնէինք, այլ՝ տաճկական ճակատը: Իսկ այսպիսի բան մը անոնք ո՛չ կ’ուզէին եւ ոչ ալ կրնային թոյլ տալ, քանի որ իրենց գլխավոր յոյսը դրած էին տաճիկներուն վրայ եւ իրենց ամբողջ ճակատագիրը կապած էին Տաճկաստանի: Ատկէ զատ, թրքական զինուած ուժերը կը գտնուէին մեծ մասով տաճկական սպաներու ազդեցութեան եւ ղեկավարութեան տակ, հետեւաբար անոնց հակառակ չէին կրնար շարժիլ, եթէ ուզէին իսկ:

Այդ օրերուն, Գանձակի մէջ պատահած էր հետեւեալ դէպքը.-

Ռուսական 219րդ գունդի գոյքերը Անդրկովկասի Կոմիսարիատի որոշումով պէտք է յանձնուէին թուրքերուն: Սակայն, այդ գունդին մէջ գտնւող 600 Հայ զինուորները մերժեր էին ենթարկուիլ այդ որոշումին եւ իրենց հրացաններով ու փամփուշտներով անցեր էին քաղաքին հայկական մասը: Եւ որովհետեւ խառն բնակչութիւն ունեցող Գանձակ քաղաքի հայերուն եւ թուրքերուն յարաբերութիւնները ճիշդ այդ պահուն արդէն լարուած էին, այդ դէպքը առիթ էր տուեր այդ յարաբերութեանց ա՛լ աւելի լարուելուն:

Բագուի մէջ մենք շատ մտահոգուած էինք Գանձակի հայերուն վիճակով: Ուստի՝ երբ այդ մասին լուր առինք, որոշեցինք դիմել Թուրքերու Ազգային Խորհուրդին, պարզել անոնց կացութիւնը եւ առաջարկել, որ հայ եւ թուրք պատգամաւորութիւն մը ղրկուի Գանձակ՝ ո’չ միայն յուզուած մտքերը խաղաղեցնելու, այլեւ հնարաւորութիւն ստեղծելու համար, որպէսզի

էջ 236

Բագուի մէջ կուտակուած հայկական զօրամասերը կարենային ապահով իրենց տուները հասնիլ՝ Բագու-Թիֆլիս երկաթուղագծով:

Այս պատգամավորութիւնը, որուն Գանձակի մէջ միացած էր նաեւ Անդրկովկասի Սէյմի կողմէն ղրկուած խառն պատգամաւորութիւն մը, յաջողած էր իրաւախոհութեան մը բերել հակամարտ կողմերը՝ հաշտեցնելով զանոնք կատարուած իրողութեան հետ: Այսինքն՝ թուրքերուն ձգելով անոնց ձեռքը արդէն անցած ռուսական գունդի ռազմամթերքին մէկ մասը, իսկ հայերուն թողելով 600 հայ զինվորներուն իրենց հետ տարած զէնքերը:

Սակայն, Գանձակ ղրկուած մեր պատգամաւորները չէին յաջողած նաեւ բանալ տալ Բագու-Թիֆլիս երկաթուղագիծը հայերու առջեւ, որովհետեւ կովկասեան թուրքերը, տաճիկ գործակալներու զօրաւոր ճնշման տակ, վճռականապէս ընդդիմացած էին այդ քայլին, եւ վրացիներն ալ մութին մէջ ուժ էին տուած անոնց:

Մարտ 3ին (1918), Ռոստոմ հետեւեալ առաջարկները ըրաւ Բագուի Հայոց Ազգային Խորհուրդին.-

«Նկատի առնելով.

«որ մեր դրութիւնը օրէցօր աւելի է ծանրանում,

«որ թուրքերը մեզ հետ պարզապէս խաղ են խաղում՝ կամենալով հաշտութեան պայմանների միջոցով ժամանակ շահել միայն,

«որ, իմ խորին համոզումով, թուրքերի հետ կռիւը, ուզենք թէ չուզենք, պէտք է ընդունենք,

«որ, վերջապէս, զինուած դիմադրութիւնից դուրս ուրիշ փրկութիւն չկայ մեզ համար,

«Պէտք է օր առաջ ըմբռնենք այս դրութիւնը եւ բոլոր տրամադրելի միջոցները ձեռք առնենք՝ մեր կռիւը թուրքերի դէմ յաջողութեամբ առաջ տանելու համար:

«Դրա համար անհրաժեշտ եմ համարում ձեռք առնել հետեւեալ միջոցները.-

«1. Ընդհանուր զօրակոչի ենթարկել մինչեւ 45 տարեկան հասակ ունեցողները.

«2. Խիստ եւ կտրուկ միջոցներով ապահովել պէտք եղած դրամը.

« 3. Ճակատ ուղարկել մեր զինուած ուժերի մեծագոյն մասը, որովհետեւ ինքնապաշտպանութեան լաւագույն ձեւը ճակատի պաշտպանութիւնն է.

«4. Թիկունքը պահել կարողանալու համար՝ ամէն կերպ աշխատել դրութեան տէրը դառնալու Բագւում եւ Գանձակում, որոնք թիկունքի գլխաւոր բանալիներն են եւ թշնամու ամենակարեւոր դիրքերը»:

Ազգային Խորհուրդը ընդհանուր առմամբ համաձայն գտնուեցաւ

էջ 237

Ռոստոմի առաջարկներուն եւ որոշեց հայկական զօորակոչ յայտարարել, ռազմաճակատ ղրկել Բագու գտնուող հայ զօրամասերուն մեծ մասը, Հիւսիսային Կովկաս ուղեւորել յատուկ գործակալներ, որոնք պէտք է շահագրգռէին կոզակները կովկասեան ճակատի պաշտպանութեամբ, եւ պարզէին անոնց, թէ ի՜նչ ահաւոր հետեւանքներ պիտի ունենար Անդրկովկասի եւ մանաւանդ Բագուի անկումը իրենց համար իսկ: Վերջապէս, Ազգային Խորհուրդը որոշեց կազմակերպիչներ ու ինքնապաշտպանութեան ղեկավարներ ղրկել Գանձակի նահանգը:

Այս միջոցներէն զատ, որոշուեցաւ առաջարկել Բագուի Գործաւորներու, Գիւղացիներու եւ Զինուորներու Սովետին, որ պատրաստուի կռուելու Հայրենիքի ու Յեղափոխութեան թշնամիներուն դէմ եւ կոչ մըն ալ հրատարակէ այդ իմաստով:

Մարտ 5ի իր նիստին մէջ, Ազգային Խորհուրդը որոշեց կազմել Գերագոյն Զինուորական Մարմին մը, բաղկացած երեք անձերէ – Խանասորի արշաւանքը ղեկավարող Վարդանէն եւ ռուսական բանակի գնդապետներ Բախտամեանէն ու Ղազարեանէն: Այս մարմինը կոչուած էր ո՛չ միայն ղեկավարելու Բագուի ինքնապաշտպանութիւնը, այլեւ զբաղելու մեր զինւորական ուժերու ռազմական պատրաստութեամբ:

Այսպիսով, սկզբնական անհրաժեշտ քայլերը առնուեցան՝ գալիք վտանգը դիմագրավելու համար:

Այդ օրերուն, չարագուշակ լուրեր սկսան հասնիլ մեզի Շամախիի շրջանէն: Պարզ էր, որ թուրքերը այնտեղ կը պատրաստուէին կոտորել իրենց հետ ապրող հայկական փոքրամասնութիւնը:

Մեր բոլոր կասկածները հաստատուեցան, երբ մեր ձեռքը ինկաւ Չիաթխանով ստորագրութեամբ Քիւրդամիրէն Շամախի թուրքերուն ղրկւած հեռագիր մը, որ կը խօսէր ո՛չ միայն Շամախիի հայերու կոտորածին, այլեւ Բագուի վրայ պատրաստուող թրքական յարձակումի մասին:

Դիմումներ ըրինք Բագուի թուրք Ազգային Կեդրոնին, որ միջոցներ ձեռք առնէ անյապաղ՝ Շամախիի շրջանի հայերուն վրայ պատրաստուող յարձակումը կասեցնելու համար: Բայց ապարդիւն:

Չարագուշակ նշան մըն էր նաեւ ա՛յն, որ մութը կոխելուն պէս ամէն օր Բագուի փողոցներուն մէջ տեղի կ’ունենար հրացանաձգութիւն, որ օր աւուր աւելի կը սաստկանար:

Մեր տեղեկութիւններ ցոյց կու տային, որ այդ հրացանաձգութիւնը մեծ մասամբ տեղի կունենար զինուած բոլշեւիկներու ու թուրքերու միջեւ:

Այլեւս պարզ էր, որ կը գտնուէինք չափազանց ծանր դէպքերու նախօրեակին:

Մեր Ազգային Խորհուրդը որոշեց մեր Զինուորական Մարմնի թելադութեամբ

էջ 238

դաշտային հեռախօսով կապել հայ զինուորական բոլոր դիրքերը ա՛յն շենքին, ուր կը գտնուէր մեր Ազգային Կեդրոնը:

Այդ ծայր աստիճան լարուած վիճակին մէջ էինք, երբ Հայ Ժողովրդական (Կաղէտ) կուսակցութիւնը մեր Ազգային Խորհուրդին մէջ ներկայացնող Հ. Տէր Միքայէլեանը առաջարկեց կտրել մեր բոլոր կապերը Սովետներուն հետ եւ միանալ թրքական Մուսաւաթին:

Սակայն, Ազգային Խորհուրդը, բուռն վիճաբանութիւններէ ետք, որոշեց չէզոք մնալ, գտնելով՝

որ բոլշեւիկներու եւ Մուսաւաթի միջեւ եղած պայքարը կռիւ է իշխանութեան համար,

որ մենք՝ Հայերս Բագուի մէջ շահագրգռուած չենք այդ կռիւով,

եւ որ, մա՛նաւանդ, մեր մասնակցութիւնն այդ կռիւին կրնայ ահաւոր հետեւանքներ ունենալ հայութեան համար: