«Ծփում է Սեւանը, շողում է Սեւանը…». մինչեւ կեանքիս վերջը պիտի լսեմ ու սիրեմ ձայնդ…

2345

ԱՏԻՍ ՀԱՐՄԱՆՏԵԱՆ՝ ԵՐԳՈՎ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

Սեպտեմբեր մէկին մահացաւ սփիւռքահայ ծանօթ երգիչ Ատիս Հարմանտեան: Ատիս ծնած էր Լիբանանի հայահոծ թաղամասը՝ Պուրճ-Համմուտ:

Ատիսի կատարած մեծ աշխատանքը հասկնալու համար նախ պէտք է պատկերացնենք, թէ ինչպիսի միջավայր էր Սփիւռքի ամենահայահոծ գաղութներէն Լիբանանը:

Լիբանանահայերը մեծ մասամբ կիլիկեցի են եւ կ’ապրէին ինքնամփոփ որոշ շրջաններու (կեթթօ) մէջ՝ Պուրճ-Համմուտ, Հաճըն, Խալիլ Պէտէուի:

Թրքախօսութիւնը, մանաւանդ հին սերունդին մէջ, համատարած երեւոյթ էր, ու
հայկական կազմակերպութիւններ սկսան շարժում մը․ հայկական թաղերու պատերուն վրայ գրեցին լոզունգներ՝ «թրքերէն խօսողին հայերէն պատասխանէ՛»: Նման հարցադրումներ այսօր եւս տեղի կ’ունենան Գերմանիոյ եւ Եւրոպայի hայ գաղութներուն մէջ, ուր մեծ թիւով թրքախօս հայեր կ’ապրին:

Շատերու տուներուն եւ խանութներուն (յատկապէս՝ սայաճիներու) անբաժան մասն էր թրքական երաժշտութիւնը:

Եւ եկաւ այս գեղադէմ, թաւիշ ձայնով Ատիսը…

Չեմ յիշեր ճիշդ ո՞ր տարին էր, երբ Պէյրութի մեր յոյն դրացուհին՝ Կալիոփին ինծի նուիրեց փոքրիկ ձայնապնակ մը, Ատիս Հարմանտեան, որուն վրայ երկու երգ կար՝ «Ծաղիկներ, Ծաղիկներ» եւ «Մանուշակ էիր»: Այնչափ ուրախացայ, եւ բոլորս ալ սիրեցինք, գիշեր-ցերեկ մտիկ կ’ընէինք: Կեանքիս ամենագեղեցիկ նուէրներէն մէկն էր, որ մինչեւ այսօր կը յիշեմ:

Ծնողներս ազգային կեանքի մէջ գործունեայ անձեր էին, սակայն իր մասին չէին լսած: Ըսին, թէ կաթոճի է:

Իր երգերը եւ երաժշտութիւնը կը գրէր Հայաստանէն կոմպոզիտոր Յասմիկ Մանասերեանը, իր կողքին էր դաշնակահար, նուրբ ճաշակի տէր Ժագ Գոճեանը: Այս երեքը միասին կազմած էին ստեղծագործ հիանալի եռեակ մը: Ետեւ ետեւի շուկայ մտան նոր երգեր, մէկը միւսէն գեղեցիկ՝ «․․․մտամոլոր», «Սայլորդ», «Մթնշաշ», «Ջէյրանի պէս», «Նունէ…»։ Իր «Գարուն գարուն է» երգը թարգմանուեցաւ տարբեր լեզուներու, դարձաւ ոչ միայն հայկական, այլեւ միջինարեւելեան խրախճանքներու անբաժանելի մասը: Սուրիացի մեծ երգիծաբան-արուեստագէտ Ղաուար Թոշէն զայն վերածեց «Ֆաթում-Ֆաթում»ի: Նաեւ այս նպաստեց Միջին Արեւելքի որոշ երկիրներու մէջ հայանպաստ միջավայրի ստեղծումին:

Ատիսը յաջողեցաւ բոլորիս տուներուն եւ սիրտերուն մէջ հայերէն երգը մտցնել եւ կամաց-կամաց թրքերէնը փոխարինուեցաւ:

Կը յիշեմ մեր հրճուանքը, երբ հայրս մեզ տարաւ Ատիսի համերգին՝ Գալուստ
Կիւլպէնկեան սրահ, ուր լսեցինք իր նոր երգը՝ «Դու սպասիր, ես կը գամ»: Հետագային հայրս ու Ատիս մտերիմ ընկերներ եղան։

Ատիսին յաջորդեցին շատ ուրիշ հայ երգիչներ՝ Վարդիվառ Անթոսեան, Լեւոն Գաթրճեան, Մանուէլ Մենենկիչեան, Հարօ Բուրեան, Փոլ Պաղտատլեան: Անշուշտ բաւական լայն քննարկումի առարկայ կրնայ ըլլալ լիբանանահայ մշակութային-մտաւորական կեանքը․ որքանո՞վ կարելի է զայն բաղդատել նախեղեռնեան Պոլսոյ կամ Թիֆլիսի հետ:

Լիբանահայութեան ընկերային, մշակութային եւ կրթական ոսկեդարը եղան վաթսունական թուականները, մինչեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկիզբը՝ 1975, եւ այս տղոց դերը շատ մեծ եղաւ:

Լսեցի թէ մահէն առաջ շատ տառապեցաւ… այսքան ուրախութիւն եւ հրճուանք պատճառած մարդ մը:

«Ծփում է Սեւանը, շողում է Սեւանը…»:

Մինչեւ կեանքիս վերջը պիտի լսեմ ու սիրեմ ձայնդ…

ՌԱՖՖԻ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Տինսլաքեն, Գերմանիա   
15 Սեպտեմբեր 2019