Արցախ՝ Յատուկ Կառավարման Տարին. 1989

1214

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն

Տասներորդ գլուխ

Քանի դեռ գոյութիւն ունէր Խորհրդային Միութիւնը, արցախահայութիւնը կը հաւատար, թէ Մոսկուան կրնայ արդարացի լուծում տալ Ղարաբաղի հարցին եւ ունակ է ատոր եւ թէ այդ վէճի կարգաւորման բանալին Քրեմինի մէջ է: 3 Մայիս 1989ին Կորպաչովի հասցէով հերթական հեռագիրը ղրկուեցաւ Ստեփանակերտէն:

Այդ օրը Կորպաչովը Չինաստան կ’երթար: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ, որ վերադարձէն յետոյ, երկրին ղեկավարը պիտի ընդունի Ղարաբաղի պատուիրակութիւնը:

Մոսկուա այցի ճամբուն վրայ` Հայաստանի Կոմկուսի Կենտկոմի առաջին քարտուղարը պատուիրակութիւնն ընդունեց: Իրարու ծանօթանալէն ետք Սուրէն Յարութիւնեանը կը հարցնէ.

– Տէ’հ ինչ, տղանե’ր, ինչպէ՞ս կ’ուզէք ձեւակերպել ձեր պահանջները, աւելի ճիշդ` խնդրանքը Կորպաչովին:

Կարճ դադարէ յետոյ Հենրիխ Պօղոսեանը կ’ըսէ.

– Ղարաբաղը Ատրպէյճանի կազմէն դուրս բերել եւ Հայաստանի հետ վերամիաւորել:

Հակազդեցութիւնը ոչ-համապատասխան եւ չափէն դուրս զգացական էր: Հայաստանի Կոմկուսին առաջնորդը Կորպաչովին առջեւ հարցին նման դրուածքը կը սեպէ նախօրօք ձախողման դատապարտուած, նշելով, թէ այդ եղանակով` Մոսկուայէն որեւէ աջակցութիւն ստանալն անհնար է:

Յարութիւնեանը ճիշդ դուրս եկաւ: Ընդունելով ղարաբաղեան պատուիրակութիւնը, Կորպաչովը կ’ըսէ. ՙԵթէ դուք պիտի շարունակէք պնդել ինքնավար մարզը Ատրպէյճանի կազմէն դուրս բերելու հարցի քննարկման վրայ` ես պէտք է յայտարարեմ, որ հարցին նման լուծում հնարաւոր չէ: Հետեւաբար, հանդիպումը շարունակելու իմաստ չեմ տեսներ՚:

1989ը Ղարաբաղի մէջ յատուկ կառավարման տարին էր:

Խորհրդային Հայաստանի վերջին վարչապետներէն Ֆատէյ Սարգսեանն Արքատի Վոլսքիի կառավարման ամիսները դրական կը նկատէ. ՙՎոլսքին որեւէ հարցով Ատրպէյճանին չէ դիմած: Այդ ընթացքին ան կ’աշխատէր մեզի հետ, ես ալ անմիջականօրէն կ’աշխատէի անոր հետ: Յատուկ Կառավարման Կոմիտէի (Յ. Կ. Կ.) ժամանակաւոր ղեկավարումը մեր օգտին էր: Վոլսքին կը գործէր ինքնուրոյնաբար, վճռականօրէն եւ անկողմնակալօրէն, միայն Կեդրոնին կ’ենթարկուէր: Սակայն, կասկած չկար, որ Վոլսքին իր ինքնուրոյն քաղաքականութեամբ, ատրպէյճանցիներուն ձեռնտու չէր՚:

Այս տեսակէտին բոլորը համաձայն չեն: Յ. Կ. Կ.ի ստեղծման եւ գործունէութեան մասին իրարամերժ կարծիքներ հնչած են:

Միխայիլ Կորպաչովի 12 Յունուար 1989ի որոշումով` Խ. Ս. Հ. Մ.ի մէջ առաջին անգամն ըլլալով կը մտցուի կառավարման յատուկ ձեւ մը` ուղղակի կառավարում Մոսկուայէն: Իրաւական առումով, պահպանելով Ղարաբաղի` Ատրպէյճանի կազմին մէջ ինքնավար մարզի կարգավիճակը, կը ձեւաւորուի Յ. Կ. Կ.ն, զոր ուղղակիօրէն կ’ենթարկուէր Քրեմլինին, իսկ Կոմիտէին նախագահը օժտուած էր Մարզխորհուրդի Գործկոմի նախագահի (վարչապետի) իրաւունքներով: Յ. Կ. Կ.ի նախագահ կը նշանակուի Վոլսքին, որ մինչ այդ Քրեմլինի յատուկ ներկայացուցիչն էր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:

Յ. Կ. Կ.ի ձեւաւորումը ղարաբաղեան խնդիրի միջանկեալ կարգաւորման փորձ էր: Վոլսքին կը համագործակցէր Պաքուի եւ Երեւանի հետ, երկու հանրապետութեանց ղեկավարներուն հետ հանդիպումներ կ’ունենար: Պաքուն ոգեւորուած չէր Կորպաչովի որոշումով, քանի որ Յ. Կ. Կ.ի կազմաւորումով` Ատրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի ուղղակի կառավարումէն զրկուեցաւ:

Հէյտար Ալիեւը ընդունած է, որ Ղարաբաղը Ատրպէյճանէն փաստացի առանձնացուած էր դեռ 1988ին: ՙԵրբ 1991ի Փետրուարին, խորհրդարանի նիստին ըսի, որ Ղարաբաղն արդէն կորսուած է, զիս կ’ուզէին համոզել, որ Ղարաբաղը երբեք այնքան մերը` ատրպէյճանական չէ եղած, որքան այժմ: Բայց եթէ Յատուկ Կառավարման Կոմիտէ կը ստեղծուի, ատիկա կը նշանակէ, թէ Ղարաբաղը Ատրպէյճանի կազմէն դուրս եկած է: Վոլսքիի գլխաւորած այդ կոմիտէն Ղարաբաղը Մոսկուայի ուղղակի ենթակայութեան տակ դրաւ, թէեւ, փաստացիօրէն, ան Հայաստանին կ’ենթարկուէր՚:

Ստեփանակերտի ու Երեւանի համար ալ` Ղարաբաղը Քրեմլինի ենթակայութեան տակ դնելու միջանկեալ վիճակը լաւագոյն լուծումը չէր:

Լեռնային Ղարաբաղի Մարզխորհուրդը 2 Յուլիս 1988ի նստաշրջանին որոշած էր Լ. Ղ. Ի. Մ.ը դուրս բերել Ատրպէյճանի կազմէն, ինչպէս նաեւ` մարզը Արցախի Հայկական Ինքնավար Մարզ վերանուանել: Աւելի առաջ` 21 Յունիսին, նստաշրջանը Մարզխորհուրդի Գործկոմի նախագահի պաշտօնակատար Շմաւոն Պետրոսեանի ստորագրութեամբ, Խ. Ս. Հ. Մ.ի Գերագոյն Խորհուրդէն խնդրած էր մինչեւ հարցի վերջնական լուծումը մարզը ժամանակաւորապէս հանել Ատրպէյճանի կազմէն եւ Խ. Ս. Հ. Մ.ի կառավարութեան տնօրինութեանը յանձնել:

Յատուկ Կառավարման Կոմիտէի հայ անդամներէն Սեմեոն Պապայեանը, որ, փաստօրէն, այդ կոմիտէի ղեկավարի տեղակալն էր, համաձայն չէր, որ Վոլսքին ուղղակիօրէն Մոսկուայի հրահանգները կը կատարէր: ՙԵթէ Վոլսքին եւ Յ. Կ. Կ.ն ընթանային Մոսկուայի գծած ուղղութեամբ, ապա Կորպաչովը ինչո՞ւ զայն պէտք է ցրէր: Կորպաչովը հասկցաւ, թէ ի’նչ կը կատարուի Կոմիտէին մէջ: Մաս-մաս` Ղարաբաղի արտադրական միաւորումները մեր որոշումով Հայաստանին կ’ենթարկուէին: Արդէն սկսած էր Ղարաբաղի` Հայաստանին փաստացի միացման գործընթացը՚:

ՙԿեդրոնը Վոլսքիի կոմիտէն ձեւաւորած էր վիճակը կառավարելի դարձնելու, երկրորդ` Շարժումը եթէ ոչ կասեցնելու, ապա զայն գոնէ սառեցնելու նպատակով: Այս ժամանակաշրջանին ամրապնդուեցան կապերը Հայաստանի հետ, բայց քանի որ բոլորս արդէն համոզուած էինք, որ Կոմիտէն մեր հարցի քաղաքական լուծման աջակցող չի կրնար ըլլալ, այլ` հակառակը, կը կաշկանդէր, այսքանով Կոմիտէն չէր ընդունուեր: Ես զիս չեմ դասեր շարքը այն մարդոց, որոնք միանշանակ դրականօրէն կ’ընդունին Յ. Կ. Կ.ի գործունէութիւնը, բայց յատկապէս չեմ դասեր նաեւ այն մարդոց շարքը, որոնք միանշանակ բացասականօրէն կ’ընդունին՚,- կ’ըսէ Օլէկ Եսայեանը, զոր Վոլսքին Յ. Կ. Կ.ի մէջ ընկերային-տնտեսական բաժինի վարիչի պաշտօնին նշանակած էր:

Յ. Կ. Կ.ի ստեղծումը Դաշնակցութիւնը ՙդրական քայլ, թէկուզ` մասնակի՚ որակեց. ՙԽորհրդային իշխանութիւնները 12 Յունուար 1989ին բացորոշ շրջադարձ մը կատարեցին, որովհետեւ 1988ի Փետրուարէն այս կողմ առաջին անգամ ըլլալով Քրեմլինը մեղմացուց արցախեան պահանջատիրութեան իր ՙո’չ՚ պատասխանը՚:

ՙԽորհրդային Ղարաբաղ՚ թերթի գլխաւոր խմբագիր Մաքսիմ Յովհաննիսեանի կարծիքով` Մոսկուայի նպատակը Ղարաբաղեան Շարժումը մարելն էր տնտեսական բարեփոխումներու միջոցով. ՙՇարժման հիմնական նպատակը մեր անկախութեան եւ ազատութեան գաղափարն էր: Ահա’ այստեղ Յ. Կ. Կ.ի եւ մեր նպատակները կը բաժնուէին: Վոլսքին նուրբ ռազմավար էր եւ կը փափաքէր այդ երկուքը համատեղել, ինչը, սակայն, անհամատեղելի էր՚:

Ինքը` Վոլսքին, Կոմիտէին լուծարումը ՙմեծ սխալ՚ նկատած է: ՙՄինչ այս վայրենի պատերազմին սկիզբը, քանի Յ. Կ. Կ.ն դեռ կը գործէր, Ղարաբաղի մէջ միայն 8 մարդ սպաննուած է: Մենք հեռացանք 1990ի Յունուարին, իսկ Փետրուարէն իսկական պատերազմ սկսաւ: Թերեւս մեզ փոխարինելու ժամանակը եկած էր, բայց պարտադրաբար պէտք էր Մոսկուայէն ուղղակի կառավարումը պահպանել՚:

1 Մայիս 1989ին Ղարաբաղի մէջ սկսած էր գործադուլի նոր` երկրորդ ալիքը: Արցախի քաղաքական առաջնորդները Հայաստանի հետ Լ. Ղ. Ի. Մ.ի վերամիաւորումը, պարետային ժամի վերացումը եւ մարզի ատրպէյճանաբնակ վայրերուն մէջ ձեռնարկուած շինարարական աշխատանքներուն կասեցումը կը պահանջէին Մոսկուայէն:

Մաքսիմ Յովհաննիսեանը դիտել կու տայ, որ գործադուլը Յ. Կ. Կ.ի գործունէութիւնը կաթուածահար ըրաւ. ՙՁեռնարկութիւնները չէին աշխատեր, եւ իրական բարեփոխում կատարելը շատ դժուար դարձաւ Վոլսքիի համար: Յետահայեաց երբ կը նայիմ` կարելի էր աւելի խոհեմ ըլլալ. Վոլսքին մէկ հեռաձայնով շատ լուրջ խնդիրներ կը լուծէր, բան մը, զոր մենք տասնեակ տարիներ չէինք կրնար Պաքուէն կամ Մոսկուայէն ընել: Ըստ էութեան` մենք Հայաստանի մէկ մասը դարձանք: Բայց մեր հիմնական նպատակին` անկախութիւն, ազատութիւն ունենալու հարցով Վոլսքին բան մը չէր կրնար ընել, որովհետեւ անոր այդպէս չէր հրահանգուած՚:

ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէի անդամները ազատ կ’արձակուին

Խորհրդային Միութեան մէջ ժողովրդավարական հոլովոյթները կը շարունակուէին, Կորպաչովը կը շարունակէր Արեւմուտքի աջակցութիւնը վայելել: Խորհրդային զօրքերը 1989ի Փետրուարին դուրս բերուած էին Աֆղանիստանէն, Մարտին` Խ. Ս. Հ. Մ.ի մէջ, առաջին անգամն ըլլալով, խորհրդարանական ազատ ընտրութիւն տեղի ունեցած էր:

Միութենական հանրապետութեանց մէջ` անկախութեան գաղափարը յառաջ տանող ազգային գործիչները ժողովրդականութիւն կը վայելէին: Քանի մը վայրերու մէջ, սակայն, բախումներէն խուսափիլն հնարաւոր չեղաւ: 9 Ապրիլին խորհրդային զօրքերը դաժանաբար ճնշեցին Թպիլիսիի հանրահաւաքը` տասնեակներով խաղաղ քաղաքացիներ ճզմելով հրասայլերու թրթուռներուն տակ:

Հայաստանի մէջ վիճակը համեմատաբար հանդարտ էր: 1989ի Մայիսին Գերագոյն Խորհուրդը 28 Մայիսը Հայկական Պետականութեան Վերականգնման Օր, իսկ Եռագոյն դրօշը ազգային խորհրդանիշ ճանչցած էր: Դաշնակցութեան Բիւրօն յատուկ յայտարարութեամբ ողջունեց Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարութեան որոշումը: Ընդհանուր առմամբ, երեք աւանդական կուսակցութիւնները Սուրէն Յարութիւնեանի գործունէութեան հաւանութիւն կու տային:

Մայիսի վերջին` ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէի անդամներն ազատ կ’արձակուին մոսկովեան բանտերէն: Զանոնք նախ կը տեղափոխեն Երեւան` Սովետաշէնի մեկուսարան: Հայաստանի բնակիչները զանոնք ազգի տառապած առաջնորդներու նման ընդունեցին: Ռաֆայէլ Ղազարեանը կը յիշէ. ՙԸնդունելութիւնը փառաւոր էր: Մեզ Սովետաշէնէն ազատ արձակեցին ուշ գիշերով. ուրկէ որ մեր ինքնաշարժը կ’անցնէր` փողոցները լեփ-լեցուն էին, ատիկա սրտառուչ էր: Այդ գիշերն աչքիս առջեւ է: Մատենադարանին մօտ հանրահաւաք տեղի ունեցաւ. առաջինը ես ելոյթ ունեցայ, եւ իմ ըսած առաջին խօսքը հետեւեալն էր. ժողովո’ւրդ, մեզ մի’ հերոսացուցէք, հերոսը դուք էք, մենք ընդամէնը ձեր կամքը կը կատարենք: Ըսի, որ ձեր մեծարումով կրնաք այս երիտասարդները փչացնել՚:

Լեւոն Տէր Պետրոսեանն ուշադրութիւն կը դարձնէ ուրիշ կողմի վրայ. ՙՇարժումը այնքան յառաջ գացած էր, որ եթէ, օրինակ,1988ին անկախութեան գաղափարը հեռաւոր բան մը կը թուէր, այդ օրը տեսանք, որ մեր ողջ ժողովուրդը վարակուած է այդ գաղափարով: Եթէ 1988ին մենք դեռ համոզուած էինք, որ կարելի է երկխօսութիւն վարել Հայաստանի համայնավար իշխանութեանց հետ, եւ կ’աշխատէինք այդ ուղղութեամբ` Կենտկոմ կ’երթայինք, մեզ կը հրաւիրէին, զանազան հարցեր կը լուծուէին, կրնայինք բախումներէն ու սուր դրսեւորումներէն խուսափիլ, տեսանք, որ Շարժումն այլեւս անհաշտ է, բացարձակապէս չ’ուզէր Սուրէն Յարութիւնեանին հետ խօսիլ, Կենտկոմին հետ շփուիլ: Ջրբաժանը տեղի ունեցած էր արդէն՚:

ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէին անդամները բանտէն ազատ արձակուելէ ետք Հայաստանի մէջ ներքաղաքական իրավիճակը զգալիօրէն կը փոխուի: Թէեւ Կոմկուսը կը շարունակէր իշխանութեան գլուխը մնալ, սակայն օրէ օր անոր հեղինակութիւնը կ’իյնար, ինչէն կ’օգտուէր Կոմիտէն: Հակասութիւնները մէկ կողմէ ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէի, միւս կողմէ` Կոմկուսին եւ աւանդական կուսակցութեանց, մասնաւորապէս Դաշնակցութեան միջեւ, գաղափարական էին եւ, առաջին կարգին, Հայաստանի արտաքին քաղաքական կողմնորոշումներուն կը վերաբերէին:

Տէր Պետրոսեանը կ’ուզէր, որ հայ ժողովուրդն իր ազգային իղձերուն հասնելու համար պէտք է ապաւինի միայն եւ միայն սեփական ոյժերուն: Ան ՙքաղաքականապէս սնանկ եւ վտանգաւոր՚ կ’որակէր ՙտենդագին կերպով քարոզուող՚ այն տեսակէտը, որ Հայաստանը, ՙշրջապատուած ըլլալով այլակրօն, թշնամի ազգերով, իր գոյութիւնը կրնայ պահպանել հզօր պետութեան մը հովանաւորութեան շնորհիւ միայն՚:

ՙԱյս մտայնութիւնը մեր ժողովուրդը կը մատնէ բարոյական ստրկութեան, կը զրկէ քաղաքական դաշնակից դառնալու հնարաւորութենէն, ինչը քաղաքականութեան մէջ յաջողութեան հասնելու երաշխիքն է: Հայաստանի` որպէս համաթրքականութեան ծրագիրը խափանող եւ Ռուսիոյ շահերուն ծառայող գործօնի ըմբռնումը Հայկական Հարցը կրկին կը ներքաշէ միջազգային յարաբերութեանց բարդ ոլորտը, ինչը յղի է մեր ժողովուրդի ճակատագիրին համար վտանգաւոր հետեւանքներով՚,- կ’ըսէր Տէր Պետրոսեանը:

Դաշնակցութիւնը Տէր Պետրոսեանի ելոյթը մտահոգիչ կ’որակէ` ընդգծելով, որ անոր որոշ յայտարարութիւնները ՙհայ քաղաքական միտքի նուիրագործուած հունէն կը շեղին՚:

19 Օգոստոս 1989ին ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէն կը հրապարակէ Հ. Հ. Շ.ի ծրագիրը, որուն մէջ, մասնաւորապէս, կ’ըսուէր. ՙՀայ ժողովուրդն իր ազգային ծրագիրներն իրագործելու ատեն պէտք է ապաւինի իր ոյժերուն, յոյսը չդնէ ուրիշի հովանաւորութեան վրայ: Ամէն մէկ հակառակ պնդում կը ժխտուի պատմական փորձով եւ կը ծառայէ մեր ժողովուրդը հոգեկան ստրկութեան մէջ պահելու գործին: Ստրկամտութեան արտայայտութիւն է նաեւ այն մտայնութիւնը, թէ ազգը մշտական բարեկամ եւ մշտական թշնամի ունի՚:

ՙՄեր շարժումը որեւէ ժողովուրդի դէմ ուղղուած չէ: Մեր սկզբունքն է` խաղաղ ու համերաշխ ապրիլ հարեւան բոլոր ժողովուրդներուն հետ: Բայց մենք համոզուած ենք, որ խաղաղութիւնն ու համերաշխութիւնը ամուր կ’ըլլան միայն այն պարագային, երբ արդարութեան վրայ կը հիմնուին, երբ որեւէ ժողովուրդի իրաւունքները չեն ոտնահարուիր: Մեր Շարժման առաջնահերթ նպատակը եղած է ու կը մնայ Արցախի եւ Հայաստանի վերամիաւորումը, Հայաստանի եւ Խ. Ս. Հ. Մ.ի Գերագոյն Խորհուրդներուն կողմէ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի ընդունումն ու դիմումը Մ. Ա. Կ.ին` այդ փաստը ճանչնալու պահանջով, 24 Ապրիլը Հայաստանի մէջ Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակի օր յայտարարումը՚:

4-7 Նոյեմբերին Երեւանի մէջ տեղի կ’ունենայ Հ. Հ. Շ.ի հիմնադիր համագումարը, որուն կը մասնակցին աւելի քան հազար պատուիրակներ Հայաստանէն, Արցախէն, խորհրդային եւ արտախորհրդային սփիւռքներէն: Համագումարին ներկայ էին նաեւ Սուրէն Յարութիւնեանն ու Նախարարներու Խորհուրդի նախագահ Վլատիմիր Մարգարեանցը:

Հ. Հ. Շ.ի ժողովրդականութիւնը Հայաստանի համայնավար ղեկավարութեան կը ստիպէր սրբագրել Ղարաբաղի հարցով նախապէս որդեգրած դիրքորոշումը: Կոմկուսի առաջին քարտուղարը կը սկսի հրապարակաւ քննադատել Վոլսքիի Յ. Կ. Կ.ն: 31 Մայիսին, Խ. Ս. Հ. Մ.ի ժողովրդական պատգամաւորներու համագումարի իր ելոյթին մէջ Սուրէն Յարութիւնեանը կ’ըսէր. ՙՅատուկ Կառավարման Կոմիտէի ստեղծումը գետնի վրայ իրադրութեան թելադրած փոխզիջում է: Կոմիտէն ժառանգեց մարզային ինքնավարութեան իրաւական անկատարութիւնները եւ չդարձաւ ինքնուրոյն կառավարչական համակարգ մը, որ ինքնավար մարզը Կեդրոնի անմիջական ենթակայութեան տակ դնէր՚:

Յարութիւնեանին ելոյթը Կեդրոնին նկատմամբ շատ աւելի կոշտ էր Խ. Մ. Կ. Կ.ի Կենտկոմի սեպտեմբերեան լիագումար նիստին: ՙԼ. Ղ. Ի. Մ.ի հարցը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքային վէճի առարկայ չէ: Զայն յառաջ քաշած է ո’չ թէ Հայաստանը, այլ` Ղարաբաղի ժողովուրդը: Զայն պէտք է որպէս ժողովուրդներու ինքնորոշման հարց դիտել միայն՚:

Ատրպէյճանի մէջ, ուր համայնավարներն իշխանութեան վրայ մնացին նաեւ երկրի անկախացումէն յետոյ` մինչեւ 1992ի գարունը, ազգայնականներուն ազդեցութիւնը օրէ օր կ’աւելնար: 16 Յունիս 1989ին ձեւաւորուած էր Ժողովրդական Ճակատը, որու նախագահ ընտրուած էր Ապուլֆազ Ալիեւը (Էլչիպէյ): 29 Յուլիսին Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կը դադրեցուի երթեւեկութիւնը, քանի մը օր յետոյ Հայաստանը շրջափակման կ’ենթարկուի: Պաքուի մէջ Հայաստանը շրջափակելու իրողութիւնը ուրիշ կերպ կը մեկնաբանէին. Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երթեւեկութիւնը կը դադրեցուի, քանի որ գնացքները գրոհներու կ’ենթարկուէին Հայաստանի տարածքին: 4 Սեպտեմբերին Ատրպէյճանը պաշտօնապէս կը յայտարարէ Հայաստանն ու Ղարաբաղը շրջափակելու մասին:

 Ազգային Խորհուրդը

Վոլսքիի կոմիտէին թուլացումը Ղարաբաղի մէջ երկիշխանութեան հող նախապատրաստեց: 1989ի Յուլիսին Ստեփանակերտի մէջ կը հիմնուի ՙՄիացում՚ շարժումը, զոր կը գլխաւորէ Ռոպէրթ Քոչարեանը: ՙՄիացում՚ը կը դիմէ Հայոց Համազգային Շարժման` անոր բաղկացուցիչ մասը ճանչցուելու խնդրանքով:

16 Օգոստոսին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նոր մարմին մը կը ստեղծուի. Ստեփանակերտի հայկական թատրոնի դահլիճին մէջ տեղի կ’ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան լիազօր ներկայացուցիչներուն համագումարը, որ 79 հոգինոց Ազգային Խորհուրդը կ’ընտրէ:

Ազգային Խորհուրդն իր առջեւ խնդիր դրած էր իրագործել 20 Փետրուար 1988ի որոշումը, ինչպէս նաեւ մարզի ղեկավարումը` մինչեւ Մարզխորհուրդն ու Մարզկոմը կը վերականգնուէին: 20 Փետրուարի որոշումը ՙատրպէյճանցի ժողովուրդին շահերը որեւէ կերպ չ’ոտնահարէր՚,- ըսուած էր ատրպէյճանցիներուն ուղղուած դիմումին մէջ:

Ղարաբաղի մէջ փաստացի ստեղծուող երկիշխանութեան մասին Ռոպէրթ Քոչարեանը ռուսական ՙՍըմենա՚ թերթին մէջ կ’ըսէր. ՙԳոյութիւն ունի Յ. Կ. Կ.ն, որուն իշխանութիւնը տրուած է վերէն` Խ. Ս. Հ. Մ.ի Գերագոյն Խորհուրդին կողմէն, եւ որուն անմիջականօրէն կ’ենթարկուին զօրքերը, եւ Ազգային Խորհուրդը, որուն իշխանութիւնը պատգամուած է վարէն` ժողովուրդէն, սակայն ան իրաւական ամուր կարգավիճակ չունի: Յ. Կ. Կ.ը ներկայ պահուն մարդոց վրայ իշխանութիւն չունի, բնակչութիւնը Ազգային Խորհուրդին իշխանութիւնը կը ճանչնայ: Բայց Յ. Կ. Կ.ն կը ճանչնան Քաղբիւրօն եւ Գերագոյն Խորհուրդը: Յ. Կ. Կ.ին ու Ազգային Խորհուրդին համագործակցելէ ուրիշ բան չի մնար: Լ. Ղ. Ի. Մ.ի տարածքին կատարուող ամէն ինչ Ազգային Խորհուրդը պէտք է որոշէ, կեդրոնական մարմիններուն հետ կապերուն վերաբերող ամէն ինչ պէտք է Յ. Կ. Կ.ի միջոցով իրականացուի՚:

Ազգային Խորհուրդին ներսը տարբեր մօտեցումներ գոյութիւն ունէին Մոսկուայի եւ Յ. Կ. Կ.ի հետ յարաբերութեանց վերաբերեալ: Մօտեցումներէն մէկը Յ. Կ. Կ.ի վերացումն ու Մարզխորհուրդին վերականգումն էր, երկրորդը` Յ. Կ. Կ.ի լիազօրութիւնները ուժեղացնել եւ ինքնուրոյն քաղաքականութիւն վարելու հնարաւորութիւն տալ անոր` առանց Պաքուի իշխանութեանց հետ համաձայնեցնելու, երրորդը` միջանկեալ մօտեցում մըն էր, որուն կողմնակից էր Քոչարեանը. Յ. Կ. Կ.ը պահպանել որպէս միջանկեալ մակարդակ Լ. Ղ. Ի. Մ.ի եւ Քրեմլինի միջեւ:

27 Օգոստոսին Ատրպէյճանը Ազգային Խորհուրդը անօրինական ճանչցաւ: Ազգային Խորհուրդը ղարաբաղեան հարցի լուծման մէջ, առաջուան նման, Մոսկուայի ուղղութեամբ այնքան ալ հակուած չէր: Ան սկսաւ աւելի շատ դիմել միջազգային կազմակերպութեանց, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներուն, ինչը Քրեմլինի դժգոհութիւնը յառաջացուց ակնյայտօրէն:

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին Յարաբերութեանց Յանձնաժողովը 19 Յուլիս 1989ին ընդունած էր Լեռնային Ղարաբաղի հարցի խաղաղ կարգաւորման օժանդակութեան բանաձեւ մը` Կորպաչովին յորդորելով Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներուն հետ քննարկել Հայաստանի հետ վերամիաւորման պահանջը: Նոյեմբերին, նոյն յանձնաժողովը Ղարաբաղի հարցով կ’ընդունի նոր բանաձեւ մը, ուր Խ. Ս. Հ. Մ.ի ղեկավարութեանը կոչ կ’ըլլար հակամարտութեանը արդարացի լուծում տալու, ինչն իրականութեան մէջ մարզի բնակչութեան 80 տոկոսը կազմող հայոց կամքը կ’արտայայտէր:

Յաջորդ օրն իսկ Խ. Ս. Հ. Մ.ի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ Գերագոյն Խորհուրդի Միջազգային Հարցերու Յանձնաժողովը խստիւ կը քննադատեն Ծերակոյտի յանձնաժողովի` Ղարաբաղի հարցով ընդունած բանաձեւը: Ըստ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Պեսսմերթնիխի` ատիկա ՙկոպիտ եւ ինքնակոչ միջամտութիւն՚ է, եւ ՙԾերակոյտի յանձնաժողովի այդպիսի որոշումը յարուցած է խորհրդային քաղաքացիներուն սուր հակազդեցութիւնը, եւ կարելի չէ այդ վրդովմունքը չըմբռնել՚:

Լեռնային Ղարաբաղի հանդէպ Մոսկուայի դիրքորոշումը կը փոխուէր: 28 Նոյեմբերին Խ. Ս. Հ. Մ.ի Գերագոյն Խորհուրդը Կորպաչովի ստորագրութեամբ կը կայացնէ ՙԼ. Ղ. Ի. Մ.ի մէջ իրադրութիւնը բնականոն դարձնելու միջոցառումներու որոշում՚ը, որով Յատուկ Կառավարման Կոմիտէն կը լուծարուէր, թէեւ Վոլսքին մօտ երկու ամիս ալ մնաց Ղարաբաղի մէջ` փաստօրէն շարունակելով Ղարաբաղի ղեկավարումը:

Քրեմլինը Ղարաբաղի մէջ Պաքուի լիազօրութիւնները վերականգնելու նպատակ ունէր: Կը ստեղծուի Կազմկոմիտէն, որու ղեկավար կը նշանակուի Ատրպէյճանի Կոմկուսի երկրորդ քարտուղար, Աֆղանիստանի պատերազմով անցած Վիքթոր Փոլեանիչքօն: Ատրպէյճանի խորհրդարանը դեռ Սեպտեմբերին կայացուցած էր Յ. Կ. Կ.ն լուծարելու որոշումը: Ըստ էութեան, Մոսկուան տեղի կու տայ Պաքուի համայնավար ղեկավարութեան եւ իշխանութեան ձգտող Ժողովրդական Ճակատի ճնշումներուն: Յ. Կ. Կ.ի լուծարումը եւ Ղարաբաղը կրկին Ատրպէյճանի ուղղակի վերահսկողութեան տակ դնելու Կորպաչովի որոշումը նոր վիճակ մը կը ստեղծեն:

Հայկական Խ. Ս. Հ.ի Գերագոյն Խորհուրդը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային Խորհուրդը 1 Դեկտեմբերին համատեղ նիստ գումարելով` Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորման որոշում կու տան: Գերագոյն Խորհուրդը կը ճանչնայ Լ. Ղ. Ի. Մ.ի ինքնորոշման փաստը` հիմք ընդունելով 20 Փետրուար 1988ի եւ 12 Յուլիսի որոշումները:

Նախքան 1 Դեկտեմբերի որոշման կայացումը` Լեւոն Տէր Պետրոսեանը խոցելի կ’որակէր Գերագոյն Խորհուրդի ՙյառաջիկայ նիստերէն մէկուն մէջ Արցախը Հայաստանի անբաժան մասը յայտարարել՚ առաջարկող տեսակէտը: Տէր Պետրոսեանը կ’ըսէր, որ ՙատիկա կրնայ ներկայացուիլ իբրեւ միջազգային իրաւունքի կոպիտ խախտում եւ հաստատել Հայաստանի տարածքային նկրտումներն Ատրպէյճանի նկատմամբ՚, իսկ ՙքաղաքական տեսակէտէն` նման որոշման կայացումն անուղղելի սխալ կ’ըլլար, քանի որ այդպիսով կասկածի տակ կը դրուէր նաեւ արցախահայութեան ինքնորոշման փաստին իրաւացիութիւնը՚:

Արքատի Մանուչարովը կ’ըսէր, որ 1 Դեկտեմբերի որոշումը խաղաթուղթ է Պաքուի ձեռքին` իբր թէ Հայաստանը տարածքային պահանջներ ունի Ատրպէյճանէն. ՙԱյդ որոշումը պատմական տեսակէտէն նշանակալի է, մինչդեռ մենք զայն իրականացնելու համար գործնական քայլեր չենք կատարած: Այդ պատճառով ալ տուեալ որոշումը որեւէ ոյժ չունի, նոյնիսկ կը վնասէ Արցախի ժողովուրդին: Մեր առջեւ երկընտրանք կայ` կա’մ արագօրէն միացնել երկու վարչատարածքային միաւորները, կա’մ ալ խելացի ձեւով ՙսառեցնել՚ դեկտեմբերեան որոշումը` աշխարհին ապացուցելու, որ կայ ինքնորոշմա’ն հարց եւ ո’չ թէ տարածքային պահանջատիրութեան խնդիր՚:

Պաքուն 1 Դեկտեմբերի որոշումը Ատրպէյճանի ներքին գործերուն միջամտելու անթոյլատրելի փորձ որակեց: Երկու հանրապետութեանց միջեւ լարուածութիւնն անշեղօրէն կը մեծնար: Անոնք պատերազմի կը պատրաստուէին, սակայն տակաւին կային Խորհրդային Միութիւնը եւ անոր ներքին զօրքերն ու բանակը, որոնք, անկախ անկէ, թէ զո՞վ կը պաշտպանէին, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միջեւ անխուսափելի առճակատումը զսպող միակ եւ վերջին ոյժն էին:

Լուսանկարում՝ Վոլսկին, Վահան Գաբրիելյանը և Զորի Բալայանը

Լուսանկարը՝ Օ. Իվանովի

Յ. Գ.

Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ), Կիւմրիի, Ստեփանակերտի, Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Արևմտահայերեն-Արցախեան-օրագիր

Փափուկ կազմ, 555 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2010, Անթիլիաս,
ISBN 978-995301815-7:
Գինը՝ 7.000 դրամ ($14.00):

ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ, Պատմաբան

“Փայլուն եւ գերազանց աշխատանք է` հարուստ իր բազմապիսի ու բազմալեզու աղբիւրներով: Աչքի կը զարնէ անաչառութիւնը: Հիանալի եւ մնայուն մենագրութիւն է, անհրաժեշտ ՙդասագիրք՚` հայկական դիւանագիտութեան համար”: