Խոճալուն եւ Մարաղան

1319

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն

Տասնվեցերորդ գլուխ       

 

Խորհրդային Միութեան փլուզման նախօրեակին եւ 1992ի առաջին ամիսներուն շարք մը երկիրներ ու կազմակերպութիւններ փորձեցին ներգրաւուիլ ղարաբաղեան կարգաւորման գործընթացին: 1991ի Նոյեմբերի վերջերուն Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Վելայաթին ըսած էր, որ Թեհրանը միջնորդի դեր ստանձնելու պատրաստ է:

Իրանի մէջ Հայաստանի առաջին դեսպան Վահան Բայբուրդեանը Ղարաբաղի հարցին մէջ Թեհրանի կեցուածքը ՙբարեկամական չէզոքութիւն՚ կ’անուանէ: ՙԹեհրանի պաշտօնական տեսակէտը հետեւեալն էր. պէտք է վերականգնուի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ հայկական ոյժերը պէտք է դուրս բերուին Ատրպէյճանի տարածքէն: Սակայն ընդհանուր առմամբ, պէտք է ըսեմ, որ Իրանը, չնայած պաշտօնական տեսակէտին, հաւասարակշռուած, չէզոք քաղաքականութիւն կը վարէր՚:

Պետական քարտուղար Ճէյմս Պէյքըրը 11 Փետրուար 1992ին Հայաստան կ’այցելէ ու նախագահ Տէր Պետրոսեանին հետ կը հանդիպի: Յաջորդ օրը ան Պաքուի մէջ կը բանակցի Մութալիպովի հետ: Յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպան Դաւիթ Շահնազարեանը կ’ըսէ, որ սկզբնական շրջանին Արեւմուտքը, մասնաւորապէս Ա. Մ. Ն.ը, լուրջ շահագրգռութիւն չունէր. ՙԱնոնց քաղաքականութիւնն էապէս կը տարբերի այսօրուայ քաղաքականութենէն: Այդ ժամանակ անոնք որեւէ ինքնուրոյն, գործուն դերի պատրաստ չէին եւ չէին ալ ուզեր նման դեր վերցնել: Անոնց առաքելութիւնը կը սահմանափակուէր Մինսքի Խումբի աշխոյժ գործունէութեամբ: Այդ ժամանակ Ե. Ա. Հ. Խ.ի ձեւաչափէն աւելի աշխոյժ կը գործէր Ռուսիան` երկու ուղղութիւններով (պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններ)՚:

Կովկասի մէջ` Ռուսիոյ քաղաքական, ռազմական ու տնտեսական ազդեցութիւնը ամենածանրակշիռն էր: 14 Փետրուարին Մինսքի մէջ, Ա. Պ. Հ.ի պետութեանց ղեկավարներու հանդիպման ծիրին մէջ, Ելցինը, Տէր Պետրոսեանը եւ Մութալիպովը կը պայմանաւորուին բանակցութիւններ կազմակերպել երեք երկիրներու արտաքին քաղաքական գերատեսչութեանց ղեկավարներուն մակարդակով: Արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Քոզիրեւի միջնորդութեամբ, 20 Փետրուարին Մոսկուայի մէջ տեղի կ’ունենայ Րաֆֆի Յովհաննիսեանի հանդիպումն իր ատրպէյճանցի գործընկեր Հուսէյն Աղա Սատըխովի հետ: Երեքժամեայ բանակցութիւններէն ետք Յովհաննիսեանը կրկին կը հաւաստէ Հայաստանի դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղ խաղաղապահ ոյժեր գործուղելու օգտին` անոնք ըլլան Մ. Ա. Կ.ի ՙերկնագոյն սաղաւարտնե՞ր՚, թէ՞ Ա. Պ. Հ.ի հաշտարար ոյժեր:

25 Փետրուարին Տէր Պետրոսեանն ուղերձով կը դիմէ աշխարհի 14 պետութեանց ղեկավարներու` ղարաբաղեան գօտիին մէջ իրադրութեան յետագայ սրումը կանխելու նպատակով: ՙՊետութեանց եւ միջազգային կազմակերպութեանց ղեկավարները պէտք է ներազդեն Ռուսիոյ եւ Ա. Պ. Հ.ի ղեկավարներուն վրայ, որպէսզի անոնք հնարաւոր բոլոր միջոցներով խոչընդոտեն Ատրպէյճանին` Ա. Պ. Հ.ի զինամթերքը ձեռք բերելու կամ գործածելու: Լեռնային Ղարաբաղի հարցը մենք ըստ էութեան կը դիտենք ներքին քաղաքական հակամարտութիւն, զոր պէտք է լուծուի բացառապէս Ատրպէյճանի իշխանութեանց եւ Լեռնային Ղարաբաղի նորընտիր ղեկավարութեան միջեւ բանակցութեանց միջոցով` նկատի ունենալով, որ Հայաստանն Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներ չունի՚:

Բազմաթիւ միջնորդական առաքելութիւնները, տարածաշրջանի խոշոր երկիրներուն ներգրաւուածութիւնը, հայ-ատրպէյճանական բարձր մակարդակով հանդիպումները, սակայն, արիւնահեղութիւնը չկանխեցին: Աւելին, որքան ալ տարօրինակ է, սովորաբար, միջազգային միջնորդութեանց օրերո’ւն տեղի կ’ունենային ամենաողբերգական իրադարձութիւնները: Անոնցմէ առաջինը Խոճալուն էր, երկրորդը` Մարաղան:

Ճշմարտութեան պահը

Երբ ռուս լրագրող Անտրէյ Քարաուլովը 1994ի Յունուարին ՙՃշմարտութեան Պահը՚ հաղորդաշարի հիւրին` Լեռնային Ղարաբաղի Պ. Պ. Կ.ի նախագահին կը հարցնէ Խոճալուի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն մասին, Ռոպէրթ Քոչարեանը կը պատասխանէ. ՙԵս այդ ողբերգութեան կողքին կը դնէի ողբերգութեանց մէկ ուրիշ շարք, զոր իր չափերով Խոճալուինը երեւի կը գերազանցէ: Ատիկա թէ’ Սումկայիթն է, թէ’ Պաքուի ջարդերը, հայկական 28 գիւղերու հայաթափումը, ատիկա թէ’ հայկական Մարաղա գիւղի ողբերգութիւնն է՚:

ՙԽոճալուն յայտնուած էր մարտական գործողութեանց կիզակէտին, ընդ որուն, ինչպէս ինծի կը պատկերուի, մարտնչող կողմերը պէտք է զգուշաւորութեամբ մօտենան բնակավայրերու` ռազմական նպատակներով գործածման. սա ճիշդ Խոճալուի մէջ տեղի ունեցածին կը վերաբերի: Բուն բնակավայրին մէջ տեղակայուած էր չորս հրանօթ եւ ՙԿրատ՚ կայանք, որոնցմէ Ստեփանակերտն անդադար կը ռմբակոծուէր: Եւ եթէ ոյժ մը կը վերածուի հրետանիի, ՙԿրատ՚ի հարուածի համար դիրքի` ապա, բնականաբար, այդ կայանքներն իրենց վրայ կրակ կը հրաւիրեն: Ատոր համար ալ, իսկապէս, Խոճալուի մէջ ստեղծուեցաւ իրավիճակ մը, երբ ծանր մարտեր կ’ընթանային բնակավայրին համար, եւ այդ մարտերուն ընթացքին խաղաղ բնակչութիւնն իսկապէս տուժած է՚:

Երբ բրիտանացի լրագրող Թոմաս տը Վաալը Սերժ Սարգսեանէն խնդրած է

պատմել Խոճալուի մասին, ստացած է ՙՄենք այդ մասին բարձրաձայն չենք խօսիր՚ պատասխանը: Զոհերու թիւին առնչութեամբ Սարգսեանը ըսած է, որ շատ բան չափազանցուած է, իսկ փախչող ատրպէյճանցիները զինուած դիմադրութիւն ցոյց տուած են. ՙԲայց ես կը կարծեմ, թէ գլխաւոր հարցը բոլորովին ուրիշ էր: Մինչեւ Խոճալուն` ատրպէյճանցիք կը մտածէին, թէ մեզի հետ կատակ կ’ընեն, անոնք կը կարծէին, թէ հայերը քաղաքացիական բնակչութեան վրայ երբեք ձեռք չեն բարձրացներ: Մենք կրցանք ջարդել այս (կարծրատիպը): Ահա’ թէ ինչ կատարուեցաւ: Նաեւ պէտք է հաշուի առնել, որ այդ տղոց մէջ Պաքուէն եւ Սումկայիթէն փախած մարդիկ կային՚:

Պատերազմի տարիներու ամենաերիտասարդ հրամանատարներէն Սամուէլ Պապայեանը բոլորովին ուրիշ բան կը պատմէ. ՙԽոճալուի գործողութեան ժամանակ ես պէտք է թէ’ Աղտամը պահէի, թէ’ ապահովէի գետի հոսանքով անվտանգութեան միջանցք մը, որպէսզի ժողովուրդը կարենար դուրս գալ, ինչն ալ կատարած եմ: Միջանցքը տրուած էր, բայց անհասկնալի բան մը տեղի ունեցաւ: Աղտամի կողմէ մեր վրայ կը յարձակին: Բնակչութիւնը պէտք է մեր դիրքերուն մէջէն անցնէր եւ Աղտամ մտնէր: Աղտամի ատրպէյճանական ոյժերու շրջանին մէջ տպաւորութիւն կը ստեղծուի, թէ հայերը կ’անցնին: Բռնութիւնները կատարած են ատրպէյճանական ոյժերը. գիտակցաբա՞ր, թէ՞ ոչ` չեմ գիտեր: Մենք Խոճալուի մէջ բնաջնջում չենք իրականացուցած: Ընդհանրապէս, պատերազմի տարիներուն մենք խաղաղ բնակչութեանը թոյլ տուած ենք, որ հեռանայ: Քելպաճարի մէջ կրնայինք ճամբաները փակել եւ 60 հազար հոգի կոտորել, բայց ռազմական գործողութիւնը յատուկ կերպով քանի մը օր յետաձգած, ճամբայ տուած ենք՚:

Խոճալուի բնակիչներէն Սալման Ապասովը յետագային բողոքած է. ՙԱյդ ողբերգական իրադարձութիւններէն քանի մը օր առաջ հայերը անթել հեռակապով (ռատիօ) մեզ քանի մը անգամ կը նախազգուշացնէին, որ քաղաքը պիտի գրաւեն եւ կը պահանջէին հեռանալ: Երկար ժամանակ Խոճալու կը թռչէին ուղղաթիռներ, եւ պարզ չէր` որեւէ մէկը մտահոգուա՞ծ էր մեր ճակատագիրով, կը հետաքրքրուէ՞ր մեզմով: Գործնական որեւէ օգնութիւն չստացանք: Աւելին, երբ կանայք, երախաներն ու ծերերը դուրս բերելու հնարաւորութիւն կար` մեզ կը համոզէին այդպէս չընել՚:

2005ի գարնանը Խոճալու կ’այցելէ ատրպէյճանցի լրագրող Էյնուլլա Ֆաթուլլաեւը: Պաքու վերադառնալով` ան յօդուածաշար մը գրեց. ՙԱսկէ քանի մը տարի առաջ հանդիպեցայ Նաւթալանի մէջ բնակող խոճալուցիներու հետ: Անոնք խոստովանեցան, որ գրոհն սկսելէն քանի մը օր առաջ հայերը բարձրախօսներով կը նախազգուշացնէին ծրագրուող գործողութեան մասին եւ քաղաքացիական անձանց կ’առաջարկէին հեռանալ աւանէն` շրջափակումէն դուրս գալ Կարկար գետի երկայնքով մարդասիրական միջանցքով: Ըստ խոճալուցիներուն` իրենք օգտագործած են այդ միջանցքը, եւ, իրականութեան մէջ, միջանցքէն այն կողմ գտնուող հայ զինուորները խոճալուցիներուն վրայ կրակ չեն բացած: Ժողճակատի զինուորականները, չես գիտեր ինչո’ւ, խոճալուցիներուն մէկ մասը դուրս բերած են դէպի Նախիջեւանիկ, զոր հայոց վերահսկողութեան տակ էր: Միջանցք իրականին մէջ եղած է, այլապէս ամբողջութեամբ շրջափակուած եւ արտաքին աշխարհէն կտրուած խոճալուցիները չէին կրնար օղակը ճեղքել եւ շրջափակումէն դուրս գալ: Խոճալուցիներուն մէկ մասը, չես գիտեր ինչո’ւ, ուղղուած է դէպի Նախիջեւանիկ: Կը թուի, թէ Ժողճակատին գումարտակները կը ձգտէին ո’չ թէ խոճալուցիներու փրկութեան, այլ` մեծ արեան` Մութալիպովը գահընկէց ընելու ճամբուն վրայ՚:

Նախագահ Մութալիպովը Խոճալուի ողբերգութենէն մէկ ամիս յետոյ հարցազրոյց կու տայ չեխ լրագրող Տանա Մազալովային:

ՙՀարց. Ի՞նչ կը մտածէք Խոճալուի դէպքերուն մասին, որմէ ետք Դուք հրաժարական տուիք: Խոճալուցիներու դիակները յայտնաբերուեցան Աղտամէն ոչ հեռու: Մէկնումէկը նախապէս կրակած էր մարդոց ոտքերուն, որպէսզի անոնք չկարենան հեռու փախչիլ: Յետոյ զանոնք կացնահարած էին: Գործընկերներս 29 Փետրուարին նկարահանած էին զանոնք: 2 Մարտին, նոր նկարահանումներու ժամանակ, այդ դիակներուն գանգամաշկերը հանուած էին: Ասիկա տարօրինակ խաղ մըն է:

Մութալիպով. Ինչպէս փրկուած խոճալուցիները կ’ըսեն` այս ամէնը կազմակերպուած էր հրաժարականիս համար առիթ ստեղծելու նպատակով: Ոյժ մը կը գործէր յանուն նախագահի վարկաբեկման: Չեմ կարծեր, թէ նման իրավիճակին մէջ, յստակ եւ բանիմաց մօտեցում ցուցաբերող հայերը թոյլ տային, որպէսզի ատրպէյճանցիներն իրենց ֆաշիստական արարքները մերկացնող փաստեր ձեռք բերէին: Երբ կը յայտարարեմ, որ ատիկա ատրպէյճանական ընդդիմութեան մեղքն է` կրնան ըսել, որ կը զրպարտեմ: Սակայն դատողութիւններու ընդհանուր պատկերն այս է` հայերը, այնուամենայնիւ, ձգած էին միջանցք մը, որով մարդիկ կրնային հեռանալ: Այդ պարագային` անոնք ինչո՞ւ պէտք է կրակէին: Երբ Խոճալուն շրջապատուեցաւ զրահամեքենաներով` անմիջապէս հարկաւոր էր բնակչութիւնը դուրս բերել: Աւելի առաջ ես նման յանձնարարութիւն տուած էի Շուշիի առիթով. քաղաքին մէջ ձգել տղամարդիկը, իսկ կանանք եւ երախաները դուրս բերել: Ասիկա ալ պատերազմի օրէնքներէն է. մարդիկը պէտք է փրկել: Իմ վարքագիծն առարկայական էր եւ միանշանակ. ես այդպիսի յանձնարարութիւն տուած եմ, սակայն ինչո՞ւ անոնք Խոճալուի մէջ չկատարուեցան` ինծի համար պարզ չէ՚:

Յետագային ալ, որոշ սրբագրումներով, Մութալիպովը շարունակած է պնդել, որ հայերը խաղաղ բնակչութեան հեռացման համար միջանցք ձգած են. ՙ25 Փետրուարի երեկոյեան, ներքին գործոց նախարար, հանգուցեալ Թոֆիկ Քերիմովը ինծի զեկուցեց տեղի ունեցածի մասին, բայց առանց մանրամասնութեանց: Ան ըսաւ, որ քանի մը հարիւր հոգի գնդակահարուած է նոյնինքն Խոճալուի մէջ: Այդ ժամանակ, իմ ըրած առաջին բանս եղաւ ընկալուչը վերցնել եւ հեռաձայնել Ղարաբաղի ղեկավար ոմն (Արթուր) Մկրտչեանի: Ես անոր հետ ծանօթ չէի, երբեք չէի տեսած, բայց մականունը գիտէի: Ես անոր զայրացած հարցուցի, թէ ինչպէ՞ս հնարաւոր է գրեթէ հազար խաղաղ բնակիչներ գնդակահարել Խոճալուի մէջ: Իսկ ան բառացիօրէն հետեւեալը պատասխանեց. ՙԻ՞նչ յիմարութիւններ, մենք Խոճալուի մէջ որեւէ մէկը չենք գնդակահարած: Մինչեւ Խոճալուն վերցնելը հոն ոչ ոք կար արդէն, քանի որ մենք միջանցք տուած էինք եւ բնակիչները հեռացած էին: Իսկ խոճալուցիներուն մէկ մասը մեր մօտ մնացած է: Անոնք Մասնագիտական Թէքնիք Ուսումնարանի շէնքին մէջ են: Մենք զանոնք կը կերակրենք, թէեւ մթերքները մեզ իսկ չեն բաւականացներ՚:

ՙՉհաւատացի անոր: Հեռաձայնին մօտ խնդրեցի ոստիկանութեան վարչութեան պետ Արմէն Իսակուլովը: Ան ալ յայտնեց, որ մարդոց միջանցք տուած են: Ահա թէ ինչո’ւ այդ ժամանակ հարցազրոյցիս մէջ ըսի, որ ինծի հաղորդած են խաղաղ բնակչութեանը միջանցք տրամադրելու մասին: Բայց ես չեմ պնդած, որ իրականին մէջ այդ միջանցքը եղա՞ծ է, թէ՞ ոչ: Պարզապէս վկայակոչած էի վերոնշեալ հեռաձայնային խօսակցութիւնը… Ի դէպ, ՙՄեմորիալ՚ իրաւապաշտպան կեդրոնի զեկոյցին մէջ սեւը սպիտակի վրայ գրուած է, որ միջանցք տրամադրելու մասին անձամբ իմացած է Էլման Մամէտովը՚,- ըսած է Մութալիպովը:

27 Փետրուարին Պաքուի թերթերը կը գրեն երկու զոհի, եւ միայն ՙՍեհեր՚ը կը հաղորդէ հարիւրաւոր սպանեալներու մասին:

Լրագրող Շամիլ Ալեքպերլին կը յիշէ. ՙ22 Փետրուարին Աղտամ էի: Դրութիւնը ծայր աստիճան ծանր էր: Քանի մը անգամ անյաջող կերպով փորձեցի հասնիլ Խոճալու, յետոյ որոշեցի ինքնապաշտպանական գումարտակներու հրամանատարներ Շիրին Միրզոեւին եւ Ալլահվերտի Պաղիրովին դիմել: Ըսին, որ կը պատրաստուին խաղաղ բնակչութիւնը դուրս բերել Խոճալուէն, եւ անոր համար Ասկերանի շրջանի ուղղութեամբ միջանցք բացուած է: Ինծի խորհուրդ տուին քանի մը օր սպասել: Բայց Խոճալուն ապաշրջափակելու սպասուող գործողութիւնը, չես գիտեր ինչո’ւ, այդպէս ալ չկայացաւ: Մինչեւ այսօր ինծի յայտնի չէ, թէ ի՞նչը խանգարեց: Ես ուղեւորուեցայ Աղտամի Քաղխորհուրդի շէնք, ուր ունկնդիր եղայ Ատրպէյճանի Գերագոյն Խորհուրդի փոխնախագահ Թամերլան Ղարաեւի եւ Խոճալուի գործադիր իշխանութեան ղեկավար Էլման Մամէտովի միջեւ հեռաձայնային զրոյցին: Ղարաեւը շատ վստահ ձայնով կ’ըսէր, թէ ՙանհանգստանալու հիմքեր չկան՚, այսօր կամ վաղը ՙմենք միասին Խոճալուի մէջ թէյ պիտի խմենք՚:

Խոճալուի քաղաքապետ Էլման Մամէտովը ողբերգութենէն քանի մը օր յետոյ խոստովանած է. ՙՄենք գիտէինք, որ այդ միջանցքը խաղաղ բնակչութեան հեռանալուն համար էր՚:

Զարմանալիօրէն, եւ ինչպէս իր հարցազրոյցներուն մէջ կը նշէ Մութալիպովը, ողբերգութեան մասին 25 Փետրուարի երեկոյեան իրեն զեկուցած է ներքին գործոց նախարար Քերիմովը: Խոճալուի լուրը Պաքու հասած էր 25 Փետրուարի երեկոյեան, այսինքն` ղարաբաղեան ոյժերու գրոհի սկիզբէն առաջ: Ո’չ Ատրպէյճանի ներքին գործոց նախարար Քերիմովը, ո’չ ալ անվտանգութեան նախարար Հուսէյնովն ի վիճակի եղան պարզելու այդ ապատեղեկատուութեան աղբիւրը: Եւ 26 Փետրուարի առտուն Մութալիպովը կը հեռաձայնէ Ստեփանակերտ` Արթուր Մկրտչեանէն ու Արմէն Իսակուլովէն ճշդելու, թէ իրականին մէջ ի՞նչ կատարուած է Խոճալուի մէջ:

26 Փետրուարի երեկոյեան, զգալով, որ Խոճալուի կորուստը կը նշանակէ Մութալիպովի պարտութիւնը, Ատրպէյճանի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը կը տարածէ, ուր կը պնդուէր, թէ ՙհայ գրոհայիններու յարձակումը Խոճալուի ուղղութեամբ ետ մղուած է եւ քաղաքը կրկին կը վերահսկեն ատրպէյճանական ոյժերը՚: Սակայն այս տեղեկատուութիւնն անմիջապէս կը հերքէ Ժողճակատի տեղեկատուական կեդրոնը` հաղորդելով, որ ՙսպաննուած խոճալուցիներու դիակներով լեցուն երկու բեռնատար Աղտամ հասած է՚:

Խոճալուի ռազմական գործողութիւնը

Փետրուարի կէսերուն` Իրան այցելութեան նախօրեակին, Մութալիպովը Շուշիի մէջ գտնուող Ղազիեւին յանձնարարած էր իր բացակայութեան պահպանել հրադադարը եւ Ստեփանակերտի ուղղութեամբ չկրակել: Սակայն Իրան երթալէն քանի մը ժամ յետոյ Ղազիեւի հրամանով կը սկսի Ստեփանակերտի, մասնաւորապէս` 366րդ մեքենայացուած հրաձգային գունդին ուժգին ռմբահարումը: Գունդի հրամանատար, փոխգնդապետ Եուրի Զարվիկարովի` Մոսկուա ղրկած բազմաթիւ զեկուցագիրներէն կը պարզուի այն ծանր ու անելանելի վիճակը, որու մէջ յայտնուած էր գունդը:

ՙԻնչպէս քաղաքին, այնպէս ալ գունդին մէջ խմելու ջուր չկայ: Սպաներուն բնակարանները, ուր կ’ապրին նաեւ անոնց ընտանիքները, ամէն օր հրթիռահրետակոծութեան կ’ենթարկուին: Գունդի տարածքի հրետակոծութեան ժամանակ զոհուած են շարքային Քովալեովը, կրտսեր տասնապետ (սերժանտ) Պուրքովեցքին, արկի բեկորէն անդամահատուած է հարիւրապետ (լեյտենանտ) Զապելինի ոտքը՚:

Մէջբերում Ղազիեւէն. ՙ16 Փետրուարին տեղեկութիւններ ստացանք Խոճալուի վրայ նախապատրաստուող գրոհի մասին: Շուշիի մեր զօրքերը ՙԿրատ՚ի օգնութեամբ յաջողութեամբ կանխեցին զայն: 25 Փետրուարին մենք կրկին տեղեկութիւն ստացանք Խոճալուի վրայ յարձակման փորձի մասին: Մենք բաւարար ռազմամթերք չունէինք խոճալուցիներուն օգնելու եւ հայոց գրոհը կանգնեցնելու համար: Այդ անգամ ՙԿրատ՚ը չօգտագործեցինք, քանի որ Շուշիի վրայ թանձր մշուշ իջած էր… Հեռաձայնով կապուեցայ Մութալիպովի հետ: Նախագահը պատասխանեց, որ ներքին գործոց նախարար Քերիմովը հաւաստիացուցած է, որ Խոճալուի մէջ վիճակը կայուն է: Ես կը հասկնամ` Մութալիպովի համար թակարդ պատրաստուած էր Խոճալուի մէջ՚:

Խոճալուն ռազմական կարեւոր նշանակութիւն ունէր ինչպէս հայոց, այնպէս ալ ատրպէյճանցիներուն համար: Լեռնային Ղարաբաղի` Խոճալուի մէջ գտնուող օդանաւակայանը, շրջափակման պայմաններուն մէջ արցախահայութիւնն արտաքին աշխարհի հետ կապող միակ ճամբան էր: 1980ական թուականներու վերջերէն Ատրպէյճանի իշխանութիւնները Խոճալուի մէջ սկսան Իւզպէկիստանէն դուրս քշուած մեսխէթցի թուրքեր վերաբնակեցնել: Փոլեանիչքոյի ժամանակէն անիկա ատրպէյճանական ուժայիններու վերահսկողութեան տակ էր. հայոց առեւանգումներն ու դրամաշորթութիւնը օդանաւակայանը հսկողներու առօրեային կարեւոր մասը կը կազմէին:

Ստեփանակերտն ու հայկական միւս բնակավայրերը պարբերաբար կը ռմբակոծուէին նաեւ Խոճալուէն: Բնակավայրը գրաւելու գործողութիւնը մշակած եւ ղեկավարած է Արքատի Տէր Թադեւոսեանը: Ղարաբաղեան ոյժերը պէտք է Խոճալու մտնէին 4 ուղղութիւններով` Նորագիւղէն, Մեհթիշէնէն, Քաթուկէն եւ օդանաւակայանի մօտակայքէն: Հայկական ջոկատներուն հրամանատարները կը տեղեկացուին Կարկառ գետի երկայնքով քաղաքացիական բնակչութեան հեռանալու համար միջանցք ձգելու մասին:

ՙԽոճալուի գործողութեանը 487 հայ մարտիկներ մասնակցած են: Հայկական ջոկատներն առաջին անգամն ըլլալով օգտագործեցին երկու զրահամեքենայ եւ մէկ հակահրասայլային թնդանօթ: Խոճալուի գործողութեան ժամանակ կորսնցուցինք 8, հակառակորդը` 23 հոգի՚,- կը գրէ Տէր Թադեւոսեանը:

Գործողութիւնը կը սկսի 25 Փետրուարին` կէսգիշերէն առաջ, այսինքն` քաղաքացիական բնակչութեան ջարդի մասին Մութալիպովը տեղեկացնելէն քանի մը ժամ յետոյ: Խոճալուի մէջ մնացած էր մօտ 3000 բնակիչ, քաղաքի պաշտպանութեան հրամանատար, օդանաւակայանի ՕՄՕՆի ղեկավար Արիֆ Հաճիեւի տրամադրութեան տակ եղած է 160 մարտիկ:

Խոճալուի կապն Ատրպէյճանի բնակավայրերուն, մասնաւորապէս Ժողճակատի զինեալներու վերահսկողութեան տակ գտնուող դրացի Աղտամի հետ ուղղաթիռներով կ’իրականացուէր: Քաղաքը ղարաբաղեան ոյժերը վերցնելէն առաջ վերջին թռիչքը 13 Փետրուարին եղած է: Ղազիեւը հաստատած է, որ 25 Փետրուարին Աղտամի մէջ կար Թէ.-72 մակնիշի 12 հրասայլ, նոյնքան զրահամեքենայ, Պէ. Էմ.-21 տեսակի 4 ՙԿրատ՚ համակարգ, 40 թնդանօթ եւ 2500 զինուոր: Այդ ոյժերը կրնային դէպի Խոճալու ուղղուիլ, բայց օգնութիւն չեկաւ:

Չինկիզ Մուսթաֆաեւի նկարահանումները

Ղարաբաղեան պատերազմի տարիներուն մարդկային ամենամեծ ողբերգութիւնն, անկասկած, Խոճալուն էր: Որեւէ այլ գործողութեան պատճառով այնքան քաղաքացիական, խաղաղ բնակչութիւն, այդ թուին` երախաներ ու կանայք, չէ տուժած: Թէ որքա՞ն եղած է սպանեալներուն թիւը` մինչեւ այսօր վիճելի կը մնայ: Պակաս կարեւոր չէ այն հարցը, թէ խաղաղ բնակիչները ո՞ւր սպաննուած են:

Տարբեր ժամանակներ տարբեր թիւեր ներկայացուած են: Ատրպէյճանի խորհրդարանին հետաքննութիւնը նշած է 485 թիւը, որու մէջ կը մտնեն Խոճալուի գործողութեան ժամանակ բոլոր սպաննուածները, այդ թուին` քաղաքէն փախչելու ընթացքին ցուրտէն մեռածները: Խորհրդարանական հետաքննութիւն իրականացնողներէն Նամիք Ալիեւը 1992ի Ապրիլին ՙՀելսինքի Ուոչ՚ կազմակերպութեան տեղեկացուցած է, որ Աղտամի մէջ 213 խոճալուցի թաղուած է: Ուրիշ պաշտօնեայ մը` Այտին Ռասուլովն ըսած է, որ երեք հարիւր դիակ դատական փորձաքննութեան ղրկուած է: ՙՂարաբաղ՚ թերթի հաղորդմամբ` Խոճալուի փախստականներու օգնութեան յանձնաժողովը 476 սպանեալներու ընտանիքներու մարդասիրական օգնութիւն բաժնած է: Աղտամի իմամը 27 Փետրուար 1992ին ամերիկացի լրագրող Թոմաս Կոլցին ցոյց տուած է 477 զոհուածներու ցուցակը: Նոյն թուականին, ատրպէյճանական ՙՕրտու՚ թերթը տպագրած է 636 մահացածներու ցուցակը:

Ատրպէյճանցի հեռատեսիլային նկարահանող Չինկիզ Մուսթաֆաեւն Աղտամի մօտակայքը առաջին անգամ` 29 Փետրուարին, երկրորդ անգամ` 2 Մարտին կատարած է նկարահանումներ, որոնք քանի մը օր յետոյ ցուցադրուած են Ատրպէյճանի խորհրդարանի արտահերթ նստաշրջանին: Իր նկարահանած տեղանքը կը գտնուէր Ժողճակատի զինեալներուն վերահսկողութեան տակ, ինչը յստակօրէն կ’երեւի նկարներուն մէջ: Մուսթաֆաեւն պարզապէս չէր կրնար նկարահանումներ կատարել այդ տարածքին մէջ, եթէ անոնք ղարաբաղեան ոյժերու վերահսկողութեան տակ ըլլային: 15 Յունիսին ան սպաննուեցաւ հերթական նկարահանումը կատարելու ընթացքին` Ղարաբաղի Նախիջեւանիկ գիւղին մէջ:

Մուսթաֆաեւի սպանութեան տարբեր վարկածներ յառաջ քաշուած են: Ատրպէյճանական պաշտօնական քարոզչութիւնը կը պնդէ, որ ան նկարահանումներու ժամանակ սպաննուած է հայոց գնդակէն, ղարաբաղեան կողմը կ’ակնարկէ, որ Մուսթաֆաեւը սպաննած են Ժողճակատի մարտիկները, որպէսզի յետագային ան չպատմէ ճշմարտութիւնը Խոճալուի մասին: Կան չհաստատուած պնդումներ, որ Մութալիպովը Խոճալուի նկարահանումներէն ետք զգուշացուցած է նկարահանողը` չպատմել Խոճալուի մասին եւ զգոյշ մնալ վտանգէն:

Եղբօր հետ նկարահանումներու համար յաճախ առաջին գիծ գացած Վահիտ Մուսթաֆաեւը պատմած է, որ երբ ատրպէյճանական գումարտակը վերագրաւած է Նախիջեւանիկ հայկական գիւղը, զինուորները ծաղրած են, թէ Չինկիզը երեւի քանի մը վայրկեան կը նկարէ եւ շուտով կը ձգէ-կ’երթայ: ՙԵթէ իսկական տղամարդ ես` երթա’նք, ճակա’տը նկարէ՚,- ըսած են անոր: Չինկիզը վերադարձած է Նախիջեւանիկ, որ ինչպէս 29 Փետրուարի եւ 2 Մարտի նկարահանումներուն ժամանակ, այնպէս ալ 15 Յունիսին, եղած է Ժողճակատի զորամիաւորումներու վերահսկողութեան տակ:

ՙՏեսախցիկի առջեւ իրենց ցոյց տալու համար մեր զինուորներն սկսած են օդը կրակել: Շուտով հայերը պատասխանած են ականանետային կրակով: Ես բազմիցս դիտած եմ Չինկիզի վերջին նկարահանումները եւ հասկցած, թէ ի՞նչ կ’ուզէր ընել: Ան կ’ուզէր ցոյց տալ, թէ ականն ինչպէ՞ս կը պայթի: Քանի մը անգամ ան դուրս թռած է խրամատէն` փորձելով լաւ դիրք բռնել: Ժապաւէնի վրայ արձանագրուած կը լսուի անոր ձայնը. ՙՈւշացա¯յ, փախցուցի¯՚: Վերջին անգամ ականը կողքը պայթեցաւ ու զայն գետին տապալեց: Երբ Չինկիզը Աղտամ հասցուցած են` դեռ կենդանի եղած է, բայց երբ զայն վիրահատական սեղան կը բարձրացնէին` սիրտը բաբախելէ դադրած է՚,- պատմած է Վահիտը:

Ընդդիմութեան ճնշման տակ, Գերագոյն Խորհուրդին մէջ 3 Մարտ 1992ին կը ցուցադրուէին Խոճալուի ողբերգութեան` Մուսթաֆաեւի նկարահանումները. տղամարդ մը հեկեկալով գրկած է կարմիր բաճկոնով երախայի մը դիակը, ցեխի ու հալող ձիւնին մէջ ինկած են վառ լաչակներով եւ վերարկուներով գիւղացի կանայք: Թոմաս Կոլցը կը գրէ. ՙՊաստառին վրայ երեւցան ֆիլմին առաջին նկարները, եւ յաջորդ տասը վայրկեանները փոխեցին երկրին պատմութիւնը՚:

Գերագոյն Խորհուրդի շէնքին առջեւ հաւաքուած տասնեակ հազարաւոր ցուցարարներ 5 Մարտին Մութալիպովի հրաժարականը կը պահանջեն: Արտահերթ նստաշրջանի առաջին օրը Էլմիրա Կաֆարովան հրաժարական կու տայ, խորհրդարանի նախագահ կ’ընտրուի Պաքուի համալսարանի բժշկական բաժանմունքի տնօրէն Եաղուպ Մամէտովը: Ցուցարարները կը շարունակեն շրջափակած պահել խորհրդարանը եւ շէնքէն դուրս գալ թոյլ չեն տար պատգամաւորներուն: Մութալիպովը տեղի ունեցող իրադարձութիւնները ՙպետական յեղաշրջում՚ կ’որակէ: 6 Մարտին ան հրաժարական կու տայ, Մամէտովը Գերագոյն Խորհուրդի նախագահ կ’ընտրուի եւ երկրի ժամանակաւոր ղեկավարի պարտաւորութիւնները կը ստանձնէ` մինչեւ նախագահական ընտրութեան կայացումը:

Մութալիպովն այդ օրերու իրադարձութիւններն այսպէս մեկնաբանած է. ՙՀրաժարականս ստիպողական էր: Բոլորովին միտք չունէի հեռանալու, սակայն հասկնալով, որ ամէն ինչ մանրակրկիտօրէն նախապատրաստուած է, աջերը եւ ձախերը միաւորուած են նախագահին դէմ, որոշեցի առճակատման չերթալ՚:

Իշխանութենէն հեռացուած նախագահը կը կարծէր, որ իր հրաժարականէն ետք ղարաբաղեան խնդիրը Ատրպէյճանի ներքաղաքական պայքարին մէջ կը շահարկուի եւ պատերազմի յետագայ ծաւալումն այլեւս անշրջելի կը դառնայ. ՙԺողճակատը մեզ կը մեղադրէր, որ չկրցանք ղարաբաղեան հարցը լուծել: Այժմ անոնք պէտք է ժողովուրդին երաշխիքներ տան, որ իրենք կրնան ատիկա ընել: Գոյութիւն ունի երկու ուղի` կա’մ աւելի վճռական գործողութիւններ, քանի որ զիս կը մեղադրէին անվճռականութեան համար, կա’մ ալ` փոխզիջում… Ենթադրենք, որ անոնք պիտի յաջողին մեր բոլոր ոյժերը համախմբել: Այդ պարագային` այս ամէնը կրնայ վերածուիլ մեծ պատերազմի մը, զոր դեռ յայտնի չէ, թէ ով կը շահի, թէեւ Ատրպէյճանի մէջ որեւէ մէկն արդէն չ’ուզէր կռուիլ՚:

Կրկին դիւանագիտութիւն

Խոճալուն Թեհրանի միջնորդական ջանքերուն համընկեցաւ. Փետրուարի այդ ողբերգական օրերուն Պաքուի մէջ էր Իրանի արտաքին գործոց նախարար Վելայաթին: Ան միջնորդական առաքելութեան մանրամասնութիւնները կը քննարկէր Մութալիպովի հետ: Պաքուէն Վելայաթին Երեւան ժամանեց ու Տէր Պետրոսեանի հետ հանդիպեցաւ: 16 Մարտին, Հայաստանն ու Ատրպէյճանը ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին մէջ մէկ շաբաթով կրակը դադրեցնելու յուշագիր ստորագրեցին Թեհրանի մէջ: 20 Մարտին Աղտամով Ստեփանակերտ կու գայ Մահմուտ Վայեզին ու մէկշաբաթեայ զինադադարին պայմանները կը ներկայացնէ ղարաբաղեան իշխանութեանց: Նոյն օրը կէսօրին զինադադարը կը մտնէ ոյժի մէջ եւ մէկ շաբաթէ աւելի կը պահպանուի:

Այս ընթացքին` կողմերը տեղական մարտերէն եւ հրթիռակոծութիւններէն խուսափեցան նաեւ այն պատճառով, որ 17-21 Մարտին, Մ. Ա. Կ.ի գլխաւոր քարտուղարի յատուկ բանագնաց, Ա. Մ. Ն.ի նախկին պետական քարտուղար Սայրըս Վենսը, ուղեկցութեամբ Ե. Ա. Հ. Խ.ի լիազօր պատասխանատու Եանոշ Քուպիշի, փաստահաւաք առաքելութեամբ ժամանած էր տարածաշրջան` Պաքու, Կեանճա, Աղտամ, Ստեփանակերտ ու Երեւան: Յետագային Վենսն իր պատրաստած զեկոյցին մէջ կը նշէր, որ հակամարտութեան գօտի Մ. Ա. Կ.ի խաղաղարար ոյժեր ղրկելու անհրաժեշտութիւն չկայ: 19 Մարտին Վելայաթիին յղած նամակին մէջ Մ. Ա. Կ.ի գլխաւոր քարտուղար Պութրոս Ղալին աջակցութիւն յայտնած էր իսլամական հանրապետութեան` ղարաբաղեան կարգաւորման հարցով միջնորդութեան:

24 Մարտին Հելսինքիի մէջ Ե. Ա. Հ. Խ.ի 48 երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ կ’ունկնդրեն Քուպիշի զեկոյցը: Կ’որոշուի Ե. Ա. Հ. Խ.ի հովանիին տակ Մինսքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրով հրաւիրել հանդիպում, զոր ՙճգնաժամի խաղաղ կարգաւորման նպատակով բանակցութեանց համար մշտապէս գործող խորհրդաժողով կ’ապահովէ՚: Կը ձեւաւորուի Մինսքի Խորհրդաժողովի կազմը` Հայաստան, Ատրպէյճան, Պելառուս, Չեխիա եւ Սլովակիա, Ֆրանսա, Գերմանիա, Իտալիա, Ռուսիա, Շուէտ, Թուրքիա եւ Ա. Մ. Ն.: Խորհրդաժողովին պէտք է հրաւիրուէին նաեւ ՙԼեռնային Ղարաբաղի ընտրուած եւ ուրիշ ներկայացուցիչներ՚, այսինքն` Ղարաբաղի օրինական իշխանութիւնները` ի դէմս 28 Դեկտեմբեր 1991ին ընտրուած Գերագոյն Խորհուրդի, բայց` որպէս շահագրգռուած կողմ: ՙՈւրիշ ներկայացուցիչներ՚ ձեւակերպման տակ նկատի կ’առնուէր Ղարաբաղի ատրպէյճանական համայնքը:

Իրանական միջնորդութեամբ հաստատուած հրադադարը կը խախտուի Մարտի վերջերուն: Վայեզին կրկին կը ժամանէ Պաքու: Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ Վայեզիի այցի հետ կը համընկնին Ստեփանակերտի ռմբահարումները, առնուազն տասը մարդ կը սպաննուի, քանի մը տասնեակ հոգի կը վիրաւորուի: Քանի մը ամիսներու ընթացքին Ստեփանակերտը մինչեւ 80 տոկոս աւերուեցաւ, քաղաքին վրայ թափեցաւ աւելի քան 4500 արկ, մօտ 3000ը` ՙԿրատ՚ կայանքէ: Սպաննուեցաւ 111 խաղաղ բնակիչ, 332 հոգի ալ վիրաւորուեցաւ: Անոնց մէջ էր Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի պատգամաւոր Վիգէն Շիրինեանը, որ զոհուեցաւ Ստեփանակերտի 19 Յունուարի ռմբահարութեան ժամանակ:

Իրենց կարգին` ղարաբաղեան ոյժերը Աղտամը եւ շրջակայ բնակավայրերը կը հրետակոծէին: Հակառակորդն ալ տասնեակներով զոհեր եւ վիրաւորներ կու տար խաղաղ բնակչութենէն: Այս ընթացքին հակամարտութեան գօտի այցելած միջազգային կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներն իրենց զեկոյցներուն մէջ յստակօրէն կը նշէին, որ թէ’ ղարաբաղեան եւ թէ’ ատրպէյճանական կողմը դաժանութիւններ գործած են, խախտուած են Ժնեւի պայմանադրութեան (քոնվենցիա) դրոյթները, պատանդներն ու գերիները կտտանքներու ենթարկուած են:

Ղարաբաղեան գօտիին մէջ ստեղծուած վիճակին ծանօթանալու նպատակով 31 Մարտին եւ 1 Ապրիլին Պաքու, Երեւան եւ Ստեփանակերտ կու գայ Ե. Ա. Հ. Խ.ի գործող նախագահ, Չեխիայի եւ Սլովակիայի արտաքին գործոց նախարար Իրժի Տինսթպիրը: 7 Ապրիլին Իտալիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Մարիօ Ռաֆայելլին Մինսքի Խորհրդաժողովի նախագահ կը նշանակուի:

Ճոն Մարեսքան կը յիշէ. ՙՉնայած, որ պայմանաւորուած էինք խաղաղութեան խորհրդաժողովի եւ Ե. Ա. Հ. Խ.ի անդամ երկիրներու ներկայացուցիչներու տարածաշրջանային այցին շուրջ, հակամարտութեան կարգաւորման հարցով կազմակերպութեան մեքանիզմի եւ դերի մասին ուրիշ պայմանաւորուածութիւններ չեն եղած: Իտալիան իր վրայ վերցուց Մինսքի Խորհրդաժողովին նախագահելու նախաձեռնութիւնը եւ նախագահի պաշտօնին առաջարկեց քաղաքական դէմք մը` Ռաֆայելլին: Ա. Մ. Ն.ի անունէն յաջողեցայ, որ Ռաֆայելլին անյապաղ սկսի բանակցային գործընթաց, որուն միջոցով կարելի ըլլար հակամարտութեան հիմնական հարցերը լուծել եւ Մինսքի Խորհրդաժողովը նախապատրաստել՚:

Ղարաբաղեան ոյժերու` Շուշիի եւ Լաչինի գրաւումներն անմիջապէս նախորդեցին Հելսինքիի մէջ Ե. Ա. Հ. Խ.ի աւագ պաշտօնեաներու ժողովին (18-19 Մայիս 1992): 23 Յունիսին պէտք է հրաւիրուէր Մինսքի Խորհրդաժողովը, սակայն Պաքուն յառաջ քաշեց Շուշիէն եւ Լաչինէն հայոց հեռանալու նախապայմանը: Ատրպէյճանը պաշտպանող միակ երկիրը Թուրքիան էր: Փակուղիէն դուրս գալու նպատակով` Ա. Մ. Ն.ն առաջարկեց ՙարտակարգ նախապատրաստական հանդիպում՚ կայացնել Հռոմէն ոչ հեռու գտնուող Վիլլա Մատամա դաստակերտին մէջ` առաջինը` 1-5 Յունիսին: Ապա նման չորս հանդիպումներ ալ եղան: Հիմնական վէճը Մինսքի Խորհրդաժողովին մէջ Ղարաբաղի պատուիրակութեան մասնակցութեան կարգավիճակին կը վերաբերէր: Իտալիայէն բացի` Վիլլա Մատամայի հանդիպումներուն կը մասնակցէին քանի մը ուրիշ երկրներ, այդ թուին` Ռուսիան, Թուրքիան եւ Ա. Մ. Ն.ը: Միջազգային խորհրդաժողով հրաւիրելու փոխարէն ձեւաւորուեցաւ աշխատանքային մեքանիզմ մը. առանց Ե. Ա. Հ. Խ.ի որոշման եւ լիազօրութեան (մանտաթ) ստեղծուեցաւ Մինսքի Խումբը:

Մ. Ա. Կ.ի Անվտանգութեան Խորհուրդը, հաշուի առնելով Ե. Ա. Հ. Խ.ի ներգրաւուածութիւնը, 26 Մարտին որոշած էր ձեռնպահ մնալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղարար գործունէութենէն, բայց Ե. Ա. Հ. Խ.ի ջանքերուն աջակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած էր: Ա. Մ. Ն.ի նախագահ Ճորճ Պուշը Մարտի կէսերուն Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին յորդորած էր դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները: Սակայն դրացի երկիրները ո’չ միայն պատրաստ չէին դադրեցնելու մարտական գործողութիւնները, այլեւ ստանալով խորհրդային բանակի զէնքի եւ զրահամեքենաներու իրենց մասնաբաժինները` զանոնք պիտի գործածէին զիրար ոչնչացնելու նպատակով:

21 Մարտին նախագահ Տէր Պետրոսեանը եւ արտաքին գործոց նախարար Յովհաննիսեանը հեռաձայնային զրոյցներ ունեցան Ճորճ Պուշի եւ Ճէյմս Պէյքըրի հետ: ՙԶրոյցներուն բովանդակութիւնն այն էր, որ Միացեալ Նահանգները, նախօրօք խորհրդակցելով Թուրքիոյ հետ, յանգած է եզրակացութեան, որ Արցախի հարցին շուրջ Ե. Ա. Հ. Խ.ի շրջանակներուն մէջ պէտք է եռակողմ բանակցութիւններ սկսին Ատրպէյճանի, Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ: Այդ հաստատեց նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հիքմէթ Չէթինը նոյն օրն ինծի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցի ժամանակ՚,- ըսած է Տէր Պետրոսեանը:

Հայաստանի առաջին նախագահի արտաքին յարաբերութեանց հարցերով օգնական Արմէն Այվազեանը, որ 1993ի Օգոստոսէն մինչեւ 1994ի Ապրիլը եղած է Ե. Ա. Հ. Խ.ի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ` ղարաբաղեան բանակցային քանի մը փուլերու մասնակցած, նկատել կու տայ, որ այդ տարիներուն Երեւանի դիրքորոշումը յստակօրէն ձեւակերպուած չէր:

ՙՄենք անպատրաստ էինք տեսականօրէն, լաւ չէինք հասկնար, թէ ով ի՞նչ կ’ուզէ, մենք ի՞նչ կ’ուզենք: Այդ ժամանակները մեզ կրնային թիւրիմացութեանց մէջ նետել եւ նետեցին` մեզ սխալ ուղղութիւններով տանելով` սկսած 1992ին Ե. Ա. Հ. Խ.ի առաջին փաստաթուղթէն, ուր մեզի համար անյաջող կէտեր կային, օրինակ, Թուրքիան Մինսքի Խումբի անդամ դարձաւ, իսկ Ղարաբաղի ատրպէյճանական համայնքին ներկայացուցիչը բանակցութեանց մէջ տեղ ունէր: Կազմակերպուած, լուրջ բանակցութիւններ վարելու ատրպէյճանցիներն ալ պատրաստ չէին: Կը յիշեմ` Հռոմի մէջ Շուշիի նախկին քաղաքապետ Նիզամի Պահմանովը սկսաւ ռուսերէն խօսիլ. խայտառակ ռուսերէն էր, ահաւոր շեշտադրութեամբ: Չթարգմանեցին, որովհետեւ թարգմանիչները չէին հասկնար: Շատերը հանած էին ականջակալները ու իրարու կը նայէին զարմացած՚,- կը յիշէ Այվազեանը:

3 Ապրիլ 1992ին Երեւանի մէջ Րաֆֆի Յովհաննիսեանը եւ Անտրէյ Քոզիրեւը ստորագրեցին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու փաստաթուղթը: Մէկ շաբաթ յետոյ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը կրկին կը ժամանէ տարածաշրջան: 10 Ապրիլին Քոզիրեւը Ստեփանակերտի, ապա Երեւանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ: Եթէ Խոճալուի մէջ տեղի ունեցած ողբերգութիւնը համընկեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի տարածաշրջան այցի հետ` ապա Ռուսիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարի այցի օրը կատարուեցաւ Մարաղայի ողբերգութիւնը: Այդ օրը իրանցի միջնորդներն ալ տարածաշրջանը կը գտնուէին:

Շահին Թաղիեւի գումարտակը Խոճալուի վրէժը կը լուծէ Մարաղայի մէջ:

Նոր Մարաղա

25ամեայ Գարիկ Ստեփանեանը տունը եւ հայրը կորսնցուցած է 12 տարեկանին: Այժմ կնոջ եւ երկու մանկահասակ երախաներուն հետ կը բնակի Նոր Մարաղայի մէջ: Գարիկի հայրը վիրաւորուած է պատերազմի ժամանակ, Մարտակերտի մէջ: Տեղափոխած են Հայաստան` հիւանդանոց, ուր մեռած է ու թաղուած Արամուս գիւղին մէջ, որովհետեւ ընտանիքը հնարաւորութիւն չէ ունեցած, ու պատերազմն ալ թոյլ չէ տուած Գարիկի հօր վիրաւոր մարմինը հայրենի տուն` Մարաղա տանելու:

ՙՄեր գիւղին մէջ ատրպէյճանցիք շատ երախաներ, կանայք ու ծերեր կոտորած են՚: Ան կը պատմէ, որ ամէն տարուայ 10 Ապրիլին գիւղացիները կը հաւաքուին յուշարձանին մօտ, սգոյ սեղան կը բանան եւ սպաննուած ու գերեզման չունեցող հարազատները կը յիշեն:

Մարաղան Մարտակերտի քանի մը ուրիշ բնակավայրերու հետ կը մնայ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ: Գիւղը շուրջ 4.000 բնակիչ ունեցած է: Այսօր Նոր Մարաղայի (նախապէս` Աղտամի շրջանի Կըզըլ Քենկերլի) մէջ հաստատուած են անոնցմէ քանի մը հարիւրը, միւսները ցիրուցան եղած են տարբեր երկիրներու, հիմնականին մէջ` Ռուսիոյ մէջ:

2 Փետրուար 2005ին Ե. Ա. Հ. Կ.ի փաստահաւաք առաքելութիւնը քանի մը ժամ անցուց Նոր Մարաղայի մէջ: Գիւղապետ Ռոմա Առուստամեանն առաքելութեան ղեկավար, գերմանուհի Էմիլի Հապերին ըսաւ, որ եթէ ատրպէյճանցիք իրենց գիւղը պարպեն` բոլոր մարաղացիները կը վերադառնան:

ՙՄեր գիւղերը ե՞րբ պիտի ազատագրուին. այդ կը սպասենք, երթանք եւ մեր տուներուն մէջ ապրինք: Որեւէ միջազգային կազմակերպութիւն մեզի չէ այցելած, մեզմով չէ հետաքրքրուած: Ինչո՞ւ ատրպէյճանցի փախստականներուն կ’օգնեն, մեզի` ոչ՚,- բողոքեց գիւղապետը տիկին Հապերին:

Սակայն փաստահաւաք խումբը Նոր Մարաղա բացարձակապէս ուրիշ նպատակով եկած էր: Ատրպէյճանը կրցած էր յաջողիլ, որ միջազգային փաստահաւաք խումբ մը գայ ղարաբաղեան ոյժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններ եւ պարզէ` Հայաստանն ու Ղարաբաղն այդ տարածքներուն մէջ բնակեցման եւ իւրացման քաղաքականութիւն կը վարե՞ն, թէ՞ ոչ: Թէեւ տիկին Հապերը գիւղապետ Առուստամեանին ըսած էր, որ հնարաւոր ամէն ինչ կ’ընեն մարդոց օգնելու համար, բայց ակնյայտ էր, որ զանոնք այնքան ալ չէր հետաքրքրեր, որ, օրինակ, 52ամեայ Աիտա Երեմեանը տունն ու տեղը, պտղատու այգին շփման գիծին այն կողմը ձգած է:

Կեանքի 70րդ տասնամեակը մտած Զոյա Սարգսեանը կորսնցուցած է երեք երիտասարդ որդիները, որոնցմէ կրտսերն անհետ կորսուած է: Սպաննուած որդիներուն կիները երախաներուն հետ հեռացած են Ռուսիա, իսկ տիկին Զոյան թոռներուն նկարներով ու հեռաձայններով կ’ապրի: 57ամեայ Էլմիրա Սահակեանը կորսնցուցած է 21ամեայ տղան, ամուսինը եւ սկեսրայրը: Տիկին Էլմիրան բնակութիւն հաստատած է Նոր Մարաղայի մէջ` որդիին եւ դստեր հետ: Ընտանիքը կը կերակրէ պատերազմի ժամանակ վիրաւորուած որդին:

82ամեայ Ռոզա Աւանեսեանն այսպէս կը նկարագրէ գաղթը Մարաղայէն. ՙՄէկ վերմակ ու մէկ բարձ կրցած ենք վերցնել փոքր երախան փաթթելու համար: Երկյարկանի տունը, կուրծքը լեցուն յղի կովերը հոն ձգած եմ: Մարմինս կը դողայ, չեմ կրնար պատմել: Հարայ-հրոցով, ճիչով-լացով ճանապարհ ինկանք՚:

Նոր Մարաղայի մէջ իւրաքանչիւր ընտանիք դժբախտ պատմութիւն մըն է: Մարաղան անբուժելի վէրք մըն է ղարաբաղեան պատերազմէն. գիւղը քանի մը անգամ անցած է ատրպէյճանական զինոյժի վերահսկողութեան տակ: 10 Ապրիլ 1992էն մինչեւ այսօր ղարաբաղա-ատրպէյճանական շփման գիծը Մարաղայով կ’անցնի: Սպաննուած է շուրջ վեց տասնեակ խաղաղ բնակիչ, պատանդ տարուած է քանի մը տասնեակ հոգի, որոնց մէկ մասին ճակատագիրը մինչեւ այսօր անյայտ է:

Յ. Գ.

Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ), Կիւմրիի, Ստեփանակերտի, Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Արևմտահայերեն-Արցախեան-օրագիր

Փափուկ կազմ, 555 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2010, Անթիլիաս,
ISBN 978-995301815-7:
Գինը՝ 7.000 դրամ ($14.00):