Նոր հրատարակութիւններ. կը ներկայացնէ Գէորգ Եազըճեան

1071
Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէ հայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսածհայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններունի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեանմասնաւորաբարգրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներունՏուեալներուն կցուած են հրատարակութեան բովանդակութեան առնչուած անհրաժեշտ եւ հակիրճ բացատրութիւններ: Տուեալները երբեմն քաղուած են պարբերական մամուլէն եւ կրնան պակասաւոր ըլլալ:

– Աղպաշեան Պարոյր Յ. (կազմող եւ խմբագիր), «Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան. Մարդն ու գործը», հրատարակութիւն Հայկական բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, Պէյրութ, 2018: Մեկենասներ՝ տէր եւ տիկին Պերճ Սեդրակեան (Հ. Բ. Ը. Մ.ի, Ռ. Ա. Կ.ի եւ Թ. Մ. Մ.ի կառոյցներուն մէջ ղեկավար դիրք զբաղցուցած գործիչի վաստակին մասին, լուսանկարներ):

– Այաթա Ապտուլլահ, «Ի յիշատակ – Վերջին հայը», թրքերէնէ թարգմանիչներ՝ Էմրէ Սերպեսթ եւ Նորա Տիլինկհէմ, «Սերպեսթ փապլիշինկ», 2018 (թրքական քարոզչութեան ծառայող վէպ. Թոմարզայէն Լիբանան «վերահաստատուած» վերջին հայ, գորգագործ Գաբրիէլ Կիւզէլեանի ու անոր որդի, Լիբանանէն Մարսէյ հաստատուած Արմէնի «լաւ» յարաբերութիւնները Կեսարիոյ շրջանի թուրքերուն հետ, հակաթրքական պայքարին «տուրք» չվճարելուն համար Արմէնի սպանութիւնը ԱՍԱԼԱ-ի կողմէ) (անգլերէն):

– «[Ապտուլ]համիտեան կոտորածները»«Հայ Դատը արաբական մամուլին մէջ 1876-1923»մատենաշար, Բ. հատոր, գիտական հսկողութիւն՝ Մուհամմէտ Ռիֆաաթ ալ-Իմամ, հրատարակիչ՝ Գահիրէի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան «Սաթենիկ Չաքըր» հիմնադրամ, տպարան «Նուպար», Գահիրէ, 2018. Ա. գիրք՝ յունուար 1894 – յուլիս 1895, Բ. գիրք՝ 1 օգոստոս 1895 – 15 նոյեմբեր 1895, Գ. գիրք՝ 16 նոյեմբեր 1895 – 30 ապրիլ 1896, Դ. գիրք՝ 1 մայիս 1896 – 31 դեկտեմբեր 1896 (սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ.ի հայկական կոտորածներուն մասին արաբական, մասնաւորաբար եգիպտական մամուլին մէջ լոյս տեսած հրապարակումները՝ հրապարակման լուսապատճէնին եւ համակարգչային շարադրանքին հանդիպադրութեամբ, ծանօթագրութիւններ):

– Բալիկ (Բալայեան) Եզնիկ, «Առակներ», «Նոր կեանք»ի մատենաշար թիւ 41, Լոս Անճելոս, 2018, 182 էջ (97 առակ, պատկերազարդ): Լոյս տեսած է «Նոր կեանք» թերթի երկարամեայ խմբագիր ու հրատարակիչ Գրիգոր Շէնեանի մեկենասութեամբ՝ ի յիշատակ իր տիկնոջ՝ Արշօ Շէնեանի:

– Թաշճեան Վահէ (կազմող եւ խմբագիր), «Ամէնօրեայ կեանքը խորխորատին մէջ. Ցեղասպանութեան օրագիր, 1915-1918», թարգմանութիւն հայերէնէ, Berghahn Books, Նիւ Եորք – Օքսֆորտ, 2019, 220 էջ (Սուրիոյ անապատները տարագրուած երկու հայ ընտանիքներու գոյապայքարի օրագրութիւնը, 15 լուսանկար, 1 քարտէս, օգտագործուած գրականութեան ցանկ, անուանացանկ) (անգլերէն):

– «Իրաքահայ համայնքը 1915-1990 թուականներին ըստ արխիւային փաստաթղթերի», հրատարակիչ՝ Հայաստանի Ազգային արխիւ, կազմող՝ Գոհար Աւագեան, գլխաւոր խմբագիր՝ Ամատունի Վիրապեան, կենսագրական ծանօթագրութեանց հեղինակ եւ սրբագրիչ՝ Գէորգ Եազըճեան, Երեւան, 2018, 420 էջ (14,7 x 20,5 սմ.) (165 փաստաթուղթ, 234 ծանօթագրութիւն): Հրատարակութեան երաշխաւորած է Հայաստանի Ազգային արխիւի գիտական խորհուրդը: Հրատարակուած է Հ. Հ.ի Սփիւռքի նախարարութեան դրամաշնորհով:

– Ծառուկեան Անդրանիկ, «Թուղթ առ Երեւան», հայերէնէ թարգմանեցին Թաթուլ Սոնենց-Փափազեան եւ Ռուբէն Ճանպազեան, յառաջաբանի հեղինակ՝ Վահէ Հապէշեան, Create Space Independent Publishing Platform, տպարան «Հայրենիք», Ուոթըրթաուն, Ա. Մ. Ն., 119 էջ (15,2 x 22,9 սմ.) (Ա. Ծառուկեանի հռչակաւոր պոէմի առաջին անգլերէն թարգմանութիւնը):

– Կոթշլիխ Եուրկան, «Ցեղասպանութեան մեղսակցութիւն. Գերմանիոյ դերը հայոց բնաջնջման մէջ», գերմաներէնէ թարգմանիչներ՝ Ժորժ Պարլեր եւ Սիմոն Պարլեր, BKF հրատարակչութիւն, տպարան Hubert u Co., Կէօթինկեն, հոկտեմբեր 2018 (2015-ի մարտին գերմաներէնով լոյս տեսած հատորին թարգմանութիւնը. նախաբան, վերջաբան, յաւելուած՝ փաստաթուղթեր, ծանօթագրութիւններ, օգտագործուած գրականութեան ու եզրոյթներու ցանկեր, եւ այլն, քարտէսներ, լուսանկարներ) (ֆրանսերէն):

– Պապիկեան Յակոբ, «Ատանայի կոտորածները. Ականատեսի հաշուետուութիւն», թարգմանիչ, վերաքննիչ, յառաջաբանի եւ ծանօթագրութեանց հեղինակ՝ Ա. Կիւրեղեան, Հայկազեան համալսարանի հրատարակչութիւն, Պէյրութ, 2018, 140 էջ (Օսմանեան խորհրդարանի հայազգի իթիիհատական երեսփոխան, Կիլիկիոյ 1909-ի ապրիլեան կոտորածները հետաքննած խորհրդարանական յանձնախումբի անդամ Յակոբ Պապիկեանի հաշուետուութիւնը ջարդերու վայրերն այցելելէ յետոյ) (անգլերէն):

– Քոչարեան Ռոպերթ, «Կեանք եւ ազատութիւն. Հայաստանի եւ Ղարաբաղի նախկին նախագահին իենքնակենսագրութիւնը», ծրագրի խորհրդական՝ Մարք Ռոզին, խմբագիրներ՝ Վասիլի Փոտոպետ եւ Մարինա Քոսթրոմինա, «Ինթելեքթուալնայա լիթերաթուրա» հրատարակչութիւն, Մոսկուա, 2019, 502 էջ (15 x 21 սմ.) (Ռոպերթ Քոչարեանի կեանքի ուղին, գունաւոր եւ սեւ-ճերմակ լուսանկարներ, գիրքին մէջ յիշատակուող անձերու կենսագրական համառօտ տուեալներ, անձնանուններու ցանկ) (ռուսերէն): «Գիրքը ստեղծուած է Իրինա Ապրամովայի մասնակցութեամբ»:

– Օրմանեան Մաղաքիա արքեպիսկոպոս, «Հայոց եկեղեցին», վերահրատարակութիւն Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքութեան «Յովակիմեան» մատենաշարի թիւ 8, աշխատասիրող եւ ներածական խօսքի հեղինակ՝ Վաղինակ սարկաւագ Սերովբեան, Սթամպուլ, 2018, 288 էջ (վաստակաւոր եկեղեցականի՝ 1911-ին առաջին անգամ լոյս տեսած աշխատութեան վերահրատարակութիւնը, Օրմանեանի կենսագրութիւնը եւ լուսանկարը, հատորի հայերէն եւ օտարալեզու հրատարակութեանց մատենագիտութիւնը, Ամենայն Հայոց, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեանց եւ Երուսաղէմի ու Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեանց գաւազանագիրքը, անձնանուններու, տեղանուններու եւ այլ յատուկ անուններու ցանկեր ու այլ նիւթեր): Լոյս տեսած է Սելմա Իսկենտէրէօզի մեկենասութեամբ՝ ի յիշատակ իր ծնողաց՝ Սելիմ եւ Սիրանոյշ Իսկենտէրի:

Պատրաստեց Գէորգ Եազըճեան