Գէորգովի ողբերգութիւնը. Արցախեան օրագիր

1801

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն

Վեցերորդ գլուխ                                                                            

1993ին, Պաքուի ՙՊայիլի՚ բանտին մէջ հոգեպէս սպաննուած Պորիս Գէորգովը ղարաբաղեան ոյժերուն մօտ պատանդուած ատրպէյճանցիի մը հետ փոխանակելու նպատակով Ֆիզուլիի շրջան կը հասցնեն: Պատանդներու փոխանակման հարցերով խառն յանձնաժողովի անդամներուն միջոցով Գէորգովը կը դիմէ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանաւորներուն (որոնցմէ շատեր ժամանակին իր ենթակայութեան տակ աշխատած էին)` խնդրելով իրեն փոխանակել: Կը հետեւի Ռոպէրթ Քոչարեանի պատասխանը` Գէորգովը գթասրտութեան արժանի չէ’:

Լեռնային Ղարաբաղը ղեկավարելու տարիներուն (1973-1988) Գէորգովը մարդոց հետ շփումներու ժամանակ անարդարացիօրէն կոպիտ եղած է: Ան վայելած է Հէյտար Ալիեւի վստահութիւնն ու աջակցութիւնը, երբ դեռ Պաքուի մէջ Քիրովի Շրջանային Կոմիտէի առաջին քարտուղարն էր:

ՙԳէորգովի բնաւորութեան կոշտութիւնը, հայհոյելու սովորութիւնը, մարդիկն անհարկի կերպով աշխատանքէն ազատելը յատկապէս անոր ղեկավարութեան սկզբնական շրջանին էր: Անցաւ քանի մը տարի, եւ ան աստիճանաբար փոխուեցաւ՚,- կ’ըսէ Մարզկոմի` գաղափարախօսութեան հարցերով քարտուղար եղած Եղիշէ Սարգսեանը: Սարգսեանը Գէորգովի հետ աշխատած է 8 տարի, յետագային անոնք շփուած են 90ականներու երկրորդ կէսին` Մոսկուայի մէջ:

Գէորգովի կերպարն ամբողջական ներկայացնելու եւ հասկնալու համար` զայն պէտք է դնել իր ժամանակի մէջ: Ինչպիսի՞ք պիտի ըլլային Լեռնային Ղարաբաղի“ 1988էն յետոյ եկած առաջնորդները, եթէ մարզը ղեկավարէին Գէորգովի ժամանակներուն մէջ: Կամ` ինչպիսի՞ն կ’ըլլար Գէորգովը, եթէ իշխանութեան գար 1988էն յետոյ: Մարդը, քաղաքական գործիչը կտրել եւ դիտարկել ժամանակէն դուրս, կը նշանակէ խեղաթիւրել անոր կերպարը եւ ժամանակները:

Սեմեոն Պապայեանը 80ական թուականներուն վերջերը բարձր պաշտօններ զբաղցուցած է, եղած է Լ. Ղ. Ի. Մ.ի Մարզգործկոմի նախագահ, ինչն այսօր վարչապետի դիրքին կը համապատասխանէ: Զայն Գէորգովն էր հրաւիրած Ղարաբաղ` Ստեփանակերտի գիւղատնտեսական մեքենաշինական գործարանը ղեկավարելու համար:

ՙԲարդ անձնաւորութիւն էր: Չեմ ըսեր, թէ զայն կը յարգէին, բայց Ղարաբաղի մէջ անկէ կը վախնային: Կուսակցական խիստ ղեկավար էր: Գէորգովի դրութիւնը շատ բարդ էր, Ղարաբաղը Ատրպէյճանի կազմին մէջ էր, եւ ան Պաքուի քաղաքականութիւնը պէտք է վարէր: Ան մարզի հայութեան շահերը հաշուի առնելու ո’չ հնարաւորութիւն ունէր, ո’չ ալ ցանկութիւն: Այդ ժամանակները դժուար էր պատկերացնել ղեկավար մը, որ, իրականացնելով Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը Ղարաբաղի մէջ, նաեւ հայութեան շահերն իրագործէր: Եթէ համակարգին դէմ երթայիր` համակարգը քեզ կը ջնջէր: Գուրգէն Մելքումեանի օրինակը կար. քիչ մը գլուխը բարձրացուց, փորձեց հայկական շահը պաշտպանել` առաջին քարտուղարի պաշտօնէն հանեցին, Պաքու տեղափոխեցին, պաշտօնը իջեցուցին: Բայց կարելի չէ ըսել, որ Գէորգովը լաւ բան մը չէ ըրած Ղարաբաղի համար՚,- կ’ըսէ Պապայեանը:

Լեռնային Ղարաբաղի ամենատարեց եւ փորձառու գործիչներէն Մուշեղ Օհանճանեանը կէս տարի աշխատած է Գէորգովի հետ, երբ Լ. Ղ. Ի. Մ.ի Մարզխորհուրդի նախագահն էր (1962-1974): ՙ1973-1974ին մարզին ողջ ղեկավարութիւնը փոխարինուեցաւ Պաքուէն ուղարկուած առաքեալներով` Գէորգով, Ասլանով, Մուրատով, Սամուէլով եւ բազմաթիւ ՙով՚-երով: Նպատակը անոնց միջոցով Ղարաբաղի մէջ Նախիջեւանի սպիտակ ցեղասպանութիւնը կրկնելն էր: Ես եւ Մարզկոմի առաջին քարտուղար Մելքումեանը տարեկան քանի մը անգամ Երեւան կ’ըլլայինք, եւ մեզ գործէն ազատելու ու Պաքու տեղափոխելու պատճառներէն մէկն ալ այդ էր՚,- կ’ըսէ ան:

1975ի Մարտին, Գէորգովի Լեռնային Ղարաբաղ գալէն մէկուկէս տարի յետոյ տեղի ունեցած էր Լ. Ղ. Ի. Մ.ի Մարզկոմի լիագումար նիստը: Գէորգովի զեկոյցին մէջ խիստ քննադատութիւն հնչած էր Ղարաբաղեան Շարժման ղեկավար շարքերուն մէջ գտնուած անձանց հասցէին, ինչը Ղարաբաղի հայոց եւ Հայաստանի դժգոհութիւնը յառաջացուցած էր:

ՙԱն ուղնուծուծով համայնավար էր: Լ. Ղ. Ի. Մ.ի Մարզկոմի առաջին քարտուղար նշանակուելով` անոր` Պաքուէն ստացած յանձնարարութիւններէն մէկը եղած է Ղարաբաղի մէջ ազգային զարթօնքին դէմ պայքարը: Պաքուի պահանջով է ան գումարած Մարզկոմի լիագումար նիստը: Զեկոյցը գրած է Գէորգովը: Ան ըսած է, որ Ղարաբաղը Հայաստանի կազմին մէջ չէ եղած, քննադատած է, որ Ղարաբաղի մէջ կոմերիտական կրծքանշանի փոխարէն Սողոմոն Թեհլիրեանի, ՙՏատիկ-Պապիկի՚ պատկերներով կրծքանշաններ կը կրեն՚,- կը պատմէ Եղիշէ Սարգսեանը:

Երկար տարիներ Լ. Ղ. Ի. Մ.ի ժողովրդական Վերահսկողութեան Մարզային Կոմիտէի նախագահ, իսկ 1990ական թուականներուն Պաշտպանութեան Պետական Կոմիտէի ղեկավար Ռոպէրթ Քոչարեանի հետ աշխատած Վլատիմիր Թովմասեանը կը գրէ. ՙԼեռնային Ղարաբաղի մէջ Գէորգովի պաշտօնավարութեան առաջին օրէն մինչեւ վերջին օրը անդադար շփուած եմ անոր հետ, ինչն ինծի թոյլ կու տայ պնդելու, որ անոր յետագայ գործողութիւններն ուղղուած էին իր անունը վերականգնելուն, ինչը ան այդպէս ալ չյաջողեցաւ ընել՚:

Լ. Ղ. Ի. Մ.ի Մարզկոմի առաջին քարտուղարին հետ շփուած պաշտօնեաները զայն կը բնութագրեն հակասական, աւելի շատ` բացասական գիծերով: Փետրուարեան ցոյցերէն յետոյ զայն կը քննադատէին նաեւ ատրպէյճանական իշխանութիւնները: 1988ի Յունուարին տեղի ունեցած էր Լ. Ղ. Ի. Մ.ի Մարզկոմի լիագումար նիստը: Ո’չ Գէորգովի զեկոյցին, ո’չ ալ Մարզկոմի անդամներու ելոյթներուն մէջ որեւէ անդրադարձ եղած էր ղարաբաղեան իրադարձութիւններուն:

ՙԳէորգովը շատ լաւ տեղեակ էր Շարժման մասին: Այդ ժամանակ ստորագրահաւաքներ կազմակերպելու նպատակով Երեւանէն շատերը կու գային, Իկոր Մուրատեանը կու գար: Ռազմիկ Պետրոսեանը եւ Շարժման մասնակիցները Գէորգովին առաջարկած են միանալ պայքարին, բայց ան հրաժարած է երկու պատճառով: Նախ` չէր հաւատար, որ հարցը դրական լուծում կը ստանայ, բացի այդ` մտահոգուած էր Պաքուի մէջ գտնուող ընտանիքին եւ ազգականներուն ճակատագիրով՚,- կ’ըսէ Եղիշէ Սարգսեանը:

Ստեփանակերտի կօշիկի գործարանի տնօրէն Վասիլի Աթաճանեանը կը յիշէ. ՙԳէորգովի կերպարը լաւ հասկնալու համար պէտք էր հաշուի առնել ո’չ միայն անոր անձը, այլեւ թէ ի’նչ պաշտօն կը զբաղցնէր եւ ի’նչ պայմաններու մէջ կ’աշխատէր: Ան կ’ընէր աւելին, քան իրմէ կը պահանջէին Պաքուի մէջ, այդ պատճառով` ան Ղարաբաղի համար վտանգաւոր մարդ էր: Միւս կողմէ, Գէորգովն իր քայլերով ակամայ օգնեց, որ Ղարաբաղեան Շարժումը որոշ չափով նաեւ կանոնակարգուի՚:

Գէորգովը քննադատողներէն շատերը կ’ընդունին, որ անոր ղեկավարութեան օրօք լուրջ քայլեր ձեռնարկուած են Լ. Ղ. Ի. Մ.ի տնտեսութեան զարգացման համար, սկսած է մարզին կազով ապահովումը, կառուցուած է երկաթուղին, իսկ 1980ական թուականներէն` Հայաստանէն Լ. Ղ. Ի. Մ. թատերական խումբերու, երգչախումբերու, գրողներու եւ գիտնականներու յաճախակի այցերը, սկսած են Շուշիի, Գանձասարի եւ Ամարասի եկեղեցիներուն վերականգնողական աշխատանքները: Ասոր հետ մէկտեղ, Պաքուի իշխանութիւնները մարզին մէջ ատրպէյճանական բնակավայրերու կառուցման եւ բարեկարգման ձեռնամուխ եղան:

Շարժումն սկսելու ժամանակ Օլէկ Եսայեանը Ստեփանակերտի Մանկավարժական Հիմնարկի տոցենթ էր: Ան կ’ըսէ, որ Գէորգովի ժամանակ ատրպէյճանցիք ամրապնդուեցան Ղարաբաղի մէջ:

ՙՎստահաբար չեմ կրնար ըսել, թէ Գէորգովն որքա՞ն այդ ամէնը կ’ընէր գիտակցաբար, բայց միանշանակ է, որ ատիկա համահունչ էր Պաքուի քաղաքականութեան: Կը զարգանային ձեռնարկութիւններ, որոնք արտաքին տպաւորութեամբ շատ գեղեցիկ կ’երեւէին. Ստեփանակերտի մէջ խոշոր արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններ կը կառուցուէին, տնտեսական շինարարութիւնը կ’աշխուժանար: Մօտ 40 հազարնոց Ստեփանակերտի մէջ բանուորական աշխատատեղերուն թիւը 15 հազարի կը հասնէր: Ասիկա տնտեսական յարաբերութեանց տեսակէտէն դրական երեւոյթ կը նկատուէր, բայց արդիւնքը` Ստեփանակերտի մէջ ատրպէյճանցիներուն թիւը այդ տարիներուն աւելցաւ` հիմնականին մէջ Լաչինէն եւ մարզի կեդրոնի մօտակայ ատրպէյճանական գիւղերէն բնակիչներու տեղափոխման հաշուին՚,- կ’ըսէ Եսայեանը:

Իրաւամբ, Լեռնային Ղարաբաղի` Խորհրդային Ատրպէյճանի կազմին մէջ գտնուելու տասնամեակներու ընթացքին մարզին մէջ ատրպէյճանցի բնակչութեան թիւը տոկոսային առումով աճեցաւ գրեթէ հինգ անգամ` 40 հազարի հասնելով: Սակայն մարզի ատրպէյճանացման միտումներուն մէջ միայն Գէորգովը մեղադրելն ամենադիւրին ու պարզունակ մօտեցումն է: Լ. Ղ. Ի. Մ.ի մէջ ատրպէյճանցի բնակչութեան թիւը հայոց նկատմամբ աճած է մարզի գոյութեան ողջ ընթացքին, այդ թուին նաեւ` Գէորգովի նախորդ Մելքումեանի եւ միւս առաջին քարտուղարներուն օրօք: Գէորգովի Ղարաբաղ գալու ժամանակ բնակչութեան մօտ 20 տոկոսն արդէն ատրպէյճանցի էր:

Լ. Ղ. Ի. Մ.ի մէջ ատրպէյճանցիներուն արագ աճը պայմանաւորուած էր երկու հանգամանքով. առաջին` Պաքուն վերաբնակեցման յատուկ քաղաքականութիւն կը վարէր, երկրորդ` այս ժողովուրդը յայտնի է ընտանիքներու բազմազաւակութեամբ: Ատրպէյճանցիներուն բնական աճը բարձր էր նաեւ Խորհրդային Հայաստանի ու Վրաստանի մէջ:

Ժողովրդագրութեան հարցին մէջ այսօր ուրիշ բան մը կարեւոր է. մօտ երկու տասնամեակ է, որ Պաքուն Ղարաբաղը չի վերահսկէր: Այս տարիներուն` մօտ 150 հազար հայութիւնը որքա՞ն նօսրացած է եւ ո՞վ է պատասխանատուն արդէն ազատ, անկախ Լ. Ղ. Հ.ի ժողովրդագրական այսօրուայ տխուր պատկերի համար: 18-27 Հոկտեմբեր 2005ը` անկախութիւն հռչակելէն ետք առաջին անգամ Լ. Ղ. Հ.ի մէջ մարդահամար կատարուեցաւ, ըստ որուն` բնակչութեան թիւը 137 հազար 737 հոգի էր:

Ֆատէյ Սարգսեանը Գէորգովի մասին բացասական կարծիք ունի. ՙԻնչքան տեղեակ եմ` ան Կարէն Տէմիրճեանի հետ հանդիպած է մէկ կամ երկու անգամ, ինծի հետ ալ` ընդամէնը մէկ-երկու անգամ: Ան Հայաստանի հետ բարեկամական յարաբերութիւններ չունէր: Գէորգովը ցանկութիւն ունենալու պարագային կրնար մեզի հետ ալ հարցեր լուծել, սակայն որեւէ հարցով մեզի երբեք չէ դիմած՚:

Վլատիմիր Թովմասեանը համամիտ է. ՙՈրեւէ յորդոր կամ խորհուրդ ի զօրու չեղան Գէորգովին համոզելու Հայաստան այցելելու եւ անոր ղեկավարութեան հետ շփումներ հաստատելու անհրաժեշտութիւնը: Աւելին, երբ որեւէ միջոցառման հետ կապուած Երեւան կը հրաւիրուէին անդրկովկասեան հանրապետութեանց եւ Ղարաբաղի ղեկավարները, Գէորգովը չերթալու պատրուակ կը գտնէր` իրեն փոխարէն մարզի ղեկավարներէն մէկը ղրկելով՚:

Ղարաբաղի մէջ իշխանութեան աւելի քան 14 տարիներուն ընթացքին Գէորգովը մէկ անգամ եղած է Հայաստան` 1985ին` Անդրկովկասի զինուորական շրջանի խորհրդակցութեան մասնակցելու նպատակով: Ճիշդ է, ան Հայաստան այցելելէ ամէն կերպ կը խուսափէր, բայց Ղարաբաղ եկող հայ գրողներու եւ պաշտօնեաներու հանդէպ առատաձեռն ու հիւրասէր էր: Հայաստանի եւ Ղարաբաղի միջեւ շփումներու աշխուժացման առումով շրջադարձային էր Հայաստանի Պ. Ա. Կ.ի ղեկավար Մարիուս Եիւզպաշեանի (ծնունդով` Մարտակերտի Մեծշէն գիւղէն) այցը Ղարաբաղ:

Մեծշէնցի Բագրատ Եսայեանը շատ լաւ կը յիշէ իր նախկին դրացիին` Եիւզպաշեանի` հօրական տուն գալը: ՙ1985ին ան եւ Գէորգովը հոս էին, մօտ կէս ժամ մնացին եւ գացին: Ինքը այս տան մէջ ծնած-մեծցած է: Անգամ մը եկաւ, տեսաւ հայրական օճախը: Այդ մէկ անգամն էր, անկէ յետոյ չէ եկած: Բայց ատկէ յետոյ Եիւզպաշեանի փոքր որդին կնոջ հետ քանի մը տարի այստեղ բնակեցաւ՚,- ձեռքը պարզած դէպի Եիւզպաշեաններուն պարապ տունը` կը պատմէ Եսայեանը:

Վլատիմիր Թովմասեանն ականատեսի աչքերով կը նկարագրէ այդ այցելութենէն դէպք մը, զոր տեղի կ’ունենայ հիւրասիրութեան ընթացքին` Լ. Ղ. Ի. Մ.ի Պ. Ա. Կ.ի ղեկավար Տուպրովինի ներկայութեան, եւ զոր աւելի հակասական ու անտրամաբանական կը դարձնէ Գէորգովի անձն ու անոր գործունէութիւնը:

Եիւզպաշեանը բաժակաճառ կ’ըսէ. ՙԸլլալով հինաւուրց հայկական հողին վրայ` կը խմեմ ղարաբաղցիներուն եւ ողջ հայ ժողովուրդին կենացը: Բնականաբար, ասիկա չի վերաբերիր արտասահման բնակող դաշնակցականներուն եւ անոնց նմաններուն, որոնք իրենք զիրենք հայ կ’անուանեն՚: Գէորգովը կոպիտ ձեւով կ’ընդհատէ Եիւզպաշեանը: Անոնց միջեւ սկսուած վիճաբանութիւնը քաշքշուքի կը վերածուի:

1980ականներու երկրորդ կէսերէն յաճախակի կը դառնան Հայաստանէն բարձրաստիճան պաշտօնեաներու եւ մտաւորականներու Լեռնային Ղարաբաղ այցելութիւնները: Գէորգովը կը հիւրասիրէր, ինքն ալ կը մասնակցէր կուսակցական խնճոյքներուն:

ՙԳէորգովի պապը ծնած է Սիւնիքի Դաւիթպէկ գիւղին մէջ, ուրկէ Պաքու տեղափոխուած է: Անոր մայրը սորված է Շուշիի վարժարանին մէջ: Մայրէն հայկական գեղեցիկ երգեր սորված էր, շատ լաւ կ’երգէր: Անգամ մը Մարտակերտի մէջ, խնճոյքի ժամանակ, մէկ` Գէորգովը կ’երգէր, մէկ` գրող Վարդգէս Պետրոսեանը՚,- կը պատմէ Եղիշէ Սարգսեանը:

Անշուշտ, Գէորգովը հիւրասիրութիւններ կը պատրաստէր նաեւ Պաքուէն յաճախակի եկող կուսակցական գործիչներու, առաջին կարգին` Հէյտար Ալիեւի պատուին: Պաքուէն եկած հիւրերուն հետ հանդիպումներու ընթացքին Գէորգովը կ’ընդգծէր, որ իր կէսն ատրպէյճանուհի է, այսպիսով` կ’ուզէր ապացուցել, որ նուիրուած է Պաքուին:

Իրականին մէջ, Գէորգովի կինը` Լիւտմիլան, միայն հօր կողմէ ատրպէյճանցի է, անոր մայրը ռուս է: Այսօր ալ ան որդիին` Ֆելիքսի հետ Մոսկուա կը բնակի: ՙՄենք Ալիեւի օգնութեամբ 1993ին դուրս եկանք Պաքուէն: 1992ին ամուսինս ձերբակալած են եւ 45 օր պահած նախնական կալանախուցին մէջ: Ապա մօտ մէկ տարի պահուած է ատրպէյճանցիներու մօտ` Ղարաբաղի մէջ գերուած ատրպէյճանցիի մը հետ փոխանակելու նպատակով՚,- կ’ըսէ Լիւտմիլա Պահատուրովնան:

Իրաւամբ, նոյն ինքն Ալիեւն էր, որ մեծահոգի եղաւ ու վերջ դրաւ Գէորգովի ստորացումներուն ու տառապանքներուն, երբ վերջինս հեռացած էր Ստեփանակերտէն եւ հաստատուած Պաքուի մէջ:

Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս Գէորգովը յայտնուեցաւ բանտին մէջ:

Գէորգովը պաշտօնէն ազատելու լուրը 1988ի Փետրուարին Ստեփանակերտի հրապարակին մէջ հաւաքուած ժողովուրդը ցնծութեամբ ընդունեց: Նորանշանակ Հենրիխ Պօղոսեանը շնորհակալութիւն կը յայտնէ իրեն վստահելու առիթով եւ ժողովուրդէն կը խնդրէ տուները ցրուիլ, գործադուլները դադրեցնել եւ բնականոն կեանքի վերադառնալ` մարզի նոր ղեկավարութեանը հնարաւորութիւն տալով աշխուժօրէն զբաղելու ղարաբաղեան հարցով:

Նախքան Պաքու հեռանալը, Գէորգովը կ’այցելէ նաեւ մարզային ՙՍովետական Ղարաբաղ՚ թերթի խմբագրութիւն` հրաժեշտ տալու: Տեղի լրագրողներէն Գեղամ Պաղտասարեանի յիշողութեան մէջ մնացած է հրաժեշտի պահը. ՙԲարձրահասակ եւ յաղթանդամ Գէորգովին, որմէ Ղարաբաղի մէջ շատ-շատերը կը սարսափէին, դիմաւորեցին այնպէս, ինչպէս ան ժամանակին կը շփուէր մարդոց հետ` անպարկեշտ, կոպիտ արտայայտութիւններ, բղաւոց: Գէորգովն անմիջապէս շրջուեցաւ եւ հեռացաւ: Մուտքին մօտ հասած Գէորգովն իր ետեւէն զգաց զինք տապալելու պատրաստ լրագրողներու ամբոխին շնչառութիւնը: Ան կանգ առաւ ու շրջուեցաւ. ամբոխը տեղնուտեղը քարացաւ: Քանի մը երկվայրկեան գործեց ՙտէր ու ծառայ՚ բարդոյթը: Ապա ան հանգիստ կերպով շրջուեցաւ ու հեռացաւ՚:

Գէորգովը 24 Փետրուարին հեռացաւ Պաքու, ուր, չնայած սուր քննադատութեանց, Ատրպէյճանի արդարադատութեան նախարարութեան մէջ կ’աշխատէր: 1992ին, երբ ղարաբաղեան հակամարտութիւնն արդէն պատերազմական փուլ մտած էր, Գէորգովը Մոսկուա տեղափոխուելու կը պատրաստուէր:

Հեռանալու թոյլտուութիւն տալով` Գէորգովին օդանաւակայանին մէջ 24 Մայիս 1992ին քանի մը ուրիշ անձանց հետ կը ձերբակալեն եւ կը մեղադրեն նախկին նախագահ Մութալիպովի` երկրորդ անգամ իշխանութեան գալը կազմակերպելու, ինչպէս նաեւ Լ. Ղ. Ի. Մ.ի առաջին քարտուղար աշխատած տարիներուն մարզին մէջ հակաատրպէյճանական քաղաքականութիւն վարելու համար:

Տարիներ յետոյ ան պիտի պատմէր, թէ ինչպիսի ստորացման` ՙքաղաքացիական մահապատժի՚ ենթարկուած է ՙՊայիլի՚ բանտին մէջ: Զայն երեք անգամ ՙկը գնդակահարեն՚` մէյ մը` դէմքով դէպի պատը, մէյ մը` դէմքով դէպի դահիճները կանգնեցնելով: Կը կրակեն մարտական փամփուշտներով, բայց` շեղ:

Գէորգովի ստորացուած գոյութիւնը Պաքուի մէջ կը շարունակուի, մինչեւ որ Ատրպէյճանի մէջ կրկին իշխանութեան կու գայ Հէյտար Ալիեւը: Անոր ցուցումով`  Գէորգովը 1993ի աշնանը բանտէն կ’ազատեն: Ան կը տեղափոխուի Մոսկուա, ուր, Ալիեւի միջամտութեամբ, բնակարան կը տրամադրուի անոր, եւ Գէորգովը տեղի միջնակարգ դպրոցներէն մէկուն մէջ կը սկսի ուսուցչութիւն ընել` պատմութեան դասեր տալ:

Պորիս Գէորգովը ղարաբաղեան պատմութեան մէջ մնաց բացառապէս բացասական կերպարով: Անկասկած, ան շատ ու շատ սխալներ թոյլ տուած է, բայց անոր ճակատագրական ՙսխալը՚ ժամանակներու փոփոխութիւնը չզգալն էր: Ան, շատ համայնավարներու նման, այդպէս ալ չհասկցաւ, որ Կորպաչովի գալով` ժամանակներն իրօք կը փոխուէին: Հասկցողները մնացին ու վեր բարձրացան իշխանական ՙոչ-համայնավար, ազգային՚ աստիճաններով:

Գէորգովը կեանքէն հեռացաւ 1998ի Դեկտեմբերին: Երբ Լիւտմիլա Պահատուրովնային հարցուցի` Պորիս Սարգիսովիչը Մոսկուա տեղափոխուելէն ետք Ղարաբաղի մէջ ըլլալու փափաք ունեցա՞ծ է, տիկինը բորբոքեցաւ եւ կոպիտ ձայներանգով խնդրեց այլեւս չհեռաձայնել:

Գէորգովի ընկերներէն Եղիշէ Սարգսեանը կը պատմէ. ՙԱն կ’ուզէր Ղարաբաղ գալ, բայց առողջութիւնը չէր ներեր: Մոսկուայի մէջ տունէն քանի մը հարիւր մեթր հեռաւորութեան վրայ դպրոց մը կար, ուսուցչութիւն կ’ընէր, յուշեր կը գրէր: Անոր յուշերուն մէկ մասը կարդացած եմ, տպագրուած չէ: Կ’ըսէր` Ալիեւի մահէն յետոյ կը տպագրեմ, բայց Ալիեւէն աւելի կանուխ հեռացաւ կեանքէն՚:

Յ. Գ.

Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ), Կիւմրիի, Ստեփանակերտի, Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Արևմտահայերեն-Արցախեան-օրագիր

Փափուկ կազմ, 555 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2010, Անթիլիաս,
ISBN 978-995301815-7:
Գինը՝ 7.000 դրամ ($14.00):

     ՊՈՐԻՍ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ, Երեւանի Մամուլի Ակումբի նախագահ. “Պատմական հետաքննութիւն-ակնարկում, գիրքին ժանրը այսպէ’ս կը բնորոշէի: Ներկայացուած են անձինք, որոնք անմիջականօրէն մասնակցած են վերջին 20 տարիներու ամենակարեւոր իրադարձութիւններուն: Նորագոյն պատմութեան վերաբերող անոնց գործողութիւններն ու վկայութիւնները գիրքի էջերուն մէջ կը համակցուին պատմական ենթաշարադրանքի հետ, ինչը թոյլ կու տայ պատկերացում կազմել ղարաբաղեան հակամարտութեան մասին:

     Սակայն գիրքին հերոսները յայտնի քաղաքական գործիչներ չեն միայն: Հակամարտութիւնն անողոք եղած է նաեւ հազարաւոր սովորական մարդոց ճակատագիրներուն հանդէպ, եւ անոնց կրած փորձութիւնները կ’ընդգծեն այն անձանց պատասխանատուութիւնը, որոնցմէ կախուած է ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը: Հեղինակը մեզի կրկին կը յիշեցնէ այդ մասին, եւ ճիշդ այդ պատճառով ալ գիրքին կարելի է տալ բնորոշում մը եւս` փաստա-վաւերագրութիւն, զոր անցած է սիրտի’ միջով…”