Ես պատմութիւնը սկսած եմ սիրել նախակրթական եւ երկրորդական վարժարաններու տարիներէն. Արա Սանճեան

894

ՀայԵմ-ի հարցազրոյցը պատմագէտ, հայագէտ եւ մտաւորական Դոկտ. Արա Սանճեանի հետ՝ ազգային-հասարակագիտական հարցերու մասին

Պատմագէտ, հայագէտ, դասախօս, ուսումնասիրող եւ մտաւորական Դոկտ. Արա Սանճեան ծնած է Լիբանան, ուր ստացած է նախակրթական եւ երկրորդական իր ուսումը Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան երեք տարբեր դպրոցներու մէջ՝ աւարտելով Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանը։ 1986էն 1991 հետեւած է Երեւանի Պետական Համալսարանի պատմագիտութեան ճիւղին, զոր աւարտելէ ետք, ան մեկնած է Անգլիա, ուր մասնագիտանալով Միջին Արեւելքի ժամանակակից պատմութեան մէջ, ստացած է դոկտորի աստիճան: Վերադառնալէ ետք Լիբանան, ան տասը տարի իբրեւ դասախօս աշխատած է Հայկազեան համալսարանին մէջ: 2006-ին անցած է Մ. Նահանգներ, ուր Միշիկըն համալսարանի Տիրպոռն քաղաքի մասնաճիւղին մէջ կը դասաւանդէ պատմութիւն, միաժամանակ ստանձնելով համալսարանին մէջ գործող հայագիտական կեդրոնին վարիչի պաշտօնը։

Մօտէն ծանօթանալու համար պատմագիտականհայագիտական եւ ընդհանրապէս հայհասարակագիտական միտքը շահագռգրողհարցերու մասին դոկտԱրա Սանճեանի խիստշահեկան վերլուծումներուն եւ առաջարկներունՀայԵմ կայքէջը հետագայ հարցազրոյցը ունեցաւանոր հետ:

Զրոյցը վարեց Վարուժ Թէնպէլեան:

 

  • Դոկտ. Արա Սանճեան արդէն ծանօթ դէմք է հայ իրականութեան մէջ իբրեւ պատմագէտ, հայագէտ, դասախօս, ուսումնասիրող եւ մտաւորական։ Պիտի փափաքէինք որ մեր ընթերցողներուն սեփականութիւնը դարձնէիք այն, որ ի՞նչ ճամբաներէ անցնելէ ետք, այսօր կը նկատուիք հայկական եւ ընդհանրապէս պատմագիտական նիւթերու հասցէ եւ աղբիւր։

– Ես պատմութիւնը սկսած եմ սիրել նախակրթական եւ երկրորդական վարժարաններու տարիներէն։ Դպրոցն աւարտելէ առաջ իսկ համոզուած էի, որ այդ ուղղութեամբ պիտի ընթանամ եւ վստահ էի, որ ուսումը մինչեւ վերջ պիտի շարունակեմ՝ մինչեւ դոկտորական աստիճան, մանաւանդ որ ընտանիքիս մէջ արդէն օրինակ կար՝ հօրեղբայրս։ Դասերուս մէջ ընդհանրապէս լաւ էի, նաե՛ւ՝ գիտական նիւթերուն մէջ եւ շատեր, նոյնիսկ՝ դպրոցի ուսուցիչներէս, կը կարծէին որ սխալ որոշում մը կ’առնեմ՝ երթալով մարդկային եւ հասարակական գիտութիւններու ուղղութեամբ։ Բայց չեմ զղջացած, որովհետեւ եթէ մէկը կը սիրէ իր մասնագիտութիւնը, իր առօրեայ կեանքին եւ մասնագիտութեան սահմանը կը կորսուի, եւ այդ իմաստով աշխատանքը նաեւ հաճոյք կը դառնայ։ Ես կը քաջալերեմ բոլորը որ հետեւին այն մասնագիտութեան, որ կը սիրեն` քանի որ այդ ձեւով ապագային աւելի արդիւնաւէտ կ’ըլլան՝ ունենալով մասնագիտութիւն մը, որ սիրելի է իրենց։

Ուսումս առի նախ Լիբանանի մէջ, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան երեք տարբեր դպրոցներու մէջ՝ աւարտելով Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանը եւ լիբանանեան պաքալորիան ստանալով 1986-ին։ Անկէ անմիջապէս ետք գացի Հայաստան՝ ուսումս շարունակելու: Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմի տարիներն էին եւ ծնողներս խանդավառ էին, որ Լիբանանէն հեռանամ։ Անոնք մտահոգ էին, որ լիբանանեան համալսարանները տարբեր զինեալ խումբերու ազդեցութեան տակ կը գտնուէին, իսկ երկրին ապագան շատ մութ էր։ Նոյնիսկ հայրս կ’ըսէր. «ապագան դուն ես։ Գնա՛ Հայաստան, որոշէ՛։ Մենք ալ կու գանք եթէ նախընտրես հոն մնալ, քանի որ Լիբանանի ապագան մութ է։» Այդպէս չեղաւ, որովհետեւ մինչեւ աւարտեմ Երեւանի մէջ ուսումնառութեանս տարիները, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը վերջացաւ, իսկ Հայաստանի վիճակը սկսաւ աւելի անորոշ դառնալ՝ Ղարաբաղեան շարժման եւ Խորհրդային Միութեան քայքայման հետեւանքով։

Այս դրութեան մէջ, ծնողներս քաջալերեցին, որ ուսումս շարունակեմ Եւրոպա կամ Ամերիկա: Ընտրութիւնս եղաւ Անգլիա՝ մօրս պնդումով, որովհետեւ «Ամերիկա գացողը ետ չի գար», – կ’ըսէր ան:

Անգլիոյ մէջ եւս երեք տարի ուսանեցայ ՝ մասնագիտանալով Միջին Արեւելքի ժամանակակից պատմութեան մէջ եւ ապա վերադարձայ Լիբանան։ 10 տարի աշխատեցայ Հայկազեան համալսարան եւ 2006-ի Յունուարին էր որ անցայ ներկայի աշխատանքիս՝ Միշիկըն համալսարանի Տիրպոռն քաղաքի մասնաճիւղին մէջ, ուր պատմութիւն կը դասաւանդեմ եւ համալսարանին մէջ գործող հայագիտական կեդրոնին վարիչն եմ։

  • Իբրեւ պատմագէտ եւ հայագէտ, ի՞նչ աշխատութիւններ ունիք, ի՞նչ այլ ծրագիրներու վրայ կ’աշխատիք։

– Երբ Հայաստան գացի, ցանկութիւնս էր միջնադարագէտ դառնալ՝ կեդրոնանալով արաբական աղբիւրներու վրայ, որովհետեւ արաբերէն գիտէի: Չորս տարի այդ ուղղութեամբ ընթացայ: Անպաշտօն կերպով աշխատանքս կը վերահսկէր Փրոֆ. Արամ Տէր Ղեւոնդեանը՝ մինչեւ մահը։ Ապա, համալսարանէն ներս, պաշտօնապէս գիտական ղեկավարս եղաւ դարձեալ հանգուցեալ Փրոֆ. Բաբկէն Յարութիւնեանը։

Բայց վրայ հասաւ Ղարաբաղեան շարժումը, որ խորհրդային ժողովուրդներուն, նաե՛ւ հայ ժողովուրդին համար շատ մեծ անկիւնադարձ էր՝ պատմութեան նոր աչքով նայելու ուղղութեամբ: Այդ տարիներուն Հայաստանի մէջ պատմութեան գնահատման շուրջ ծագած բազմաթիւ վէճերը մենք՝ սփիւռքահայերս արդէն ապրած էինք:  Խորհրդային տարիներուն սփիւռքահայ գաղութները երկու մեծ խմբաւորումներու բաժնուած էին. մէկը` Խորհրդային Միութեան հետ գործակցելու պատրաստ, միւսը՝ Խորհրդային Միութեան հանդէպ վերապահ։ Ես մեծցած էի ընտանիքի մը մէջ, որ կրնանք ըսել թէ խորհրդայնասէր էր, թէեւ մեր տան մէջ բնաւ չէր իտէալականացուած խորհրդային վարչակարգը։ Ծանօթ էինք թէ՛ կաշառքին, թէ՛ արտադրանքի ցած որակին եւ այս ամբողջին մասին յաճախ կը խօսուէր մեր տան մէջ։ Բայց հայրս ունէր այն համոզումը, որ «այս մեր միակ հայրենիքն է, ուրիշը չունինք» եւ առաջ երթալով կ’ըսէր, որ «ուրիշը պիտի չունենանք եւ ատոր համար մեր միակ յոյսը այս է, եւ եղածին թերիները շտկելով աւելի պէտք է զբաղինք, քան թէ ուրիշ բան փորձենք ընել»։

Երբ խորհրդային անցեալը սկսաւ մերժուիլ Ղարաբաղեան շարժման ժամանակ, շուրջ 20 տարեկան էի։ Մէջս զարգացաւ այն համոզումը, որ պէտք է անձնական դիրքորոշումս ունենամ։ Սկսայ վերադառնալ սկզբնաղբիւրներուն, որ զիս մղեց դէպի նոր պատմութիւն։ 1991-էն ի վեր, միջնադարեան հարցերով ուղղակիօրէն չեմ զբաղիր, թէեւ կը կարդամ այդ ժամանակաշրջանին մասին լոյս տեսած գրականութիւնը։ Բայց շատ քիչ բան գրած եմ միջնադարու մասին, բացի՝ հայ պատմագրութեան զարգացման հետ կապուած հարցերէ: Գործերուս մեծ մասը, զորս հրատարակած եմ եւ կը շարունակեմ հրատարակել, կեդրոնացած են 1918 թուականէն ետք տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն վրայ՝ մինչեւ 1980-ական թուականները, բայց աւելի շատ՝ 40-ական եւ 50-ական թուականներուն վրայ։ Ընդ որում, կ’ուսումնասիրեմ ե՛ւ Խորհրդային Հայաստանը, ե՛ւ Խորհրդային Հայաստանի կապերը Սփիւռքի հետ, ե՛ւ յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի հայ գաղութներուն պատմութիւնը։

Առ այժմ հրատարակուած միակ գիրքս հայագիտական չէ, քանի որ Լոնտոն ուսանած տարիներուս դոկտորական ատենախօսութիւնս հայագիտական չէր, այլ՝ արեւելագիտական։ Ուսումնասիրեցի Թուրքիոյ յարաբերութիւնները իր արաբ դրացիներուն հետ՝ Իրաք եւ Սուրիա, 1950-ական թուականներուն։ Բայց քանի որ այդ թուականները առանց Ապտըլ Նասերի ազդեցութեան կարելի չէ ուսումնասիրել, այդ պատճառով ալ աւարտաճառս աւելի լայն պարունակով եղաւ։ Յետոյ, այդ ատենախօսութիւնը հրատարակուեցաւ Անգլիոյ մէջ։

Առայժմ նոր ուսումնասիրական հատորներ հրատարակելու ծրագիր չունիմ։ Հրատարակած եմ գիտական յօդուածներ եւ կ’աշխատիմ ուրիշ յօդուածներու վրայ՝ տարին գոնէ մէկ հատ հրատարակելու ակնկալիքով։ Թերեւս հետագային վերադառնամ մեծ աշխատութիւն հրատարակելու ծրագիրին։ Մի քանի թեմաներու վերաբերող բաւական նիւթ հաւաքած եմ, բայց տակաւին անոնք պատրաստ չեն առանձին գիրքով ներկայացուելու։

  • Կը ծրագրէ՞ք Լիբանանի քաղաքական պատմութեան մասին հատոր մը պատրաստել։

– Բաւական նօթագրութիւններ ունիմ։ Մէկ-երկու յօդուած հրատարակած եմ արդէն եւ բացառուած չէ որ այդ նօթագրութիւններուն մէկ մասը յառաջիկայ տարիներուն եւս յօդուածներու վերածուին։ Լիբանանահայութեան կեանքին տարբեր երեսները զիս կը հետաքրքրեն։ Հետաքրքրուած եմ նաեւ Պաղ Պատերազմով եւ հայերու դերակատարութեամբ, մանաւանդ որ Լիբանան 1950-ական թուականներէն մինչեւ 1980-ականներու սկիզբը հաւանաբար Սփիւռքի ամէնէն կարեւոր գաղութն էր։ Այդ տարիներուն Լիբանանի մէջ կը գտնուէին Սփիւռքի մէջ գործող քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն կեդրոնատեղիները եւ սփիւռքահայութեան վերաբերեալ կարեւորագոյն որոշումները յաճախ Լիբանանի մէջ կ’առնուէին։ Այս իմաստով լիբանանահայութեան պատմութիւնն ալ անխզելիօրէն ընդգրկուած է Պաղ Պատերազմը ուսումնասիրելու աւելի համապարփակ ծրագրի մը մէջ։

  • Այսքան տարիներու փորձառութենէ ետք, ինչպէ՞ս կը գնահատէք հայագիտութեան վիճակը՝ բաղդատած այլ մարզերու հետ, կրթական, մշակութային։ Տեղքա՞յլ, նահա՞նջ, ի՞նչ։

– Պիտի խօսիմ պատմագիտութեան մասին։ Կը կարծեմ թէ այստեղ տեղքայլը ամէնէն ճիշդ բնորոշումն է։ Պատմագիտութիւնը՝ սկսեալ հին Յունաստանի օրերէն, ունեցած է ուսումնասիրութեան տարբեր եղանակներ, որոնք ժամանակի ընթացքին յառաջ եկած գիտական ու մտաւոր նորութիւններու արդիւնք են։ Հայաստանի եւ մեծ մասամբ սփիւռքահայ հայագիր պատմաբաններուն առ այսօր որդեգրած հետազօտական մօտեցումը ԺԹ. դարու ծնունդ է, ծանօթ է historicism կամ պատմականութիւն անունով եւ սովորաբար կը կապուի փրուսիացի կամ գերմանացի մեծ պատմաբան Լէոփոլտ ֆոն Ռանքէի անուան հետ։ Երբ` Հայաստանի մէջ ուսումս աւարտելէ ետք, 1991-ին Անգլիա գացի, արդէն հոն՝ ուսումնառութեանս ժամանակ զգացի, որ որոշ մասնագիտական մօտեցումներ կը շրջանառուէին, որոնց մասին անտեղեակ էի։ Այդ օրերէն, փորձած եմ այդ բացերը լեցնել ինքնաշխատութեամբ։ Այս մէկը աւելի դիւրին եղաւ Ամերիկա հաստատուելէս ետք, ուր օգտագործուած գիրքեր յարմար գինով ձեռք բերելը աւելի հեշտ դարձաւ՝ քան Լիբանանի մէջ աշխատած տարիներուս։

1980-ականներէն ի վեր, հասարակական գիտութիւնները, ներառեալ՝ պատմագրութիւնը լուրջ փոփոխութիւններու կ’ենթարկուին համաշխարհային մակարդակով: Նոր մօտեցումներ կան հրապարակի վրայ, որոնք ընդհանրացնելով կրնանք յետ-արդիականութեան մօտեցման մաս համարել։ Այս նոր մօտեցումները լրջօրէն փոխած են պատմութիւն գրելու մեթոտաբանութիւնը, ընտրուած թեմաները։ Դժբախտաբար, հայագիր պատմագրութիւնը ու հայութեամբ հետաքրքրուած պատմագրութիւնը շատ քիչ կ’օգտուին այս նոր մօտեցումներէն։

Անցեալ Յունիսին Երեւան կատարած վերջին այցելութեանս ընթացքին նկատեցի որ հասարակագիտութեան այլ մարզեր, ինչպէս՝ մարդաբանութիւնը (anthropology) կամ ընկերաբանութիւնը, կարծես աւելի պատրաստ են այդ մեթոտները նաեւ հայագիտութեան մարզ բերել փորձելու, իսկ աւանդական պատմագրութիւնը տակաւին շատ երկչոտ է այդ ուղղութեամբ։ Կը կարծեմ որ այդ նոր մօտեցումներուն հետ քայլ պահելը մեր սերունդի գլխաւոր մարտահրաւէրը պէտք է ըլլայ՝ եթէ մենք կ’ուզենք պատմագիտական միջազգային բանավէճերուն մասնակից ըլլալ եւ այդ բանավէճերուն մէջ ընդգրկել տալ հայկական փորձը։ Առաւել եւս, կը հաւատամ թէ մեթոտաբանական այս նոր մօտեցումները ընդգրկելով մեր ուսումնասիրութիւններուն մէջ, համեմատաբար աւելի համապարփակ եւ աւելի հիմնաւոր պատկերացում կ’ունենանք մեր անցեալին մասին անցեալին։ Կը կարծեմ թէ այս ուղղութեամբ պէտք է լուրջ աշխատանք տարուի՝ արդիականացնելու հայ պատմագրութիւնը։ Սփիւռքի մէջ եղած փորձերը անհատական են ու սահմանափակ ազդեցութիւն կը թողուն հայագիտութեան ընդհանրական դաշտին վրայ։ Շատ անհրաժեշտ է, որ այս նոր ուղղութիւնները որդեգրուին Հայաստանի մէջ՝ ե՛ւ ապագայ պատմաբանները պատրաստելու եւ նոր մեթոտաբանութեամբ գրուած մեծաթիւ ուսումնասիրութիւններ ունենալու մտահոգութեամբ։

  • Ձեր ուսումնասիրութիւններուն պարագային, ըլլա՛յ արաբական, ըլլա՛յ հայկական, կը հանդիպի՞ք աղբիւրներ գտնելու դժուարութեան, մասնաւորաբար՝ վաւերական աղբիւրներու, եւ ի՞նչպէս կը գնահատէք աղբիւրագիտութեան վիճակը, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ։

– Ես կը կարծեմ որ Խորհրդային Հայաստանի պատմութեան պարագային, աղբիւրներու առատութիւն կայ, եւ առայժմ անոնց միայն շատ փոքր մասը ուսումնասիրուած է։ Կը կարծեմ որ արխիւային նիւթի առատութեան կողքին, այդ ժամանակաշրջանը ուսումնասիրելու համար յաւելեալ մեթոտաբանութիւն ալ պէտք է մշակուի, ինչպէս՝ օրինակ, բանաւոր պատմութեան դիմելը։ Բայց, դժբախտաբար, խորհրդային ժամանակաշրջանին մասին եղած ուսումնասիրութիւններուն ծաւալը տակաւին շատ փոքր է։ Վերջին 25 տարիներուն Հայաստանի մէջ ուշադրութիւնը կեդրոնացած է անոր նախորդող շրջաններուն, յատկապէս՝ Ցեղասպանութեան ու 1918-1920 թուականներուն անկախ հանրապետութեան վրայ։

Սփիւռքի պարագային խնդիրն այն է, որ պետական կառոյց չունինք ուր պէտք է հաւաքուին տարբեր անձնանց, հաստատութիւններու ու կազմակերպութիւններու արխիւները։ Սփիւռքահայ տարբեր կազմակերպութիւններ տարբեր լրջութեամբ ու տարբեր բծախնդրութեամբ կը հաւաքեն իրենց արխիւները, մէկը՝ լաւ, միւսը՝ վատ։ Միաժամանակ, խնդիրը նաեւ այն է, որ ընդհանրապէս ազատ չէ դէպի այդ արխիւները ելումուտը։ Անձնապէս կը խուսափիմ օգտագործելէ այնպիսի արխիւներ, որոնք ուրիշ մասնագէտներու մատչելի չեն ու պիտի չըլլան։ Հանդիպած եմ պարագաներու, երբ պատմաբաններ՝ մօտիկ ըլլալով այս կամ այն կազմակերպութեան, մուտք ունեցած են տուեալ կազմակերպութեան արխիւները, բայց ուրիշներ եւ ես չենք կրնար ստուգել, որ այդ հեղինակին օգտագործած փաստաթուղթերը որքա՛ն վաւերական են եւ որքա՛ն հմտութեամբ ան կրցած է համադրել այն ինչ որ հասանելի էր իրեն, բայց հասանելի չէ մեզի։

Ասիկա մէկ պատճառ է, որ նախընտրեմ աւելի շատ թերթերու ուսումնասիրութեամբ զբաղիլ։ Թերթերը լաւ սկզբնաղբիւր են մշակութաբանական պատմութեան համար։ Ցաւալին այստեղ այն է, որ վերջին 50 տարիներուն, սփիւռքահայ մեր մամուլը դարձած է անցեալէն աւելի երկչոտ եւ շատ կարեւոր նիւթեր երկար ժամանակէ  ի վեր հանրային քննարկումէ դուրս են։ Օրինակի համար, Լիբանանի մէջ այս օրերուն տեղի ունեցող դէպքեր, ինչպէս՝ դպրոցներու միաւորման հարցին քննարկումը կամ վերջերս լիբանանահայ գործարար Շահէ Երեւանեանի երկրէն համարեա գաղտագողի մեկնիլը, որ նոյնիսկ լիբանանեան լրատուամիջոցներու կողմէ քննարկուեցաւ, Լիբանանի հայկական թերթերուն մէջ չարծարծուեցան։ Վաղը հայատառ մամուլը ի՞նչպէս պատմաբանին համար աղբիւր պիտի ծառայէ եթէ կ’ուզէ Լիբանանի հայութեան մասին լիարժէք ուսումնասիրութիւն մը գրել։ Կամ կա՞ր լիբանանահայ թերթ մը, որ Մայիսին Լիբանանի մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին հրատարակեց անոնց մասնակցող հայ թեկնածուներուն ամբողջական ցանկը, ա՛լ չենք պահանջեր անոնց վարած ընտրարշաւին անկողմնակալ նկարագրութիւնն ու վերլուծութիւնը։ Այսօր, Լիբանանի արաբատառ մամուլին մէջ յաճախ կրնաս գտնել շատ կարեւոր տուեալներ ու տեղեկութիւն հայութեան մասին, որ հայ թերթերու խմբագիրները եւ իրենց ետին կանգնած կուսակցութիւնները տարբեր պատճառներով կը նախընտրեն իրենց թերթերուն մէջ չլուսաբանել։

Երկրորդ խնդիրը՝ հարցախոյզներ ընելու դժուարութիւնն է, որ պատմաբանի մը համար երբեմն նոյնքան անհրաժեշտ է, որքան միւս հասարակական գիտութիւններու պարագային։ Ձեւով մը պէտք է հարցախոյզներէն խուսափելու մթնոլորտէն դուրս հանել ժողովուրդը եւ զանիկա հանգստացնել թէ հարցախոյզի նպատակով եկած անձը որեւէ դաւադրական նպատակ չի հետապնդեր։ Մեր ազգին մէջ չափազանցուած է այն մտավախութիւնը, որ մեր հարցերը պէտք է ամէն գնով հեռու պահել «ուրիշի» ուշադրութենէն։ Փոքր ազգի հոգեբանութիւն է, բայց անտարակոյս կը դժուարացնէ հասարակագէտներու աշխատանքը։

  • Հայաստան ուսանած ըլլալով, հոն երբեմն դասախօսութիւններ տալով, գիտաժողովներու մասնակցելով, քաջածանօթ էք հայաստանեան իրականութեան։ Ինչպէ՞ս կը գնահատէք հայ քաղաքական մտքի զարգացումը Հայաստանի վերանկախացումէն ետք՝ վերջին 28 տարիներուն։

– 25 տարի անցած է եւ տակաւին Հայաստանի մէջ գաղափարապէս կազմակերպուած թէկուզ մէկ կուսակցութիւն չունինք։ Սա արդէն գնահատական մըն է եւ լուրջ խնդիր։ Գրեթէ բոլոր կուսակցութիւնները հրապուրելու եւ առաջնորդելու շնորհ (charisma) ունեցող անհատականութիւններու շուրջ հաւաքուած խմբակցութիւններ են՝ սկսելով Լեւոն Տէր Պետրոսեանէն մինչեւ այսօր՝ Նիկոլ Փաշինեան։ Չէ եղած որեւէ կարեւոր կուսակցութիւն, որ նոյն թափով կարողանայ շարունակել իր հիմնադիրին կամ հանրածանօթ ղեկավարին քաղաքական հրապարակէն հեռանալէն կամ անոր ժողովրդականութեան անկում ապրելէն ետք։ Ընդունուած էր ըսել, որ կոմունիստներն ու Դաշնակցութիւնը տարբեր են, բայց ընդունինք, որ վերջին 25 տարիներուն անոնց դերը երբեք կեդրոնական չդարձաւ երկրին մէջ իշխանութեան հարցը լուծելու եւ ըստ այնմ երկրի քաղաքական ուղին ճշդելու ժամանակ։ Կոմունիստները նոյնիսկ Դեկտեմբեր 9-ի ընտրութիւններուն չեն մասնակցիր։

Հայաստանի քաղաքական երանգապնակը ներկայացնելու համար երկու կարեւոր առանցք պէտք է հաշուի առնել եւ անոնց շուրջ կարելի է առնուազն չորս իտէալական տիպ տարբերակել, բնականաբար անոնցմէ իւրաքանչիւրը՝ իր այլազան երանգներով։ Մէկ առանցքը աւանդական աջ ու ձախի, պահպանողականի եւ ազատականի բաժանումն է։ Ինչպէս աշխարհի շատ երկիրներու մէջ, Հայաստանի պարագային ալ այսօր կան վէճեր, թէ որո՛նք են այսպէս կոչուած ազգային արժէքներն եւ իբրեւ թէ զանոնք վտանգող այսպէս կոչուած օտարամուտ գաղափարները։ Ընկերային-գաղափարախօսական գետնի վրայ, այս բաժանումն արդէն տեսանելի է Հայաստանի մէջ։ Բայց տնտեսական քաղաքականութեան գետնի վրայ տակաւին աջի ու ձախի միջեւ յստակ բաժանարար գիծ չկայ։

Միւս առանցքը Հայաստանի իտէալական սահմաններուն հարցն է, որոնցմէ ներս կ’ուզենք կերտել մեր երազներու հայրենիքը։ Հոս ունինք մարդիկ, որոնք համեմատաբար քիչով կը գոհանան՝ Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած ներկայ սահմանները, առաւել Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզն ու Շահումեանի շրջանը՝ 1988-ի սահմաններով եւ Լաչինի միջանցք։ Կայ այլ խումբ մը, որու համար նուազագոյն ընդունելին այսօրուան Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութեան միացեալ տարածքներն են։ Եւ կայ, անշուշտ, երրորդ խումբը որ կը կարծէ, որ այսօր հայ զինուժի կողմէ վերահսկուող տարածքները առաջին քայլն են միայն աւելի մեծ Հայաստան մը ունենալու երկար ճամբուն վրայ։

Իհարկէ, Հայաստանը միակ երկիրը չէ, որ իր իտէալական սահմաններու հարցին շուրջ այսպիսի տուայտանքներու մէջ է. ընդունի՞լ այն սահմանները որոնք միջազգային ճանաչում ունին, թէ՞ փորձել ընդլայնել այդ սահմանները։ Բայց, այս տարակարծութիւնները՝ հայկական իւրայատուկ երեւոյթ չըլլալով հանդերձ, միաժամանակ բոլորովին տեսական եւ անվնաս չեն, որովհետեւ երբեմն այս տարակարծութիւններէն կը բխին բազմաթիւ ռազմավարական այլընտրանքներ եւ նոյնիսկ՝ քաղաքական կարճաժամկէտ որոշումներ։

Այս առանցքային տարբեր դիրքաւորումներու խառնուրդէն է, որ պիտի գոյանայ Հայաստանի կուսակցական-քաղաքական-հասարակական խճանկարը։ Ինչպէս ըսի, այս խճանկարը տակաւին բաւական անորոշ է, եւ ժամանակակից որեւէ կուսակցութիւն երկար կեանք ունենալու հաստատուն ապահովութիւն չի տար առ այժմ։

Անշուշտ լաւ կ’ըլլայ որ ամուր, գաղափարական կուսակցութիւններ կազմուին եւ քաղաքական խաղի կանոնները աւելի յստականան։ Այդ պարագային, force majeure-ային վիճակը, ինչպէս եղաւ քանի մը ամիս առաջ, անհրաժեշտ չէր ըլլար։

  • Բնական է տարբեր աշխարհայեացքներու գոյութիւնը՝ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք: Սփիւռքն ալ, բաղդատելով Հայաստանի կուսակցութիւններու անորոշութեան, հոն, ուր արդէն քաղաքական կուսակցութիւններ կային, անոնց աշխարհայեացքին մէջ ալ սկսած են անորոշութիւններ նկատուիլ։

– Հայաստանի իտէալական տարածքին վերաբերեալ, այո՛։ Նշած երեք ուղղութիւններս նաեւ կարելի է գտնել սփիւռքահայ անհատներու մօտ։ Տեսականօրէն դասական երեք կուսակցութիւնները՝ թուղթի վրայ, կառչած կը մնան այն ծրագիրներուն, զորս մշակած են խորհրդային տարիներու սկզբնաւորութեան՝ սփիւռքեան պայմաններուն մէջ, այսինքն՝ 1920-էն յետոյ։ Բայց որքանո՞վ այս օրերուն անոնք հետեւողականօրէն կը հետապնդեն անոնց իրականացումը կամ հնարաւոր կը գտնեն անոնցմէ մէկը կամ միւսը, այդ հարցումը իրենց պէտք է տալ։ Մէկ բան պարզ է, որ վերջին տարիներուն յետեղեռնեան սփիւռքի մէջ համեմատաբար նուազ ամենօրեայ շեշտադրում կայ Թուրքիայէն հողային պահանջի վրայ, քան 50-60 տարի առաջ էր։

Ձախի եւ աջի խնդիրը սփիւռքի մէջ աւելի անյստակ է։ Սփիւռքահայ մարդիկ՝ ապրելով տարբեր երկիրներու մէջ, ամէն մէկը իր երկրին տեղական մշակոյթէն կ’ազդուի։ Սփիւռքի մէջ ալ կայ ընկերային եւ տնտեսական եւ քաղաքական այլ համոզումներու լայն երանգապնակ մը եւ մարդիկ բնականաբար կը ձգտին իրենց նմանները գտնել Հայաստանի մէջ՝ եթէ անշուշտ մօտէն յարաբերութիւններ մշակած են Հայաստանի հետ։

  • Սփիւռք եւ Հայաստան կ’ազդուին իրարմէ բնականաբար. Synergie (փոխազդեցութիւն կամ համագործակցութիւն) կա՞յ տեղ մը։

– Եթէ առնենք ազատականի-պահպանողականի, աջի-ձախի բաժանումները, սփիւռքի մէջ բնականաբար կան աջակողմեաններ, որոնք աւելի հանգիստ կը զգան Հայաստանի աջակողմեաններուն հետ, քան՝ սփիւռքի ձախակողմեաններուն։ Սա կարելի է տարածել նաեւ հայաստանաբնակներուն կամ գաղափարական միւս ուղղութիւններու հետեւորդներուն վրայ։ Կը կարծեմ թէ Հայաստանի իտէալական սահմաններուն մասին տարբեր ցանկութիւններ ունեցողներն ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի ալ այլուր համախոհներ կը փնտռեն ու պատրաստ են համագործակցելու վերջիններուն հետ։

Սա ցոյց կու տայ, որ շատ յաճախ հայութեան ներքին բաժանումները աշխարհագրական բնոյթի՝ Սփիւռք-Հայաստան տարբերութիւններու հետեւանք չեն։ Շատ յաճախ բաժանումները՝ ինչպէս հիմա նշեցի, Հայաստանի, համայն հայութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ապագային մասին տարբեր պատկերացումներէ կը բխին եւ տարբեր մօտեցումները հետեւորդներ ունին ե՛ւ Հայաստանի ե՛ւ սփիւռքի մէջ։

  • Կարծիքներու, քաղաքական տեսակէտներու տարբերութիւն բոլոր ընկերութիւններու, բոլոր ազգերուն մէջ կան, բայց շատ ժողովուրդներ ձեւը գտած են այս բոլորը համախմբելու հաստատութեան մը մէջ, որուն անունը երբեմն «քոնկրէ» է, համագումար է կամ պարզապէս՝միութիւն ու կազմակերպութիւն։ Մենք պիտի կարենա՞նք իբրեւ ժողովուրդ հասնիլ օր մը, որ կարենանք գոյակցիլ մէկ հաստատութեան մէջ, որ կրնայ գլխաւոր վերնագիր մը ունենալ՝ Հայաստանի ապահովութիւնը եւ բարօր ապագան։

– Եթէ Հայաստան կարենայ քիչ թէ շատ ժողովրդավարական վարչակարգ ունենալ, ուր ընտրութիւններուն արդիւնքները կանխատեսելի չեն, տարբեր կուսակցութիւններու միջեւ քանի մը անգամ խաղաղ ու սահմանադրական իշխանափոխութիւն ըլլայ, կազմուին կայուն կուսակցութիւններ եւ անոնց համապատասխան քաղաքական հաստատութիւններ, Հայաստանը իր մասով լուծած կ’ըլլայ այդ հարցը։

Սփիւռքի պարագային, քիչ մը վերապահ եմ համասփիւռքեան կառոյցներ ստեղծելու առումով, որովհետեւ մենք շատ տարբեր երկիրներու մէջ կ’ապրինք, տարբեր պայմաններու ներքոյ։

Բայց, անկասկած պէտք է վերատեսութեան ենթարկուին Հայաստան-Սփիւռք փոխ-յարաբերութիւնները: Այն մոտելը որ յառաջացաւ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի տարիներուն, կը յատկանշուէր Սփիւռքի տարբեր կազմակերպութիւններու բազմազանութեան քիչ թէ շատ առկայութեամբ։ Եթէ թուլութիւն կար, այն էր որ շեշտը գրեթէ ամբողջութեամբ դրուած էր կազմակերպութիւններուն վրայ եւ քիչ էր հետաքրքրութիւնը սփիւռքահայ բազմաթիւ անհատներուն հանդէպ, որոնք որեւէ կազմակերպութեան հետ առնչուած չեն, բայց համայնքային կամ սփիւռքահայ կեանքին մէջ տարբեր ձեւերով դերակատար են։ Սակայն, ըստ իս աւելի մեծ էր այն թերութիւնը որ Հայաստանը միայն պետական կառոյցներով եւ հետեւաբար՝ իշխող կուսակցութեամբ ներկայացուած էր Հայաստան-Սփիւռք փոխ-յարաբերութիւններու ծիրէն ներս։

Ասկէ ետք պէտք է ընդգրկել նաեւ Հայաստանի ընդդիմադիր քաղաքական կուսակցութիւններն ու կառավարութենէն անկախ գործող հասարակական կազմակերպութիւնները։ Պէտք է ընդգրկել նաեւ որեւէ կազմակերպչական պատկանելութիւն չունեցող բայց ազդեցիկ ու հմուտ սփիւռքահայ անհատները։ Եթէ ըսուի, որ անոնք տարբեր կազմակերպութիւններու ճամբով արդէն իսկ կը ներկայացուին կամ թող ներկայացուին, ասիկա համոզիչ փաստարկ չէ քանի որ այդ պարագային, անոնք իրենց անկախութիւնը եւ մտաւորականի դերը պիտի կորսնցնեն ։

Հայաստան-Սփիւռք առաջին համագումարը՝ 1999-ին, Քոչարեանի ժամանակ, փորձեց այս հարցը լուծել, ստեղծելով մասնագիտական խումբեր։ Կարծեմ ասիկա Վարդան Օսկանեանի գաղափարը եղած է եւ շինիչ գաղափար էր։ Մասնագիտական խումբերուն մէջ նշանակուեցան մարդիկ, որոնք իրենց ուսման եւ մասնագիտական կարողութիւններու հիման վրայ պատրաստեցին զեկուցումներ, որոնք ներկայացուեցան համաժողովի քննարկման։ Դժբախտաբար, յաջորդ համագումարներուն, այս մէկը չկրկնուեցաւ։

Կայ ուրիշ խնդիր մը որ նաեւ կը կարօտի լուծման. հայերէնը միակ լեզուն էր այս վեց համագումարներուն ժամանակ, եւ այս ձեւով բազմաթիւ ոչ հայախօսներ դուրս մնացին: Բազմաթիւ մարդիկ կան, որ միայն կոտրտած հայերէն կը խօսին, բայց պատրաստ են ծառայելու Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին: Չենք կրնար անտեսել զանոնք:

Այս բոլոր երեւոյթները պէտք է լրջօրէն քննարկուին եւ անոնց լուծումներ գտնուին: Յուսով եմ որ ընտրութիւններէն ետք յառաջանալիք իշխանութիւնները լրջօրէն կը քննարկեն այս հարցերը եւ տարբեր ձեւաչափեր կը գտնեն տարաբնոյթ հայերու՝ բոլորին ալ առիթ տալու համար Հայաստան-Սփիւռք փոխ-յարաբերութիւններու ծիրէն ներս:

  • Վերջին հարցում մը Դոկտ. Արա: Ի՞նչ են ձեր ապագայի ծրագիրները:

– Ցանկութիւնս է աւելի շատ գրել ու հրատարակել մասնագիտական մարզին մէջ եւ առիթներ ունենալ աւելի շատ օգտակար հանդիսանալու Հայաստանի պատմագրութեան զարգացման: Հայագիտութիւնը եթէ պիտի հզօրանայ համաշխարհային մակարդակով, առաջին հերթին շատ կարեւոր է անոր զարգացումը Հայաստանի մէջ, որովհետեւ Հայաստանի մէջ կը գտնուի հայագիտական հետազօտութիւններով զբաղող մարդուժին մեծ մասը: Նոյնիսկ եթէ սփիւռքի մէջ ըլլան բարձրակարգ գիտնականներ, թէկուզ՝ ամէնէն հռչակաւոր համալսարաններուն մէջ, անոնց նուաճումները պիտի ըլլան սահմանափակ եթէ իրենց կողքին չունենան հմուտ գիտաշխատողներու բանակ մը, որ միայն Հայաստանի մէջ կրնանք գոյացնել: