Նոր հրատարակութիւններ. կը ներկայացնէ Գէորգ Եազըճեան

962

Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէ հայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսածհայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններունի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեանմասնաւորաբարգրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներունՏուեալներուն կցուած են հրատարակութեան բովանդակութեան առնչուած անհրաժեշտ եւ հակիրճ բացատրութիւններ: Տուեալները երբեմն քաղուած են պարբերական մամուլէն եւ կրնան պակասաւոր ըլլալ:

Աբրահամեան Աբէլ ծայրագոյն վարդապետ, «Հայաստանեայց Եկեղեցին եւ հաւատքը», «Դասական վերահրատարակութիւններ» մատենաշար, Ա. Մ. Ն., փետրուար 2018, 100 էջ (15,2 x 22,9 սմ.) (վերահրատարակութիւն Լոնտոնի հայոց երբեմնի հոգեւոր հովիւի` 1920-ին Լոնտոնի մէջ լոյս տեսած գիրքին) (անգլերէն):

 Աշգարեան Մակար Եպս., «Յովհաննէս Առաքեալի երեք Ընդհանրական նամակները. Բացատրողական սերտողութիւն», Թեհրան, 2018, 240 էջ (17 x 24 սմ.) (նամակներուն բացատրութիւնըսուրբգրային եւ Եկեղեցւոյ հայրերու գրութիւններու մէջբերումներով):

 Գալայճեան Յարութիւն, «Միլիոնէն մէկը – Ցեղասպանութեան ականատես զէյթունցի պատանիի մը յուշերը»խմբագրեց եւ ծանօթագրեց Անդրանիկ Տագէսեան«Զարթօնք» օրաթերթի մատենաշար թիւ 1, Պէյրութ, 2018, 144 էջ (17 x 24 սմ.):

– Եասքովսքի Սթանիսլաւ, Քոլոծիեյչուք Տարիուշ եւ Մնացականեան Փիրուզ (կազմողներ), «Լեհաստան-Լիթուանիա Հասարակապետութեան յարաբերութիւնները Սեֆեան Իրանի եւ Էջմիածնի կաթողիկոսութեան հետ` դիւանական փաստաթուղթերու լոյսին տակ», խմբագիր եւ ներածականի հեղինակ` Տարիուշ Քոլոծիեյչուք, վերստուգող խմբագիր եւ սրբագրիչ` Էվելինա Սոլարեք, հրատարակիչ` Պատմական փաստաթուղթերու կեդրոնական արխիւ, Վարշաւա, 2017, 374 էջ (17 x 24 սմ.) (18 լեհերէն, պարսկերէն կամ հայերէն գրաբար փաստաթուղթ, անոնց լեհերէն ու անգլերէն թարգմանութիւնները, մեծաքանակ ծանօթագրութիւններ եւ ծանօթագրութեանց աղբիւրներու ցանկ, փաստաթուղթերու գունաւոր լուսանկարներ) (ներածականը եւ ծանօթագրութիւնները` միայն լեհերէն):

Եսայեան Զապէլ, «Վերջին բաժակը», հայերէնէ թարգմանեց Մեհմէտ Ֆաթիհ Ուսլու, «Արաս» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, 2018, 120 էջ (13 x 19,5 սմ.) (վիպակ) (թրքերէն):

– Իզրաիլ Նեսիմ Օվատիա, «Շահինեանները օսմանեան եւ թրքական թատրոնին մէջ», BGSTհրատարակչութիւն, Սթամպուլ, 2018, 271 էջ (14,7 x 21,5 սմ.) (այս ընտանիքին աւանդը թրքական թատրոնին) (թրքերէն):

Իսկահատեան Յարութիւն (պատրաստեց), «Վկայարան Հայկական ցեղասպանութեան», գիրք Է., «Փոխան յառաջաբանի»-ի հեղինակ` Արթուր Անդրանիկեան, «Լուսակն» հրատարակչութեան տպարան, Երեւան, 2018, 281 էջ (16,7 x 23,8 սմ.) (Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած ականատեսներու` 20 տարբեր հատորներու մէջ լոյս տեսած վկայութիւններու ամփոփումներու հաւաքածոյ, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր):

 Ծառուկեան Անդրանիկ, «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ», վերահրատարակութիւն Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, Պէյրութ, 2018:

Հաճեան Յովհաննէս աւագ քահանայ, «Հայոց տաժանքի ճամբաներով», Ա. եւ Բ. հատոր, Թեհրան, 2018 (իրանահայութեան 20-րդ դարու պատմութեան մէջ զգալի դեր կատարած քահանայ հօր յուշերը 1921-ի փետրուարեան ապստամբութենէն, Պարսկաստան անցումը, Թաւրիզի ու Թեհրանի մէջ գործունէութիւնը): Երկհատորեակը լոյս տեսած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան ծնունդի 100-ամեակին առթիւ: Բ. հատորի մեկենասն է Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանը` ի յիշատակ 27 յուլիս 1983-ին Լիզպոնի մէջ զոհուած հինգ նահատակներուն:

«Հայ մարդուն հոգեւոր երգարանը», պատրաստութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի (Մեղրիկ եպս. Բարիքեան), Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս, 2018, 410 էջ: Երգարանը ի յիշատակ իր ամուսնոյն` Երուանդ Չաթալպաշեանի հրատարակել տուած է տիկին Վիգի Չաթալպաշեանը:

Հարպոյեան Կարպիս, «Հայ բժիշկներուն, ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն ոդիսականը հայկական ցեղասպանութեան ընթացքին», Մոնթրէալ, 2018, 217 էջ (բժշկական մարզի նահատակուած, ժանտախտէ մահացած եւ վերապրած աշխատողներու կենսագրութիւններ): Մեկենաս` Լոս Անճելոսի «Արարատ» տան Էսքիճեան թանգարան: Հեղինակը գիրքը ձօնած է իր ծնողներուն` Թորոս եւ Մարթա Հարպոյեաններու յիշատակին:

 Մինասեան-Փիրումեան Ռուպինա, «Սթալինեան ԿՈՒԼԱԿ-էն վերապրող խիզախ եւ հաստատակամ մարդ մը` հայրս»անգլերէնի թարգմանող եւ հրատարակիչ` Ռուպինա Մինասեան-Փիրումեան, Լոս Անճելոս, 2017 [2018], 257 էջ (խմբագիր, մանկավարժ, Հ. Յ. Դ.ի գործիչ Բաղդիկ (Բաղդասար) Մինասեանի (1903-1976)յուշերը խորհրդային գրաւման բանակին կողմէ Թաւրիզի մէջ իր առեւանգման, Երեւանի մէջ հարցաքննութեան, տաժանակիր աշխատանքի դատապարտութեան, 1944-էն 1954 Սիպերիոյ մէջ աքսորի մասին, փաստաթուղթեր, լուսանկարներ) (անգլերէն)Հեղինակը հատորը նուիրած է իր հօր եւ «սթալինեան ԿՈՒԼԱԿ-ի բոլոր զոհերու յիշատակին»:

«Յառաջ. Միտք եւ արուեստ 1976-1987 – Գրական եւ վերլուծական էջեր», պատրաստեց` Արփի Թոթոյեան, խմբագիր` Գրիգոր Պըլտեան, «Սարգիս Խաչենց», «Փրինթինֆո» եւ «Անտարես» հրատարակչութիւններու համատեղ հրատարակութիւն, Երեւան, 2018, 681 էջ (13,3 x 20,7 սմ.) (առաջին ծաղկաքաղը Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթի ամսական նոյնանուն յաւելուածի նիւթերէն): «Գիրքը լոյս է տեսել Գալուստ Կիւլպէնկեան հաստատութեան հովանաւորութեամբ» եւ նուիրուած է «Յառաջ»ի 52-ամեայ խմբագիր Արփիկ Միսաքեանի (1926-2015) յիշատակին:

– Նաշ-Մարշալ Շվոն, «Հայրերի մեղքը – Թուրքերի մերժողականութիւնը եւ հայոց ցեղասպանութիւնը», թարգմանութիւն անգլերէնէ հայերէն, Ստեփանակերտ, 2018 (1856-1923 ժամանակաշրջանին Օսմանեան կայսրութեան հայոց, յոյներու, ասորիներու եւ ուրիշ ազգերու ցեղասպանութեանց մասին): Գիրքը հրատարակուած է Արցախի պետական համալսարանի գիտական խորհուրդին որոշումով:

– Պալաքեան Գրիգորիս եպս., «Հայ Գողգոթան», Ա. եւ Բ. հատորներ` մէկ կողքի տակ, հայերէնէ թարգմանեց Հրաչ Պետրոսեան, վերահրատարակութիւն, հրատարակիչ` Կովկասեան գրութիւններու շրջանակ, Լա Ֆորթէ-սու-Ժուար, Իլ տը Ֆրանսի նահանգ (Ֆրանսա), 630 էջ (16,5 x 22,5 սմ.) (ֆրանսերէն):

– Պետրոսեան Աշոտ Ա., «Սփիւռքահայ մարզիչներից մինչեւ «Սասնայ Ծռեր» », «ՎՄՎ-պրինտ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2018, 216 էջ (14,5 x 20,4 սմ.) (Արցախեան ազատամարտին սփիւռքահայ կամաւորներու մասնակցութիւնը, անոնց անուանացանկը, Ժիրայր Սեֆիլեանի ու անոր նախաձեռնութեամբ գոյառած խմբաւորումներու մարտական եւ քաղաքական գործունէութիւնը 1990-ականներու սկիզբէն մինչեւ այսօր, գունաւոր լուսանկարներ): Գիրքը լոյս տեսած է Տ. Աթանաս վրդ. Մովսիսեանի օրհնութեամբ եւ «նուիրւում է Արթուր Սարգսեանի (Հաց բերող) եւ Արայիկ Խանդոյեանի (Միայնակ գայլ) սուրբ յիշատակին»:

Պըլտեան Գրիգոր, «Ֆրանսահայ գրականութիւն 1922-1972 – Նոյնէն այլը», թարգմանութիւն ֆրանսերէնէ` Արփի Թոթոյեան, վերաշարադրանք` Գրիգոր Պըլտեան, «Սարգիս Խաչենց», «Փրինթինֆո» եւ «Անտարես» հրատարակչութիւններու համատեղ հրատարակութիւն, Երեւան, 2017, 895 էջ (13,3 x 21 սմ.) (ֆրանսահայ յիսնամեայ գրականութեան փիլիսոփայութիւնը): «Լոյս է տեսել մասնակցութեամբ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան»:

Սահակեան Լուսինէ, «Համշէնը հայկական ձեռագրերում», Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2019, 332 էջ շարադրանք + 124 էջ գունաւոր լուսանկարներու ներդիրներ (17 x 24 սմ.) (յապաւումներու եւ օգտագործուած աղբիւրներու ու գրականութեան ցանկեր): Հատորը հրատարակութեան երաշխաւորած է Ե. Պ. Հ.ի գիտական խորհուրդը, հեղինակը զայն նուիրած է իր ծնողներուն` Սուրէն Սահակեանի եւ Սոնա Գասպարեանի պայծառ յիշատակին:

Սուճեան Թալին, «Հայերը արդի Թուրքիոյ մէջ. յետեղեռնեան հասարակութիւնը, քաղաքականութիւնը եւ պատմութիւնը», անգլերէնէ թարգմանեց Այշէ Կիւնայսու, խմբագիր` Արթուն Կեպենլիօղլու, «Արաս» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, 2018, 352 էջ (15 x 21 սմ.) (թրքերէն):

Տէրլուղեան Կէորկիյ, «Հայաստանի ելքը յետխորհրդային վերանորոգութենէն. հնարաւորութեանց վերլուծումը», հրատարակիչ` «Տմիթրի Փոժարսքի» համալսարան, Մոսկուա, 2017, 272 էջ (Ա-5) (Հայաստանի պետութեան յետխորհրդային շրջանի պատմութեան հասարակագիտական հետազօտութիւնը) (էջ 1-166-ը` ռուսերէն, «Յաւելուած»ը` էջ 167-262-ը` հայերէն): «Հրատարակութեան եւ տպագրութեան պատրաստուած է «Տմիթրի Փոժարսքի» համալսարանի գիտական խորհուրդին որոշումով»:

– Փեթի Սիւզըն Փոլ, «Հայ լեգէոնականները – Զոհողութիւնն ու դաւաճանութիւնը առաջին համաշխարհային պատերազմին»I. B. Tauris & Co. Ltd. հրատարակչութիւն, Լոնտոն – Նիւ Եորք, 2018, 304 էջ(15,6 x 23,4 սմ.) (անուանացանկ, 165 սեւ-ճերմակ լուսանկար) (անգլերէն):

 Քասունի Երուանդ Հ., « «Այաշի բանտը» – Տոքթ. Աւետիս Նագգաշեան եւ մահապարտ աքսորեալները», հեղինակային հրատարակութիւն, տպարան «Տիզայն Քեստենեան», Պէյրութ, 2018, 400 էջ (17 x 24 սմ.) (Այաշ աքսորուած պոլսահայ բժիշկ Աւետիս Նագգաշեանի յուշերը տարագրութենէն, անոր կենսագրութիւնը, գրական ժառանգութիւնը, անգլերէն եւ արաբերէն ամփոփումներ, օգտագործուած աղբիւրներու ցանկ, յիշատակուող անձերու, վայրերու եւ դէպքերու մասին 230 էջ հանրագիտարանային բնոյթի ծանօթագրութիւններ, Երուանդ Քասունիի կենսագրութիւնը եւ գիտական-հրապարակագրական հրատարակութիւններու ցանկը):

Պատրաստեց Գէորգ Եազըճեան