Հայագիտական բնոյթի նոր գիրքեր

1072

Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէ հայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսածհայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններունի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեանմասնաւորաբարգրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներունՏուեալներուն կցուած են հրատարակութեան բովանդակութեան առնչուած անհրաժեշտ եւ հակիրճ բացատրութիւններ: Տուեալները երբեմն քաղուած են պարբերական մամուլէն եւ կրնան պակասաւոր ըլլալ:

—- 

 Աճառեան Սոֆիա, «Իմ յուշերը Աճառեանի մասին»«Ասողիկ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2018, 286 էջ (14,8 x 20,6 սմ.) (մեծանուն եւ երախտաշատ հայագէտի տիկնոջ յուշերը իրենց համատեղ կեանքէն, լուսանկարներ): «Հրատարակչական ծախսերը հոգացել են Հ. Հ. Գ. Ա. Ա. Հ. Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտը եւ բանասիրական գիտութիւնների դոկտոր Ամալիա Խաչատրեանը»:

Աճեմեան Գէորգ, «Ամբողջական երկեր», Դ. եւ Ե. հատոր, գլխաւոր խմբագիր` Սուրէն Դանիէլեան, պատասխանատու խմբագիր` Քնարիկ Աբրահամեան, Դ. հատորի յառաջաբանի հեղինակներ Սուրէն Դանիէլեան եւ Քնարիկ Աբրահամեան, «Սփիւռք» գիտա-ուսումնական կենտրոն, «Զանգակ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2018, 568 + 424 էջ (16,5 x 23,7 սմ.) (Դ. հատորի խորագիր` «Քննադատական երկեր»` գրաքննադատութիւն, գրական նիւթերու մասին հարցազրոյցներ եւ նամակներ, Ե. հատորի խորագիր` «Հրապարակագրական երկեր»` Հայ Դատի եւ ազգային ազատագրական պայքարի մասին յօդուածներ` լոյս տեսած մասնաւորապէս «Սփիւռք» պարբերականին մէջ. երկու հատորներուն մէջ` անուանացանկեր, ծանօթագրութիւններ): Հատորները տպագրութեան երաշխաւորած է Խաչատուր Աբովեանի անուան Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի բանասիրութեան բաժանմունքի խորհուրդը:

Աւագեան Արծրուն (կազմող, նախաբանի եւ յօդուածներու հեղինակ), «Վահան Թէքէեան. Ազնուական քերթողը», խմբագիր` Վազգէն Գաբրիէլեան, Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2018, 215 էջ: Հրատարակութեան հովանաւորն է Լոս Անճելոսի «Նոր օր» շաբաթաթերթը: Գիրքը նուիրուած է Վ. Թէքէեանի ծննդեան 140-ամեակին:

Աւշարեան Ռուբէն, «Արձանագրութիւններ – Լիբանանի խորհրդարաններու հայ երեսփոխանները», Ա. հատոր` 1922-1972, Բ. հատոր` 1972-2017, Հայկազեան համալսարանի հրատարակչութիւն, Պէյրութ, 2017, 653 + 679 էջ (17,4 x 24,6 սմ.) (հանրագիտարանային բնոյթի կոթողային աշխատութիւն Լիբանանի հայազգի երեսփոխաններու մասին, կենսագրութիւններ, ընտրապայքար, գործունէութիւն, խորհրդարանին մէջ ելոյթներ, փաստաթուղթեր, լուսանկարներ, օգտագործուած գրականութեան ցանկ, յատուկ անուններու եւ եզրերու ցանկեր) (շարադրանքը` անգլերէն, ելոյթները` արաբերէն):

Բանեան Գառնիկ, «Հայ որբի մը յուշերը 1914-1920», հայերէնէ թարգմանեցին Շանթ Մարճանեան եւ Ժան-Միշել Պիլեմճեան, ներածական խօսք` Յարութիւն-Ռեմոն Գէորգեանի, «Հեմիսֆեր» հրատարակչութիւն, Ֆրանսա, օգոստոս 2018, 307 էջ (ֆրանսերէն):

Գարայեան Սարգիս Ե., «Հայերը Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ, 1914 – Աշխարհագրական եւ ժողովրդագրական տեղեկագիրք», ներածութիւնը` Գարլա Կարապետեանի, «Կոմիտաս» հիմնարկի հրատարակութիւն, 2018, 674 էջ (4000-է աւելի հայաբնակ վայրերու հին եւ նոր անուններն ու աշխարհագրական դիրքը, անոնց բնակչութեան ընդհանուր թիւը, հայ բնակիչներուն քանակը եւ այլն, քարտէսներ, լուսանկարներ, օգտագործուած աղբիւրներու ցանկ, գիւղերու անուանացանկ) (անգլերէն):

 Էքինճեան Յովհաննէս Կ., «Ֆրանսայի կողմէ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը – Երկար ճամբու մը ոլորանները», «լ’Հարմաթան» հրատարակչութիւն, Փարիզ, մարտ 2018, 222 էջ (15,5 x 24 սմ.) (Ֆրանսայի կողմէ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթը 1918-ի վերջէն մինչեւ 2001-ին Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ անոր «ճանաչումը») (ֆրանսերէն):

 «Հայկազեան հայագիտական հանդէս», ԼԸ. հատոր, պատասխանատու խմբագիր` Անդրանիկ Տագեսեան, Հայկազեան համալսարանի հրատարակչութիւն, Պէյրութ, 2018, 852 էջ:

Ղորղանեան Ստեփան, «Կարսի մարզը Հայաստանի Հանրապետութեան կազմում (1919 ապրիլ – 1920 հոկտեմբեր) – Կարսի նահանգապետ Ստեփան Ղորղանեանի յուշերը», աշխատասիրութեամբ` Վլատիմիր Յարութիւնեանի, հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2018, 643 էջ (Կարսի նահանգապետի յուշերը նահանգի 1919-ի ապրիլ – 1920-ի հոկտեմբեր ժամանակահատուածի կեանքի, 30 հոկտեմբեր 1920-ին Կարսի խայտառակ անկման եւ Աղեքսանդրապոլի պայմանագիրի բանակցութիւններուն մասին, լուսանկարներ): «Գրքի հրատարակութիւնն իրականացուել է «Սամուէլ Սարուխանեան» հիմնադրամի միջոցներով»:

 Ճէպէճեան Հրայր, «Սփիւռքահայ կեանքեր ինչպէս որ տեսայ», խմբագրեց եւ համադրեց Արտա Ճէպէճեան, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն, Պէյրութ, 2018, 552 էջ (16,5 x 23,5 սմ.) (աշխարհի երկիրներով հեղինակին ուղեւորութիւններու ընթացքին հայոց հետ հանդիպումներու նկարագրութիւններ ու տպաւորութիւններ, լուսանկարներ): Հեղինակը հրատարակութիւնը նուիրած է կնոջը` Արտային եւ զաւակներուն` Վահէին եւ Ալիքին:

Մովսիսեան Արտակ, «Արարատ-Ուրարտու թագաւորութիւնը», Երեւան, 2018 (եռալեզու` հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն ալպոմ, գունաւոր բազմաթիւ լուսանկարներ եւ քարտէսներ, կցուած է թրքերէն տեսախտասալիկ Արարատեան թագաւորութեան պատմութեան մասին):

Յարութիւնեան Վլատիմիր, «Առաջին Հանրապետութիւն – Կարսի վերջնախաղը», հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2018, 180 էջ (30 հոկտեմբեր 1920-ին Կարսի խայտառակ անկման մասին փաստեր եւ վերլուծումներ):

Նալպանտեան Յովսէփ (աշխատասիրեց), «Միջազգային պատմութիւն – Ժամանակագրութիւն (1789-2015)», «Էտիթ փրինթ» հրատարակչութեան տպարան, Երեւան, 2018, 720 էջ (21 x 27,9 սմ.) (համաշխարհային ու հայոց պատմութեան վերջին 220-230 տարիներու կարեւոր անցքերը` մէկ կամ քանի մը տողով, քիչ յայտնի փաստեր, համառօտագրութեանց, օգտագործուած աղբիւրներու եւ անձնանուններու ցանկեր):

Պապոյեան Գէորգ, «Այնթապի հերոսական պատերազմը», հայերէնէ թարգմանիչ եւ յառաջաբանի հեղինակ` Իւմիթ Քուրթ, «Կոմիտաս» հիմնարկի հրատարակութիւն, Լոնտոն, 2018, 284 էջ (15,5 x 22,9 սմ.) (Այնթապի հայութեան 1920-1921-ի ինքնապաշտպանութեան ականատեսի վկայութիւն) (անգլերէն):

Սիմոնեան Հրաչիկ, «Հայկական հարցը եւ ռուսաստանեան դիւանագիտութիւնը առաջին համաշխարհային պատերազմի նախօրէին», Ռուսիոյ գիտութիւններու կաճառի հարաւային գիտական կեդրոնի հրատարակչութիւն, Տոնի Ռոսթով – Ռուսիա, 2018, 464 էջ (17,2 x 24,7 սմ.) (օգտագործուած աղբիւրներու ցանկ) (ռուսերէն):

«Սփիւռք եւ ինքնութիւն», խմբագիր` Շահան Գանտահարեան, հրատարակութիւն «Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամ»ի թիւ 12, տպարան Կաթողիկոսութեան հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, 2018 (17 յուլիս 2018-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպած նոյնանուն գիտաժողովին 24 զեկուցումները):

Քուրթ Իւմիթ, «Անթէպ 1915 – Ցեղասպանութիւն եւ իրականացնողներ», խմբագիր` Մերվէ Էօզթիւրք, «Իլեթիշիմ» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, սեպտեմբեր 2018, 215 էջ (հինգ յաւելուածներ, օգտագործուած աղբիւրներու եւ յատուկ անուններու ցանկեր) (թրքերէն): 

Պատրաստեց Գէորգ Եազըճեան