«Ազգային Պատուիրակութեան Գործունէութիւնը 1915-1916». Վաչէ Ղազարեանի կարեւոր հատորը

1201

Հայկական ուսումնասիրությունների ԱՆԻ կենտրոնը ՀԲԸՄ հայաստանյան գրասենյակի փոխտնօրեն Հովիկ Եորդեկյանից շնորհակալությամբ ստացել է դոկտոր Վաչէ Ղազարեանի «Ազգային Պատուիրակութեան Գործունէութիւնը 1915-1916» արժեքավոր գիրքը:

Այս կարևոր հատորի արժևորման մասին ներկայացնում ենք ավելի վաղ հրապարակված երկու գրություն, որոնցից մեկը տպագրվել է Լոս Անջելեսի Ասպարեզ օրաթերթում, երկրորդը՝ Թորոս Թորանեանի հեղինակությամբ՝ ՌԱԿ Մամուլ-ում:

—–

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՀԲԸՄ-Ի «ՎԱՀՐԱՄ ԱՊՏԱԼԵԱՆ» ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- ՀԲԸՄի «Վահրամ Ապտալեան» Մշակութային հիմնադրամը, շարունակելով 1984-1994ին իրագործուած եւ 2015ին վերսկսած ամէնամեայ հրատարակչական իր գործունէութիւնը՝ ընթացիկ տարուան  Յունիսին, Պէյրութի մէջ հրատարակեց «Ազգային Պատուիրակութեան Գործունէութիւնը 1915-1916» խորագիրով գեղատիպ եւ ծաւալուն հատորը: Հատորին մէջ ամփոփուած են Պատուիրակութիւնը նախագահող Պօղոս Նուպարի այդ տարիներու դիւանագիտական գործունէութեան վերաբերեալ նամակներու եւ խորհրդածութիւններու հարուստ հաւաքածոյ մը, դոկտ. Վաչէ Ղազարեանի խմբագրութեամբ համադրուած, խմբագիրին կողմէ գրուած շահեկան ներածականով, բծախնդրօրէն պատրաստուած ծանօթագրութիւններու եւ վերլուծութեան ըմդարձակ բաժինով ու անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկով:

Այդ տարիներուն, (1914-1916), Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գէորգ Ե. Թիֆլիսեցիի յատուկ խնդրանքով եւ լիազօրութեամբ, պատուիրակութեան նախագահութիւնը ստանձնած Պօղոս Նուպարի գործունէութեան երկրորդ շրջանի 1915-1916 տարիները ընդգրկող նամակներուն եւ անոնց մէջ տեղ գտած խորհրդածութիւններուն ընդմէջէն (ՀԲԸՄի «Նուպարեան» մատենադարանի արխիւներու օգտագործումով), ընթերցողին դիմաց կը պարզուի պատմական ներհուն, բաբախուն եւ հոգեխռով համայնապատկեր մը, ուր Օսմանեան կայսրութեան կեղեքումներուն ենթակայ հայկական նահանգներն ու Կիլիկիան միակցելով, ինքնավար Արեւմտահայաստան մը ապահովելու ուղղութեամբ պատուիրակութեան դրսեւորած ճկուն կեցուածքները, ինչպէս նաեւ անգլիացի, ռուս եւ ֆրանսացի դիւանագէտներու խոստումներով կամ կիսախոստումներով գօտեպնդուած հայ կամաւորներու արեան տուրքը, կը յանգին դառն յուսախաբութեան:

Ինչպէս խմբագիրը կը նշէ, ընթերցողը կը հրաւիրուի թերթատելու ժողովածու մը, որ կը ներկայացնէ արեւմտահայութեան ինքնավար եւ արժանապատիւ կեանք մը ունենալու ձգտումին եւ ճիգերուն պատմութեան ճակատագրական ժամանակահատուածը, լոյս սփռելով քաղաքական դէպքերու այն հոլովոյթին վրայ, որ Համաշխարհային Առաջին պատերազմին ընթացքին կարելի պիտի դարձնէր թրքական հայաջինջ ծրագիրին գործադրութիւնը, մեծապետական հակադիր շահերու յորձանուտին մէջ ինկած արեւմտահայութեան նկատմամբ, եւ պիտի յանգեցնէր աննախընթաց տարողութեամբ ողբերգութեան մը, հայապատկան հողերու իրենց բնիկ տէրերէն դատարկումով ու այդ տարածքներուն վրայ հայակերտ քաղաքակրթութեան ոչնչացումով:

Ինչպէս կողքաշապիկի ետեւի ծալքին վրայ երեւցող անգլերէնով ամփոփումը, որ գրուած է Հրատարակչական խորհրդատու յանձնախումբի անդամ Վիգէն Ադդարեանի կողմէ, կը նշէ, թէ հատորը մեծապէս շահեկան է պատմաբաններու, ինչպէս նաեւ ուսանողներու եւ ընդհանուր հանրութեան համար, որովհետեւ անիկա լոյս կը սփռէ հայոց պատմութեան ճակատագրական մէկ հանգրուանը բնորոշող դէպքերուն վրայ: Ժամանակաշրջան մը, երբ Հայերու Ցեղասպանութիւնը տառացիօրէն կը ծաւալէր, որպէս մարդկութեան ծանօթ յոռեգոյն ոճիռը: Նամակներուն ընդմէջէն կը պատկերացուի Ազգային պատուիրակութեան գործունէութիւնը՝ Պօղոս Նուպարի առաջնորդութեամբ, որպէս այդ բանակցութեանց գլխաւոր հայ մասնակիցը: Հետեւաբար, լուսար-

ձակի տակ կ՛առնուի անոր եզակի անձնաւորութիւնը, երբ դիւանագիտական խոր հմտութեամբ, ան կը խուսանաւէ միջազգային գերպետութեանց բարդ եւ մանուածապատ շահերու լաբիւրինթոսին մէջ, մինչ կը փոթորկին  Համաշխարհային պատերազմի զարգացող իրադարձութիւնները: Հատորը վկան է այն իրողութեան, որ պատմութիւնը կը շաղկապուի, երբ դար մը առաջ սկիզբ առած դէպքերը, այսօր կը շարունակուին Թուրքիոյ եւ տարածաշրջանին մէջ կատարուող վերիվայրումներով եւ Միջին Արեւելքի մէջ դրսեւորուող համաշխարհայնական ցնցումներով:

Ներկայ հատորը իններորդն է ՀԲԸՄի «Վահրամ Ապտալեան» Մշակութային հիմնադրամի միջոցներով  անցնող տարիներուն հրատարակուած աշխատութիւններու շարքին, որ գրականութեան, պատմութեան, մշակոյթի, ազգագրութեան եւ հոգեւոր-եկեղեցական ստեղծագործութեան մարզերու մէջ ակադեմական մակարդակով քննարկումներ մատչելի դարձուցած է հանրութեան:

ՀԲԸՄ-Ի «ՎԱՀՐԱՄ ԱՊՏԱԼԵԱՆ» ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ

Աղբյուրը՝ Ասպարեզ

—–

Դժուարութիւնները անգոսնել գիտցող վաւերական մտաւորական դոկտ. Վաչէ Ղազարեանը դժուարին գործի մը ձեռնարկած է հայ ընթերցողին ներկայացնելով պատկառելի ծաւալով եւ 484 էջերու վրայ տարածուող հիանալի հատոր մը՝ գլխաւորագոյն հերոս ունենալով ողջ հայութեան կողմէ սիրուած Պօղոս Նուպար Փաշան:

Բարեբախտաբար հոս Վաչէն մինակուկ չէ: Ունի աջակիցներ:

Ահա կը կարդանք.

-«Հրատարակութիւն Հ.Բ.Ը. Միութեան Վահրամ Ապտալեան Մշակութային Հիմնարկի – Գնահատիչ յանձնախումբէ՝ Գերապայծառ Լեւոն Արք. Զէքիեան (Պատուոյ անդամ), Վիգէն Լեւոն Ադդարեան, Արծուի Բախչինեան, Յովիկ Էօրտէքեան, դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, համադրող՝ Ցոլակ Ապտալեան, կողք եւ ենթախորագրեր՝ Համօ Ապտալեան»:

Այս խումբին «Նորեր,, անունը չենք կրնար տալ: Բոլորն ալ սփիւռքի բեմերուն վրայ վաստակ ունեցող գործիչներ են:

Ինչ կը վերաբերի հատորը կազմողին՝ ան տասնէ աւելի լոյս տեսած գիրքերու հեղինակ է, հաստատած ըլլալով խոհեմ մտածողի, պրպտողի իր հանգամանքը: Արդէն հատորի վերդիր կողքին կայ իր կենսագրականը:

Ինչ իմանար արկածահար Վահրամ Ապտալեանը, որ իր բանաստեղծ հայրը՝ Վահէ-Վահեան, իր որդւոյն անունով հիմնադրամ մը պիտի ստեղծէր վասն հայ գիրի գնահատումին եւ այդ հիմնադրամի պատասխանատուն պիտի ըլլար՝ բանաստեղծի աւագ որդին, Ցոլակ Ապտալեանը: Անշուշտ այս հիմնադրամը արդարօրէն պիտի վայելէր Հ.Բ.Ը. Միութեան հովանաւորութիւնը, եւ ուրեմն՝ ահա գործը, որ ոչ առաջինն է եւ ոչ ալ վերջինը: Գործ՝ զոր կը գտնենք շնորհաւորելի:

Դոկտ. Վաչէ Ղազարեանը փորձառու խմբագիր ու հասարակական գործիչ՝ այստեղ այս նիւթին տէրն է, տրուած ըլլալով, որ ան այլ նմանատիպ գրքեր եւս հրատարակած է:

Դոկտ. Ղազարեանը այս հատորը հարստացուցած է յառաջաբանով մը, զոր կոչած է Ներածական, որուն հետեւած են հատորի ծանօթագրութիւնները:

Ինչպէս այս մեծղի հատորը կը ներկայացնէ՝ գիրքը ամբողջութեամբ վաւերագրերու հոյլ մըն է, ուր աշխարհի մեծերը կը ներկայանան իրենց ողջ գործունէութեամբ, ըսել կ՛ուզենք խարդաւանանքներով, մե՜՜րթ բարեմտութեամբ, յաճախ սուտերով ու խաբէութեամբ:

Ու այս բոլորին մէջ տարօրէն բարի հայ մը՝ Պօղոս Նուպար Փաշան, որ հայոց Գէորգ Ե. կաթողիկոսի խնդրանքին անսալով՝ եղած է Եւրոպայի մէջ Հայոց Ազգային Պատուիրակութեան նախագահ:

Աղուէսներու բազմութեան մէջ՝ մարդ կոչուած արարածի խոստումներուն հաւատալ ուզող հայ մը, Պօղոս Նուպար Փաշան, որ իր ուսման մակարդակով եւ անցեալի գործունէութեամբ քաղաքականութենէ հեռու չէ եղած, եւ ունեցած է նաեւ ազդեցութիւն:

Կարդացէք վաւերագրերը՝ բազմահարիւր են խաբէութեան, նենգութեան օրինակները:

Պօղոս Նուպար Փաշան կ՛ուզէ հաւատալ մարդ էակին, փոխուած կ՛ուզէ տեսնել մարդ էակը: Ահա թէ ինչու որպէս մարդասէր՝ ան գլխաւորած էր Հ.Բ.Ը. Միութիւնը:

Անկախ վերը ըսուածներէն՝ ուրիշ մեծապատիւ հայու մը հանդիպած ենք յեղափոխական ու գեղանկարիչ, Փանոս Թերլեմեզեանին, որ իր կենսագրութիւնը ներկայացնող գիրքին մէջ հաստատած է.

-«Օր մը 1903-ին հանդպեցայ Քրիսթափոր Միքայէլեանին, եւ ըսի անոր. «Բարեկամ, ես յոյսս լրիւ կտրած եմ Արեւմտուտքէն: Ոչ միայն յոսս կտրած եմ Արեւմուտքէն՝ այլ այդ յոյսը թաղած եմ» »:

Այս Վանեցին եղած է հեռատես: Երանի ազգը ազատագրել ուզող մեր գործիչներէն գէթ ոմանք ունենային պայծառատեսութիւնն ու հեռատեսութիւնը Փանոս Թերլեմեզեանի, որ թէեւ մարտնչող յեղափոխական՝ չէ պատկանած որեւէ կուսակցութեան:

Ուրեմն վերադառնանք 1915-1916 թուականներու այն երկու տարիներուն՝ երբ հայ մտաւորականութեան մեծագոյն տոկոսը խողխողուած էր արդէն, եւ համատարած ջարդերով մեր ժողովուրդին մէկ կարեւոր մասը մանգաղած էին երիտթիւրքերը:

Եւ ահա յուսահատիլ չգիտցող Պօղոս Նուպար Փաշան իր ընկերներով՝ կը ջանայ փրկել մեր ժողովուրդը, որ գէթ ցեղասպանութեան չենթարկուի: Մեր ժողովուրդէն գէթ մաս մը հայրենի երկրին կառչած մնայ:

Խօսիլ տանք դոկտ. Վաչէ Ղազարեանին, որ ոչ միայն իր ստացած ուսումով, տասնամեակներու ընթացքին իր բլրացուցած գիտելիքներով՝ այլ նոյնիսկ իր հօրմէն լսած խօսքերով «Արեւմուտքին այսօ՛ր հաւատացող մը չէր կրնար ըլլալ»: Շեշտեցինք «այսօր» բառը: Բայց դոկտ. Ղազարեանը պատմութեան մասին է որ կը գրէ: Լսենք զինք ա՛յդ ժամանակի մասին՝ այս հատորի ներածականին ընդմէջէն.

-«Ներածական  – Այս հրատարակութեամբ լոյսին բերուող բանակցային արձանագրութիւնները, թղթակցութիւնները եւ յուշագրերը կը վերաբերին պայմանական բնորոշումով մը՝ Ազգային Պատուիրակութեան գործունէութեան, անոր երկրորդ շրջանի միայն առաջին երկու տարիներուն՝ 1915 եւ 1916, եւ պատուիրակութեան ճիգերուն միայն մէկ մասը ներկայացնելով հանդերձ՝ յստակօրէն լուսարձակի տակ կը բերեն Հայկական Հարցի տուեալ ժամանակահատուածի զարգացումներն իրենց գլխաւոր գիծերով»:

Ինչ ալ ըլլային այդ գիծերը՝ ուշացած չէի՞նք, երբ ջարդերը կը շարունակուէին երկու տարիներէ ի վեր՝ 1915 եւ 1916:

Մեր 600 տարիներու փորձը (փորձառութիւնը…), թելադրանք մը չէ՞ր ուղղուած մեզի՝ որպէսզի չհաւատայինք թիւրքին, եւ կանուխէն իմանայինք՝ որ օսմանցին պիտի չընդունէր Հոֆ եւ Վեստենենկ Պէյերը, որպէսզի հսկէին օսմանցիին կատարելիք փոփոխութեան վրայ:

Հաւատալու պատճառ մը կար.

-«Պատուիրակութեան առաջին շրջանի գործունէութիւնը իր աւարտին հասած էր 26 Յունուար 1914-ին՝ Ռուսաստանի եւ Թիւրքիոյ միջեւ Հայկական Բարենորոգումներու Ծրագրի ստորագրութեամբ: Այդ ծրագիրով կը նախատեսնուէր երկու եւրոպացի քննիչներու հսկողութեամբ եւ բարենորոգումներու ճամբով բարելաւել արեւմտահայերու կենսորակը»:

Ինչպէ՞ս հաւատալ այդ պայմանագիրին՝ երբ հայը ապրած էր Կարմիր Սուլթանի կազղմակերպած 1895-96-ի ջարդերը, երբ 1909 թ.-ի Ատանայի ջարդերը դարեր առաջ չէ որ տեղի ունեցած էին: Ինչպէս որեւէ հայկական պատուիրակութիւն՝ մինչեւ 26 Յունուար 1914 թուական տակաւին չէր իմացած, որ Օսմանցին որոշած էր ոդջ Արեւմտեան Հայաստանը մաքրել բնիկ հայ բնակչութենէն: Ու մեր զանգուածային ջարդերու օրերուն անգամ՝ յոյսեր ունէինք, որ Ռուսիան, Ֆրանսան, աղուէս Անգլիան – եռարմատ աղուէս՝ պիտի լուծէին հայկական հարցը:

Նոր յոյսի պատճառ.

-«Միաժամանակ պատերազմը հայոց կը բերէր (կը յուշէ ներածականին հեղինակը) Հայկական Հարցի լուծման նոր յոյս մը: Կը յուսացուէր, որ պատերազմէն յաղթական դուրս գան դաշնակից Անգլիան, Ֆրանսան եւ Ռուսաստանը: Այդ յոյսը արծարծող դեր կը կատարէին ոգեշունչ ելոյթներ՝ ինչպէս օրինակ Անգլիոյ վարչապետ Ասքուիթի 28 Հոկտեմբեր 1914-ի ճառը, ուր ան կը յայտարարէր. «Անգլիան իր սուրը պատեան չի դնիլ՝ մինչեւ որ չհնչուին թաղման զանգերը Տաճկաստանի տիրապետութեան, ո՛չ միայն Եւրոպայում՝ այլ նոյնիսկ Տաճկաստանի Ասիական երկիրներուն մէջ, որովհետեւ Տաճկական կառավարութիւնն ինքնասպանութիւն է կատարել»:

Խաբեբաներու ճառերով ո՞վ կրնայ յոյսի շէնքեր կառուցել՝ բացի հայ ղեկավարներէ, որոնցմէ շատեր նոյնիսկ Թալէաթին հաւատացին մինչեւ անոր եւ իրենց մահը:

Այո՛, 1918 թ.-ին դաշնակից երկիրները յաղթեցին: Թիւրքիան իր պարտութիւնը ստորագրեց՝ եւ նոյն դաշնակիցները պարտեալ Թիւրքիան յաղթական Թիւրքիոյ վերածեցին: Ո՞ւր մնաց հայոց յոյսը:

Հատորը կազմողը կը հաստատէ.

-«Պօղոս Նուպար Գէորգ Ե,.-ի ցանկութեան ընդառաջելով՝ Գահիրէէն Փարիզ կը մեկնէր անտեղեակ Փեթրոկրատի Ծրագիրէն, առանց ստացած ըլլալու իր ընելիքը սահմանաւորող որեւէ ծրագիր»:

Եւ Երուանդ Օտեան իրապէս խելամիտ մարդը՝ մեր սիրելի Պօղոս Նուպարը կը կոչէ «Հայոց փրկութեան փարոս»:

Այդ օրերուն Թերլեմեզեան մը եւս չկա՞ր հայութեան մէջ:

Պաղեստինի մէջ Արարայի ճակատամարտը յաղթանակով պսակողները հայոց կամաւորական գունդը եղաւ: Թիւրք-Գերման բանակը պարտութեան մատնողը հայ կամաւորները եղան՝ Ֆրանսական եւ Անգլիական ղեկավար բանակայիններուն կողմէ արժանանալով «Փոքր դաշնակից» կոչումին, որոնք սուտ երդումով մը կ՛աւելցնէին՝ «Կիլիկիան հայերուն պիտի տրուի»:

Տուի՞ն: Այո, տուին՝ պարտեալ Թիւրքիոյ տուին; Եւ Կիլիկիայէն 1937-38 թուականին՝ նոր արտագաղթ մը սկսաւ հայոց համար:

Մեծ պետութիւններու մե՜ծ գործերով Կովկասի մէջ եւս վերջ տուին հայ կամաւորական շարժումին, կամաւորներ՝ որոնք հեռաւոր Ամերիկայէն եւ աշխարհի բոլոր կողմերէն վրէժի զգացուով մղուած եկած էին հայրենիքը փրկելու սրբազան գործին:

Յաղթական Դաշնակից երկիրները՝ արդէն Օսմանեան աշխարհակալ պետութիւնը կանխօրէն բաժնած էին իրարու մէջ:

Բայց… Դաշնակից յաղթական պետութիւններու հակամարտութենէն՝ ծնաւ Մուստաֆա Քեմալ մը, որ կրցաւ նոր Թիւրքիա մը հիմնել որպէս հանարպետութիւն, նոր դիմագիծ մը տալով իր երկրին՝ չարափոխելով մե՜ր, հայութեան դիմագիծը:

Այս թատրերգութիւնը կը բեմադրուէր «հայասէր» դաշնակիցներու աչքերուն առջեւ, եւ անոնց իսկ օժանդակութեամբ:

Ռուսական ցարիզմը որոշած էր ո՛չ թէ օգնել հայութեան՝ այլ հասնիլ Միջերկրական ծով: Բայց Թիւրքիոյ պահակները պիտի թոյլ տայի՞ն, որ ռուսը հասնէր իր վաղեմի երազին: Նոյն միջոցին կը շարունակուէր հայոց վրայ գործադրուող ցեղասպանութիւնը՝ գերման զօրավարներու իսկ մասնակցութեամբ: Մինչ բարեմիտ Պօղոս Նուպար Փաշայի մաքուր ձեռքով՝ կը կրկնուէր Խրիմեան Հայրիկի երկաթէ դգալին պատմութիւնը:

Ո՞վ պիտի զբաղէր հայկական հարցով: Որո՞ւն հոգը՝ որ մենք ենթարկուեցանք ցեղասպանութեան, ու կորսնցուցինք մեր դարաւոր Արեւմտեան Հայաստանն իր հարիւրաւոր մշակոյթի կեդրոններով:

Հայերը դարձան Սփիւռք՝ ուր մինչեւ այսօր կը շարունակուի մեր ցեղասպանութիւնը, մեր ֆիզիկական կորուստին թիւը ամէն օր մագլցումի ենթարկելով:

Այսօր ունեցանք դոկտ. Վաչէ Ղազարեանի կազմած հրաշալի մատեանը: Ուրեմն ա՛յսօր՝ պահել գիտնանք, զօրացնել գիտնանք մեր ունեցած փոքրածաւալ դարձած Հայաստանը:

Դոկտ. Վաչէ Ղազարեանը հոյակապ գիրք մը կազմած է, վաւերագրերու հատոր մը՝ ճշգրիտ թուական տուեալներով, ուր մեծ պետութիւններու խարդաւանքները ամրագրուած են:

Այդ վաւերագրերը ամբաստանագիր են՝ ուղղուած մեծ պետութիւններու ամբարտաւանութեան ու սուտ երդուներուն դէմ:

Դոկտ. Վաչէ Ղազարեանին համար այս վաւերագրերը նորութիւն չէին: Ան ունի՛ կարծր պատասխանը «Մեծերու» կատարած ոճիրներուն, բայց չէ տուած իր շեշտակի պատասխանը:

Ես ջանացի պարզել հարցը: Վերջին խօսքս ես ալ չեմ ըսած դոկտ. Վաչէին պէս: Ով լսելու ականջ ունի՝ թող այս գրուածը լսէ…

ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ, Երեւան

Աղբյուրը՝ ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ