Հայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններ. կը ներկայացնէ Գէորգ Եազըճեան

1176

Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէ հայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսածհայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններունի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեանմասնաւորաբարգրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներունՏուեալներուն կցուած են հրատարակութեան բովանդակութեան առնչուած անհրաժեշտ եւ հակիրճ բացատրութիւններ: Տուեալները երբեմն քաղուած են պարբերական մամուլէն եւ կրնան պակասաւոր ըլլալ:

Նոր հրատարակութիւններ

Բաբգէնեան Վիգէն«Հայաստանը, Աւստրալիան եւ Մեծ պատերազմը», Սիտնի – Աւստրալիա, 2016 (Մեծ Եղեռնի, Անթիլիասի որբանոցի կազմաւորման, Մեծ Եղեռնէն ետք Աւստրալիոյ՝ հայ ժողովուրդին, մասնաւորաբար Անթիլիասի որբանոցին ցուցաբերած օժանդակութեան մասին):

Գովան Եդուարդ (հաւաքեց), «Թրքերէնէ հայերէն ասութիւններու այժմէական բառարան», հրատարակութիւն Ուսուցչաց հիմնարկի, Իսթանպուլ, 2016, 888 էջ (15 x 17.5 սմ.): Տպագրութեան մեկենասն է Էմմա Գարատէմիր-Գիւլէկէչը՝ ի յիշատակ իր եղբօր՝ Տիգրան Գարատէմիրի:

Թաշճեան Վահէ«Առօրեայ կեանքը անդունդին մէջ. Ցեղասպանութեան օրագրութիւններ 1915-1918»,«Պերկահն» հրատարակչատուն, Նիւ Եորք – Լոնտոն, 2017, 220 էջ (15. x 23 սմ.) (անգլերէն):

– «Ժորժ Սարգիսեան՝ թարգմանիչը», Ա.-Դ. հատոր (Դ. հատորը՝ երկու մասով), նիւթերու համադրում եւ խմբագրութիւն՝ Արա Արծրունի, հրատարակութիւն Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, Պէյրութ, 2017, ընդհանուրը՝ 1872 էջ: Մեկենասներ՝ տէր եւ տիկին Սինան եւ Անժել Սինանեան (լիբանանահայ վաստակաշատ  արուեստագէտ, Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի երկարամեայ բեմադրիչ Ժորժ Սարգիսեանի թարգմանած բոլոր՝ 25 թատրերգութիւնները):

Խառատեան Ալպէրթ, Գէորգեան Լիդա (խմբագիրներ), «Հայ պարբերական մամուլի պատմութիւն (1900-1922)», Բ. հատոր, ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի հրատարակութիւն, Երեւան, 2017, 787 էջ:

Ղազարեան Վաչէ (կազմող), «Ազգային պատուիրակութեան գործունէութիւնը 1915-1916 (վաւերագրեր)», հրատարակութիւն Հ. Բ. Ը. Մ.ի Վահրամ Ապտալեան մշակութային հիմնադրամի, տպարան «Շիրակ», Պէյրութ, 2017, xxx + 482 էջ (21 x 26.5 սմ.) (փաստաթուղթերու ժողովածու, հրապարակուած փաստաթուղթերու ցանկ, ներածութիւն, հարուստ ծանօթագրութիւններ, անձնանուններու եւ տեղանուններու միացեալ ցանկ, փաստաթուղթերուն զգալի մասը թարգմանուած է անգլերէնէ կամ ֆրանսերէնէ):

ալ-Մաանի Մուհամմէտ Աթալլահ, «Հայերը Մաանի մէջ. 1915-2016», Յորդանան, 2017 (Յորդանանի հարաւային Մաան քաղաքի հայկական գաղութին պատմութիւնը) (արաբերէն):

Չիֆթճեան Գրիգոր եպս., «Ուղեւորութիւն Աըրպատականի հայոց թեմում հայկական յուշարձանների հետքերով», Ա. հատոր, Դաւրէժ (Թաւրիզ), 2017, 546 էջ (Պարսկահայքի շուրջ 95 պատմական յուշարձաններու մասին պատմական եւ արդի տեղեկութիւններ ու անոնց լուսանկարները): Դիմել՝ arajnordaran.tavriz@gmail.com:

Պայրամեան Սուրէն, «Հայկական գաղութային կառոյցները Եգիպտոսի մէջ», Գահիրէ, 2017:

Պուրունսուզեան Սարգիս, «Տամասկոսի հայերը», հրատարակութիւն Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութեան Գիրքերու սուրիական ընդհանուր խորհուրդի, Տամասկոս, 2016 (արաբերէն):

Սարգիսեան-Վիզոյեան Արաքսի, «Անթառամ յուշեր (Թող ներէ ինծի Աստուած՝ վշտացած եմ Իրմէ)», Պէյրութ, 2017 (Հ. Բ. Ը. Մ.ի եւ Թէքէեան մշակութային միութեան Հալէպի կառոյցներու հասարակական եռանդուն գործիչին յուշերը):

Սնապեան Պօղոս, «Գիրքերու հետ – Գրախօսականներ», Ա. հատոր, խմբագիր՝ Թամար Սնապեան-Սուրճեան, մեկենաս՝ Տ. Մեսրոպ քահանայ Լագիսեան, հրատարակութիւն Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, Պէյրութ, 2017, 192 էջ (16.5 x 23.4 սմ.) (գրախօսութիւններու ժողովածու): Ժողովածուն ձօնուած է Պօղոս Սնապեանի ծննդեան 90-ամեակին:

Վարդանեան Վրէժ, «Աղթամարի կաթողիկոսութեան պատմութիւն», «Հայ Եկեղեցու պատմութիւն» մատենաշար, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի տպարան, 2017, 336 էջ + 1 ներդիր: Լոյս տեսած է «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ (Աղթամարի կաթողիկոսութեան պատմութիւնը 1113-էն մինչեւ 1895):

Պատրաստեց՝ Գէորգ Եազըճեան