«Ովքե՞ր են սպանել Ճեմալ փաշային». նոր հրատարակութիւններ

1096

Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէ սփիւռքահայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսած` հայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններուն` ի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեան, մասնաւորաբար` գրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներուն: Տուեալներուն կցուած են հրատարակութեան բովանդակութեան առնչուած անհրաժեշտ եւ հակիրճ բացատրութիւններ: Տուեալները երբեմն քաղուած են պարբերական մամուլէն եւ կրնան պակասաւոր ըլլալ:

Նոր հրատարակութիւններ

Ա-Դօ, «Մեծ դէպքերը Վասպուրական-Վանի մէջ», հայերէնէ թարգմանեց Ալիս Գըղըլեան, Փարիզ, 2017 (ֆրանսերէն):

Աղպաշեան Համբարձում, «Յուշամատեան Իրաքի Հ. Բ. Ը. Միութեան (1911-2011)», տպարան «Երեւան», Կլենտէյլ, Դեկտեմբեր 2016:

Այվազեան Միքայէլ, «Ովքե՞ր են սպանել Ճեմալ փաշային», երկրորդ, լրամշակուած հրատարակութիւն, խմբագիր՝ Գէորգ Խուդինեան, «Ֆենոմեն» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2016, 136 էջ (Ա-5) (լուսանկարներ, քանի մը անձերու կենսագրական տուեալներ, Մեծ Եղեռնի դահճապետներէն Ճեմալի եւ մերձաւորներու սպանութեանց վայրի յատակագիծը): Լոյս տեսած է ճարտարապետ Սերոժ Սուքիասեանի հովանաւորութեամբ՝ ի յիշատակ իր եղբօր՝ Վահանի:

Թովմասեան Պետրոս Մ., «Աբբասեան խալիֆայութեան վերջին պատմաշրջանը եւ հայութիւնը (991-1258 թթ.) (Հայկական ծագումով աբբասեան խալիֆաները)», Հ. Հ. Գ. Ա. Ա.ի Պատմութեան Հիմնարկի «Մեսրոպ արք. Աշճեան մատենաշար» թիւ 146, «Զանգակ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2016, 200 էջ (Ա-5) (քարտէսներ, օգտագործուած գրականութեան, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր):

Կարախանեան Վալենթինա-Վարդուհի եւ Վիքանօ Օմար, «Սուրբ Աթոռը եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայոց կոտորածը», Հռոմ, 2017 (Մեծ Եղեռնի տարիներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ պապական նուիրակ Անճելօ Մարիա Տոլչիի եւ Պենետիքթոս ԺԵ. պապի դիւանագիտական քայլերը հայերը ցեղասպանութենէն փրկելու ուղղութեամբ, փաստաթուղթեր) (իտալերէն): Հատորը նուիրուած է կաթողիկէ հայոց Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս-պատրիարքի յիշատակին:

Յակոբեան Գէորգ Պ., «Պատմութիւն իսթանպուլահայ ուսումնական կեանքի եւ կրթական հաստատութիւններու», հրատարակութիւն «Փարոս», Սթամպուլ, 2016, 800 էջ (17 x 24 սմ.):

Նագգաշեան Անուշ, «Այդ սերմը ես էի…», տպարան «Նոյ», Երուսաղէմ, 2016, 134 էջ (17 x 24 սմ.) (հեղինակը կը ներկայացնէ Նագգաշեան ընտանիքին պատմութիւնը, որու մէջ հիմնական տեղը Կէմէրէկ ծնած իր մեծ մօր՝ վեր. Ղազար Գալուստեանի դուստր Աննայի ականատեսի վկայութիւններն են Մեծ Եղեռնի սարսափներէն):

Ստեփանեան Խաչատուր Ռոստոմի, «1921 թ. փետրուարեան ապստամբութեան պատճառները եւ հետեւանքները սփիւռքահայ հասարակական-քաղաքական մտքի գնահատմամբ (1920-1930-ական թթ.)»,  «Լուսակն», Երեւան, 2016, 200 էջ (Ա-5):

Սրապեան Յովհաննէս Յակոբ Տօքթ., «Թուրքիոյ գեհենէն տարագրութիւն – Յուշք նամականի», հրատարակուած է որդիին՝ Տօքթ. Հրայր Սրապեանի նախաձեռնութեամբ, տպարանի անունը չէ նշուած (տպագրութիւն Քեստէնեան), Պէյրութ, 96 էջ (17 x 23.5 սմ.) (Խարբերդի Հիւսէյնիկ գիւղացի, յետագային Ճիպէյլի որբանոցի ատամնաբոյժի 1899-1925 ժամանակաշրջանի կեանքը, ներառեալ ականատեսի յուշերը Մեծ Եղեռնէն, Սրապեան ընտանիքի խմբանկար եւ հայր ու որդի բժիշկներուն լուսանկարները):

Քաջազնունի Յովհաննէս, «Ազգ եւ հայրենիք», վերահրատարակութիւն Հայկական ուսումնասիրութիւնների «Անի» կենտրոնի, Երեւան, 2016:

Պատրաստեց՝ Գէորգ Եազըճեան