Հայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններ

1362

Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէ սփիւռքահայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսածհայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններուն` ի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեանմասնաւորաբար` գրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներունՏուեալներուն կցուած են հրատարակութեան բովանդակութեան առնչուած անհրաժեշտ եւ հակիրճ բացատրութիւններ: Տուեալները երբեմն քաղուած են պարբերական մամուլէն եւ կրնան պակասաւոր ըլլալ:

– Ալեփիս Քուլիս (թագմանիչ եւ կազմող), «Հայ մուսա», Դ. հրատարակութիւն, վերահրատարակիչ՝ «Արմենիքա» եռամսեայ պարբերական, Աթէնք, 2016 (հայ բանաստեղծներու քերթուածներու թարգմանութիւններու 1938-ին առաջին անգամ հրատարակուած ժողովածուն՝ նոյնութեամբ) (յունարէն):

– Էքմէքճեան Վաչէ Վեր., «Արմատներու մրմունջ – Whispers of the Roots», Լոս Անճելոս, 2016: Լոյս տեսած է հայ աւետարանական շարժման 170-ամեակի եւ Մեծ Եղեռնի 101-ամեակի առիթներով (Հայաստանի արեւմտեան հատուածի եւ Կիլիկիոյ մէջ հայ աւետարանական եկեղեցիներու եւ դպրոցներու համառօտ պատմութիւնը) (երկլեզու՝ հայերէն եւ անգլերէն):

– Իսկահատեան Յարութիւն (պատրաստեց), «Վկայարան հայկական ցեղասպանութեան», Զ. հատոր, յառաջաբանը՝ պատմ. գիտ. դոկտոր Յարութիւն Մարութեանի, խմբագիր՝ բան գիտ. թեկնածու Արմէն Իւրնեշլեան, Ռիչըրտ եւ Թինա Գարոլան մատենաշար թիւ 19, տպարան Կաթողիկոսութեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, 2016, 320 էջ (17 x 24 սմ.) (Հայոց ցեղասպանութեան մասին լոյս տեսած կամ այդպիսի հատուածներ պարունակող գիրքերու բովանդակութեան ամփոփումներ, յուշագիրքերու կողքերու լուսանկարներ, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր):

– Խառատեան Հրանոյշ, Շագոյեան Գայիանէ, Մարութեան Յարութիւն եւ Աբրահամեան Լեւոն, «Սթալինեան Բռնաճնշումները Հայաստանում – Պատմութիւն, յիշողութիւն, առօրեայ», «Յիշողութեան ազգագրութիւն»մատենաշար թիւ 5, Հ. Հ. Գ. Ա. Ա. «Գիտութիւն» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2015, 440 էջ (Ա-5) (բազմաթիւ գործօններու հիման վրայ կատարուած հետազօտութիւն, պատումներ, հարցազրոյցներ, լուսանկարներ, բառացանկ): Հետազօտութիւնը եւ գիրքի տպագրութիւնը իրականացած են գերմանական դրամաշնորհով:

– Համբարձումեան Ռաֆայէլ, «Հայ-ռուս յարաբերութիւնների 1720-2015 թթ. նենգափոխուած պատմութեան սրբագրումներ», խմբագիր՝ Սամուէլ Սեդրակեան, «Անտարես» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2016, 108 էջ (Ա-5) (հեղինակին համոզումով՝ ռուսերը յոյժ բացասական գործօն եղած են եւ են հայոց վերջին դարերու պատմութեան մէջ):

– Ղանալանեան Տիգրան, «Սփիւռքի ներքին տեղաշարժերը 1950-1980-ական թուականներին», գլխաւոր խմբագիր՝ Արեստակէս Սիմաւորեան, խմբագիր՝ Վահրամ Հովեան, հրատարակութիւն «Նորավանք» գիտա-կրթական հիմնադրամի, Երեւան, 2016, 164 էջ (14.7 x 21.5 սմ.): Հրատարակուած է Հ. Հ. սփիւռքի նախարարութեան դրամաշնորհով՝ «Նորավանք» ԳԿՎ-ի գիտական-փորձագիտական խորհուրդի որոշումով (առանձին գլուխներով՝ արտագաղթերը Յունաստանէն, Ռումանիայէն, Պուլկարիայէն, Կիպրոսէն, Լիբանանէն եւ Սուրիայէն, յառաջաբան, վերջաբան, օգտագործուած սկզբնաղբիւրներու եւ գրականութեան ցանկ, ռուսերէն եւ անգլերէն ամփոփումներ):

– Սաքայեան Դորա, « «Զանոնք դէպի անապատները կը քշեն». Քլարա Հիլթին և Ֆրից Զիկրիսթը որպէս Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսներ 1915-1918», «Լիմմաթ» հրատարակչութիւն, Ցիւրիխ, 2016, 304 էջ(զուիցերիացի քաղաքաշինարար երկրաչափ եւ հիւանդապահուհի ամոլի՝ գոթական ձեռագիրով արձանագրածներուն վերծանումը, նաեւ հատուած Հայկ Արամեանի հայերէն գիրքէն, թէ ինչպէս Զիկրիսթ-Հիլթի զոյգը 1916-ին օգնած է իրենց պահեստապետ Արամեանին` իրականացնելու վերջինիս արկածալի փախուստը եւ փրկութիւնը, 30 լուսանկար ու վերարտադրութիւն) (գերմաներէն):

– Սբ. Գրիգոր Նարեկացի, «Նարեկ աղօթամատեան», գրաբարի հանդիպադրութեամբ արեւելահայերէնի փոխադրութիւնը՝ Աշոտ Պետրոսեանի, խմբագիր՝ Գէորգ Եազըճեան, «ՎՄՎ – պրինտ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2016, 656 էջ (10.5 x 14.6 սմ.): Լոյս տեսած է օրհնութեամբ եւ օժանդակութեամբ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի՝ ի յիշատակ Լիւպով-Սիրանոյշ Մարտիրոսեանի եւ Արփինէ Հայրապետեանի (ծանօթագրութիւններ):

– Քորթոշեան Ռաֆֆի, «Քեսապի շրջանի պատմական յուշարձանները», հայերէն շարադրանքի գիտական խմբագիր՝ Էմմա Աբրահամեան, թարգմանութիւնը՝ Գայիանէ Մովսիսեանի, հրատարակիչ՝ Հայկական ճարտարապետութիւնն ուսումնասիրող հիմնադրամ, Երեւան, 2016, 60 էջ + 4 կողքեր (27.2 x 27.9 սմ.)(աղբիւրներու, հին տուներու, եկեղեցիներու, ուխտատեղիներու, տապանաքարերու եւ այլնի յատակագիծեր եւ/կամ գունաւոր լուսանկարներ ու քարտէսներ) (անգլերէն):

– Օրմանեան Մաղաքիա արքեպիսկոպոս, «Հայոց եկեղեցին», հայերէնէ թարգմանութիւնը՝ Մարգար Գրիգորիի, ծանօթագրութիւնները՝ Ղեւոնդ քահանայ Մայիլեանի եւ Խաչիկ Գրիգորեանի, Երեւան, «Անկիւնաքար»հրատարակչութիւն, 2016 (գիրքի 1912-ի հրատարակութեան կրկնապատճէնը՝ առանց անուանացանկի, ծանօթագրութիւններ) (անգլերէն):

Պատրաստեց՝ Գէորգ Եազըճեան