Խորեն Աշըգյան պատրիարքի հրաժարականը

1631

ԾԱՆՈԹ. – Խորեն Աշըգյանը, աշխարհիկ անունով՝ Գաբրիել, ծնվել է 1842 թվականի նոյեմբերի 4(16)-ին Նիկոմեդիայի Քերեմեթ գյուղում: 1888-1894 թվականներին եղել է Կ. Պոլսի հայոց պատրիարք։ Մահացել է 1899-ի նոյեմբերին Կ. Պոլսում:

Ներքո շարադրյալ նյութը վերցրել ենք

«Նիւթեր Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար», Ա. Հատոր 

badriarkaran1

ՄԱՔՍՈՒՏ ՍԻՄՈՆ ՊԷՅԻ ՏԵՌՈՐԸ (1)

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐ Կ. ՊՈԼՍԻՑ

Ամսոյ 10ին Երեքշաբթի, Ղալաթիա Խուվիար խանի մէջ սպաննութեան փորձ մը կատարուեցաւ Մաքսուտ Սիմոն պէյի վրայ: Սիմոն պէյ իր գրասենեակ գացած ատեն երկու հոգի վրան կը յարձակին, որոնցմէ մէկը րէվօլվեր կը պարպէ վրան, իսկ միւսը դաշոյնի երկու հարուած կու տայ եւ կը փախչին: Րէվօլվերի ձայնի վրայ մարդիկ կը հասնին եւ յեղափոխականները կը ձերբակալեն: Սիմոն պէյ արիւնաթաթախ գրասենյակ կը փոխադրեն: Օգնութեան հասած բժիշկներէն ոմանք վէրքերը մահացու կը գտնեն, իսկ ոմանք ապրելու յոյսեր կու տան: Բժիշկները գնդակները չեն կրցած հանել: Երեկոյին լուր տարածուեց թէ մեռաւ, բայց որքան ստոյգ է Սիմոն պէյի մահը, տակաւին չստուգուեցաւ: Նոյն օրն իսկ քանի մը կասկածելիներու տուներ խուզարկուեցան եւ քանի մը հոգի ձերբակալուեցան:

ԵՈՒՍՈՒՖԵԱՆԻ ՆԱՄԱԿԸ «ԴՐՕՇԱԿ»ԻՆ

Անստորագիր, ինչպէս Եուսուֆեանի բոլոր նամակները՝ «Դրօշակ»ի 1894-95ի թիւերուն մէջ: Առած ենք «Դրօշակ»ի 1894 Յուլիսի 9րդ. համարէն.

«Մինչեւ դեւին դժոխքը չցուցանես, արքայութիւնը չի ճանչնար» կ’ըսէ հայկական առածը: Դաւաճան Աշըղեանը մինչեւ Յակոբսի րէվօլվերի փողը չտեսաւ, մինչեւ մահուան երկիւղը չզգաց իր լէշի վրայ եւ մահը չտեսաւ իր առջեւ, իր պարտքը չյիշեց:

Դէպքի հետեւեալ օրն իսկ իր հրաժարականը ուղարկեց դատական գործոց նախարարին, բայց չնդունուեցաւ: Քանի մը օրէն ետքը թիկնապահներով, լրտեսներով, ծպտեալ ոստիկաններով շրջապատուած՝ նա գնաց նախարարին անձամբ մատուցանելու հրաժարականը:

Դատական գործոց նախարարը աշխատած է համոզել զինքը ետ առնել իր հրաժարականը եւ կարեւորութիւն չտալ ամենեւին Յակոբսի դէպքին, մանաւանդ որ կառավարութիւնը պատրիարքի անձը եւ տունը ամէն կերպ պիտի պաշտպանէ. եւ հարկաւոր միջոցներն արդէն ձեռք առնուած են: Չմոռնամ ասել, որ դէպքի հետեւեալ օրն իսկ Նազըմ բէյի, այժմ՝ փաշա, կարգադրութեամբ երկու զինուոր հրացաններով պատրիարքի տան մուտքը կը պահպանեն ներսի կողմէն, իսկ դուրսէն ծպտեալ լրտեսներ պահապան շուներու նման տան շուրջը աչալուրջ կը հսկեն եւ մէկու մը վրայ ամենապզտիկ կասկած նկատածին պէս՝ մարդը կը ձերբակալեն եւ կ’առաջնորդեն ոստիկանատուն, ոտքէն գլուխ կը խուզարկեն, երկար բարակ հարցաքննութեան ենթարկելէն ետքը միայն մարդը ազատ կը թողուն: Ցարդ այսպիսի դէպքեր շատ անգամ կրկնուած են, այնպէս որ մարդիկ որեւէ կասկածէ զերծ ըլլալու համար հարկադրուած են, եթէ ճամբան պատրիարքի տան մօտով է, ուրիշ ճամբով, պտոյտներ անելով, իրենց ուզած տեղը երթալու:

Չնայելով կառավարութեան տրուած ամէն ապահովութեան, Աշըղեան սարսափահար կը պնդէ իր հրաժարականի վրայ: Նախարարը վերջապէս կը խոստանայ հրաժարականը Բ. Դուռն ուղարկել:

Աշըղեանը Բ. Դուռ հրաւիրուած լինելով, Մեծ Եարքոսը նոյնը կ’առաջարկէ, ինչ որ դատական գործոց նախարարը, բայց Աշըղեան ոչ մի կերպով չի համոզուիր՝ յիշելով Յակոբսի խօսքերը. «Հոգ չէ, եթե ինձ չյաջողուեց քեզ սպաննել, ընկերներուս մէկուն պիտի յաջողուի» եւ կ’աղաչէ, որ իրեն թողնեն Արմաշու վանքը քաշուիլ եւ «Հոն աղօթել վասն թանկագին կենաց վեհափառ կայսեր»:

Եպարքոսին հրաժարականը մատուցած օրէն ի վեր այլ եւս բոլորովին հրաժարեցաւ պատրիարքութենէն եւ որ մէկ գործի ոչ կը խառնուէր ու ոչ կը ստորագրէր:

Ոստիկանութեան նախարարը եւ Սիմոն բէյ ամէն ջանք ըրին ետ առնել տալ Աշըղեանին հրաժարականը, դարձեալ չյաջողեցան: Ան ատեն Սիմոն բէյի կարգադրութեամբ սկսաւ պատրիարքական բոլոր գործերը վարել փոխանորդ Ճէվահիրճեան վարդապետը: Բայց Ճէվահիրճեանն ալ երկար չկրցաւ վարել այդ պաշտօնը, որովհետեւ յեղափոխականներն անստորագիր նամակաւ մը սպառնացին իրեն եւս սպանել, եթէ շարունակէ ստանձնած պաշտօնը եւ անմիջապէս չհրաժարի: Ճէվահիրճեան անմիջապէս իր հրաժարականը եւ պատրիարքական կնիքը ու թուղթերը կը յանձնէ կրօնական ժողովոյ քարտուղար Փահլավանեանին, որը եւ կը վարէ այժմ պատրիարքական գործը, իսկ ինքը կը քաշուի Սամաթիա, իր սեփական տունը:

Ամսէ մը ի վեր դադարած են բոլոր ժողովները, ի միջի այլոց եւ ապօրէն ընտրուած Կրօնական Ժողովը:

Յակոբոսը, որ փորձեց սպանել դաւաճան Աշըղեանին, ինչպէս յայտնի է, ձերբակալուեց եւ անագորոյն տանջանքներու ենթարկուեց: Յակոբսի կրած տանջանքներն ամենաքաջառողջ եւ երկաթի կամք ունեցողին անգամ կը մահացնէին ու կը սպաննէին, ո՛ւր մնաց թէ Յակոբսի պէս թոյլ եւ տկարակազմ մէկուն: Յակոբսը այդ տանջանքներէն հիւանադացաւ եւ անցեալ շաբաթ հոգին աւանդեց: Նահատակի մարմնի հետ ինչպէս վարուեցան գազանները, յայտնի չէ, որովհետեւ մարմինը չյանձնեցին պատրիարքարանին:

Թող թիւրք բռնապետութիւնը շարունակէ իւր տմարդի, մարդախոշոշ վարմունքը հայ յեղափոխականներու հետ, բայց թող վստահ ըլլայ որ այդ ալ երկար չի տեւիլ, որ անմարդասիրական, գազանական վարմունքը հայ յեղափոխականներու թիւը չնուազցնելէն  եւ յեղափոխութեան չվնասելէն զատ, պիտի բազմացնէ անոնց թիւը, պիտի արծարծէ, ծաւալէ ու զօրացնէ յեղափոխութիւնը եւ իր սեփական կործանումն արագացնէ: Թիւրք կառավարութիւնը տանջեց, չարչարեց, խոշտանգեց Յակոբսի մարմինը, բայց, անոր հոգին անմահ է եւ կ’ապրի իւր սիրեցեալ ընկերներուն մէջ, անոր յիշատակն անջինջ պիտի մնայ բոլոր յեղափոխականներու սրտին մէջ: Իսկ այն սուրբ գործը, որուն Յակոբոսը նուիրեց իր անձը, պիտի շարունակեն իր հաւատարիմ ընկերները եւ պիտի լուծեն Յակոբոսի եւ իր ընկերներու արդար վրէժը:

Սիմոն բէյի մահուան լուրը չստուգուեցաւ: Այդ առթիւ մօտ 200 ձերբակալութիւն եղան, բայց բուն գործիչները՝ Տիգրանը եւ Լեւոնը, որոնց անունները սովորական տանջանքներով կորզեցին Սիմոն բէյի սպանողներէն, չկրցին տակաւին ձերբակալել: Տիգրանի ծնողքը, եղբայրները, փեսաները, ազգականները եւ ընկերները բոլորը ձերբակալուեցան:

Թիւրք կառավարութիւնը դատեց վերջապէս Սիմոն բէյի վիրաւորիչներուն. Ալլահը դատաստան համարէ: Դատարանը դատապարտեց մահուան Թադէոսը եւ Ստեփանը որպէս սպաննիչներ, իսկ ոսկերիչ Ստեփանը եւ խահֆեճի Համբարձումը – բանտարկութեան: Ձերբակալուածներէն շատերը արձակուեցան, բայց մօտ 100 հոգի տակաւին բանտն են:

Աղբյուրը՝ «Նիւթեր Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար», Ա. Հատոր , էջ 146-147