Աշըգեան Պատրիարքի ահաբեկման փորձը

1362

ԾԱՆՈԹ. – Խորեն Աշըգյանը, աշխարհիկ անունով՝ Գաբրիել, ծնվել է 1842 թվականի նոյեմբերի 4(16)-ին Նիկոմեդիայի Քերեմեթ գյուղում: 1888-1894 թվականներին եղել է Կ. Պոլսի հայոց պատրիարք։ Մահացել է 1899-ի նոյեմբերին Կ. Պոլսում:

Ներքո շարադրյալ նյութը վերցրել ենք

«Նիւթեր Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար», Ա. Հատոր , էջ 145-146

badriarkaran1

Յ. ԵՈՒՍՈՒՖԵԱՆԻ ՆԱՄԱԿԸ «ԴՐՕՇԱԿ»ԻՆ

Այս եւ յաջորդող «Նամակ Պոլսից»ները (մինչեւ 1895ի աշունը) կը պատկանին Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պոլսոյ լիազօր ներկայացուցիչ Յովհաննէս Եուսուֆեանի (կը գրուի նաեւ Իւսուֆեան) գրչին: Ներկայ նամակը առնուած է «Դրօշակ»ի 1894 Մայիս թիւ 8 համարէն եւ կը վերաբերի Աշըգեան Պատրարքի ահաբեկման փորձին:

ՆԱՄԱԿ ՊՈԼՍԻՑ

«Դրօշակ»ի ընթերցողներն իմացան, որ Մարտի 13ին Կիւրակի օրը, պատարագէն ետքը դաւաճան Աշըեղեանի անձի վրայ սպանութեան փորձ եղաւ, բայց անյաջող: Այս փորձը սարսափահար ըրաւ Սուլթան Համիտ եւ սիրտը դող ելաւ, վախնալով որ յանդուգն յեղափոխականի  գնդակը եւ նրա դաշոյնը վաղը կրնայ իւր եւ իւր պաշտօնեաներու սիրտը մխուել, իւր սիրելիներու արիւնը հոսեցնել, իւր վրէժը լուծել՝ արեան դէմ արիւն հոսեցնելով: Եւ թիւրք բռնապետութիւնը, քանիցս նկատած ենք, օր աւուր կ’արգացացնէ իր բռնութիւններով, հալածանքներով, բանտերով ու կախաղաններով այդ ցանկալի ժամը, որի համար յեղափոխականը կ’աշխատի գիշեր ցորեկ եւ կը սպսէ սրտատրոփ:

Թիւրք բռնապետութիւնը, հետեւելով իր խայտառակ քաղաքականութեանը, կ’ուզէ հաւատացնել, թէ հայ ժողովուրդն ապահով ու երջանիկ կ’ապրի, իսկ այն քանի մը խռովարարները հացկատակ, բախտախնդիր, սինլքոր օտարահպատակներ են, որ կը մոլորեցնեն իր միամիտ ու հաւատարիմ հպատակները եւ երբեմն յուզումներ եւ անկարգութիւններ յառաջ կը բերեն: Թիւրք կառավարութիւնն այս անգամ ալ չշեղուեց իր գծած ճամբէն եւ վայրկեան մը ուզեց մոլորեցունել Եւրոպայի հանրային կարծիքը եւ մամուլը յաջողեցաւ:

Ոստիկանութեան նախարարն իսկոյն իր լրտեսներու, ոստիկաններու ու պաշտօնեաներու բերնով ամէնուրեք լուր տարածեց, թէ Աշըղեանի վերայ փորձ անողը անգլիահպատակ է եւ կիպրոսցի: Այս լուրը հաղորդուեցաւ թէ հայ եւ թէ օտարազգի թերթերուն: Ոստիկանապետի այս սրամիտ (իրենց խելքով) արարքը երկար չտեւեց. շուտով ստուգուեց, որ այդ երիտասարդը ո՛չ անգլիահպատակ է եւ ոչ օտարահպատակ, այլ «իր հաւատարիմ, գոհ ու երջանիկ» հռչակուած հայ հպատակներէն է: Ապուշ կառավարութիւնը կը կարծէ, թէ եւրոպական մամուլը եւ հանրային կարծիքը խաբելով ու մոլորեցնելով պիտի յաջողի իր քայքայուած, կազմալուծուած պետութիւնը պահպանել եւ հայկական խնդիրը խեղդել: Կառավարութիւնը կամաւ կուրանալով՝ կը յուսայ կուրացնել եւ մեծ պետութիւնները, որոնք իր եւ իր ժողովրդի վիճակը աւելի լաւ գիտեն ու իրմէ լաւ կը տեսնեն. բայց եթէ կը լռեն, այդ ոչ թէ կը հաւատան իրեն, այլ անտարբեր իրենց շահն առայժմ կը պահանջէ լռել, անտարբեր ձեւանալ եւ շահագործել քայքայուած Թիւրքիան եւ Թիւրքիոյ ժողովուրդն անխտրապէս: Բայց այդ ալ երկար չի տեւիլ շնորհիւ յեղափոխութեան հսկայաքայլ տարածման ու զարգացման: Բայց դառնանք անգլիահպատակ հրատարակուած Յակոբին:

Յակոբը զուտարիւն թիւրքահպատակ է, Կեսարիա ծնած եւ այնտեղի դպրոցէն ելած: Բաւական բարեկիրթ, խելացի, ընթերցասէր 22-23 տարեկան համակրելի երիտասարդ մ’է: Արհեստաւոր է եւ Կետիկ-Փաշա շաքարագործի մը քով կ’աշխատէր երկար ատեն: Վարպետը շատ գոհ էր իրմէն  եւ Յակոբի խորհուրդներէն կը շահուէր միշտ:

Վերջին օրերը Յակոբսը շատ մտազբաղ  կ’երեւար, իր դէմքի վրայ պարզ կը տեսնուէր հոգ մը, ցաւ մը կ’երեւէր, որ ներսը բան մը կը կատարուէր, բայց թէ ինչ՝ ոչ ոք չգիտէր, ոմանք հիւանդ կը կարծէին, իսկ ոմանք սիրահարուած:

Փետրուարի 24ին, Վարդանաց տօնի օրը, հրատարակուեց անամօթ եւ դաւաճան Աշըղեանի պատրիարքական շրջաբերականը, ուղղուած բոլոր գաւառական առաջնորդներուն, տեղապահներուն, պատրիարքական փոխանորդներուն եւ վանահայրերուն: Պոլիս մի յուզում առաջ բերաւ տգէտ դասու մէջ, իսկ հասկացող դասու համար մազաչափ նշանակութիւն չունեցաւ, որովհետեւ շունը պատիւ ունի այսօր, Աշըղեան չունի. շուն մը հաջի թէ Աշըղեան՝ մի եւ նոյն է: Եւ այս ոչ միայն հայու համար, այլ եւ օտարի՝ յոյնի, բուլղարի, մինչեւ իսկ թիւրքի: Հայ ազգը Աշըղեանին չի ճանչնար իբրեւ պատրիարք եւ իր այդ գիտնալով հանդերձ՝ Աշըղեանը կը պահէ, կ’ընդունի, որովհետեւ իր նպատակներուն հասնելու համար կը վախնայ, թէ ատկէ աւելի լաւ գործիք մը չգտնէ:

Տխրահռչակ շրջաբերականէն 15 օր առաջ դաւաճան Աշըղեանը կայսերական պալատ կը կանչուի եւ իրմէն բացատրութիւն կը պահանջուի գաւառներում պատահած յուզումների համար: Իրեն կ’ըսուի, թէ խռովութիւնները երթալով փոխանակ նուազելու՝ կը շատանան, կը տարածուին եւ այսօր համարեա ամենուրէք խռովութիւններ, ընդհարումներ տեղի կ’ունենան (եւ այս ըսողները միաժամանակ կը յայտարարեն, թէ շնորհիւ Ողորմած Սուլթանի ամէն տեղ խաղաղութիւն կը տիրէ). կ’երեւի թէ հոս, Պոլսէն, հարուստ հայեր կ’օգնեն, կը քաջալերեն գաղտնապէս, ապա թէ՝ ի՞նչպէս կրնայ աղքատ ժողովուրդ մը այսքան նեղութեանց դիմանալէն զատ, ասպատակաց խմբեր կազմել, զէնք, ռազմամթերք ձեռք բերել ու խռովութիւններ յարուցանել: Դաւաճան Աշըղեանը փոխանակ պատեհութենէն օգտուելու, ժողովրդի ցաւերի մասին խօսելու, կը սկսի տերեւի պէս դողալ, լեզուն խորը կ’իյնայ և կմկմալով կ’ըսէ «Ի՛նչ գիտեմ, ի՛նչ գիտեմ, ես ձեռքէս եկածը կ’ընեմ, ասկէ աւելի ի՞նչ կրնամ ընել»:

Այս տեսակցութիւնը ժամ մը կը տեւէ. փոխադարձ համաձայնութեամբ կ’որոշուի նզովք, անէծք կարդալ հայ եկեղեցիներու մէջ, բայց ետքը կը խորհեն եւ կը խմբագրեն այս չարագուշակ շրջաբերականը, որի հրատարակութեան օրէն սկսան ձերբակալութիւններ եւ բանտարկութիւններ, որոնց թիւը մի քանի շաբթփու մէջ հարիւրէն կ’անցնի. գաւառներու մէջ կատարուածները յայտնի չէ: Աշըղեան «գող ու գողակիցը» մատնիչ Սիմոն բէյն է, որի դէմ ժողովուրդը նոյնչափ զայրացած, յուզուած է, որչափ անոր ընկեր Աշըղեանի դէմ:

Ժողովրդի դժգոհութեան ու յուզման արտայայտիչը եղաւ Յակոբը իր փորձով, որն, ինչպէս գիտէք, անյաջող եղաւ: Այս անյաջողութիւնը ծանր տպաւորութիւն թողուց եւ իւրաքանչիւրի բերնէն կը լսուէր. «Ան շունը չսատկեցաւ, շունը կենդանի մնաց… ե՞րբ պիտի ազատուենք ադորմէն եւ Սիմէոն բէյէն»: Այդ անյաջողութիւնը մի մեծ սուգ էր:

Յակոբը երեք անգամ ուզած է ատրճանակը պարպել, բայց կրակ չէ առած, որովհետեւ րէվոլվէրի շիշը ներս է մտած եղեր. երրորդ փորձէն հասկցեր է բանը եւ երբ ուզեր է շիշը քաշել, 2 հոգի՝ Ջանիկ անունով դերձակ մը եւ հիւանդանոցի պաշտօնեայ Մոստիճեանը յարձակուած են վրան, երիտասարդին ձերբակալած եւ յանձնած ոստիկանութեան: Աշըղեանը կը մարի, կ’իյնայ: Ձերբակալութեան ժամաանկ Յակոբը պարզութեամբ կ’ըսէ. «Հոգ չէ, թող ես ձերբակալուիմ, բայց շունը պիտի մեռնէ, որովհետեւ եթէ ինձ չյաջողուեց, ընկերներուս կը յաջողի»:

Յակոբին 3 օր շարունակ սոսկալի տանջանքներու են ենթարկած եւ այն աստիճանի, որ ազատուելու համար իր քանի մը ընկերներու անունները տուեր է: Ինչպէս Յակոբը, այնպէս էլ ընկերները, խոստովանած են, որ իրենք վճռած էին Աշըղեանն սպանել, որովհետեւ այն օրէն որ Աշըղեան պատրիարք եղաւ, հայ ազգի վիճակ օր աւուր ծանրացաւ ու գէշացաւ, որովհետեւ իրենց վիճակը նա չէր յայտներ Սուլթանին ու դարման չէր խնդրեր:

Յակոբի փորձէն մինչեւ այժմ անհաշիւ ձերբակալութիւններ եղած են: Անգլիացի մը անցեալները շատ իրաւացի նկատեց, թէ այս ինչե՜ր կ’ըլլայ, Պոլսոյ մէջ հայերը կորան պարզապէս:

Հնչակի թղթակցի հաղորդած լուրը՝ թէ Յակոբն իրեն Հնչակեան է յայտարարած՝ ճիշդ չէ: Յակոբ ինքնուրոյն է եւ գործոծ է բոլորովին անկախ: