Հայագիտական բնոյթի նոր հատորներ. կը ներկայացնէ Գէորգ Եազըճեան

2022
Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէ հայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսած` հայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններուն` ի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեան, մասնաւորաբար` գրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներուն:

– Բախչինեան Արծուի, «Հայերն Աֆրիկայում. Պատմա-բանասիրական ուսումնասիրութիւն», խմբագիր՝ Գէորգ Ստեփանեան, ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2024, 293 էջ (16 x 20 սմ.) (Ափրիկէի, բացառութեամբ Եգիպտոսի ու Եթովպիոյ, 25 երկիրներու մէջ հայկական ներկայութիւնը, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ ափրիկեան լինգալա լեզուով ամփոփումներ, մէկ յաւելուած՝ «Հայ-աֆրիկեան շփումներ՝ այլ երկրներում», օգտագործուած գրականութեան, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր):

– Գասպարեան Դաւիթ, «Հայ գրականութիւն», 7-րդ գիրք, «Տիգրան Մեծ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2023, 580 էջ (յօդուածներու ժողովածու):

– Գասպարեան Դաւիթ, «Չարենց», «Տիգրան Մեծ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2023, 404 էջ:

– Զարեւանդ, «Կրնա՞նք հաշտուիլ թուրքին հետ», «Արամ Մանուկեան» մատենաշար թիւ 10, տպարան Զաւէն եւ որդիք, Պէյրութ, 2023:

– Թէնպէլեան Վարուժան, «Լեւոն Շանթի անաւարտ ուղեւորութիւնը՝ մարդուն փնտռտուքը հայուն մէջ», «Արամ Մանուկեան» մատենաշար թիւ 9, տպարան Զաւէն եւ որդիք, Պէյրութ, 2023:

«Հայաստանը սպանական աշխարհին մէջ (Armenia en el mundo hispano)», խմբագիր՝ Միկել Անխել Սոռոչէ Քուեռվա (Miguel Ángel Sorroche Cuerva), «Ալhուլիա» (Alhulia) հրատարակչութիւն, Կրանատա – Սպանիա, 2024 (նախաբան, ներածութիւն եւ հայ ու սպանագիր տարբեր հեղինակներու 13 յօդուած-ուսումնասիրութիւն) (սպաներէն): Ժողովածուն հրատարակուած է Սպանիոյ կառավարութեան եւ Կրթութեան, մշակոյթի ու մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ:

«Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչ Ֆերդինանդ Թահթաճեանի փաստաթղթերը Վատիկանի արխիւում – Փաստաթղթերի ժողովածու (1919-1923)», կազմեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց Վահան ծ. վրդ. Օհանեան, 2023 [մարտ 2024] (Օսմանեան տէրութեան մէջ Հ. Հ.ի դիւանագիտական ներկայացուցիչի փաստաթուղթեր՝ հանուած Վատիկանի գաղտնի դիւանէն) (հայերէն եւ օտար լեզուներ): Ժողովածուն լոյս տեսած է Վատիկանի մէջ Հ. Հ.ի դեսպանութեան օժանդակութեամբ:

– Հոֆման Թեսսա, Քրիստոնեայ բնիկ ժողովուրդներու ցեղասպանութիւնը Օսմանեան տէրութեան մէջ. Հայեր, յոյներ, սուրիացի-արամէացիներ/ասորիներ/քաղդէացիներ։ Ընդարձակ վաւերագրական բաղկացած 3 մասէ եւ ուսուցման 8 միաւորէ (Der Genozid an den indigenen Christen des Osmanischen Reiches: Armenier, Griechen, Syro-Aramäer/Assyrer/Chaldäer; eine ausführliche Dokumentation mit drei Modulen von je acht Unterrichtseinheiten), «Հազէ եւ Քէօհլեր» հրատարակչութիւն, Վայլերսվիսթ-Մեթերնիխ – Գերմանիա, 2024, 381 էջ (յօդուածներու ժողովածու, 110 սեւ-ճերմակ լուսանկարներ) (գերմաներէն):

– Ղազարեան Գէորգ «Արեւելեան ուղղափառ հայերը», հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան-Աթէնք, 2024, 241 էջ (քաղկեդոնական-յունադաւան հայազգիներու եւ անոնց եկեղեցական կազմակերպութեան պատմութիւնը, ռուսերէն եւ անգլերէն ամփոփումներ, սեւ-ճերմակ եւ գունաւոր լուսանկարներ, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր, եկեղեցիներու, վանքերու, մատուռներու եւ մզկիթներու ցուցակ, օգտագործուած աղբիւրներու մատենագիտութեան ցուցակ, յունարէն տեղանուններու ցանկ): Հեղինակը գիրքը ձօնած է իր մեծ մօր՝ Վարսենիկ եւ հօր՝ Սերեոժա Ղազարեաններու յիշատակին:

– Սիմոնեան Յակոբ, «Հայկական լեռնաշխարհի հնագոյն արուեստը (Ք. ծ. ա. 12-3-րդ հազարամեակի առաջին կէս)», «Վան Արեան» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2023, 252 էջ (անգլերէն ամփոփում, սեւ-ճերմակ եւ գունաւոր բազմաթիւ լուսանկարներ, օգտագործուած գրականութեան ցանկ, էջ 181-251՝ պատկերներ ու անոնց ցանկը): Հրատարակութիւնը երաշխաւորած են ՀՀ Գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան Գեղարուեստի պետական ակադեմիայի եւ Պատմա-մշակութային ժառանգութեան գիտա-հետազօտական կենտրոնի գիտական խորհուրդները: Հրատարակուած է Հայագիտական ուսումնասիրութիւնները ֆինանսաւորող համահայկական հիմնադրամի դրամաշնորհով:

– Քոֆլեր-Պեթշարթ Պիրկիթ, ««Սպանած եմ, բայց մարդասպան չեմ» – Հայոց ցեղասպանութիւնը, զոհերուն վրէժը եւ «Նեմեսիս» գաղտնի գործողութիւնը (Birgit Kofler-Bettschart, “Iche habe getötet, aber ein Mörder bin ich nicht” – Der Völkermord an den Armeniern, die Rache der Öpfer und die Geheimoperation Nemesis)», «Քարլ Ուեպերռէօյթեր» (Carl Ueberreuter) հրատարակչութիւն, Վիեննա, 20 մարտ 2024, 208 էջ (15,3 x 21,1 սմ.) (գերմաներէն):

Պատրաստեց

Գէորգ Նաթալի (Եազըճեան)