Ռուբէն Դարբինեան. «Մեր Պատասխանը Յովհաննէս Քաջազնունիի», մաս 4

1818

Հայկական ուսումնասիրությունների ԱՆԻ կենտրոնը շարունակում է մաս-մաս ներկայացնել ՀՅԴ երևելի դեմքերից մեկի՝ Ռուբէն Դարբինեանի «Մեր Պատասխանը Յովհաննէս Քաջազնունիի» գիրքը, որը պատասխան է Հայաստանի Առաջին Հանրապետության առաջին վարչապետ Հովհաննես Քաջազնունու «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնն Անելիք Չունի Այլեւս» զեկուցագիր-գրքի՝ նախ ուղղված ՀՅԴ 1923 թ. խորհրդաժողովին, ապա և տպագրված առանձին գրքով Բուխարեստում 1923-ին: Ռուբէն Դարբինեանը (Արտաշես Չիլինգարյան, 1883Ախալքալակ- 1968, Բոստոն) եղել է Հայաստանի Հանրապետության արդարադատության նախարարներից, երկար տարիներ խմբագրել ՀԱՅՐԵՆԻՔ հանդեսը: 

VI

Եթէ անգամ ընդունելու լինէինք Քաջազնունիի այն հիմնական տեսակէտը, թէ Հայաստան պէտք ունի Ռուսաստանին, անոր ազդու հովանաւորութեան, հսկողութեան ու պաշտպանութեան, որովհետեւ այլապէս ան պիտի իյնայ Թուրքիոյ գիրկը, եւ թէ ուրիշ աւելի լաւ ընտրութիւն չունի ընելու հայ ժողովուրդը՝ իր աշխարհագրական աննպաստ դիրքի եւ քաղաքական շրջապատի պատճառով,- այդ պարագային իսկ մենք չպէտք է երբեք հետեւէինք Քաջազնունիի խորհուրդին եւ անւերապահօրէն ու ազգովին ենթարկուէինք բոլշեւիկներուն միմիայն այն հիման վրայ, որ անոնք են այսօր Ռուսիոյ տէրերը:

Ճիշդ այնպէս, ինչպէս ցարական տիրապետութեան ատեն մենք չէինք կարող հաշտուիլ եւ շատ բանաւոր հիմեր ունէինք չհաշտուելու այդ տիրապետութեան հետ ու հարկադրուած էինք, Ռուսիոյ յեղափոխական տարրերու հետ միասին, պայքարելու ցարական ռէժիմի դէմ համառուսական ճակատի վրայ, յանուն մեր անհատական ու ազգային ազատութիւններուն, այնպէս ալ այսօր մենք չենք կարող եւ շահ մը չունինք խուսափելու պայքարէ բոլշեւիկեան բռնակալութեան դէմ, որ տնտեսապէս ու բարոյապէս կը քայքայէ մեր ժողովուրդը:

Կարո՞ղ է հայ ազգային մշակոյթ զարգանալ հոն, ուր կատաղի հալածանք կայ դէպի այն ամէնը, ինչ որ չի կրեր կոմունիստական կնիք: Կարո՞ղ ենք հանգիստ խղճով դիտել, թէ ինչպէս մեր նորահաս սերունդը Կովկասի մէջ կ’ենթարկուի սիստեմատիկ այլասերման ու ապազգայնացման՝ բոլշեւիկեան քանդիչ մեթոտներով: Կարո՞ղ ենք թոյլ տալ, որ հայ ազատ միտքը ցարական ռէժիմէն ալ աւելի խեղդող բռնաբարման ենթարկուի բոլշեւիկներու կողմէ յարատեւօրէն: Կարո՞ղ ենք հաշտուիլ ազգայնօրէն վնասակար այն կատարեալ կղզիացման հետ, որուն ենթարկուած է երկրի հայութիւնը, չինական պարիսպներով զատուելով հայ գաղութներէն:

Եւ եթէ ցարական տիրապետութեան ատեն կովկասեան հայութիւնը ռուսացման լուրջ վտանգի մը ահաւոր սպառնալիքի տակ էր, որ շատերուն աւելի ազգակործան կը թուէր, քան նոյնիսկ ֆիզիքական ոչնչացման սիստեմը Թուրքիոյ մէջ, մի՞թէ ներկայ Խորհրդային իշխանութիւնը աւելի ընդարձակ գետնի վրայ եւ աւելի քանդիչ միջոցներով չէ առեր մեր ժողովուրդը իր ամենակուլ ցանցի մէջ, կոմունիզմի քօղին տակ ռուսացման ենթարկելով մեր երիտասարդութիւնը եւ զրկելով մեզ առողջ ազգային զարգացման միջոցներէն:

Կարճ. բոլշեւիկները սիստեմատիկ կերպով կը թունաւորեն մեր ժողովուրդը եւ ցարական չինովնիկներէն ալ աւելի ներզօր միջոցներով կը վարեն ձուլման քաղաքականութիւն ռուսներուն հետ, հետեւաբար, եթէ կ’ուզենք ապրիլ ու զարգանալ ազգայնօրէն, պիտի պայքարինք բոլշեւիկներու դէմ ալ այնպէս, ինչպէս պայքարեցանք ցարերու դէմ:

Քաջազնունի չի ուզեր ըմբռնել, թէ բոլշեւիկները հայկական կեանքի մէջ ոչ թէ կեդրոնաձիգ, այլ կեդրոնախոյս ոյժ մըն են, թէ անոնք, ոչ թէ ազգահաւաքման, այլ ազգացրման գործ կը կատարեն:

«Ճիշդն ասած- կ’ըսէ ան – ես չգիտեմ, թէ ի՞նչ ազգացրման գործ են կատարել բոլշեւիկները, բացի այն, որ մեզ՝ մի քանի հարիւր դաշնակցականներիս՝ դուրս ձգել հայրենիքից ու դռները փակել առաջներս. համաձայնիր, սակայն, որ դեռ ազգացրում չէ»:

«Ճիշդ է, որ բոլշեւիկները չեն հաւաքում ազգը: Իսկ եթէ մենք մնացած լինէինք նրանց տեղը, կը հաւաքէ՞ինք»:

«Հայաստանի սահմանների նեղութիւնը ու տնտեսական վիճակը թոյլ չեն տալիս ներգաղթել,-ահա հիմնական արգելքը ազգահաւաքման գործի համար»:

«Բոլշեւիկները չկարողացան (ասենք՝ չցանկացան) ոչ Հայաստանի սահմանները լայնացնել, ոչ էլ զգալիօրէն բարելաւել երկրի տնտեսական վիճակը, այդ ճիշտ է: Իսկ մենք կը կարողանայի՞նք մեր բոլոր ցանկութիւններով հանդերձ…»:

«Բոլշեւիկների տնտեսական սիստեմը՝ մասնաւոր սեփականութեան իրաւունքի բացասումը՝ անվիճելիօրէն կործանարար է այսօրուայ Հայաստանի համար: Եւ սա՝ կուսակցական դիկտատուրայի հետ միասին՝ ներկայ կացութեան սեւ երեսն է…»:

«Բոլշեւիկեան սիստեմը չի կարող վերաշինել մեր աւեր երկիրը, ապահովել նրա տնտեսական զարգացումը»:

«Բայց սա պատճառ չէ, որ չընդունենք Խորհրդային իշխանութեան կարեւորութիւնն ու օգտակարութիւնը, քանի որ կան ուրիշ վտանգներ, ուրիշ սպառնալիքներ…»:

Քաջազնունի չի ուզեր ըմբռնել, թէ ազգացրման գործի մէջ խնդիրը քանի մը հարիւր դաշնակցականներու աքսորը չէ բնաւ, այլ քաղաքական այն ընդհանուր հալածանքը, որուն կ’ենթարկուի ամբողջ ազատատենչ հայութիւնը, թէ երկրի ներսը եւ թէ գաղութներու մէջ սիստեմատիկաբար:

Քաջազնունին չի ուզեր տեսնել, որ բռնադատման տակ են հայ ժողովրդի բոլոր ռազմունակ եւ ազգայնօրէն կուլտուրունակ տարրերը: Կը սպանուի, կը փճացուի մեր ազգին մէջ այն ամէնը, ինչ որ բոլշեւիկեան կաղապարին չի համապատասխաներ: Կը քանդուին գաղափարական այն կապերը, որ կը միացնեն հայութեան զանազան հատուածները իրարու հետ, փոխանակ ամրացնելու այդ կապերը: Չէ՞ որ ֆիզիքական ազգացրումէն աւելի կործանարար դեր կը կատարէ բարոյական, գաղափարական, մշակութային այս սիստեմատիկ ազգացրումը, որուն համար մոլեգին եռանդով մը կ’աշխատին հայ եւ ռուս բոլշեւիկները միասին: Հայ երիտասարդութեան, հայ մտաւորականութեան, հայ ժողովրդական զանգուածներու միտքը կը ջանան շեղել մեր ազգի կենսական պէտքերէն ու իտէալներէն դէպի ցնորական ու քայքայիչ «համաշխարհային յեղափոխական» նպատակներ: Մեր ժողովրդի կորովը կ’ուզեն սպառել ոչ հայկական, այլ օտար, «համաշխարհային» ճակատներու վրայ: Այլանդակ սերունդ մը կը ջանան ստեղծել մեր պատանիներէն, որոնք չեն կրնար այլեւս դառնալ ազգայնօրէն ողջամիտ, առողջ եւ հայրենասէր հայ քաղաքացիներ:

Քաջազնունի չի ուզեր հասկնալ նաեւ, որ ազգացրման մեղադրանքը կը վերաբերուի ոչ միայն փաստին, այլ եւ ձգտումին:

Ներգաղթ զանգուածօրէն, այո՛, բոլշեւիկները չեն կարող այսօր թոյլ տալ Հայաստան, որովհետեւ մեր երկրի սահմաններու նեղութիւնը եւ տնտեսական վիճակը անյաղթելի արգելք են ատոր:

Մենք ալ լինէինք անոնց տեղը, ճիշդ է, չպիտի կարողանայինք հայ գաղթականները զանգուածօրէն ներս ընդունիլ:

Բայց մի՞թէ այդ է բոլշեւիկներու գլխաւոր մեղքը: Չէ՞ որ բոլշեւիկները գրեթէ կտրեր են երկրի ժողովրդի յարաբերութիւննն ու հաղորդակցութիւնը դրսի աշխարհի, արտասահմանի հայութեան հետ: Չէ՞ որ անհատներն անգամ չեն կարող երթալ Հայաստան, եթէ բոլշեւիկեան չեկիստներէն արժանացած չեն ստանալու բարեյուսութեան վկայական: Չէ՞ որ երթեւեկելու ազատութիւն կը վայելեն միմիայն բոլշեւիկները: Բացարձակապէս անարդար եւ անհիմն չէ՞ ուրեմն ըսել, թէ բոլշեւիկեան ռեժիմէն տուժեղը միայն քանի մը հարիւր դաշնակցականներ են, որոնք աքսորուած են Հայաստանէն:

Այսքան մեքենական եւ պարզունակ կերպով է, որ Քաջազնունի կ’ըմբռնէ մեր քաղաքական կեանքի երեւոյթները:

Քաջազնունի «անվիճելիօրէն կործանարար» կը նկատէ – եւ այստեղ ամենայն իրաւմամբ- բոլշեւիկներու տնտեսական սիստեմը, բայց այսուհանդերձ յանցանք կը համարէ ոեւէ պայքար այդ կործանարար սիստէմին դէմ:

Ինչո՞ւ: Որովհետեւ ուրիշ, աւելի ահաւոր վտանգներ ու սպառնալիքներ կան, այսինքն՝ թուրքերը:

Քաջազնունիի այս տրամաբանութիւնը հիմնուած է այն միամիտ հաւատին վրայ, որ մեր պայքարէն է կարծես կախուած բոլշեւիկներու մնալը կամ չմնալը Հայաստանի մէջ: Կարծես թէ մեր սիրոյն, մեր ժողովրդի պաշտպանութեան համար է, որ Խորհրդային Ռուսիոյ բանակը մտեր է մեր երկիրը եւ կը մնայ մեր երկրի մէջ:

Քաջազնունիի այս տրամաբանութիւնը հիմնուած է այն միամիտ հաւատին վրայ, որ մեր պայքարէն է կարծես կախուած բոլշեւիկներու մնալը կամ չմնալը Հայաստանի մէջ: Կարծես թէ մեր սիրոյն, մեր ժողովրդի պաշտպանութեան համար է, որ Խորհրդային Ռուսիոյ բանակը մտեր է մեր երկիրը եւ կը մնայ մեր երկրի մէջ:

Սակայն բոլշեւիկներու տիրապետութիւնը Հայաստանի մէջ ոչ մէկ առնչութիւն ունի հայկական շահերու հետ, այլ արդիւնք է Ռուսիոյ սեփական շահերու թելադրութեան: Եւ որքան ատեն որ անոնց ոյժերը թոյլ տան մնալ հայկական ճակատի վրայ, կամայ թէ ակամայ բոլշեւիկները պիտի արգիլեն թուրքերու մուտքը Հայաստան:

Հակառակ պարագային, եթէ մենք ազգովին իսկ բոլշեւիկ լինինք, ռուսական կարմիր բանակը չպիտի պաշտպանէ մեզ ու պիտի լքէ հայկական դիրքերը, թողելով մեզ մեն մինակ մեր թշնամիներուն դէմ:

Այսպիսով մեր հրաժարումը պայքարէ բոլշեւիկեան «կործանարար սիստէմին» դէմ բնաւ չի կարող ոեւէ ապահովութիւն տալ մեզ ոչ այժմ, ոչ ալ այն ատեն, երբ իրական վտանգը բաղխէ մեր երկրի դռները: Մինչդեռ մեր մեկուսացումը քաղաքական այն պայքարէն, զոր կը մղեն ու պիտի մղեն կովկասեան մեր հարեւաններն ու հակաբոլշեւիկեան ռուս ոյժերը բոլշեւիզմի դէմ, պիտի հրաւիրէ մեզ վրայ այդ բոլոր տարրերու ատելութիւնը, մեզ վրայ ալ տարածելով բոլշեւիկներու եւ հրէաներու հանդէպ իրենց ունեցած կատաղի թշնամանքը:

Քաջազնունի կ’ըսէ, թէ մեր ժողովուրդը յոգնած է եւ ուժասպառ, ուստի չպէտք է մասնակցի ոեւէ պայքարի:

Բայց Քաջազնունի կը մոռնայ, որ ոչ բոլշեւիկները, ոչ հակաբոլշեւիկները եւ ոչ ալ թուրքերը պիտի ուզեն ներողամիտ լինել մեզի հանդէպ մեր յոգնածութեան ու պայքարէ խուսափելու համար եւ չպիտի թողուն մեզ հանգիստ նստելու միմիայն այն պատճառով, որ մենք հանգստի հրամայական պէտք ունինք: Ուզենք թէ չուզենք, պէտք է խանգարուի մեր անդորրութիւնը, երբ մեր շուրջը փոթորկուող ոյժերը բաղխուին իրարու հետ կենաց եւ մահու պայքարի մէջ: Ուզենք թէ չուզենք, մենք ալ պիտի մասնակցինք այդ պայքարին, որուն արդիւնքէն կախուած է եւ մեր գոյութիւնը: Ուզենք թէ չուզենք, մենք ընտրութիւն պիտի ընենք այն ատեն եղած պայմաններուն եւ հաւանականութիւններուն համաձայն:

Եւ քանի որ այդ այդպէս է, խոհեմութի՞ւն է մեր կողմէ այժմէն իսկ զրկել մեզ ընտրելու ազատութենէն եւ նախօրօք կաշկանդել մեր ձեռքերը, ինչպէս կը թելադրէ Քաջազնունի, ազգովին իյնալով բոլշեւիկներուն գիրկը, որոնց գիրկը վստահելի չի կրնար սեպուիլ մեզի համար ոչ մէկ տեսակէտով եւ ոչ մէկ ժամանակ:

Պէտք է քաղաքականպէս կոյր լինել ըմբռնելու համար, թէ հայ ժողովրդի ներկայ վիճակը բնաւ չի պահանջեր, որ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը կազմալուծի եւ խառնուի բոլշեւիկեան բանակին, որովհետեւ ատոր հետեւանքով չէ, որ կարող է ոեւէ բան փոխուիլ ի նպաստ Հայաստանին:

Ինչ որ բոլշեւիկները կրնան այժմ տալ հայ երկրին, կուտան. ատկէ աւելին անկարող են: Լինի հայութեան մէջ հարիւր բոլշեւիկ թէ հարիւր հազար կամ մէկ միլիոն, ոչինչ, ոչինչ կրնայ փոխուիլ այժմ ի նպաստ հայ ազգի ազատագրութեան, որքան ատեն որ մեզ շրջապատող քաղաքական պայմանները չեն փոխուած:

Ոչ հեռատես եւ ոչ ալ անհրաժեշտ բան մըն է մեզի համար մեր ամբողջ ազգին բախտը մեր իսկ կամքով կապել բոլշեւիկներու բախտին հետ:

VII

Իր կարծիքով մէկ շատ ծանրակշիռ պատճառաբանութիւն եւս կը բերէ Քաջազնունի Հ. Յ. Դաշնակցութեան գոյութեան դէմ:

«Մեր մէջ կան մարդիկ,- կըսէ ան,- որոնք կարծում են, թէ՝ մնալով քաղաքականապէս հակառակ բանակում՝ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը դրսից պիտի օժանդակի Հայաստանի տնտեսական վերաշինութեան:

«Ի՞նչպէս: Պիտի կազմակերպի կամ աջակցի կազմակերպելու առեւտրական ու արդիւնաբերական ընկերութիւններ, որ ապրանք մտցնեն Հայաստան, այնտեղի հում նիւթերը վաճառքի հանեն արտասահմանեան շուկաները, արհեստանոցներ ու գործարաններ հիմնեն երկրում, հողեր ոռոգեն, գիւղատնտեսական մշակոյթի կատարելագործուած ձեւեր ու մեքենաներ ներմուծեն եւայլն»:

«Մի կողմ թողնելով այն խնդիրը, թէ ո՞րքան մենք՝ իբրեւ կուսակցութիւն՝ ձեռնհաս ենք այդ կարգի առեւտրա-արդիւնաբերական կամ խնամատարական-բարեգործական գործունէութեան եւ թէ արդեօք մեր միջամտութիւնը ցանկալի՞ է գործի յաջողութեան տեսակէտից, հարց եմ տալիս՝ կարո՞ղ է արդեօք մի քաղաքական կուսակցութիւն ծրագրել իր համար այդպիսի աշխատանք: Կ’ընդունէք կարծեմ, որ չի կարող, որ դա իր բանը չէ. ծրագիր ու գործունէութիւն չէ դա քաղաքական կուսակցութեան համար, այլ պարզ ինքնաժխտում»:

«Եթէ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը այդ ճամբի վրայ կանգնի, այդ ուղղութեամբ գնայ,- նա արդէն յայտարարած կը լինի, որ կորցրել է իր գոյութեան իրաւունքը»:

«Առեւտուրը պէտք է թողնել առեւտրականներին, արդիւնաբերութիւնը՝ արդիւնաբերողներին, բարեգործութիւնը՝ բարեգործական հաստատութիւններին: Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը ուրիշ բան պիտի անի, եթէ միայն ունի մի բան անելու»:

Այս դատողութիւնները շատ կը յիշեցնեն սահմանափակ մտքի տէր այն մարդիկ, որոնք, թերեւս տարբեր անկիւնէ մը մօտենալով խնդրին, քաղաքական կամ յեղափոխական կուսակցութեան գործ չեն ուզեր սեպել բնաւ ժողովրդական զանգուածներու եւ նորահաս սերունդի դաստիրակութիւնը դպրոցներու, պարբերական մամուլի, գրքերու, կամ բանաւոր պրոպագանդի միջոցներով, ու երբ կը տեսնեն, թէ կուսակցութիւնը նիւթական ու բարոյական շօշափելի միջոցներ կը սպառէ այդ տեսակ աշխատանքներու վրայ, կ’աղաղակեն նեղմտօրէն եւ կարճամտօրէն, թէ կուսակցութիւնը կը դառնայ այդպիսով հրատարակչական կամ կրթական հաստատութիւն մը:

Մտքի նոյնպիսի տհասութիւն կը յայտնաբերեն եւ այն մարդիկ, որոնք կը կարծեն թէ քաղաքական եւ մանաւանդ յեղափոխական կուսակցութիւն մը անպատճառ, ամէն ժամանակ եւ ամէն պայմաններու մէջ պարտաւոր է իր ամբողջ եռանդը սպառել ռումբի ու ահաբեկումի, զինուած կռուի ու դաւադրութեան վրայ, այլապէս ան կը շեղի իր ճանապարհէն եւ կը դադարի իր նպատակներուն ծառայելէ:

Այսպիսի մարդիկ կը մոռնան սակայն, որ քաղաքական պայքարի միջոցները բազմազան են ու բազմակողմանի եւ որ անոնք բոլորն ալ անհրաժեշտ են յաջողութեան համար: Եւ քաղաքական ղեկաւարներու իմաստութիւնն ու հասունութիւնը հէնց անոր մէջ կը կայանայ, որ թոյլ չտան իրենց կուսակցութեան իյնալու միակողմանի ընթացքի մը մէջ, տարուելու ամբողջովին պայքարի միայն մէկ տեսակ միջոցներով եւ արհամարելու միւսները, որոնք կրնան ոչ նուազ կարեւոր, իսկ երբեմն նոյնիսկ աւելի կարեւոր լինել՝ նայած տեղին, ժամանակին ու պայմաններուն:

Ժողովրդի մը ազատագրական պայքարը կը պահանջէ ոյժերու գերագույն լարում կեանքի բոլոր ասպարեզներու մէջ: Եւ կուսակցութիւն մը, որ ժողովրդի մը քաղաքական եւ ընկերային ազատագրութեան նուիրուած է, իրաւունք չունի անտես առնելու այդ ասպարէզներէն եւ ոչ մէկը, ջանալով տարածել իր թարմաշունչ ու շինարար ազդեցութիւնը ամէն կողմ, նորանոր յենարաններ ստեղծելու համար իր դժուարին ճամբուն վրայ:

Լայնախոհ եւ հեռատես քաղաքական ղեկաւար մը չի կարող իր խիղճը հանգստացնել ըսելով, թէ որբանոցը եւ գաղթականական զանգուածները պէտք է թողուլ բարեգործական հիմնարկութեանց, դպրոցները՝ կրթասիրաց ընկերութիւններուն, մամուլը հրատարակչական ընկերութիւններուն, ռումբն ու սուրը՝ դաւադիրներուն, առեւտուրը՝ առեւտրականներուն, արդիւնաբերութիւնը՝ արդիւնաբերողներուն եւայլն: Ընդհակառակը, քաղաքական կուսակցութիւն մը ամէն ճիգ պիտի թափէ իր հակակշռին ենթարկելու զանոնք, ուղղութիւն տալու անոնց եւ ծառայեցնելու զանոնք իր քաղաքական գերագույն նպատակներուն: Իր կոչումին կատարեալ գիտակցութիւնն ունեցող, ողջամիտ, իրատես եւ փորձուած քաղաքական կուսակցութիւն մը պիտի գիտնայ օգտուիլ բոլոր միջոցներէն, որոնք կրնան դիւրացնել իր գլխաւոր գործը, այն է՝ քաղաքական նպատակներու իրականացումը:

Այս տեսակէտով անհրաժեշտ եւ արդիւնաւոր կրնան լինել՝ նայած պայմաններուն՝ ե՛ւ ռումբը, ե՛ւ գիրքը, ե՛ւ լրագիրը, ե՛ւ բարեգործութիւնը, ե՛ւ դպրոցը, ե՛ւ առեւտուրը, ե՛ւ արդիւնաբերութիւնը, եւ դեռ շատ մը ուրիշ կարեւոր բաներ:

Քաղաքականութիւնը այնպիսի գործ մըն է, որ կը պարփակէ իր մէջ ամէն ինչ եւ կը կարօտի ժողովրդի մը տրամադրութեան տակ եղած բոլոր միջոցներուն: Ո՞վ ըսւ, թէ առեւտուրը եւ արդիւնաբերութիւնը միմիայն առեւտրականներուն եւ արդիւնաբերողներուն կը վերաբերուին: Չէ՞ որ տնտեսութիւնը հիմքն է ամէն քաղաքականութեան եւ անոր ամենէն զօրաւոր զէնքերէն մէկը: Ի՞նչպէս կրնայ քաղաքական հասուն կուսակցութիւն մը հրաժարիլ այդպիսի զէնքէ մը:

Եւ եթէ վաղը Հայաստանի տնտեսական վերաշինութեան համար թոյլատու պայմաններ ստեղծուին (բան մը, որ բնաւ անհաւանական ու անկարելի չէ), այն ատեն մի՞թէ հայ քաղաքական կուսակցութիւնները ընդարձակ ասպարեզ մը չպիտի ունենան նաեւ քաղաքական գործի համար, թէկուզ առեւտրական, արդիւաբերական կամ նոյնիսկ խնամատարական ձեռնարկներու միջոցով: Չէ՞ որ այնպիսի ձեռնարկներ, ինչպէս որ են օրինակ, Սարդարապատի դաշտի ոռոգումը, Հայաստանի ջրային ոյժերու օգտագործումը ելեկտրական էներգիա ստանալու եւ արդիւնաբերական նպատակներու ծառայեցնելու համար, խոշոր արդիւնաբերութեան զարգացման նպաստող ձեռնարկներ Հայաստանի մէջ, ինտենսիվ մշակոյթի այլեւայլ եղանակներու ներմուծման փորձեր Հայաստանի հողագործութեան մէջ կամ հաղորդակցութեան միջոցներու բարւոքման ճիգեր եւայլն – անկասկած նաեւ քաղաքական խոշոր գործեր են, որովհետեւ կոչուած են մեծապէս օժանդակելու հայ ժողովրդի տնտեսական բարգաւաճման, որ աղբիւր է նաեւ քաղաքական ոյժի եւ կարողութեան:

Եթէ արտասահմանի մէջ գործող հայ քաղաքական կազմակերպութիւնները այսօր ցանկութիւն ունին այս ուղղութեամբ մեծ աշխատանքներ կատարել, իսկ վաղն ալ թերեւս հնարաւորութիւն ստանան իրագործելու նման ձեռնարկներ Հայաստանի մէջ, մի՞թէ կարելի է ժխտել, թէ անոնք մեծապէս ծառայած պիտի լինեն նաեւ, թէկուզ անուղղակի կերպով, հայ ժողովրդի քաղաքական ազատագրական դատին: Այսպիսի ձեռնարկները բնաւ այնքան արհամարելի չեն քաղաքական եւ նոյնիսկ յեղափոխական կուսակցութեան մը համար, որքան կ’ուզէ կարծել Քաջազնունի, որ տրամադիր կը թուի այժմ առհասարակ այն բոլոր հանրային գործերուն արհամարաքով նայիլ, որոնք «նուիրագործուած» չեն բոլշեւիկներու դրոշմով:

Կ’ընդունինք, որ ազգի մը հանրային կեանքի մէջ պէտք է լինի աշխատանքի ըստ կարելոյն  խիստ բաժանում, այլապէս արդիւնաւէտ չի լինի կամ բաղձալի չափով արդիւնաւէտ չի լինի այդ աշխատանքը: Եւ որքան աւելի զարգացած է ազգի մը հանրային կեանքը, այնքան աւելի խիստ եւ որոշ բաժանում կայ անոր աշխատանքներուն մէջ:

Սակայն, այսուհանդերձ այդ աշխատանքներուն մէջ ցանկալի ներդաշնակութիւն մտցնել եւ անոնց նպատակայարմար ուղղութիւն տալ կոչուած են քաղաքական կուսակցոււթիւնները, որոնք այսպիսով ազգային ղեկավար, վերահսկիչ մարմիններու պաշտօն ունին կատարելու: Առանց այդ ղեկաւարութեան և ուղղութեան, անխուսափելի կը դառնայ յաճախ ոյժերու աւելորդ վատնում, աններդաշնակ, անտեղի եւ աննպատակայարմար աշխատանք: Իսկ առանց ընդիմադիր կուսակցութեան մը գոյութեան՝ նաեւ գործերու միակողմանի ընթացք եւ հսկողութեան պակաս, որուն հետեւանքները մեծ մասամբ աղէտաւոր են:

Մենք չենք ուզեր բնաւ պնդել, թէ քաղաքական կուսակցութիւնները անպատճառ ամէն ժամանակ եւ բոլոր պայմաններու մէջ  պէտք ունին կեդրոնացնելու իրենց ուշադրութիւնը տնտեսական, կրթական կամ բարեգործական ձեռնարկներու վրայ: Սակայն, երբ երկրի մը պետական իշխանութիւնը կը հետեւի կործանարար տնտեսական քաղաքականութեան, ինչպէս որ է, Քաջազնունիի իսկ խոստովանութեամբ, Խորհրդային իշխանութեան տնտեսական սիստեմը, այն ատեն ոչ միայն կրկնակի անհրաժեշտ կը դառնայ քաղաքական ընդդիմադիր կուսակցութեան մը սոսկ քաղաքական աշխատանքը, այլեւ անոր տնտեսական ու բարեգործական գործունէութիւնը:

Տարբեր խնդիր է, թէ ո՞ր չափով շինարար աշխատանք կրնայ կատարել հայ ընդդիմադիր կուսակցութիւնը Հայաստանի Խորհրդային իշխանութեան ստեղծած ներկայ կործանարար պայմաններուն մէջ: Սակայն, եթէ անգամ ոչինչ կարելի է ընել այժմ, ատիկա բնաւ իրաւունք չի տար ոեւէ մէկուն պնդելու, թէ վաղն ալ կարելի չպիտի լինի ոչինչ ընել այդ ուղղութեամբ, եւ աւելի եւս իրաւունք չի տար բացարձակ յուսահատութեան մը մատնուել, բոլորովին զինաթափ լինել եւ նոյնիսկ հրաժարիլ պայքարելէ գէթ յանուն մեր երկրի տնտեսական վերաշինութեան…

VIII

Սպառելէ ետքը իր գլխաւոր պատճառաբանութիւնները, զորս մի առ մի յիշատակեցինք եւ վերլուծման ենթարկեցինք մեր նախորդ գլուխներուն մէջ, Քաջազնունի հետեւեալ կերպով կ’ամփոփէ զանոնք.

«Երկրի ներսը՝ կուսակցօրէն՝ ոչ կարող ենք գործակցիլ բոլշեւիկների պետական աշխատանքին, ոչ էլ օրինական օպոզիցիա կազմել, որքան էլ ցանկանանք մէկը կամ միւսը»:

«Ստորերկրեայ, դաւադրական գործունէութիւնը չպիտի ունենանք, Խորհրդային իշխանութիւնը պայթեցնելու փորձեր չպիտի ցանկանանք անել, եթէ նոյնիսկ կարողանանք»:

«Խօսքով պայքարիլ դրսից ու գաղութներում հակաբոլշեւիկեան պրոպագանդ անել, երբ ներսից պայթեցնելու մտադրութիւն չունինք եւ երբ դրսի խօսքը չի լսելու երկրում,- անիմաստ ու անվայել բան է»:

«Աշխատակցիլ դրսից Հայաստանի տնտեսական վերաշինութեան, առեւտրական ու արդիւնաբերական ընկերութիւններ կազմել, դա քաղաքական կուսակցութեան գործը չէ»:

«Ի՞նչ անել ուրեմն»:

Եւ ահա հոս է, որ Քաջազնունի կ’ըսէ իր «շատ ծանր խօսքը», այսինքն՝ թէ «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը անելիք չունի»:

Այն ռամկավար իմաստունները, որոնք այնքա՜ն անմտօրէն ուրախացած են Քաջազնունիի այս չքնաղ եզրակացութենէն եւ այնքա՜ն սիրայոժար կերպով կ’արտատպեն անոր գրքոյկը, կը ծափահարեն անոր մտքերը, բոլոր տրամադրելի միջոցներով ջանալով տարածել զանոնք, արդեօք անգամ մը նեղութւն կրա՞ծ են իրենք իրենց հարց տալու, թէ Քաջազնունիի մատնանշած այս չորս գլխաւոր գործերէն ո՞ր մէկն է, որ Ռամկավար կուսակցութեան աւելի իրաւունք կուտայ շարունակելու իր առանձին գոյութիւնը, քան Հ. Յ. Դաշնակցութեան:

Հայաստանի ներսը ռամկավարները ոչ կուսակցօրէն, ոչ ալ անհատաբար կրնան գործակցիլ պետական աշխատանքի կամ կազմել օրինական ընդդիմադիր ոյժը մը (օպոզիցիա) պարզ այն պատճառով, որ ոեւէ կազմակերպութիւն չունին եւ չեն կրնար ունենալ երկրի մէջ:

Ստորերկրեայ, դաւադրական գործունեութեան, եթէ անհրաժեշտ լինի ալ, ընդունակ չեն, ինչպէս չեն եղած երբեք, բացի Հ. Յ. Դաշնակցութեան դէմ շարունակ դաւելու իրենց անխորհուրդ ձգտումէն:

Հակաբոլշեւիկեան պրոպագանդէ արդէն հրաժարած են ծառայականօրէն:

Իսկ դրսէն Հայաստանի տնտեսական վերաշինութեան նպաստելն ալ, եթէ իսկ կարելի լինի, Քաջազնունի չի նկատեր քաղաքական կուսակցութեան մը վայել գործ:

Ուրե՞մն: Պատասխանը շատ պարզ է:

Եթէ ռամկավարները, որոնք այնքա՜ն իմաստութիւն կը գտնեն Քաջազնունիի մտքերուն մէջ եւ այնպիսի խանդավառ ընդունելութեան կ’արժանացնեն անոր գրքոյկը, հետեւողական, շիտակ, շրջահայաց եւ հեռատես լինէին, պէտք է հրապարակով խոստովանէին, որ, եթէ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը այլեւս ընելիք չունի, իրենք արդէն բնաւ չեն կրնար ընելիք ունենալ:

Բայց ե՞րբ են ռամկավարները այսպիսի նրբութիւններու ետեւէ ինկեր: Բաւական է, որ ռամկավարներու անունը չի յիշուիր Քաջազնունիի գրքոյկին մէջ, իսկ Հ. Յ. Դաշնակցութեան դէմ պայքար կը մղուի:

Սակայն մենք շեղուեցանք՝ մեզ հետաքրքրողը ռամկավարները չեն, այլ Քաջազնունին:

«Մեր կուսակցութիւնը (այսինքն՝ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը) – կը շարունակէ ան,- արել է արդէն իր ամբողջ անելիքը ու սպառել է իրան: Կեանքի նոր պայմանները առաջադրում են հրամայօրէն նոր պահանջներ: Այդ նոր պահանջներէն մենք անընդունակ ենք պատասխան տալու, ուրեմն պիտի թողնենք ասպարէզը մեզանից աւելի կարողներին:

Որո՞նք են սակայն այդ նոր պայմանները, որ Քաջազնունիի կարծիքով, անհարժեշտ կը դարձնեն Հ. Յ. Դաշնակցութեան չքացումը: Ահաւասիկ.

«Թրքահայաստան չկայ այլեւս: Եւրոպական մեծ պետութիւնները լքել են մեր դատը: Հայ ժողովրդի մի կէսը կոտորուած է կամ ցրուած աշխարհի չորս կողմը: Միւս կէսը տնաւեր է ու արիւնաքամ, կարօտ երկար հանգստի: Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ իբրեւ ինքնավար մի նահանգ՝ կցուած է Խորհրդային Ռուսաստանին: Բաժանել մեր պետութիւնը Ռուսաստանից չենք կարող, եթէ նոյնիսկ ցանկանանք, եւ չպիտի ցանկանանք, եթէ նոյնիսկ կարողանանք: Կուսակցութիւնը (այսինքն՝ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը) պարտուած է ու կորցրած իր հեղինակութիւնը, երկրից դուրս է արուած, չի կարող վերադառնալ տուն, իսկ գաղութներում գործ չունի անելու»:

Յետոյ պիտի տեսնենք, թէ Քաջազնունի հայ բոլշեւիկները կը նկատէ «նոր պայմաններուն» համապատասխանող եւ «մեզանից աւելի կարող» ոյժ, որուն ան կ’ուզէ վստահիլ հայ ժողովրդի քաղաքական ճակատագիրը:

Երբ հետեւինք Քաջազնունիի տրամաբանութեան, կը տեսնենք, որ հայ բոլշեւիկները «մեզանից աւելի կարող» են միմիայն այն պատճառով, որ ռուսական բանակ ունին իրենց հետ եւ «նոր պայմաններուն» աւելի համապատասխան են միմիայն այն պատճառով, որ հրաժարած են մեր ազգային քաղաքական նպատակներէն: Քաջազնունի սակայն կը մոռնայ, որ իր մատնանշած «նոր պայմանները» իրականին մէջ շատ հին են եւ շատ կը յիշեցնեն ցարական պայմանները, նոյնիսկ քիչ մը աւելի վատթարացած վիճակով: Իսկ Քաջազնունիի գտած «մեզանից աւելի կարող» ոյժը նոյնպէս արդէն գոյութիւն ունէր յանձին ցարական փոխարքաներու եւ անոնց պաշտօնեաներու, այն տարբերութեամբ սակայն, որ անոնք գէթ չէին խաղար կեղծ ինքնավարութեան խաղեր եւ չէին մոլորեցներ Քաջազնունիներու պէս մարդիկ իրենց հայկական անուններով:

«Թրքահայաստան չկայ այլեւս», կ’արձանագրէ Քաջազնունի:

Ուրեմն, հաշտուի՞նք այդ դաժան փաստին հետ մի անգամ ընդմիշտ եւ թողունք, որ թշնամին վայելէ՞ զայն հանգիստ սրտով:

«Եւրոպական մեծ պետութիւնները լքել են մեր դատը»:

Ուրեմն, քաղաքականութեան մէջ ամէն բան անդա՞րձ է ու, եթէ լքել են այսօր, պիտի լքեն եւ վա՞ղը, երբ պայմանները կրնան հիմնովին փոխուիլ եւ եւրոպական պետութեանց շահերն իսկ կրնան թելադրել անոնց ընել մեզ համար վերջապէս այն, ինչ որ այնքան վատաբար չըրին երէկ կամ այսօր: Ո՞ր իրատես ու ողջամիտ քաղաքագէտը իր զէնքը վար կը դնէ առմիշտ միմիայն այն պատճառով, որ երէկ կամ այսօր միջազգային պայմանները աննպաստ են դասաւորուել իր ազգին եւ դատին համար:

«Հայ ժողովրդի կէսը կամ կոտորուած է կամ ցրուած աշխարհի չորս կողմը»:

Ուրեմն, անպատի՞ժ պիտի թողուի այդ կոտորածը, իսկ աշխարհի չորս կողմը ցրուած հայերն ալ առմի՞շտ այդ վիճակի մէջ պիտի մնան՝ անղեկ, աննպատակ ու անհայրենիք:

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը կցուած է Խորհրդային Ռուսաստանին»:

Ուրեմն, պիտի յաւերժացնե՞նք այս վիճակը եւ հրաժարուի՞նք ազգային ազատութենէ եւ անկախութենէ: Ուրեմն, մի՞շտ պիտի մնանք ստրուկներ՝ ենթակայ ձուլման եւ անհետացման ռուսական ծովին մէջ: Ուրեմն, մի՞շտ լաւագույն ելքը պիտի համարենք մեզի համար կախումը Ռուսիայէն, ինչպիսի քաղաքական պայմաններ ալ ստեղծուին մեր երկրին շուրջը: Ուրեմն, երբեք չպիտի՞ կարողանանք դառնալ ազատ ու ինքնիշխան, ինչպէս դարձած են մեզ նման շատ փոքր, շատ տկար եւ մեզմէ նոյնիսկ յետամնաց ազգեր:

«Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը պարտուած է ու կորցրած իր հեղինակութիւնը»:

Ուրեմն, ամէն պարտուած կուսակցութիւն վե՞րջ պիտի տայ իր գոյութեան, որովհետեւ պարտութեան պատճառով կորսնցուցած է իր նախկին հեղինակութիւնը: Ուրեմն, անգամ մը պարտուած չի՞ կրնար երբեք նորէն ոտքի կանգնիլ ու յաղթել: Ուրեմն, պարտութիւննե՞րը չեն, որ պատմութեան մէջ մեծագոյն յաղթութիւններն են բերած:

«Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը երկրից դուրս է արուած եւ չի կարող տուն վերադառնալ»:

Ուրե՞մն, Դաշնակցութիւնը այն քանի մը հարիւր դաշնակցականնե՞րն են միայն, որ աքսորական կեանքի են այսօր դատապարտուած: Ուրեմն, Դաշնակցութեան կենդանի եւ հրաբորբոք շունչը մարե՞ր է հայ երկրի ազատատենչ ժողովրդի մէջ:

Ինչո՞ւ Քաջազնունի այդքան շուտ կը մոռնայ փետրուարեան ապստամբութիւնը Դաշնակցութեան հրաշագործ գաղափարներով տոգորուած ժողովրդին, երբ ոչ թէ այդ քանի մը հարիւր այժմ աքսորական դաշնակցականները, ինքն ալ անոնց մէջ, այլեւ անոնց հետ միասին հարիւրաւոր ուրիշ աւելի կամ նուազ աչքի իյնող դաշնակցականներ արգելափակուած էին բոլշեւիկեան բանտերու մէջ, բայց  եւ այնպէս Դաշնակցութիւնը աւելի զօրաւոր էր, քան երբեւէ առաջ:

Ինչպէ՞ս կարող է Դաշնակցութիւնը «երկրից դուրս արուել», երբ Դաշնակցութիւնը հայ ժողովրդի հոգիին մէջ է նստած, երբ Դաշնակցութիւնը հայ ժողովրդի ազատութեան տենչն է, որ անմահ է եւ կամ կրնայ մեռնիլ միայն հայութեան հետ միասին:

Ինչպէ՞ս թէ Դաշնակցութիւնը չի կրնար տուն վերադառնալ, երբ այդ տան ամէն մէկ անկիւնը անոր շունչով կ’ապրի եւ անոր ամէն մէկ աղիւսը Դաշնակցութեան դրոշմը կը կրէ: Քանի մը հարիւր դաշնակցականներ, այո՛, տուն վերադառնալու իրաւունքէն ու հնարաւորութենէն կրնան զրկուիլ, բայց Դաշնակցութիւնը՝ երբեք, որովհետեւ ան անբաժան է հայ ժողովրդէն եւ անոր տունէն:

«Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը գաղութներում գործ չունի անելու»:

Ուրեմն, մէկ միլիոնէ աւելի հայրենաբաղձ հայութիւնը, որ բռնի ոյժով միայն արտաքսուած է հայրենիքէն եւ կը դեգերի գաղութներու մէջ, պէտք է թողուի՞ բախտի քմահաճոյքին, անղեկ ու անկազմակերպ, եւ մատնուի կորստեան…

Այդպէս կրնայ մտածել միայն մարդ մը, որ կատարելապէս կորսնցուցեր է ոչ միայն ամէն քաղաքական գիտակցութիւն, այլեւ պարզ ողջամտութեամբ դատելու ամէն կարողութիւն:

IX

Ինքնասպանութիւնը, Քաջազնունիի կարծիքով, «միակ պատուաւոր ելքն» է Հ. Յ. Դաշնակցութեան համար ներկայ պայմաններու մէջ, իր միայն այն խղճուկ պատճառաբանութեանց հիման վրայ, զորս քննութեան առինք նախորդ գլուխներուն մէջ:

Սակայն Քաջազնունի ատով ալ չի բաւականանար եւ, աւելի հեռուները երթալով, կ’ըսէ.

«Իսկապէս, այդ պիտի անէինք սրանից դեռ չորս-հինգ տարի առաջ: Երբ 1918թ. Յունիսին ստորագրեցինք Բաթումի դաշնագիրը, որով հրապարակ էր իջնում ու միւս պետութիւնների կողքին իր համեստ տեղը գրաւում Հայ Անկախ Պետութիւնը եւ երբ, նոյն թուականի Օգոդտոսին, բացինք Հայ Խորհրդարանը, որով նորածին պետութիւնը իրական ձեւ ու մարմին էր ստանում, ահա ա՛յն ժամանակ արդէն մենք պիտի կազմալուծուէինք ու տեղ տայինք նոր քաղաքական խմբակցութիւնների. մեր պատմական միսսեան (առաքելութիւնը) վերջացած էր արդէն: Եւ ի՜նչ գեղեցիկ վախճան կը լինէր դա՝ մեր քառորդ դարեան կեանքին, մեր երկար ու դժուար աշխատանքին, արիւնալի պայքարին ու ահռելի զոհաբերութիւններին վերջակէտ դնելու համար»:

Սակայն 1918 թուին Քաջազնունի վարչապետական աթոռի վրայ էր եւ ոչ ժամանակ եւ ոչ ալ պէտք ունէր խորհելու, թէ վերջացած է արդէն պատմական առաքելութիւնը այն կուսակցութեան, որ զինքը այնքա՜ն անակնկալ կերպով արժանացուցած էր Հայաստանի անդրանիկ վարչապետը դառնալու բացառիկ պատուին: Իսկ այսօր, հինգ տարի ետեքը, դատապարտուած քաղաքական աքսորականի մը տխուր մենութեան, ան հարկաւ լիառատ ժամանակ ունի խորհելու կեանքի ունայնութեան մասին եւ մանաւանդ այլեւս կարիք ալ չունի «չհասկանալու կեանքի հրամայական պահանջը», որ իրեն կը ներշնչէ, թէ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը այլեւս աւելորդ, անպէտք բան մըն է:

Չափազանց բնորոշ է Քաջազնունիի ներկայ հոգեբանութեան համար, որ ան շարունակ կը խօսի «պատուաւոր մահուան» կամ «գեղեցիկ վախճանի» մասին, կամենալով անպատճառ քաղաքական իրերուն եւ երեւոյթներուն բարոյական կամ գեղասիրական (էսթետիկական) քող մը հագցնել: Անգիտակցաբար սակայն, Քաջազնունի իր անձին ուղղուած «հրամայական պահանջը» կ’ուզէ փաթթել Հ. Յ. Դաշնակցութեան վզին: Եւ, եթէ այդ նրբութիւնը նկատի ունենանք, այն ատեն Քաջազնունիի խօսքերու մէջ ճշմարտութիւն մը պիտի գտնենք անկասկած: Եւ այդ ալ այն է, որ Քաջազնունի իր ներկայ քայլը պիտի ընէր ոչ թէ այժմ, յուսաբեկութեան այս ծանր օրերուն, այլ 1918թ., իր վարչապետութեան վերելքի ատեն: Այն ժամանակ իր (եւ ոչ թէ Դաշնակցութեան) քաղաքական մահը կամ ինքնասպանութիւնը անտարակոյս պիտի լինէր թէ աւելի պատուաւոր եւ թէ աւելի գեղեցիկ:

Այսպիսով, Քաջազնունի անուղղակի կերպով կարծես ակամայ կը խոստովանի, որ մեր ազգային պարտութեան ներկայ խեղդող շրջանին մէջ իր ըրած ժեստը ոչ այնքան պատուաւոր եւ ոչ ալ այնքան գեղեցիկ է, որքան ինքը կ’ուզէր: Դժբախտաբար, Քաջազնունի իմաստութիւնը չէ ունեցեր ըմբռնելու, որ իրեն ներկայացուած պատուաւոր ու գեղեցիկ պատեհութիւնը շատոնց արդէն անցած էր՝ գէթ իրեն համար, այլապէս խոհեմութիւն պիտի ունենար գոնէ լռութեան մէջ քաւելու իր անցեալի մեղքերը…

Քաջազնունիի խիղճը մաքուր չէ նոյնպէս եւ մէկ ուրիշ տեսակէտով: Ան չի կրնար կատարելապէս մոռացութեան տալ, թէ հազիւ տարի մը առաջ Պոլսոյ «Ճակատամարտ» թերթին մէջ հրատարակած է «Ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր ուղին» վերնագիրը կրող ծանրակշիռ յօդուածաշարք մը, որով հրապարակ եկած էր իր ներկայ թելադրութիւններէն տրամագծօրէն հակառակ մտքեր քարոզելու: Այս դեռ այնքա՜ն թարմ դէպքը կը ստիպէ զինքը գէթ սոփեստութեանց միջոցով «պատուաւոր» մոռացութեան քող մը քաշելու իր երէկուան մտքերուն վրայ:

Խոստովանելէ ետքը, թէ «Ճակատամարտ»-ի մէջ անցեալ տարի ինքը ըսեր է, որ Հ. Յ. Դաշնակցութեան մահով մեծապէս վտանգուած կը լինի նաեւ հայ քաղաքական դատը, Քաջազնունի կը փաստաբանէ. «Բայց այնտեղ միաժամանակ բացատրել եմ, որ Դաշնակցութեան իսկական սահմանները շատ աւելի լայն են, քան մեր կուսակցական կազմակերպութիւնը, որ մեր կուսակցութիւնը՝ մարտնչող հայութեան արտայայտութիւններից մէկն է միայն, ոչ աւելին, որ «Դաշնակցութիւն» անունն իսկ է վերանալ, մոռացուիլ իսպառ, բայց այն ըմբոստ ոգին, ազատագրուելու այն տենչը, որ ծնունդ է տուել Դաշնակցութեան եւ որ իսկական Դաշնակցութիւնն է, չեն մեռնի: Կուսակցութիւնը՝ աւելի ճիշդ այսօրուայ կազմակերպութիւնը կարող է կազմալուծուիլ, բայց գաղափարն ու գործը կը մնան կենդանի: Ոչ միայն կենդանի կը մնան, այլեւ մի նոր կենսունակութիւն կը ստանան: Եւ հէնց դրա համար է,- դատը ապահովելու, նրա զարգացման ընթացքը չխանգարելու համար է, որ առաջարկում եմ կուսակցութեան ինքնասպանութիւն»:

Ինչպէս պիտի տեսնենք, վերջին տարուայ ընթացքին ոչ միայն հիմնովին փոխուեր է Քաջազնունիի քաղաքական տրամադրութիւնն ու մտայնութիւնը, այլեւ իրեն դաւաճաններ է նաեւ իր յիշողութիւնը: Ահա թէ ինչու պէտք կը զգանք յիշեցնելու բառացի կերպով այն, ինչ որ Քաջազնունի այնքա՜ն խանդավառ կերպով պաշտպանած էր տարի մը առաջ եւ ինչ որ այնքա՜ն յամառ կերպով կ’ուզէ մոռացութեան տալ կամ աղաւաղել այժմ:

«Հայ աշխատաւորութիւնը,- կ’ըսէր «Ճակատամարտ»ի մէջ երէկուան Քաջազնունին,- ունի իր հերթական, անյետաձգելի անելիք: Նա պէտք է վերաշինի իր մարող օճախը եւ հաստատի իր քաղաքական կեանքը…

Քաղաքական ԱՆԿԱԽ կեանք, ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ ՕՏԱՐ ՏԻՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԻՑ՝ ինքնորոշուելու անարգել իրաւունք ու լայն հնարաւորութիւն,- սա մի պահանջ է, որ ամենից առաջ ու ամենից աւելի պէտք է դնի հէնց ընկերվարական կուսակցութիւնը… Քաղաքական ազատութիւնը հիմքն է ու անհրաժեշտ նախապայմանը բոլոր միւս ազատութիւնների: Եւ մի ընկերվարական որ կը յաջողի տալ հայ աշխատաւորութեան այդ հիմնական ազատութիւնը, շատ մեծ գործ կատարած կը լինի նոյն սոցիալիզմի յաղթութեան,- այնպիսի մի գործ, որի համար իրօք արժէ ապրել ու մեռնել»:

Հայ ժողովրդի առջեւ դրուած այս հրատապ նպատակը ձեւակերպելէ եւ անոր կենսական անհրաժեշտութիւնը շեշտելէ ետքը՝ Քաջազնունի հարց կուտար տարի մը առաջ.

«Պէ՞տք է արդեօք, որ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը իրեն վերապահի այդ դերը ու ձգտի նորից իր ձեռն առնելու Հայաստանի պետական ղեկը: Նախադասելի չէ՞, որ մի ուրիշ կուսակցութիւն փոխարինի նրան»:

Եւ ահա թէ ինչպէս Քաջազնունի կը պատասխանէր այն ատեն այս շատ պարզ եւ որոշ հարցումներուն.

«Փաստ է, որ մօտ անցեալում Դաշնակցութւինը չկարողացաւ տանել իրեն վիճակուած ծանր լուծը: Դաշնակցական կառավարութիւնը չկարողացաւ հաստատել ամուր իրաւակարգ ու պետական կանոնաւոր կեանք, չկարողացաւ լուծել ելեւմտական ու տնտեսական մեծ տագնապը, չկարողացաւ վերացնել քաղաքական մանր ու խոշոր, ներքին ու արտաքին խոչընդոտները, եւ, երկու եւ կէս տարուայ գերմարդկային աշխատանքներից յետոյ՝ ստիպուած եղաւ իր տեղը տալ ՕՏԱՐ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ»:

«Սա անհերքելի ճշմարտութիւն է, ուրեմն եւ միագամայն օրինաւոր է այն հարցը, թէ լաւ չէ՞ր լինի թողնել ասպարէզը ուրիշներին»:

«Անշուշտ լաւ կւ լինէր,- կը շարունակէ Քաջազնունի,- եթէ հայ իրականութեան մէջ գոյութիւն ունենար Հ. Յ. Դաշնակցութիւնից աւելի կարող ու աւելի ձեռնհաս կազմակերպութիւն: Դժբախտաբար, այդպիսի կազմակերպուած ոյժ չկայ ասպարեզում եւ դարձեալ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնն է, որ պիտի ճգնի անել իր լաւագոյնը…»:

Եւ իր միտքը աւելի եւս զարգացնելով՝ Քաջազնունի կ’ըսէր դարձեալ տար մը առաջ.

«Եթէ մեր նորածին անկախութեան կորուստաը ապիկարութիւն էր եւ ոչ պարտութիւն՝ անխորտակելի դժուարութիւնների ու գերազանցօրէն մեծ ոյժերի հանդէպ,- ապա ուրեմն ապիկարութիւնը Հ. Յ. Դաշնակցութեանը չէր, այլ հայ ժողովրդինը: Դաշնակցութիւնը ամենից մեծ ու ամենից լաւ կազմակերպուած ոյժն է, որ մինչեւ այսօր կարողացել է ասպարեզ հանել հայ ժողովուրդը եւ Դաշնակցութեան պարտութիւնը՝ հայ ժողովրդի պարտութիւնն է»:

Եւ դիմելով Դաշնակցութեան հակառակորդներուն ու քննադատներուն, Քաջազնունի իր այս միտքը կը հիմնաորէր հետեւեալ խանդավառ խօսքերով.

«Դաշնակցական իշխանութիւնը իր անփորձութիւնով ու թուլութիւնով, իր թերութիւններով ու պակասութիւններով, նոյնիսկ իր ախտերով հանդերձ՝ ունի մի անփոխարինելի առաքինութիւն՝ նա երկրի իշխանութիւն է, կապուած երկրի ու ժողովրդի հետ անքակտելի կապերով, իր բոլոր ջիղերով, իր միս-մարմնով: Նա անջատ մարմին չէ, անջատ ապրումներով, անջատ ցանկութիւններով ու ձգտումներով: Հայաստանի կեանքը նրա իսկ կեանքն է, եւ մահը  նրա իսկ մահը: Նա մի անբաժան օրգան է այն հաւաքական մարմնի, որի անունն է հայ ժողովուրդ,- միշտ արթուն, միշտ գործօն ու միշտ էլ զգայուն: Նա կարող է չգիտենալ կառավարել, բայց նա երբեք եւ ոչ մի պայմաններում չի մոռանայ ու չի դաւաճանի հայ ժողովրդի դարեւոր դատին: Եւ եթէ մի սեւ օր՝ Դաշնակցութեան կրծքին հասցրուած հարուածը մահացու լինի, նա կը լինի մահացու՝ ներկայ պատմական շրջանում՝ նաեւ հայկական դատի համար»:

Այս մէջբերուներէն աներկբայելի կերպով կ’երեւայ, որ Քաջազնունի անցեալ տարի կը պաշտպանէր ոչ միայն Դաշնակցութեան «ըմբոստ ոգին» կամ «ազատագրուելու տենչը», այլեւ անոր կազամկերպութիւնը կամ կազմակերպուած ոյժը, որովհետեւ պարզ է, թէ Քաջազնունի այդ անշօշափելի «ոգին» չէ միայն, որ կարող էր կամենալ յանձնելու նորէն Հայաստանի պետական ղեկը, այլ անոր չափազանց շօշափելի մարմնին, այսինքն՝ կազմակերպութեան, զոր փոխարինող ուրիշ կազմակերպութիւնը մը այն ատեն չէր տեսներ բնաւ:

Որեւէ տարակոյս չի կրնար լինել այն մասին, որ երբ տարի մը առաջ Քաջազնունի կ’ըսէր, թէ «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը ամենից մեծ ու ամենից լաւ կազմակերպուած ոյժն է, որ մինչեւ այսօր կարողացել է հանել հայ ժողովուրդը», ան ոճրագործ պիտի անուանէր ամէն մէկ հայ մարդ, որ ուզէր փորձ ընել քանդելու հայ ժողովրդի այդ «միակ կազմակերպուած ոյժը», քանի որ կ’ըմբռնէր այն ատեն, թէ այդ ոյժին հասցրուած մահացու հարուած մը պիտի լինի ճակատագրական նաեւ հայ ժողովրդի համար:

Տարի մը առաջ Քաջազնունի կ’ըմբռնէր նոյնպէս, թէ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, հակառակ իր բոլոր թերութիւններուն եւ գործած սխալներուն, միակ հայ քաղաքական կազմակերպութիւնն է, որ «երբեք եւ ոչ մի պայմաններում չի կարողանայ եւ չի դաւաճանի հայ ժողովրդի դարեւոր դատին»:

Այն ատեն Քաջազնունի գիտէր նաեւ, թէ Խորհրդային ներկայ իշխանութիւնը օտար բռնակալութիւն մըն է, որմէ պէտք է ազատագրուի հայութիւնը, եթէ կ’ուզէ պահպանել իր ուրոյն գոյութիւնը եւ զարգանալ ազգայնօրէն:

Այն ատեն Քաջազնունի շատ լաւ կը հասկնար նոյնպէս, թէ հայ իրականութեան մէջ չկայ «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնից աւելի կարող ու աւելի ձեռնհաս կազմակերպութիւն», որ ընդունակ լինէր Դաշնակցութենէն աւելի լաւ կառաւարել հայ երկիրն ու ժողովուրդը:

Այն ատեն Քաջազնունիի մտքովն անգամ չէր կրնար անցնիլ, թէ օտար բռնակալութեան մը ձեռքով կազմակերպուած հայանուն եւ ստրկամիտ պաշտօնեաներու խմբակցութիւն մը կրնայ յանկարծ այնքա՜ն հարազատ ու սիրելի դառնալ, որ մոռացնել տայ Քաջազնունիի՝ իր բոլոր նախկին դաւանանքները:

«Սրտիս խորքում մի յամառ հաւատ ունեմ, թէ հայ բոլշեւիկներն էլ ինձ պէս ու իմ չափ հայ մարդիկ են»,- կը բացականչէ այժմ Քաջազնունի:

Եւ այդ գեղեցիկ գիւտը այնքան անսպասելի կերպով ընելէ ետքը, մէկ անգամով ան կը խորտակէ իր երէկուայ կուռքերը, հիմն ի վեր կը շրջէ իր երէկուայ համոզումները եւ կը սկսի խունկ ծխել նոր կուռքի մը առջեւ, որ ուրիշ բան չէ, բայց եթէ օտար բռնակալութիւն մը՝ խումբ մը հայ ծառաներու սպասաւորութեամբ քօղարկուած: Ու յանուն իր այդ չնաշխարհիկ գիւտին ու նոր կուռքին, Քաջազնունի հանդիսաւոր կերպով կը հրաժարի ե՛ւ «քաղաքական անկախ կեանքէ», ե՛ւ «օտար բռնակալութենէ ազատուելու տէնչէ», եւ «ինքնորոշուելու անարգել ու լայն իրաւունքէ…»:

Անցեալ տարի Քաջազնունիի աչքին ասոնք կենաց եւ մահու պահանջներ էին հայ ժողովրդի համար, իսկ այժմ անոնք դարձած են արդէն աւելորդ, անպէտք բաներ կամ ծանր բեռեր, որոնցմէ պէտք է ազատուիլ օր առաջ՝ լիովին վայելել կարենալու համար օտար բռնակալութեան ընձեռած «բարիքները»:

Այսպէս է, որ կը փոխուին ժամանակները եւ կը փոխուին մարդիկ…

Շարունակելի, նախորդ հատվածը կարդալ՝ https://www.aniarc.am/2015/11/16/ruben-darbinian-part-3/