100-Ամեակի ԱԶԴԱԿ-Բացառիկը` Տէր Եւ Տիկին Ալեքքօ Եւ Անի Պէզիքեանի Հովանաւորութեամբ

1182

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով «Ազդակ» իր ընթերցողներուն կը ներկայանայ բացառիկ համարով: Բացառիկին բովանդակութիւնը շուտով կը հրատարակուի. այս թիւի բովանդակային առանցքը կը յատկանշուի երիտասարդ աշխատակիցներու մասնակցութեամբ: «Ազդակ» յատուկ համաձայնութիւն ունէր Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնութեան, ինչպէս նաեւ Երեւանի պետական համալսարանի ցեղասպանագիտութեան բաժանմունքին հետ`  հրատարակութեան իրականացման համար համագործակցելու: Ուրեմն, սփիւռքի մեր երիտասարդ ուսումնասիրողներուն եւ աշխատակիցներուն առընթեր 100-ամեակի թիւին աշխատակցած են Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի երիտասարդ գիտաշխատողներն ու Երեւանի պետական համալսարանին մէջ մասնագիտացող մեր վաղուան ցեղասպանագէտները:

Բովանդակութիւնը ուրեմն միաժամանակ կը ներառէ ցեղասպանութեան հետ կապուած տարբեր մարզերու գիտահետազօտական բաժին, միւս կողմէ` հրապարակագրական, յուշագրական եւ խորհրդածական բնոյթի յօդուածներ: Ընդհանուր բանաձեւը` գիտամատչելի:

«Ազդակ»-ի 100-ամեակի թիւը կը հովանաւորեն Զուիցերիայէն տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան, որոնք «Ազդակ»-ի բացառիկ հատորներու հրատարակութիւնը ստանձնելով սատար կը հանդիսանան մեր թերթի աշխատանքներուն: Մեր շնորհակալութիւնները:

ԱԶԴԱԿ, http://www.aztagdaily.com/archives/236609

Լուսանկարի մէջ՝ Ալեքքօ ՊէզիքեանԱրամ Ա.ի եւ Հռոմի պապի հետ