Հայագիտական բնոյթի նոր հատորներ. կը ներկայացնէ Գէորգ Եազըճեան

4318

Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէ հայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսած` հայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններուն` ի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեան, մասնաւորաբար` գրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներուն:

Ալեէմէզեան Նարեկ արք. (խմբագիր), «Տեսնող եւ տեսանող Յակոբ Օշականը», Լաւալ – Գանատա, 2024, 524 էջ (32 գրութիւն Յակոբ Օշականէն, «Սիոն» ամսագիրին մէջ Օշականին առնչուած քանի մը հրապարակում, Օշականի կենսագրութիւնը եւ անոր հրատարակուած գիրքերուն ցանկը): Մեկենասներ՝ Բիւզանդ, Մհեր եւ Անի Գըլընճեաններ՝ ի յիշատակ իրենց հօր՝ Վահրամ-Գառնիկի եւ ի յարգանս իրենց մօր՝ Սօսի Վանեան-Գըլընճեանի։

Այվազեան Արմէն, «Հայոց զօրքն Արցախում 1722-1735 թուականներին. Կազմաւորումը, զինումը եւ ճակատամարտերը», Սեւծովեան-կասպեան տարածաշրջանի քաղաքական եւ սոցիալական հետազօտութիւնների հանրային ինստիտուտի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2025, 352 էջ + 2 ներդիր (աղբիւրներու հսկայական հիմքի վրայ մանրամասն նկարագրութիւն տուեալ 15 տարիներուն Արցախի մէջ գոյառած ազգ-բանակին եւ անոր պայքարը օսմանցի զաւթիչներուն դէմ):

Արամ Հայկազ, «Շապին Գարահիսար ու իր հերոսամարտը», Բ. տպագրութիւն, հրատարակութեան պատրաստեց ու ծանօթագրեց Մարգարիտա Մամիկոնի Խաչատրեան, «Հայաստան» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2023 [իրականութեան մէջ՝ 2025], 552 էջ (14,6 x 20,3 սմ.) (1957-ին լոյս տեսած պատմական մեծարժէք հատորին վերահրատարակութիւնը, ծանօթագրութիւններ, բառարան, գրականագիտական վերլուծում): Տպագրուած է ՀՀ ԳԱԱ Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդին որոշումով եւ նուիրուած է Տիրամայր Լուսին եւ Գրիգոր Սարգիսեաններու յիշատակին։

«Արցախի Տիգրանակերտ. Պատմամշակութային կերպարը հնագիտական հետազօտութիւնների լոյսի ներքոյ», խմբագիր՝ Համլեթ Պետրոսեան, օժանդակող՝ Արմինէ Գաբրիէլեան, ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2025, 360 էջ (21 հեղինակներու յօդուածներու ժողովածու՝ աղբիւրագիտական տուեալներ եւ հնագիտական ուսումնասիրութիւններ, 600 նկարազարդում):

– Լեռ Կամսար, «Ֆելիետոններ»՝ երկու հատորով, Ա. հատոր՝ «Զրոյց սատանային հետ», Բ. հատոր՝ «Կենդանիներու համագումարը», կազմող՝ Վանուհի Թովմասեան, խմբագիր, յառաջաբանի եւ ծանօթագրութեանց մէկ մասի հեղինակ՝ Գէորգ Եազըճեան, միւս մասի հեղինակ՝ Արմէն Քեշիշեան, «Էդիթ պրինտ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2024, 740 + 700 էջ (15 x 20,9 սմ.) (անուանի երգիծաբանի՝ 1911-1947-ին հեղինակած, տպագրուած եւ անտիպ երգիծապատումներ, որոնք ունին նաեւ պատմական արժէք։ Մեծ մասը արեւմտահայերէն է՝ դասական ուղղագրութեամբ):

– «Հայկազեան հայագիտական հանդէս», ԽԵ. տարի, Ա. գիրք, Հայկազեան համալսարանի հրատարակչութիւն, Պէյրութ, 2025:

– Հարպի Մուհամմետ, «Մարդկութեան դէմ ոճիրներ հայութեան նկատմամբ եւ միջազգային պատասխանատուութիւնը», «ալ-Էյն» հրատարակչութիւն, Գահիրէ, 2025 (միջազգային իրաւունքի եգիպտացի մասնագէտը կը վերլուծէ Հայոց ցեղասպանութեան պատասխանատուութիւնը՝ միջազգային իրաւական կանոնններու հիմքով) (արաբերէն):

Մատթէոսեան Վարդան (Matiossian Vartan), «Ընտրութեան գոյնը. Հայերը եւ ցեղային քաղաքականութիւնը Միացեալ Նահանգներու եւ Գերմանիոյ մէջ (1890-1945)» (The Color of Choice: The Armenians and the Politics of Race in the United States and Germany (1890-1945)), «Հայոց պատմութիւն եւ մշակոյթ» մատենաշար թիւ 2 (Armenian History and Culture Series, Vol. 2), մատենաշարի խմբագիրներ՝ Աշոտ Հայրունի եւ Ռոպերթ Սուքիասեան, «Պրիլլ/Շէօնինկհ» (Brill/Schöningh) հրատարակչութիւն, Գերմանիա, 2025 (հայոց՝ ԱՄՆ եւ Գերմանիա գաղթելու եւ հոն ապրելու խտրական քաղաքականութեան պատմութիւնը) (անգլերէն)։

– Չոլաքեան Յակոբ, «Քեսապի բարբառի բուսանուններու ազգագրական հանրագիտարան», 304 էջ (երկու քարտէս, Քեսապի շրջաններու, բնութեան, յիշատակուած բոյսերու գունաւոր բազմահարիւր լուսանկարներ, բոյսերու անունները հայերէնով, լատիներէնով եւ Քեսապի բարբառով, մեծաքանակ ծանօթագրութիւններ, գլխաբառերու, լատինական անուններու եւ օգտագործուած գրականութեան ցանկեր)։ Լոյս տեսած է Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդի որոշումով, հեղինակին համագիւղացի Ծերոն Սաղտըճեանի եւ անոր տիկնոջ՝ Պերճուհի Մարգարեան-Սաղտըճեանի մեկենասութեամբ։

Պողարեան Նորայր արք. (Archbishop Bogharian Norayr), «Ներածութիւն Հայ եկեղեցւոյ կանոնական աւանդութեան» (Introduction to the Canonical Tradition of the Armenian Church), թարգմանիչ՝ Արշէն վրդ. Այվազեան, Ա. Մ. Ն., օգոստոս 2025 (Սրբոց Յակոբեանց ընծայարանին մէջ հեղինակի դասաւանդութեանց նիւթերը, թարգմանիչի ծանօթագրութիւններ) (անգլերէն): Հրատարակութիւնը նուիրուած է Նիկիոյ Տիեզերական ժողովի 1700-ամեակին։ Ծրագրի հովանաւորներ՝ Անտոն եւ Լաուրա Շահազիզեան, Ստեփան եւ Լիլի Մեքենեան։

– Սթերն Օրելի (Stern Aurélie), «Թուրքիա-Ատրպէյճան. Գորշ գայլերու պարը» (Turquie-Azerbaïdjan, la danse des loups gris), «Մէզոննէով է Լառոս/Հեմիսֆեր» (Maisonneuve & Larose / Hémisphères) հրատարակչութիւն, Փարիզ, 9 յունուար 2025, 320 էջ (16 x 24 սմ.) (քաղաքագիտութեան դոկտորի ատենախօսութիւն, ուր ներկայացուած ու քննարկուած են համաթրքականութեան գաղափարախօսութիւնը, անոր կազմակերպութիւնները, դրսեւորումները Պալքաններէն մինչեւ Չինաստան եւ այլն՝ մասնաւորաբար Թուրքիա-Ատրպէյճան զոյգի յարաբերութեանց կտրուածքով, անդրադարձ Արցախեան հարցին եւ զայն վերացնելուն ուղղուած թուրք-ատրպէյճանական գործակցութեան, օգտագործուած գրականութեան ցանկ) (ֆրանսերէն):

– Քէհեաեան Սարգիս, «Աստուածիմաստութիւն – Փիլիսոփայական ակնարկ», Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս – Լիբանան, 2024, 792 էջ (17,3 x 24,6 սմ.) (Աստուածիմաստութեան [Theosophy] պատմութիւնը եւ անոր փիլիսոփայական հայեացքները՝ հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը, ծանօթագրութիւն-սահմանումներ, յապաւումներու, օգտագործուած գրականութեան, անուններու եւ բառերու ցանկեր):

– Քոռլի Ֆելիքս (Corley Felix), «Կաթողիկոս եւ կոմիսար. Հայ Եկեղեցին խորհրդային վարչակարգին մէջ» (Catholicos and Commissar: The Armenian Church Under the Soviet Regime), Ա. եւ Բ. հատոր, հրատարակութիւն «Կոմիտաս» հիմնարկի, Լոնտոն, սեպտեմբեր 2025 (անգլերէն):

Պատրաստեց
Գէորգ Նաթալի (Եազըճեան)